Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է

Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է

Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է

«Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 33։11

1. Ինչո՞ւ կը մղուինք Աստուած փառաբանելու իր բարութեան համար։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ բարի է բացարձակ իմաստով։ ‘Անոր բարութիւնը որքա՜ն մեծ է’, բացագանչեց Զաքարիա մարգարէն։ (Զաքարեայ 9։17) Արդարեւ, բարութիւն կ’արտացոլացուի այն ամէն բաներուն մէջ, զորս Աստուած ըրաւ երբ երկիրը մեր վայելքին համար պատրաստեց։ (Ծննդոց 1։31) Երբեք պիտի չկարենանք ըմբռնել այն բոլոր բարդ օրէնքները, որոնք Աստուած ի զօրու դարձուց երբ տիեզերքը ստեղծեց։ (Ժողովողի 3։11. 8։17) Սակայն, տիեզերքին մասին մեր ունեցած չնչին գիտութիւնը կը մղէ մեզ Աստուած փառաբանելու իր բարութեան համար։

2. Բարութիւնը ի՞նչպէս կը սահմանէք։

2 Ի՞նչ է բարութիւնը։ Անիկա առաքինութիւն է։ Սակայն, անիկա չարութիւն չընելէն աւելին է։ Բարութիւնը՝ հոգիին պտուղներէն մէկը՝ դրական յատկութիւն մըն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Բարութիւն կը ցուցաբերենք երբ բարի ու օգտակար արարքներ կը գործենք ուրիշներուն ի նպաստ։ Իրերու այս դրութեան մէջ, կարգ մը շրջանակներու մէջ բարի նկատուած բան մը, այլ շրջանակներու մէջ կրնայ չար նկատուիլ։ Սակայն, եթէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կ’ուզենք վայելել, բարութեան մէ՛կ չափանիշ պէտք է ըլլայ։ Ո՞վ կրնայ իրաւացիօրէն հաստատել այս չափանիշը։

3. Ծննդոց 2։16, 17–ն բարութեան չափանիշին մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։

3 Աստուած կը դնէ բարութեան չափանիշը։ Մարդկային պատմութեան սկիզբը, Եհովան էր որ առաջին մարդուն պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Այո, մարդիկ բարին ու չարը գիտնալու համար իրենց Ստեղծիչին պէտք է նային։

Անարժան Բարութեան Յայտնաբերում

4. Ադամի մեղանչելէն ի վեր, Աստուած մարդկութեան համար ի՞նչ ըրած է։

4 Յաւիտենական երջանկութեան եւ կատարեալ կեանքի մարդկութեան հեռանկարը վտանգուեցաւ, երբ Ադամ մեղք գործեց եւ մերժեց ընդունիլ բարութեան չափանիշները դնելու Աստուծոյ իրաւունքը։ (Ծննդոց 3։1-6) Սակայն, մեղք ու մահ ժառանգած՝ Ադամի սերունդը ծնանելէն առաջ, Աստուած նախագուշակեց որ կատարեալ Սերունդ մը պիտի գար։ Իրականութեան մէջ, «առաջուան օձ»ին՝ Բանսարկու Սատանային՝ ուղղելով իր խօսքերը, Եհովա ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։15) Եհովայի նպատակն էր մեղաւոր մարդկութիւնը փրկել։ Անարժան բարութեան յայտնաբերումով մը, արդարեւ Եհովա այսպիսի կարգադրութիւն մը ըրաւ, իր սիրելի Որդւոյն փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ընծայողներուն փրկութեան համար։—Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 5։8, 12

5. Թէեւ սրտի չար հակում մը ժառանգած ենք, ինչո՞ւ կրնանք որոշ չափով բարութիւն ցուցաբերել։

5 Անշուշտ, Ադամի մեղքին պատճառաւ սրտի չար հակում մը ժառանգած ենք։ (Ծննդոց 8։21) Սակայն, բարեբախտաբար, Եհովա մեզի կ’օգնէ որ որոշ չափով բարութիւն ցուցաբերենք։ Իր թանկարժէք սուրբ գրութիւններէն մեր սորված բաներուն մէջ յարատեւելը, ո՛չ միայն ‘մեզ իմաստուն կրնայ ընել փրկուելու համար’ եւ ‘ամէն բարի գործերու կը պատրաստէ’, այլ նաեւ կարող կը դարձնէ որ իր աչքին բարի եղածը ընենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14-17) Սակայն, սուրբ գրային հրահանգներէն օգտուելու եւ բարութիւն ցուցաբերելու համար, պէտք է սաղմոսերգուին կեցուածքը ունենանք, որ տաղերգեց. «Բարի ես դուն [Եհովա] ու բարերար։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ»։—Սաղմոս 119։68

Եհովայի Բարութիւնը Գովաբանուած

6. Դաւիթ Թագաւոր ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերել տալէ ետք, Ղեւտացիներուն երգած երգին մէջ ո՞ր արտայայտութիւնը կար։

6 Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը գնահատեց Աստուծոյ բարութիւնը եւ անոր առաջնորդութիւնը փնտռեց։ «Տէրը բարի եւ ուղիղ է», ըսաւ Դաւիթ։ «Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան»։ (Սաղմոս 25։8) Իսրայելացիներուն տրուած աստուածային հրահանգներուն մէջ կային տասը կարեւոր օրէնքներ՝ Տասը Պատուիրանները, գրուած՝ երկու քարէ տախտակներու վրայ եւ պահուած՝ ուխտի տապանակը կոչուած սրբազան արկղի մը մէջ։ Դաւիթ Տապանակը Իսրայէլի մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմ՝ բերել տալէ ետք, Ղեւտացիները երգ մը երգեցին, որուն մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը կար. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Ա. Մնացորդաց 16։34, 37-41) Որքա՜ն հաճելի ըլլալու էր լսել այս խօսքերը Ղեւտացի երգիչներու շրթներէն։

7. Տապանակը Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ տեղաւորելէ եւ Սողոմոնի մատուցած նուիրման աղօթքը լրանալէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Փառաբանութեան նոյն խօսքերը շեշտուեցան, Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի կողմէ կառուցուած Եհովայի տաճարին նաւակատիքին ընթացքին։ Ուխտի տապանակը նորակառոյց տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ տեղաւորելէ ետք, Ղեւտացիները սկսան Եհովան փառաբանել, քանի որ ‘բարի է, եւ անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’։ Այդ առիթով, տաճարը հրաշալիօրէն լեցուեցաւ Եհովայի փառաւոր ներկայութիւնը խորհրդանշող ամպով մը։ (Բ. Մնացորդաց 5։13, 14) Սողոմոնի մատուցած նուիրման աղօթքէն ետք, «երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց»։ Ասիկա տեսնելով, «բոլոր Իսրայէլին որդիները . . . երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Բ. Մնացորդաց 7։1-3) 14 օր տեւող տօնակատարութենէ մը ետք, Իսրայելացիները իրենց տուները վերադարձան «զուարթ սրտով մը, ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր»։—Բ. Մնացորդաց 7։10

8, 9. (ա) Թէեւ Իսրայելացիները Եհովան փառաբանեցին իր բարութեան համար, բայց ի վերջոյ անոնք ի՞նչ ընթացք հետապնդեցին։ (բ) Երեմիայի միջոցաւ Երուսաղէմի մասին ի՞նչ նախագուշակուած էր, եւ այդ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

8 Դժբախտաբար, Իսրայելացիները չշարունակեցին Աստուած փառաբանող իրենց երգեցողութիւններուն հետ ներդաշնակ ապրիլ։ Ժամանակ մը ետք, Յուդայի ժողովուրդը ‘Եհովան շրթունքներով պատուեց’։ (Եսայեայ 29։13) Աստուծոյ բարութեան չափանիշներուն համակերպելու փոխարէն, անոնք սկսան չարութիւն գործել։ Իսկ իրենց չարութիւնը ի՞նչ բաներ կը պարփակէր։ Անոնք կռապաշտութեան, անբարոյութեան, աղքատը հարստահարելու եւ այլ լուրջ մեղքերու մէջ ինկան։ Որպէս հետեւանք, Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմ կործանեցաւ, իսկ Յուդայի բնակիչները Բաբելոն գերի տարուեցան։

9 Այս կերպով Աստուած իր ժողովուրդը կրթեց։ Սակայն, իր Երեմիա մարգարէին միջոցաւ, ան նախագուշակեց թէ Երուսաղէմի մէջ նորէն պիտի լսուէր անոնց ձայնը, որոնք կ’ըսէին. «Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Երեմեայ 33։10, 11) Այդպէս ալ եղաւ։ Երկրին 70 տարուան ամայացումէն ետք, Հ.Դ.Ա. 537–ին Հրեայ մնացորդ մը Երուսաղէմ վերադարձաւ։ (Երեմեայ 25։11. Դանիէլ 9։1, 2) Անոնք զոհասեղանը վերականգնեցին տաճարին վայրը, Մօրիա Լերան վրայ, եւ սկսան զոհեր մատուցանել։ Իրենց վերադարձին երկրորդ տարին, տաճարին հիմը դրուեցաւ։ Ի՜նչ խայտալի ժամանակ մը։ Եզրաս ըսաւ. «Երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած՝ փողերով ու Ղեւտացիները եւ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կեցուցին՝ Դաւիթ թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ։ Անոնք փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է»։—Եզրասայ 3։1-11

10. 118–րդ Սաղմոսը ո՞ր յատկանշական արտայայտութեամբ կը սկսի եւ կը վերջանայ։

10 Եհովայի բարութեան մասին փառաբանութեան նման արտայայտութիւն մը կ’երեւայ կարգ մը այլ սաղմոսներու մէջ։ Անոնցմէ մէկը Սաղմոս 118–ն է, որ Իսրայելացի ընտանիքներ կ’երգէին Պասեքի տօնակատարութիւնը աւարտելու համար։ Այս սաղմոսը կը սկսի եւ կը վերջանայ հետեւեալ բառերով. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Սաղմոս 118։1, 29) Հաւանաբար, ասիկա փառաբանութեան վերջին խօսքերն էին, որ Յիսուս Քրիստոս երգեց իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ, իր մահուան նախորդող գիշերը՝ Հ.Դ. 33–ին։—Մատթէոս 26։30

«Կ’աղաչեմ, Քու Փառքդ Ցուցուր Ինծի»

11, 12. Երբ Մովսէս Եհովայի փառքը նշմարեց, ի՞նչ յայտարարութիւն մը լսեց։

11 Եհովայի բարութեան եւ ողորմութեան միջեւ եղած կապը առաջին անգամ դրուեցաւ Եզրասի ժամանակէն դարեր առաջ։ Իսրայելացիները անապատին մէջ ոսկիէ հորթը պաշտելէն եւ յանցագործները սպաննուելէն քիչ ժամանակ ետք, Մովսէս Եհովայի աղաչեց. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։ Գիտնալով թէ Մովսէս չէր կրնար Իր երեսը տեսնել եւ ապրիլ, Եհովա ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ»։—Ելից 33։13-20

12 Յաջորդ օրը, Սինա Լերան վրայ Եհովայի բարութիւնը Մովսէսի առջեւէն անցաւ։ Այդ ժամանակ, Մովսէս Եհովայի փառքը նշմարեց եւ հետեւեալ յայտարարութիւնը լսեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ (Ելից 34։6, 7) Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ Եհովայի բարութիւնը առնչուած է իր ողորմութեան եւ անձնաւորութեան այլ երեսակներուն հետ։ Ասոնք նկատի առնելը մեզի պիտի օգնէ որ բարութիւն ցուցաբերենք։ Նախ նկատի առնենք այն յատկութիւնը որ երկու անգամ յիշուած է Աստուծոյ բարութեան մասին եղած այս սքանչելի յայտարարութեան մէջ։

‘Առատ Ողորմութիւնով Աստուած մը’

13. Աստուծոյ բարութեան մասին եղած յայտարարութեան մէջ, ո՞ր յատկութիւնը երկու անգամ յիշուած է, եւ ասիկա ինչո՞ւ տեղին է։

13 «Տէ՛ր Աստուածը, . . . առատ՝ ողորմութիւնով . . ., հազարներուն ողորմութիւն ընող [է]»։ «Ողորմութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը նաեւ կը նշանակէ՝ «հաւատարիմ սէր»։ Ասիկա միակ յատկութիւնն է որ Մովսէսի լսած Աստուծոյ յայտարարութեան մէջ երկու անգամ յիշուած է։ Ասիկա որքա՜ն տեղին է, քանի որ Եհովայի տիրական յատկութիւնը սէրն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Եհովան փառաբանելու համար գործածուած քաջածանօթ արտայայտութիւնը՝ «վասն զի [ան] բարի է. վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է», այս յատկութիւնը կը շեշտէ։

14. Որո՞նք յատկապէս կը վայելեն Աստուծոյ բարութիւնը եւ ողորմութիւնը։

14 Եհովայի բարութեան յայտնաբերումներէն մէկը՝ իր ‘առատ ողորմութիւն’ ունենալն է։ Ասիկա յատկապէս բացայայտ է իր նուիրուած, հաւատարիմ մարդկային ծառաներուն հանդէպ իր ցուցաբերած ազնիւ հոգատարութեան մէջ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Եհովայի Վկաները կրնան վկայել, թէ ան ‘ողորմութիւն կ’ընէ’ զինք սիրողներուն եւ իրեն ծառայողներուն։ (Ելից 20։6) Մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը անգամ մը եւս Եհովայի ողորմութիւնը՝ կամ հաւատարիմ սէրը՝ չվայելեցին, քանի որ իր Որդին մերժեցին։ Սակայն, բոլոր ազգերէն եղող հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն հանդէպ Աստուծոյ բարութիւնը եւ հաւատարիմ սէրը յաւիտեան պիտի տեւեն։—Յովհաննու 3։36

Եհովա՝ Ողորմած ու Բարերար

15. (ա) Սինա Լերան վրայ Մովսէսի լսած յայտարարութիւնը, ո՞ր արտայայտութեամբ սկսաւ։ (բ) Ողորմածութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

15 Սինա Լերան վրայ Մովսէսի լսած յայտարարութիւնը, հետեւեալ արտայայտութեամբ կը սկսէր. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար»։ «Ողորմած» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կրնայ «աղիքներ»ուն ակնարկել, եւ սերտօրէն առնչուած է «արգանդ» թարգմանուած Եբրայերէն բառին հետ։ Հետեւաբար, ողորմածութիւնը կը պարփակէ քնքուշ կարեկցութեան զգացումներ, որոնք անհատի մը խորը կը գտնուին։ Սակայն ողորմածութիւնը անկեղծօրէն կարեկցելէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա մեզ պէտք է մղէ որ ուրիշներու տառապանքը մեղմացնելու համար բան մը ընենք։ Օրինակ, սիրալիր Քրիստոնեայ երէցներ հաւատակիցներու հանդէպ ողորմած ըլլալու կարիքը կը տեսնեն, ‘յօժարութեամբ ողորմելով’ երբ ասիկա տեղին է։—Հռովմայեցիս 12։8. Յակոբու 2։13. Յուդա 22, 23

16. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա բարերար է։

16 Աստուծոյ բարութիւնը նաեւ կը յայտնաբերուի իր բարերարութեամբ։ Բարերար անհատ մը «ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ յատկանշականօրէն նկատառու է» եւ ‘սիրալիր քաղցրութիւն [կը ցուցաբերէ], յատկապէս ստորադաս անհատներուն հանդէպ’։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ բարերարութեան լաւագոյն օրինակն է։ Օրինակ, իր հրեշտակներուն միջոցաւ, Աստուած բարերարութեամբ զօրացուց տարեց Դանիէլ մարգարէն, եւ երիտասարդ կոյս Մարիամին տեղեկացուց Յիսուսի ծնունդ տալու իր առանձնաշնորհումին մասին։ (Դանիէլ 10։19. Ղուկաս 1։26-38) Որպէս Եհովայի ժողովուրդ, վստահաբար երախտապարտ ենք Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն մեր սրտին խօսելու իր բարերար կերպին համար։ Զինք կը գովաբանենք իր բարութեան այս յայտնաբերումին համար, եւ կը ջանանք ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ բարերար ըլլալ։ Երբ հոգեւոր որակումներ ունեցողները «հեզութեան հոգիով» հաւատակից մը կը վերաճշդեն, անոնք կը ջանան ազնիւ եւ բարերար ըլլալ։—Գաղատացիս 6։1

Երկայնամիտ Աստուած մը

17. Ինչո՞ւ երախտապարտ ենք որ Եհովա «երկայնամիտ» է։

17 ‘Երկայնամիտ Աստուած մը’։ Այս խօսքը կը շեշտէ Եհովայի բարութեան ուրիշ մէկ յայտնաբերումը։ Եհովա համբերութեամբ կը հանդուրժէ մեր թերութիւններուն եւ մեզի ժամանակ կու տայ որ լուրջ տկարութիւնները յաղթահարենք եւ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ (Եբրայեցիս 5։12–6։3. Յակոբու 5։14, 15) Աստուծոյ համբերութիւնը նաեւ կ’օգտէ անոնց, որոնք տակաւին իր երկրպագուները չեն եղած։ Անոնք տակաւին ժամանակ ունին Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջելու եւ զղջալու։ (Հռովմայեցիս 2։4) Թէեւ Եհովա համբերատար է, սակայն, իր բարութիւնը երբեմն կը մղէ զինք որ իր բարկութիւնը արտայայտէ, ճիշդ ինչպէս որ ըրաւ երբ Իսրայելացիները ոսկիէ հորթը պաշտեցին Սինա Լերան ստորոտը։ Մօտ ատենէն Աստուծոյ բարկութիւնը պիտի արտայայտուի ա՛լ աւելի մեծ տարողութեամբ, երբ ան Սատանայի ամբարիշտ դրութեան վերջ մը դնէ։—Եզեկիէլ 38։19, 21-23

18. Ճշմարտութեան առնչութեամբ, Եհովայի եւ մարդկային առաջնորդներու միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։

18 ‘Տէ՛ր Աստուածը առատ է ճշմարտութիւնով’։ Եհովա որքա՜ն տարբեր է մարդկային առաջնորդներէն, որոնք մեծ խոստումներ կու տան եւ զանոնք չեն յարգեր։ Ասոր հակառակը, Եհովայի երկրպագուները կրնան իր ներշնչուած Խօսքին մէջ ըսուած ամէն բաներուն վստահիլ։ Քանի որ Աստուած առատ է ճշմարտութիւնով, կրնանք միշտ վստահիլ իր խոստումներուն։ Երբ աղօթքով հոգեւոր ճշմարտութիւն կը խնդրենք, իր բարութեամբ, մեր երկնաւոր Հայրը անպայման կը պատասխանէ, զայն առատութեամբ հայթայթելով։—Սաղմոս 43։3. 65։2

19. Զղջացող մեղաւորներուն հանդէպ Եհովա ի՞նչ յատկանշական կերպով բարութիւն ցուցաբերած է։

19 «Տէ՛ր Աստուածը, . . . անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող [է]»։ Իր բարութեամբ, Եհովա պատրաստ է զղջացող մեղաւորները ներելու։ Վստահաբար, շատ երախտապարտ ենք որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը, Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ ներելու կարգադրութիւն ըրած է։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Արդարեւ, ուրախ ենք որ փրկանքին հանդէպ հաւատք ընծայող բոլոր անհատները կրնան Եհովայի հետ նպաստաւոր յարաբերութիւն մը վայելել, իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ անվերջ կեանքի յոյսով։ Ի՜նչ ուշագրաւ պատճառներ ունինք Եհովան փառաբանելու, մարդկութեան հանդէպ բարութիւն ցուցաբերելուն համար։—Բ. Պետրոս 3։13

20. Ի՞նչ ապացոյց ունինք որ Աստուած չի հանդուրժեր չարութեան։

20 «[Եհովա] յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ Յիրաւի, ասիկա ուրիշ պատճառ մըն է Եհովան գովաբանելու իր բարութեան համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բարութեան մէկ կենսական երեսակը այն է, որ անիկա որեւէ կերպով չի հանդուրժեր չարութեան։ Ասկէ զատ, երբ ‘Տէր Յիսուս իր զօրաւոր հրեշտակներովը երկնքէն յայտնուի’, վրէժ պիտի առնուի ‘անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ աւետարանին չեն հնազանդիր’։ Անոնք «պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) Այն ժամանակ Եհովայի վերապրող երկրպագուները պիտի կարենան կեանքը լիովին վայելել, առանց խանգարուելու «բարին չսիրող» ամբարիշտներէն։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-3

Եհովայի Բարութիւնը Ընդօրինակեցէք

21. Ինչո՞ւ պէտք է բարութիւն ցուցաբերենք։

21 Անտարակոյս, իր բարութեան համար Եհովան փառաբանելու եւ իրեն երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Որպէս իր ծառաները, այս յատկութիւնը ցուցաբերելու համար մեր լաւագոյնը պէտք չէ՞ ընենք։ Այո, քանի որ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց, ըսելով. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Մեր երկնաւոր Հայրը հաստատօրէն բարութիւն կը ցուցաբերէ, մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։

22. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

22 Եթէ ամբողջ սրտով Եհովայի նուիրուած ենք, անտարակոյս, անկեղծօրէն կը փափաքինք իր բարութիւնը ընդօրինակել։ Քանի որ մեղաւոր Ադամի զաւակներն ենք, դիւրին չէ բարին ընելը։ Սակայն, յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ կրնանք բարութիւն ցուցաբերել։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք զանազան կերպեր, որոնցմով կրնանք եւ պէտք է ընդօրինակենք Եհովան՝ բարութեան գերագոյն օրինակը։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչ է բարութիւնը։

• Սուրբ գրային ո՞ր արտայայտութիւնը Աստուծոյ բարութիւնը կը շեշտէ։

• Եհովայի բարութեան կարգ մը յայտնաբերումները ի՞նչ են։

• Եհովայի բարութեան օրինակը ինչո՞ւ պէտք է ընդօրինակենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդը կրթեց, քանի որ անոնք իրենց փառաբանութեան արտայայտութիւններուն հետ ներդաշնակ չապրեցան

[Նկար՝ էջ 10]

Հաւատարիմ մնացորդ մը Երուսաղէմ վերադարձաւ

[Նկար՝ էջ 11]

Մովսէս Աստուծոյ բարութեան մասին սքանչելի յայտարարութիւն մը լսեց

[Նկար՝ էջ 13]

Եհովայի բարութիւնը կը տեսնուի Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն մեր սրտին խօսելու իր կերպին մէջ