Բան մը ‘մէկ կողմ դրէք’
Բան մը ‘մէկ կողմ դրէք’
Նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ նիւթական կարիքներ կային, որոնց ուշադրութիւն պէտք էր ընծայուէր։ Իւրաքանչիւր անհատի յորդոր տրուած էր որ իր կարողութեան չափով ‘մէկ կողմ բան մը դնէր’ որպէս նուիրատուութիւն, այդ կարիքներուն հոգ տանելու համար։ (Ա. Կորն. 16։1-3, Անթիլիաս) Իրենց առատաձեռնութեան որպէս արդիւնք, բոլորն ալ ուրախացան ‘Աստուծոյ գոհութիւն’ տուած ըլլալով։—Բ. Կորն. 9։11, 12
Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդին աշխարհածաւալ գործը կը շարունակէ ընդլայնիլ, ա՛լ աւելի նիւթական աջակցութիւն պահանջելով։ Պատշաճ է որ մենք ալ կանոնաւորաբար ‘մէկ կողմ բան մը դնենք’, այս կարիքը լեցնելու համար։ (Բ. Կորն. 8։3, 4) Նիւթական նուիրատուութիւնները զանազան կերպերով կրնան ըլլալ։ (Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2001, էջ 28-29։) Պատշաճօրէն ասիկա կը նկատենք իսկական ուրախութիւն բերող առանձնաշնորհում մը։—Գործք 20։35