Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել

Շարունակեցէք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել

Շարունակեցէք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել

«Սիրտս հաստատ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս հաստատ է»։—ՍԱՂՄՈՍ 57։7, ՆԱ

1. Ինչո՞ւ կրնանք Դաւիթի համոզումը ունենալ։

ԵՀՈՎԱ կրնայ մեզ քրիստոնէական հաւատքին մէջ հաստատել, որպէսզի կարենանք ճշմարիտ Քրիստոնէութեան կառչիլ որպէս իր նուիրուած ծառաները։ (Հռովմայեցիս 14։4) Հետեւաբար, կրնանք սաղմոսերգու Դաւիթի համոզումը ունենալ, որ մղուեցաւ տաղերգելու. «Իմ սիրտս պատրաստ [«հաստատ», ՆԱ] է, ո՛վ Աստուած»։ (Սաղմոս 108։1) Եթէ մեր սիրտը հաստատ է, պիտի մղուինք Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումը կատարել։ Եւ առաջնորդութեան ու զօրութեան համար իրեն դիմելով, կրնանք անխախտ ըլլալ, հաստատ վճռակամութիւն ու համոզում ունենալ որպէս ուղղամտութիւն պահողներ, ‘ամէն ատեն Տէրոջը գործին մէջ աւելնալով’։—Ա. Կորնթացիս 15։58

2, 3. Ա. Կորնթացիս 16։13–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի յորդորանքներուն նշանակութիւնը ի՞նչ է։

2 Վաղեմի Կորնթոսի մէջ գտնուող Յիսուսի հետեւորդներուն ուղղուած յորդորանքներուն մէջ, որոնք վստահաբար կը կիրարկուին ներկայ Քրիստոնեաներուն ալ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Արթո՛ւն մնացէք, հաւատքի մէջ հաստատո՛ւն կեցէք, քա՛ջ եղէք, զօրացէ՛ք»։ (Ա. Կորնթացիս 16։13, Վերանայուած) Յունարէնի մէջ, այս յորդորներէն իւրաքանչիւրը ներկայ ժամանակով է, հետեւաբար, շարունակական գործողութիւն կը քաջալերէ։ Ի՞նչ է այս խրատին նշանակութիւնը։

3 Կրնանք հոգեւորապէս ‘արթուն մնալ’, Բանսարկուին հակառակ կենալով եւ Աստուծոյ մօտիկ մնալով։ (Յակոբու 4։7, 8) Եհովայի ապաւինիլը մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր շարքերը միացած պահենք եւ ‘քրիստոնէական հաւատքին մէջ հաստատուն կենանք’։ Բոլորս ալ, ի ներառեալ կիները, կը շարունակենք ‘քաջ ըլլալ’, խիզախօրէն Աստուծոյ ծառայելով որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։ (Սաղմոս 68։11, ՆԱ) ‘Կը զօրանանք’, շարունակաբար մեր երկնաւոր Հօր դիմելով որ իր կամքը ընելու համար զօրութիւն խնդրենք։—Փիլիպպեցիս 4։13

4. Ի՞նչ բան մեզ առաջնորդեց քրիստոնէական մկրտութեան։

4 Ճշմարիտ հաւատքի կողքին դիրք բռնեցինք, երբ անվերապահ նուիրում կատարեցինք Եհովայի եւ զայն խորհրդանշեցինք ջուրի մկրտութեամբ։ Սակայն, ի՞նչ բան առաջնորդեց մեր մկրտութեան։ Նախ՝ Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստացանք։ (Յովհաննու 17։3) Ասիկա մեր հաւատքը կերտեց եւ մեզ մղեց որ զղջանք, անցեալի յանցանքներուն հանդէպ իսկական վիշտ ցուցաբերելով։ (Գործք 3։19, 20. Եբրայեցիս 11։6) Անկէ ետք, դարձի եկանք, ետ կեցանք սխալ արարքներէ, Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ եղող կեանք մը հետապնդելու համար։ (Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 4։23, 24) Ասոր յաջորդեց աղօթքով Եհովայի կատարուած սրտանց նուիրումը։ (Մատթէոս 16։24. Ա. Պետրոս 2։21) Աստուծմէ բարի խղճմտանք խնդրեցինք եւ մկրտուեցանք, իրեն ըրած մեր նուիրումը խորհրդանշելով։ (Ա. Պետրոս 3։21) Այս քայլերուն մասին մտածելը մեզի պիտի օգնէ որ յարատեւաբար ջանք թափենք՝ մեր նուիրումին համաձայն ապրելու եւ հաստատ սրտով շարունակ Եհովայի ծառայելու։

Ճշմարիտ Գիտութեան Ձեր Փնտռտուքը Շարունակեցէք

5. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք սուրբ գրային գիտութիւն ստանալ։

5 Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրելու համար, պէտք է շարունակենք հաւատք կերտող սուրբ գրային գիտութիւն ձեռք ձգել։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր հոգեւոր սնունդ ստանալը, երբ առաջին անգամ ծանօթացանք Աստուծոյ ճշմարտութեան։ (Մատթէոս 24։45-47) Այդ «ճաշերը» համով էին, եւ մեզ հոգեւորապէս սնուցանեցին։ Այժմ կենսական է որ շարունակենք հոգեւոր սննդարար կերակուր ստանալ, որպէսզի հաստատ սիրտ պահպանենք որպէս Եհովայի նուիրուած ծառաներ։

6. Թերեւս ի՞նչ կերպով օգնութիւն ստացաք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ սրտանց գնահատութիւն մշակելու համար։

6 Աստուածաշունչի յաւելեալ գիտութիւն ձեռք ձգելը ջանք կը պահանջէ։ Անիկա կը նմանի պահուած գանձեր փնտռելու, որ մեծ ջանքի կը կարօտի։ Սակայն, «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելը որքա՜ն վարձահատոյց է։ (Առակաց 2։1-6) Երբ Թագաւորութեան հրատարակիչ մը սկիզբը ձեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց, թերեւս ան գործածեց Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Հաւանաբար բաւական ժամանակ յատկացուց իւրաքանչիւր գլուխ ծածկելու համար, թերեւս՝ մէկ նիստէ աւելի։ Օգտուեցաք երբ նշուած համարները կարդացուեցան եւ քննարկուեցան։ Եթէ կէտ մը հասկնալի չէր, անիկա բացատրուեցաւ։ Ձեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վարողը լաւ պատրաստուեցաւ, աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրեց, եւ ձեզի օգնեց որ ճշմարտութեան հանդէպ սրտանց գնահատութիւն մշակէք։

7. Ի՞նչ բան անհատը որակելի կը դարձնէ Աստուծոյ Խօսքը ուրիշներուն սորվեցնելու։

7 Այս ջանքը պատշաճ էր, քանի որ Պօղոս գրեց. «Խօսքին աշակերտը թող հաղորդակից ընէ իր վարդապետը ամէն բարի բանի»։ (Գաղատացիս 6։6, Վերանայուած) Հոս Յունարէն բնագիրը կը նշէ թէ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները «աշակերտ»ին մտքին ու սրտին մէջ կը դրոշմուէին։ Այդ կերպով ուսուցուիլը ձեզ որակելի կը դարձնէ որ դուք ալ ուրիշներուն ուսուցանէք։ (Գործք 18։25) Ձեր նուիրումին հաւատարիմ գտնուելու համար, պէտք է ձեր հոգեւոր առողջութիւնն ու հաստատամտութիւնը պահպանէք, Աստուծոյ Խօսքը շարունակաբար ուսումնասիրելով։—Ա. Տիմոթէոս 4։13. Տիտոս 1։13. 2։2

Ձեր Զղջումն ու Դարձի Գալը Մի՛ Մոռնաք

8. Ի՞նչպէս կարելի է բարեպաշտ վարք մը պահպանել։

8 Կը յիշէ՞ք այն հանգստութիւնը որ զգացիք, երբ ճշմարտութիւնը սորվեցաք, զղջացիք, ապա Յիսուսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ընծայելով՝ Աստուծոյ ներումը վայելեցիք։ (Սաղմոս 32։1-5. Հռովմայեցիս 5։8, 9. Ա. Պետրոս 3։18) Վստահաբար, չէք փափաքիր մեղաւոր ընթացքի մը դառնալ։ (Բ. Պետրոս 2։20-22) Ուրիշ բաներու կողքին, կանոնաւորաբար Եհովայի աղօթելը ձեզի պիտի օգնէ որ բարեպաշտ վարք մը պահպանէք, ձեր նուիրումին համաձայն ապրիք, եւ շարունակէք հաւատարմաբար Եհովայի ծառայել։—Բ. Պետրոս 3։11, 12

9. Մեղաւոր սովորութիւններէ ետ կեցած ըլլալով, ո՞ր ընթացքը պէտք է հետապնդենք։

9 Մեղաւոր սովորութիւններէ ետ կենալով դարձի գալէ ետք, շարունակեցէք Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրել, ձեր սիրտը հաստատ պահելու համար։ Արդարեւ, սխալ մայրուղիի մէջ կ’ընթանայիք, սակայն վստահելի քարտէս մը գործածեցիք եւ սկսաք շիտակ ճամբուն մէջ ընթանալ։ Այժմ մի՛ մոլորիք։ Շարունակեցէք Աստուծոյ առաջնորդութեան ապաւինիլ, եւ վճռեցէք կեանքի ճամբուն մէջ մնալ։—Եսայեայ 30։20, 21. Մատթէոս 7։13, 14

Երբեք Մի՛ Մոռնաք Ձեր Նուիրումն ու Մկրտութիւնը

10. Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումին նկատմամբ ի՞նչ կէտեր ի մտի պէտք է ունենանք։

10 Ի մտի ունեցէք թէ աղօթքով Եհովայի նուիրուեցաք, յաւիտեան իրեն հաւատարմօրէն ծառայելու հեռանկարով։ (Յուդա 20, 21) Նուիրում կը նշանակէ զատուիլ, կամ անջատուիլ, սրբազան նպատակի մը համար։ (Ղեւտացւոց 15։31, ՆԱ. 22։2, ՆԱ) Ձեր նուիրումը ո՛չ առժամեայ համաձայնութիւն մըն էր, ո՛չ ալ՝ մարդու եղած յանձնառութիւն մը։ Անիկա մնայուն նուիրում մըն էր Տիեզերքի Գերիշխանին, եւ անոր համաձայն ապրիլը կը պահանջէ որ ցմահ հաւատարիմ ըլլանք Աստուծոյ։ Այո, «թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։7, 8) Մեր ուրախութիւնը կախեալ է իր կամքին ենթարկուելէն եւ հաստատ սրտով շարունակ իրեն ծառայելէն։

11. Ինչո՞ւ ձեր մկրտութիւնն ու անոր նշանակութիւնը պէտք է յիշէք։

11 Միշտ յիշեցէք Աստուծոյ կատարած ձեր սրտանց նուիրումը խորհրդանշող մկրտութիւնը։ Անիկա բռնի ուժով մկրտութիւն չէր, քանի որ այդ որոշումը անձամբ տուիք։ Այժմ վճռա՞ծ էք ձեր ազատ կամքը գործածել Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ, ձեր կեանքին մնացեալ տեւողութեան։ Աստուծմէ մաքուր խղճմտանք մը խնդրեցիք եւ իրեն կատարած ձեր նուիրումին որպէս խորհրդանիշ մկրտուեցաք։ Այդ մաքուր խղճմտանքը պահպանեցէք ձեր նուիրումին համաձայն ապրելով, եւ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնները ձեր վրայ պիտի գան։—Առակաց 10։22

Ձեր Կամքը Դեր Ունի

12, 13. Մեր կամքը ի՞նչպէս առնչուած է նուիրումին ու մկրտութեան հետ։

12 Արդարեւ, նուիրումն ու մկրտութիւնը մեծ օրհնութիւններ բերած են միլիոնաւոր անհատներու համայն աշխարհի մէջ։ Երբ Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումը խորհրդանշենք ջուրի մէջ մկրտուելով, մեր կեանքի նախկին ընթացքին նկատմամբ կը մեռնինք, բայց մեր կամքը կը պահենք։ Որպէս պատշաճօրէն ուսուցուած հաւատացեալներ, իրականութեան մէջ մեր կամքը գործածեցինք երբ աղօթքով Աստուծոյ նուիրուեցանք եւ մկրտուեցանք։ Նուիրումն ու մկրտութիւնը կը պահանջեն որ որոշենք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, ապա կամովին ընտրենք զայն ընել։ (Եփեսացիս 5։17) Այսպիսով Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, որ իր կամքը գործածեց երբ ատաղձագործութեան իր գործիքները մէկ կողմ դրաւ, մկրտուեցաւ, եւ ինքզինք լիովին տրամադրեց իր երկնաւոր Հօրը կամքը կատարելու։—Սաղմոս 40։7, 8. Յովհաննու 6։38-40

13 Եհովա Աստուած նպատակադրեց որ իր Որդին «չարչարանքով կատարեալ ընէ»։ Ուստի Յիսուս պէտք էր իր կամքը գործածէր, որպէսզի հաւատարմաբար տոկար այս չարչարանքներուն։ Ասիկա իրագործելու համար, ան «սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց . . . ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 2։10, 18. 5։7, 8) Եթէ Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի յարգալից վախ ցուցաբերենք, մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ որ պիտի ‘լսուինք’, եւ Եհովա մեզ պիտի հաստատէ որպէս իր նուիրուած Վկաները։—Եսայեայ 43։10

Կրնա՛ք Հաստատ Սիրտ մը Պահպանել

14. Ինչո՞ւ ամէն օր Աստուածաշունչը պէտք է կարդանք։

14 Ի՞նչ բան ձեզի պիտի օգնէ հաստատ սիրտ մը պահպանելու եւ Աստուծոյ կատարած ձեր նուիրումին համաձայն ապրելու։ Աստուծոյ Խօսքին հետզհետէ աւելցող գիտութիւնը ստանալու նպատակաւ, ամէն օր Աստուածաշունչը կարդացէք։ Ասիկա բան մըն է որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» յարատեւաբար կը յորդորէ որ ընենք։ Այսպիսի խրատ կը տրուի, քանի որ մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը կը պահանջէ որ շարունակենք Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ քալել։ Եթէ Եհովայի կազմակերպութիւնը գիտակցաբար սուտ ուսուցումներու հաւանութիւն տար, երբեք Աստուածաշունչը կարդալու խրատ պիտի չտրուէր Եհովայի Վկաներուն ու անոնց քարոզած անհատներուն։

15. (ա) Որոշումներ տալու ժամանակ ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնուի։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ աշխարհիկ գործը Քրիստոնեային համար երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող աշխատանք մըն է։

15 Երբ որոշումներ կու տաք, միշտ նկատի առէք թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ազդել Եհովայի կատարած ձեր նուիրումին։ Ասիկա կրնայ ձեր աշխարհիկ գործին հետ առնչութիւն ունենալ։ Կը ջանա՞ք որ անիկա ձեզի օգնէ ճշմարիտ պաշտամունքին շահերը յառաջ տանելու։ Թէեւ գործատէրեր ընդհանուր առմամբ կը նկատեն թէ նուիրուած Քրիստոնեաները վստահելի եւ արդիւնաբեր են, սակայն կը նշմարեն նաեւ թէ Եհովայի Վկաները աշխարհի մէջ յառաջդիմելու փառասիրութիւնը չունին եւ ուրիշներու հետ չեն մրցիր ամենէն շահաբեր դիրքերը գրաւելու համար։ Այս է պարագան, քանի որ Վկաներուն նպատակակէտը հարստութիւն, համբաւ, դիրք կամ հեղինակութիւն ձեռք ձգել չէ։ Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումին համաձայն ապրողներուն համար, ամենէն կարեւոր բանը Աստուծոյ կամքը կատարելն է։ Կեանքի անհրաժեշտութիւնները ապահովող աշխարհիկ գործ մը՝ իրենց համար երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող աշխատանք մըն է։ Պօղոս առաքեալի նման, անոնց գլխաւոր գործը քրիստոնէական ծառայութիւնն է։ (Գործք 18։3, 4. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։7, 8. Ա. Տիմոթէոս 5։8) Թագաւորութեան շահերը ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը պահէ՞ք։—Մատթէոս 6։25-33

16. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անտեղի մտահոգութիւնը Եհովայի կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը դժուարացնէ։

16 Ոմանք ճշմարտութիւնը ճանչնալէն առաջ թերեւս զանազան մտահոգութիւններով ջախջախուած էին։ Սակայն, անոնց սիրտը որքա՜ն ողողուեցաւ ուրախութեամբ, երախտագիտութեամբ եւ Աստուծոյ հանդէպ սիրով, երբ Թագաւորութեան յոյսը ողջունեցին։ Անկէ ի վեր իրենց վայելած օրհնութիւններուն վրայ խոկալը, անոնց կրնայ օգնել որ Եհովայի կատարած իրենց նուիրումին համաձայն ապրին։ Միւս կողմէ, անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել եթէ այս դրութեան մէջ կեանքի սովորական խնդիրներու մասին անտեղի մտահոգութիւնը կը սպառնայ «Աստուծոյ խօսք»ը խեղդել, ճիշդ ինչպէս որ փուշերը կրնան ծիլերուն արգելք հանդիսանալ աճելու ու պտղաբեր դառնալու։ (Ղուկաս 8։7, 11, 14. Մատթէոս 13։22. Մարկոս 4։18, 19) Եթէ զգաք թէ ասիկա սկսած է պատահիլ ձեզի կամ ձեր ընտանիքին, ձեր հոգը Եհովայի վրայ ձգեցէք եւ աղօթեցէք որ ձեզի օգնէ սիրոյ ու գնահատութեան մէջ աճելու։ Եթէ ձեր հոգը իր վրայ ձգէք, ան ձեզ պիտի խնամէ եւ հարկ եղած զօրութիւնը պիտի տայ որ շարունակէք ուրախութեամբ իրեն ծառայել հաստատ սրտով մը։—Սաղմոս 55։22. Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Յայտնութիւն 2։4

17. Ի՞նչպէս կարելի է խիստ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլել։

17 Շարունակեցէք Եհովա Աստուծոյ կանոնաւորաբար աղօթել, ճիշդ ինչպէս որ աղօթեցիք երբ իրեն նուիրուեցաք։ (Սաղմոս 65։2) Երբ փորձուիք սխալ գործելու կամ խիստ փորձութիւն մը դիմագրաւէք, Աստուծոյ առաջնորդութիւնը եւ անոր հետեւելու իր օգնութիւնը խնդրեցէք։ Ի մտի ունեցէք հաւատքի կարիքը, քանի որ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը [փորձութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար] իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։ (Յակոբու 1։5-8) Եթէ փորձութիւն մը չափազանց մեծ թուի, կրնանք հետեւեալ խօսքէն վստահ ըլլալ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13

18. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ լուրջ ու թաքցուած մեղք մը, Եհովայի կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրելու մեր վճռակամութիւնը կը տկարացնէ։

18 Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ լուրջ, թաքցուած մեղք մը ձեր խղճմտանքը կը տանջէ եւ Աստուծոյ կատարած ձեր նուիրումին համաձայն ապրելու ձեր վճռակամութիւնը կը տկարացնէ։ Եթէ զղջացած էք, կրնաք մխիթարուիլ գիտնալով թէ Եհովա ‘կոտրած ու խոնարհ սիրտը չ’անարգեր’։ (Սաղմոս 51։17) Սիրալիր Քրիստոնեայ երէցներու օգնութիւնը հայցեցէք, գիտնալով թէ անոնք՝ Եհովան ընդօրինակելով՝ ձեր երկնաւոր Հօրը հետ լաւ յարաբերութիւն մը վերահաստատելու ձեր փափաքը թեթեւի պիտի չառնեն։ (Սաղմոս 103։10-14. Յակոբու 5։13-15) Ապա, նորոգուած հոգեւոր զօրութեամբ ու հաստատ սրտով, պիտի կարենաք ձեր ոտքերուն շիտակ ճամբաներ փնտռել եւ Աստուծոյ կատարած ձեր նուիրումին համաձայն ապրիլը կարելի բան մը նկատել։—Եբրայեցիս 12։12, 13

Շարունակեցէք Հաստատ Սրտով Ծառայել

19, 20. Ինչո՞ւ կենսական է որ շարունակենք մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ։

19 Այս ճակատագրական ժամանակներուն մէջ, պէտք է ծանր աշխատինք մեր նուիրումին համաձայն ապրելու եւ շարունակենք հաստատ սրտով Աստուծոյ ծառայել։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Քանի որ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ, վերջը կրնայ գալ որեւէ ատեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ասկէ զատ, մեզմէ ոեւէ մէկը չի կրնար վստահ ըլլալ թէ վաղը պիտի ապրի։ (Յակոբու 4։13, 14) Ուստի կենսական է որ ներկայիս շարունակենք մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ։

20 Պետրոս առաքեալ ասիկա ընդգծեց իր երկրորդ նամակին մէջ։ Ան ցոյց տուաւ թէ ճիշդ ինչպէս որ ամբարիշտները Ջրհեղեղով կորսուեցան, նոյնպէս ալ այլաբանական երկիրը, կամ՝ ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնը, պիտի կործանի «Տէրոջը օրը»։ Հետեւաբար Պետրոս բացագանչեց. «Ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ Ան նաեւ յորդորեց զանոնք. «Սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն [սուտ ուսուցիչներու եւ ամբարիշտ մարդոց] խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք»։ (Բ. Պետրոս 3։5-17) Ի՜նչ ողբերգական պիտի ըլլար եթէ մկրտուած եղբայր մը կամ քոյր մը մոլորէր եւ իր կեանքը վերջ գտնէր, որպէս սիրտը հաստատ չպահող անհատ մը։

21, 22. Սաղմոս 57։7–ի խօսքերը ի՞նչպէս ճշմարիտ եղած են թէ՛ Դաւիթի եւ թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու պարագային։

21 Աստուծոյ կատարած ձեր նուիրումին համաձայն ապրելու ձեր վճռակամութիւնը կրնայ զօրանալ, եթէ շարունակէք յիշել ձեր մկրտութեան ուրախ օրը եւ Աստուծոյ օգնութիւնը հայցել, որպէսզի ձեր խօսքերն ու արարքները իր սիրտը ուրախացնեն։ (Առակաց 27։11) Եհովա երբեք յուսախաբ չ’ըներ իր ժողովուրդը, եւ անկասկած պէտք է իրեն հաւատարիմ ըլլանք։ (Սաղմոս 94։14) Ան ողորմութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերեց, Դաւիթի թշնամիներուն ծրագիրները ի դերեւ հանելով եւ զինք ազատագրելով։ Առ ի երախտագիտութիւն, Դաւիթ իր Ազատարարին հանդէպ իր սիրոյն հաստատ եւ անխախտ ըլլալը յայտնեց։ Խոր զգացումով ան տաղերգեց. «Սիրտս հաստատ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս հաստատ է»։—Սաղմոս 57։7, ՆԱ

22 Դաւիթի նման, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ հանդէպ իրենց սիրոյն մէջ չեն խախտած։ Հաստատ սրտով, անոնք իրենց ազատագրութիւնն ու վերապրումը կը վերագրեն Եհովայի, որուն ուրախութեամբ օրհնութեան երգեր կ’երգեն։ Եթէ ձեր սիրտը հաստատ է, անիկա Աստուծոյ պիտի ապաւինի, եւ իր օգնութեամբ պիտի կարենաք ձեր նուիրումը կատարել։ Այո, կրնա՛ք այն «արդարին» պէս ըլլալ, որուն մասին սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ»։ (Սաղմոս 112։6, 7) Աստուծոյ հաւատք ընծայելով եւ իրեն ապաւինելով, կրնաք ձեր նուիրումին համաձայն ապրիլ եւ շարունակել հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել։

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը ստանալ։

• Ինչո՞ւ պէտք չէ մոռնանք մեր զղջումն ու դարձի գալը։

• Մեր նուիրումն ու մկրտութիւնը յիշելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

• Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 30]

Քրիստոնէական ծառայութիւնը մեր գլխաւոր գործը դարձնելը, մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել

[Նկար՝ էջ 30]

Ձեր հոգեւոր առողջութիւնը կը պահպանէ՞ք, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով