Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրենց յատուկ իմաստութիւն

Իրենց յատուկ իմաստութիւն

Իրենց յատուկ իմաստութիւն

«ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐԸ իմաստութիւն ունին, սակայն երախաները իրենց յատուկ իմաստութիւն ունին», կ’ըսէ նիկերիական առակ մը։ Նիկերիոյ մէջ բնակող Էտուին անունով Քրիստոնեայ երէց մը, ասոր ճշմարիտ ըլլալը գիտցաւ։

Օր մը, Էտուին տան մէջ իր գրասեղանին տակ մետաղէ տուփ մը գտաւ։

«Ասիկա որո՞ւ կը պատկանի», հարցուց Էտուին իր երեք զաւակներուն։

«Իմս է», պատասխանեց ութ տարեկան Էմմանուէլը։ Ան շուտով աւելցուց թէ այս ժանգոտած, 12 սանթիմեթրնոց, վրան ճեղք ունեցող երկաթէ տուփը, Եհովայի Վկաներու երկրածաւալ գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններու համար էր։ «Քանի որ ամէն օր Թագաւորութեան Սրահ չեմ երթար», բացատրեց ան, «որոշեցի տուփ մը շինել, որուն մէջ կրնամ դնել չգործածած գրպանի փողս»։

Էմմանուէլի հայրը տան մէջ տուփ մը ունէր, տարեկան նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու նպատակաւ դրամ խնայելու համար։ Սակայն, ընտանեկան անակնկալ պարագայի մը պատճառաւ, անոր մէջ գտնուած դրամը գործածած էին։ Վստահ ըլլալու համար թէ իր նուիրատուութեան դրամը ուրիշ նպատակի համար պիտի չգործածուէր, Էմմանուէլ հին թիթեղատուփ մը առաւ եւ դարբինի մը տարաւ զայն գոցելու համար։ Երբ դարբինը իմացաւ թիթեղատուփին գործածութեան նպատակը, մետաղի աւելորդ կտորներ գործածելով Էմմանուէլին համար տուփ մը շինեց։ Էմմանուէլի հինգ տարեկան եղբայրը՝ Միքելն ալ խնդրեց տուփ մը ունենալ։

Երախաներուն ըրածով հիացած, Էտուին անոնց հարցուց թէ այս տուփերը ինչո՛ւ շինած էին։ Միքել պատասխանեց. «Կ’ուզեմ նուիրատուութիւն ընել»։

Առանց իրենց ծնողքին լուրին, Էմմանուէլը, Միքելը, եւ իրենց ինը տարեկան քոյրը՝ Ուչոն, իրենց գրպանի փողին մէկ մասը կը խնայէին եւ զայն տուփերուն մէջ կը դնէին։ Անոնք այս գաղափարը ուրկէ՞ բերած էին։ Երախաները հազիւ թէ կարող եղան իրենց ձեռքին մէջ դրամ բռնելու, ծնողքը իրենց սորվեցուց Թագաւորութեան Սրահի նուիրատուութեան սնտուկին մէջ դրամ դնել։ Բացայայտօրէն, երախաները իրենց դասը լաւ սորված էին։

Երբ տուփերը լեցուեցան, զանոնք կտրելով բացին։ Խնայողութիւններուն ընդհանուր գումարը $3.13 (Ա.Տ.) էր. ասիկա աննշան գումար մը չէր երկրի մը մէջ, ուր եկամուտի տարեկան միջինը քանի մը հարիւր տոլար է։ Այսպիսի նուիրատուութիւններ թիկունք կը կանգնին Եհովայի Վկաներու երկրածաւալ քարոզչական գործին, որ 235 երկիրներու մէջ կը կատարուի։