Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած փնտռեցէք ձեր սրտով ու մտքով

Աստուած փնտռեցէք ձեր սրտով ու մտքով

Աստուած փնտռեցէք ձեր սրտով ու մտքով

Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը կը քաջալերէ թէ՛ սիրտը եւ թէ միտքը գործածել, Աստուծոյ հաճելի հաւատք մը կերտելու համար։

ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ, Քրիստոնէութեան հիմնադիրը՝ Յիսուս Քրիստոս, սորվեցուց թէ պէտք է Աստուած սիրենք մեր «բոլոր մտքով», կամ՝ իմացականութեամբ, նաեւ մեր «բոլոր սրտով» եւ «բոլոր անձով»։ (Մատթէոս 22։37) Այո, մեր մտային կարողութիւնը պէտք է բանալի դեր մը խաղայ մեր պաշտամունքին մէջ։

Երբ իր ունկնդիրները կը հրաւիրէր իր ուսուցումին վրայ խոկալու, Յիսուս յաճախ անոնց կ’ըսէր. «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի»։ (Մատթէոս 17։24. 18։12. 21։28. 22։42) Նմանապէս, Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն գրեց, անոնց «անկեղծ միտքը արթնցնելու» համար։ (Բ. Պետրոս 3։1) Բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարած նախկին միսիոնար՝ Պօղոս առաքեալ՝ Քրիստոնեաները յորդորեց որ իրենց ‘բանաւորութիւնը’ գործածեն եւ ‘քննեն թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։ (Հռովմայեցիս 12։1, ՆԱ, 2) Իրենց հաւատալիքներուն հանդէպ միայն այսպիսի ամբողջական, ուշադիր մօտեցումով մը Քրիստոնեաները կրնան կերտել հաւատք մը, որ Աստուծոյ հաճելի է եւ կեանքի մէջ յարուցուող փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու չափ հաստատ է։—Եբրայեցիս 11։1, 6

Ուրիշներուն օգնելու համար որ այսպիսի հաւատք մը կերտեն, նախկին Քրիստոնեայ աւետարանիչները «անոնց հետ պատճառաբանեցին Սուրբ Գրութիւններէն, բացատրելով եւ ապացուցանելով՝ վերագրումներով»։ (Գործք 17։1-3, ՆԱ) Պարկեշտ սիրտ ունեցողները դրական կերպով ընդառաջեցին այսպիսի տրամաբանական մօտեցումի մը։ Օրինակ, Մակեդոնիոյ Բերիա քաղաքի բնակիչներէն ոմանք «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ [«յօժարամտօրէն», ՆԱ] ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ [Պօղոսի ու իր ընկերակիցներուն կողմէ բացատրուած] այս բաները ճի՞շդ են»։ (Գործք 17։11) Հոս երկու բան ուշադրութեան արժանի է։ Նախ՝ Բերիացիները յօժար էին Աստուծոյ Խօսքը մտիկ ընելու. իսկ երկրորդը՝ անոնք կուրօրէն չեզրակացուցին թէ իրենց լսածները շիտակ էին, այլ զանոնք ստուգեցին Սուրբ Գրութիւններուն դիմելով։ Քրիստոնեայ միսիոնար Ղուկասը անկեղծօրէն գովեց Բերիացիները ասոր համար, զանոնք «ազնուամիտ» կոչելով։ Հոգեւոր հարցերու շուրջ ձեր մօտեցումին մէջ այսպիսի ազնուամտութիւն մը կ’արտացոլացնէ՞ք։

Միտքն ու Սիրտը կը Համագործակցին

Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, ճշմարիտ պաշտամունքը թէ՛ միտքը եւ թէ սիրտը կը պարփակէ։ (Մարկոս 12։30) Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած վարձկան ներկարարին օրինակը մտաբերեցէք, որ տունը ներկելու ատեն սխալ գոյներ գործածեց։ Եթէ ան ուշադրութեամբ մտիկ ըրած ըլլար տանտիրոջ ցուցմունքներուն, իր սիրտն ու հոգին դրած պիտի ըլլար իր գործին մէջ, եւ կրնար վստահ ըլլալ որ իր գործը պիտի հաճեցնէր տանտէրը։ Նոյնը կը կիրարկուի մեր պաշտամունքին։

Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։23) Ուստի, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անոր համար մենք ալ, . . . չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին [«ճշգրիտ», ՆԱ] գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք»։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Այսպիսի «ճշգրիտ գիտութիւն», անկեղծ անհատները կարող կը դարձնէ որ իրենց սիրտն ու հոգին դնեն իրենց պաշտամունքին մէջ, լիովին վստահ ըլլալով, քանի որ իրենց ‘ճանչցած Աստուածը կը պաշտեն’։—Յովհաննու 4։22, Անթիլիաս

Այս պատճառներով, Եհովայի Վկաները չեն մկրտեր մանուկներ կամ նոր հետաքրքրուած անհատներ, որոնք Սուրբ Գրութիւնները բծախնդրութեամբ չեն ուսումնասիրած։ Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Աստուծոյ կամքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելէ ետքն է միայն, որ Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ կրնան իրազեկ որոշում մը կայացնել պաշտամունքի առնչութեամբ։ Կը ջանա՞ք այսպիսի ճշգրիտ գիտութիւն մը ձեռք ձգել։

Տէրունական Աղօթքը Հասկնալ

Աստուածաշունչին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալուն եւ անոր ըսածին մասին մակերեսային գիտութիւն ունենալուն միջեւ տարբերութիւնը տեսնելու համար, նկատի առնենք ինչ որ սովորաբար կոչուած է Հայր Մերը կամ Տէրունական Աղօթքը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 6։9-13–ի մէջ։

Եկեղեցիներուն մէջ միլիոնաւորներ կանոնաւորաբար կը կրկնեն Յիսուսի տիպար աղօթքը։ Սակայն, քանինե՞ր անոր իմաստը սորված են, յատկապէս աղօթքին այն մասը որ առնչուած է Աստուծոյ անուան ու Թագաւորութեան հետ։ Այս նիւթերը ա՛յնքան կարեւոր են որ Յիսուս զանոնք աղօթքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։

Անիկա կը սկսի. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ», այսինքն սրբացուի։ Նկատեցէք թէ Յիսուս ըսաւ որ աղօթենք Աստուծոյ անուան սրբացման համար։ Շատերու համար ասիկա առնուազն երկու հարցումներ կը յարուցանէ. Նախ՝ ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։ Իսկ երկրորդ՝ անիկա ինչո՞ւ պէտք է սրբացուի։

Առաջին հարցումին պատասխանը կրնայ գտնուիլ Աստուածաշունչին բնագիր լեզուներուն մէջ աւելի քան 7,000 տեղ։ Անոնցմէ մէկը Սաղմոս 83։18–ին մէջ է. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Աստուծոյ Եհովա անուան նկատմամբ, Ելից 3։15–ը կ’ըսէ. «Իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է»։ * Սակայն, անարատութեան ու սրբութեան մարմնացումը եղող Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ սրբացուելու կարիքը ունի։ Քանի որ անիկա մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր վարկաբեկուած եւ անարգուած է։

Եդեմի մէջ, Աստուած Ադամի ու Եւայի ըսաւ որ եթէ արգիլուած պտուղէն ուտէին, պիտի մեռնէին։ (Ծննդոց 2։17) Սատանան անպատկառօրէն հակասեց Աստուծոյ, Եւայի ըսելով. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ուստի, Սատանան Աստուած ամբաստանեց որպէս ստախօս։ Սակայն, հոն կանգ չառաւ. ան Աստուծոյ անուան վրայ աւելի նախատինք կուտակեց, Եւայի ըսելով թէ Աստուած զինք անիրաւօրէն կը զրկէր արժէքաւոր գիտութենէ մը։ «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ [բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն] ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Ի՜նչ զրպարտութիւն։—Ծննդոց 3։4, 5

Արգիլուած պտուղէն առնելով, Ադամն ու Եւան Սատանայի կողմը դիրք բռնեցին։ Անկէ ի վեր, մարդոց մեծամասնութիւնը, գիտակցաբար կամ ոչ, սկզբնական նախատինքին վրայ աւելցուցած են, Աստուծոյ արդար չափանիշները մերժելով։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Մարդիկ տակաւին Աստուած կը զրպարտեն, զինք մեղադրելով իրենց տառապանքին համար, թէեւ անիկա իրենց չար ճամբաներուն պատճառաւ կրնայ ըլլալ։ Առակաց 19։3–ը կ’ըսէ. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ»։ Կը տեսնէ՞ք թէ ինչո՛ւ Յիսուս, որ իրապէս կը սիրէր իր Հայրը, աղօթեց որ Անոր անունը սրբացուի։

«Քու Թագաւորութիւնդ Գայ»

Աստուծոյ անուան սրբացման համար աղօթելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Այս հատուածին նկատմամբ, կրնանք հարց տալ. ‘Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Իսկ անոր գալը ի՞նչ կապ ունի երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուելուն հետ’։

Աստուածաշունչին մէջ, «թագաւորութիւն» բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ «թագաւորի մը կողմէ իշխանութիւն»։ Ուստի, տրամաբանականօրէն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ակնարկէ Աստուծոյ կողմէ իշխանութեան, կամ կառավարութեան մը, իր կողմէ ընտրուած թագաւորի մը միջոցաւ։ Այս Թագաւորը յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է՝ «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց»։ (Յայտնութիւն 19։16. Դանիէլ 7։13, 14) Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ մեսիական Թագաւորութեան նկատմամբ, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Այն թագաւորներուն [հիմա իշխող մարդկային կառավարութիւններուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի մը պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44

Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկիրը հակակշռի տակ պիտի առնէ, զայն մաքրելով բոլոր ամբարիշտներէն եւ «յաւիտեան» անոր վրայ իշխելով։ Այս կերպով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այն միջոցն է, որով Եհովա իր անունը կը սրբացնէ, զայն Սատանայի ու ամբարիշտ մարդոց բերած բոլոր նախատինքներէն մաքրելով։—Եզեկիէլ 36։23

Բոլոր կառավարութիւններուն նման, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր հպատակները ունի։ Որո՞նք են անոնք։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։11) Նմանապէս, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Անշուշտ, անոնք Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունին, որ կեանքի համար պահանջք մըն է։—Մատթէոս 5։5. Յովհաննու 17։3

Կրնա՞ք երեւակայել որ ամբողջ երկիրը լեցուած է հեզ մարդոցմով, որոնք իրապէս Աստուած եւ իրար կը սիրեն։ (Ա. Յովհաննու 4։7, 8) Յիսուս ասոր համար էր որ աղօթեց, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Կը հասկնա՞ք թէ Յիսուս ինչո՛ւ իր հետեւորդներէն խնդրեց որ այսպէս աղօթեն։ Ասկէ կարեւորը, կը տեսնէ՞ք թէ այդ աղօթքին կատարումը ի՛նչպէս կրնայ անձնապէս ձեզի ազդել։

Ներկայիս Միլիոնաւորներ Սուրբ Գրութիւններուն Մասին կը Տրամաբանեն

Յիսուս նախագուշակեց հոգեւոր դաստիարակութեան երկրածաւալ արշաւ մը, որ Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութիւնը պիտի ծանուցանէր։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ [ներկայ աշխարհին, կամ դրութեան] Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

Աշխարհի տարածքին շուրջ վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ այդ բարի լուրը կը բաժնեն իրենց դրացիներուն հետ։ Անոնք ձեզ ալ կը հրաւիրեն որ Աստուծոյ ու իր Թագաւորութեան մասին աւելի սորվիք, ‘գրքերը քննելով’, գործածելով ձեր բանաւորութիւնը։ Ասիկա ընելը ձեր հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ ձեզ պիտի ուրախացնէ կեանքի յոյսով դրախտ երկրի մը վրայ, որ «Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։6-9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Կարգ մը ուսումնականներ կը նախընտրեն «Եհովա»յի տեղ «Եահվէ» գործածել։ Սակայն, Աստուածաշունչի արդի թարգմանիչներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ անունն ու անոր տարբեր ձեւերը ջնջած են իրենց թարգմանութիւններէն, զայն փոխարինելով «Տէր» կամ «Աստուած» ընդհանրական տիտղոսներով։ Աստուծոյ անուան մասին խորազնին քննարկութեան մը համար, հաճեցէք տեսնել Աստուածային Անունը որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 8]

ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՑԷՔ

Յիսուս յաճախ սորվեցուց, Աստուածաշունչի մասնայատուկ նիւթերու վրայ կեդրոնանալով։ Օրինակ, իր յարութենէն ետք, ան Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերը բացատրեց իր երկու աշակերտներուն, որոնք իր մահուան նկատմամբ շփոթած էին։ Ղուկաս 24։27–ն կ’ըսէ. «Սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։

Նկատեցէք թէ Յիսուս մասնայատուկ նիւթ մը ընտրեց. «իրեն» կամ՝ Մեսիային մասին, իսկ իր խօսակցութեան մէջ «բոլոր գրքեր»էն մէջբերեց։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս Աստուածաշունչի առնչակից համարներ իրարու քով դրաւ փազըլ–ի կտորներու նման, եւ ասիկա իր աշակերտները կարող դարձուց որ հոգեւոր ճշմարտութիւնը յստակօրէն տեսնեն։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Որպէս արդիւնք, անոնք ո՛չ միայն լուսաբանուեցան, այլ նաեւ խորապէս տպաւորուեցան։ Արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Իրարու կ’ըսէին. ‘Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր’»։—Ղուկաս 24։32

Եհովայի Վկաները կը ջանան իրենց ծառայութեան մէջ Յիսուսի մեթոտները ընդօրինակել։ Ուսումնասիրութեան օժանդակող անոնց գլխաւոր գրականութիւններն են՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Ասոնք բազմաթիւ հետաքրքրական նիւթերու մասին կը խօսին, ինչպէս՝ «Ո՞վ Է Աստուած», «Աստուած Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Տառապանքը», «Ի՞նչպէս Գտնել Ճշմարիտ Կրօնքը», «Վերջին Օրերուն Մէջ Ենք», եւ «Աստուած Պատուող Ընտանիք մը Կերտել»։ Իւրաքանչիւր դաս բազմաթիւ սուրբ գրային համարներ կը պարունակէ։

Կրնաք ձեր շրջանին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալ, կամ գրել այս պարբերաթերթին 2–րդ էջին վրայ գտնուող հասցէին, վերոյիշեալ կամ այլ նիւթերու մասին Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը խնդրելու համար։

[Նկար]

Ձեր աշակերտին սրտին հասէք, կեդրոնանալով Աստուածաշունչի մասնայատուկ նիւթերու վրայ

[Նկարներ՝ էջ 7]

Յիսուսի տիպար աղօթքին իմաստը կ’ըմբռնէ՞ք

«Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ . . . »

«Քու [մեսիական] թագաւորութիւնդ գայ . . . »

«Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»