Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրական Աստուծոյ մը կը վստահի՞ք

Իրական Աստուծոյ մը կը վստահի՞ք

Իրական Աստուծոյ մը կը վստահի՞ք

Բնական Պատմութեան Ամերիկեան Թանգարանին կողմէ ղրկուած խուզարկախումբ մը, ճամբայ ելած էր բեւեռային երկիր մը ուսումնասիրելու համար, որ հետախոյզ Ռապըրթ Է. Բիրին տեղեկագրած էր թէ տեսած էր եօթը տարի առաջ՝ 1906–ին։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Ամերիկայի ծայրագոյն հիւսիս–արեւմուտքը գտնուող Քէյփ Քոլկէյթէն, Բիրի տեսած էր ինչ որ թուած էր հեռաւոր ցամաքի մը ճերմակ գագաթները ըլլալ։ Ան զայն կոչեց Քրաքըր Լէնտ՝ նիւթապէս իրեն օժանդակող անհատներէն մէկուն անունով։ Այս խուզարկախումբին անդամները ո՛րքան ուրախ ըլլալու էին, երբ հեռուն ակնարկ մը նետելով տեսան բլուրներ, հովիտներ եւ ձիւնածածկ գագաթներ։ Սակայն, շատ չանցած անդրադարձան թէ իրենց տեսածը պարզապէս բեւեռային կրկներեւոյթ մըն էր։ Մթնոլորտին ստեղծած այս տեսողական արգասիքը խաբած էր Բիրին, եւ ահա անոնք ժամանակ, կորով եւ նիւթական միջոցներ վատնած էին, հետախուզելու համար բան մը որ իրական չէր։

Ներկայիս, շատեր իրենց անձը եւ ժամանակը կը նուիրեն աստուածներու, որ կը հաւատան թէ իրական են։ Յիսուսի աշակերտներուն ժամանակ, Հերմէսի ու Դիոսի նման աստուածներ կը պաշտուէին։ (Գործք 14։10, 11) Ներկայիս, Շինթոյականներու, Պրահմանականներու, եւ աշխարհի այլ կրօնքներու կողմէ պաշտուած աստուածներուն թիւը միլիոններու կը հասնի։ Արդարեւ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր»։ (Ա. Կորնթացիս 8։5, 6) Այս բոլորն ալ կրնա՞ն իրական աստուածներ ըլլալ։

«Փրկելու Կարողութիւն Չունեցող» Աստուածներ

Օրինակ, նկատի առէք պաշտամունքի մէջ արձաններու, պատկերներու կամ խորհրդանիշերու գործածութիւնը։ Կուռքերու վստահողներուն եւ անոնց միջոցաւ աղօթողներուն համար, անոնք կը թուին գերմարդկային զօրութիւն ունեցող փրկիչներ ըլլալ, որոնք կրնան մարդիկը վարձատրել կամ վտանգէ ազատել։ Սակայն անոնք իրապէս կրնա՞ն փրկել։ Այսպիսի իրերու մասին խօսելով, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, մարդու ձեռքի գործեր են։ Բերան ունին, բայց չեն խօսիր. աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ. ականջներ ունին, բայց չեն լսեր ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ»։ Արդարեւ, անոնք «փրկելու կարողութիւն չունեցող» աստուածներ են։—Սաղմոս 135։15-17. Եսայեայ 45։20

Արդարեւ, կուռք շինողները իրենց ձեռքերուն գործին կեանք ու զօրութիւն կը վերագրեն։ Եւ կռապաշտները իրենց վստահութիւնը անոնց վրայ կը դնեն։ Եսայի մարգարէն ըսաւ. «[Կուռքը] ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին, իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։ Անիկա իր տեղէն չի շարժիր եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար, զանիկա իր նեղութենէն չ’ազատեր»։ (Եսայեայ 46։7) Ճշմարտութիւնը այն է թէ կուռք մը անկենդան կը մնայ, ո՛րքան ալ անոր վրայ վստահութիւն ունեցողներուն հաւատքը ջերմեռանդ ըլլայ։ Այսպիսի քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքեր «անարժէք աստուածներ» են։—Ամբակումայ 2։18, ՆԱ

Ժամանցի ու մարմնամարզի դէմքեր, քաղաքական դրութիւններ, եւ կրօնական որոշ առաջնորդներ աստուածացնելն ու պաշտելն ալ ներկայիս սովորական դարձած է։ Ասկէ զատ, շատերու համար դրամը աստուած է։ Իւրաքանչիւր պարագային, այս կուռքերը ներկայացուած են իբրեւ յատկութիւններ ու արժանիքներ ունեցողներ, բայց պարագան այդ չէ։ Անկարելի է որ այս կուռքերը իրենց հաւատացողներուն յուսացած բաները կարենան հայթայթել։ Օրինակ, կրնայ այնպէս թուիլ թէ հարստութիւնը շատ մը խնդիրներու լուծումը ունի, սակայն հարստութեան զօրութիւնը խաբէական է։ (Մարկոս 4։19) Հետազօտող մը հարցուց. «Ինչո՞ւ համար շատերու կողմէ ա՛յսքան փափաքելի եւ համայնաբոյժ նկատուած բան մը, երբ ձեռք ձգուի, հետեւանքը կ’ըլլայ շարք մը այլազան ազդեցութիւններ՝ յուսախաբութենէն մինչեւ հոգեկան խանգարում»։ Այո, հարստութիւն հետապնդելը կրնայ պահանջել որ անհատը իսկական արժէք ունեցող բան մը զոհէ, ինչպէս՝ լաւ առողջութիւն, գոհացուցիչ ընտանեկան կեանք, սերտ բարեկամութիւններ, կամ Ստեղծիչին հետ թանկարժէք յարաբերութիւն մը։ Այսպիսով, ի յայտ կու գայ որ անոր աստուածը ‘սուտ ունայնութենէ’ մը աւելի չէ։—Յովնանու 2։8

«Պատասխան Տուող Չկար»

Անմտութիւն է իրական կոչել բան մը որ իրական չէ։ Եղիա մարգարէին օրերուն, Բահաղ չաստուծոյն երկրպագուները ասոր դառն փորձառութիւնը ունեցան։ Անոնք զօրաւոր հաւատք ունէին թէ Բահաղը երկնքէն կրակ տեղացնելու եւ ողջակէզը այրելու զօրութիւնը ունէր։ Իրականութեան մէջ, «անոնք . . . առաւօտէն մինչեւ կէսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր’»։ Բահաղը լսելու կարող ականջներ եւ խօսելու կարող բերան մը ունէ՞ր։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար»։ Արդարեւ, «մտիկ ընող չկար»։ (Գ. Թագաւորաց 18։26, 29) Բահաղը իրական, կենդանի կամ գործունեայ չէր։

Ո՜րքան կենսական է որ ճանչնանք ու պաշտենք Աստուած մը, որ իրական է։ Սակայն, ո՞վ է ան։ Եւ իրեն վստահիլը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։

[Նկարներ՝ էջ 3]

Բիրիի ընկերակիցը՝ Էկինուահ՝ հորիզոնը կը դիտէ, ցամաք գտնելու միտումով

Ռապըրթ Է. Բիրի

[Նկարին աղբիւրները]

Egingwah։ From the book The North Pole։ Its Discovery in 1909 Under the Auspices of the Peary Arctic Club, 1910; Robert E. Peary։ NOAA

[Նկարներ՝ էջ 4]

Շատեր այս աշխարհի մէջ աստուածացուած բաներով կը խաբուին