Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները աւետարանիչներ են

Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները աւետարանիչներ են

Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները աւետարանիչներ են

«Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք»։—ՍԱՂՄՈՍ 96։2

1. Մարդիկ ո՞ր բարի լուրը լսելու կարիքը ունին, եւ այսպիսի լուր մը տարածելու մէջ Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպով օրինակելի եղած են։

«ԱՇԽԱՐՀԻ մը մէջ, ուր ամէն օր աղէտներ կը պատահին, իրապէս մխիթարական է գիտնալ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պատերազմը, ոճիրը, անօթութիւնը եւ կեղեքումը շուտով վերջ պիտի գտնեն։ (Սաղմոս 46։9. 72։3, 7, 8, 12, 16) Արդարեւ, ասիկա բարի լուր մը չէ՞, որ ամէն ոք կարիքը ունի լսելու։ Եհովայի Վկաները այդպէս կը խորհին։ Անոնք ամէնուրեք ճանչցուած են որպէս «աւելի աղէկ բանի մը մասին բարի լուր» քարոզողներ։ (Եսայեայ 52։7, ՆԱ) Ճիշդ է որ բազմաթիւ Վկաներ հալածանքէ տառապած են, բարի լուրը քարոզելու իրենց վճռակամութեան համար։ Սակայն, անոնք մարդոց լաւագոյն շահերը ի մտի ունին։ Վկաները նախանձախնդրութեան եւ յարատեւութեան ի՜նչ արձանագրութիւն մը շինած են։

2. Եհովայի Վկաներու նախանձախնդրութեան պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։

2 Եհովայի Վկաներու նախանձախնդրութիւնը, առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նախանձախնդրութեան նման է։ Անոնց մասին խօսելով, Կաթողիկէ լրագիրը՝ Լօզերվաթորէ Ռոմանօ՝ ճշգրտօրէն ըսաւ. «Առաջին Քրիստոնեաները անմիջապէս որ մկրտուէին, կը զգային թէ իրենց պարտականութիւնն էր Աւետարանը տարածել։ Բերնէ բերան, ծառաներ Աւետարանը փոխանցեցին»։ Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաները, այդ նախկին Քրիստոնեաներուն նման, ա՛յսքան նախանձախնդիր են։ Նախ, քանի որ իրենց հրատարակած բարի լուրը Եհովա Աստուծմէ է։ Նախանձախնդիր ըլլալու աւելի լաւ պատճառ մը կրնա՞յ ըլլալ։ Իրենց քարոզչութիւնը ընդառաջում մըն է սաղմոսերգուին խօսքերուն. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք»։—Սաղմոս 96։2

3. (ա) Եհովայի Վկաներու նախանձախնդրութեան երկրորդ պատճառը ի՞նչ է։ (բ) Աստուծմէ եղած ‘փրկութեան’ հետ ի՞նչ առնչուած է։

3 Սաղմոսերգուին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն երկրորդ պատճառ մը, Եհովայի Վկաներու նախանձախնդրութեան համար։ Անոնց պատգամը փրկութեան պատգամ մըն է։ Կարգ մը անհատներ կ’աշխատին բժշկական, ընկերային, տնտեսական, կամ այլ մարզերու մէջ, ընկեր արարածներու կեանքի որակը բարելաւելու համար, եւ այսպիսի ջանքեր գովասանքի արժանի են։ Սակայն, ինչ որ մարդ արարածը կրնայ ուրիշի մը համար ընել շատ սահմանափակ է, բաղդատած՝ Աստուծմէ եղած ‘փրկութեան’ հետ։ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովա հեզերը պիտի փրկէ մեղքէ, հիւանդութենէ, եւ մահուընէ։ Օգտուողները յաւիտեան պիտի ապրին։ (Յովհաննու 3։16, 36. Յայտնութիւն 21։3, 4) Ներկայիս, փրկութիւնը այն «հրաշքներ»էն մէկն է, որ Քրիստոնեաները կը թուեն, երբ կ’ընդառաջեն այս խօսքերուն. «[Աստուծոյ] փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։ Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է»։—Սաղմոս 96։3, 4

Տիրոջ Օրինակը

4-6. (ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչ երրորդ պատճառի մը համար նախանձախնդիր են։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեց բարի լուրի քարոզչութեան հանդէպ։

4 Եհովայի Վկաները երրորդ պատճառի մը համար ալ նախանձախնդիր են։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի օրինակին կը հետեւին։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այդ կատարեալ մարդը ամբողջ սրտով ընդունեց «աղքատներուն աւետիս տալու» նշանակումը։ (Եսայեայ 61։1. Ղուկաս 4։17-21) Այս կերպով, ան աւետարանիչ մը՝ բարի լուր տուող մը եղաւ։ Ան Գալիլիոյ եւ Հրէաստանի լայնքին ու երկայնքին պտըտեցաւ, ‘արքայութեան աւետարանը քարոզելով’։ (Մատթէոս 4։23) Եւ քանի որ գիտէր թէ շատեր պիտի ընդառաջէին այդ բարի լուրին, իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։—Մատթէոս 9։37, 38

5 Իր աղօթքին հետ ներդաշնակ գործելով, Յիսուս ուրիշները մարզեց աւետարանիչներ ըլլալու։ Երբ ժամանակը եկաւ, ան իր առաքեալները առանձին ղրկեց եւ անոնց ըսաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։ Աւելի գործնական չէ՞ր ըլլար եթէ անոնք այն ատենուան ընկերային դժբախտութիւնները մեղմացնելու համար յայտագիրներ պատրաստէին։ Կամ՝ այն ատենուան ծաւալուն փտածութեան դէմ պայքարելու համար, պէտք չէ՞ր քաղաքականութեան միջամուխ ըլլային։ Ո՛չ։ Փոխարէն, Յիսուս բոլոր Քրիստոնեայ աւետարանիչներուն համար չափանիշը դրաւ, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք»։—Մատթէոս 10։5-7

6 Հետագային, Յիսուս աշակերտներու ուրիշ խումբ մը ղրկեց, որպէսզի ծանուցանեն. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ Երբ իրենց աւետարանչական շրջապտոյտին յաջողութիւնը տեղեկացնելու համար վերադարձան, Յիսուս շատ ուրախացաւ։ Ան աղօթեց. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Ղուկաս 10։1, 8, 9, 21) Յիսուսի աշակերտները՝ նախապէս ծանր աշխատող ձկնորսներ, հողագործներ, եւայլն, տղաքներու պէս էին, բաղդատած ազգին ուսեալ կրօնական առաջնորդներուն հետ։ Սակայն աշակերտները լաւագոյն բարի լուրը ծանուցանելու համար մարզուած էին։

7. Յիսուսի երկինք համբառնալէն ետք, իր հետեւորդները նախ որո՞նց քարոզեցին բարի լուրը։

7 Յիսուսի երկինք համբառնալէն ետք, իր հետեւորդները շարունակեցին փրկութեան բարի լուրը տարածել։ (Գործք 2։21, 38-40) Անոնք նախ որո՞նց քարոզեցին։ Աստուած չճանչցող ազգերո՞ւն գացին։ Ո՛չ, անոնց սկզբնական դաշտը Իսրայէլն էր, ժողովուրդ մը որ Եհովան կը ճանչնար աւելի քան 1,500 տարիէ ի վեր։ Իրաւունք ունէի՞ն քարոզելու երկրի մը մէջ, ուր Եհովան արդէն իսկ կը պաշտուէր։ Այո՛։ Յիսուս անոնց ըսած էր. «Վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Իսրայէլ կարիքը ունէր բարի լուրը լսելու, ուրիշ որեւէ ազգի մը նման։

8. Ներկայիս Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կ’ընդօրինակեն Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները։

8 Նոյն կերպով, ներկայիս Եհովայի Վկաները ամբողջ աշխարհի մէջ կը քարոզեն։ Անոնք Յովհաննէսի տեսած հրեշտակին հետ կը համագործակցին, որ «ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ (Յայտնութիւն 14։6) 2001–ին, անոնք գործունեայ էին 235 երկիրներու եւ հողամասերու մէջ, ի ներառեալ սովորաբար Քրիստոնեայ կոչուած կարգ մը երկիրներ։ Սխա՞լ է որ Եհովայի Վկաները քարոզեն վայրերու մէջ, ուր Քրիստոնեայ Աշխարհը արդէն իսկ իր եկեղեցիները հաստատած է։ Ոմանք կ’ըսեն թէ սխալ է, եւ նոյնիսկ այսպիսի աւետարանչութիւն «ոչխարներ գողնալ» կրնան նկատել։ Սակայն, Եհովայի Վկաները կը մտաբերեն իր օրուան խոնարհ Հրեաներուն հանդէպ Յիսուսի ունեցած զգացումները։ Թէեւ անոնք արդէն իսկ քահանայութիւն մը ունէին, բայց Յիսուս չվարանեցաւ բարի լուրը անոնց խօսելու։ Ան անոնց «վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Երբ Եհովայի Վկաները խոնարհ մարդիկ գտնեն, որոնք Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան մասին չեն գիտեր, պէ՞տք է բարի լուրը այսպիսիներուն տալէ ետ կենանք, քանի որ որոշ կրօնք մը կը դաւանի անոնց վրայ հեղինակութիւն ունենալ։ Յիսուսի առաքեալներուն օրինակին հետեւելով, ո՛չ կը պատասխանենք։ Բարի լուրը պէտք է քարոզուի «բոլոր ազգերուն», առանց բացառութեան։—Մարկոս 13։10

Բոլոր Նախկին Քրիստոնեաները Աւետարանեցին

9. Առաջին դարուն, քրիստոնէական ժողովքին մէջ որո՞նք քարոզչութեան մասնակցեցան։

9 Առաջին դարուն որո՞նք մասնակցեցան քարոզչութեան։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ բոլոր Քրիստոնեաները աւետարանիչներ էին։ Հեղինակ Ու. Ս. Ուիլիըմզ կը նշէ. «Ընդհանուր վկայութիւնը այն է՝ թէ սկզբնական Եկեղեցիին մէջ, բոլոր Քրիստոնեաները . . . աւետարանը քարոզեցին»։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքն ալ [տղամարդիկ ու կիներ] Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար»։ Աւետարանիչներուն մէջ կային տղամարդիկ ու կիներ, երիտասարդ եւ տարեց, ծառայ եւ ազատ։ (Գործք 1։14. 2։1, 4, 17, 18. Յովելեայ 2։28, 29. Գաղատացիս 3։28) Երբ հալածանքը պատճառ դարձաւ որ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ Երուսաղէմէն փախուստ տան, «ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին»։ (Գործք 8։4) Բոլոր «ցիրուցան եղածները», եւ ո՛չ թէ միայն քանի մը նշանակուած անհատներ աւետարանեցին։

10. Հրէական դրութիւնը կործանելէ առաջ, ո՞ր երկկողմանի յանձնարարութիւնը կատարուեցաւ։

10 Այսպէս էր պարագան սկիզբի այդ բոլոր տարիներու ընթացքին։ Յիսուս մարգարէացած էր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Այս խօսքերուն առաջին դարու կիրարկումին մէջ, բարի լուրը լայնօրէն քարոզուեցաւ, հռովմէական բանակները Հրեայ կրօնական եւ քաղաքական դրութիւնները կործանելէն առաջ։ (Կողոսացիս 1։23) Ասկէ զատ, Յիսուսի բոլո՛ր հետեւորդները հնազանդեցան այս պատուէրին. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Նախկին Քրիստոնեաները չըրին, ինչպէս կ’ընեն մերօրեայ քարոզիչներէն ոմանք՝ յորդորել հեզերը որ Յիսուսի հաւատան, ապա զանոնք ձգել որ իրենց ուզած ձեւով Աստուած պաշտեն։ Փոխարէն, անոնց սորվեցուցին Յիսուսի աշակերտները ըլլալ, անոնցմով ժողովքներ կազմեցին, զանոնք մարզեցին որ իրենց կարգին կարենան բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ (Գործք 14։21-23) Ներկայիս Եհովայի Վկաները միեւնոյն օրինակին կը հետեւին։

11. Ներկայիս որո՞նք կը ծանուցանեն մարդկութեան համար լաւագոյն բարի լուրը։

11 Եհովայի Վկաներէն ոմանք, առաջին դարու Պօղոսի, Բառնաբասի եւ ուրիշներու օրինակին հետեւելով, որպէս միսիոնար օտար երկիրներ գացած են։ Անոնց գործունէութիւնը իրապէս օգտակար եղած է, քանի որ անոնք միջամուխ չեն եղած քաղաքականութեան, ո՛չ ալ որեւէ կերպով շեղած են բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութենէն։ Անոնք պարզապէս հնազանդած են Յիսուսի հետեւեալ պատուէրին. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք»։ Սակայն, Եհովայի Վկաներուն մեծամասնութիւնը օտար երկիրներու մէջ միսիոնար չեն։ Անոնցմէ շատեր իրենց ապրուստը կը ճարեն աշխարհիկ գործ մը ընելով, իսկ ուրիշներ տակաւին դպրոց կը յաճախեն։ Ոմանք զաւակ կը մեծցնեն։ Սակայն, բոլոր Վկաներն ալ իրենց սորված բարի լուրը ուրիշներու հետ կը բաժնեն։ Մեծ ու պզտիկ, տղամարդ ու կին, անոնք ուրախութեամբ կ’ընդառաջեն Աստուածաշունչի հետեւեալ յորդորին. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Առաջին դարու իրենց նախակարապետներուն նման, անոնք ‘չեն դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’։ (Գործք 5։42) Անոնք մարդկութեան համար լաւագոյն բարի լուրը կը ծանուցանեն։

Հաւատափոխե՞լ թէ՝ Աւետարանել

12. Ներկայիս հաւատափոխութիւնը ի՞նչպէս կը նկատուի։

12 Ներկայիս, ոմանք կ’ըսեն թէ հաւատափոխութիւնը վնասակար է։ Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդին կողմէ հրատարակուած վաւերագիր մը նոյնիսկ կը խօսի «հաւատափոխութեան մեղքին» մասին։ Ինչո՞ւ։ Կաթողիկէ Համաշխարհային Տեղեկագրութիւն–ը կ’ըսէ. «Ուղղափառ [Եկեղեցիին] յարատեւ գանգատներուն ի տես, ‘հաւատափոխութիւնը’ բռնի կրօնափոխութեան իմաստը ստացած է»։

13. Վնասակար հաւատափոխութեան օրինակներէն ոմանք ի՞նչ են։

13 Հաւատափոխութիւնը վնասակա՞ր է։ Կրնայ ըլլալ։ Յիսուս ըսաւ թէ դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն կատարած հաւատափոխութիւնը, նորադարձներուն համար վնասակար էր։ (Մատթէոս 23։15) Վստահաբար, «բռնի կրօնափոխութիւնը» սխալ է։ Օրինակ, Յովսեպոս պատմաբանին համաձայն, երբ Մակաբայեցի Յովհաննէս Հիւրկանոս Եդովմայեցիները նուաճեց, ան «թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց երկրին մէջ մնան, այնքան ատեն որ կը թլփատուէին եւ յօժար էին Հրեաներուն օրէնքները պահելու»։ Եթէ Եդովմայեցիները հրէական տիրապետութեան ներքեւ պիտի ապրէին, պէտք էր հրէական կրօնքը ի գործ դնէին։ Պատմաբաններ մեզի կ’ըսեն թէ Հ.Դ. ութերորդ դարուն, Շարլըմանը հիւսիսային Եւրոպայի հեթանոս Սաքսոնները նուաճեց եւ բրտօրէն զանոնք ստիպեց որ իրենց կրօնքը փոխեն։ * Զարմանալի չէ որ Սաքսոններու եւ Եդովմայեցիներու կրօնափոխութիւնը անկեղծ չէր, իսկ մանուկ Յիսուսը սպաննել փորձող Եդովմայեցի Հերովդէս Թագաւորը, անկեղծօրէն կառչած չէր Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած Մովսէսի Օրէնքին։—Մատթէոս 2։1-18

14. Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարներէն ոմանք մարդոց վրայ ի՞նչպէս ճնշում կը բանեցնեն, զանոնք հաւատափոխ դարձնելու համար։

14 Ներկայիս բռնի կրօնափոխութիւններ կ’ըլլա՞ն։ Առումով մը, այո։ Տեղեկագրուած է թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարներէն ոմանք, հաւանական կրօնափոխներու կը ներկայացնեն արտասահմանեան կրթանպաստներ։ Կամ՝ անօթի ապաստանեալի մը կը ստիպեն քարոզի մը ներկայ գտնուիլ, որպէսզի ուտելիքի իր բաժինը ստանայ։ 1992–ին, Ուղղափառ Եպիսկոպոսներու համագումարի մը կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, «հաւատափոխութիւնը երբեմն տեղի կ’ունենայ նիւթական հրապուրանքով, իսկ երբեմն ալ՝ վայրագ կերպերով»։

15. Եհովայի Վկաները բառին արդի իմաստով հաւատափոխութիւն կը կատարե՞ն։ Բացատրեցէք։

15 Իրենց կրօնքը փոխելու համար մարդոց վրայ ճնշում բանեցնելը սխալ է։ Վստահաբար, Եհովայի Վկաները այս կերպով չեն վարուիր։ * Հետեւաբար, անոնք հաւատափոխութիւն չեն կատարեր բառին արդի իմաստով։ Փոխարէն, առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, անոնք բարի լուրը կը քարոզեն բոլոր մարդոց։ Կամովին ընդառաջող ոեւէ անհատ հրաւիրուած է յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ։ Այսպիսի հետաքրքրուած անհատներ կը սորվին հաւատք ընծայել Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն, հաստատօրէն հիմնուած Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան վրայ։ Որպէս արդիւնք, անոնք Աստուծոյ անունը՝ Եհովա՝ կը կանչեն, փրկութեան համար։ (Հռովմայեցիս 10։13, 14, 17) Բարի լուրը ընդունիլը կամ մերժելը անձնական ընտրութեան հարց է։ Բռնադատութիւն չկայ։ Եթէ ըլլար, կրօնափոխ ըլլալը անիմաստ պիտի ըլլար։ Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, պաշտամունքը սրտէն պէտք է գայ։—Բ. Օրինաց 6։4, 5. 10։12

Աւետարանելը՝ Արդի Ժամանակներուն

16. Եհովայի Վկաներու աւետարանչական գործունէութիւնը արդի ժամանակներուն ի՞նչպէս աւելցած է։

16 Արդի ժամանակներուն, Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզած են, որպէս Մատթէոս 24։14–ի աւելի մեծ կատարում մը։ Անոնց աւետարանչութեան մէջ, Դիտարան պարբերաթերթը կարկառուն գործիք մը եղած է։ * 1879–ին, երբ Դիտարան–ի առաջին թիւերը լոյս տեսան, այս պարբերաթերթին տպաքանակը շուրջ 6,000 էր, եւ մէկ լեզուով։ 2001–ին, աւելի քան 122 տարի ետք, անոր տպաքանակը 23,042,000–ի հասած է, եւ 141 լեզուներով։ Այս յաւելումին հետ զուգահեռ ընթացած է Եհովայի Վկաներու աւետարանչական գործունէութեան մէջ արձանագրուած աճը։ ԺԹ. դարուն, ամէն տարի աւետարանչութեան յատկացուած քանի մը հազար ժամերը բաղդատեցէք՝ 2001–ի ընթացքին քարոզչութեան յատկացուած 1,169,082,225 ժամերուն հետ։ Նաեւ նկատի առէք՝ միջին հաշուով ամէն ամիս վարուած 4,921,702 սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւնները։ Ի՜նչ հոյակապ եւ հսկայ աշխատանք մը իրագործուեցաւ։ Եւ ասիկա կատարուեցաւ 6,117,666 Թագաւորութեան գործունեայ քարոզիչներու կողմէ։

17. (ա) Ներկայիս ի՞նչպիսի սուտ աստուածներ կը պաշտուին։ (բ) Ամէն ոք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր լեզուն, ազգութիւնը, կամ ընկերային դիրքը, ի՞նչ պէտք է գիտնայ։

17 Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց»։ (Սաղմոս 96։5) Ներկայ աշխարհին մէջ, ազգայնականութիւնը, ազգային խորհրդանիշերը, կարկառուն անհատները, նիւթական բաները, եւ նոյնիսկ հարստութիւնը պաշտամունքի առարկայ դարձած են։ (Մատթէոս 6։24. Եփեսացիս 5։5. Կողոսացիս 3։5) Մոհանտէս Ք. Կանտի անգամ մը ըսաւ. «Իմ հաստատ կարծիքս այն է . . . թէ ներկայիս Եւրոպան միայն անունով Քրիստոնեայ է։ Իրականութեան մէջ անիկա Մամոնան [հարստութիւնը] կը պաշտէ»։ Իրողութիւնը այն է թէ բարի լուրը պէտք է լսուի ամէնուրեք։ Ամէն ոք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր լեզուն, ազգութիւնը, կամ ընկերային դիրքը, պէտք է Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին գիտնայ։ Կը մաղթենք որ բոլորն ալ ընդառաջեն սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերուն. «Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը»։ (Սաղմոս 96։7, 8) Եհովայի Վկաները ուրիշներու կ’օգնեն որ Եհովայի մասին սորվին, որպէսզի կարենան պատշաճ կերպով փառք տալ Անոր։ Իսկ ընդառաջողները մեծապէս կ’օգտուին։ Անոնք ի՞նչ օգուտներ կը վայլեն։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 13 Ըստ Կաթողիկէ Համայնագիտարան–ին, Բարեկարգութեան ընթացքին, ժողովուրդի մը վրայ բռնի կերպով կրօնք մը պարտադրելը, հետեւեալ նշանաբանով արտայայտուած էր. Քույուս ռէկիօ, իլիուս է ռէլիկիօ (Խորքին մէջ, ասիկա կը նշանակէ. «Երկրին կառավարիչը կ’որոշէ անոր կրօնքը»)։

^ պարբ. 15 16 Նոյեմբեր 2000–ին, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովի մէկ ժողովի ընթացքին, մասնակցողներէն մէկը տարբերութիւն մը դրաւ՝ բռնի կրօնափոխութիւն ընողներուն եւ Եհովայի Վկաներու գործունէութեան միջեւ։ Նշուեցաւ թէ երբ Եհովայի Վկաները ուրիշներու կը քարոզեն, ասիկա կ’ընեն այնպիսի կերպով մը որ անհատը պարզապէս կրնայ ըսել. «Հետաքրքրուած չեմ» եւ դուռը գոցել։

^ պարբ. 16 Պարբերաթերթին լման խորագիրն է՝ Դիտարանը կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։

Կրնա՞ք բացատրել

• Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ նախանձախնդիր աւետարանիչներ են։

• Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ կը քարոզեն նոյնիսկ հոն, ուր Քրիստոնեայ Աշխարհը եկեղեցիներ հաստատած է։

• Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ հաւատափոխութիւն չեն կատարեր բառին արդի իմաստով։

• Եհովայի Վկաներու աւետարանչական գործունէութիւնը արդի ժամանակներուն ի՞նչպէս աճ արձանագրած է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Առաջին դարու ժողովքին բոլոր անդամները աւետարանելու մէջ բաժին բերին

[Նկար՝ էջ 19]

Յիսուս նախանձախնդիր աւետարանիչ մըն էր եւ ուրիշները մարզեց որ նոյն գործը ընեն

[Նկար՝ էջ 20]

Սխալ է մարդոց ստիպել որ իրենց կրօնքը փոխեն