Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ մկրտուիլ

Ինչո՞ւ մկրտուիլ

Ինչո՞ւ մկրտուիլ

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19

1, 2. (ա) Կարգ մը մկրտութիւններ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ տեղի ունեցած են։ (բ) Մկրտութեան առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ՖՌԱՆԿԱՑԻ Շարլըման Թագաւորը, նուաճուած Սաքսոնները բռնի ուժով զանգուածային մկրտութեան ենթարկեց՝ Հ.Դ. 775-777 թուականներուն։ Պատմաբան Ճոն Լորտ գրեց. «Ան զանոնք բռնի կերպով անուանական Քրիստոնեայ դարձուց»։ Հ.Դ. 987–ին, Յոյն Ուղղափառ իշխանուհիի մը հետ ամուսնանալէ ետք, Ռուս կառավարիչ Վլատիմիր Ա. նոյնպէս որոշեց որ իր հպատակները պէտք է «Քրիստոնեայ» դառնան։ Ան վճիռ արձակեց որ իր ժողովուրդը զանգուածային մկրտութեան ենթարկուի, նոյնիսկ բռնի ուժով։

2 Այսպիսի մկրտութիւններ պատշա՞ճ էին։ Անոնք իսկական իմաստ մը ունի՞ն։ Պէ՞տք է ոեւէ անհատ մկրտուի։

Մկրտութիւն՝ Ի՞նչպէս

3, 4. Ինչո՞ւ գլխուն վրայ ջուր սրսկելը կամ թափելը պատշաճ քրիստոնէական մկրտութիւն չէ։

3 Երբ Շարլըմանը ու Վլատիմիր Ա.–ը մարդիկը բռնի ուժով մկրտութեան ենթարկեցին, անոնք Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ չէին գործեր։ Իրականութեան մէջ, օգուտ մը չունի երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը չսորված անհատներ կը մկրտուին՝ սրսկումով, գլխուն վրայ ջուր թափելով, կամ նոյնիսկ մխրճուելով։

4 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Նազովրեցի Յիսուս Յովհաննէս Մկրտիչին գնաց Հ.Դ. 29–ին։ Յովհաննէս մարդիկը կը մկրտէր Յորդանան Գետին մէջ։ Անոնք կամովին իրեն եկած էին որ մկրտուէին։ Յորդանանին մէջ պարզապէս կայնելով, ան անոնց գլխուն վրայ քիչ մը գետի ջո՞ւր թափեց, կամ սրսկեց։ Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Յովհաննէս Յիսուսը մկրտեց։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ թէ Յիսուս մկրտուելէ ետք՝ «շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ»։ (Մատթէոս 3։16) Ան ջուրին մէջն էր, Յորդանան Գետին մէջ մխրճուած էր։ Նմանապէս, բարեպաշտ Եթովպիացի ներքինին «ջրակոյտ»ի մը մէջ մկրտուեցաւ։ Այսպիսի ջրակոյտեր անհրաժեշտ էին, քանի որ Յիսուսի ու իր աշակերտներուն մկրտութիւնը ամբողջական մխրճում կը պարփակէր։—Գործք 8։36, ՆԱ

5. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս մկրտեցին մարդիկը։

5 «Մկրտուիլ», «մկրտութիւն», եւայլն, թարգմանուած Յունարէն բառերը կ’ակնարկեն ջուրի տակ մխրճուելուն կամ խորասուզուելուն։ Սմիթց Պայպըլ Տիքշընըրի–ն կ’ըսէ. «Մկրտութիւն պատշաճօրէն եւ բառացիօրէն կը նշանակէ մխրճում»։ Ուստի Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կը գործածեն «Յովհաննէս Մխրճող» եւ «Յովհաննէս Խորասուզող» արտայայտութիւնները։ (Մատթէոս 3։1, Ռոթըրհէմ. Տայկլոթ տողընդմիջեայ) Աւգոստոս Նէանտըրի՝ Քրիստոնէական Կրօնքին ու Եկեղեցիին Պատմութիւնը, Առաջին Երեք Դարերու Ընթացքին աշխատասիրութիւնը դիտել կու տայ. «Սկիզբը մկրտութիւնը կը կատարուէր մխրճուելով»։ Ֆրանսական հանրածանօթ աշխատասիրութիւնը՝ Ի. Դարու Լարուս–ը (Փարիզ, 1928) կ’ըսէ. «Առաջին Քրիստոնեաները մկրտուեցան հո՛ն ուր ջուր կը գտնուէր»։ Իսկ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Բացայայտ է թէ նախկին Եկեղեցիին մէջ Մկրտութիւնը մխրճուելով էր»։ (1967, Հատոր Բ., էջ 56) Հետեւաբար ներկայիս, որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուիլը յօժարակամ քայլ մըն է, որ կը պարփակէ ամբողջովին ջուրին մէջ մխրճուիլ։

Մկրտուելու Նոր Պատճառ մը

6, 7. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ նպատակով մկրտութիւններ կատարեց։ (բ) Յիսուսի հետեւորդներուն կատարած մկրտութիւնը ի՞նչ կերպով նոր էր։

6 Յովհաննէսի կողմէ կատարուած մկրտութիւնները, նպատակով տարբեր էին Յիսուսի հետեւորդներուն կատարած մկրտութիւններէն։ (Յովհաննու 4։1, 2) Յովհաննէս մարդիկը կը մկրտէր, Օրէնքին դէմ իրենց գործած մեղքերուն նկատմամբ իրենց զղջումին որպէս հանրային խորհրդանիշ մը։ * (Ղուկաս 3։3) Սակայն, Յիսուսի հետեւորդներուն կատարած մկրտութեան մէջ նոր բան մը պարփակուած էր։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ իր ունկնդիրները յորդորեց, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար»։ (Գործք 2։37-41) Թէեւ ան իր խօսքը կ’ուղղէր Հրեաներուն ու նորադարձներուն, սակայն, Պետրոս չէր խօսեր Օրէնքին դէմ գործուած մեղքերուն նկատմամբ իրենց զղջումը խորհրդանշող մկրտութեան մասին. ոչ ալ ան ըսել կ’ուզէր որ Յիսուսի անունով մկրտուիլը մեղքերու թողութիւն կը պատկերացնէր։—Գործք 2։10

7 Այդ առիթով, Պետրոս «թագաւորութեան բանալիներ»էն առաջինը գործածեց։ Ի՞նչ նպատակով։ Իր ունկնդիրներուն առջեւ՝ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնելու իրենց պատեհութեան մասին՝ գիտութեան դուռը բանալու համար։ (Մատթէոս 16։19) Քանի որ Հրեաները Յիսուսը մերժած էին որպէս Մեսիան, զղջալը եւ անոր հաւատք ընծայելը, նոր եւ կենսական ազդակ մըն էր Աստուծոյ ներումը փնտռելու եւ ստանալու համար։ Անոնք այսպիսի հաւատք մը ունենալը կրնային հանրապէս ապացուցանել, Յիսուս Քրիստոսի անունով ջուրին մէջ մկրտուելով։ Այս կերպով անոնք Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումը պիտի խորհրդանշէին։ Ներկայիս, Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգել փափաքող բոլոր անհատները պէտք է նոյնանման հաւատք ի գործ դնեն, իրենց անձը Եհովա Աստուծոյ նուիրեն, եւ քրիստոնէական մկրտութեան ենթարկուին, ի խորհրդանիշ Բարձրեալ Աստուծոյ իրենց կատարած անվերապահ նուիրումին։

Ճշգրիտ Գիտութիւնը Կենսական Է

8. Քրիստոնէական մկրտութիւնը ինչո՞ւ բոլորին համար չէ։

8 Քրիստոնէական մկրտութիւնը բոլորին համար չէ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն հրամայեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մկրտուելէ առաջ, մարդիկ պէտք է ‘սորվին պահել այն բոլոր բաները, որոնք Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց’։ Ուստի, Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած հաւատք չունեցող անհատները բռնի ուժով մկրտելը անարժէք է, եւ իր ճշմարիտ հետեւորդներուն տուած Յիսուսի յանձնարարութեան հակառակ է։—Եբրայեցիս 11։6

9. Ի՞նչ կը նշանակէ «յանուն Հօր» մկրտուիլ։

9 Ի՞նչ կը նշանակէ «յանուն Հօր» մկրտուիլ։ Անիկա կը նշանակէ թէ մկրտութեան թեկնածուն կ’ընդունի մեր երկնաւոր Հօր դիրքն ու հեղինակութիւնը։ Այսպիսով Եհովա Աստուածը կ’ընդունուի որպէս մեր Ստեղծիչը, ‘բոլոր երկրի վրայ Բարձրեալը’, եւ Տիեզերքի Գերիշխանը։—Սաղմոս 83։18. Եսայեայ 40։28. Գործք 4։24

10. ‘Յանուն Որդւոյ’ մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

10 ‘Յանուն Որդւոյ’ մկրտուիլը կը նշանակէ Յիսուսի դիրքն ու հեղինակութիւնը ընդունիլ որպէս Աստուծոյ միածին Որդին։ (Ա. Յովհաննու 4։9) Մկրտութեան որակելի եղողները Յիսուսը կ’ընդունին որպէս այն անձը, որուն միջոցաւ Աստուած «շատերու համար փրկանք» հայթայթած է։ (Մատթէոս 20։28. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Մկրտութեան թեկնածուները պէտք է նաեւ ընդունին այն «գերակայ դիրքը», որու Աստուած իր Որդին բարձրացուցած է։—Փիլիպպեցիս 2։8-11, ՆԱ. Յայտնութիւն 19։16

11. ‘Յանուն հոգւոյն սրբոյ’ մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

11 ‘Յանուն հոգւոյն սրբոյ’ մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մկրտութեան թեկնածուները կ’ընդունին թէ սուրբ հոգին Եհովայի գործօն ուժն է, որ զանազան կերպերով կը գործածուի՝ իր նպատակին հետ ներդաշնակ։ (Ծննդոց 1։2. Բ. Թագաւորաց 23։1, 2. Բ. Պետրոս 1։21) Մկրտութեան որակելի եղողները կ’ընդունին թէ սուրբ հոգին իրենց կ’օգնէ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը հասկնալու, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ տանելու, եւ ցուցաբերելու հոգիին պտուղները՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։—Ա. Կորնթացիս 2։10. Գաղատացիս 5։22, 23. Յովելեայ 2։28, 29

Զղջումին եւ Դարձի Գալուն Կարեւորութիւնը

12. Քրիստոնէական մկրտութիւնը ի՞նչպէս առնչուած է զղջումի հետ։

12 Բացի անմեղ մարդ Յիսուսի պարագայէն, մկրտութիւնը զղջումի հետ առնչուած խորհրդանիշ մըն է, որ Աստուծոյ հաւանութիւնը ունի։ Երբ կը զղջանք, խոր ցաւ կամ ափսոսանք կը զգանք բանի մը համար որ ըրած ենք կամ զանց ըրած ենք։ Առաջին դարու Հրեաները, որոնք կ’ուզէին Աստուած հաճեցնել, Քրիստոսի դէմ գործած իրենց մեղքերուն համար պէտք էր զղջային։ (Գործք 3։11-20) Կորնթոսի մէջ հեթանոսութենէ դարձած կարգ մը հաւատացեալներ պոռնկութեան, կռապաշտութեան, գողութեան եւ այլ լուրջ մեղքերու համար զղջացին։ Իրենց զղջումին պատճառաւ, անոնք ‘լուացուեցան’ Յիսուսի արիւնովը. ‘սրբուեցան’ կամ զատուեցան, Աստուծոյ ծառայութեան համար. եւ ‘արդարացան’ Քրիստոսի անունովը եւ Աստուծոյ հոգիովը։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Զղջումը կենսական քայլ մըն է, որ բարի խղճմտանք ու յանցապարտութեան զգացումէն աստուածատուր հանգստութիւն կու տայ։—Ա. Պետրոս 3։21

13. Մկրտութեան նկատմամբ, դարձի գալը ի՞նչ կը պարփակէ։

13 Դարձի գալը տեղի պէտք է ունենայ, որպէս Եհովայի Վկայ մեր մկրտութենէն առաջ։ Դարձի գալը ազատօրէն կատարուած յօժարակամ արարք մըն է, անհատի մը կողմէ որ սրտանց որոշում տուած է Քրիստոս Յիսուսի հետեւելու։ Այսպիսի անհատներ կը հրաժարին իրենց նախկին սխալ ընթացքէն եւ կ’որոշեն Աստուծոյ աչքին շիտակը ընել։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, դարձի գալու իմաստը կրող Եբրայերէն ու Յունարէն բայերը կը նշանակեն՝ ետ դարձ ընել, ետ դառնալ։ Այս արարքը կը նշէ սխալ ընթացքէ մը Աստուծոյ դառնալ։ (Գ. Թագաւորաց 8։33, 34) Դարձի գալը կը պահանջէ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր»։ (Գործք 26։20) Անիկա կը պահանջէ որ սուտ պաշտամունքը լքենք, Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն գործենք, եւ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանենք։ (Բ. Օրինաց 30։2, 8-10. Ա. Թագաւորաց 7։3) Դարձի գալը մեր մտածելակերպին մէջ, նպատակակէտերուն եւ տրամադրութեան մէջ փոփոխութիւններ յառաջ կը բերէ։ (Եզեկիէլ 18։31) ‘Դարձի կու գանք’ մինչ նոր անձնաւորութիւնը կը փոխարինէ ամբարիշտ նկարագրի գծերը։—Գործք 3։19. Եփեսացիս 4։20-24. Կողոսացիս 3։5-14

Սրտանց Նուիրումը Կենսական Է

14. Յիսուսի հետեւորդներուն նուիրումը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

14 Յիսուսի հետեւորդներուն մկրտութեան նաեւ պէտք է նախորդէ Աստուծոյ կատարուած սրտանց նուիրումը։ Նուիրում կը նշանակէ սրբազան նպատակի մը համար զատուիլ։ Այս քայլը ա՛յնքան կարեւոր է որ Եհովայի յաւիտեան բացարձակ պաշտամունք մատուցանելու մեր որոշումը իրեն պէտք է յայտնենք աղօթքով։ (Բ. Օրինաց 5։9) Անշուշտ, մենք գործի մը կամ մարդու մը չենք նուիրուիր, այլ՝ ուղղակի Աստուծոյ։

15. Մկրտութեան թեկնածուները ինչո՞ւ կը մկրտուին։

15 Երբ մեր անձը Աստուծոյ կը նուիրենք Քրիստոսի միջոցաւ, վճռակամութիւն կը յայտնենք մեր կեանքը գործածելու Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, ինչպէս Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած է։ Այդ նուիրումին որպէս խորհրդանիշ, մկրտութեան թեկնածուները ջուրի մէջ կը մկրտուին, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մկրտուեցաւ Յորդանան Գետին մէջ, իր անձը Աստուծոյ ներկայացնելու արարքը խորհրդանշելու համար։ (Մատթէոս 3։13) Ուշադրութեան արժանի է թէ Յիսուս այդ կարեւոր առիթով կ’աղօթէր։—Ղուկաս 3։21, 22

16. Մեր ուրախութիւնը ի՞նչպէս կրնանք պատշաճօրէն ցոյց տալ, երբ անհատներու մկրտութեան ականատես ըլլանք։

16 Յիսուսի մկրտութիւնը լուրջ բայց ուրախ առիթ մըն էր։ Նոյնն է պարագան մերօրեայ քրիստոնէական մկրտութիւններուն։ Երբ տեսնենք որ անհատներ Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը կը խորհրդանշեն, մեր ուրախութիւնը կրնանք արտայայտել յարգալից ծափահարութեամբ եւ ջերմ գովասանքով։ Սակայն, աղաղակներով ծափահարելէ, սուլելէ, եւ նման բաներէ պէտք է խուսափիլ, առ ի յարգանք հաւատքի այս արտայայտութեան սրբութեան հանդէպ։ Մեր ուրախութիւնը կ’արտայայտուի յարգալից կերպով։

17, 18. Ի՞նչ բան կ’օգնէ որոշելու թէ անհատներ մկրտութեան որակելի են կամ ոչ։

17 Երախաներու վրայ ջուր սրսկողներու, կամ Աստուածաշունչին մասին անտեղեակ եղող զանգուածները բռնի կերպով մկրտողներու հակառակը, Եհովայի Վկաները ոեւէ մէկը չեն ստիպեր որ մկրտուի։ Իրականութեան մէջ, անոնք չեն մկրտեր սուրբ գրային որակումներ չունեցող անհատները։ Անհատ մը բարի լուրի չմկրտուած քարոզիչ մը ըլլալէն առաջ իսկ, Քրիստոնեայ երէցներ վստահ կ’ըլլան թէ ան Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կը հասկնայ, անոնց համաձայն կ’ապրի, եւ այսպիսի հարցումի մը դրական պատասխան կու տայ՝ ‘Իրապէս կ’ուզե՞ս Եհովայի Վկայ մը ըլլալ’։

18 Ընդհանրապէս, միայն երբ անհատներ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ իմաստալից բաժին կը բերեն եւ մկրտուելու փափաք կ’արտայայտեն, Քրիստոնեայ երէցներ անոնց հետ զրոյցներ կ’ունենան, վստահ ըլլալու համար թէ անոնք հաւատացեալներ են, որոնք Եհովայի նուիրուած են եւ մկրտութեան աստուածային պահանջներուն գոհացում կու տան։ (Գործք 4։4. 18։8) Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին աւելի քան 100 հարցումներու անձնապէս պատասխանելը, երէցներուն կ’օգնէ որոշելու թէ այս անհատները մկրտութեան սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում կու տա՞ն թէ ոչ։ Ոմանք որակելի չեն ըլլար ու հետեւաբար քրիստոնէական մկրտութեան համար չեն ընդունուիր։

Բան մը Ձեզ Ետ կը Կեցնէ՞

19. Յովհաննու 6։44–ին ի տես, որո՞նք պիտի ըլլան Յիսուսի ժառանգակիցները։

19 Բռնի ուժով զանգուածային մկրտութիւններու մասնակցողներէն շատերուն կրնայ ըսուած ըլլալ թէ մահէն ետք երկինք պիտի երթան։ Սակայն, իր քայլերուն հետեւողներուն ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Եհովա Քրիստոսի քաշած է 144,000 անհատներ, որոնք Յիսուսի հետ ժառանգակիցներ պիտի ըլլան երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Բռնի ուժով մկրտութիւնը երբե՛ք մէկը չէ սրբացուցած Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ այդ փառաւոր դիրքին համար։—Հռովմայեցիս 8։14-17. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։12. Յայտնութիւն 14։1

20. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել ոմանց, որոնք տակաւին չեն մկրտուած։

20 Մասնաւորաբար 1930–ական թուականներու կէսէն ի վեր, «մեծ նեղութենէն» վերապրելով երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցող բազմութիւններ, Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ու շարքերուն միացած են։ (Յայտնութիւն 7։9, 14. Յովհաննու 10։16) Անոնք մկրտութեան որակելի են, քանի որ իրենց կեանքը ներդաշնակած են Աստուծոյ Խօսքին հետ եւ զինք կը սիրեն իրենց ‘բոլոր սրտով, անձով, զօրութիւնով եւ մտքով’։ (Ղուկաս 10։25-28) Թէեւ ոմանք կը գիտակցին թէ Եհովայի Վկաները ‘Աստուծոյ երկրպագութիւն կ’ընեն հոգիով ու ճշմարտութիւնով’, սակայն անոնք տակաւին Յիսուսի օրինակին չեն հետեւած եւ Եհովայի հանդէպ անկեղծ սիրոյ եւ բացարձակ նուիրումի ապացոյցը հանրապէս ցոյց չեն տուած՝ իրենց մկրտութեամբ։ (Յովհաննու 4։23, 24. Բ. Օրինաց 4։24. Մարկոս 1։9-11) Այս կենսական քայլին նկատմամբ անկեղծ ու մասնայատուկ աղօթք մը ներկայացնելը, հարկ եղած դրդապատճառն ու քաջութիւնը կրնայ հայթայթել անոնց, որ Աստուծոյ Խօսքին լիովին համակերպին, Եհովա Աստուծոյ անվերապահ նուիրում կատարեն, եւ մկրտուին։

21, 22. Ոմանք ի՞նչ պատճառներով նուիրումէ ու մկրտութենէ ետ կը կենան։

21 Ոմանք նուիրումէ ու մկրտութենէ ետ կը կենան, քանի որ ա՛յնքան կլանուած են աշխարհի գործառնութիւններով կամ հարստութիւն հետապնդելով, որ հոգեւոր բաներու համար քիչ ժամանակ ունին։ (Մատթէոս 13։22. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Անոնք որքա՜ն երջանիկ կրնան ըլլալ, եթէ իրենց տեսակէտներն ու նպատակակէտերը փոփոխութեան ենթարկեն։ Եհովայի մօտենալը զիրենք հոգեւորապէս պիտի հարստացնէ, պիտի օգնէ մտահոգութիւնը նուազեցնելու, եւ իրենց պիտի տայ խաղաղութիւն եւ Աստուծոյ կամքը կատարելէ յառաջ եկող գոհունակութիւնը։—Սաղմոս 16։11. 40։8. Առակաց 10։22. Փիլիպպեցիս 4։6, 7

22 Ուրիշներ կ’ըսեն թէ Եհովան կը սիրեն, սակայն չեն նուիրուիր ու մկրտուիր, քանի որ կը խորհին թէ այս կերպով համարատու ըլլալէ պիտի խուսափին։ Սակայն իւրաքանչիւրս Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք։ Պատասխանատուութիւնը մեր վրայ դրուեցաւ երբ Եհովայի խօսքը լսեցինք։ (Եզեկիէլ 33։7-9. Հռովմայեցիս 14։12) Որպէս ‘ընտրեալ ժողովուրդ’, վաղեմի Իսրայելացիները Եհովայի նուիրուած ազգի մը մէջ ծնան, եւ հետեւաբար պարտաւոր էին հաւատարմօրէն իրեն ծառայել իր օրէնքներուն համաձայն։ (Բ. Օրինաց 7։6, 11) Ներկայիս, ո՛չ ոք կը ծնի այսպիսի ազգի մէջ, սակայն, եթէ սուրբ գրային ճշգրիտ կրթութիւն ստացած ենք, պէտք է հաւատքով անոր համաձայն ապրինք։

23, 24. Ի՞նչ վախեր պէտք չէ անհատները ետ պահեն մկրտութենէ։

23 Ոմանք մկրտութենէ ետ կը կենան, վախնալով որ բաւարար գիտութիւն չունին։ Այսուհանդերձ, բոլորս ալ սորվելիք շատ բան ունինք, քանի որ «Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։ (Ժողովողի 3։11) Նկատի առէք Եթովպիացի ներքինին։ Որպէս նորադարձ, ան Սուրբ Գրութիւններէն որոշ գիտութիւն ունէր, բայց Աստուծոյ նպատակներուն մասին իւրաքանչիւր հարցումի պատասխանը տալու կարող չէր։ Սակայն, Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ Եհովայի փրկարար կարգադրութեան մասին սորվելէ ետք, ներքինին շուտով մկրտուեցաւ։—Գործք 8։26-38

24 Ոմանք կը վարանին Աստուծոյ նուիրուիլ, քանի որ կը վախնան չյաջողելէ։ 17 տարեկան Մոնիքը կ’ըսէ. «Մկրտուելէ ետ կը կենամ, վախնալով որ նուիրումիս համաձայն չկարենամ ապրիլ»։ Սակայն, եթէ մեր բոլոր սրտով Եհովայի ապաւինինք, ‘անիկա մեր շաւիղները պիտի ուղղէ’։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’, որպէս իր հաւատարիմ ու նուիրուած ծառաները։—Առակաց 3։5, 6. Գ. Յովհաննու 4

25. Այժմ ո՞ր հարցումը մեր նկատառութեան արժանի է։

25 Եհովայի հանդէպ կատարեալ վստահութենէ եւ սրտանց սէրէ մղուած, ամէն տարի հազարաւորներ իրեն կը նուիրուին ու կը մկրտուին։ Եւ վստահաբար, Աստուծոյ բոլոր նուիրուած ծառաները կ’ուզեն իրեն հաւատարիմ ըլլալ։ Սակայն, կ’ապրինք չար ժամանակներու մէջ, եւ հաւատքի զանազան փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ի՞նչ կրնանք ընել Եհովայի կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրելու համար։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասիկա նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Քանի որ Յիսուս անմեղ էր, իր մկրտութիւնը զղջումի խորհրդանիշ չէր։ Անոր մկրտութիւնը խորհրդանշեց ինքզինք Աստուծոյ ներկայացնել, իր Հօրը կամքը կատարելու համար։—Եբրայեցիս 7։26. 10։5-10

Կը յիշէ՞ք

• Քրիստոնէական մկրտութիւնը ի՞նչպէս կը կատարուի։

• Մկրտուելու համար անհատ մը ի՞նչ բանի մասին գիտութիւն պէտք է ունենայ։

• Ի՞նչ քայլեր կ’առաջնորդեն ճշմարիտ Քրիստոնեաներու մկրտութեան։

• Ոմանք ինչո՞ւ ետ կը կենան մկրտութենէ, սակայն ի՞նչպէս կարելի է անոնց օգնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 24]

Գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» մկրտուիլ