Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը ձեզի համար որքա՞ն թանկագին է

Ճշմարտութիւնը ձեզի համար որքա՞ն թանկագին է

Ճշմարտութիւնը ձեզի համար որքա՞ն թանկագին է

«Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8։32

1. Ըստ երեւոյթին, Պիղատոս եւ Յիսուս ի՞նչ տարբեր կերպերով գործածեցին «ճշմարտութիւն» բառը։

«Ի՞ՆՉ է ճշմարտութիւնը»։ Երբ Պիղատոս այս հարցումը հարցուց, կը թուի թէ ան հետաքրքրուած էր ընդհանուր ճշմարտութեամբ։ Միւս կողմէ, տակաւին Յիսուս նոր ըսած էր՝ «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37, 38) Պիղատոսի հակառակը, Յիսուս կ’ակնարկէր աստուածային ճշմարտութեան։

Ճշմարտութեան Հանդէպ Աշխարհի Տեսակէտը

2. Յիսուսի ո՞ր խօսքը ճշմարտութեան արժէքը ցոյց կու տայ։

2 Պօղոս ըսաւ. «Ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Նոյն բանը կրնայ ըսուիլ ճշմարտութեան մասին։ Նոյնիսկ երբ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ճշմարտութիւնը գիտնալու պատեհութիւնը ներկայացուի իրենց, շատեր զայն դիտումնաւոր կերպով կ’անտեսեն։ Սակայն, անիկա մեզի համար որքա՜ն թանկագին է։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—Յովհաննու 8։32

3. Խաբէական ուսուցումներուն նկատմամբ եղած ո՞ր ազդարարութեան պէտք է անսանք։

3 Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ ճշմարտութիւնը մարդկային փիլիսոփայութիւններու եւ աւանդութիւններու մէջ չէր գտնուեր։ (Կողոսացիս 2։8) Արդարեւ, այսպիսի ուսուցումներ խաբուսիկ են։ Պօղոս Եփեսացի Քրիստոնեաները ազդարարեց որ եթէ իրենց հաւատքը այսպիսի բաներու վրայ դնէին, հոգեւոր երախաներու նման պիտի ‘երերային ամէն հովերէ տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու’։ (Եփեսացիս 4։14) Ներկայիս, «մարդոց խաբէութիւն»ը յառաջ կը քշուի, աստուածային ճշմարտութեան հակառակորդներուն պրոպականդով։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը «պրոպականդ» բառը կը սահմանէ որպէս «ուրիշ մարդոց հաւատալիքները, կեցուածքները, կամ արարքները ղեկավարելու կանոնաւոր ջանք»։ Այսպիսի պրոպականդ, ճշմարտութիւնը խորամանկօրէն ստութեան կը փոխէ, եւ ստութիւններ յառաջ կը քշէ որպէս ճշմարտութիւն։ Որպէսզի ճշմարտութիւնը գտնենք հակառակ այսպիսի նենգամիտ ճնշումներու, պէտք է ժրաջանօրէն Սուրբ Գրութիւններուն դիմենք։

Քրիստոնեաները եւ Աշխարհը

4. Ճշմարտութիւնը որո՞ւ մատչելի է, եւ զայն ձեռք ձգողները ի՞նչ պարտաւորութիւն ունին։

4 Իր աշակերտներուն ակնարկելով, Յիսուս Քրիստոս Եհովայի աղօթեց. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Անոնք պիտի սրբուէին, կամ զատուէին, Եհովայի ծառայելու եւ իր անունն ու Թագաւորութիւնը ճանչցնելու նպատակաւ։ (Մատթէոս 6։9, 10. 24։14) Թէեւ Եհովայի ճշմարտութիւնը ամէն մարդու սեփականութիւնը չէ, սակայն անիկա որպէս ձրի պարգեւ մատչելի է բոլոր զայն փնտռողներուն, անոնց ազգութիւնը, ցեղը, կամ մշակութային ենթահողը ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35

5. Քրիստոնեաները յաճախ ինչո՞ւ կը հալածուին։

5 Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը բաժնեն ուրիշներու հետ, բայց անոնք ամէնուրեք հաճոյքով ընդունուած չեն։ Յիսուս զգուշացուց. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Այս համարին մասին մեկնաբանելով, Իրլանտացի կղերական Ճոն Ռ. Քաթըր, 1817–ին գրեց. «Իրենց քարոզչութեամբ մարդոց կեանքերը բարեփոխելու [Քրիստոնեաներուն] ջանքերը, փոխանակ մարդիկը մղելու որ երախտապարտ ըլլան, իրականութեան մէջ, պատճառ կ’ըլլան որ անոնք ատեն ու հալածեն աշակերտները, իրենց անառակութիւնները քօղազերծելուն համար»։ Այսպիսի հալածիչներ ‘ճշմարտութեան սէրը չեն ընդունիր որ փրկուին’։ Այս պատճառով, «Աստուած ալ [կը] ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրէնութեան յօժարեցան»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։10-12

6. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպիսի ցանկութիւններ պէտք չէ մշակէ։

6 Յովհաննէս առաքեալ այս թշնամական աշխարհի մէջ ապրող Քրիստոնեաները կը յորդորէ, ըսելով. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ . . . Քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Երբ «ամէն բան» կ’ըսէ, Յովհաննէս բան մը դուրս չի ձգեր։ Այս պատճառաւ ալ պէտք չէ ցանկութիւն մշակենք աշխարհի մատուցած որեւէ բանի հանդէպ, որ կրնայ մեզ ճշմարտութենէն շեղեցնել։ Յովհաննէսի խրատին զգուշութիւն ընելը, մեր կեանքին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը պիտի բանեցնէ։ Ի՞նչպէս։

7. Ճշմարտութեան գիտութիւնը ի՞նչպէս կը մղէ ուղիղ սիրտ ունեցողները։

7 2001–ի ընթացքին, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ամէն ամիս աւելի քան չորս ու կէս միլիոն տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարեցին, կեանքի համար աստուածային պահանջները սորվեցնելով անհատներու եւ խումբերու։ Որպէս արդիւնք, 263,431 անհատներ մկրտուեցան։ Ճշմարտութեան լոյսը թանկագին դարձաւ այս նոր աշակերտներուն, եւ անոնք մերժեցին չար ընկերակցութիւնները եւ այս աշխարհի մէջ համատարած եղող անբարոյ, Աստուած անպատուող ճամբաները։ Մկրտուելէն ի վեր, անոնք շարունակած են բոլոր Քրիստոնեաներուն համար Եհովայի դրած չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ (Եփեսացիս 5։5) Ճշմարտութիւնը ձեզի համար ա՞յսքան թանկագին է։

Եհովա կը Հոգայ Մեզի

8. Եհովա ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ մեր նուիրումին, եւ ինչո՞ւ իմաստութիւն է ‘առաջ թագաւորութիւնը խնդրել’։

8 Հակառակ մեր անկատարութիւններուն, Եհովա ողորմածօրէն կ’ընդունի մեր նուիրումը, այլաբանօրէն խոնարհելով, մեզ իրեն քաշելու համար։ Այս կերպով ան մեզի կը սորվեցնէ մեր նպատակակէտերը եւ ցանկութիւնները վսեմացնել։ (Սաղմոս 113։6-8) Միեւնոյն ատեն, Եհովա թոյլ կու տայ մեզի որ իր հետ անձնական յարաբերութիւն մը ունենանք, եւ կը խոստանայ մեզի հոգ տանիլ, եթէ շարունակենք ‘առաջ խնդրել թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’։ Եթէ ասիկա ընենք եւ մենք մեզ հոգեւորապէս պաշտպանենք, ան կը խոստանայ՝ «Այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։33

9. Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», եւ այս «ծառան» գործածելով, Եհովա ի՞նչպէս հոգ կը տանի մեզի։

9 Յիսուս Քրիստոս իր 12 առաքեալները ընտրեց եւ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին հիմը դրաւ, որ կոչուեցաւ «Աստուծոյ Իսրայէլը»։ (Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 21։9, 14) Անիկա հետագային բնութագրուեցաւ որպէս ‘կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը’։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Յիսուս այդ ժողովքին անդամները բնորոշեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը»։ Յիսուս ըսաւ թէ այդ հաւատարիմ ծառան պատասխանատու պիտի ըլլար Քրիստոնեաներուն ‘ատենին տալու իրենց ուտելիքը’։ (Մատթէոս 24։3, 45-47. Ղուկաս 12։42) Առանց ուտելիքի սովամահ կ’ըլլանք։ Նմանապէս, հոգեւոր սնունդ չառնելով, հոգեւորապէս կը տկարանանք ու կը մեռնինք։ Հետեւաբար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գոյութիւնը ուրիշ ապացոյց մըն է թէ Եհովա հոգ կը տանի մեզի։ Թող որ միշտ գնահատենք այդ ‘ծառային’ միջոցաւ մեզի համար եղած թանկագին հոգեւոր հայթայթումները։—Մատթէոս 5։3

10. Ինչո՞ւ կենսական է որ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք։

10 Հոգեւոր սնունդով կերակրուիլը կը պարփակէ անձնական ուսումնասիրութիւնը։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ ուրիշ Քրիստոնեաներու հետ ընկերակցիլ եւ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ։ Ճշգրիտ կերպով կը յիշէ՞ք թէ վեց ամիս առաջ, կամ նոյնիսկ վեց շաբաթ առաջ ի՛նչ կերաք։ Հաւանաբար ոչ։ Այսուհանդերձ, ինչ որ ալ կերաք, անիկա ձեզի հարկ եղած սնունդը հայթայթեց։ Եւ հաւանաբար, անկէ ի վեր նման ճաշեր դարձեալ կերած էք։ Նոյնն է պարագան մեր քրիստոնէական ժողովներուն հայթայթուած հոգեւոր սնունդին։ Թերեւս ժողովներուն մէջ մեր լսած իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն չենք յիշեր։ Եւ հաւանաբար նման տեղեկութիւններ կրկին անգամ հայթայթուած են։ Այսուհանդերձ, անիկա մեր բարօրութեան համար կենսական եղող հոգեւոր սնունդ է։ Մեր ժողովները միշտ յարմար ատենին հրամցուած հոգեւոր լաւ սնունդ կը հայթայթեն։

11. Երբ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք, ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունինք։

11 Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը, նաեւ մեր վրայ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ։ Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ‘մէկզմէկ յորդորեն’, իրենց ժողովքին անդամները «սիրոյ եւ բարեգործութեան» մղելով։ Քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն պատրաստուիլը, ներկայ գտնուիլը եւ մասնակցիլը, անհատապէս մեր հաւատքը կը զօրացնէ եւ ուրիշները կը քաջալերէ։ (Եբրայեցիս 10։23-25) Ուտելիքի նկատմամբ դժուարահաճ եղող երախաներու նման, ոմանք հոգեւորապէս կերակրուելու համար յարատեւ քաջալերութեան կը կարօտին։ (Եփեսացիս 4։13) Սիրալիր բան է այդ քաջալերութիւնը տալը երբ կարիքը կայ, որպէսզի այսպիսիներ զարգանալով հասուն Քրիստոնեաներ դառնան, որոնց մասին Պօղոս գրեց. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։—Եբրայեցիս 5։14

Հոգեւորապէս Մենք Մեզի Հոգ Տանինք

12. Ճշմարտութեան մէջ մնալու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը որո՞ւ վրայ կ’իյնայ։ Բացատրեցէք։

12 Մեր կողակիցը կամ ծնողքը կրնան մեզ քաջալերել ճշմարտութեան ճամբուն մէջ։ Նմանապէս, ժողովքի երէցները կրնան մեզ հովուել որպէս իրենց հոգածութեան յանձնուած հօտին մէկ մասը։ (Գործք 20։28) Սակայն, գլխաւոր պատասխանատուութիւնը որո՞ւ վրայ կ’իյնայ, եթէ կ’ուզենք ճշմարտութեան վրայ հիմնուած մեր ապրելակերպին մէջ յարատեւել։ Արդարեւ, պատասխանատուութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կ’իյնայ։ Եւ այս է պարագան թէ՛ բնական պայմաններուն ներքեւ եւ թէ դժուար ժամանակներուն։ Նկատի առէք հետեւեալ միջադէպը։

13, 14. Ինչպէս գառնուկի մը պարագան ցոյց տուաւ, ի՞նչպէս կրնանք հարկ եղած հոգեւոր օգնութիւնը ստանալ։

13 Սկովտիայի մէջ, քանի մը գառներ արօտավայրի մը մէջ կ’արածէին, երբ անոնցմէ մէկը հօտէն հեռանալով բլրակ մը բարձրացաւ, ապա թաւագլոր միւս կողմը ինկաւ։ Թէեւ չվիրաւորուեցաւ, սակայն ան շատ վախցաւ ու չկրցաւ ետ մագլցիլ։ Ուստի ցաւագին սկսաւ մայել։ Մայրը լսեց մայունը եւ ինքն ալ սկսաւ մայել, մինչեւ որ հովիւը եկաւ եւ գառնուկը ազատեց։

14 Նկատի առէք իրադարձութիւններու յաջորդականութիւնը։ Գառնուկը օգնութեան աղաղակ բարձրացուց, մաքին իր ձայնը գառնուկին աղաղակներուն միացուց, եւ արթուն հովիւը անմիջապէս գործի լծուեցաւ զայն ազատելու համար։ Եթէ փոքրիկ անասուն մը ու իր մայրը կրնան վտանգը զգալ եւ անմիջապէս օգնութիւն խնդրել, պէտք չէ՞ որ մենք ալ նոյնը ընենք, երբ հոգեւորապէս սայթաքինք կամ Սատանայի աշխարհէն անակնկալ վտանգներ դիմագրաւենք։ (Յակոբու 5։14, 15. Ա. Պետրոս 5։8) Անշո՛ւշտ, մանաւանդ եթէ փորձառութիւն չունինք, քանի որ դեռատի կամ ճշմարտութեան մէջ յարաբերաբար նոր ենք։

Աստուածային Ուղղութեան Հետեւիլը Ուրախութիւն կը Բերէ

15. Կին մը ի՞նչպէս զգաց, երբ սկսաւ քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցիլ։

15 Նկատի առէք Աստուածաշունչի հասկացողութեան արժէքը եւ ճշմարտութեան Աստուծոյն ծառայողներուն համար անոր բերած մտքի խաղաղութիւնը։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Անգլիոյ Եկեղեցին յաճախած 70 տարեկան կին մը, համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի Վկայի մը հետ։ Շուտով ան սորվեցաւ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է, եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ սրտանց մատուցուած աղօթքներուն սկսաւ «Ամէն» ըսել։ Խոր զգացումով մը ան ըսաւ. «Փոխանակ Աստուած նկարագրելու որպէս մարդոց համար անմերձենալի անձնաւորութիւն մը, կը թուի թէ զինք մեզի կը մօտեցնէք որպէս սիրալիր բարեկամ մը։ Նախապէս, բնաւ այսպիսի բանի մը փորձառութիւնը չեմ ունեցած»։ Հաւանաբար, այս սիրելի հետաքրքրուած անհատը, երբե՛ք պիտի չմոռնայ այդ առաջին տպաւորութիւնը որ ճշմարտութիւնը իր վրայ ձգեց։ Նմանապէս, թող որ մենք ալ երբե՛ք չմոռնանք թէ ճշմարտութիւնը ո՛րքան թանկագին էր մեզի համար, երբ զայն առաջին անգամ ընդունեցինք։

16. (ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ դրամ շահիլը մեր գլխաւոր նպատակակէտը դարձնենք։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք իսկական ուրախութիւն գտնել։

16 Շատեր կը հաւատան որ եթէ աւելի դրամ ունենային, աւելի ուրախ պիտի ըլլային։ Սակայն, եթէ դրամ շահիլը մեր կեանքին գլխաւոր նպատակակէտը դարձնենք, կրնանք «աննկարագրելի մտատանջութիւններէ» տառապիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10, Ֆիլլիբս) Նկատի առէք թէ քանինե՜ր վիճակահանութեան տոմսեր կը գնեն, քազինօ–ներու մէջ դրամ կը վատնեն, կամ արժեթուղթերու շուկային մէջ անխոհեմօրէն ենթադրութիւններ կ’ընեն, երազելով հարստութիւն դիզել։ Շատ քիչեր ձեռք կ’անցընեն իրենց ակնկալած հարստութիւնը։ Իսկ նոյնիսկ զայն ձեռք ձգողները, յաճախ կ’անդրադառնան որ իրենց անակնկալ հարստութիւնը ուրախութիւն չի բերեր։ Ընդհակառակը, մնայուն ուրախութիւնը յառաջ կու գայ Եհովայի կամքը կատարելէն, քրիստոնէական ժողովքին հետ գործելէն՝ Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ եւ իր հրեշտակներուն օգնութեամբ։ (Սաղմոս 1։1-3. 84։4, 5. 89։15) Երբ ասիկա ընենք, անակնկալ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։ Ճշմարտութիւնը ձեզի համար այսքան թանկագի՞ն է, որ ձեր կեանքին մէջ այսպիսի օրհնութիւններ բերէ։

17. Կաշի բանող Սիմոնի քով իջեւանիլը, ի՞նչ կը յայտնէ Պետրոս առաքեալի կեցուածքին մասին։

17 Նկատի առէք Պետրոս առաքեալի մէկ փորձառութիւնը։ Հ.Դ. 36–ին, ան միսիոնարական ճամբորդութիւն մը կատարեց դէպի Սարօնի Դաշտը։ Ան կանգ առաւ Լիւդդիայի մէջ, ուր բուժեց անդամալոյծ Ենիան, եւ անկէ մեկնեցաւ Յոպպէի նաւահանգիստը։ Հոն ան Տաբիթան յարուցանեց։ Գործք Առաքելոց 9։43–ը մեզի կ’ըսէ. «Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով»։ Այս հարեւանցի ակնարկութիւնը կը յայտնէ Պետրոսի անաչառ կեցուածքը, մինչ ան այդ քաղաքի ժողովուրդին կը քարոզէր։ Ի՞նչպէս։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ֆրետերիք Ու. Ֆարրար կը գրէ. «Բերանացի [Մովսիսական] Օրէնքին թունդ ու անթեք հետեւորդ մը, հակումը պիտի չունենար կաշեգործի մը տունը բնակելու։ Ամէն օր զանազան անասուններու կաշիներուն ու դիակներուն հետ շփման մէջ գալը, ինչ որ անհրաժեշտ էր այս արհեստին մէջ, եւ անոր պահանջած նիւթերը, զայն անմաքուր ու զզուելի կը դարձնէին բոլոր անթեք օրինապաշտներուն աչքին»։ Նոյնիսկ եթէ ‘ծովուն մօտ եղող Սիմոնի տունը’ իր կաշեգործարանին կից չէր, Սիմոն կը զբաղէր «արհեստով մը որ ուրիշներու աչքին զզուելի էր, եւ անով զբաղողներուն արժանապատուութիւնը կը նսեմացնէր», կ’ըսէ Ֆարրար։—Գործք 10։6

18, 19. (ա) Ինչո՞ւ Պետրոսի ստացած տեսիլքը զինք շփոթութեան մատնեց։ (բ) Պետրոս ի՞նչ անակնկալ օրհնութիւն մը ստացաւ։

18 Անաչառ Պետրոս ընդունեց Սիմոնի հիւրասիրութիւնը, եւ հոն անակնկալ աստուածային ուղղութիւն ստացաւ։ Ան տեսիլք մը տեսաւ, որուն մէջ իրեն հրամայուեցաւ անասուններ ուտել, որոնք հրէական օրէնքին համաձայն անմաքուր էին։ Պետրոս բողոքեց թէ ինք ‘ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չէր’։ Սակայն, երեք անգամ իրեն ըսուեցաւ. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ Հասկնալիօրէն, ‘Պետրոս իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը’։—Գործք 10։5-17. 11։7-10

19 Պետրոս տեղեակ չէր թէ նախորդ օրը Կեսարիոյ մէջ, 50 քիլոմեթր հեռու, Կոռնելիոս անունով հեթանոս մըն ալ տեսիլք մը տեսած էր։ Եհովայի հրեշտակը Կոռնելիոսի պատուիրած էր որ ծառաներ ղրկէր կաշի բանող Սիմոնի տունը, ուր կը գտնուէր Պետրոս։ Կոռնելիոս իր ծառաները Սիմոնի տունը ղրկեց, եւ Պետրոս անոնց հետ միասին Կեսարիա գնաց։ Հոն ան քարոզեց Կոռնելիոսի, իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն։ Որպէս արդիւնք, անոնք առաջին անթլփատ հեթանոսներն էին, որոնք հաւատացեալ դառնալով սուրբ հոգին ստացան որպէս Թագաւորութեան ժառանգորդներ։ Թէեւ տղամարդիկը անթլփատ էին, բայց Պետրոսի խօսքերը լսող բոլոր ներկաները մկրտուեցան։ Ասիկա ճամբան հարթեց որ ամէն ազգէ անհատներ, որոնք Հրեաներուն տեսանկիւնէն դիտուած անմաքուր էին, քրիստոնէական ժողովքին անդամները դառնան։ (Գործք 10։1-48. 11։18) Ասիկա Պետրոսի համար ի՜նչ բացառիկ առանձնաշնորհում մըն էր. քանի որ ճշմարտութիւնը իրեն համար թանկագին էր եւ զինք մղեց որ Եհովայի առաջնորդութեան հնազանդի եւ հաւատքով գործի լծուի։

20. Երբ ճշմարտութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, աստուածային ի՞նչ աջակցութիւն կը տրուի մեզի։

20 Պօղոս կը յորդորէ. «Ճշմարտութիւնը խօսելով սիրոյ մէջ, ամէն բանի մէջ աճինք անո՛վ՝ որ գլուխն է, այսինքն՝ Քրիստոս»։ (Եփեսացիս 4։15) Այո, ճշմարտութիւնը անբաղդատելի ուրախութիւն պիտի տայ ներկայիս, եթէ զայն մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք եւ թոյլ տանք որ Եհովա իր սուրբ հոգիին միջոցաւ մեր քայլերը ուղղէ։ Նաեւ չմոռնանք մեր քարոզչական գործունէութեան մէջ սուրբ հրեշտակներուն աջակցութիւնը։ (Յայտնութիւն 14։6, 7. 22։6) Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ Եհովայի կողմէ մեզի յանձնարարուած գործին մէջ այսպիսի աջակցութիւն ունինք։ Ուղղամտութիւն պահպանելը պիտի առաջնորդէ որ Եհովան՝ ճշմարտութեան Աստուածը՝ փառաբանենք, ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին։ Ասկէ աւելի թանկագին բան մը կրնա՞յ ըլլալ։—Յովհաննու 17։3

Ի՞նչ սորվեցանք

• Ինչո՞ւ շատեր չեն ընդունիր ճշմարտութիւնը։

• Քրիստոնեաները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտեն Սատանայի աշխարհին բաները։

• Ժողովներուն հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ։

• Մեր անձին հոգեւորապէս հոգ տանելու ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 30]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՄԵԾ ԾՈՎ

Կեսարիա

ՍԱՐՕՆԻ ԴԱՇՏԸ

Յոպպէ

Լիւդդիա

Երուսաղէմ

[Նկար]

Պետրոս աստուածային առաջնորդութեան հետեւեցաւ եւ անակնկալ օրհնութիւններ քաղեց

[Նկարին աղբիւրը]

Map։ Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկար՝ էջ 27]

Յիսուս ճշմարտութեան համար վկայեց

[Նկար՝ էջ 29]

Հոգեւոր սնունդը, ֆիզիքական սնունդի նման, կենսական է մեր բարօրութեան համար