Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Մովսիսական Օրէնքին մէջ ազգականներու միջեւ եղած ամուսնութեան սահմանափակումները, ներկայիս ո՞ր տարողութեամբ կը կիրարկուին Քրիստոնեաներուն։

Իսրայէլ ազգին տրուած Եհովայի Օրէնքը հարսանեկան արարողութիւններուն եւ կարգադրութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ չի տար։ Սակայն, անիկա կարգ մը ամուսնական կապեր կ’արգիլէ։ Օրինակ, Ղեւտացւոց 18։6-20–ի մէջ կը գտնենք «մօտ ազգական»ի հետ առնչուող արգիլուած յարաբերութիւններու շարք մը։ Այդ հատուածը բաւական մանրամասնութիւններ կու տայ, ուրուագծելով թէ ո՛ր մօտ ազգականները պէտք չէ իրարու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենան։ Անշուշտ, Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին տակ չեն, ոչ ալ անոր կանոններուն ենթարկուած են։ (Եփեսացիս 2։15. Կողոսացիս 2։14) Ասով հանդերձ, ասիկա չի նշանակեր թէ Քրիստոնեաները պարզապէս կրնան անտեսել այս հարցը, երբ ամուսնական կողակից մը կ’ընտրեն։ Քանի մը պատճառներ կան թէ ինչո՛ւ պարագան այս է։

Նախ, կան աշխարհիկ օրէնքներ որոնք կը կանոնաւորեն մօտ ազգականներու միջեւ եղած ամուսնութիւնը, եւ սկզբունքով՝ Քրիստոնեաները պարտաւոր են հնազանդիլ իրենց ապրած երկրին օրէնքներուն։ (Մատթէոս 22։21. Հռովմայեցիս 13։1) Անշուշտ, այսպիսի օրէնքներ տեղէ տեղ կը տարբերին։ Այս տեսակի արդի օրէնքներուն մեծամասնութիւնը հիմնուած է գլխաւորաբար նկատի ունենալով ծինային հարցերը։ Ընդունուած իրողութիւն մըն է թէ մօտ ազգականներու միջեւ ամուսնութիւնը, շատ հաւանաբար զաւակները ծինային թերութիւններու եւ հիւանդութիւններու վտանգին ենթարկէ։ Այս պատճառաւ եւ քանի որ ‘վերին իշխանութիւններու կը հպատակին’, ամուսնութեան ձեռնարկող Քրիստոնեաները տեղական ամուսնական օրէնքներուն կը հնազանդին։

Նաեւ կայ այն հարցը թէ անհատին ապրած համայնքին մէջ ինչ բան ընդունելի է եւ ինչ բան ընդունելի չէ։ Գրեթէ ամէն մշակոյթ կանոններ ու բարքեր ունի, որոնք կ’արգիլեն արիւնակիցներու միջեւ ամուսնութիւնը, յաճախ այսպիսի միութիւն մը ազգապղծութիւն եւ հետեւաբար՝ արգիլուած բան մը նկատելով։ Թէեւ որոշ յարաբերութիւններու դատապարտելի ըլլալը մեծապէս կրնայ տարբերիլ զանազան մշակոյթներու մէջ, սակայն «առհասարակ, երկու անհատներու միջեւ ծինային կապը ո՛րքան մօտ ըլլայ, անոնց միջեւ սեռային յարաբերութիւնները արգիլող կամ չքաջալերող բանադրանքը աւելի զօրաւոր եւ աւելի բուռն կ’ըլլայ», կ’ըսէ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը։ Հետեւաբար, նոյնիսկ երբ ազգապիղծ յարաբերութիւններ պարփակուած չեն, Քրիստոնեաներ չեն ուզեր համայնքին հաստատած բարքերը կամ վաւերական զգացումները բոլորովին անտեսել, որպէսզի քրիստոնէական ժողովքին կամ Աստուծոյ անուան վրայ անարգանք չբերեն։—Բ. Կորնթացիս 6։3

Պէտք չէ անտեսուի նաեւ մեր աստուածատուր խղճմտանքը։ Ամէն մարդ շիտակի ու սխալի, բարիի ու չարի ըմբռնումով մը կը ծնի։ (Հռովմայեցիս 2։15) Խղճմտանքը անոնց կ’ըսէ ի՛նչ է բնականը ու պատշաճը եւ ի՛նչ է անբնականը ու ընդվզեցուցիչը, բացի եթէ անիկա խեղաթիւրուած կամ խանձուած է այլասերուած սովորութիւններով։ Եհովա այս իրողութեան ակնարկութիւն ըրաւ, երբ Իսրայելացիներուն տուաւ մօտ ազգականներու միջեւ ամուսնութիւնը արգիլող օրէնքը։ Կը կարդանք. «Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք»։ (Ղեւտացւոց 18։3) Քրիստոնեաները կ’արժեւորեն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց խղճմտանքը եւ թոյլ չեն տար որ անիկա եղծանուի շիտակի ու սխալի մասին ազգերուն խեղաթիւրուած ըմբռնումով։—Եփեսացիս 4։17-19

Արդ, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Թէեւ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, սակայն անոնց խղճմտանքը բացայայտօրէն իրենց կ’ըսէ թէ մօտ ազգականներու միջեւ ամուսնութիւնը, ինչպէս՝ հայր ու աղջիկ, մայր ու տղայ, եղբայր եւ քոյր, բացարձակապէս արգիլուած է քրիստոնէական համայնքին մէջ։ * Իսկ ինչ կը վերաբերի ազգականական աւելի ընդարձակ շրջանակին, Քրիստոնեաներ կը գիտակցին թէ օրէնքներ ու կանոններ կան, որոնք կը ղեկավարեն օրինաւոր ամուսնութիւնները, եւ թէ չափանիշներ կան, որոնք ընկերային եւ մշակութային գետնի վրայ ընդունելի են։ Ասոնք ուշադրութեամբ նկատի պէտք է առնուին, որպէսզի կարենանք սուրբ գրային հետեւեալ պատուէրին հնազանդիլ. «Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն»։—Եբրայեցիս 13։4, Վերանայուած

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Այս նիւթին մանրամասն քննարկութեան համար, հաճեցէք տեսնել՝ «Քրիստոնեաներ Ի՞նչպէս Պէտք Է Նկատեն Ազգապիղծ Ամուսնութիւնները», Դիտարան 15 Մարտ 1978, էջ 25-26 (Անգլերէն)։