Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածային պահանջներուն գոհացում տալը Եհովան կը բարձրացնէ

Աստուածային պահանջներուն գոհացում տալը Եհովան կը բարձրացնէ

Աստուածային պահանջներուն գոհացում տալը Եհովան կը բարձրացնէ

«Պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով»։—ՍԱՂՄՈՍ 69։30

1. (ա) Եհովա ինչո՞ւ բարձրացուելու արժանի է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք զինք բարձրացնել գոհութիւնով։

ԵՀՈՎԱ՝ Ամենակալ Աստուածը, Տիեզերքի Գերիշխանը, եւ Ստեղծիչն է։ Ուստի իր անունն ու նպատակները բարձրացուելու արժանի են։ Եհովան բարձրացնել կը նշանակէ զինք մեծապէս յարգել, խօսքով ու գործով փառաբանել եւ գովաբանել։ Ասիկա «գոհութիւնով» ընելը կը պահանջէ որ միշտ շնորհապարտ ըլլանք մեզի համար հի՛մա ըրած եւ ապագային ընելիք բաներուն համար։ Կեցուածքը որ պէտք է ունենանք, ցոյց տրուած է Յայտնութիւն 4։10–ին մէջ, ուր հաւատարիմ հոգեղէն արարածներ երկնքի մէջ կը յայտարարեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Ի՞նչպէս կրնանք Եհովան բարձրացնել։ Իր մասին սորվելով եւ մեզմէ իր պահանջածը ընելով։ Պէտք է զգանք սաղմոսերգուին նման, երբ ըսաւ. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս»։—Սաղմոս 143։10

2. Եհովա ի՞նչպէս կը վարուի զինք բարձրացնողներուն եւ չբարձրացնողներուն հետ։

2 Եհովա զինք բարձրացնողները մեծապէս կ’արժեւորէ։ Անոր համար է որ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Ի՞նչ է վարձատրութիւնը։ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր ուղղուած աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Այո, անոնք որոնք ‘Եհովան կը բարձրացնեն գոհութիւնով’, «պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Միւս կողմէ, ‘չար մարդը բարի վախճան պիտի չունենայ’։ (Առակաց 24։20) Իսկ այս վերջին օրերուն, Եհովան բարձրացնելու կարիքը ստիպողական է, քանի որ ան շուտով ամբարիշտները պիտի կործանէ եւ արդարները պիտի ապրեցնէ։ «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17. Առակաց 2։21, 22

3. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք Մաղաքեայ գրքին։

3 Եհովայի կամքը կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ, քանի որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուծոյ Խօսքը կը պարունակէ բազմաթիւ արձանագրութիւններ թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օրհնէ զինք բարձրացնողները եւ ի՛նչ կը պատահի ասիկա չընողներուն։ Ասոնցմէ մէկը կապ ունի Մաղաքիա մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հետ։ Շուրջ Հ.Դ.Ա. 443–ին, երբ Նէեմիա Յուդայի կառավարիչն էր, Մաղաքիա գրեց իր անունը կրող գիրքը։ Այս զօրաւոր ու ոգեւորիչ գիրքը կը պարունակէ տեղեկութիւններ եւ մարգարէութիւններ, որոնք «գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի, որ ժամանակներու վախճանին մօտեցեր ենք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։11, Անթիլիաս) Մաղաքիայի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելը մեզի կրնայ օգնել որ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան պատրաստուինք, երբ Ան այս ամբարիշտ դրութիւնը պիտի կործանէ։—Մաղաքեայ 4։5

4. Մաղաքեայ առաջին գլուխին մէջ ի՞նչ վեց կէտեր մեր ուշադրութեան կը յանձնուին։

4 Աւելի քան 2,400 տարիներ առաջ գրուած Մաղաքիայի գիրքը, ի՞նչպէս կրնայ այս ԻԱ. դարուն մեզի օգնել, որ պատրաստուինք Եհովայի մեծ ու ահեղ օրուան համար։ Առաջին գլուխը մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ առնուազն վեց կէտերու, որոնք Եհովան գոհութիւնով բարձրացնելու համար կարեւոր են, որպէսզի իր հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգենք. (1) Եհովա կը սիրէ իր ժողովուրդը։ (2) Պէտք է Աստուծոյ հանդէպ պատկառանք ունենանք եւ սրբազան բաները արժեւորենք։ (3) Եհովա կ’ակնկալէ որ մեր լաւագոյնը տանք իրեն։ (4) Ճշմարիտ պաշտամունքը անշահախնդիր սէրէ կը մղուի եւ ո՛չ թէ՝ ագահութենէ։ (5) Աստուծոյ ընդունելի ծառայութիւնը յոգնեցուցիչ ձեւականութիւն մը չէ։ (6) Ամէն մէկս Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տանք։ Արդ, Մաղաքեայ գրքին վերաբերեալ երեք յօդուածներէն այս առաջին յօդուածին մէջ, այդ կէտերուն ամէն մէկը նկատի առնենք, մինչ Մաղաքեայ առաջին գլուխը աւելի մօտէն կը քննենք։

Եհովա կը Սիրէ Իր Ժողովուրդը

5, 6. (ա) Եհովա ինչո՞ւ սիրեց Յակոբը։ (բ) Եթէ Յակոբի հաւատարմութիւնը ընդօրինակենք, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

5 Մաղաքիայի մարգարէութեան առաջին համարներէն իսկ Եհովայի սէրը բացայայտ կը դարձուի։ Գիրքը հետեւեալ խօսքով կը սկսի. «Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը»։ Ասկէ զատ, Աստուած կ’ըսէ. «Ես ձեզ սիրեցի»։ Օրինակ մը յիշելով, նոյն համարին մէջ Եհովա կ’ըսէ. «Ես Յակոբը սիրեցի»։ Յակոբ Եհովայի հանդէպ հաւատք ունեցող մարդ մըն էր։ Ժամանակ մը ետք, Եհովա Յակոբի անունը Իսրայէլի փոխեց, եւ ան Իսրայէլ ազգին նախահայրը եղաւ։ Յակոբ հաւատքի տէր մարդ մը ըլլալուն համար է որ Աստուած զինք սիրեց։ Ժողովուրդէն անոնք որոնք Եհովայի հանդէպ Յակոբի կեցուածքը ցուցաբերեցին, անոնք ալ Իր կողմէ սիրուեցան։—Մաղաքեայ 1։1, 2

6 Եթէ Եհովան սիրենք եւ հաւատարմօրէն իր ժողովուրդին կառչինք, կրնանք մխիթարուիլ Ա. Թագաւորաց 12։22–ի խօսքերէն. «Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր»։ Եհովա կը սիրէ իր ժողովուրդը եւ զանոնք ի վերջոյ յաւիտենական կեանքով կը վարձատրէ։ Ուստի կը կարդանք. «Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները»։ (Սաղմոս 37։3, 4) Եհովան սիրելը նաեւ կը պարփակէ երկրորդ կէտ մը, որ մեր ուշադրութեան կը յանձնուի Մաղաքեայ առաջին գլուխին մէջ։

Սրբազան Բաները Արժեւորեցէք

7. Եհովա ինչո՞ւ ատեց Եսաւը։

7 Ինչպէս որ կարդացինք Մաղաքեայ 1։2, 3–ի մէջ, «Յակոբը սիրեցի» ըսելէն ետք, Եհովա կ’աւելցնէ՝ «Եսաւը ատեցի»։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Յակոբ Եհովան բարձրացուց, սակայն իր երկուորեակ եղբայրը՝ Եսաւ, չբարձրացուց։ Եսաւ նաեւ կոչուած էր Եդովմ։ Մաղաքեայ 1։4–ի մէջ, Եդովմի երկիրը կոչուած է «Անօրէնութեան Սահման» եւ անոր բնակիչները դատապարտուած են։ Եդովմ անունը (իմաստը՝ «Կարմիր») տրուած էր Եսաւի, քիչ մը կարմիր ոսպէ ապուրի փոխարէն իր թանկարժէք անդրանկութեան իրաւունքը Յակոբին ծախած ըլլալուն պատճառաւ։ «Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց», կ’ըսէ Ծննդոց 25։34–ը։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները զգուշացուց, ըսելով. «Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց»։—Եբրայեցիս 12։14-16

8. Ի՞նչ պատճառով Պօղոս Եսաւը պոռնիկի մը նմանցուց։

8 Պօղոս ինչո՞ւ Եսաւի արարքը առնչեց պոռնկութեան հետ։ Քանի որ Եսաւի մտայնութիւնը ունենալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը սրբազան բաները գնահատելու մէջ թերանայ։ Իր կարգին, ասիկա կրնայ պոռնկութեան նման լուրջ մեղքերու առաջնորդել։ Ուստի, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Երբեմն կը փորձուի՞մ փոխանակել քրիստոնէական ժառանգութիւնս՝ յաւիտենական կեանքը, աման մը ոսպէ ապուրի նման վաղանցիկ բանով մը։ Թերեւս առանց անդրադառնալու, սրբազան բաները կ’արհամարհե՞մ’։ Եսաւ մարմնաւոր փափաք մը գոհացնելու շտապ ցանկութիւն ունէր։ Ան Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, [«աճապարէ՛», ՆԱ] այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ»։ (Ծննդոց 25։30) Դժբախտաբար, Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք արդարեւ ըսած են. «Աճապարէ՛. ինչո՞ւ սպասես պատուաբեր ամուսնութեան մը»։ Ամէն գնով սեռային յարաբերութիւն ունենալու ցանկութիւնը, իրենց աման մը ոսպէ ապուրը եղած է։

9. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ պահպանել։

9 Թող որ բնա՛ւ չանարգենք սրբազան բաները, արհամարհելով անարատութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը։ Փոխանակ Եսաւի նման ըլլալու, թող որ հաւատարիմ Յակոբի նման ըլլանք եւ Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախ պահպանենք, սրբազան բաներու հանդէպ խոր գնահատութիւն ցուցաբերելով։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Ուշադիր ըլլալով որ Եհովայի պահանջներուն գոհացում տանք։ Ասիկա տրամաբանականօրէն մեզ կը հասցնէ Մաղաքեայ առաջին գլուխին մէջ շօշափուած երրորդ կէտին։ Ի՞նչ է այդ։

Մեր Լաւագոյնը Տանք Եհովայի

10. Քահանաները ի՞նչ կերպով կ’անարգէին Եհովայի սեղանը։

10 Մաղաքիայի օրերուն Երուսաղէմի տաճարին մէջ ծառայող Յուդայի քահանաները, լաւագոյն զոհերը Եհովայի չէին մատուցաներ։ Մաղաքեայ 1։6-8–ն կ’ըսէ. «Տղան՝ իր հօրը, ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։ ‘Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, եթէ Տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է’, կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը, ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք»։ «Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք», հարցուցին քահանաները։ «Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք», պատասխանեց Եհովա։ «Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք», հարցուցին քահանաները։ Ուստի Եհովա անոնց ըսաւ՝ «Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով»։ Այդ քահանաները ցոյց տուին թէ Եհովայի սեղանը կ’անարգէին ամէն անգամ որ պակասաւոր զոհ մը կը մատուցանէին, ըսելով՝ ‘Գէշ չէ’։

11. (ա) Եհովա ի՞նչ ըսաւ անընդունելի զոհերու նկատմամբ։ (բ) Ընդհանուր ժողովուրդը ի՞նչ կերպով յանցաւոր էր։

11 Ուստի, Եհովա պատճառաբանեց այսպիսի անընդունելի զոհերու նկատմամբ. «Եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, միթէ քեզի պիտի հաճի՞, կամ քեզ սիրով պիտի ընդունի՞»։ Ո՛չ, այսպիսի պարգեւ մը հաճելի պիտի չըլլար իրենց իշխանին. ո՛չ ալ Տիեզերքի Գերիշխանը պակասաւոր ընծաներ պիտի ընդունէր։ Եւ միայն քահանաները այպանելի չէին։ Ճիշդ է որ անոնք Եհովան կ’անարգէին, անասնական զոհերը մատուցանելով։ Բայց ընդհանուր ժողովուրդը անպա՞րտ էր։ Արդարեւ, ո՛չ։ Իրե՛նք էին որ կ’ընտրէին ու քահանաներուն կը բերէին կոյր, կաղ եւ հիւանդ անասունները, զոհ մատուցանելու համար։ Ի՜նչ մեղապարտութիւն։

12. Մեր լաւագոյնը Եհովայի տալու համար, ի՞նչ օգնութիւն կը տրուի մեզի։

12 Մեր լաւագոյնը Եհովայի տալը կերպ մըն է ցոյց տալու թէ զինք իրապէս կը սիրենք։ (Մատթէոս 22։37, 38) Մաղաքիայի օրուան կամակոր քահանաներուն հակառակը, Եհովայի կազմակերպութիւնը սուրբ գրային օգտակար դաստիարակութիւն կու տայ, մեզի օգնելով որ Եհովան բարձրացնենք գոհութիւնով՝ աստուածային պահանջներուն գոհացում տալով։ Մաղաքեայ առաջին գլուխին մէջ, ասոր հետ առնչութիւն ունեցող չորրորդ կարեւոր կէտ մը կարելի է քաղել։

Ճշմարիտ Պաշտամունքը Սէրէ կը Մղուի եւ Ո՛չ թէ՝ Ագահութենէ

13. Քահանաները ի՞նչ կ’ընէին, որ ցոյց կու տար թէ ագահութենէ մղուած էին։

13 Մաղաքիայի օրուան քահանաները անձնասէր, անսիրալիր եւ դրամապաշտ էին։ Ի՞նչպէս գիտենք։ Մաղաքեայ 1։10–ն կ’ըսէ. «Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։ Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։ ‘Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր’»։ Այո, այդ ագահ քահանաները վարձատրութիւն կը պահանջէին տաճարին մէջ իրենց կատարած ամենադոյզն սպասարկութեան համար։ Անոնք վճարում կը պահանջէին նոյնիսկ դռները գոցելու ու զոհասեղանին կրակը վառելու համար։ Զարմանալի չէ որ Եհովա անոնց ձեռքէն ընծայ չէր ընդուներ։

14. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովայի Վկաները սէրէ մղուած են։

14 Վաղեմի Երուսաղէմի մեղաւոր քահանաներուն ագահութիւնն ու անձնասիրութիւնը մեզի իրապէս կը յիշեցնեն թէ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն, ագահները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Այդ քահանաներուն շահադիտական կերպերուն մասին մտածելն ալ մեր գնահատութիւնը կ’աւելցնէ Եհովայի Վկաներուն կատարած քարոզչութեան հանդէպ։ Անիկա սիրայօժար է. բնա՛ւ մեր ծառայութեան համար վճարում չենք պահանջեր։ Ո՛չ, մենք ‘Աստուծոյ խօսքը խարդախողներ չենք’։ (Բ. Կորնթացիս 2։17) Պօղոսի նման, ամէն մէկս կրնանք ճշմարտապէս ըսել. ‘[«Ուրախութեամբ», ՆԱ] Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզեցի’։ (Բ. Կորնթացիս 11։7) Նկատի առէք թէ Պօղոս ‘ուրախութեամբ աւետարանը քարոզեց’։ Ասիկա մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Մաղաքեայ առաջին գլուխին հինգերորդ կէտը։

Աստուծոյ Ծառայութիւնը Յոգնեցուցիչ Ձեւականութիւն մը Չէ

15, 16. (ա) Քահանաները ի՞նչ կեցուածք ունէին զոհեր մատուցանելու նկատմամբ։ (բ) Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը մատուցանեն իրենց զոհերը։

15 Վաղեմի Երուսաղէմի մէջ անհաւատ քահանաներուն համար զոհեր մատուցանելը յոգնեցուցիչ արարողութիւն մըն էր։ Անիկա բեռ մըն էր իրենց համար։ Ինչպէս նշուած է Մաղաքեայ 1։13–ի մէջ, Աստուած անոնց ըսաւ. «Կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է’ ու անոր վրայ կը փչէք»։ Այդ քահանաները կը փչէին՝ կամ կ’արհամարհէին՝ Աստուծոյ սրբազան բաները։ Աղօթենք որ մենք բնա՛ւ անոնց չնմանինք։ Ընդհակառակը, թող որ միշտ Ա. Յովհաննու 5։3–ի հոգին ցուցաբերենք. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։

16 Թող որ հաճոյքով հոգեւոր զոհեր մատուցանենք Աստուծոյ, ասիկա ընելը բնա՛ւ յոգնեցուցիչ բեռ չնկատելով։ Թող որ անսանք այս մարգարէական խօսքերուն. «[Եհովայի] ըսէ՛ք. ‘Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր եւ բարութիւնը ընդունէ՛ ու մեր շրթունքներուն պտուղները [«զուարակները», Արարատ] պիտի մատուցանենք’»։ (Ովսեայ 14։2) «Մեր շրթունքներուն զուարակները» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ հոգեւոր զոհերու. խօսքեր՝ որ կը խօսինք Եհովան փառաբանելու եւ իր նպատակները բացատրելու համար։ Եբրայեցիս 13։15–ը կը նշէ. «Անոր [Յիսուս Քրիստոսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր հոգեւոր զոհերը զուտ ձեւականութիւն չեն, հապա, Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյ սրտանց արտայայտութիւններն են։ Ասիկա մեզ կը հասցնէ վեցերորդ կէտի մը, որ Մաղաքեայ առաջին գլուխէն կրնանք սորվիլ։

Ամէն Մէկս Աստուծոյ Հաշիւ Պէտք Է Տանք

17, 18. (ա) Եհովա ինչո՞ւ անիծեց «խաբեբայ մարդը»։ (բ) Խաբեբայութիւն գործող անհատները ի՞նչ բան նկատի չէին առած։

17 Մաղաքիայի օրերուն ապրող անհատները իրենց արարքներուն համար անձնապէս համարատու էին. մեր պարագան նոյնն է։ (Հռովմայեցիս 14։12. Գաղատացիս 6։5) Հետեւաբար, Մաղաքեայ 1։14–ը կ’ըսէ. «Անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը, որ իր հօտին մէջ [անարատ] որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ, բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ»։ Հօտ ունեցող մարդ մը, միայն մէկ անասուն՝ մէկ ոչխար՝ չէր ունենար որ ընտրութիւն չունենար։ Երբ զոհի համար անասուն մը կը զատէր, ան պէտք չունէր կոյրը, կաղը կամ հիւանդը ընտրելու։ Եթէ այսպիսի արատաւոր անասուն մը ընտրէր, անիկա ցոյց կու տար որ ինք կ’արհամարհէր Եհովայի զոհագործական կարգադրութիւնը, քանի որ հօտի տէր անհատ մը վստահաբար կրնար անարատ անասուն մը գտնել։

18 Ուստի, Եհովա վաւերական պատճառ մը ունէր անիծելու խաբեբայ մարդը, որ լաւ արու անասուն մը ունենալով հանդերձ, զոհի համար քահանային կը բերէր՝ թերեւս քաշքշելով՝ կոյրը, կաղը կամ հիւանդը։ Սակայն, ակնարկութիւն մը իսկ չկայ թէ ոեւէ քահանայ Աստուծոյ օրէնքը կը մէջբերէր թէ այսպիսի արատաւոր անասուն ընդունելի չէր։ (Ղեւտացւոց 22։17-20) Տրամաբանութիւն ունեցող անհատներ գիտէին որ եթէ փորձէին այսպիսի նուէր մը մատուցանել իրենց կառավարիչին, լաւ ընդունելութիւն պիտի չգտնէին։ Իրականութեան մէջ, անոնք Տիեզերքի Գերիշխան՝ Եհովայի հետ գործ ունէին, որ մարդկային կառավարիչէ մը շա՛տ աւելի մեծ է։ Մաղաքեայ 1։14–ը հարցը հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ. «Ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է»։

19. Ի՞նչ բանի կարօտով կը սպասենք, եւ մինչ այդ ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ, կարօտով կը սպասենք այն օրուան, երբ Մեծ Թագաւորը՝ Եհովա, ամբողջ մարդկութեան կողմէ պիտի մեծարուի։ Այն ժամանակ, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Մինչ այդ, մեր լաւագոյնը ընենք աստուածային պահանջներուն գոհացում տալու համար, ընդօրինակելով այն սաղմոսերգուն որ ըսաւ. «Պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով»։ (Սաղմոս 69։30) Այդ նպատակին հասնելու համար, Մաղաքիայի մարգարէութիւնը յաւելեալ խրատներ ունի, որոնք շատ օգտակար կրնան ըլլալ մեզի։ Ուստի, յաջորդ երկու յօդուածներուն մէջ, ուշադրութիւն ընծայենք Մաղաքեայ գրքին միւս մասերուն։

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ Եհովան պէտք է բարձրացնենք։

• Մաղաքիայի օրուան քահանաներուն մատուցած զոհերը ինչո՞ւ Եհովայի անընդունելի էին։

• Ի՞նչպէս օրհնութեան պատարագ կը մատուցանենք Եհովայի։

• Ճշմարիտ պաշտամունքին շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Մաղաքիայի մարգարէութիւնը մեր օրերը մատնանշեց

[Նկար՝ էջ 18]

Եսաւ սրբազան բաները չգնահատեց

[Նկար՝ էջ 19]

Քահանաներն ու ժողովուրդը անընդունելի զոհեր մատուցանեցին

[Նկար՝ էջ 20]

Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները ձրիօրէն օրհնութեան պատարագներ կը մատուցանեն