Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մարմնի փուշ»ի մը հետ գլուխ ելլել

«Մարմնի փուշ»ի մը հետ գլուխ ելլել

«Մարմնի փուշ»ի մը հետ գլուխ ելլել

«Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12։9, Վերանայուած

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ շփոթութեան մատնուինք այն իրողութեան ի տես թէ փորձութիւններ ու խնդիրներ կը դիմագրաւենք։ (բ) Փորձութիւններու դիմաց ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ։

«ԱՄԷՆ անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան կը պնդէ թէ մարդը Աստուծոյ կը ծառայէ միայն անձնասէր պատճառներով, եւ ան ճարահատօրէն կը փորձէ իր գաղափարը փաստել։ Անգամ մը Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտները ազդարարեց. «Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ»։ (Ղուկաս 22։31) Յիսուս լաւ գիտէր թէ Աստուած Սատանային թոյլ կու տայ որ մեզ փորձէ ցաւալի խնդիրներու միջոցաւ։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ կեանքի մէջ մեր դիմագրաւած իւրաքանչիւր դժուարութիւն ուղղակիօրէն ծագում կ’առնէ Սատանայէն կամ իր դեւերէն։ (Ժողովողի 9։11) Սակայն, Սատանան անձկութեամբ կը գործածէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող որեւէ միջոց, մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։

2 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ մեր փորձութիւններուն նկատմամբ պէտք չէ շփոթութեան մատնուինք։ Ի՛նչ որ ալ գայ մեր գլուխին, անիկա ո՛չ անսովոր եւ ոչ ալ անակնկալ է։ (Ա. Պետրոս 4։12) Իրականութեան մէջ, մեր «եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ (Ա. Պետրոս 5։9) Ներկայիս, Սատանան սաստիկ ճնշում կը բանեցնէ Աստուծոյ իւրաքանչիւր ծառային վրայ։ Բանսարկուն ուրախութիւն կը զգայ, երբ կը տեսնէ որ մենք կը չարչարուինք կարելի եղածին չափ շատ փշանման խնդիրներով։ Այդ նպատակաւ, ան իրերու իր դրութիւնը կը գործածէ այնպիսի կերպով մը, որ հաւանաբար մեր «մարմնի փուշ»երը աւելցնէ կամ զանոնք բարդացնէ։ (Բ. Կորնթացիս 12։7, Վերանայուած) Այսուհանդերձ, պայման չէ որ Սատանայի յարձակումները մեր ուղղամտութիւնը բեկանեն։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա «ազատութեան միջոց մը» կու տայ փորձութեան տոկալու համար, ան նոյն բանը պիտի ընէ երբ դիմագրաւենք դժուարութիւններ, որոնք նման են մարմնի փուշերու։—Ա. Կորնթացիս 10։13

Ի՛նչպէս Գլուխ Ելլել Փուշի մը Հետ

3. Եհովա ի՞նչ պատասխանեց երբ Պօղոս իրմէ խնդրեց որ իր մարմնի փուշը վերցնէ։

3 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ աղաչեց որ իր մարմնէն փուշը վերցնէ։ «Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջ, որ հեռանայ ինծմէ»։ Պօղոսի այս ջերմեռանդ խնդրանքին Եհովա ի՞նչ պատասխանեց։ «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կը կատարուի տկարութեան մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։8, 9, Վերանայուած) Այս պատասխանը վերլուծենք եւ տեսնենք թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մեզ վշտացնող փշանման որեւէ խնդրի հետ գլուխ ելլենք։

4. Պօղոս ի՞նչ կերպերով օգտուած էր Եհովայի շնորհքէն։

4 Նկատեցէք թէ Աստուած Պօղոսը քաջալերեց որ երախտապարտ ըլլայ այն շնորհքին համար, որ արդէն ցուցաբերուած էր իրեն հանդէպ Քրիստոսի միջոցաւ։ Արդարեւ, Պօղոս մեծապէս օրհնուած էր բազմաթիւ կերպերով։ Եհովա սիրալիրօրէն անոր շնորհեց աշակերտ մը ըլլալու մենաշնորհը, հակառակ անոր որ ան Յիսուսի հետեւորդներուն մոլեռանդ հալածիչը եղած էր։ (Գործք 7։58. 8։3. 9։1-4) Անկէ ետք Եհովա Պօղոսի շնորհեց բազմաթիւ ոգեցունց նշանակումներ եւ առանձնաշնորհումներ։ Մեզի համար դասը յստակ է։ Նոյնիսկ ամենավատ ժամանակներուն, տակաւին ունինք օրհնութիւններ որոնց համար երախտապարտ կրնանք ըլլալ։ Մեր փորձութիւնները երբեք պէտք չէ պատճառ ըլլան, որ մոռնանք մեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած ճոխ բարութիւնը։—Սաղմոս 31։19

5, 6. (ա) Եհովա ի՞նչպէս Պօղոսի սորվեցուց թէ աստուածային զօրութիւնը «կը կատարուի տկարութեան մէջ»։ (բ) Պօղոսի օրինակը ի՞նչպէս փաստեց թէ Սատանան ստախօս մըն է։

5 Եհովայի շնորհքը բաւարար է ուրիշ կերպով մըն ալ։ Աստուծոյ զօրութիւնը բաւարար է մեզի օգնելու մեր փորձութիւններուն ընթացքին։ (Եփեսացիս 3։20) Եհովա Պօղոսի սորվեցուց թէ աստուածային զօրութիւնը «կը կատարուի տկարութեան մէջ»։ Ի՞նչպէս։ Ան սիրալիրօրէն Պօղոսի տուաւ հարկ եղած զօրութիւնը, որ կարենար իր փորձութեան հետ գլուխ ելլել։ Իր կարգին, Պօղոսի համբերութիւնը եւ Եհովայի հանդէպ իր անվերապահ վստահութիւնը, բոլորին ցոյց տուաւ թէ այս տկար ու մեղաւոր մարդուն պարագային, Աստուծոյ զօրութիւնը յաղթական դուրս կու գար։ Այժմ նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Բանսարկուին վրայ, որ կը դաւանի թէ մարդիկ Աստուծոյ կը ծառայեն միայն երբ հանգստաւէտ ու խնդիրներէ զերծ կեանք մը կը վարեն։ Պօղոսի ուղղամտութիւնը այդ զրպարտիչին համար ապտակ մըն էր։

6 Ահաւասիկ Պօղոս՝ Աստուծոյ դէմ իր պայքարին մէջ Սատանայի նախկին դաշնակիցը, Քրիստոնեաներու յանդուգն հալածիչ մը, նախանձախնդիր Փարիսեցի մը, որ անկասկած ատեն մը կեանքին բազմաթիւ պերճանքները կը վայելէր, ընկերութեան վերին խաւին մէջ ծնած ըլլալուն համար։ Այժմ Պօղոս Եհովայի ու Քրիստոսի կը ծառայէր որպէս «առաքեալներուն ամենէն յետին»ը։ (Ա. Կորնթացիս 15։9) Այս հանգամանքով, ան խոնարհութեամբ կ’ենթարկուէր առաջին դարու Քրիստոնեայ կառավարիչ մարմինի հեղինակութեան։ Եւ հաւատարմութեամբ կը տոկար, ի հեճուկս իր մարմնի փուշին։ Ի յուսախաբութիւն Սատանայի, կեանքի դժուարութիւնները չկրցան Պօղոսի նախանձախնդրութիւնը նուազեցնել։ Պօղոս երբեք չմոռցաւ այն յոյսը թէ ինք Քրիստոսի երկնային Թագաւորութեան մէջ բաժին պիտի ունենար։ (Բ. Տիմոթէոս 2։12. 4։18) Ոչ մէկ փուշ, որքան ալ ցաւագին ըլլար, կրնար իր եռանդը նուազեցնել։ Թող որ մեր եռանդն ալ շարունակէ զօրաւոր մնալ։ Մեր փորձութիւններու ընթացքին մեզի թիկունք կանգնելով, Եհովա մեզ կը պատուէ՝ Սատանային սուտ ըլլալը ապացուցանելու մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը տալով մեզի։—Առակաց 27։11

Եհովայի Հայթայթումները Կենսական Են

7, 8. (ա) Եհովա ներկայիս ի՞նչ միջոցներով իր ծառաներուն զօրութիւն կը հայթայթէ։ (բ) Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցանութիւնն ու ուսումնասիրութիւնը, ինչո՞ւ այդքան կենսական են մեր մարմնի փուշերուն հետ գլուխ ելլելու համար։

7 Ներկայիս, Եհովա հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն զօրութիւն կու տայ՝ իր սուրբ հոգիին, իր Խօսքին, եւ մեր քրիստոնէական եղբայրակցութեան միջոցաւ։ Պօղոս առաքեալին նման, կրնանք մեր բեռը աղօթքով Եհովայի վրայ ձգել։ (Սաղմոս 55։22) Թէեւ Աստուած մեր փորձութիւնները թերեւս չվերցնէ, սակայն կրնայ մեզի իմաստութիւն շնորհել անոնց հետ գլուխ ելլելու համար, նոյնիսկ անտանելի փորձութիւններու հետ։ Եհովա նաեւ կրնայ մեզ զօրացնել, «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» տալով, որպէսզի համբերութեամբ տոկանք։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ

8 Այսպիսի օգնութիւն ի՞նչպէս կը ստանանք։ Պէտք է ժրաջանօրէն Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք, քանի որ հոն պիտի գտնենք իր ստոյգ մխիթարութիւնները։ (Սաղմոս 94։19) Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք Աստուծոյ ծառաներուն սրտաշարժ խօսքերը, երբ անոնք իր օգնութիւնը խնդրեցին։ Եհովայի պատասխանները, որոնք յաճախ կը պարփակեն մխիթարական խօսքեր, լուրջ խորհրդածութեան արժանի են։ Ուսումնասիրութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որպէսզի «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ Ճիշդ ինչպէս որ սնուցանուելու եւ զօրանալու համար ամէն օր ֆիզիքական կերակուր ուտելու կարիքը ունինք, նոյնպէս պէտք է Աստուծոյ խօսքերով կանոնաւորաբար սնուցանուինք։ Արդեօք ասիկա կ’ընե՞նք։ Եթէ այո, ուրեմն պիտի նկատենք թէ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» ստանալը մեզի կ’օգնէ տոկալու ներկայիս մեզ նեղացնող որեւէ այլաբանական փուշի։

9. Երէցները ի՞նչպէս կրնան նեցուկ կանգնիլ անոնց որոնք կը ջանան խնդիրներու հետ գլուխ ելլել։

9 Աստուածավախ Քրիստոնեայ երէցները կրնան «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» ըլլալ, այսինքն՝ նեղութենէ եւ խնդիրներէ պաշտպանութիւն մը։ Այդ նկարագրութեան յարմարիլ ուզող երէցներ, խոնարհութեամբ ու անկեղծութեամբ Եհովայէ կը խնդրեն որ իրենց ‘սորվածներու լեզու տայ’, որպէսզի գիտնան ի՛նչպէս տառապողներուն պատասխան տալ՝ շիտակ բառեր գործածելով։ Երէցներուն խօսքերը կրնան մեղմ անձրեւի մը նման ըլլալ, որ մեր հոգին կը հանգստացնէ ու կը մխիթարէ, կեանքի դժուար ժամանակներու ընթացքին։ ‘Վատասիրտները մխիթարելով’, երէցները ի՛րապէս նեցուկ կը կանգնին իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք մարմնի փուշի մը պատճառաւ թերեւս սկսած են ուժասպառ դառնալ կամ վհատիլ։—Եսայեայ 32։2. 50։4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14

10, 11. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչպէս կրնան քաջալերել սաստիկ փորձութիւններու ենթարկուողները։

10 Եհովայի բոլոր ծառաները իր քրիստոնէական միացած ընտանիքին մէկ մասն են։ Այո, «ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք», եւ «պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։ (Հռովմայեցիս 12։5. Ա. Յովհաննու 4։11) Այդ պարտաւորութիւնը ի՞նչպէս կը կատարենք։ Ա. Պետրոս 3։8–ի համաձայն, ասիկա կ’ընենք մեր բոլոր հաւատակիցներուն հետ «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» ըլլալով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի անոնց որոնք յատկապէս ցաւալի մարմնի փուշի մը հետ կը ջանան գլուխ ելլել, ըլլան երիտասարդ թէ տարեց, բոլորս ալ կրնանք անոնց հանդէպ մասնայատուկ նկատառութիւն ցոյց տալ։ Ի՞նչպէս։

11 Պէտք է ջանանք անոնց տառապանքին նկատմամբ զգայուն ըլլալ։ Եթէ անկարեկից, պաղ, կամ անտարբեր գտնուինք, անգիտակցաբար կրնանք անոնց տառապանքը աւելցնել։ Անոնց փորձութիւններէն տեղեակ ըլլալը պէտք է մղէ մեզ որ խոհեմ ըլլանք՝ ի՛նչ ըսելու, ի՛նչպէս ըսելու եւ ի՛նչպէս վարուելու մէջ։ Մեր դրական ու քաջալերական ըլլալը կրնայ զիրենք նեղացնող փուշին ահռելի ցաւը նուազեցնելու նպաստել։ Այս կերպով կրնանք տոգորող ոյժ մը ըլլալ անոնց։—Կողոսացիս 4։11, ՆԱ

Ոմանք Ի՛նչպէս Յաջողեցան Գլուխ Ելլել

12-14. (ա) Քրիստոնեայ մը ի՞նչ ըրաւ քաղցկեղի հետ գլուխ ելլելու համար։ (բ) Այս կնոջ հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչպէս նեցուկ կանգնեցան իրեն եւ քաջալերեցին զինք։

12 Մինչ կը մօտենանք այս վերջին օրերու վախճանին, «ցաւեր»ը ամէն օր կ’աւելնան։ (Մատթէոս 24։8) Ուստի, շատ հաւանական է որ դժուարութիւնները նեղեն երկրի բոլոր բնակիչները, յատկապէս Եհովայի հաւատարիմ ծառաները, որոնք կը ջանան իր կամքը կատարել։ Օրինակ, նկատի առէք Քրիստոնեայ մը որ կը ծառայէր որպէս լիաժամ ծառայ։ Ախտաճանաչումը յայտնեց թէ ան քաղցկեղ ունէր եւ իր լորձնային ու աւշային գեղձերը վիրաբուժութեամբ պէտք էր հանուէին։ Երբ ինքն ու իր ամուսինը ասկէ տեղեակ եղան, անմիջապէս Եհովայի դիմեցին, երկար ու աղերսագին աղօթք մը մատուցանելով։ Ան հետագային ըսաւ թէ անհաւատալի խաղաղութիւն մը պատեց զիրենք։ Այսուհանդերձ, ան բազմաթիւ վերիվայրումներու տոկաց, յատկապէս երբ կը ջանար գլուխ ելլել իր դարմանումներուն վնասակար ազդեցութիւններուն հետ։

13 Իր պարագային հետ գլուխ ելլելու համար, քոյրը ջանաց կարելի եղածին չափ տեղեկութիւն քաղել քաղցկեղի մասին։ Ան իր բժիշկներուն խորհուրդը հարցուց։ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն եւ յարակից քրիստոնէական գրականութիւններուն մէջ գտաւ կենսագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ անհատներ այս հիւանդութեան հետ զգացականօրէն ի՛նչպէս գլուխ ելան։ Ան նաեւ կարդաց Աստուածաշունչի հատուածներ, որոնք ցոյց կու տան դժուար պարագաներու ներքեւ Իր ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու Եհովայի կարողութիւնը, եւ այլ օգտակար տեղեկութիւններ։

14 Յուսահատութեան հետ գլուխ ելլելու մասին խօսող յօդուած մը, հետեւեալ իմաստուն խօսքերը մէջբերած էր. «Մեկուսացողը իր ցանկութիւնը պիտի փնտռէ»։ (Առակաց 18։1, ՆԱ) Ուստի յօդուածը հետեւեալ խրատը կու տար. «Մեկուսացումը մերժեցէ՛ք»։ * Քոյրը կը պատմէ. «Շատեր ինծի ըսին թէ ինծի համար կ’աղօթէին. ուրիշներ ինծի հեռաձայնեցին։ Երկու երէցներ կանոնաւորաբար հեռաձայնեցին ինծի, որպիսութիւնս հարցնելու համար։ Ծաղիկներ ու բազմաթիւ բացիկներ ստացայ։ Ոմանք նոյնիսկ ճաշեր պատրաստեցին։ Նաեւ, շատեր կամաւորաբար զիս հիւանդանոց տարին, որպէսզի դարմանուիմ»։

15-17. (ա) Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս գլուխ ելաւ արկածներու հետեւանքով յարուցուած դժուարութիւններու հետ։ (բ) Ժողովքին անդամները ի՞նչ աջակցութիւն հայթայթեցին։

15 Նիւ Մեքսիկոյի մէջ, Ա.Մ.Ն., երկար ատենէ Եհովայի ծառայ մը, ինքնաշարժի երկու արկածներ ունեցաւ։ Անոր վիզը եւ ուսերը վիրաւորուեցան, բարդացնելով յօդատապի հիւանդութիւն մը, որուն հետ արդէն գլուխ կ’ելլէր աւելի քան 25 տարիէ ի վեր։ Այս քոյրը կը պատմէ. «Շատ մեծ դժուարութիւն ունէի գլուխս շիտակ բռնելու եւ 2 քիլոկրամէն աւելի ծանր բան շալկելու։ Սակայն, Եհովայի մատուցած ջերմեռանդ աղօթքներս մեծապէս նեցուկ կանգնեցան ինծի, ինչպէս նաեւ՝ մեր ուսումնասիրած Դիտարան–ի յօդուածները։ Անոնցմէ մէկը Միքիայ 6։8–ի մասին մեկնաբանելով նշեց թէ Աստուծոյ հետ համեստութեամբ քալելը կը նշանակէ մեր սահմանափակումները գիտնալ։ Ասիկա ինծի օգնեց գիտակցելու թէ հակառակ իմ վիճակիս պէտք չէ վհատիմ, թէեւ ծառայութեան համար տրամադրած ժամանակս փափաքածէս շատ նուազ է։ Մաքուր շարժառիթներով իրեն ծառայելն է որ իրական արժէք կը ներկայացնէ»։

16 Ան նաեւ կը տեղեկագրէ. «Երէցները միշտ զիս կը գովէին, քանի որ ժողովներու ներկայ գտնուելու եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու համար ջանք կը թափէի։ Պատանիները զիս կը դիմաւորէին ողջագուրումով։ Ռահվիրաները ինծի հետ շա՛տ համբերատար էին եւ յաճախ իրենց ծրագիրները կը փոխէին, երբ շատ հիւանդ ըլլայի։ Եթէ օդը աննպաստ ըլլար, անոնք ազնուօրէն զիս վերայցելութիւններու կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու կը տանէին։ Իսկ քանի որ չէի կրնար ծառայութեան պայուսակ մը կրել, հրատարակիչները գրականութիւններս իրենց պայուսակին մէջ կը դնէին, երբ ծառայութեան երթայինք»։

17 Նշմարեցէք թէ ժողովքի երէցներն ու հաւատակիցները ի՛նչպէս օգնեցին այս երկու քոյրերուն որ իրենց փշանման անկարողութիւններուն հետ գլուխ ելլեն։ Անոնք գործնական, ազնիւ աջակցութիւն մատուցանեցին, ծրագրուած՝ հոգեւոր, ֆիզիքական եւ զգացական մասնայատուկ կարիքներու գոհացում տալու համար։ Ասիկա ձեզ չի՞ քաջալերեր որ խնդիրներէ տառապող եղբայրներու ու քոյրերու օգնութիւն մատուցանէք։ Ո՛վ պատանիներ, դուք ալ կրնաք օգնական ձեռք մը ըլլալ ձեր ժողովքի այն անդամներուն, որոնք մարմնի փուշերու հետ կը պայքարին։—Առակաց 20։29

18. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ հրատարակուած կենսագրութիւններէն ի՞նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել։

18 Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ հրատարակուած են բազմաթիւ Վկաներու կենսագրութիւններն ու փորձառութիւնները, որոնք կեանքի խնդիրներու հետ գլուխ ելած են, եւ տակաւին կ’ելլեն։ Մինչ այսպիսի յօդուածներ կանոնաւորաբար կը կարդաք, պիտի տեսնէք թէ համայն աշխարհի մէջ ձեր հոգեւոր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր տոկացած են տնտեսական դժուարութիւններու, աղէտներու ընթացքին սիրելիներու կորուստին, եւ պատերազմի ժամանակ վտանգաւոր պարագաներու։ Ուրիշներ ֆիզիքական անկարողութիւններու հետ գլուխ կ’ելլեն։ Շատեր չեն կրնար ընել կեանքի մէջ պարզ թուող բաներ, զորս առողջ անհատներ սովորական կը նկատեն։ Անոնց հիւանդութիւնները խստօրէն փորձի կ’ենթարկեն զիրենք, յատկապէս երբ չեն կրնար իրենց փափաքածին չափ քրիստոնէական գործունէութեանց մասնակցիլ։ Անոնք խորապէս կը գնահատեն իրենց երիտասարդ կամ տարեց եղբայրներուն ու քոյրերուն մատուցանած օգնութիւնն ու աջակցութիւնը։

Համբերութիւնը Ուրախութիւն կը Բերէ

19. Պօղոս ինչո՞ւ կրնար ուրախանալ, հակառակ իր փշանման փորձութիւններուն եւ տկարութիւններուն։

19 Պօղոս ուրախացաւ տեսնելով թէ Աստուած ի՛նչպէս զօրացուց զինք։ Ան ըսաւ. «Մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։9, 10) Իր անձնական փորձառութիւններուն պատճառաւ, Պօղոս անվարան կրնար ըսել. «Ոչ թէ կարօտութեան համար կ’ըսեմ. վասն զի ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ։ Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը։ Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։11-13

20, 21. (ա) Ինչո՞ւ «չերեւցածներուն» մասին խոկալով կրնանք ուրախանալ։ (բ) Ի՞նչ են կարգ մը «չերեւցած» բաներ, զորս կը յուսաք երկրային Դրախտին մէջ տեսնել։

20 Ուստի, տոկալով որեւէ մարմնի փուշի, մեծապէս կրնանք ուրախանալ ամենուն ցոյց տալով թէ Եհովայի զօրութիւնը կը կատարուի մեր տկարութիւններուն մէջ։ Պօղոս գրեց. «Չենք վհատիր. . . . մեր ներսի մարդը օրէ օր [կը] նորոգուի։ Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ, ուստի . . . չերեւցածներուն [նայինք]. քանզի . . . չերեւցածները՝ յաւիտենական [են]»։—Բ. Կորնթացիս 4։16-18

21 Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը յուսայ Իր երկրային Դրախտին մէջ ապրիլ եւ Իր խոստացած օրհնութիւնները վայելել։ Այսպիսի օրհնութիւններ կարելի է մեզի համար «չերեւցած» բաներ սեպել ներկայիս։ Սակայն, ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ այդ օրը մե՛ր աչքերով պիտի տեսնենք եւ արդարեւ զանոնք յաւիտեա՛ն վայելենք։ Այդ օրհնութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ՝ անգամ մըն ալ փշանման խնդրի մը հետ գլուխ ելլելու կարիքը չունենալ։ Աստուծոյ Որդին ‘Սատանային գործերը պիտի քանդէ’, եւ ‘փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունի’։—Ա. Յովհաննու 3։8. Եբրայեցիս 2։14

22. Ի՞նչ վստահութիւն եւ վճռակամութիւն պէտք է ունենանք։

22 Արդ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ այն մարմնի փուշը որ ներկայիս կը նեղացնէ մեզ, թող որ շարունակենք անոր հետ գլուխ ելլել։ Պօղոսի նման, ասիկա ընելու զօրութիւնը պիտի ունենանք Եհովայի շնորհիւ, որ առատաձեռնօրէն զօրութիւն կը հայթայթէ մեզի։ Երբ երկրային Դրախտին մէջ ապրինք, ամէն օր մեր Աստուածը Եհովան պիտի օրհնենք, մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր սքանչելի բարերարութիւններուն համար։—Սաղմոս 103։2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Տես՝ «Աստուածաշունչի Հայեցակէտը. Յուսահատութեան Հետ Ի՞նչպէս Գլուխ Ելլել» խորագրով յօդուածը, Զարթի՛ր 8 Մայիս 2000–ի թիւին մէջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Բանսարկուն ինչո՞ւ եւ ի՛նչպէս կը փորձէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ուղղամտութիւնը բեկանել։

• Եհովայի զօրութիւնը ի՞նչպէս «կը կատարուի տկարութեան մէջ»։

• Երէցները եւ ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան խնդիրներէ տառապողները քաջալերել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Պօղոս երեք անգամ աղօթեց որ Աստուած իր մարմնի փուշը վերցնէ