Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ճշմարտութեան հոգին» ստացա՞ծ էք

«Ճշմարտութեան հոգին» ստացա՞ծ էք

«Ճշմարտութեան հոգին» ստացա՞ծ էք

«[Հայրը] ... ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. ճշմարտութեան Հոգին»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։16, 17

1. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ կարեւոր տեղեկութիւններ տուաւ, վերնատան մէջ իր անցուցած վերջին ժամերուն ընթացքին։

«ՏԷ՛Ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Ասիկա այն հարցումներէն մէկն է որ առաքեալները Յիսուսի հարցուցին, Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ անոնց հետ իր անցուցած վերջին ժամերուն ընթացքին։ (Յովհաննու 13։36) Մինչ ժողովը կ’ընթանար, Յիսուս անոնց իմացուց թէ այժմ ժամանակը եկած էր որ իր Հօրը վերադառնար։ (Յովհաննու 14։28. 16։28) Այլեւս ան մարմնապէս անոնց հետ պիտի չըլլար, հրահանգներ տալու եւ իրենց հարցումներուն պատասխանելու համար։ Սակայն, ան հաւաստիացուց զանոնք, ըսելով. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։—Յովհաննու 14։16

2. Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ ի՞նչ ղրկել իր երթալէն ետք։

2 Յիսուս բնորոշեց այդ օգնականը եւ բացատրեց թէ անիկա ի՛նչպէս պիտի օգնէր իր աշակերտներուն։ Անոնց ըսաւ. «Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի։ Հիմա ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով . . . Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը [«օգնականը», ՆԱ] ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ։ . . . Երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ»։—Յովհաննու 16։4, 5, 7, 13

3. (ա) «Ճշմարտութեան Հոգին» ե՞րբ ղրկուեցաւ նախկին Քրիստոնեաներուն։ (բ) Ի՞նչ էր այն կարեւոր կերպերէն մէկը, որով հոգին իրենց «օգնական» մը եղաւ։

3 Այդ խոստումը կատարուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ինչպէս Պետրոս առաքեալ հաստատեց. «Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։ Ուստի Աստուծոյ ձեռքով բարձրանալով ու Սուրբ Հոգիին խոստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք»։ (Գործք 2։32, 33) Ինչպէս հետագային պիտի տեսնենք, Պէնտէկոստէին թափուած սուրբ հոգին նախկին Քրիստոնեաներուն համար բազմաթիւ բաներ կատարեց։ Սակայն, Յիսուս խոստացաւ թէ «ճշմարտութեան Հոգին» ‘մտքերնին պիտի բերէր ինչ որ անոնց ըսած էր’։ (Յովհաննու 14։26) Անիկա զիրենք կարող պիտի դարձնէր որ յիշէին Յիսուսի ծառայութիւնը եւ ուսուցումները, նոյնիսկ իր գործածած բառերը, եւ զանոնք գրի պիտի առնէին։ Ասիկա յատկապէս օգտակար պիտի ըլլար տարեց Յովհաննէս առաքեալին, Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան, երբ սկսաւ իր Աւետարանը գրել։ Անիկա կը պարփակէ այն թանկարժէք խրատները, զորս Յիսուս տուաւ երբ իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։—Յովհաննու 13-17–րդ գլուխները։

4. «Ճշմարտութեան Հոգին» նախկին օծեալ Քրիստոնեաներուն ի՞նչպէս օգնեց։

4 Յիսուս այդ նախկին աշակերտներուն նաեւ խոստացաւ թէ հոգին ‘անոնց բոլորը պիտի սորվեցնէր’ եւ ‘զիրենք ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէր’։ Հոգին անոնց պիտի օգնէր որ հասկնային Աստուածաշունչի խորունկ բաները, եւ պիտի պահպանէր մտքի, հասկացողութեան եւ նպատակի անոնց միաբանութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 2։10. Եփեսացիս 4։3) Այսպէս սուրբ հոգին զօրացուց այդ նախկին Քրիստոնեաները որ գործեն որպէս հաւաքական «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը, իւրաքանչիւր օծեալ Քրիստոնեայի ‘ատենին կերակուր’ հայթայթելու համար։—Մատթէոս 24։45

Հոգին կը Վկայէ

5. (ա) Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը Յիսուս իր աշակերտներուն դիմաց ի՞նչ նոր հեռանկար մը պարզեց։ (բ) Յիսուսի խոստումը իրականացնելու մէջ սուրբ հոգին ի՞նչ դեր պիտի խաղար։

5 Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն իմացուց թէ հետագային զիրենք երկինք պիտի ընդունէր եւ իր ու իր Հօրը հետ պիտի բնակէին։ Անոնց ըսաւ. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ (Յովհաննու 13։36. 14։2, 3) Անոնք իր Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ըլլային։ (Ղուկաս 22։28-30) Այս երկնային յոյսը ունենալու համար, պէտք էր ‘հոգիէն ծնանէին’ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ, եւ օծուէին՝ Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ ծառայելու համար։—Յովհաննու 3։5-8. Բ. Կորնթացիս 1։21, 22. Տիտոս 3։5-7. Ա. Պետրոս 1։3, 4. Յայտնութիւն 20։6

6. (ա) Երկնային կոչը ե՞րբ սկսաւ, եւ քանի՞ հոգի այս կոչումը կը ստանան։ (բ) Կանչուածները ի՞նչ բան ըլլալու մկրտուեցան։

6 Այս «երկնային կոչում»ը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, եւ այնպէս կը թուի թէ գլխաւորաբար վերջ գտաւ 1930–ական թուականներու կիսուն։ (Եբրայեցիս 3։1) Հոգեւոր Իսրայէլի մէկ մասը ըլլալու համար սուրբ հոգիէն կնքուածներուն թիւը՝ 144,000 է. ասոնք ‘մարդոց մէջէն գնուած’ են։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1-4) Ասոնք՝ Յիսուսի հոգեւոր մարմինը ըլլալու, իր ժողովքը ըլլալու, եւ իր մահուանը մկրտուեցան։ (Հռովմայեցիս 6։3. Ա. Կորնթացիս 12։12, 13, 27. Եփեսացիս 1։22, 23) Ջուրի մկրտութենէ եւ սուրբ հոգիով օծուելէ ետք, անոնք զոհագործական ընթացքի մը մէջ մտան, այսինքն՝ ուղղամտութեան կեանք մը մինչեւ իրենց մահը։—Հռովմայեցիս 6։4, 5

7. Ինչո՞ւ միայն օծեալ Քրիստոնեաները իրաւացիօրէն կը մասնակցին Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն։

7 Որպէս հոգեւոր Իսրայելացիներ, այս օծեալ Քրիստոնեաները Եհովայի ու «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին միջեւ եղած նոր ուխտին մէջ էին։ (Գաղատացիս 6։16. Երեմեայ 31։31-34) Նոր ուխտը վաւերացուեցաւ Քրիստոսի թափուած արիւնով։ Յիսուս յիշեց ասիկա, երբ իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։ Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի’»։ (Ղուկաս 22։19, 20) Մնացորդը, կամ երկրի վրայ 144,000–ին մնացեալ անդամները, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին իրաւացիօրէն կը մասնակցին խորհրդանշական հացին եւ գինիին։

8. Օծեալները ի՞նչպէս գիտեն թէ երկնային կոչումը ստացած են։

8 Օծեալները ի՞նչպէս գիտեն թէ երկնային կոչումը ստացած են։ Անոնք անսխալօրէն սուրբ հոգիին վկայութիւնը կը ստանան։ Պօղոս առաքեալ այսպիսիներուն գրեց. «Անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ . . . Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։ (Հռովմայեցիս 8։14-17) Հոգիին այս վկայութիւնը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ երկնային կոչումը ստանալու նկատմամբ ամենափոքր կասկած ունեցողները, տրամաբանականօրէն կրնան եզրակացնել թէ զայն չունին, եւ հետեւաբար ետ պիտի կենան Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցելէ։

Հոգին եւ Ուրիշ Ոչխարները

9. Աւետարաններուն եւ Յայտնութիւն գրքին մէջ ի՞նչ երկու տարբեր խումբեր յիշուած են։

9 Հոգեւոր Իսրայէլը կազմելու համար կանչուած Քրիստոնեաներուն սահմանափակ թիւը ի մտի ունենալով, Յիսուս անոնց ակնարկեց որպէս «պզտիկ հօտ», որոնք նոր ուխտին «բակ»ը կը բերուին, հակադրելով անթիւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ, որոնց մասին ըսաւ թէ զանոնք ալ պէտք էր հաւաքէր։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Վերջին ժամանակին հաւաքուած ուրիշ ոչխարները պիտի կազմեն ‘մեծ նեղութենէն’ վերապրելու սահմանուած «մեծ բազմութիւն»ը, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Հետաքրքրականօրէն, Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան Յովհաննէսի ստացած տեսիլքը, այս մեծ բազմութեան եւ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներուն միջեւ զանազանութիւն մը կը դնէ։ (Յայտնութիւն 7։4, 9, 14) Ուրիշ ոչխարներն ալ սուրբ հոգին կը ստանա՞ն, եւ եթէ այո, անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ անոնց կեանքին։

10. Ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս կը մկրտուին «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

10 Սուրբ հոգին արդարեւ կարեւոր դեր մը կը խաղայ ուրիշ ոչխարներու կեանքին մէջ։ Անոնք Եհովայի իրենց նուիրումը կը խորհրդանշեն մկրտուելով «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) Անոնք կ’ընդունին Եհովայի գերիշխանութիւնը, կը հպատակին Քրիստոսի որպէս իրենց Թագաւորը եւ Փրկիչը, եւ կ’ենթարկուին Աստուծոյ հոգիին՝ գործօն ոյժին՝ գործունէութեան իրենց կեանքին մէջ։ Ամէն օր, կը ջանան իրենց կեանքին մէջ մշակել «հոգիին պտուղ»ները, այսինքն՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։—Գաղատացիս 5։22, 23

11, 12. (ա) Օծեալները ի՞նչպէս սրբացուած են շատ մասնայատուկ կերպով մը։ (բ) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ կերպով սրբացուած եւ սուրբ եղած են։

11 Ուրիշ ոչխարները նաեւ թոյլ պէտք է տան որ Աստուծոյ Խօսքը եւ իր սուրբ հոգին զիրենք մաքրեն, կամ սրբեն։ Օծեալները արդէն իսկ սրբուած են շատ մասնայատուկ կերպով մը՝ որպէս Քրիստոսի հարսը արդար ու սուրբ յայտարարուելով։ (Յովհաննու 17։17. Ա. Կորնթացիս 6։11. Եփեսացիս 5։23-27) Դանիէլ մարգարէն անոնց մասին կը խօսի որպէս «Բարձրեալին սուրբերը», որոնք «Որդին Մարդոյ»՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ իշխանութեան ներքեւ Թագաւորութիւնը կը ստանան։ (Դանիէլ 7։13, 14, 18, 27) Նախապէս, Մովսէսի եւ Ահարոնի միջոցաւ, Եհովա Իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։—Ղեւտացւոց 11։44

12 «Սրբացում» բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ «սուրբ ընելու, զատելու, կամ՝ ծառայութեան կամ Եհովա Աստուծոյ գործածութեան համար մէկ կողմ դնելու արարքը կամ գործընթացը. սուրբ, սրբացուած կամ մաքրուած ըլլալու վիճակը»։ 1938–ին, Դիտարան–ը ըսաւ թէ Յովնադաբները, կամ ուրիշ ոչխարները, «պէտք է գիտնան թէ նուիրագործումը [նուիրումը] եւ սրբացումը պահանջուած են իւրաքանչիւր անհատէ, որ մեծ բազմութեան մէկ անդամը պիտի ըլլայ եւ երկրի վրայ ապրի»։ Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրուած մեծ բազմութեան տեսիլքին մէջ, անոնց մասին կը խօսուի թէ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’ են, եւ թէ Եհովայի «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ (Յայտնութիւն 7։9, 14, 15) Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, ուրիշ ոչխարները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն Եհովայի սրբութեան պահանջներուն գոհացում տալու համար։—Բ. Կորնթացիս 7։1

Քրիստոսի Եղբայրներուն Բարիք Ընել

13, 14. (ա) Ոչխարներու եւ այծերու Յիսուսի առակին համաձայն, ոչխարներուն փրկութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։ (բ) Այս վերջին ժամանակին մէջ, ուրիշ ոչխարները Քրիստոսի եղբայրներուն ի՞նչպէս բարիք ըրած են։

13 «Իրերու դրութեան վախճան»ի մասին իր մարգարէութեան մաս կազմող ոչխարներու եւ այծերու իր առակին մէջ, Յիսուս աչքառու դարձուց ուրիշ ոչխարներուն եւ պզտիկ հօտին միջեւ եղած սերտ կապը։ Այդ առակին մէջ, Քրիստոս բացայայտօրէն ցոյց տուաւ թէ ուրիշ ոչխարներուն փրկութիւնը սերտօրէն առնչուած է օծեալներուն հանդէպ իրենց վերաբերմունքին հետ, զորս կոչեց ‘եղբայրներս’։ Ան ըսաւ. «Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք. . . . Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք’»։—Մատթէոս 24։3. 25։31-34, 40

14 ‘Քանի որ ասիկա ըրիք’ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Քրիստոսի հոգիէն ծնած եղբայրներուն տրուած սիրալիր օգնութեան, որոնց հետ Սատանայի աշխարհը որպէս օտարներ վարուած է, նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք բանտ նետելով։ Անոնք ուտելիքի, պատշաճ հագուելիքի եւ առողջապահական խնամքի կարիքը ունեցած են։ (Մատթէոս 25։35, 36) Այս վերջին ժամանակին մէջ, 1914–էն ի վեր, օծեալներէն շատեր գտնուած են այսպիսի պայմաններու մէջ։ Եհովայի Վկաներու արդի պատմութիւնը կը վկայէ թէ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցները՝ ուրիշ ոչխարները՝ անոնց թիկունք կանգնած են, հոգիէն մղուելով։

15, 16. (ա) Ուրիշ ոչխարները յատկապէս ո՞ր գործունէութեան մէջ օգնած են երկրի վրայ գտնուող Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն։ (բ) Օծեալները ուրիշ ոչխարներուն հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ի՞նչպէս արտայայտած են։

15 Երկրի վրայ գտնուող Քրիստոսի օծեալ եղբայրները, յատկապէս այս վերջին ժամանակին մէջ գործնական օգնութիւն ստացած են ուրիշ ոչխարներէն՝ ‘թագաւորութեան այս բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզելու, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու համար’։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ. Յովհաննու 14։12) Թէեւ երկրի վրայ օծեալներուն թիւը տարիներու ընթացքին նուազում արձանագրած է, սակայն ուրիշ ոչխարներու թիւը աւելցած է, պարփակելով բառացիօրէն միլիոնաւորներ։ Ասոնցմէ հազարաւորներ ծառայած են որպէս լիաժամ աւետարանիչներ՝ ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ՝ Թագաւորութեան բարի լուրը «մինչեւ երկրին ծայրերը» տարածելով։ (Գործք 1։8) Ուրիշներ վկայութեան գործին կը մասնակցին որքան որ կրնան, եւ ուրախութեամբ նիւթապէս թիկունք կը կանգնին այս կարեւոր գործին։

16 Քրիստոսի օծեալ եղբայրները որքա՜ն կը գնահատեն իրենց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն այս հաւատարիմ աջակցութիւնը։ Անոնց զգացումները լաւ կերպով արտայայտուած են Համաշխարհային Ապահովութիւն՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին Ներքեւ խորագրով գրքին մէջ, հայթայթուած՝ ծառայ դասակարգին կողմէ, 1986–ին։ Անիկա կ’ըսէ. «Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր, ‘իրերու դրութեան վախճանին’ նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութեան կատարումը մեծապէս առնչուած է ‘ուրիշ ոչխարներու’ ‘մեծ բազմութեան’ կատարած դերին հետ։ . . . Հետեւաբար, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք միջազգային, բազմալեզու ‘մեծ բազմութեան’, Մատթէոս 24։14–ի մէջ [Յիսուսի] մարգարէութեան կատարման մէջ անոնց խաղցած շատ մեծ դերին համար»։

«Առանց Մեզի Կատարեալ Չըլլան»

17. Վաղեմի հաւատարիմները որոնք երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն, ի՞նչպէս առանց օծեալներուն ‘կատարեալ պիտի չըլլան’։

17 Խօսելով որպէս օծեալներէն մէկը եւ ակնարկելով Քրիստոսէ առաջ ապրած հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին. քանզի Աստուած մեզի [օծեալներուն] համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին [«կատարեալ չըլլան», Երուսաղէմ]»։ (Եբրայեցիս 11։35, 39, 40) Հազարամեայի ընթացքին, Քրիստոս ու իր 144,000 օծեալ եղբայրները երկնքի մէջ պիտի գործեն որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ, եւ Քրիստոսի փրկանքի զոհին օգուտները երկրի վրայ պիտի մատակարարեն։ Այսպիսով, ուրիշ ոչխարները մարմնով եւ մտքով ‘կատարեալ պիտի ըլլան’։—Յայտնութիւն 22։1, 2

18. (ա) Սուրբ գրային իրողութիւնները ուրիշ ոչխարներուն պէտք է օգնեն ի՞նչ բան ըմբռնելու։ (բ) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ ակնկալութեամբ կը սպասեն «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն»։

18 Այս բոլորը ուրիշ ոչխարներու մտքին վրայ պէտք է դրոշմեն թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ինչո՛ւ այսքան շատ ուշադրութիւն կ’ընծայեն Քրիստոսի ու իր օծեալ եղբայրներուն եւ Եհովայի նպատակներուն իրագործման մէջ անոնց շատ կարեւոր դերին։ Հետեւաբար, ուրիշ ոչխարները առանձնաշնորհում մը կը նկատեն օծեալ ծառայ դասակարգին կարելի եղած ամէն կերպով թիկունք կանգնիլը, մինչ կը սպասեն «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն»՝ Արմագեդոնին եւ Հազարամեայի ընթացքին։ Անոնք կրնան ակնկալել ‘ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասնիլ’։—Հռովմայեցիս 8։19-21

Հոգիով Միացած՝ Յիշատակատօնին

19. «Ճշմարտութեան Հոգին» ի՞նչ ըրած է օծեալներուն եւ իրենց ընկերակիցներուն, եւ անոնք ի՞նչպէս մասնայատուկ կերպով միացած պիտի ըլլան Մարտ 28–ի երեկոյեան։

19 Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, իր փակման աղօթքին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Անոնց համար [կ’աղաչեմ], . . . որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ (Յովհաննու 17։20, 21) Սէրէ մղուած, Աստուած իր Որդին ղրկեց որ իր կեանքը զոհէ՝ օծեալներուն եւ հնազանդ մարդկային աշխարհին համար։ (Ա. Յովհաննու 2։2) «Ճշմարտութեան Հոգին» միացուցած է Քրիստոսի եղբայրները եւ իրենց ընկերակիցները։ Մարտ 28–ի երեկոյեան, արեւնամուտէն ետք, երկու դասակարգերն ալ միասնաբար պիտի հաւաքուին Քրիստոսի մահը յիշատակելու եւ մտաբերելու համար այն բոլոր բաները, զորս Եհովա ըրած է իրենց համար, իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութեան միջոցաւ։ Թող որ այդ կարեւոր առիթին իրենց ներկայութիւնը զօրացնէ իրենց միութիւնը եւ նորոգէ Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ յարատեւելու իրենց վճռակամութիւնը, այսպիսով ապացուցանելով թէ ուրախ են գտնուելով այն անհատներուն մէջ, զորս Եհովա կը սիրէ։

Վերաքաղի համար

• «Ճշմարտութեան Հոգին» ե՞րբ ղրկուեցաւ նախկին Քրիստոնեաներուն, եւ անիկա ի՞նչպէս «օգնական» մը եղաւ։

• Օծեալները ի՞նչպէս գիտեն թէ երկնային կոչումը ստացած են։

• Աստուծոյ հոգին ի՞նչ կերպերով կը գործէ ուրիշ ոչխարներուն մէջ։

• Ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս բարիք ըրած են Քրիստոսի եղբայրներուն, եւ ինչո՞ւ առանց օծեալներուն ‘կատարեալ պիտի չըլլան’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

«Ճշմարտութեան Հոգին» աշակերտներուն վրայ թափուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին

[Նկարներ՝ էջ 27]

Ուրիշ ոչխարները Քրիստոսի եղբայրներուն բարիք ըրած են, անոնց թիկունք կանգնելով քարոզելու աստուածային յանձնարարութիւնը կատարելու մէջ