Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք բարութիւն ցուցաբերել

Շարունակեցէք բարութիւն ցուցաբերել

Շարունակեցէք բարութիւն ցուցաբերել

«Լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։9, ստորանիշ

1. Ներկայիս միլիոնաւորներ ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Սաղմոս 31։19–ի հետ համաձայն են։

ԵՀՈՎԱՅԻ փառք բերելը ամենէն գովաբանելի բանն է, որ մարդկային արարած մը կրնայ ընել։ Ներկայիս, միլիոնաւորներ ասիկա կ’ընեն, Աստուած փառաբանելով իր բարութեան համար։ Որպէս Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ, ամբողջ սրտով կը համաձայնինք սաղմոսերգուին հետ, որ ըսաւ. «Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր»։—Սաղմոս 31։19

2, 3. Ի՞նչ կրնար պատահիլ եթէ մեր աշակերտելու գործին բարի վարմունք չընկերակցէր։

2 Եհովայի հանդէպ յարգալից վախը, մեզ կը մղէ զինք փառաբանելու իր բարութեան համար։ Անիկա նաեւ մեզ կը մղէ ‘Եհովան գովելու, օրհնելու, եւ իր թագաւորութեանը փառքը գիտցնելու’։ (Սաղմոս 145։10-13) Անոր համար է որ նախանձախնդրաբար կը մասնակցինք Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Անշուշտ, մեր քարոզչութեան պէտք է ընկերակցի բարի վարմունքը։ Այլապէս, Եհովայի սուրբ անուան անարգանք կրնանք բերել։

3 Շատեր կը դաւանին Աստուած պաշտել, սակայն անոնց վարքը չի համակերպիր իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ արձանագրուած չափանիշներուն։ Բարիք ընելու իրենց դաւանութեան համաձայն չգործողներուն մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. . . . վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն, ինչպէս գրուած է»։—Հռովմայեցիս 2։21, 22, 24

4. Մեր բարի վարքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։

4 Փոխանակ Եհովայի անուան անարգանք բերելու, կը ջանանք զայն փառաբանել մեր բարի վարքով։ Ասիկա քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունի։ Օրինակ, անիկա մեզի կ’օգնէ հակառակորդները լռեցնելու։ (Ա. Պետրոս 2։15) Աւելի կարեւորը, մեր լաւ վարքը մարդիկը Եհովայի կազմակերպութեան կը քաշէ, անոնց առջեւ ճամբան հարթելով որ իրեն փառք բերեն եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։—Գործք 13։48

5. Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

5 Քանի որ անկատար ենք, ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ վարքէ մը, որ կրնայ Եհովան անպատուել եւ ճշմարտութիւնը որոնողները գայթակղեցնել։ Արդարեւ, ի՞նչպէս կրնանք բարութիւն ցուցաբերելու մէջ յաջողութիւն գտնել։

Լուսոյ Պտուղ մը

6. ‘Խաւարին անպտուղ գործերէն’ ոմանք ի՞նչ են, բայց Քրիստոնեաներուն մէջ ի՞նչ պտուղ բացայայտ պէտք է ըլլայ։

6 Որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ, կը վայելենք բան մը որ մեզի կ’օգնէ խուսափելու ‘խաւարին անպտուղ գործերէն’։ Ասոնց մէջ կան Աստուած անպատուող արարքներ, ինչպէս՝ ստախօսութիւն, գողութիւն, հայհոյութիւն, սեռի մասին նուաստացուցիչ խօսակցութիւն, ամօթալի վարք, խեղկատակութիւն, եւ գինովութիւն։ (Եփեսացիս 4։25, 28, 31. 5։3, 4, 11, 12, 18) Փոխանակ այսպիսի գործերու միջամուխ ըլլալու, ‘լոյսի որդիներու պէս կը քալենք’։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ թէ «լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է»։ (Եփեսացիս 5։8, 9, ստորանիշ) Ուստի, լոյսի մէջ քալելով է որ կրնանք շարունակել բարութիւն ցուցաբերել։ Սակայն ասիկա ի՞նչպիսի լոյս մըն է։

7. Որպէսզի շարունակենք բարութեան պտուղը ցուցաբերել, ի՞նչ պէտք է ընենք։

7 Հակառակ մեր անկատարութիւններուն, կրնանք բարութիւն ցուցաբերել եթէ հոգեւոր լոյսի մէջ քալենք։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ (Սաղմոս 119։105) Եթէ կ’ուզենք շարունակել «լուսոյ պտուղը» ցուցաբերել «ամէն կերպ բարութիւնով», պէտք է յարատեւաբար օգտուինք այն հոգեւոր լոյսէն որ կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքին մէջ, որ ուշադրութեամբ կը քննարկուի քրիստոնէական գրականութիւններուն մէջ, եւ կանոնաւորաբար նկատի կ’առնուի պաշտամունքի յատկացուած մեր ժողովներուն մէջ։ (Ղուկաս 12։42. Հռովմայեցիս 15։4. Եբրայեցիս 10։24, 25) Նաեւ մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք Յիսուս Քրիստոսի օրինակին եւ ուսուցումներուն, որ «աշխարհի լոյսը» եւ «[Եհովայի] փառքին լոյսն» է։—Յովհաննու 8։12. Եբրայեցիս 1։1-3

Հոգիին Պտուղներէն Մէկը

8. Ինչո՞ւ կրնանք բարութիւն ցուցաբերել։

8 Անտարակոյս, հոգեւոր լոյսը մեզի կ’օգնէ որ բարութիւն ցուցաբերենք։ Ասկէ զատ, կարող ենք այս յատկութիւնը ցուցաբերել, քանի որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին, կամ գործօն ոյժին կողմէ առաջնորդուած ենք։ Բարութիւնը «հոգիին պտուղ»ին մաս կը կազմէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եթէ Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ենթարկուինք, անիկա մեր մէջ պիտի արտադրէ բարութեան իր սքանչելի պտուղը։

9. Ի՞նչպէս կրնանք Ղուկաս 11։9-13–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործել։

9 Հոգիին բարութեան պտուղը ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնելու մեր խոր փափաքը, մեզ պէտք է մղէ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործելու. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։ Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ [անկատար եւ ուստի՝ բաղդատաբար] չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։9-13) Թող որ Յիսուսի խրատին հետեւինք, աղօթքով Եհովայի հոգին խնդրելով, որպէսզի կարենանք շարունակել անոր բարութեան պտուղը ցուցաբերել։

Շարունակեցէք ‘Բարիք Գործել’

10. Եհովայի բարութեան ո՞ր երեսակները յիշուած են Ելից 34։6, 7–ի մէջ։

10 Աստուծոյ Խօսքին հոգեւոր լոյսով եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրնանք շարունակել ‘բարիք գործել’։ (Հռովմայեցիս 13։3) Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ, կրնանք Եհովայի բարութիւնը ի՛նչպէս ընդօրինակելու մասին շատ աւելի սորվիլ։ Նախորդ յօդուածը նկատի առաւ Եհովայի բարութեան երեսակները, որոնք արձանագրուած են Ելից 34։6, 7–ի մէջ, Մովսէսի ուղղուած յայտարարութեան մէջ, ուր կը կարդանք. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ Եհովայի բարութեան այս յայտնաբերումներուն վրայ աւելի մօտէն ակնարկ մը նետելը, մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ‘բարիք գործել’։

11. Եհովայի ողորմած եւ բարերար ըլլալը գիտնալը, ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։

11 Աստուածային այս յայտարարութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Եհովան ընդօրինակելու կարիքը՝ ողորմած եւ բարերար ըլլալով։ «Երանի՜ ողորմածներուն», ըսաւ Յիսուս, «վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։ (Մատթէոս 5։7. Ղուկաս 6։36) Ի մտի ունենալով թէ Եհովան բարերար է, կը մղուինք ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ բարերար եւ հաճելի ըլլալ, ի ներառեալ մեր քարոզած անհատները։ Ասիկա ներդաշնակ է Պօղոսի խրատին հետ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։6

12. (ա) Քանի որ Աստուած երկայնամիտ է, ուրիշներու հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։ (բ) Եհովայի ողորմութիւնը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

12 Քանի որ Աստուած երկայնամիտ է, ‘բարիք գործելու’ մէջ յարատեւելու մեր փափաքը կը մղէ մեզ, որ հաւատակիցներու չնչին թերացումներուն աչք խփենք եւ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։ (Մատթէոս 7։5. Յակոբու 1։19) Եհովայի ողորմութիւնը կը մղէ մեզ հաւատարիմ սէր ցոյց տալու, նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներու ներքեւ։ Վստահաբար, ասիկա շա՛տ փափաքելի է։—Առակաց 19։22

13. Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք, արտացոլացնելու համար թէ Եհովան ‘առատ է ճշմարտութիւնով’։

13 Քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը ‘առատ է ճշմարտութիւնով’, կը ջանանք ‘մեր անձը յանձնարարել որպէս իր սպասաւորները՝ ճշմարտութեան խօսքով’։ (Բ. Կորնթացիս 6։3-7) Եհովայի աչքին եօթը պիղծ բաներուն մէջ կայ՝ «ստախօս լեզու» եւ «ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ»։ (Առակաց 6։16-19) Ուստի, Աստուած հաճեցնելու մեր փափաքը մեզ մղած է որ ‘ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսինք’։ (Եփեսացիս 4։25) Թող որ երբեք չթերանանք այս կենսական կերպով բարութիւն ցուցաբերելու մէջ։

14. Ինչո՞ւ ներող պէտք է ըլլանք։

14 Մովսէսի լսած Աստուծոյ յայտարարութիւնը նաեւ պէտք է մղէ մեզ ներող ըլլալու, քանի որ Եհովան ներելու պատրաստ է։ (Մատթէոս 6։14, 15) Անշուշտ, Եհովա անզեղջ մեղաւորները կը պատժէ։ Հետեւաբար, ժողովքին հոգեւոր մաքրութիւնը պահպանելու հարցին մէջ, բարութեան իր չափանիշներուն պէտք է կառչինք։—Ղեւտացւոց 5։1. Ա. Կորնթացիս 5։11, 12. Ա. Տիմոթէոս 5։22

«Զգուշացէ՛ք»

15, 16. Եփեսացիս 5։15-19–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը, ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ բարութիւն գործելու մէջ յարատեւենք։

15 Որպէսզի շարունակենք բարութիւն ցուցաբերել հակառակ մեզ շրջապատող չարութեան, պէտք է Աստուծոյ հոգիով լեցուինք եւ զգոյշ ըլլանք թէ ի՛նչպէս կը քալենք։ Հետեւաբար, Պօղոս Եփեսոսի Քրիստոնեաները յորդորեց. «Զգուշացէ՛ք որ ընթանաք շրջահայեցութեամբ, ո՛չ թէ անխոհեմներու պէս, հապա՝ իմաստուններու պէս։ Գնեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ օրերը չար են։ Ուստի անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա հասկցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջ կամքը։ Մի՛ արբենաք գինիով՝ որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա լեցուեցէ՛ք Հոգիով։ Սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով դուք ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմո՛ս ըսէք Տէրոջ ձեր սիրտին մէջ»։ (Եփեսացիս 5։15-19, Վերանայուած) Այս խրատը ի՛րապէս յարմար է մեզի, այս դժուար վերջին օրերուն մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

16 Եթէ կ’ուզենք բարութիւն գործելու մէջ յարատեւել, պէտք է զգուշանանք որ աստուածային իմաստութիւն ի գործ դնողներուն պէս քալենք։ (Յակոբու 3։17) Պէտք է խուսափինք լուրջ մեղքերէ եւ սուրբ հոգիով լեցուինք, թոյլ տալով որ մեր անձը անով առաջնորդուի։ (Գաղատացիս 5։19-25) Քրիստոնէական ժողովներուն եւ համաժողովներուն հաղորդուած հոգեւոր հրահանգները կիրարկելով, կրնանք բարիք գործելու մէջ յարատեւել։ Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը, նաեւ կը յիշեցնեն մեզի թէ պաշտամունքի յատկացուած մեր ժողովներուն մեծամասնութեան պարագային, սրտանց «հոգեւոր երգեր» երգելով կ’օգտուինք, որոնցմէ շատեր հոգեւոր յատկութիւններ կը շեշտեն, ինչպէս՝ բարութիւնը։

17. Եթէ իրենց պարագաները արգելք կը հանդիսանան կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուելու, լուրջ հիւանդութիւն ունեցող Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։

17 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր հաւատակիցներուն մասին, որոնք երկարատեւ լուրջ հիւանդութեան մը պատճառաւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու անկարող են։ Թերեւս անոնք սրտաբեկ են, քանի որ միշտ չեն կրնար Եհովան պաշտել՝ ուղղակիօրէն ընկերակցելով իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Սակայն, անոնք կրնան վստահ ըլլալ թէ Եհովա կը հասկնայ իրենց պարագաները, զիրենք լոյսի մէջ պիտի պահէ, սուրբ հոգին պիտի տայ իրենց, եւ պիտի օգնէ որ շարունակեն բարիք գործել։—Եսայեայ 57։15

18. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ բարութեան ընթացք մը հետապնդենք։

18 Բարութեան ընթացք մը հետապնդելը կը պահանջէ որ մեր ընկերակցութիւններուն վրայ հսկենք եւ «բարին չսիրող» անհատներէ հեռու կենանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2-5. Ա. Կորնթացիս 15։33) Այս խրատը կիրարկելը մեզի կ’օգնէ որ խուսափինք ‘Աստուծոյ Սուրբ Հոգին տրտմեցնելէ’, անոր առաջնորդութեան հակառակ գործելով։ (Եփեսացիս 4։30) Ասկէ զատ, բարին ընելու մէջ օգնութիւն պիտի ստանանք, եթէ սերտ կապեր մշակենք անոնց հետ, որոնց կեանքը կ’ապացուցանէ թէ իրենք բարութիւնը սիրողներ են եւ Եհովայի սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուին։—Ամովսայ 5։15. Հռովմայեցիս 8։14. Գաղատացիս 5։18

Բարութիւնը Լաւ Արդիւնքներ կու Տայ

19-21. Փորձառութիւններ պատմեցէք որոնք ցոյց կու տան բարութիւն ցուցաբերելուն ազդեցութիւնը։

19 Հոգեւոր լոյսին մէջ քալելը, Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան ենթարկուիլը, եւ մեր ընթացքին զգուշութիւն ընելը, մեզի կ’օգնեն որ չարէն խուսափինք եւ շարունակենք ‘բարիք գործել’։ Իր կարգին, ասիկա հոյակապ արդիւնքներ կրնայ տալ։ Նկատի առէք Հարաւային Ափրիկէէն, Եհովայի Վկայ Զոնկէզիլի փորձառութիւնը։ Առաւօտ մը, երբ ան դպրոց կ’ուղղուէր, դրամատան մէջ իր ունեցած պզտիկ հաշիւը ստուգեց։ Դրամ վճարող ինքնագործ մեքենային թղթիկը սխալ կերպով յաւելեալ R42,000 ($6,000, Ա.Տ.) ցոյց տուաւ։ Դրամատան պահակներէն մէկը եւ ուրիշներ զինք յորդորեցին որ դրամը գանձէ եւ զայն ուրիշ դրամատան մը մէջ իր հաշւոյն դնէ։ Միայն այն Վկայ ամոլը, որոնց հետ կը բնակէր, զինք գովեցին դրամը չգանձելուն համար։

20 Յաջորդ օրը, Զոնկէզիլ դրամատան տեղեկացուց եղած սխալը։ Ի յայտ եկաւ թէ իր հաշիւին թիւը նման էր հարուստ առեւտրականի մը հաշիւի թիւին, որ անուշադրութեամբ գումար մը դրած էր սխալ հաշւոյն մէջ։ Զարմանալով որ Զոնկէզիլ դրամին ձեռք չէր նետած, առեւտրականը անոր հարցուց. «Ի՞նչ կրօնքի կը պատկանիս»։ Զոնկէզիլ բացատրեց թէ Եհովայի Վկայ մըն էր։ Դրամատան պաշտօնեաները ջերմօրէն գովեցին զինք, եւ ըսին. «Երանի՜ թէ բոլոր մարդիկ Եհովայի Վկաներուն պէս պարկեշտ ըլլային»։ Իրապէս, պարկեշտ ու բարի արարքներ կրնան պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ Եհովան փառաբանեն։—Եբրայեցիս 13։18

21 Հարկ չկայ որ բարութեան արարքները ուշագրաւ ըլլան, որպէսզի լաւ ազդեցութիւն մը ունենան։ Բացատրենք. Սամոա կղզիներէն մէկուն մէջ որպէս լիաժամ քարոզիչ ծառայող երիտասարդ Վկայ մը, ստիպուեցաւ տեղական հիւանդանոց մը երթալ։ Մարդիկ բժիշկը կը սպասէին, եւ Վկան նկատեց թէ իրմէ վերջ եկող տարեց կինը շատ հիւանդ էր։ Ան կարգադրեց որ կինը իր կարգը առնէ, որպէսզի աւելի շուտ հոգատարութիւն ստանայ։ Հետագային, Վկան շուկային մէջ այս տարեց կնոջ հանդիպեցաւ։ Կինը յիշեց զինք եւ հիւանդանոցին մէջ իր ըրած բարի արարքը։ «Հիմա գիտեմ թէ Եհովայի Վկաները իրապէս կը սիրեն իրենց դրացիները», ըսաւ ան։ Թէեւ կինը նախապէս չէր ընդառաջած Թագաւորութեան պատգամին, սակայն, իրեն հանդէպ Վկային ցուցաբերած բարութիւնը լաւ արդիւնքներ ունեցաւ։ Ան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ սկսաւ Աստուծոյ Խօսքէն գիտութիւն ստանալ։

22. ‘Բարիք գործելու’ շատ յատկանշական կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

22 Շատ հաւանաբար, կրնաք փորձառութիւններ պատմել, որոնք ցոյց կու տան բարութիւն ցուցաբերելուն արժէքը։ Յարատեւաբար ‘բարիք գործելու’ շատ յատկանշական կերպ մըն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու մէջ կանոնաւոր մասնակցութիւն բերել։ (Մատթէոս 24։14) Թող որ շարունակենք նախանձախնդրաբար մասնակցիլ այս առանձնաշնորհեալ գործունէութեան, գիտակցելով թէ ասիկա բարիք ընելու կերպերէն մէկն է, յատկապէս անոնց համար որոնք նպաստաւոր կերպով կ’ընդառաջեն։ Ամենակարեւորը, մեր ծառայութիւնը եւ բարի վարքը կը փառաբանեն Եհովան՝ բարութեան բուն ակունքը։—Մատթէոս 19։16, 17

Շարունակեցէք ‘Բարիք Ընել’

23. Քրիստոնէական ծառայութիւնը ինչո՞ւ բարի գործ մըն է։

23 Անտարակոյս, մեր ծառայութիւնը բարի գործ մըն է։ Անիկա փրկութիւն կրնայ նշանակել թէ՛ մեզի եւ թէ Աստուածաշունչի պատգամին մտիկ ընելով, յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ քալողներուն համար։ (Մատթէոս 7։13, 14. Ա. Տիմոթէոս 4։16) Ուստի, երբ որոշումներ կը դիմագրաւենք, բարին ընելու փափաքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Այս որոշումը ի՞նչպէս պիտի ազդէ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործունէութեանս։ Նկատի առած ընթացքս իրապէս իմաստո՞ւն ընթացք մըն է։ Անիկա պիտի օգնէ՞ ինծի որ ուրիշներուն օժանդակեմ «յաւիտենական աւետիսը» ընդունելու եւ Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան մէջ գալու’։ (Յայտնութիւն 14։6) Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանող որոշում մը մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։—Մատթէոս 6։33. Գործք 20։35

24, 25. Ժողովքին մէջ բարութիւն ընելու կերպերէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ի՞նչ բանէ վստահ կրնանք ըլլալ եթէ շարունակենք բարութիւն ցուցաբերել։

24 Երբեք չթերագնահատենք բարութեան օգտակար ազդեցութիւնները։ Կրնանք շարունակել այս յատկութիւնը ցուցաբերել, քրիստոնէական ժողովքին թիկունք կանգնելով եւ անոր շահերուն եւ բարօրութեան հոգ տանելու համար մեր լաւագոյնը ընելով։ Վստահաբար բարիք ըրած կ’ըլլանք, երբ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուինք եւ մասնակցութիւն կը բերենք։ Մեր ներկայութիւնն իսկ մեր հաւատակիցները կը քաջալերէ, եւ մեր լաւ պատրաստուած պատասխանները զանոնք հոգեւորապէս կը կերտեն։ Նաեւ բարիք կ’ընենք երբ մեր նիւթական միջոցները կը գործածենք Թագաւորութեան Սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու համար, եւ պատշաճօրէն անոր հոգ տանելու մէջ մեր բաժինը կը բերենք։ (Դ. Թագաւորաց 22։3-7. Բ. Կորնթացիս 9։6, 7) Արդարեւ, «քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—Գաղատացիս 6։10

25 Չենք կրնար նախատեսել իւրաքանչիւր պարագայ, որ կրնայ բարութիւն ցուցաբերելու հարկը ստեղծել։ Ուստի, մինչ նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, թող որ Սուրբ Գրութիւններէն լուսաւորում փնտռենք, աղօթքով Եհովայի սուրբ հոգին խնդրենք, եւ իր բարի եւ կատարեալ կամքը կատարելու համար մեր լաւագոյնը ընենք։ (Հռովմայեցիս 2։9, 10. 12։2) Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա առատօրէն մեզ պիտի օրհնէ, մինչ կը շարունակենք բարութիւն ցուցաբերել։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչպէս կրնանք ամենէն գովաբանելի բանը իրագործել։

• Բարութիւնը ինչո՞ւ «լուսոյ պտուղ» մը կոչուած է։

• Բարութիւնը ինչո՞ւ «հոգիին պտուղ»ներէն մէկը կոչուած է։

• Մեր բարի վարքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Աստուծոյ Խօսքը եւ իր սուրբ հոգին մեզի կ’օգնեն որ բարութիւն ցուցաբերենք

[Նկարներ՝ էջ 16]

Բարութիւն ցուցաբերելը հոյակապ արդիւնքներ կու տայ