Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Կը փափաքէի Աստուծոյ ծառայել»

«Կը փափաքէի Աստուծոյ ծառայել»

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

«Կը փափաքէի Աստուծոյ ծառայել»

«ԵԼԷ՛Ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս»։ Ասիկա հրեշտակային կոչ մըն էր, որ Յովհաննէս առաքեալ լսեց Հ.Դ. առաջին դարուն։ Մեր օրերուն, պարկեշտ սիրտ ունեցող միլիոնաւոր անհատներ ընդառաջած եւ դուրս եկած են «Մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն։ (Յայտնութիւն 18։1-4) Անոնցմէ մէկն է՝ Ուիլնըր, Հայիթիէն, որ կը պատմէ իր փորձառութիւնը։

«Ծնած եմ 1956–ին, թունդ Կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ, Սէնթ Մարք անունով փոքր գիւղաքաղաքի մը մէջ, Հայիթի։ Երեւակայեցէք ընտանիքիս ուրախութիւնը երբ մեր գիւղաքաղաքէն ես եւ երկու ուրիշ անհատներ ընտրուեցանք դպրեվանք մը յաճախելու համար Սէնթ Միշել տէ Լադալայէի մէջ, Հայիթի։ Ապա, 1980–ին, ղրկուեցանք Սթավլօ, Պելճիքա, յաւելեալ մարզումի համար։ Հոն Կաթողիկէ համալսարան մըն ալ յաճախեցինք։

«Սկիզբը խանդավառուած էի վարդապետ ըլլալու գաղափարով։ Օր մը ճաշասրահին մէջ, մեր խումբին պատասխանատու վարդապետը խնդրեց որ մի քանի վայրկեան մնամ, քանի որ ըսելիք մը ունէր ինծի։ Երեւակայեցէք որքա՛ն ցնցուեցայ երբ ան բացէ ի բաց ըսաւ թէ սեռային գետնի վրայ ինծմով հրապուրուած էր։ Մերժեցի իր անբարոյ առաջարկները, սակայն բոլորովին յուսախաբ եղայ։ Ընտանիքիս գրեցի այս միջադէպին մասին եւ մի քանի ամիս ետք դպրեվանքը ձգեցի, հակառակ ծնողքիս դժգոհութեան։ Գիւղին մէջ իջեւան գտայ եւ ուրիշ ճիւղ մը սկսայ ուսանիլ։

«Երբ Սէնթ Մարք վերադարձայ, Կաթողիկէ Եկեղեցիին վրայ վստահութիւնս կորսնցուցած էի։ Այսուհանդերձ, կը փափաքէի Աստուծոյ ծառայել, բայց չէի գիտեր թէ ի՛նչ ընեմ։ Գացի Գալստականներու եկեղեցին, Էպենեզերներու եկեղեցին, եւ Մորմոններու եկեղեցին։ Հոգեւորապէս մոլորած էի։

«Ետքը մտաբերեցի որ երբ Պելճիքայի դպրեվանքը կ’ուսանէի, սովորութիւն ունէի Աստուածաշունչի Գրամփոն թարգմանութիւնը կարդալու։ Անոր մէջ նկատած էի թէ Աստուած անուն մը ունի։ Ուստի, Իր անունը գործածելով ջերմեռանդօրէն աղօթեցի Աստուծոյ որ ինծի օգնէ ճշմարիտ կրօնքը գտնելու։

«Շատ չանցած, երկու Եհովայի Վկաներ իմ բնակած շրջանս փոխադրուեցան։ Անոնք հանդարտ, յարգալից եւ պատուարժան էին։ Անոնց ապրելակերպը զիս տպաւորեց։ Օր մը, անոնցմէ մէկը զիս հրաւիրեց որ Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիմ։ Լիովին վայելեցի ժողովը եւ ընդունեցի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրել։ Շուրջ վեց ամիս ետք համոզուեցայ որ Աստուծոյ ծառայելու շիտակ կերպը գտած եմ։ Կեանքս Եհովայի նուիրեցի եւ մկրտուեցայ՝ 20 Նոյեմբեր 1988–ին»։

Ժամանակ մը ետք, Ուիլնըր լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Ներկայիս, ան կը ծառայէ որպէս ժողովքի երէց։ Ան եւ կինը, իրենց երկու զաւակներուն հետ միասին, ժողովքին մէջ ուրախութեամբ կը ծառայեն։

[Նկար՝ էջ 9]

Աստուածաշունչը կարդալով, Ուիլնըր գիտցաւ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է