Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուրին օրհնութիւնները

Բարի լուրին օրհնութիւնները

Բարի լուրին օրհնութիւնները

«Տէրը զիս օծեց ու ղրկեց աղքատներուն աւետիս [«հեզերուն բարի լուր», ՆԱ] տալու։ Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, . . . բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 61։1, 2

1, 2. (ա) Յիսուս ինքզինք յայտնեց որպէս ի՞նչ, եւ ինչո՛ւ։ (բ) Յիսուսի ծանուցանած բարի լուրը ի՞նչ օրհնութիւններ բերաւ։

ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ սկիզբը, Յիսուս Շաբաթ օր մը Նազարէթի ժողովարանին մէջն էր։ Արձանագրութեան համաձայն, «տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. ‘Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան [«բարի լուր», ՆԱ] քարոզելու»։ Յիսուս շարունակեց կարդալ այս մարգարէական հատուածէն։ Ապա նստաւ եւ ըսաւ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։—Ղուկաս 4։16-21

2 Այս կերպով, Յիսուս ինքզինք յայտնեց որպէս մարգարէացուած աւետարանիչը, բարի լուրի քարոզիչը եւ մխիթարութիւն տուողը։ (Մատթէոս 4։23) Յիսուսի քարոզածը իրապէս բարի լուր էր։ Ան իր ունկնդիրներուն տեղեկացուց. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ (Յովհաննու 8։12) Ան նաեւ ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։31, 32) Այո, Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր»ը ունէր։ (Յովհաննու 6։69, 70) Լոյս, կեանք, ազատութիւն. իրապէս ասոնք արժէքաւոր օրհնութիւններ են։

3. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ բարի լուր քարոզեցին։

3 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, աշակերտները շարունակեցին Յիսուսի աւետարանչական գործը։ Անոնք ‘թագաւորութեան բարի լուրը’ քարոզեցին, թէ՛ Իսրայելացիներուն եւ թէ ուրիշ ազգերէ անհատներու։ (Մատթէոս 24։14. Գործք 15։7. Հռովմայեցիս 1։16) Ընդառաջողները Եհովա Աստուածը ճանչցան։ Անոնք ազատագրուեցան կրօնական գերութենէ եւ հոգեւոր նոր ազգին՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին՝ մէկ մասը դարձան, որուն անդամները իրենց Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հետ երկնքի մէջ յաւիտեան իշխելու հեռանկարը ունին։ (Գաղատացիս 5։1. 6։16. Եփեսացիս 3։5-7. Կողոսացիս 1։4, 5. Յայտնութիւն 22։5) Արդարեւ ասոնք ճոխ օրհնութիւններ էին։

Աւետարանչութիւնը Ներկայիս

4. Ներկայիս բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւնը ի՞նչ կերպով կը կատարուի։

4 Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները՝ որոնց թիկունք կը կանգնի հետզհետէ աւելցող «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն» մը՝ կը շարունակեն կատարել այն մարգարէական յանձնարարութիւնը, որ նախ Յիսուսի տրուած էր։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Ասոր շնորհիւ, բարի լուրը աննախընթաց տարողութեամբ կը քարոզուի։ 235 երկիրներու եւ հողամասերու մէջ, Եհովայի Վկաները ղրկուած են «աղքատներուն աւետիս [«հեզերուն բարի լուր», ՆԱ] տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։ Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։ (Եսայեայ 61։1, 2) Ուստի, քրիստոնէական աւետարանչութիւնը կը շարունակէ շատերուն օրհնութիւններ եւ «ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ» եղողներուն իսկական մխիթարութիւն բերել։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

5. Բարի լուրի քարոզչութեան նկատմամբ, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս տարբեր են Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներէն։

5 Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները աւետարանչութեան կարգ մը կերպերուն թիկունք կը կանգնին։ Շատեր միսիոնարներ կը ղրկեն, օտար երկիրներու մէջ նորահաւատներ շահելու համար։ Օրինակ, Ուղղափառ Քրիստոնէական Առաքելութեան Կեդրոնի Պարբերաթերթը (Անգլերէն) կը տեղեկագրէ Ուղղափառ միսիոնարներու գործունէութիւնը՝ Մատակասքարի, հարաւային Ափրիկէի, Թանզանիայի եւ Զիմպապուէի մէջ։ Սակայն, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհի այլ եկեղեցիներուն մէջ, անդամներուն մեծամասնութիւնը այս գործին չի մասնակցիր։ Ասոր հակառակը, Եհովայի նուիրուած բոլո՛ր Վկաները կը ջանան աւետարանչութեան մասնակցիլ։ Անոնք կը գիտակցին թէ բարի լուրը ծանուցանելը, իրենց հաւատքին հարազատութիւնը կ’ապացուցանէ։ Պօղոս ըսաւ. «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար»։ Անհատը գործի չմղող հաւատք մը, խորքին մէջ, մեռած է։—Հռովմայեցիս 10։10. Յակոբու 2։17

Յաւիտենական Օրհնութիւններ Բերող Բարի Լուր

6. Ներկայիս ի՞նչ բարի լուր մը կը քարոզուի։

6 Եհովայի Վկաները լաւագոյն բարի լուրը կը քարոզեն։ Անոնք իրենց Աստուածաշունչերը կը բանան եւ ընդունակ անհատներու ցոյց կու տան, թէ Յիսուս իր կեանքը զոհեց որ մարդկութեան տայ Աստուծոյ մօտենալու միջոց մը, մեղքերու թողութիւն եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ (Յովհաննու 3։16. Բ. Կորնթացիս 5։18, 19) Անոնք կը ծանուցանեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած է, օծեալ Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, եւ անիկա շուտով երկրի վրայէն ամբարշտութիւնը պիտի վերցնէ եւ Դրախտի վերահաստատման պիտի վերահսկէ։ (Յայտնութիւն 11։15. 21։3, 4) Եսայիի մարգարէութեան առ ի կատարում, անոնք իրենց դրացիներուն կը տեղեկացնեն թէ հի՛մա է «Տէրոջը ընդունելի տարին», երբ մարդկութիւնը տակաւին կրնայ ընդառաջել բարի լուրին։ Անոնք նաեւ կ’ազդարարեն թէ շուտով պիտի գայ «Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը», երբ Եհովա անզեղջ յանցագործները պիտի բնաջնջէ։—Սաղմոս 37։9-11

7. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ Եհովայի Վկաներու միութիւնը, եւ անոնք ինչո՞ւ այսպիսի միութիւն մը կը վայելեն։

7 Ողբերգութիւններով եւ աղէտներով հարուածուած աշխարհի մը մէջ, ասիկա միակ բարի լուրն է որ յաւիտենական օգուտներ ունի։ Զայն ընդունողները միացած, համաշխարհային քրիստոնէական եղբայրակցութեան մը մէկ մասը կ’ըլլան, որոնք թոյլ չեն տար որ ազգային, տոհմային, կամ տնտեսական տարբերութիւնները զիրենք բաժան–բաժան ընեն։ Անոնք ‘սէրը հագած են, որ կատարելութեան կապն է’։ (Կողոսացիս 3։14. Յովհաննու 15։12) Անցեալ տարի ասիկա յայտնի եղաւ Ափրիկեան երկրի մը մէջ։ Առաւօտ մը մայրաքաղաքի բնակիչները արթնցան կրակոցներու պատճառաւ։ Պետութիւնը տապալելու փորձ մը գործընթացի մէջ էր։ Երբ իրադարձութիւնները ցեղային բնոյթ ստացան, Վկայ ընտանիք մը տարբեր ցեղի պատկանող հաւատակիցներու ապաստան հայթայթելուն համար քննադատուեցաւ։ Ընտանիքը պատասխանեց. «Մեր տան մէջ ապաստանողները Եհովայի Վկաներ են»։ Այս ընտանիքին համար, ցեղային տարբերութիւնները կարեւոր չէին. քրիստոնէական սէրը՝ կարօտեալներուն մխիթարութիւն տալը կարեւոր էր։ Վկայ չեղող ազգական մը ըսաւ. «Ամէն կրօնքի անդամներ դաւաճանեցին իրենց հաւատակիցները։ Միայն Եհովայի Վկաները չդաւաճանեցին»։ Քաղաքացիական պայքարներով պառակտուած երկիրներէ տեղեկագրուած բազմաթիւ նման միջադէպեր ցոյց կու տան թէ Եհովայի Վկաները իրապէս «ամբողջ եղբայրակցութեան հանդէպ սէր» ունին։—Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ

Բարի Լուրը Մարդիկը կը Փոխէ

8, 9. (ա) Բարի լուրը ընդունողները ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ընեն։ (բ) Ո՞ր փորձառութիւնները ցոյց կու տան բարի լուրին զօրութիւնը։

8 Բարի լուրը կապ ունի Պօղոսի յիշած ‘ներկայ եւ ապագայ կեանքի խոստումին’ հետ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Անիկա ոչ միայն ապագայի համար հոյակապ ու վստահ յոյս մը կու տայ, այլ նաեւ ‘ներկայ կեանքին’ մէջ բարեփոխումներ կը մտցնէ։ Անհատապէս, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Խօսքով՝ Աստուածաշունչով՝ կ’առաջնորդուին, իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակելու համար։ (Սաղմոս 119։101) Անոնք նոր անձնաւորութիւն մը կը հագնին, մինչ արդարութեան եւ հաւատարմութեան նման յատկութիւններ կը մշակեն։—Եփեսացիս 4։24

9 Նկատի առէք Ֆրանգոյի օրինակը։ Ան բարկացկոտ անհատ մըն էր։ Երբ բան մը իր ուզածին պէս չէր ընթանար, ան կը կատղէր եւ առարկաներ կը կոտրէր։ Անոր կինը Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց, եւ անոնց քրիստոնէական օրինակը աստիճանաբար օգնեց Ֆրանգոյի որ փոխուելու հարկը տեսնէր։ Ան Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց եւ ի վերջոյ կարողացաւ սուրբ հոգիին պտուղներէն՝ խաղաղութիւնը եւ ժուժկալութիւնը ցուցաբերել։ (Գաղատացիս 5։22, 23) 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, ան Պելճիքայի մէջ մկրտուած 492 անհատներէն մէկն էր։ Նաեւ նկատի առէք Ալէխանտրոն։ Այս երիտասարդը ա՛յնքան մոլի դարձաւ թմրեցուցիչի, որ զիջեցաւ աղբի կոյտերը խառնել ու իր գտածը ծախել, թմրեցուցիչ գործածելու իր մոլութիւնը շարունակելու համար։ Երբ 22 տարեկան էր, ան ընդունեց Եհովայի Վկաներու հրաւէրը որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Ան ամէն օր Աստուածաշունչը կարդաց եւ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուեցաւ։ Իր կեանքը այնքան արագ մաքրեց, որ վեց ամիս չանցած, կարողացաւ աւետարանչութեան մասնակցիլ։ Ան անցեալ տարի Բանամայի մէջ ասիկա ընող 10,115 անհատներէն մէկն էր։

Բարի Լուրը՝ Հեզերուն Օրհնութիւն մը

10. Որո՞նք կ’ընդառաջեն բարի լուրին, եւ իրենց հայեցակէտը ի՞նչպէս կը փոխուի։

10 Եսայի մարգարէացաւ որ բարի լուրը հեզերուն պիտի քարոզուէր։ Որո՞նք են այս հեզերը։ Անոնք Գործք Առաքելոց գրքին մէջ նկարագրուած են որպէս «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներ։ (Գործք 13։48) Անոնք ընկերութեան բոլոր խաւերուն պատկանող խոնարհ անհատներ են, որոնք իրենց սիրտը ճշմարտութեան պատգամին կը բանան։ Անոնք կը սորվին թէ Աստուծոյ կամքը կատարելը օրհնութիւններ կը բերէ, որոնք շատ աւելի ճոխ են, քան աշխարհի մատուցած որեւէ բան։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Սակայն, Եհովայի Վկաները իրենց աւետարանչութեան մէջ ի՞նչպէս սրտերու կը հասնին։

11. Պօղոսի համաձայն, բարի լուրը ի՞նչպէս պէտք է քարոզուի։

11 Նկատի առէք Պօղոս առաքեալի օրինակը, որ Կորնթացիներուն գրեց. «Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։ Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած»։ (Ա. Կորնթացիս 2։1, 2) Պօղոս չփորձեց իր ունկնդիրները տպաւորել իր ուսումով։ Ան միայն Աստուծմէ երաշխաւորուած իրողութիւններ սորվեցուց, որոնք ներկայիս Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են։ Նաեւ նկատի առէք իր հաւատակիցին՝ աւետարանիչ Տիմոթէոսի՝ տուած Պօղոսի քաջալերութիւնը. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Տիմոթէոս «խօսքը»՝ Աստուծոյ պատգամը՝ պէտք էր քարոզէր։ Պօղոս նաեւ Տիմոթէոսին գրեց. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

12. Ներկայիս Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս Պօղոսի խօսքերուն եւ օրինակին կը հետեւին։

12 Եհովայի Վկաները Պօղոսի օրինակին, ինչպէս նաեւ Տիմոթէոսի ուղղուած իր խօսքերուն կը հետեւին։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքին զօրութեան կը գիտակցին եւ զայն կը գործածեն, մինչ կը ջանան իրենց դրացիներուն յոյսի եւ մխիթարութեան յարմար խօսքեր ցոյց տալ։ (Սաղմոս 119։52. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Եբրայեցիս 4։12) Ճիշդ է որ անոնք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ կը գործածեն, որպէսզի հետաքրքրուած անհատներ կարենան Աստուածաշունչի յաւելեալ գիտութիւն ձեռք ձգել իրենց ազատ ժամերուն։ Սակայն, անոնք միշտ կը ջանան Աստուածաշունչին խօսքերը մարդոց ցոյց տալ։ Անոնք գիտեն թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը խոնարհներուն սրտերը պիտի մղէ։ Եւ զայն այս կերպով գործածելը, իրենց հաւատքն ալ կը զօրացնէ։

‘Բոլոր Սգաւորները Մխիթարել’

13. 2001 տարուան ընթացքին, ո՞ր միջադէպերը սգաւորները մխիթարելու մեծ կարիք մը ստեղծեցին։

13 2001 տարին ալ աղէտներով լեցուն տարի մըն էր, եւ որպէս հետեւանք, շատեր մխիթարութեան կարիքը ունեցան։ Անցեալ Սեպտեմբերին ասոր աչքառու մէկ օրինակը տեսանք Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ահաբեկչական յարձակումներ տեղի ունեցան Նիւ Եորքի մէջ՝ Առեւտուրի Համաշխարհային Կեդրոնին, եւ Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մօտ՝ Փենթակոնին վրայ։ Այս յարձակումները ամբողջ երկիրը ցնցեցին։ Երբ այսպիսի դէպքեր պատահին, Եհովայի Վկաները կը ջանան «բոլոր սգաւորները մխիթարելու» իրենց յանձնարարութիւնը կատարել։ Քանի մը փորձառութիւններ ցոյց պիտի տան թէ անոնք ի՛նչպէս կ’ընեն ասիկա։

14, 15. Վկաները ի՞նչպէս երկու տարբեր առիթներով կրցան Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածել սգաւորները մխիթարելու համար։

14 Լիաժամ աւետարանիչ Վկայ մը մայթին վրայ կնոջ մը մօտեցաւ եւ անոր հարցուց թէ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն մասին ի՛նչ կը խորհէր։ Կինը սկսաւ լալ։ Ան ըսաւ թէ գէշ կը զգար եւ կը փափաքէր բանով մը օգտակար ըլլալ։ Քոյրը ըսաւ թէ Աստուած շատ հետաքրքրուած է մեր բոլորով, եւ անոր կարդաց Եսայեայ 61։1, 2–ը։ Աստուածային ներշնչմամբ գրուած այս խօսքերը տրամաբանական թուեցան կնոջ, որ ըսաւ թէ ամէն ոք սուգի մէջ էր։ Ան թերթիկ մը ընդունեց եւ Վկայէն խնդրեց որ իրեն այցելէ իր տան մէջ։

15 Երկու Վկաներ, որոնք աւետարանելով զբաղած էին, իր կառատան մէջ աշխատող մարդու մը հանդիպեցան։ Անոնք առաջարկեցին Աստուածաշունչէն մխիթարական խօսքեր ցոյց տալ, Առեւտուրի Համաշխարհային Կեդրոնին մէջ վերջերս պատահած ողբերգութեան ի տես։ Իր հաւանութեամբ անոնք կարդացին Բ. Կորնթացիս 1։3-7–ը, որ կը պարփակէ հետեւեալ բառերը. ‘Քրիստոսին ձեռքովը մխիթարութիւնը շատ կ’ըլլայ’։ Մարդը երախտագիտութիւն յայտնեց որ իր Վկայ դրացիները ուրիշներու հետ մխիթարական միտք մը կը բաժնէին եւ ըսաւ. «Աստուած օրհնէ այս սքանչելի գործը որ կ’ընէք»։

16, 17. Ո՞ր երկու փորձառութիւնները ցոյց կու տան Աստուածաշունչի զօրութիւնը, օգնելու այն անհատներուն որոնք նեղուած կամ խռոված են պատահած ողբերգութիւններուն պատճառաւ։

16 Հետաքրքրուած անհատներու այցելող Վկայ մը հանդիպեցաւ անհատի մը, որուն մայրը նախապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր։ Վկան բացատրեց թէ հետաքրքրուած էր գիտնալու որ իր դրացիները ի՛նչ վիճակի մէջ էին այս վերջին դէպքերէն ետք։ Մարդը հիացաւ որ այս Վկան իր ժամանակը կը տրամադրէր մարդոց այցելելու եւ անոնց որպիսութիւնը հարցնելու համար։ Ան ըսաւ թէ ինք Առեւտուրի Համաշխարհային Կեդրոնին շատ մօտ կ’աշխատէր երբ յարձակումը տեղի ունեցաւ եւ ամբողջ դէպքին ականատես եղաւ։ Երբ հարցուց թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, Վկան Աստուածաշունչէն համարներ կարդաց, ի ներառեալ Սաղմոս 37։39–ն, որ կ’ըսէ. «Արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է»։ Մարդը ազնուօրէն հարցուց թէ Վկան ու իր ընտանիքը ի՛նչպէս էին, հրաւիրեց որ դարձեալ այցելէ, եւ այցելութեան համար սրտանց երախտագիտութիւն յայտնեց։

17 Ահաբեկչական յարձակումներուն յաջորդող օրերուն, Եհովայի Վկաներուն մխիթարած հազարաւոր անհատներու մէջ կին մը կար, որուն Վկաները հանդիպեցան երբ իրենց դրացիներուն կ’այցելէին։ Ան չափազանց նեղուած էր պատահած բաներէն եւ մտիկ ըրաւ մինչ անոնք կը կարդային Սաղմոս 72։12-14–ը. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։ Այդ խօսքերը ի՜նչ իմաստալից էին։ Կինը Վկաներէն խնդրեց որ համարը կրկին անգամ կարդան եւ զիրենք իր տունը հրաւիրեց, խօսակցութիւնը շարունակելու համար։ Խօսակցութեան վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։

18. Վկայ մը իր դրացիներուն ի՞նչպէս օգնեց, երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ անոնց համար աղօթէր։

18 Վկայ մը կ’աշխատի ճաշարանի մը մէջ, որ բաւական հարուստ շրջանի մը մէջ կը գտնուի, ուր նախապէս մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրին հանդէպ շատ հետաքրքրութիւն չէին ցուցաբերած։ Ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, այս համայնքը ցնցուած կ’երեւար։ Յարձակումէն ետք՝ Ուրբաթ երեկոյեան, ճաշարանին տնօրինուհին ամէնքը հրաւիրեց որ դուրս ելլեն եւ մոմեր վառեն, զոհերու յիշատակին պահ մը լռութեամբ խորհրդածելու համար։ Անոնց զգացումները յարգելով, Վկան դուրս ելաւ եւ լուռ ու մունջ մայթին վրայ կեցաւ։ Տնօրինուհին գիտէր թէ ան Եհովայի Վկայ քարոզիչ մըն էր, ուստի խորհրդածութեան պահը լրանալէն ետք, անկէ խնդրեց որ բոլորին համար աղօթէ։ Վկան հաւանեցաւ։ Իր աղօթքին մէջ ան յիշեց համատարած սուգը, բայց ըսաւ թէ սգաւորները պէտք չէ տրտմին որպէս թէ յոյս չունին։ Ան խօսեցաւ այն ժամանակին մասին, երբ այսպիսի ահռելի դէպքեր պիտի չկրկնուին, եւ ըսաւ թէ բոլորն ալ կրնան մխիթարութեան Աստուծոյն մօտենալ, Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն առնելով։ «Ամէն» ըսելէ ետք, տնօրինուհին՝ որուն հետեւեցան ճաշարանին դուրսը գտնուող աւելի քան 60 հոգիները՝ Վկային մօտեցաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց, զինք ողջագուրեց, նշելով թէ ասիկա ցարդ իր լսած լաւագոյն աղօթքն էր։

Օրհնութիւն մը՝ Համայնքին

19. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ոմանք կը գիտակցին Եհովայի Վկաներու բարձր չափանիշներուն։

19 Յատկապէս այս օրերուն, համայնքներու մէջ ուր Եհովայի Վկաները գործունեայ են, անոնց ներկայութիւնը օգտակար է, ինչպէս շատեր նշած են։ Այո, ժողովուրդ մը որ խաղաղութիւն, պարկեշտութիւն, եւ մաքուր բարոյականութիւն կը քաջալերէ, արդարեւ բարիի նպաստող ոյժ մըն է։ Կեդրոնական Ասիոյ երկրի մը մէջ, Վկաները հանդիպեցան հանգստեան կոչուած պաշտօնեայի մը, որ ծառայած էր նախկին պետական ապահովութեան գործակալութեան մէջ։ Ան ըսաւ թէ անգամ մը նշանակում ստացած էր հետազօտելու կրօնական զանազան կազմակերպութիւններու մասին։ Երբ Եհովայի Վկաներուն մասին հետազօտեց, անոնց պարկեշտութիւնն ու բարի վարքը զինք տպաւորեցին։ Ան հիացաւ անոնց հաստատ հաւատքին վրայ եւ այն իրողութեան ի տես, թէ անոնց ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են։ Այս մարդը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։

20. (ա) Անցեալ տարի Եհովայի Վկաներու տեղեկագրած գործունէութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ տակաւին շատ ընելիք կայ, եւ աւետարանելու մեր առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը դիտենք։

20 Այս յօդուածին մէջ պատմուած փորձառութիւնները, մաս կը կազմեն այն հազարաւոր փորձառութիւններուն, որոնք բացայայտ կը դարձնեն թէ Եհովայի Վկաները 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին շատ զբաղած էին։ * Անոնք միլիոնաւոր մարդոց հետ խօսեցան, բազմաթիւ սգաւորներ մխիթարեցին, եւ անոնց աւետարանչութիւնը օրհնուեցաւ։ 263,431 անհատներ Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին, մկրտուելով։ Համայն աշխարհի մէջ, աւետարանիչներու թիւը 1.7 առ հարիւր յաւելում արձանագրեց։ Իսկ այն իրողութիւնը թէ 15,374,986 անհատներ Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան, ցոյց կու տայ թէ տակաւին շատ ընելիք կայ։ (Ա. Կորնթացիս 11։23-26) Շարունակենք փնտռել հեզ անհատներ, որոնք բարի լուրին կ’ընդառաջեն։ Եւ որքան ատեն որ Եհովայի ընդունելի տարին կը շարունակուի, թող որ «կոտրած սիրտ ունեցողները» մխիթարենք։ Ի՜նչ օրհնեալ առանձնաշնորհում մը ունինք։ Վստահաբար բոլորս ալ Եսայիի խօսքերը կ’արձագանգենք. «Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ»։ (Եսայեայ 61։10) Թող որ Աստուած շարունակէ մեզ գործածել, մինչ կը կատարէ մարգարէական իր այս խօսքերը. «Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ»։—Եսայեայ 61։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Էջ 28–էն 31–ի վրայ գտնուող ցուցակը, 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին Եհովայի Վկաներու գործունէութեան տեղեկագրութիւնը կու տայ։

Կը յիշէ՞ք

• Հեզերը ի՞նչպէս օրհնուեցան Յիսուսի քարոզած բարի լուրով։

• Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներուն աւետարանչութեան ընդառաջողները, ի՞նչ օրհնութիւններ ստացան։

• Ներկայիս ընդունակ անհատներ ի՞նչպէս օրհնուած են բարի լուրով։

• Աւետարանիչներ ըլլալու մեր առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը դիտենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 28-31]

2001–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(Տե՛ս կազմուած հատորը)

[Նկարներ՝ էջ 24]

Եհովայի Վկաները միշտ կը յիշեն աւետարանելու իրենց պատասխանատուութիւնը

[Նկարներ՝ էջ 26]

Բարի լուրին ընդառաջողները, միացած ու համաշխարհային եղբայրակցութեան մը մէկ մասը կը դառնան