Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Թերեւս ցաւ զգաս»

«Թերեւս ցաւ զգաս»

«Թերեւս ցաւ զգաս»

ԲՆԱՒ լսա՞ծ էք այս խօսքը։ Կրնայ ըլլալ որ բժիշկ մը կամ հիւանդապահուհի մը ձեզի ըսած է զայն, յանձնարարուած դարման մը մատակարարելէ առաջ։

Հաւանաբար, չուզեցիք մերժել այդ դարմանը պարզապէս խուսափելու համար նախատեսուած ցաւէն։ Փոխարէն, ցաւին տոկացիք հետագայ առողջարար օգուտները քաղելու համար։ Ծայրայեղ պարագաներու ներքեւ, նեղացուցիչ դարման մը ընդունիլը կամ մերժելը, կրնայ մահու կենաց խնդիր ըլլալ։

Թէեւ բժիշկի մը հոգատարութեան կարիքը միշտ չենք ունենար, սակայն որպէս անկատար մարդիկ, բոլորս ալ պէտք ունինք կրթութեան կամ սրբագրութեան, նոյնիսկ եթէ անիկա երբեմն ցաւ պատճառէ։ (Երեմեայ 10։23) Երախաներուն կրթութիւն մատակարարելու կարիքը շեշտելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ»։—Առակաց 22։15

Այս պարագային, գաւազանը ծնողական հեղինակութեան խորհրդանիշ մըն է։ Ճիշդ է որ երախաներէն քիչեր կը սիրեն կրթութիւնը։ Եթէ անոր մէջ որոշ պատիժ պարփակուած ըլլայ, անոնք կրնան ընդվզիլ։ Սակայն, իմաստուն եւ սիրալիր ծնողներ, զաւկին վիրաւորուած զգացումներէն անդին՝ անոր ապագայ բարօրութեան՝ կը նային։ Քրիստոնեայ ծնողներ գիտեն թէ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ է, երբ կ’ըսէ. «Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։—Եբրայեցիս 12։11. Առակաց 13։24

Անշուշտ, միայն երախաները չեն որ կրթութեան կարիքը ունին։ Չափահասներն ալ անոր կարիքը ունին։ Աստուածաշունչը խօսքը չափահասներուն կ’ուղղէ, երբ կ’ըսէ. «Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է»։ (Առակաց 4։13) Այո, իմաստուն անհատներ, ըլլան դեռատի կամ չափահաս, պիտի ողջունեն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կրթութիւնը, քանի որ ասիկա ընելը ի վերջոյ իրենց կեանքը պիտի պահպանէ։