Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի՝ իրական Աստուծոյն՝ վստահեցէք

Եհովայի՝ իրական Աստուծոյն՝ վստահեցէք

Եհովայի՝ իրական Աստուծոյն՝ վստահեցէք

Անամպ գիշեր մը երկինք նայելով հարիւրաւոր աստղեր տեսա՞ծ էք։ Ի՞նչպէս կը բացատրէք անոնց գոյութիւնը։

ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ լռութեան մէջ, աստղերը այլաբանօրէն խօսեցան վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորին հետ, զայն մղելով որ գրէ. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ (Սաղմոս 19։1) Այո, Ստեղծի՛չը եւ ո՛չ թէ ստեղծագործութիւնը արժանի է «փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու»։—Յայտնութիւն 4։10. Հռովմայեցիս 1։25

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Արդարեւ, ճշմարիտ Աստուածը, ‘որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ է բոլոր երկրի վրայ’։ (Սաղմոս 83։18) Եւ ան պատրանք կամ կրկներեւոյթ մը չէ։ Յիսուս Քրիստոս իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի մասին ըսաւ. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է»։—Յովհաննու 7։28

Եհովա՝ Իր Նպատակները Կատարողը

Աստուծոյ անզուգական անունը՝ Եհովա, միայն Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ աւելի քան 7,000 անգամ կ’երեւայ։ Այդ անունը ինքնին կ’ակնարկէ այն իրողութեան թէ ան իրական է։ Աստուծոյ անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ասով Եհովա Աստուած ինքզինք կը բնութագրէ որպէս իր նպատակները Կատարողը։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ հարցուց թէ ի՛նչ էր Իր անունը, Եհովա անոր իմաստը մանրամասնեց այս կերպով. «Պիտի ըլլամ ինչ որ պիտի ըլլամ»։ (Ելից 3։14, ՆԱ) Ռոթըրհէմ–ի թարգմանութիւնը բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Պիտի Ըլլամ ինչ որ կը հաճիմ ըլլալ»։ Եհովա կը փաստէ ըլլալ, կամ կ’ընտրէ ըլլալ, ինչ որ հարկ է իր արդար նպատակները եւ խոստումները իրականացնելու համար։ Հետեւաբար, ան շարք մը տպաւորիչ տիտղոսներ կը կրէ, ինչպէս՝ Ստեղծիչ, Հայր, Գերիշխան Տէր, Հովիւ, Զօրքերու Եհովա, աղօթքի Լսող, Դատաւոր, Մեծ Ուսուցիչ, Փրկիչ։—Դատաւորաց 11։27. Սաղմոս 23։1. 65։2. 73։28, ՆԱ. 89։26. Եսայեայ 8։13, ՆԱ. 30։20, ՆԱ. 40։28. 41։14

Միայն ճշմարիտ Աստուածը իրաւացիօրէն կրնայ Եհովա անունը կրել, քանի որ մարդիկ երբեք չեն կրնար վստահ ըլլալ որ իրենց ծրագիրները պիտի յաջողին։ (Յակոբու 4։13, 14) Միայն Եհովան կրնայ ըսել. «Ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։10, 11

Եհովա իր նպատակը կը կատարէ այնպիսի ճշգրտութեամբ, որ նոյնիսկ մարդոց աչքին անիրական թուող բան մը, իր տեսանկիւնէն դիտուած՝ իրական է։ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի մահէն երկար ժամանակ ետք, Յիսուս անոնց ակնարկեց ու ըսաւ. «Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ (Ղուկաս 20։37, 38) Երեք հաւատարիմ նահապետները մեռած էին, սակայն, զանոնք յարուցանելու Աստուծոյ նպատակին կատարումը ա՛յնքան ստոյգ էր, որ իրեն համար անոնք ողջ էին։ Այս վաղեմի հաւատարիմները դարձեալ կեանքի բերելը, Եհովայի համար աւելի դիւրին է, քան՝ երկրի հողէն առաջին մարդը ստեղծելը։—Ծննդոց 2։7

Պօղոս առաքեալ ուրիշ օրինակ մը կը հայթայթէ թիկունք կանգնելու այն իրողութեան, թէ Աստուած կը պատճառէ որ իր նպատակադրած բաները կատարուին։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, Աբրահամ կոչուած է «շատ ազգերու հայր»։ (Հռովմայեցիս 4։16, 17) Մինչ Աբրամ տակաւին անզաւակ էր, Եհովա անոր անունը Աբրահամի փոխեց, որ կը նշանակէ՝ «Հայր Բազմութեան»։ Եհովա պատճառեց որ այդ անուան իմաստը իրականութիւն մը դառնայ, տարեց Աբրահամի ու իր տարիքոտ կնոջ՝ Սառայի, վերարտադրական զօրութիւնը հրաշալիօրէն վերահաստատելով։—Եբրայեցիս 11։11, 12

Շատ զօրութիւն եւ հեղինակութիւն ստացած ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս իրականութիւններու մասին խօսեցաւ, մարդկային տեսանկիւնէն գերակայ տեսանկիւնէ մը։ Թէեւ իր սերտ բարեկամը Ղազարոս մեռած էր, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ (Յովհաննու 11։11) Յիսուս ինչո՞ւ մեռած մարդու մը մասին խօսեցաւ որպէս թէ ան պարզապէս քնացած ըլլար։

Երբ Յիսուս Ղազարոսի ծննդավայրը՝ Բեթանիա հասաւ, ան գերեզման ուղղուեցաւ եւ խնդրեց որ անոր մուտքին դրուած քարը վերցնեն։ Բարձրաձայն աղօթելէ ետք, ան հրամայեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Եւ մինչ ականատեսներուն աչքերը գերեզմանին վրայ տնկուած էին, ‘մեռելը ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած’։ Ապա Յիսուս ըսաւ. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։ (Յովհաննու 11։43, 44) Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, վերահաստատելով չորս օրէ մեռած անհատի մը կեանքը։ Յիսուս ճշմարտութիւնը չխեղաթիւրեց, երբ ըսաւ թէ իր բարեկամը քնացած էր։ Եհովայի ու Յիսուսի տեսանկիւնէն դիտուած, մեռած Ղազարոսը պարզապէս քնացած էր։ Այո, Յիսուս եւ իր երկնաւոր Հայրը իրական եղող հարցերով կը հետաքրքրուին։

Եհովա Կրնայ Մեր Յոյսերը Իրականութիւններու Վերածել

Ի՜նչ հակադրութիւն մը գոյութիւն ունի խաբուսիկ կուռքերու եւ իրական Աստուծոյ միջեւ։ Կռապաշտները իրենց պաշտած առարկաներուն սխալ կերպով գերմարդկային զօրութիւն կը վերագրեն։ Սակայն, ասիկա հրաշալի կարողութիւններ չի կրնար տալ այս կուռքերուն։ Միւս կողմէ, Եհովա Աստուած երկար ժամանակէ ի վեր մեռած իր ծառաներուն իրաւացիօրէն կրնայ ակնարկել որպէս թէ անոնք ողջ ըլլային, քանի որ ան կարող է դարձեալ կեանք տալ անոնց։ «Եհովա ճշմարիտ Աստուած է», եւ երբեք իր ժողովուրդը չի խաբեր։—Երեմեայ 10։10

Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովայի յարմար տեսած ժամանակին, իր յիշողութեան մէջ գտնուող մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, ետ կեանքի պիտի բերուին։ (Գործք 24։15) Այո, յարութիւնը կը պարփակէ անհատին կեանքի տիպարը վերահաստատել։ Մեռած անհատներուն կեանքի տիպարը յիշելը եւ անոնց յարութիւն տալը, անհուն իմաստութիւն ու զօրութիւն ունեցող Ստեղծիչին համար խնդիր մը չէ։ (Յոբայ 12։13. Եսայեայ 40։26) Քանի որ Եհովա անսահման սէր ունի, իր կատարեալ յիշողութիւնը պիտի գործածէ որ մեռելները ետ կեանքի բերէ դրախտ երկրի մը վրայ, իրենց մահուընէ առաջ ունեցած նոյն անձնաւորութեամբ։—Ա. Յովհաննու 4։8

Մինչ Սատանայի աշխարհին վախճանը կը մօտենայ, անտարակոյս, ճշմարիտ Աստուծոյ վստահողներուն ապագան փայլուն է։ (Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44. Ա. Յովհաննու 5։19) Սաղմոսերգուն կը հաւաստիացնէ մեզ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։10, 11) Ոճիրն ու բռնութիւնը անցեալին պիտի պատկանին։ Արդարութիւնը պիտի տիրէ, եւ տնտեսական դժուարութիւնները պիտի վերանան։ (Սաղմոս 37։6. 72։12, 13. Եսայեայ 65։21-23) Ընկերային, ցեղային, եւ ազգատոհմային խտրականութիւնը պիտի ջնջուի։ (Գործք 10։34, 35) Պատերազմներն ու պատերազմական զէնքերը պիտի չքանան։ (Սաղմոս 46։9) Այն ատեն, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Ամէն անհատ կատարեալ ու կայտառ առողջութիւն պիտի վայելէ։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Երկրի վրայ դրախտը շուտով իրականութիւն մը պիտի դառնայ։ Եհովա նպատակադրած է զայն։

Այո, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բոլոր յոյսերը շուտով պիտի իրականանան։ Ինչո՞ւ մեր անձերուն թոյլ տանք որ աշխարհի մէջ աստուածացուած բաներով խաբուինք, երբ կրնանք մեր լման վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնել։ Իր կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Փոխանակ մեր ժամանակն ու նիւթական միջոցները յատկացնելու իրերու այս դրութեան պատրանքներուն կամ կրկներեւոյթներուն, եւ անոր աստուածներուն, թող որ աճինք իրական Աստուծոյ գիտութեան մէջ եւ բոլոր սրտով անոր վստահինք։—Առակաց 3։1-6. Յովհաննու 17։3

[Նկար՝ էջ 6]

Եհովայի ու Յիսուսի տեսանկիւնէն դիտուած, Ղազարոս պարզապէս կը քնանար

[Նկարներ՝ էջ 7]

Երկրի վրայ դրախտը շուտով իրականութիւն մը պիտի դառնայ