Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ինծմէ սորվեցէք»

«Ինծմէ սորվեցէք»

«Ինծմէ սորվեցէք»

«Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։29

1. Յիսուսէն սորվիլը ինչո՞ւ կրնայ մեր կեանքը հաճելի եւ ճոխ դարձնել։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ միշտ պատշաճ կերպով մտածեց, սորվեցուց եւ վարուեցաւ։ Երկրի վրայ իր ունեցած ժամանակը կարճ էր, սակայն ան վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ ասպարէզ մը վայելեց, եւ ուրախ տրամադրութիւն մը պահեց։ Ան աշակերտներ հաւաքեց եւ անոնց սորվեցուց ի՛նչպէս Աստուած պաշտել, մարդկութիւնը սիրել, եւ աշխարհին յաղթել։ (Յովհաննու 16։33) Ան անոնց սիրտը յոյսով լեցուց եւ ‘աւետարանին միջոցաւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը’։ (Բ. Տիմոթէոս 1։10) Եթէ դուք ձեզ անոր աշակերտներէն մէկը կը համարէք, ձեր կարծիքով ի՞նչ կը նշանակէ աշակերտ մը ըլլալ։ Աշակերտներու մասին Յիսուսի ըսածները նկատի առնելով, մեր կեանքը ի՛նչպէս ճոխացնել կրնանք սորվիլ։ Ասիկա կը պարփակէ իր տեսակէտը որդեգրել եւ կարգ մը հիմնական սկզբունքներ կիրարկել։—Մատթէոս 10։24, 25. Ղուկաս 14։26, 27. Յովհաննու 8։31, 32. 13։35. 15։8

2, 3. (ա) Յիսուսի աշակերտը ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է մենք մեզի հարց տալ թէ՝ ‘Որո՞ւ աշակերտը դարձած եմ’։

2 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «աշակերտ» թարգմանուած բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ՝ անհատ մը որ իր միտքը բանի մը կ’ուղղէ, կամ՝ կը սորվի։ Ասոր առնչակից բառի մը կը հանդիպինք մեր գլխաւոր համարին՝ Մատթէոս 11։29–ի մէջ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Այո, աշակերտը սորվող մըն է։ Աւետարանները «աշակերտ» բառը սովորաբար կը կիրարկեն Յիսուսի մտերիմ հետեւորդներուն, որոնք իր քարոզչութեան ընթացքին իր ուղեկիցներն էին եւ իր կողմէ ուսուցանուեցան։ Թերեւս ոմանք Յիսուսի ուսուցումները պարզապէս ընդունած էին, նոյնիսկ՝ գաղտնօրէն։ (Ղուկաս 6։17. Յովհաննու 19։38) Աւետարանիչները նաեւ ակնարկութիւն ըրին «Յովհաննէսին [Մկրտիչ] ու փարիսեցիներուն աշակերտներ»ուն։ (Մարկոս 2։18) Քանի որ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց «փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն», կրնանք մենք մեզի հարց տալ թէ՝ ‘Որո՞ւ աշակերտը դարձած եմ’։—Մատթէոս 16։12

3 Եթէ Յիսուսի աշակերտներն ենք եւ եթէ իրմէ սորված ենք, ուրեմն ուրիշներ պէտք է հոգեւորապէս թարմացած զգան մեր ներկայութեան։ Անոնք պէտք է նկատեն թէ մենք աւելի ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ դարձած ենք։ Եթէ մեր գործին մէջ վերակացութեան պատասխանատուութիւն ունինք, ծնողներ ենք, կամ քրիստոնէական ժողովքը հովուելու պատասխանատուութիւնը ունինք, մեր հոգատարութեան յանձնուած անհատները կը զգա՞ն թէ իրենց հետ կը վարուինք, այնպէս ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ իր հոգատարութեան յանձնուած անհատներուն հետ։

Յիսուս Մարդոց Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցաւ

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ դժուար չէ գիտնալ թէ Յիսուս խնդիրներ ունեցողներուն հետ ի՛նչպէս վարուեցաւ։ (բ) Փարիսեցիի մը տան մէջ ճաշած ատեն Յիսուսի հետ ի՞նչ պատահեցաւ։

4 Պէտք է գիտնանք թէ Յիսուս ի՛նչպէս վարուեցաւ մարդոց հետ, մանաւանդ՝ լուրջ խնդիրներ ունեցողներուն հետ։ Ասիկա գիտնալը դժուար պէտք չէ ըլլայ. Աստուածաշունչը կը պարունակէ բազմաթիւ արձանագրութիւններ, ուր Յիսուս հանդիպած էր անհատներու, որոնցմէ ոմանք վշտահար էին։ Նկատի առնենք նաեւ թէ կրօնական առաջնորդները, մանաւանդ Փարիսեցիները, ի՛նչպէս վարուեցան այսպիսի խնդիրներ ունեցողներու հետ։ Հակադրութիւնը դաստիարակիչ պիտի ըլլայ։

5 Հ.Դ. 31–ին, մինչ Յիսուս Գալիլիոյ մէջ քարոզչական շրջապտոյտ մը կ’ընէր, ‘Փարիսեցիներէն մէկը աղաչեց անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ’։ Յիսուս հրաւէրը ընդունելու չվարանեցաւ։ «Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։ Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։ Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր»։—Ղուկաս 7։36-38

6. Ինչո՞ւ «մեղաւոր» կինը Փարիսեցիին տունը կը գտնուէր։

6 Կրնա՞ք մտապատկերացնել տեղի ունեցածը։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Կինը (համար 37) ընկերային սովորութիւնները օգտագործեց, որոնք կարօտեալներուն կը թոյլատրէին երթալ այսպիսի խրախճանքներու եւ աւելցուքներէն մաս մը ստանալ»։ Ասիկա կրնայ բացատրել թէ անկոչ անհատ մը ի՛նչպէս կրնար ներս մտնել։ Թերեւս ուրիշներ ալ կային, որոնք կը յուսային ճաշի աւարտին աւելցուքներ հաւաքել։ Ամէն պարագայի, այս կնոջ վերաբերմունքը արտասովոր էր։ Ան մէկ կողմ կայնած չէր դիտեր, սպասելով ճաշին վերջանալը։ Ան վատ համբաւ ունէր, հանրածանօթ «մեղաւոր» մը ըլլալով, այնպէս որ Յիսուս ըսաւ թէ գիտէր անոր «շատ մեղքերը»։—Ղուկաս 7։47

7, 8. (ա) Ղուկաս 7։36-38–ի մէջ տեղեկագրուած պարագաներուն ներքեւ թերեւս ի՞նչպէս պիտի հակազդէինք։ (բ) Սիմոն ի՞նչպէս հակազդեց։

7 Երեւակայեցէք որ այդ օրերուն կ’ապրէիք եւ դուք ձեզ Յիսուսի տեղը դրէք։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Երբ այս կինը ձեզի մօտենար, պիտի ամչնայի՞ք։ Այսպիսի պարագայ մը ձեզի ի՞նչպէս պիտի ազդէր։ (Ղուկաս 7։45) Պիտի սարսափէի՞ք, սոսկայի՞ք։

8 Եթէ հիւրերէն մէկը ըլլայիք, Փարիսեցի Սիմոնին նման պիտի մտածէի՞ք։ «Երբ տեսաւ փարիսեցին, որ [Յիսուսը] հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է’»։ (Ղուկաս 7։39) Ասոր հակառակը, Յիսուս խոր կարեկցութեան տէր անհատ մըն էր։ Ան կնոջ դժուարին կացութիւնը ըմբռնեց եւ զգաց անոր տագնապալից վիճակը։ Մեզի տեղեկութիւն չէ տրուած թէ կինը ինչո՛ւ մեղաւոր կենցաղի մը զոհը գացած էր։ Եթէ իրապէս պոռնիկ մըն էր, քաղաքին մարդիկը, որոնք թունդ Հրեաներ էին, ակներեւաբար իրեն չէին օգնած։

9. Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, եւ հաւանաբար ի՞նչ արդիւնքով։

9 Սակայն, Յիսուս կ’ուզէր կնոջ օգնել։ Անոր ըսաւ. «Քու մեղքերդ ներուած են»։ Ապա աւելցուց. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ (Ղուկաս 7։48-50) Դրուագը հոս վերջ կը գտնէ։ Անհատ մը կրնայ առարկել թէ Յիսուս կնոջ շատ օգտակար չդարձաւ։ Հիմնականօրէն, իր օրհնութիւնը տուաւ անոր ու զինք ճամբեց։ Կը խորհի՞ք թէ կինը հաւանաբար իր ողբալի կենցաղին վերադարձաւ։ Թէեւ ասկէ վստահ չենք, սակայն նկատի առէք թէ Ղուկաս ի՛նչ կը շարունակէ ըսել։ Ան կը պատմէ թէ Յիսուս «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։ Ղուկաս նաեւ տեղեկագրեց թէ Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ «քանի մը կիներ» կային, որոնք «իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին»։ Հաւանական է որ այս զղջացած ու երախտապարտ կինը այժմ անոնց մէջ էր, բարեպաշտ կեանքի մը ձեռնարկելով՝ մաքուր խղճմտանքով, նորոգուած նպատակով, եւ Աստուծոյ հանդէպ աւելի խոր սիրով լեցուած։—Ղուկաս 8։1-3

Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն Միջեւ Տարբերութիւն

10. Ինչո՞ւ օգտակար է նկատի առնել Սիմոնի տան մէջ Յիսուսի եւ կնոջ դրուագը։

10 Այս կենսունակ դրուագէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Անիկա մեր զգացումները չի՞ գրգռեր։ Դուք ձեզ երեւակայեցէք Սիմոնի տան մէջ։ Ի՞նչպէս պիտի զգայիք։ Յիսուսի՞ պէս պիտի ընդառաջէիք, թէ ոչ ձեւով մը իր Փարիսեցի հիւրընկալին պէս։ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, ուստի չենք կրնար ճիշդ իրեն պէս զգալ եւ վարուիլ։ Միւս կողմէ, չենք ուզեր խորհիլ թէ մենք Փարիսեցի Սիմոնին պէս ենք։ Քիչեր հպարտ պիտի զգային Փարիսեցիի մը նման վարուելով։

11. Ինչո՞ւ չենք ուզեր Փարիսեցիներուն կարգին դասուիլ։

11 Սուրբ գրային ուսումնասիրութենէն եւ աշխարհիկ ապացոյցներէն, կրնանք եզրակացնել թէ Փարիսեցիները իրենք զիրենք կը մեծարէին որպէս հանրութեան օգտին եւ ազգին բարօրութեան պահապանները։ Անոնք գոհ չէին որ Աստուծոյ Օրէնքը հիմնականօրէն բացայայտ ու դիւրահասկնալի էր։ Հոն ուր իրենց թուէր թէ Օրէնքը չէր սահմաներ, անոնք կը ջանային երեւութական խրամատը գոցել սահմանուած կիրարկումներ ընելով, խղճմտանքի ամէն կարիք ջնջելու համար։ Կրօնական այս առաջնորդները փորձեցին կանոն մը հնարել, վարք ու բարքի բոլոր հարցերը՝ նոյնիսկ աննշան հարցերը՝ ղեկավարելու համար։ *

12. Փարիսեցիները իրենց անձին նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէին։

12 Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս բացայայտ կը դարձնէ թէ Փարիսեցիները իրենք զիրենք ազնիւ, պատուական, անաչառ եւ իրենց նշանակումին համար ամբողջովին որակելի կը նկատէին։ Անկասկած, անոնցմէ ոմանք այդպէս էին։ Թերեւս ձեր միտքը Նիկոդէմոսը գայ։ (Յովհաննու 3։1, 2. 7։50, 51) Ժամանակ մը ետք, անոնցմէ ոմանք քրիստոնէական ճամբան որդեգրեցին։ (Գործք 15։5) Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ որոշ Հրեաներու, ի ներառեալ Փարիսեցիներուն, մասին գրեց. «Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար»։ (Հռովմայեցիս 10։2) Այսուհանդերձ, Աւետարանները հասարակ ժողովուրդին տեսանկիւնէն զիրենք կը ներկայացնեն որպէս հպարտ, ամբարտաւան, ինքնարդար, խծբծող, քննադատող, եւ նուաստացնող։

Յիսուսի Տեսակէտը

13. Յիսուս Փարիսեցիներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

13 Յիսուս դպիրներն ու Փարիսեցիները դատապարտեց որպէս կեղծաւորներ։ «Ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել»։ Այո, բեռը ծանր էր, եւ մարդոց ուսերուն դրուած լուծը՝ դաժան։ Յիսուս շարունակեց, դպիրներն ու Փարիսեցիները «յիմարներ» կոչելով։ Յիմարը ընկերութեան համար սպառնալիք մըն է։ Յիսուս դպիրներն ու Փարիսեցիները նաեւ կոչեց «կոյր առաջնորդներ», եւ պնդեց թէ անոնք ‘ձգած էին օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը’։ Ո՞վ պիտի փափաքէր որ Յիսուս իր մասին խորհէր որպէս Փարիսեցի մը։—Մատթէոս 23։1-4, 16, 17, 23

14, 15. (ա) Մատթէոս Ղեւիի հետ Յիսուսի վերաբերմունքը, Փարիսեցիներու տեսակէտներուն մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (բ) Այս դէպքէն ի՞նչ կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։

14 Աւետարանները ընթերցող ոեւէ անհատ կրնայ նկատել Փարիսեցիներու մեծամասնութեան քննադատական բնոյթը։ Մաքսահաւաք Մատթէոս Ղեւին Յիսուսի կողմէ հրաւիրուելէ ետք որ իր աշակերտը ըլլայ, անոր համար մեծ կոչունք մը սարքեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. ‘Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք’»։ Յիսուս անոնց պատասխան տալով ըսաւ. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։—Ղուկաս 5։27-32

15 Ղեւին գնահատեց ուրիշ բան մըն ալ, որ Յիսուս այդ առթիւ ըսաւ. «Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’»։ (Մատթէոս 9։13) Թէեւ Փարիսեցիները կը դաւանէին հաւատալ Եբրայեցի մարգարէներուն գրութիւններուն, սակայն անոնք Ովսեայ 6։6–ի այս խօսքը չընդունեցին։ Փարիսեցիներուն համար աւելի կարեւոր էր բացարձակօրէն աւանդութեան հնազանդիլ քան՝ ողորմած ըլլալ։ Իւրաքանչիւրս կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Որոշ կանոններու կառչող անհատ մը ըլլալու համբաւը ունի՞մ, ինչպէս՝ անձնական կարծիք կամ առողջ բանականութիւն արտացոլացնող կանոններ. թէ ոչ՝ ուրիշներ իմ մասիս կը խորհին որպէս գլխաւորաբար ողորմած եւ ազնիւ մէկը’։

16. Ի՞նչ էր փարիսեցիական կերպը, եւ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ անոնց նման ըլլալէ։

16 Խծբծել, խծբծել, խծբծել։ Այս էր փարիսեցիական կերպը։ Փարիսեցիները կը փնտռէին իւրաքանչիւր թերութիւն, իրական կամ երեւակայական։ Անոնք մարդիկը ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ կը պահէին եւ անոնց կը յիշեցնէին իրենց սխալները։ Փարիսեցիները հպարտ կը զգային ամենափոքր խոտեղէններուն՝ ինչպէս անանուխին, սամիթին ու չամանին՝ տասանորդը վճարելով։ Անոնք իրենց բարեպաշտութիւնը կը ցուցադրէին իրենց հագուստներով, եւ կը փորձէին ազգին ուղղութիւն տալ։ Վստահաբար, եթէ մեր արարքները Յիսուսի օրինակին հետ ներդաշնակ պիտի ըլլան, պէտք է խուսափինք ուրիշներու մէջ սխալներ փնտռելու եւ զանոնք աչքառու դարձնելու հակումէն։

Յիսուս Խնդիրները Ի՞նչպէս Ձեռք Առաւ

17-19. (ա) Բացատրեցէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ձեռք առաւ պարագայ մը որ կրնար լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ (բ) Ի՞նչ բան պարագան ճնշիչ եւ անախորժելի դարձուց։ (գ) Եթէ հոն ըլլայիք երբ կինը Յիսուսի մօտեցաւ, ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։

17 Խնդիրները ձեռք առնելու Յիսուսի կերպը շա՜տ տարբեր էր Փարիսեցիներու կերպէն։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ձեռք առաւ պարագայ մը, որ կրնար շատ լուրջ ըլլալ։ Անիկա կապ ունէր կնոջ մը հետ, որ 12 տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր։ Կրնաք այս դէպքը կարդալ Ղուկաս 8։42-48–ի մէջ։

18 Մարկոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ կինը «վախցաւ ու դողաց»։ (Մարկոս 5։33) Ինչո՞ւ։ Անկասկած, քանի որ գիտէր թէ Աստուծոյ Օրէնքը բեկանած էր։ Ղեւտացւոց 15։25-28–ի համաձայն, արեան անբնական ծորում ունեցող կին մը անմաքուր էր ծորումին բոլոր օրերը, առաւել մէկ շաբաթ։ Ամէն բանի կամ անհատի որ դպչէր, անիկա կը պղծուէր։ Յիսուսի մօտենալու համար, այս կինը ստիպուած էր բազմութեան մէջէն ճամբայ բանալ։ Երբ 2,000 տարի ետք այս դէպքին մասին կը խորհինք, մեր կարեկցութիւնը կը շարժի անոր դժուարին կացութեան համար։

19 Եթէ այդ օրը հոն ներկայ գտնուէիք, պարագան ի՞նչ աչքով պիտի դիտէիք։ Ի՞նչ պիտի ըսէիք կնոջ։ Նկատեցէք թէ Յիսուս այս կնոջ հետ ազնիւ, սիրալիր եւ նկատառու կերպով վարուեցաւ, նոյնիսկ չյիշելով որեւէ խնդիր, որ ան պատճառած կրնար ըլլալ։—Մարկոս 5։34

20. Եթէ Ղեւտացւոց 15։25-27–ն ներկայիս պահանջ մը ըլլար, ի՞նչ մարտահրաւէր պիտի դիմագրաւէինք։

20 Այս դէպքէն բան մը կրնա՞նք սորվիլ։ Ենթադրենք որ ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէց մըն էք։ Նաեւ ենթադրենք որ Ղեւտացւոց 15։25-27–ն ներկայիս Քրիստոնեաներէն պահանջուած օրէնք մըն է եւ Քրիստոնեայ կին մը այդ օրէնքը բեկանելուն համար տակնուվրայ եւ անօգնական կը զգայ։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Հանրապէս պիտի նուաստացնէի՞ք զինք, նեղի մատնող խրատներ տալով անոր։ «Բնա՛ւ երբեք», պիտի ըսէիք, «այդպիսի բան մը պիտի չընէի։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ամէն ջանքս պիտի թափէի ազնիւ, սիրալիր, փափկանկատ եւ նկատառու ըլլալու համար»։ Շա՛տ լաւ։ Սակայն, իսկական մարտահրաւէրը ասիկա ընելը, Յիսուսի օրինակին հետեւիլն է։

21. Յիսուս Օրէնքին մասին ի՞նչ սորվեցուց մարդոց։

21 Հիմնականօրէն, Յիսուս մարդիկը կը թարմացնէր, կ’ոգեւորէր ու կը քաջալերէր։ Հոն ուր Աստուծոյ Օրէնքը բացայայտ էր, ըսուածին նշանակութիւնը յստակ էր։ Եթէ ընդհանրական թուէր, անոնք իրենց խղճմտանքը պէտք էր գործածէին եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը ցուցաբերէին իրենց տուած որոշումներով։ Օրէնքը դիւրաթեք էր։ (Մարկոս 2։27, 28) Աստուած կը սիրէր իր ժողովուրդը, միշտ անոնց բարօրութեան համար կ’աշխատէր եւ պատրաստ էր ողորմութիւն ցոյց տալու, երբ անոնք սայթաքէին։ Յիսուս ալ այսպիսի մէկն էր։—Յովհաննու 14։9

Յիսուսի Ուսուցումներուն Արդիւնքները

22. Յիսուսէն սորվիլը իր աշակերտներուն օգնեց ի՞նչպիսի մտավիճակ մը ունենալու։

22 Անոնք որոնք Յիսուսի մտիկ ըրին ու իր աշակերտները եղան, իր այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը գնահատեցին. «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։30) Անոնք երբեք չզգացին թէ Յիսուս զիրենք կը ծանրաբեռնէր, նեղ կացութեան կը մատնէր կամ կ’ատենաբանէր իրենց։ Անոնք աւելի ազատ, աւելի ուրախ ու աւելի ինքնավստահ էին Աստուծոյ եւ իրարու հետ իրենց ունեցած յարաբերութեան նկատմամբ։ (Մատթէոս 7։1-5. Ղուկաս 9։49, 50) Անոնք իրմէ սորվեցան թէ հոգեւոր առաջնորդ մը ըլլալը կը պահանջէ ուրիշները կազդուրել, մտքի ու սրտի խոնարհութիւն ցուցաբերել։—Ա. Կորնթացիս 16։17, 18. Փիլիպպեցիս 2։3

23. Յիսուսի հետ ըլլալը աշակերտներուն ի՞նչ կարեւոր դաս մը սորվեցուց, եւ իրենց օգնեց ի՛նչ եզրակացութեանց յանգելու։

23 Ասկէ զատ, շատեր խորապէս տպաւորուեցան Քրիստոսի հետ միութեան մէջ մնալու եւ անոր ցուցաբերած մտավիճակը որդեգրելու կարեւորութենէն։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ (Յովհաննու 15։9, 10) Եթէ կ’ուզէին Աստուծոյ յաջող ծառաները ըլլալ, ժրաջանօրէն պէտք էր կիրարկէին ի՛նչ որ Յիսուսէ սորված էին, թէ՛ Աստուծոյ հոյակապ բարի լուրին մասին հանրապէս քարոզելու ու սորվեցնելու մէջ, եւ թէ ընտանիքի ու բարեկամներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ։ Մինչ եղբայրակցութիւնը կ’աճէր ու ժողովքներ կը կազմուէին, անոնք կրկին անգամ իրենք իրենց պիտի յիշեցնէին թէ ի՛ր կերպը շիտակ կերպն էր։ Ինչ որ ան սորվեցուց ճշմարտութիւնն էր, եւ իր ապրած կեանքը զոր ուշադրութեամբ դիտած էին, ի՛րապէս բաղձալի կեանք մըն էր։—Յովհաննու 14։6. Եփեսացիս 4։20, 21

24. Յիսուսի օրինակը մեզի կ’օգնէ ի՞նչ բաներու ուշադրութիւն ընծայելու։

24 Մինչ կը խոկաք մեր քննարկած քանի մը բաներուն վրայ, բարելաւումներ ընելու կերպեր կը նկատէ՞ք։ Կը համաձայնի՞ք թէ Յիսուս մի՛շտ պատշաճ կերպով մտածեց, սորվեցուց եւ վարուեցաւ։ Ուրեմն, սրտապնդուեցէ՛ք։ Մեզի ուղղուած իր քաջալերական խօսքերն են. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։—Յովհաննու 13։17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 «[Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն] միջեւ եղող տարբերութեան բնոյթը բացայայտ կը դառնայ միայն Աստուծոյ մասին երկու հակասական հասկացողութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած։ Փարիսեցիներուն համար, Աստուած ընդհանուր առմամբ պահանջներ դնող մըն է. Յիսուսի համար, ան ողորմած ու կարեկից է։ Անշուշտ, Փարիսեցին Աստուծոյ բարութիւնը եւ սէրը չ’ուրանար, սակայն իրեն համար այս յատկութիւնները արտայայտուած էին՝ Թորայի [Օրէնք] պարգեւին եւ հոն պահանջուած բաները կատարելու կարելիութեան մէջ։ . . . Բերանացի աւանդութեան եւ օրէնքը մեկնաբանելու անոր կանոններուն կառչիլը, Փարիսեցիին կողմէ կը նկատուէր Թորան կատարելու կերպը։ . . . Յիսուսի՝ սիրոյ երկու պատուիրանները (Մատթ. 22։34-40) մեծարելը եւ բերանացի աւանդութեան կաշկանդիչ բնոյթը մերժելը . . . զինք փարիսեցիական խղճագիտութեան հետ անհամաձայնութեան մէջ բերին»։—Նոր Կտակարանի Աստուածաբանութեան Միջազգային Նոր Բառարան (Անգլերէն)

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Յիսուսի աշակերտը ըլլալը ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

• Յիսուս մարդոց հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։

• Յիսուսի ուսուցանած կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Փարիսեցիները եւ Յիսուս իրարմէ ի՞նչպէս տարբեր էին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 14, 15]

Մարդոց հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը որքա՜ն տարբեր էր Փարիսեցիներու տեսակէտէն