Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական Յիսուսը

Իսկական Յիսուսը

Իսկական Յիսուսը

ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԷՆ իմանալէ ետք թէ մարդիկ ի՛նչ կը խորհին իր մասին, Յիսուս անոնց հարցուց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Մատթէոսի Աւետարանը Պետրոս առաքեալի պատասխանը կ’արձանագրէ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ (Մատթէոս 16։15, 16) Ուրիշներ նոյն կարծիքը ունէին։ Նաթանայէլ, որ հետագային առաքեալներէն մէկը եղաւ, Յիսուսի ըսաւ. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։ (Յովհաննու 1։49) Յիսուս անձամբ խօսեցաւ իր դերին կարեւորութեան մասին, ըսելով. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ (Յովհաննու 14։6) Զանազան առիթներով, ան ինքզինքին ակնարկեց որպէս «Աստուծոյ Որդի»ն։ (Յովհաննու 5։24, 25. 11։4) Եւ իր այս դաւանութիւնը հաստատեց հրաշքներ գործելով, նոյնիսկ մեռելներ յարուցանելով։

Հիմնաւո՞ր Կասկածներ

Սակայն իրապէս կրնա՞նք վստահիլ Յիսուսի մասին Աւետարաններուն ներկայացուցած նկարագրութեան։ Անոնք իսկական Յիսուսը կը բնութագրե՞ն։ Անգլիոյ Մէնչէստըրի Համալսարանին մէջ սուրբ գրային քննադատութեան եւ մեկնութեան ուսուցչապետ՝ հանգուցեալ Ֆրետերիք Ֆ. Պրուս, ըսաւ. «Սովորաբար կարելի չէ պատմական պատճառաբանութիւններով ապացուցանել վաղեմի գրութեան մը իւրաքանչիւր մանրամասնութեան ճշգրիտ ըլլալը, Աստուածաշունչէն ներս թէ դուրս։ Բաւարար է գրողի մը վստահելի ըլլալուն նկատմամբ տրամաբանական վստահութիւն ունենալ. եթէ ասիկա հաստատուի, բացայայտ հաւանականութիւն կայ թէ իր մանրամասնութիւնները շիտակ են։ . . . Այն իրողութիւնը թէ Քրիստոնեաները Նոր Կտակարանը կ’ընդունին որպէս ‘սրբազան’ գրականութիւն, պատճառ մը չէ որ անիկա պատմականօրէն նուազ վստահելի նկատուի»։

Աւետարաններուն մէջ ներկայացուած Յիսուսի մասին կասկածները քննելէ ետք, Ճէյմսթաուն Քոլէճի (Նորթհ Տաքոթա, Ա.Մ.Ն.) կրօնքի ուսուցչապետ Ճէյմս Ռ. Էտուարտց, գրեց. «Կրնանք վստահութեամբ պնդել թէ Աւետարանները կը պահպանեն Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը հաստատող այլազան եւ յատկանշական ապացոյցներու շարք մը։ . . . Աւետարանները ինչո՛ւ Յիսուսը այս կերպով կը ներկայացնեն հարցումին ամենատրամաբանական պատասխանն է՝ քանի որ Յիսուս իսկապէս այդպէս էր։ Աւետարանները հաւատարմօրէն կը պահպանեն այդ տպաւորութիւնը զոր ան ձգեց իր հետեւորդներուն վրայ, թէ ինք՝ իրապէս Աստուծմէ ղրկուած էր եւ Աստուծոյ Որդին ու Ծառան ըլլալու հեղինակութիւնը ունէր»։ *

Յիսուսը Փնտռել

Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուս Քրիստոսի մասին եղած ոչ–սուրբ գրային ակնարկումներուն նկատմամբ։ Ի՞նչպէս կրնանք զանոնք արժեւորել։ Տակիտոսի, Սուետոնիոսի, Յովսեպոսի, Պլինիոս Կրտսերի եւ քանի մը այլ դասական գրողներու գործերը Յիսուսի մասին շատ մը ակնարկումներ կը պարփակեն։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (1995) անոնց մասին կ’ըսէ. «Այս անջատ տեղեկութիւնները կը փաստեն, թէ հին ժամանակներուն, հակառակորդներն անգամ Յիսուսի պատմական դէմք մը ըլլալուն մասին բնաւ կասկած չունէին։ Ասիկա առաջին անգամ ըլլալով հակաճառելի նիւթ դարձաւ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, ԺԹ. դարու ընթացքին եւ Ի. դարու սկիզբը»։

Դժբախտաբար, այնպէս կը թուի թէ արդի ուսումնականներ, «իսկական» կամ «պատմական» Յիսուսը որոնելու միտումով, անոր իսկական ինքնութիւնը ծածկած են՝ բազմաթիւ սխալ ենթադրութիւններով, անիմաստ կասկածներով եւ անհիմն տեսութիւններով։ Առումով մը, անոնք յանցաւոր են առասպել հնարելու յանցանքով, ճիշդ այն յանցանքը՝ որով իրենք Աւետարանիչները կ’ամբաստանեն։ Ոմանք ա՛յնքան կը տենչան համբաւ շահիլ եւ իրենց անունը ցնցիչ նոր տեսութեան մը հետ առնչել, որ Յիսուսի մասին եղած ապացոյցը պարկեշտօրէն քննելու կը թերանան։ Այս գործընթացին մէջ, անոնք «Յիսուս» մը կը ստեղծեն, որ համահաւասար է ուսումնական երեւակայութեան կեղծիքի մը։

Զայն գտնել ուզողներուն համար, իսկական Յիսուսը կրնայ գտնուիլ Աստուածաշունչին մէջ։ Էմրի Համալսարանի Աստուածաբանութեան Քէնտլըր Դպրոցին մէջ, Նոր Կտակարանի եւ քրիստոնէական ծագումներու ուսուցչապետ՝ Լուք Ճոնսըն, կ’առարկէ թէ պատմական Յիսուսի մասին եղած հետազօտութիւններուն մեծ մասը սուրբ գրային նպատակակէտէն կը վրիպի։ Ան կ’ըսէ թէ Յիսուսի կեանքին ու ժամանակաշրջանին՝ ընկերային, քաղաքական, մարդաբանական, եւ մշակութային ենթահողերը քննելը, հետաքրքրական կրնայ ըլլալ։ Սակայն, կ’աւելցնէ թէ ուսումնականներուն կողմէ պատմական Յիսուս կոչուած անհատը յայտնաբերելը «Աստուածաշունչին նպատակը չէ», քանի որ անիկա «աւելի հետաքրքրուած է նկարագրելով՝ Յիսուսի անձնաւորութիւնը», անոր պատգամը եւ որպէս Փրկարար անոր դերը։ Ուստի, ի՞նչ էր Յիսուսի իսկական անձնաւորութիւնը եւ պատգամը։

Իսկական Յիսուսը

Աւետարանները՝ Յիսուսի կեանքին մասին Աստուածաշունչի չորս արձանագրութիւնները, մեծ կարեկցութիւն ունեցող տղամարդու մը պատկերը կը ներկայացնեն։ Գութը եւ կարեկցումը մղեցին Յիսուսը որ օգնէ հիւանդութենէ, կուրութենէ, եւ այլ խնդիրներէ տառապողներուն։ (Մատթէոս 9։36. 14։14. 20։34) Իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահը եւ անոր քոյրերուն ասոր պատճառած վիշտը մղեցին Յիսուսը որ ‘հառաչէ ու լայ’։ (Յովհաննու 11։32-36) Իրականութեան մէջ, Աւետարանները Յիսուսի զգացումներուն այլազանութիւնը կը յայտնեն. բորոտի մը հանդէպ կարեկցութիւն, իր աշակերտներուն յաջողութիւններուն համար չափազանց ուրախութիւն, անկարեկից օրինականներուն հանդէպ զայրոյթ, եւ Երուսաղէմը Մեսիան մերժելուն համար՝ տխրութիւն։

Երբ Յիսուս հրաշք մը գործէր, ան յաճախ շեշտը կը դնէր խնդրոյ առարկայ անհատին վրայ. «Քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ (Մատթէոս 9։22) Ան Նաթանայէլը գովաբանեց՝ ըսելով. «Իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ (Յովհաննու 1։47) Երբ ոմանք խորհեցան որ կնոջ մը գնահատական նուէրը չափազանցուած էր, Յիսուս պաշտպանեց զինք եւ ըսաւ թէ անոր առատաձեռնութեան պատմութիւնը երկար ատեն պիտի յիշուէր։ (Մատթէոս 26։6-13) Ան իր հետեւորդներուն համար իսկական բարեկամ եւ գորովալից ընկեր մըն էր, ‘մինչեւ վերջն ալ սիրելով զանոնք’։—Յովհաննու 13։1. 15։11-15

Աւետարանները նաեւ ցոյց կու տան թէ Յիսուս անմիջապէս կը բնորոշէր իր հանդիպած մարդոց կարիքները կամ կեցուածքները։ Որու հետ ալ խօսէր՝ ջրհորի մը քով կնոջ մը, պարտէզի մը մէջ կրօնական ուսուցիչի մը, լիճի մը եզերքը ձկնորսի մը, ան անմիջապէս անոնց սրտին կը դպչէր։ Յիսուսի բացման խօսքերէն ետք, այս անհատներէն շատեր իրենց ներքնագոյն խորհուրդները յայտնեցին։ Ան անոնց սրտին ընդառաջող լարերուն դպաւ։ Թէեւ իր ժամանակաշրջանի մարդիկը թերեւս կը խուսափէին հեղինակաւոր դիրք ունեցողներէն, սակայն Յիսուսի պարագային, իր շուրջ խմբուեցան։ Անոնց համար Յիսուսի հետ ըլլալը ախորժելի էր. իրեն ընկերակցելով հանգիստ կը զգային։ Երախաներն ալ իրեն հետ հանգիստ կը զգային, եւ երբ երախայ մը գործածեց որպէս օրինակ, ան ո՛չ միայն երախան իր աշակերտներուն առջեւ կեցուց, այլ նաեւ ‘իր գիրկը առաւ զայն’։ (Մարկոս 9։35. 10։13-16) Արդարեւ, Աւետարանները Յիսուսը կը նկարագրեն որպէս մարդ մը, որ ա՛յնպիսի մագնիսականութիւն ունէր որ մարդիկ երեք օր մնացին միայն իր կլանիչ խօսքերը մտիկ ընելու համար։—Մատթէոս 15։32

Յիսուսի կատարեալ ըլլալը զինք գերքննադատող կամ սնապարծ եւ տիրակալող չդարձուց՝ անկատար ու մեղքով ծանրաբեռնուած անհատներուն հանդէպ, որոնց մէջ ապրեցաւ ու քարոզեց։ (Մատթէոս 9։10-13. 21։31, 32. Ղուկաս 7։36-48. 15։1-32. 18։9-14) Յիսուս երբեք պահանջկոտ չէր։ Ան մարդոց բեռները չաւելցուց։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած[ներ] . . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Իր աշակերտները զինք ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ գտան. իր լուծը քաղցր ու բեռը թեթեւ էր։—Մատթէոս 11։28-30

Աւետարաններուն մէջ յայտնուած Յիսուսի անձնաւորութիւնը անառարկելիօրէն ճշմարիտ է։ Դիւրին պիտի չըլլար որ չորս տարբեր անհատներ, արտասովոր անձնաւորութիւն մը հնարէին, ապա զայն ներկայացնէին անփոփոխ կերպով, իրարմէ տարբեր չորս պատմութիւններու մէջ։ Գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար, որ չորս տարբեր գրողներ միեւնոյն անհատը նկարագրէին եւ հաստատօրէն նո՛յն պատկերը գծէին, եթէ այդ անձնաւորութիւնը երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլար։

Պատմաբան Մայքըլ Կրէնթ միտք գրգռող հարցում մը կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ բոլոր աւետարաններու աւանդութեանց մէջ, առանց բացառութեան երեւան կու գայ երիտասարդի մը զարմանալիօրէն յստակ կերպով գծուած գրաւիչ պատկերը, որ ազատօրէն կը շրջագայի ամէն տեսակ կիներու՝ նոյնիսկ վատահամբաւներու՝ մէջ, առանց զգացականութեան, անբնականութեան, կամ ամչկոտութեան նշոյլի եւ սակայն ամէն բանի մէջ, լիովին ուղղամիտ անձնաւորութիւն մը կը պահէ»։ Ասոր տրամաբանական պատասխանը այն է թէ այսպիսի մարդ մը իրապէս գոյութիւն ունեցած ու գործած է, ինչպէս Աստուածաշունչը կը բացատրէ։

Իսկական Յիսուսը եւ Ձեր Ապագան

Երկրի վրայ Յիսուսի իրական կեանքին մասին պատկեր մը տալէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ան նախամարդկային գոյութիւն ունէր որպէս Աստուծոյ միածին Որդին, «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը»։ (Կողոսացիս 1։15) Քսան դար առաջ, Աստուած իր երկնային Որդւոյն կեանքը Հրեայ կոյսի մը արգանդը փոխադրեց, որպէս մարդ ծնելու համար։ (Մատթէոս 1։18) Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանեց որպէս ընկճուած մարդկութեան միակ յոյսը, եւ իր աշակերտները մարզեց որ այս քարոզչութեան գործը շարունակեն։—Մատթէոս 4։17. 10։5-7. 28։19, 20

Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին (շուրջ Ապրիլ 1), Յիսուս ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ՝ խռովութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ։ (Մատթէոս 26։18-20, 48–27։50) Յիսուսի մահը կը ծառայէ որպէս փրկանք, հաւատացեալ մարդկութիւնը իրենց մեղաւոր վիճակէն ազատելով, եւ հետեւաբար, յաւիտենական կեանքի ճամբան հարթելով իրեն հանդէպ հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն համար։ (Հռովմայեցիս 3։23, 24. Ա. Յովհաննու 2։2) Նիսան 16–ին, Յիսուս յարութիւն առաւ, եւ անկէ քիչ ետք երկինք համբարձաւ։ (Մարկոս 16։1-8. Ղուկաս 24։50-53. Գործք 1։6-9) Որպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած Թագաւոր, յարուցեալ Յիսուս մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը իրագործելու լման հեղինակութիւնը ունի։ (Եսայեայ 9։6, 7. Ղուկաս 1։32, 33) Այո, Աստուածաշունչը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս գլխաւոր դէմքը՝ Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման մէջ։

Առաջին դարուն, բազմութիւններ Յիսուսը ընդունեցին որպէս խոստացեալ Մեսիան, կամ Քրիստոսը, երկիր ղրկուած՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ մարդկութեան համար որպէս փրկանք մեռնելու։ (Մատթէոս 20։28. Ղուկաս 2։25-32. Յովհաննու 17։25, 26. 18։37) Բիրտ հալածանքին ի տես, մարդիկ պիտի չմղուէին Յիսուսի աշակերտները ըլլալու եթէ իր ինքնութենէն վստահ չըլլային։ Քաջաբար եւ նախանձախնդրաբար, անոնք յանձն առին իրենց տրուած ‘բոլոր ազգերը աշակերտելու’ Յիսուսի յանձնարարութիւնը։—Մատթէոս 28։19

Ներկայիս, միլիոնաւոր անկեղծ եւ իրազեկ Քրիստոնեաներ գիտեն թէ Յիսուս առասպելական անձնաւորութիւն մը չէ։ Անոնք զինք կ’ընդունին որպէս երկնքի մէջ հաստատուած Աստուծոյ Թագաւորութեան գահակալուած Թագաւորը, որ շուտով երկրին ու անոր հարցերուն ղեկը լիովին պիտի ստանձնէ։ Աստուածային այս կառավարութիւնը ուրախ լուր մըն է, քանի որ անիկա աշխարհի խնդիրներէն հանգստութիւն կը խոստանայ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի ընտրած Թագաւորին հանդէպ իրենց հաւատարիմ աջակցութիւնը ցոյց կու տան «թագաւորութեան այս բարի լուրը» ուրիշներու ծանուցանելով։—Մատթէոս 24։14, ՆԱ

Անոնք որոնք կենդանի Աստուծոյ Որդւոյն՝ Քրիստոսի՝ միջոցաւ եղած Թագաւորութեան կարգադրութեան թիկունք կը կանգնին, պիտի ապրին յաւիտենական օրհնութիւններ վայելելու համար։ Դուք ալ կրնաք այս օրհնութիւնները վայելել։ Այս պարբերաթերթը հրատարակողները ուրախ պիտի ըլլան ձեզի օգնելու որ իսկական Յիսուսը ճանչնաք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Աւետարաններուն մասին մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքին 5-7–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 4]

Ուրիշներ ի՛նչ ըսած են

«Նազովրեցի Յիսուսը աշխարհ եկած հզօրագոյն ուսուցիչներէն մէկը նկատած եմ։ . . . Պրահմանականներուն պիտի ըսեմ թէ ձեր կեանքը լման պիտի չըլլայ բացի՝ եթէ ակնածանքով ուսումնասիրէք Յիսուսի ուսուցումները»։ Մոհանտէս Ք. Կանտի, Յիսուս Քրիստոսի Պատգամը (Անգլերէն)

«Անձնաւորութիւն մը որ ա՛յնքան հարազատ, ա՛յնքան լման, ա՛յնքան յարատեւօրէն ներդաշնակ, ա՛յնքան կատարեալ, ա՛յնքան մարդկային բայց՝ մարդկային մեծութենէն ա՛յնքան վեհ է, որ չի կրնար խաբեբայութիւն կամ յերիւրանք մը ըլլալ։ . . . Յիսուսէն աւելի մեծ մէկու մը կարիքը պիտի ըլլար, որպէսզի Յիսուս մը հնարէր»։ Ֆիլիփ Շաֆ, Քրիստոնեայ Եկեղեցիին Պատմութիւնը (Անգլերէն)

«Քանի մը պարզ մարդիկ, մէկ սերունդի մէջ այսպիսի զօրաւոր եւ սրտառուչ անձնաւորութիւն մը, այսքան բարձր բարոյագիտութիւն մը եւ մարդկային եղբայրակցութեան այսքան ներշնչիչ տեսակէտ մը ստեղծած ըլլալը, ինքնին Աւետարանին մէջ յիշուած որեւէ հրաշքէ աւելի անհաւատալի պիտի ըլլար»։ Ուիլ Տիւրանթ, Կայսր եւ Քրիստոս (Անգլերէն)

«Անըմբռնելի կրնայ թուիլ թէ կրօնական երկրածաւալ շարժում մը կրնայ ծագում առած ըլլալ գոյութիւն չունեցող անհատի մը կողմէ, որ հնարուած է որպէս ծանուցման միջոցի մը վաղեմի մէկ տարբերակը, տրուած ըլլալով որ բազմաթիւ իսկական մարդիկ փորձած եւ ձախողած են կրօնքներ հիմնել»։ Կրէկ Իսթրպրուք, Պիսայտ Սթիլ Ուոթըրզ

‘Որպէս գրական պատմագէտ, ամբողջովին համոզուած եմ որ Աւետարանները ի՛նչ որ ալ ըլլան, առասպելներ չեն։ Անոնք առասպելներ ըլլալու աստիճան ճարտարութեամբ պատրաստուած չեն։ Յիսուսի կեանքին մեծ մասը մեզի անծանօթ է, եւ առասպել մը հնարողներ թոյլ չեն տար որ պարագան այս ըլլայ’։ Ք. Ս. Լուիս, Կատ ին տը Տաք