Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ձեզի համար իրակա՞ն է

Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ձեզի համար իրակա՞ն է

Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ձեզի համար իրակա՞ն է

«‘Առաջնորդ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 23։10, Անթիլիաս

1. Ո՞վ է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն միակ Առաջնորդը։

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ Նիսան 11–ն էր։ Երեք օր ետք, Յիսուս Քրիստոս մահուան պիտի դատապարտուէր։ Ասիկա տաճարին տուած իր վերջին այցելութիւնն էր։ Այդ օրը, Յիսուս կարեւոր ուսուցում մը հաղորդեց հոն հաւաքուած ամբոխին եւ իր աշակերտներուն։ Ան ըսաւ. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ [«առաջնորդ», Անթիլիաս] մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը [«առաջնորդը», Անթիլիաս] մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։ (Մատթէոս 23։8-10) Բացայայտօրէն, Յիսուս Քրիստոս ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն Առաջնորդն է։

2, 3. Եհովայի մտիկ ընելը եւ իր նշանակած Առաջնորդը ընդունիլը մեր կեանքին ի՞նչպէս կ’ազդեն։

2 Յիսուսի առաջնորդութիւնը ի՜նչ օգտակար ազդեցութիւններ ունի մեր կեանքին վրայ, երբ զայն ընդունինք։ Այս Առաջնորդին գալը նախագուշակելով, Եհովա Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Ո՛վ ծառաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք. եկէ՛ք առանց ստակի եւ ձրի գինի ու կաթ ծախու առէք։ . . . Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։ . . . Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի»։—Եսայեայ 55։1-4

3 Եսայի սովորական հեղուկներ՝ ջուր, կաթ ու գինի՝ փոխաբերաբար գործածեց, ցոյց տալու համար թէ մեր անձնական կեանքը ի՛նչպէս կ’ազդուի, երբ Եհովայի եւ մեզի տուած իր Առաջնորդին ու Հրամանատարին մտիկ ընենք։ Արդիւնքը թարմացուցիչ է, տաք օր մը գաւաթ մը պաղ ջուր խմելու նման. ճշմարտութեան ու արդարութեան համար մեր ծարաւը կը յագեցուի։ Ինչպէս կաթը մանկիկները կը զօրացնէ եւ անոնց կ’օգնէ որ աճին, նոյնպէս ‘խօսքին կաթը’ կը զօրացնէ մեզ եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ հոգեւորապէս աճելու կը նպաստէ։ (Ա. Պետրոս 2։1-3, Անթիլիաս) Իսկ ո՞վ կրնայ ուրանալ թէ գինին ուրախութեան կը նպաստէ տօնական առիթներուն։ Նմանապէս, ճշմարիտ Աստուածը պաշտելը եւ իր նշանակած Առաջնորդին քայլերուն հետեւիլը կեանքը «ուրախ» կը դարձնեն։ (Բ. Օրինաց 16։15) Ուստի, կենսական է որ բոլորս ալ՝ երիտասարդ եւ տարեց, արու եւ էգ, ցոյց տանք թէ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը մեզի համար իրական է։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք մեր առօրեայ կեանքին մէջ ցոյց տալ թէ Մեսիան մեր Առաջնորդն է։

Ո՛վ Դեռատիներ՝ Շարունակեցէք ‘Իմաստութիւնով Զարգանալ’

4. (ա) Երբ 12 տարեկան Յիսուս Պասեքի ժամանակ Երուսաղէմ այցելեց, ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) 12 տարեկան հասակին Յիսուս ո՞րքան լաւատեղեակ էր։

4 Նկատի առէք թէ մեր Առաջնորդը ի՛նչ օրինակ հանդիսացաւ դեռատիներուն։ Թէեւ Յիսուսի մանկութեան մասին քիչ բան գիտենք, սակայն կայ միջադէպ մը որ բաւական բան երեւան կը հանէ։ Երբ Յիսուս 12 տարեկան էր, ծնողքը զինք իր հետ Երուսաղէմ տարաւ Պասեքի տարեկան տօնակատարութեան առթիւ։ Հոն ան սուրբ գրային խօսակցութեամբ մը տարուեցաւ, եւ իր ընտանիքը անգիտակցաբար առանց իրեն վերադարձաւ։ Երեք օր ետք, իր մտահոգ ծնողքը՝ Յովսէփ ու Մարիամ, զինք տաճարին մէջ գտան, «որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր»։ Ասկէ զատ, «անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ»։ Երեւակայեցէ՛ք, 12 տարեկանին Յիսուս ո՛չ միայն կարող էր միտք գրգռող, հոգեւոր բնոյթ ունեցող հարցումներ հարցնել, այլ նաեւ՝ խելացի պատասխաններ տալ։ Անկասկած, ծնողական մարզումը իրեն օգնած էր։—Ղուկաս 2։41-50

5. Դեռատիները ի՞նչպէս կրնան Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան հանդէպ իրենց կեցուածքը արժեւորել։

5 Թերեւս դուք դեռատի մըն էք։ Եւ եթէ ձեր ծնողքը Աստուծոյ նուիրուած ծառաներ են, հաւանաբար ձեր տան մէջ Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան յայտագիր մը կայ։ Ի՞նչ է ձեր կեցուածքը ընտանեկան ուսումնասիրութեան հանդէպ։ Ինչո՞ւ չմտածէք հետեւեալին նման հարցումներու մասին. ‘Ընտանիքիս մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութեան ամբողջ սրտով թիկունք կը կանգնի՞մ։ Անոր հետ կը համագործակցի՞մ, չընելով բան մը որ կրնայ այդ սովորութիւնը խանգարել’։ (Փիլիպպեցիս 3։16) ‘Ուսումնասիրութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն կը բերե՞մ։ Երբ յարմար է, ուսումնասիրութեան նիւթին շուրջ հարցումներ կը հարցնե՞մ եւ անոր կիրարկման մասին մեկնաբանութիւններ կ’ընե՞մ։ Մինչ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեմ, «չափահասներուն [պատկանող] հաստատուն կերակուրին» հանդէպ ախորժակ կը զարգացնե՞մ’։—Եբրայեցիս 5։13, 14

6, 7. Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան յայտագիր մը ո՞րքան արժէքաւոր կրնայ ըլլալ դեռատիներուն համար։

6 Աստուածաշունչի ընթերցանութեան առօրեայ յայտագիր մը ունենալն ալ արժէքաւոր է։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, . . . հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ [«ցած ձայնով կը կարդայ», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 1։1, 2) Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսուն, ‘օրէնքներու գիրքը գիշեր ցորեկ ցած ձայնով կը կարդար’։ Ասիկա զինք կարող դարձուց իմաստուն կերպով վարուելու եւ իր աստուածատուր նշանակումը յաջողութեամբ կատարելու։ (Յեսուայ 1։8) Մեր Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ (Մատթէոս 4։4) Եթէ ամէն օր ֆիզիքական ուտելիքի կարիքը ունինք, որքա՛ն աւելի կարիքը ունինք կանոնաւորաբար հոգեւոր կերակուրով սնուցանուելու։

7 Իր հոգեւոր կարիքին գիտակցելով, 13 տարեկան Նիգոլ սկսաւ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալ։ * Այժմ, 16 տարեկան հասակին, ան լման Աստուածաշունչը մէկ անգամ կարդացած է, եւ հիմա երկրորդ անգամ կը կարդայ ու անոր կէսին հասած է։ Իր մեթոտը պարզ է։ Ան կ’ըսէ. «Որոշած եմ ամէն օր առնուազն մէկ գլուխ կարդալ»։ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը ի՞նչպէս օգնած է անոր։ Ան կը պատասխանէ. «Ներկայիս չար ազդեցութիւնները շատ են։ Ամէն օր դպրոցին մէջ եւ այլուր կ’ենթարկուիմ ճնշումներու, որոնք հաւատքիս ասպարէզ կը կարդան։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը ինծի կ’օգնէ որ շուտով մտաբերեմ Աստուածաշունչի պատուիրաններն ու սկզբունքները, որոնք զիս կը քաջալերեն այս ճնշումներուն ընդդիմանալու։ Որպէս արդիւնք, Եհովայի ու Յիսուսի աւելի մօտիկ կը զգամ»։

8. Ժողովարանին նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ սովորութիւն ունէր, եւ դեռատիները ի՞նչպէս կրնան զինք ընդօրինակել։

8 Յիսուս ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութեան մտիկ ընելու եւ անոր մասնակցելու սովորութիւնը ունէր։ (Ղուկաս 4։16. Գործք 15։21) Որքա՜ն օգտակար է որ դեռատիներ այս օրինակին հետեւին, քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, ուր Աստուածաշունչը կ’ընթերցուի եւ կ’ուսումնասիրուի։ Այս ժողովներուն հանդէպ երախտագիտութիւն արտայայտելով, 14 տարեկան Ռիչըրտ կ’ըսէ. «Ժողովները ինծի համար արժէքաւոր են։ Հոն յարատեւաբար ինծի կը վերյիշեցուի թէ ի՛նչ է բարին ու չարը, ի՛նչ բան բարոյական է ու ինչ բան՝ չէ, ի՛նչ բան քրիստոսանման է եւ ինչ բան՝ չէ։ Պէտք չունիմ ասոնք դառն կերպով՝ փորձառաբար՝ սորվելու»։ Այո, «Տէրոջը վկայութիւնը [«վերյիշեցումը», ՆԱ] ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 19։7) Նիգոլ նաեւ որոշում տուած է ամէն շաբաթ ժողովքային հինգ հանդիպումներուն ալ ներկայ գտնուիլ։ Ան նաեւ երկուքէն երեք ժամ կը յատկացնէ զանոնք պատրաստելու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16

9. Դեռատիներ ի՞նչպէս կրնան ‘իմաստութիւնով զարգանալ’։

9 Պատանեկութիւնը յարմար ժամանակ է ‘գիտութիւն ստանալու միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսին մասին, որ ան ղրկեց’։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Թերեւս կը ճանչնաք պատանիներ, որոնք բաւական ժամանակ կը վատնեն զաւեշտի գրքեր կարդալով, հեռատեսիլ դիտելով, պատկերիզի խաղեր խաղալով, կամ համացանցին՝ Ինթըրնէթ–ին՝ վրայ նաւարկելով։ Ինչո՞ւ զիրենք ընդօրինակէք, երբ կրնաք ձեր Առաջնորդին կատարեալ օրինակին հետեւիլ։ Երբ պատանի էր, ան Եհովայի մասին սորվելէն հաճոյք կ’առնէր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Հոգեւոր բաներու հանդէպ իր ունեցած սիրոյն շնորհիւ, ‘Յիսուս զարգացաւ իմաստութիւնով’։ (Ղուկաս 2։52) Դուք ալ կրնաք։

«Իրարու Հնազանդ Եղէ՛ք»

10. Ի՞նչ բան պիտի նպաստէ որ ընտանեկան կեանքը խաղաղութեան եւ երջանկութեան աղբիւր մը ըլլայ։

10 Տունը կրնայ խաղաղութեան ու գոհունակութեան ապաստանարան մը ըլլալ, կամ՝ կռիւի ու վիճաբանութեան ռազմադաշտ մը։ (Առակաց 21։19. 26։21) Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ընդունիլը ընտանիքին մէջ խաղաղութեան ու երջանկութեան կը նպաստէ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի օրինակը ընտանեկան յարաբերութիւններու համար տիպար օրինակ է։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Աստուծոյ վախովը։ Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ . . . Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։21-25) Կողոսայի ժողովքին գրելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի»։—Կողոսացիս 3։18-20

11. Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ ցոյց տալ թէ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը իրեն համար իրական է։

11 Այս խրատին հետեւիլը կը նշանակէ թէ ամուսինը ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ, կինը հաւատարմաբար թիկունք կը կանգնի անոր, իսկ զաւակները իրենց ծնողքին կը հնազանդին։ Սակայն, տղամարդուն գլխաւորութիւնը ուրախութիւն կը բերէ միայն երբ պատշաճօրէն ձեռք կ’առնուի։ Խոհեմ ամուսին մը պէտք է սորվի գլխաւորութիւն ի գործ դնել, իր Գլուխն ու Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ ընդօրինակելով։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Թէեւ Յիսուս հետագային «եկեղեցիին գլուխը» եղաւ, սակայն ան երկիր «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու»։ (Եփեսացիս 1։22. Մատթէոս 20։28) Նմանապէս, Քրիստոնեայ ամուսին մը իր գլխաւորութիւնը ի գործ կը դնէ, ո՛չ թէ անձնասէր շահու համար, այլ իր կնոջ ու զաւակներուն՝ ամբողջ ընտանիքին՝ շահերուն հոգ տանելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5) Ան կը ջանայ իր գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ բարեպաշտ յատկութիւնները ընդօրինակել։ Յիսուսի նման, ան հեզ ու սրտով խոնարհ է։ (Մատթէոս 11։28-30) Երբ սխալի, ան դժուարութիւն չունենար ըսելու՝ «կը ներես» կամ «իրաւունք ունիս», եւայլն։ Անոր ընտիր օրինակը կը դիւրացնէ որ կինը այսպիսի տղամարդու մը համար «օգնական», «լրացուցիչ» եւ «ընկեր» ըլլայ, անկէ սորվելով եւ անոր կողքին աշխատելով։—Ծննդոց 2։20, ՆԱ. Մաղաքեայ 2։14

12. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ կին մը գլխաւորութեան սկզբունքը առանց առարկութեան ընդունի։

12 Կինը, իր կարգին պէտք է ամուսնոյն հնազանդ ըլլայ։ Սակայն, եթէ ան աշխարհի հոգիէն ազդուի, ասիկա կրնայ գլխաւորութեան սկզբունքին հանդէպ իր տեսակէտը խեղաթիւրել, եւ տղամարդու մը հնազանդելու գաղափարը կրնայ իրեն հաճելի չթուիլ։ Սուրբ Գրութիւնները չեն թելադրեր թէ տղամարդը պէտք է տիրապետող ըլլայ, սակայն, անոնք կը պահանջեն որ կիները իրենց ամուսիններուն հնազանդ ըլլան։ (Եփեսացիս 5։24) Աստուածաշունչը նաեւ ամուսինը կամ հայրը համարատու կը նկատէ, եւ եթէ սուրբ գրային խրատը կիրարկուի, ասիկա ընտանիքին մէջ խաղաղութեան եւ կարգ կանոնի կը նպաստէ։—Փիլիպպեցիս 2։5

13. Յիսուս զաւակներուն համար հնազանդութեան ի՞նչ օրինակ մը հայթայթեց։

13 Զաւակներ իրենց ծնողներուն պէտք է հնազանդին։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս սքանչելի օրինակ մը հանդիսացաւ։ Տաճարին միջադէպէն ետք, երբ 12 տարեկան Յիսուս երեք օր հոն մոռցուեցաւ, ան «իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր»։ (Ղուկաս 2։51) Զաւակներուն հնազանդիլը իրենց ծնողներուն, ընտանիքին մէջ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան կը նպաստէ։ Երբ ընտանիքին մէջ ամէն ոք Քրիստոսի առաջնորդութեան կ’ենթարկուի, արդիւնքը կ’ըլլայ երջանիկ ընտանիք մը։

14, 15. Երբ տան մէջ դժուար պարագայ մը դիմագրաւենք, ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ զայն յաջողութեամբ ձեռք առնենք։ Օրինակ մը տուէք։

14 Նոյնիսկ երբ տան մէջ դժուար պարագաներ ծագին, յաջողութեան բանալին Յիսուսը ընդօրինակելը եւ իր առաջնորդութիւնը ընդունիլն է։ Օրինակ, երբ 35 տարեկան Ճերին ամուսնացաւ Լանայի հետ, որ պատանուհիի մը մայրն էր, ասիկա խնդիր մը յարուցանեց, որ անոնցմէ ոչ մէկը երեւակայած էր։ Ճերին կը բացատրէ. «Գիտէի թէ յաջող գլուխ մը ըլլալու համար, պէտք էր կիրարկէի այն նոյն սուրբ գրային սկզբունքները, որոնք այլ ընտանիքներու յաջողութեան կը նպաստեն։ Սակայն, շուտով անդրադարձայ թէ պէտք էր զանոնք կիրարկէի աւելի՛ իմաստութեամբ եւ ներատեսութեամբ»։ Իր խորթ աղջիկը զինք կը նկատէր մէկը, որ զինք իր մօրմէն զատած էր, եւ սաստիկ կ’ընդվզէր իրմէ։ Ճերին ներատեսութեան կարիքը ունէր, հասկնալու համար թէ այս կեցուածքը կ’ազդէր աղջկան ըսածներուն եւ ըրածներուն։ Ան ի՞նչպէս ձեռք առաւ այս կացութիւնը։ Ճերին կը պատասխանէ. «Լանան ու ես համաձայնեցանք որ առնուազն հիմակուհիմա, Լանան հոգ պիտի տանէր ծնողական կրթութեան երեսակին, մինչ ես պիտի կեդրոնանայի խորթ աղջկանս հետ լաւ յարաբերութիւն մը կերտելու վրայ։ Ժամանակի ընթացքին այս մօտեցումը լաւ արդիւնք տուաւ»։

15 Երբ տան մէջ դժուար պարագաներու հետ դէմ յանդիման կու գանք, ներատեսութեան կարիքը ունինք հասկնալու համար թէ ընտանիքի անդամները ինչո՛ւ որոշ կերպով կը խօսին կամ կը վարուին։ Նաեւ իմաստութեան կարիքը ունինք, աստուածային սկզբունքները պատշաճօրէն կիրարկելու համար։ Օրինակ, Յիսուս յստակօրէն ըմբռնեց թէ տեռատեսութենէ տառապող կինը ինչո՛ւ իրեն դպաւ, եւ անոր հետ խոհեմութեամբ ու կարեկցութեամբ վարուեցաւ։ (Ղեւտացւոց 15։25-27. Մարկոս 5։30-34) Իմաստութիւնն ու ներատեսութիւնը մեր Առաջնորդին յատկանիշներէն են։ (Առակաց 8։12) Ուրախ կ’ըլլանք եթէ իրեն պէս վարուինք։

Շարունակեցէք ‘Առաջ Խնդրել Թագաւորութիւնը’

16. Ի՞նչ բան մեր կեանքին մէջ գլխաւոր տեղը պէտք է գրաւէ, եւ Յիսուս ի՞նչպէս ասիկա ցոյց տուաւ իր օրինակով։

16 Յիսուս բացայայտեց թէ իր առաջնորդութիւնը ընդունողներուն կեանքին մէջ ի՛նչ բան գլխաւոր տեղը պէտք է գրաւէ։ Ան ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր [Աստուծոյ] արդարութիւնը»։ (Մատթէոս 6։33) Եւ իր օրինակով, ան մեզի ցոյց տուաւ ասիկա ընելու կերպը։ Իր մկրտութեան յաջորդող 40 օրուան ծոմապահութեան, խոկումի եւ աղօթքի ժամանակաշրջանին վերջաւորութեան, Յիսուս փորձութիւն մը դիմագրաւեց։ Բանսարկու Սատանան անոր հրամցուց «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները»։ Երեւակայեցէք այն կեանքը զոր Յիսուս կրնար ունենալ եթէ Բանսարկուին առաջարկը ընդունէր։ Սակայն, Յիսուս կեդրոնացած էր իր Հօրը կամքը կատարելու վրայ։ Ան նաեւ գիտակցեցաւ թէ Սատանայի աշխարհին մէջ այսպիսի կեանք մը կարճատեւ պիտի ըլլար։ Ան անմիջապէս մերժեց Սատանայի առաջարկը, ըսելով. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Անկէ ետք, Յիսուս «սկսաւ քարոզել ու ըսել. ‘Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’»։ (Մատթէոս 4։2, 8-10, 17) Իր երկրային կեանքին մնացեալ ժամանակը, Քրիստոս Աստուծոյ Թագաւորութեան լիաժամ ծանուցանող մըն էր։

17. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւեն։

17 Պէտք է մեր Առաջնորդը ընդօրինակենք եւ թոյլ չտանք որ Սատանայի աշխարհը մեզ հրապուրէ լաւ վճարուած գործ մը կամ ասպարէզ մը մեր կեանքին նպատակակէտը դարձնելու։ (Մարկոս 1։17-21) Մեր կողմէ որքա՜ն անմտութիւն պիտի ըլլայ աշխարհային հետապնդումներուն մէջ ա՛յնքան մխրճուիլ, որ Թագաւորութեան շահերը երկրորդական դառնան։ Յիսուս մեզի յանձնած է Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Թէեւ ընտանիք կամ այլ պատասխանատուութիւններ կրնանք ունենալ, որոնց հոգ պէտք է տանինք, սակայն, ուրախ չե՞նք որ երեկոները եւ շաբաթավերջերը կրնանք գործածել՝ քարոզելու ու սորվեցնելու մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնը կատարելու համար։ Իսկ որքա՜ն քաջալերական է որ 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, շուրջ 780,000 անհատներ կարող եղան որպէս լիաժամ քարոզիչներ, կամ ռահվիրաներ, ծառայելու։

18. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնելու։

18 Աւետարանները Յիսուսը կը նկարագրեն որպէս գործունեայ մարդ մը, ինչպէս նաեւ քնքուշ զգացումներու տէր անհատ մը։ Երբ իր շուրջիններուն հոգեւոր կարիքները կը նկատէր, անոնց կը խղճար եւ անկեղծօրէն օգնութեան ձեռք մը կ’երկարէր։ (Մարկոս 6։31-34) Մեր ծառայութիւնը ուրախութիւն կը բերէ, երբ անոր կը մասնակցինք՝ ուրիշներու հանդէպ սէրէ եւ անոնց օգնելու անկեղծ փափաքէ մը մղուած։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի փափաք մը մշակել։ Ճէյսըն անունով երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, ծառայութենէն շատ հաճոյք չէի առներ»։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ այս գործունէութեան հանդէպ սէր մշակէ։ Ճէյսըն կը պատասխանէ. «Մեր ընտանիքին մէջ, Շաբաթ առաւօտները միշտ դաշտի ծառայութեան յատկացուած էին։ Ասիկա ինծի համար լաւ էր, քանի որ ո՛րքան աւելի ծառայութեան կ’երթայի, ա՛յնքան աւելի կը նկատէի անոր օգուտները եւ ա՛յնքան աւելի հաճոյք կ’առնէի անկէ»։ Մենք ալ պէտք է կանոնաւորաբար եւ փութաջանօրէն մասնակցինք ծառայութեան։

19. Քրիստոսի առաջնորդութեան նկատմամբ ի՞նչ վճռած պէտք է ըլլանք։

19 Արդարեւ, Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ընդունիլը թարմացուցիչ ու վարձահատոյց է։ Երբ զայն ընդունինք, պատանեկութիւնը գիտութեան եւ իմաստութեան մէջ յառաջդիմելու ժամանակ մը կը դառնայ, ընտանեկան կեանքը՝ խաղաղութեան ու երջանկութեան աղբիւր մը, իսկ ծառայութիւնը՝ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն բերող գործունէութիւն մը։ Ուստի, ամէն գնով վճռենք ցոյց տալ՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ մեր տուած որոշումներով՝ թէ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը մեզի համար իրական է։ (Կողոսացիս 3։23, 24) Սակայն, Յիսուս Քրիստոս առաջնորդութիւն հայթայթած է ուրիշ միջոցով մըն ալ՝ քրիստոնէական ժողովքը։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք այս կարգադրութենէն օգտուիլ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

Կը յիշէ՞ք

• Աստուծմէ նշանակուած մեր Առաջնորդին հետեւիլը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։

• Պատանիներ ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ կ’ուզեն Յիսուսի առաջնորդութեան հետեւիլ։

• Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի անոր ենթարկուողներուն ընտանեկան կեանքին վրայ։

• Մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ցոյց տալ թէ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը մեզի համար իրական է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 11]

Պատանեկութիւնը Աստուծոյ ու իր կողմէ նշանակուած մեր Առաջնորդին մասին գիտութիւն ստանալու լաւ ժամանակ մըն է

[Նկար՝ էջ 12]

Քրիստոսի առաջնորդութեան ենթարկուիլը ընտանեկան ուրախութեան կը նպաստէ

[Նկարներ՝ էջ 14]

Յիսուս առաջ Թագաւորութիւնը խնդրեց։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք