Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սխալ թիւի մը հեռաձայնած էք»

«Սխալ թիւի մը հեռաձայնած էք»

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

«Սխալ թիւի մը հեռաձայնած էք»

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Ափրիկէի Ճօհանէսպըրկ քաղաքին մէջ, Լեսլին եւ Քարոլինը փոխնիփոխ հեռաձայնով կը վկայէին թոշակառուներու գիւղակի մը բնակիչներուն, որուն մուտքը հսկողութեան տակ էր։ Անոնք քիչեր տունը գտան, բայց իրենց քրիստոնէական պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չունէին. ուստի, Քարոլինը քաջալերուեցաւ երբ կին մը պատասխանեց։

«Հետս խօսողը Տիկ. Պ—՞ն է», հարցուց Քարոլինը։

«Ոհ, ոչ», ըսաւ բարեկամական ձայն մը, «ես Տիկ. Կ—ն եմ։ Սխալ թիւի մը հեռաձայնած էք»։

Անոր ջերմ ձայնը նկատելով, Քարոլինը ըսաւ. «Լաւ, ձեզի բացատրեմ թէ ի՛նչ կ’ուզէի ըսել Տիկ. Պ—ին»։ Ապա, շարունակեց անոր խօսիլ Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին։ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը իրեն տանելու կարգադրութիւններ ընելէ ետք, Տիկ. Կ—ը հարցուց. «Ի՞նչ կրօնքի կը պատկանիք»։

«Եհովայի Վկաներ ենք», պատասխանեց Քարոլինը։

«Ոհ, ո՜չ, ո՛չ այդ կրօնքը։ Չեմ խորհիր թէ կ’ուզեմ ձեզ տեսնել»։

«Բայց Տիկ. Կ—», ըսաւ Քարոլինը, «20 վայրկեանէ ի վեր ձեզի հետ ամենահոյակապ յոյսը կը բաժնէի, Աստուածաշունչէն ցոյց տալով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն մարդկութեան համար ի՛նչ բաներ պիտի ընէ։ Ա՛յնքան ուրախացաք եւ նոյնիսկ ոգեւորուեցաք այս բաները լսելով, որ ուզեցիք աւելին գիտնալ։ Եհովայի Վկաներուն մասին ի՞նչ գիտէք։ Եթէ հիւանդ ըլլայիք, մեքենագործի՞ մը քով կ’երթայիք։ Ինչո՞ւ ինծի թոյլ չէք տար որ ձեզի ըսեմ թէ Եհովայի Վկաները ի՛նչ կը հաւատան»։

Պահ մը լռութիւն տիրեց, ապա կինը պատասխանեց. «Կը խորհիմ թէ իրաւունք ունիք։ Լաւ կ’ըլլայ եթէ գաք։ Բայց ձեզի ըսեմ, երբեք պիտի չկարենաք զիս հաւատափոխ ընել»։

«Տիկ. Կ—, նոյնիսկ եթէ ուզեմ, երբեք չեմ կրնար ձեզ հաւատափոխ ընել», պատասխանեց Քարոլինը։ «Միայն Եհովան կրնայ ասիկա ընել»։

Գրքոյկը կնոջ յանձնելու նպատակաւ տրուած այցելութիւնը լաւ ընթացաւ, եւ Տիկ. Կ—ը (Պէթի) համաձայնեցաւ որ իրեն վերայցելեն։ Երբ Քարոլինը վերադարձաւ, Պէթին ըսաւ որ իր սեղանակից կիներուն ըսած էր թէ Եհովայի Վկաներուն հետ զրոյցներ կ’ունենար։ «Ի՞նչպէս կը համարձակիս», հարցուցած էին անոնք, իրենց ձեռքերը օդը բարձրացնելով։ «Այս մարդիկը նո՛յնիսկ Յիսուսին չեն հաւատար»։

Քարոլինը անմիջապէս Պէթիին յիշեցուց իրենց ունեցած վերջին զրոյցէն գլխաւոր կէտ մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։

«Թագաւորը ո՞վ պիտի ըլլայ», հարցուց Քարոլինը։

«Յիսուսը», պատասխանեց Պէթին։

«Անշուշտ», ըսաւ Քարոլինը։ Ապա բացատրեց թէ Եհովայի Վկաները կը հաւատան թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, սակայն Աստուծոյ հաւասար չէ, որպէս Երրորդութեան մէկ մասը։—Մարկոս 13։32. Ղուկաս 22։42. Յովհաննու 14։28

Քանի մը այցելութիւններէ ետք, բացայայտ դարձաւ որ թէեւ Պէթին դրական եւ ուրախ տրամադրութիւն ունէր, սակայն, անոր առողջութիւնը լաւ չէր։ Իրականութեան մէջ, ան խլիրդէ կը տառապէր, եւ մահէն կը վախնար։ «Երանի՜ թէ այս բաները տարիներ առաջ գիտնայի եւ քու ունեցած հաւատքդ ունենայի», խոստովանեցաւ ան։ Քարոլինը զինք մխիթարեց համարներ ցոյց տալով, որոնք կը նկարագրեն մահը որպէս խորունկ քուն մը, որմէ յարութիւն կայ։ (Յովհաննու 11։11, 25) Ասիկա Պէթիին համար շատ բան նշանակեց, որ այժմ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։ Միայն իր վատթարացող առողջութիւնն է որ արգելք կը հանդիսանայ որ ան Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովներուն ներկայ գտնուի։

Քարոլինը դիտել կու տայ. «Ինծի համար բացայայտ է որ հրեշտակները կ’առաջնորդեն այս գործը։ Պէթին ‘սխալ թիւ’ մըն էր, եւ պահ մը խորհեցէք՝ անիկա 89 տարեկան է»։—Յայտնութիւն 14։6