Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոս իր ժողովքը կ’առաջնորդէ

Քրիստոս իր ժողովքը կ’առաջնորդէ

Քրիստոս իր ժողովքը կ’առաջնորդէ

«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։20

1, 2. (ա) Երբ աշակերտելու պատուէրը կու տար, յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ խոստացաւ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս գործօն կերպով առաջնորդեց նախկին քրիստոնէական ժողովքը։

ԵՐԿԻՆՔ համբառնալէ առաջ, Յիսուս Քրիստոս, մեր յարուցեալ Առաջնորդը, իր աշակերտներուն երեւցաւ ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։ Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը [«իրերու դրութեան վախճանը», ՆԱ]»։—Մատթէոս 23։10, Անթիլիաս. 28։18-20

2 Յիսուս իր աշակերտներուն ոչ միայն յաւելեալ անհատներ աշակերտելու փրկարար գործը նշանակեց, այլ նաեւ խոստացաւ որ իրենց հետ պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գրքին մէջ արձանագրուած նախկին Քրիստոնէութեան պատմութիւնը, հաստատօրէն կ’ապացուցանէ թէ Քրիստոս իրեն տրուած հեղինակութիւնը գործածեց նոր հաստատուած ժողովքը առաջնորդելու համար։ Ան, խոստացուած «օգնական»ը՝ սուրբ հոգին՝ ղրկեց, իր հետեւորդները զօրացնելու եւ անոնց ջանքերը առաջնորդելու համար։ (Յովհաննու 16։7. Գործք 2։4, 33. 13։2-4. 16։6-10) Յարուցեալ Յիսուս իր հրամանին տակ եղող հրեշտակներ գործածեց, իր աշակերտներուն զօրավիգ կանգնելու համար։ (Գործք 5։19. 8։26. 10։3-8, 22. 12։7-11. 27։23, 24. Ա. Պետրոս 3։22) Ասկէ զատ, մեր Առաջնորդը ժողովքին ուղղութիւն հայթայթեց, կարգադրելով որ որակելի տղամարդիկ որպէս կառավարիչ մարմին մը ծառայեն։—Գործք 1։20, 24-26. 6։1-6. 8։5, 14-17

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։

3 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ժամանակին՝ «իրերու դրութեան վախճան»ին՝ մասին։ Յիսուս Քրիստոս ներկայիս ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ քրիստոնէական ժողովքը։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ իր առաջնորդութիւնը կ’ընդունինք։

Տէրը Հաւատարիմ Ծառայ մը Ունի

4. (ա) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» որոնցմէ՞ բաղկացած է։ (բ) Տէրը ծառային հոգատարութեան ի՞նչ յանձնած է։

4 Երբ իր ներկայութեան նշանին մասին մարգարէութիւնը կու տար, Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ (Մատթէոս 24։45-47) «Տէրը» մեր Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոսն է, եւ ան նշանակած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»՝ երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու մարմինը՝ իր բոլոր երկրային շահերուն հոգ տանելու համար։

5, 6. (ա) Յովհաննէս առաքեալի տեսած մէկ տեսիլքին մէջ, «եօթը ոսկեղէն աշտանակներ»ը եւ «եօթը աստղեր»ը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) «Եօթը աստղեր»ը Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ ըլլալը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

5 Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ թէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ուղղակիօրէն Յիսուս Քրիստոսի հակակշռին ներքեւ է։ «Տէրունական օր»ուան մասին տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ «եօթը ոսկեղէն աշտանակներ» տեսաւ, «եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման», որ «իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր»։ Տեսիլքը Յովհաննէսի բացատրելով, Յիսուս ըսաւ. «Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։—Յայտնութիւն 1։1, 10-20

6 «Եօթը ոսկեղէն աշտանակները» կը պատկերացնեն բոլոր ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքները, որոնք 1914–ին սկսած «Տէրունական օր»ուան մէջ գոյութիւն ունին։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել «եօթը աստղեր»ուն մասին։ Սկիզբը՝ անոնք կը խորհրդանշէին բոլոր հոգիէն ծնած օծեալ տեսուչները, որոնք առաջին դարու ժողովքներուն հոգ կը տանէին։ * Տեսուչները Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ էին՝ իր հակակշռին եւ առաջնորդութեան ներքեւ։ Այո, Քրիստոս Յիսուս բաղադրեալ ծառայ դասակարգը առաջնորդեց։ Սակայն, ներկայիս, օծեալ տեսուչները սակաւաթիւ են։ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը ի՞նչպէս կը հասնի երկրագունդի տարածքին գտնուող Եհովայի Վկաներու 93,000–է աւելի ժողովքներուն։

7. (ա) Յիսուս Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչպէս կը գործածէ համայն աշխարհի ժողովքներուն մէջ առաջնորդութիւն հայթայթելու համար։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Քրիստոնեայ տեսուչներ սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։

7 Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս ալ ներկայիս, որակելի տղամարդոցմէ բաղկացած օծեալ տեսուչներու փոքր խումբ մը կը ծառայէ որպէս Կառավարիչ Մարմին, ներկայացնելով՝ բաղադրեալ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան։ Մեր Առաջնորդը այս Կառավարիչ Մարմինը կը գործածէ տեղական ժողովքներու մէջ որակելի տղամարդիկ որպէս երէցներ նշանակելու համար, անոնք հոգիէն օծուած ըլլան կամ ոչ։ Այս առնչութեամբ, սուրբ հոգին՝ որ Եհովա Յիսուսի հեղինակութիւն տուած է գործածելու՝ շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ։ (Գործք 2։32, 33) Նախ եւ առաջ, այս տեսուչները պէտք է գոհացում տան սուրբ հոգիին կողմէ ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքին պահանջներուն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։5-9. Բ. Պետրոս 1։20, 21) Յանձնարարութիւններն ու նշանակումները կ’ըլլան աղօթելէ ետք եւ սուրբ հոգիին ուղղութեան ներքեւ։ Ասկէ զատ, նշանակուած անհատները այդ հոգիին պտուղը կը ցուցաբերեն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի, Պօղոսի խրատը հաւասարապէս կը կիրարկուի բոլոր երէցներուն, ըլլան օծեալ կամ ոչ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ»։ (Գործք 20։28) Այս նշանակուած տղամարդիկը Կառավարիչ Մարմինէն ուղղութիւն կը ստանան եւ սիրայօժար կերպով ժողովքը կը հովուեն։ Այս կերպով, Քրիստոս մեզի հետ է ներկայիս եւ գործօն կերպով ժողովքը կ’առաջնորդէ։

8. Քրիստոս ի՞նչպէս հրեշտակները կը գործածէ իր հետեւորդները առաջնորդելու համար։

8 Յիսուս ներկայիս իրական հրեշտակներ ալ կը գործածէ իր հետեւորդները առաջնորդելու համար։ Ըստ ցորենի ու որոմի առակին, հունձքի ժամանակը «իրերու դրութեան վախճան»ին պիտի գար։ Հունձքը հաւաքելու համար Տէրը որո՞նք պիտի գործածէր։ «Հնձողները հրեշտակներն են», ըսաւ Յիսուս։ Ան աւելցուց. «Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն»։ (Մատթէոս 13։37-41) Ասկէ զատ, ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակ մը Փիլիպպոսը առաջնորդեց Եթովպիացի ներքինին գտնելու, նոյնպէս ալ բաւարար ապացոյց կայ թէ ներկայիս Յիսուս իր հրեշտակները կը գործածէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն գործը առաջնորդելու համար, պարկեշտ սիրտ ունեցողները գտնելու մէջ։—Գործք 8։26, 27. Յայտնութիւն 14։6

9. (ա) Ներկայիս Քրիստոս ի՞նչ միջոցներով կ’առաջնորդէ քրիստոնէական ժողովքը։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պէտք է առնենք եթէ կ’ուզենք Քրիստոսի առաջնորդութենէն օգտուիլ։

9 Որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ ներկայիս Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն առաջնորդութիւն կը հայթայթէ Կառավարիչ Մարմինին, սուրբ հոգիին եւ հրեշտակներուն միջոցաւ։ Եթէ նոյնիսկ Եհովայի երկրպագուներէն ոմանք ժամանակաւորապէս Կառավարիչ Մարմինէն մեկուսացած ըլլան, հալածանքի կամ նման պատճառներով, Քրիստոս տակաւին առաջնորդութիւն կը հայթայթէ սուրբ հոգիին միջոցաւ ու հրեշտակային աջակցութեամբ։ Սակայն, անոր առաջնորդութենէն կ’օգտուինք միայն երբ զայն ընդունինք։ Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Քրիստոսի առաջնորդութիւնը կ’ընդունինք։

«Մտիկ Ըրէ՛ք . . . Հնազանդեցէ՛ք»

10. Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքին մէջ նշանակուած երէցներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։

10 Մեր Առաջնորդը ժողովքներուն տուած է «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ», «մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ [«ուսուցանող», Անթիլիաս]»։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ, 11, 12) Անոնց հանդէպ մեր կեցուածքն ու արարքները բացայայտօրէն կը յայտնեն եթէ մենք Քրիստոսի առաջնորդութիւնը կ’ընդունինք կամ ոչ։ Ուստի շատ պատշաճ է որ ‘շնորհակալ ըլլանք’ Քրիստոսի տուած հոգեւորապէս որակելի տղամարդոց համար։ (Կողոսացիս 3։15, Անթիլիաս) Անոնք նաեւ մեր յարգանքին արժանի են։ «Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17) Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքի երէցներուն կամ տեսուչներուն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը ցուցաբերել։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք»։ (Եբրայեցիս 13։17) Այո, պէտք է անոնց հնազանդինք եւ հպատակինք՝ կամ ենթարկուինք։

11. Ինչո՞ւ երէցներու կարգադրութեան հանդէպ յարգանք ունենալը մեր մկրտութեան համաձայն ապրելուն հետ առնչուած է։

11 Մեր Առաջնորդը կատարեալ է։ Իր կողմէ որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը կատարեալ չեն։ Ուստի անոնք կրնան երբեմն սխալներ գործել։ Այսուհանդերձ, կենսական է որ մենք Քրիստոսի կարգադրութեան հանդէպ հաւատարիմ մնանք։ Իրականութեան մէջ, մեր նուիրումին ու մկրտութեան համաձայն ապրիլը կը նշանակէ թէ կ’ընդունինք ժողովքին մէջ հոգիէն նշանակուած հեղինակութեան վաւերական ըլլալը եւ կամովին անոր կ’ենթարկուինք։ ‘Հոգւոյն սրբոյ անունով’ մեր մկրտութիւնը, հանրային յայտարարութիւն մըն է թէ մենք կը ճանչնանք սուրբ հոգին եւ կ’ընդունինք Եհովայի նպատակներուն մէջ անոր խաղցած դերը։ (Մատթէոս 28։19) Այսպիսի մկրտութիւն կը նշանակէ թէ հոգիին հետ կը համագործակցինք եւ կը խուսափինք Քրիստոսի հետեւորդներուն մէջ անոր կատարած գործունէութեան արգելք հանդիսանալէ։ Քանի որ սուրբ հոգին երէցներ յանձնարարելու եւ նշանակելու մէջ կենսական դեր մը կը խաղայ, մեր նուիրումին իրապէս կառչած կ’ըլլա՞նք, եթէ ժողովքին մէջ երէցներու կարգադրութեան հետ չհամագործակցինք։

12. Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքի պակասի ի՞նչ օրինակներ կը յիշէ Յուդա, եւ անոնք մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն։

12 Սուրբ Գրութիւնները կը բովանդակեն օրինակներ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն հնազանդութեան եւ հպատակութեան արժէքը։ Ժողովքին մէջ նշանակուած մարդոց դէմ հայհոյութիւն ընողներուն ակնարկելով, Յուդա աշակերտ երեք ազդարարական օրինակներ նշեց, ըսելով. «Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնին ճամբովը գացին ու Բաղաամի մոլորութեանը պէս ցանկութեամբ վարձքի ետեւէ գացին ու Կորխին հակառակութեանը պէս կորսուեցան»։ (Յուդա 11) Կայէն անտեսեց Եհովայի սիրալիր խրատը եւ կամովին մարդասպանութեան առաջնորդող ատելավառ ընթացք մը հետապնդեց։ (Ծննդոց 4։4-8) Կրկին անգամ աստուածային ազդարարութիւններ ստանալով հանդերձ, Բաղաամ նիւթական վարձատրութեան մը համար փորձեց Աստուծոյ ժողովուրդը անիծել։ (Թուոց 22։5-28, 32-34. Բ. Օրինաց 23։5) Կորխ Իսրայէլի մէջ պատասխանատու դիրք մը ունէր, բայց անով չգոհացաւ։ Ան երկրի ամենէն հեզ մարդուն, Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի դէմ ըմբոստութիւն սադրեց։ (Թուոց 12։3. 16։1-3, 32, 33) Կայէն, Բաղաամ եւ Կորխ աղէտի հանդիպեցան։ Այս օրինակները որքա՜ն վառ կերպով մեզի կը սորվեցնեն, որ Եհովայի կողմէ գործածուած պատասխանատու դիրքի վրայ եղողներուն խրատին անսանք եւ զիրենք յարգենք։

13. Եսայի մարգարէն ի՞նչ օրհնութիւններ նախագուշակեց, երէցներու կարգադրութեան ենթարկուողներուն համար։

13 Ո՞վ պիտի չուզէ օգտուիլ վերակացութեան այս հոյակապ կարգադրութենէն, որ մեր Առաջնորդը հաստատած է քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Եսայի մարգարէն անոր օրհնութիւնները նախագուշակեց, ըսելով. «Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։ Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 32։1, 2, ստորանիշ) Երէցներէն իւրաքանչիւրը պաշտպանութեան ու ապահովութեան այսպիսի տեղ մը պէտք է ըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ հեղինակութեան ենթարկուիլը դժուար կը գտնենք, թող որ աղօթելով ջանանք հնազանդիլ եւ ենթարկուիլ ժողովքին մէջ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հեղինակութեան։

Երէցները Ի՛նչպէս կ’Ենթարկուին Քրիստոսի Առաջնորդութեան

14, 15. Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Քրիստոսի առաջնորդութեան կ’ենթարկուին։

14 Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է Քրիստոսի առաջնորդութեան հետեւի. մասնաւորաբար երէցները։ Տեսուչները, կամ երէցները, ժողովքին մէջ որոշ չափով հեղինակութիւն ունին։ Սակայն անոնք չեն ջանար ‘իրենց հաւատակիցներուն հաւատքին վրայ տիրապետել’, փորձելով անոնց կեանքը ղեկավարել։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Երէցները Յիսուսի խօսքերուն կ’անսան. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ»։ (Մատթէոս 20։25-27) Մինչ երէցներ իրենց պատասխանատուութիւնը կը կատարեն, անոնք անկեղծօրէն կը ջանան ուրիշներու ծառայել։

15 Քրիստոնեաներուն յորդոր կը տրուի. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, . . . եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։ (Եբրայեցիս 13։7) Ո՛չ թէ քանի որ երէցները առաջնորդներ են, պէտք է անոնց հաւատքը ընդօրինակուի։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»։ (Մատթէոս 23։10, Անթիլիաս) Երէցներուն հաւատքն է որ պէտք է ընդօրինակուի, քանի որ անոնք մեր իրական Առաջնորդը՝ Քրիստոսը՝ կ’ընդօրինակեն։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Նկատի առէք կարգ մը կերպեր, որոնցմով երէցներ կը ջանան քրիստոսանման ըլլալ, ժողովքի անդամներուն հետ իրենց յարաբերութեան մէջ։

16. Հակառակ իր ունեցած հեղինակութեան, Յիսուս ի՞նչպէս վարուեցաւ իր հետեւորդներուն հետ։

16 Յիսուս անկատար մարդոցմէ ամէն կերպով գերադաս, եւ իր Հօրմէն անբաղդատելի հեղինակութիւն ստացած ըլլալով հանդերձ, իր աշակերտներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ համեստ էր։ Ան իր ունկնդիրները չափազանց տպաւորիչ գիտութեամբ չողողեց։ Յիսուս իր հետեւորդներուն հանդէպ նրբազգացութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, անոնց մարդկային կարիքները նկատի առնելով։ (Մատթէոս 15։32. 26։40, 41. Մարկոս 6։31) Ան իր աշակերտներէն բնաւ չպահանջեց որ իրենց կարողութենէն աւելին տային, ո՛չ ալ անոնց վրայ ա՛յնչափ բեռ դրաւ որ չկարենային շալկել։ (Յովհաննու 16։12) Յիսուս ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ էր։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ շատեր զինք կազդուրիչ գտան։—Մատթէոս 11։28-30

17. Երէցներ ի՞նչպէս պէտք է քրիստոսանման համեստութիւն ցուցաբերեն, ժողովքին մէջ ուրիշներու հետ իրենց յարաբերութեան մէջ։

17 Եթէ Քրիստոս Առաջնորդը համեստութիւն ցուցաբերեց, ո՛րքան աւելի ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողները ասիկա պէտք է ընեն։ Այո, անոնք զգոյշ են որ իրենց յանձնուած որեւէ հեղինակութիւն չարաչար չգործածեն։ Անոնք ‘խօսքի գերազանցութիւնով’ չեն գար, փորձելով ուրիշները տպաւորել։ (Ա. Կորնթացիս 2։1, 2) Ընդհակառակը, անոնք կը ջանան սուրբ գրային ճշմարտութեան խօսքերը պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ խօսիլ։ Ասկէ զատ, երէցները կը ջանան ուրիշներէն տրամաբանական չափով ակնկալել եւ անոնց կարիքներուն հանդէպ նկատառու ըլլալ։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Գիտակցելով թէ ամէն անհատ իր սահմանափակումները ունի, անոնք սիրալիրօրէն զանոնք նկատի կ’առնեն։ (Ա. Պետրոս 4։8) Խոնարհ ու հեզ երէցները իրապէս թարմացուցիչ չե՞ն։ Արդարե՛ւ։

18. Երէցներ ի՞նչ կրնան սորվիլ երախաներուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն։

18 Յիսուս դիւրամերձ եւ դիւրամատչելի էր, նոյնիսկ պզտիկներուն։ Նկատի առէք իր պատասխանը, երբ աշակերտները ժողովուրդը յանդիմանեցին, քանի որ անոնք ‘մանր տղաք բերին իրեն’։ «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան», ըսաւ Յիսուս, «մի՛ արգիլէք ատոնք»։ Ապա, «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մարկոս 10։13-16) Յիսուս ջերմ ու ազնիւ էր, եւ ուրիշներ իրմով հրապուրուեցան։ Մարդիկ Յիսուսէ չէին վախնար։ Նոյնիսկ երախաներ իր ներկայութեան հանգիստ կը զգային։ Երէցներն ալ դիւրամերձ են, եւ մինչ ջերմ խանդաղատանք ու ազնուութիւն կը ցուցաբերեն, ուրիշներ եւ նոյնիսկ երախաներ, իրենց հետ հանգիստ կը զգան։

19. «Քրիստոսին միտքը» ունենալը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ասիկա ի՞նչ ջանք կը պահանջէ։

19 Թէ երէցներ ո՛ր աստիճան կրնան Քրիստոս Յիսուսը ընդօրինակել, կախեալ է զինք լաւ ճանչնալէն։ «Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ», հարցուց Պօղոս։ Ապա աւելցուց. «Բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Քրիստոսին միտքը ունենալը կը պարփակէ գիտնալ իր մտածելակերպը եւ իր անձնաւորութեան բոլոր երեսակները, որպէսզի գիտնանք թէ ան ի՛նչ պիտի ընէր որոշ պարագայի մը մէջ։ Երեւակայեցէ՛ք որ կրնանք մեր Առաջնորդը այս աստիճան ճանչնալ։ Այո, ասիկա կը պահանջէ որ Աւետարաններուն մօտէն ուշադրութիւն ընծայենք եւ կանոնաւորաբար մեր միտքը լեցնենք Յիսուսի կեանքին ու օրինակին հասկացողութեամբ։ Երբ երէցներ ջանք կը թափեն ա՛յս տարողութեամբ Քրիստոսի առաջնորդութեան հետեւելու, ժողովքի անդամները աւելի հակումը պիտի ունենան անոնց հաւատքը ընդօրինակելու։ Իսկ երէցներ գոհունակութիւնը պիտի ունենան տեսնելով որ ուրիշներ ուրախութեամբ կը հետեւին Առաջնորդին քայլերուն։

Շարունակեցէք Քրիստոսի Առաջնորդութեան Ենթարկուիլ

20, 21. Մինչ խոստացեալ նոր աշխարհը կը սպասենք, ի՞նչ վճռած պէտք է ըլլանք։

20 Կենսական է որ բոլորս ալ շարունակենք Քրիստոսի առաջնորդութեան ենթարկուիլ։ Մինչ իրերու այս դրութեան վերջը կը մօտենայ, մեր պարագան նման է Հ.Դ.Ա. 1473–ին Մովաբի դաշտին մէջ գտնուող Իսրայելացիներու պարագային։ Անոնք Խոստացեալ Երկրի սեմին կը գտնուէին, եւ Մովսէս մարգարէին միջոցաւ Աստուած ըսաւ. «Այս ժողովուրդը դո՛ւն [Յեսու] պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու»։ (Բ. Օրինաց 31։7, 8) Յեսուն էր նշանակուած առաջնորդը։ Խոստացեալ Երկիրը մտնելու համար, Իսրայելացիները պէտք էր Յեսուի առաջնորդութեան ենթարկուէին։

21 Իսկ մեզի համար Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»։ Միայն Քրիստոս մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի խոստացեալ նոր աշխարհը, որուն մէջ արդարութիւն կը բնակի։ (Բ. Պետրոս 3։13) Հետեւաբար, թող որ վճռած ըլլանք իր առաջնորդութեան ենթարկուիլ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Հոս «աստղեր»ը բառացի հրեշտակներ չեն խորհրդանշեր։ Վստահաբար Յիսուս մարդ արարած մը պիտի չգործածէր, որպէսզի անտեսանելի հոգեղէն արարածներուն համար տեղեկութիւններ արձանագրէր։ Ուստի, «աստղեր»ը պէտք է ներկայացնեն ժողովքին մէջի մարդկային տեսուչները, կամ՝ երէցները, որոնք Յիսուսի պատգամաւորները նկատուած են։ Անոնց թիւը եօթն ըլլալը կը նշանակէ՝ աստուածային չափանիշին համաձայն ամբողջութիւն։

Կը յիշէ՞ք

• Քրիստոս ի՞նչպէս առաջնորդեց նախկին ժողովքը։

• Քրիստոս ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ իր ժողովքը ներկայիս։

• Ինչո՞ւ պէտք է ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն ենթարկուինք։

• Երէցները ի՞նչ կերպերով կրնան ցոյց տալ թէ Քրիստոս իրենց Առաջնորդն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Քրիստոս իր ժողովքը կ’առաջնորդէ եւ տեսուչները իր աջ ձեռքին մէջ ունի

[Նկարներ՝ էջ 18]

«Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք»

[Նկար՝ էջ 20]

Յիսուս ջերմ ու դիւրամերձ էր։ Քրիստոնեայ երէցներ կը ջանան անոր նմանիլ