Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ սիրած անհատներէն մէ՞կն էք

Աստուծոյ սիրած անհատներէն մէ՞կն էք

Աստուծոյ սիրած անհատներէն մէ՞կն էք

«Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։21

1, 2. (ա) Եհովա մարդկութեան հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (բ) Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս ի՞նչ հաստատեց։

ԵՀՈՎԱ կը սիրէ իր մարդկային ստեղծագործութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ան մարդկային աշխարհը ա՛յնքան կը սիրէ որ «մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Մինչ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելու ժամանակը կը մօտենայ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ամէն ժամանակէ աւելի պէտք է գիտակցին թէ Եհովան «մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու»։—Ա. Յովհաննու 4։10

2 Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս եւ իր 12 առաքեալները Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ հաւաքուեցան Պասեքը տօնելու համար, Եգիպտոսէն Իսրայելացիներուն ազատագրութիւնը յիշատակելով։ (Մատթէոս 26։17-20) Հրէական այս տօնը տօնակատարելէ ետք, Յիսուս ճամբեց Յուդա Իսկարիովտացին եւ յիշատակելի ընթրիք մը հաստատեց, որ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի դառնար։ * Իր ֆիզիքական մարմինը եւ արիւնը խորհրդանշող անխմոր հաց եւ կարմիր գինի գործածելով, Յիսուս մնացեալ 11 առաքեալները մասնակից ըրաւ այս ընթրիքին։ Յիսուսի գործածած կերպին մասին մանրամասնութիւններ տրուած են Համատեսական Աւետարանները գրողներուն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի, ինչպէս նաեւ Պօղոս առաքեալի կողմէ, որ զայն «Տէրունական ընթրիքը» կոչեց։—Ա. Կորնթացիս 11։20. Մատթէոս 26։26-28. Մարկոս 14։22-25. Ղուկաս 22։19, 20

3. Վերնատան մէջ իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի անցուցած վերջին ժամերուն մասին Յովհաննէսի արձանագրութիւնը, ի՞նչ կարեւոր կերպերով տարբեր է միւս արձանագրութիւններէն։

3 Հետաքրքրականօրէն, Յովհաննէս առաքեալ հացը ու գինին ներկայացնելու մասին ակնարկութիւն չըրաւ, թերեւս քանի որ իր Աւետարանը գրած ժամանակ (շուրջ Հ.Դ. 98–ին), այս գործընթացը լաւ կերպով հաստատուած էր նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 11։23-26) Այսուհանդերձ, ներշնչման ներքեւ, միայն Յովհաննէս կարգ մը կենսական տեղեկութիւններ հայթայթեց մեզի, Իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատելէն ճիշդ առաջ եւ վերջ Յիսուսի ըսած եւ ըրած բաներուն մասին։ Այս զգայացունց տեղեկութիւնները, Յովհաննու Աւետարանին հինգ լման գլուխներ կը լեցնեն։ Անոնք բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ Աստուած ի՛նչպիսի անհատներ կը սիրէ։ Այժմ քննենք Յովհաննու 13-17–րդ գլուխները։

Յիսուսի Օրինակելի Սէրէն Սորվինք

4. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս շեշտեց Իր աշակերտներուն հետ ունեցած Յիսուսի հանդիպումին ուշագրաւ բնաբանը, երբ ան Յիշատակատօնը հաստատեց։ (բ) Կարեւոր մէկ պատճառը ի՞նչ է որ Եհովա Յիսուսը կը սիրէ։

4 Իր հետեւորդներուն ուղղուած Յիսուսի հրաժեշտի խրատները պարունակող այս բոլոր գլուխներուն մէջ, ուշագրաւ բնաբան մըն է՝ սէրը։ Իրականութեան մէջ, հոն «սէր» բառին զանազան կերպերը 31 անգամ կը գտնենք։ Իր Հօր՝ Եհովայի եւ իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը, ուրիշ ոչ մէկ տեղ ա՛յսքան բացայայտ կը դառնայ որքան այս գլուխներուն մէջ։ Եհովայի հանդէպ Յիսուսի սէրը կրնայ բացայայտուիլ իր կենսագրութիւնը բովանդակող բոլոր Աւետարաններուն մէջ, բայց միայն Յովհաննէսը կ’արձանագրէ թէ Յիսուս բացէ ի բաց ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ»։ (Յովհաննու 14։31) Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ Եհովա կը սիրէր զինք եւ բացատրեց թէ ինչո՛ւ։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ (Յովհաննու 15։9, 10) Այո, Եհովա կը սիրէ իր Որդին, անոր անվերապահ հնազանդութեան համար։ Ի՜նչ հոյակապ դաս մը Յիսուս Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներուն համար։

5. Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

5 Իր հետեւորդներուն հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը շեշտուած է՝ իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վերջին հանդիպումին մասին Յովհաննէսի արձանագրութեան ճիշդ սկիզբը։ Յովհաննէս կը պատմէ. «Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհաննու 13։1) Այդ յիշատակելի երեկոյեան, Յիսուս անոնց անմոռանալի դաս մը տուաւ՝ ուրիշներուն սիրով ծառայելու շուրջ։ Ան աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ Ասիկա բան մըն էր որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը պէտք էր յօժար ըլլար ընելու Յիսուսի եւ իր եղբայրներուն համար, սակայն անոնք ետ կեցան ասիկա ընելէ։ Յիսուս այս խոնարհ գործը կատարեց, որմէ ետք իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։ (Յովհաննու 13։14, 15) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք է իրենց եղբայրներուն ծառայելու պատրաստ եւ ուրախ ըլլան։—Մատթէոս 20։26, 27. Յովհաննու 13։17

Նոր Պատուիրանին Հետեւեցէք

6, 7. (ա) Յիշատակատօնի հաստատութեան առնչութեամբ, Յովհաննէս ի՞նչ կարեւոր մանրամասնութիւն մը կը հայթայթէ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ նոր պատուիրան մը տուաւ իր աշակերտներուն, եւ անիկա ի՛նչ առումով նոր էր։

6 Նիսան 14–ի գիշերը վերնատան մէջ տեղի ունեցածին մասին Յովհաննէսի արձանագրութիւնը, միակն է որ յատկապէս կը յիշէ Յուդա Իսկարիովտացիին մեկնիլը։ (Յովհաննու 13։21-30) Աւետարանները իրարու հետ համեմատելը ցոյց կու տայ թէ այս դաւաճանը դուրս ելլելէն ետքն էր որ Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։ Ապա ան երկար ատեն խօսեցաւ իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ, անոնց հրաժեշտի խրատներ եւ հրահանգներ տալով։ Մինչ կը պատրաստուինք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու, մեծապէս հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք այս առթիւ Յիսուսի ըսածներով, մանաւանդ քանի որ անկասկած կ’ուզենք Աստուծոյ սիրած անհատներէն մէկը ըլլալ։

7 Իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատելէ ետք, իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի առաջին հրահանգը նոր բան մըն էր։ Ան ըսաւ. «‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։34, 35) Այս պատուիրանը ի՞նչ առումով նոր էր։ Երեկոյեան աւելի ուշ, Յիսուս հարցերը յստակացուց՝ ըսելով. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։12, 13) Մովսիսական Օրէնքը Իսրայելացիներուն կը պատուիրէր ‘իրենց ընկերը սիրել իրենց անձին պէս’։ (Ղեւտացւոց 19։18) Սակայն, Յիսուսի պատուիրանը ասկէ անդին գնաց։ Քրիստոնեաները պէտք էր զիրար սիրէին ինչպէս որ Քրիստոս զիրենք սիրեց, իրենց եղբայրներուն համար իրենց կեանքն իսկ զոհելու պատրաստ ըլլալով։

8. (ա) Անձնուրաց սէրը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Եհովայի Վկաները ներկայիս ի՞նչպէս անձնուրաց սէր կը ցուցաբերեն։

8 Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանը յարմար ժամանակ մըն է մեր անձերը քննելու, անհատապէս եւ որպէս ժողովք, տեսնելու համար եթէ ի՛րապէս ունինք ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը յատկորոշող այս նշանը՝ քրիստոսանման սէրը։ Այսպիսի անձնուրաց սէր կրնայ նշանակել, եւ երբեմն ալ նշանակած է, որ Քրիստոնեայ մը իր կեանքը վտանգէ, փոխանակ իր եղբայրները դաւաճանելու։ Սակայն երբեմն, անիկա կը պարփակէ յօժարիլ մեր անձնական շահերը զոհելու, մեր եղբայրներուն եւ ուրիշներուն օգնելու եւ ծառայելու նպատակաւ։ Այս առնչութեամբ Պօղոս առաքեալ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Բ. Կորնթացիս 12։15. Փիլիպպեցիս 2։17) Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած են իրենց անձնուրաց հոգիին համար, իրենց եղբայրներուն եւ դրացիներուն օգնելով եւ իրենց ընկեր արարածներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հաղորդելու համար իրենց անձը անխնայ տրամադրելով։ *Գաղատացիս 6։10

Արժեւորելիք Յարաբերութիւններ

9. Աստուծոյ ու անոր Որդւոյն հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանելու համար, ուրախ ենք ի՞նչ ընելու։

9 Մեզի համար, Եհովայի ու իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ սիրուած ըլլալէն աւելի թանկարժէք բան չի կրնար ըլլալ։ Սակայն, այս սէրը ունենալու եւ զգալու համար, բան մը պէտք է ընենք։ Իր աշակերտներուն հետ անցուցած այդ վերջին գիշերը, Յիսուս ըսաւ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ (Յովհաննու 14։21) Քանի որ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն հետ մեր յարաբերութիւնը կ’արժեւորենք, ուրախութեամբ կը հնազանդինք անոնց պատուիրաններուն։ Ասիկա կը պարփակէ անձնուրաց սէր ցուցաբերելու նոր պատուիրանը, նաեւ իր յարութենէն ետք Քրիստոսի տուած հրամանը՝ ‘ժողովուրդին քարոզելու ու վկայութիւն տալու’, ջանալով ‘աշակերտել’ բարի լուրը ընդունողները։—Գործք 10։42. Մատթէոս 28։19, 20

10. Օծեալներուն եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար ի՞նչ թանկարժէք յարաբերութիւններ մատչելի են։

10 Այդ գիշեր, աւելի ուշ ատեն, հաւատարիմ առաքեալ Յուդայի (Թադէոս) հարցումին պատասխանելով, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք»։ (Յովհաննու 14։22, 23) Նոյնիսկ մինչ երկրի վրայ են, Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ իշխելու կանչուած օծեալ Քրիստոնեաները, Եհովայի ու իր Որդւոյն հետ մասնայատուկ կերպով սերտ յարաբերութիւն մը ունին։ (Յովհաննու 15։15. 16։27. 17։22. Եբրայեցիս 3։1. Ա. Յովհաննու 3։2, 24) Սակայն, անոնց ընկերակից «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ, որոնք կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, թանկարժէք յարաբերութիւն մը ունին իրենց «մէկ հովիւ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ իրենց Աստուծոյն՝ Եհովայի հետ, պայմանաւ որ իրենց հնազանդութիւնը փաստեն։—Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 15։1-5. 25։14

«Աշխարհէն Չէք»

11. Յիսուս ի՞նչ զգաստացուցիչ նախազգուշացում մը տուաւ իր աշակերտներուն։

11 Իր մահուընէ առաջ իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ այս վերջին ժողովին ընթացքին, Յիսուս զգաստացուցիչ նախազգուշացում մը տուաւ. Եթէ անհատ մը Աստուծոյ կողմէ սիրուի, աշխարհի կողմէ պիտի ատուի։ Ան ըսաւ. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն»։—Յովհաննու 15։18-20

12. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտները նախազգուշացուց որ աշխարհը զիրենք պիտի ատէր։ (բ) Մինչ Յիշատակատօնը կը մօտենայ, բոլորս ալ ի՞նչ պէտք է ընենք։

12 Յիսուս այս նախազգուշացումը տուաւ, որպէսզի այս 11 առաքեալները եւ անոնցմէ ետք գալիք բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները աշխարհի ատելութեան պատճառաւ չվհատին եւ չհրաժարին։ Ան աւելցուց. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք։ Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ։ Եւ այս բաները ձեզի պիտի ընեն՝ անոր համար որ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս»։ (Յովհաննու 16։1-3) Աստուածաշունչի բառարան մը կը բացատրէ թէ հոս «գայթակղիլ» թարգմանուած բային մէկ ձեւը կը նշանակէ՝ «պատճառ ըլլալ որ անհատ մը սկսի չվստահիլ մէկու մը եւ լքել զայն, որուն պէտք է վստահի եւ հնազանդի. հրաժարելու պատճառ ըլլալ»։ Մինչ Յիշատակատօնը պահելու ժամանակը կը մօտենայ, բոլորս ալ պէտք է անցեալի ու ներկայ հաւատարիմներուն կենցաղին վրայ խոկանք, եւ փորձութիւններուն ներքեւ անոնց հաստատամտութեան օրինակը ընդօրինակենք։ Թոյլ մի՛ տաք որ հակառակութիւնը կամ հալածանքը պատճառ ըլլայ որ Եհովան ու Յիսուսը լքէք, այլ՝ վճռեցէք անոնց վստահիլ եւ հնազանդիլ։

13. Իր Հօր մատուցած աղօթքին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն համար ի՞նչ խնդրեց։

13 Երուսաղէմի այդ վերնատունը ձգելէն առաջ, Յիսուս իր փակման աղօթքին մէջ իր Հօր ըսաւ. «Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։14-16) Վստահ կրնանք ըլլալ թէ Եհովա իր սիրած անհատներուն վրայ կը հսկէ, զիրենք զօրացնելու համար որ աշխարհէ անջատ մնան։—Եսայեայ 40։29-31

Հօր եւ Որդւոյն Սիրոյն Մէջ Մնացէք

14, 15. (ա) Յիսուս ինքզինք ի՞նչ բանի նմանցուց, բաղդատած՝ ո՛ր ‘անպիտան որթին’ հետ։ (բ) ‘Ճշմարիտ որթին ճիւղերը’ որո՞նք են։

14 Նիսան 14–ի գիշերը, իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ իր ունեցած մտերմիկ խօսակցութեան ընթացքին, Յիսուս ինքզինք նմանցուց «ճշմարիտ որթ»ին, բաղդատած՝ անհաւատարիմ Իսրայէլի ‘անպիտան որթին’ հետ։ Ան ըսաւ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է»։ (Յովհաննու 15։1) Դարեր առաջ, Երեմիա մարգարէն Իր ապստամբ ժողովուրդին ուղղած Եհովայի այս խօսքերը արձանագրեց. «Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ . . . տնկեր էի եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար»։ (Երեմեայ 2։21) Իսկ Ովսէէ մարգարէն գրեց. «Իսրայէլ լայնատարած [«անպիտան», ՆԱ] որթատունկ մըն է, իրեն համար պտուղ կը բերէ։ . . . Անոնց սիրտը փոփոխական է [«կեղծաւոր դարձած է», ՆԱ]»։—Ովսեայ 10։1, 2

15 Փոխանակ ճշմարիտ պաշտամունքին պտուղը բերելու, Իսրայէլ զոհ դարձաւ հաւատուրացութեան եւ իրեն համար պտուղ բերաւ։ Իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ իր վերջին հանդիպումէն երեք օր առաջ, Յիսուս կեղծաւոր Հրեայ առաջնորդներուն ըսաւ. «Կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ (Մատթէոս 21։43) Այդ նոր ազգը «Աստուծոյ Իսրայէլ»ն է, բաղկացած՝ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներէ, որոնք նմանցուած են «ճշմարիտ որթ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ «ճիւղեր»ուն։—Գաղատացիս 6։16. Յովհաննու 15։5. Յայտնութիւն 14։1, 3

16. Յիսուս 11 հաւատարիմ առաքեալները յորդորեց ի՞նչ ընելու, եւ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ հաւատարիմ մնացորդին մասին, այս վերջին ժամանակին։

16 Այդ վերնատան մէջ իր հետ գտնուող 11 առաքեալներուն Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք»։ (Յովհաննու 15։2, 4) Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ օծեալ Քրիստոնեաներու հաւատարիմ մնացորդը իրենց Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ միութեան մէջ մնացած են։ (Եփեսացիս 5։23) Անոնք ընդունած են մաքրուիլ եւ յօտուիլ։ (Մաղաքեայ 3։2, 3) 1919–էն ի վեր, անոնք առատօրէն Թագաւորութեան պտուղ բերած են, նախ՝ այլ օծեալ Քրիստոնեաներ, եւ 1935–էն ի վեր՝ հետզհետէ աւելցող ընկերակիցներու «մեծ բազմութիւն» մը։—Յայտնութիւն 7։9. Եսայեայ 60։4, 8-11

17, 18. (ա) Յիսուսի ո՞ր խօսքերը օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն կ’օգնեն Եհովայի սիրոյն մէջ մնալու։ (բ) Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի։

17 Յիսուսի յաջորդ խօսքերը կը կիրարկուին բոլոր Քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։—Յովհաննու 15։8-10

18 Բոլորս ալ կ’ուզենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, եւ ասիկա կը մղէ մեզ որ պտղաբեր Քրիստոնեաներ ըլլանք։ Ասիկա կ’ընենք «Թագաւորութեան բարի լուրը» քարոզելու իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործելով։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Նաեւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք «հոգիին պտուղը» ցուցաբերելու մեր անհատական կեանքին մէջ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ասիկա ընելու մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրանայ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով, քանի որ հոն պիտի վերյիշենք մեզի հանդէպ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ունեցած մեծ սէրը։—Բ. Կորնթացիս 5։14, 15

19. Յաջորդ յօդուածը յաւելեալ ո՞ր օգնութեան մասին պիտի խօսի։

19 Յիշատակատօնը հաստատելէ ետք, Յիսուս խոստացաւ թէ Հայրը իր հաւատարիմ հետեւորդներուն պիտի ղրկէ «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին»։ (Յովհաննու 14։26) Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուի թէ այս հոգին ի՛նչպէս կ’օգնէ օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն որ Եհովայի սիրոյն մէջ մնան։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Սուրբ գրային հաշիւներուն համաձայն, 2002–ի Նիսան 14–ը կը սկսի արեւնամուտէն ետք՝ Հինգշաբթի 28 Մարտին։ Այդ երեկոյեան, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ պիտի հաւաքուին Տէր Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու համար։

^ պարբ. 8 Տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ, 19 եւ 32–րդ գլուխները։

Վերաքաղի հարցումներ

• Սիրով ծառայելու մասին Յիսուս ի՞նչ գործնական դաս մը տուաւ իր աշակերտներուն։

• Ի՞նչ կերպով Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանը անձնաքննութեան յարմար ժամանակ մըն է։

• Ինչո՞ւ պէտք չէ գայթակղինք աշխարհի կողմէ ատուելու եւ հալածուելու մասին Յիսուսի տուած նախազգուշացումէն։

• Ո՞վ է «ճշմարիտ որթ»ը։ Որո՞նք են «ճիւղեր»ը եւ անոնցմէ ի՞նչ կ’ակնկալուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Ուրիշներու սիրով ծառայելու մասին Յիսուս անմոռանալի դաս մը սորվեցուց իր առաքեալներուն

[Նկար՝ էջ 22]

Քրիստոսի աշակերտները կը հնազանդին անձնուրաց սէր ցուցաբերելու իր պատուէրին