Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կ’ատէ նենգ ընթացքը

Եհովան կ’ատէ նենգ ընթացքը

Եհովան կ’ատէ նենգ ընթացքը

‘Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն թող չընէ’։—ՄԱՂԱՔԵԱՅ 2։10

1. Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ եթէ կ’ուզենք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։

Կ’ՈՒԶԷ՞Ք յաւիտենական կեանք վայելել։ Եթէ Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած այդ յոյսին կը հաւատաք, հաւանաբար ըսէք՝ ‘Անշո՜ւշտ’։ Սակայն եթէ կը փափաքիք որ Աստուած ձեզի իր նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք պարգեւէ, իր պահանջներուն գոհացում պէտք է տաք։ (Ժողովողի 12։13. Յովհաննու 17։3) Անտրամաբանակա՞ն է անկատար մարդոցմէ այսպիսի բան մը ակնկալել։ Ո՛չ, քանի որ Եհովա այս քաջալերական խօսքը կ’ըսէ. «Ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը»։ (Ովսեայ 6։6) Ուստի, նոյնիսկ սխալական մարդիկ կրնան Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալ։

2. Իսրայելացիները ի՞նչպէս նենգութիւն ըրին Եհովայի։

2 Սակայն ամէն մարդ չի փափաքիր Եհովայի կամքը կատարել։ Ովսէէ կը յայտնէ թէ նոյնիսկ բազմաթիւ Իսրայելացիներ չուզեցին ասիկա ընել։ Որպէս ազգ, անոնք հաւանութիւն տուած էին ուխտի մը՝ համաձայնութեան մը՝ մէջ գալ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելու համար։ (Ելից 24։1-8) Սակայն, շատ չանցած անոնք «ուխտազանց եղան», իր օրէնքները բեկանելով։ Ուստի, Եհովա ըսաւ որ Իսրայելացիները իրեն «անհաւատարմութիւն [«նենգութիւն», ՆԱ] ըրին»։ (Ովսեայ 6։7) Եւ անկէ ի վեր շատեր նոյնը ըրած են։ Սակայն, Եհովա կ’ատէ նենգ ընթացքը, ըլլայ իրեն հանդէպ, կամ զինք սիրողներուն եւ իրեն ծառայողներուն հանդէպ։

3. Այս ուսումնասիրութեան մէջ ի՞նչ վերլուծում պիտի կատարուի։

3 Ովսէէ միակ մարգարէն չէր որ նենգութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ընդգծեց, տեսակէտ մը որ պէտք է ընդունինք, եթէ կը յուսանք ուրախ կեանք մը վայելել։ Նախորդ յօդուածին մէջ, սկսանք Մաղաքիայի մարգարէական պատգամը վերլուծել, սկսելով իր գրքին առաջին գլուխէն։ Հիմա այդ գրքին երկրորդ գլուխին անցնինք եւ տեսնենք թէ նենգութեան շուրջ Աստուծոյ տեսակէտին վրայ ի՛նչպէս յաւելեալ ուշադրութիւն կը դարձուի։ Թէեւ Մաղաքիա Բաբելոնի գերութենէն վերադառնալէ տասնեակ տարիներ ետք Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տիրող կացութիւնը ձեռք կ’առնէր, բայց այս երկրորդ գլուխը մեզի համար իրական իմաստ մը ունի ներկայիս։

Մեղադրելի Քահանաներ

4. Եհովա քահանաներուն ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

4 Երկրորդ գլուխը կը սկսի իր արդար ճամբաներէն մոլորած Հրեայ քահանաներուն դէմ Եհովայի մեղադրանքով։ Եթէ անոնք իր խրատներուն չանսային եւ իրենց ճամբաները չշտկէին, անպայման շատ լուրջ հետեւանքներ պիտի կրէին։ Նկատի առէք առաջին երկու համարները. «Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։ Եթէ մտիկ չընէք, եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ»։ Եթէ քահանաները Աստուծոյ օրէնքները ժողովուրդին սորվեցուցած եւ զանոնք պահած ըլլային, պիտի օրհնուէին։ Սակայն, քանի որ Աստուծոյ կամքը զանց ըրին, անէծք, նզովք պիտի գար իրենց վրայ։ Քահանաներուն տուած օրհնութիւններն իսկ, անէծքի պիտի վերածուէին։

5, 6. (ա) Ինչո՞ւ քահանաները յատկապէս մեղադրելի էին։ (բ) Եհովա քահանաներուն հանդէպ ի՞նչպէս արհամարհանք յայտնեց։

5 Քահանաները ինչո՞ւ մասնաւորաբար մեղադրելի էին։ Եօթներորդ համարը յստակօրէն կը նշէ. «Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է»։ Աւելի քան հազար տարի առաջ, Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ օրէնքները ըսին թէ քահանաները պարտականութիւն ունէին ‘Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնելու Եհովայի պատուիրած բոլոր կանոնները’։ (Ղեւտացւոց 10։11) Դժբախտաբար, հետագային Բ. Մնացորդաց 15։3–ը գրողը տեղեկագրեց. «Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր»։

6 Մաղաքիայի ժամանակ, Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն, քահանաներուն վիճակը նոյնն էր։ Անոնք Աստուծոյ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցնելու մէջ կը թերանային։ Ուստի այդ քահանաները արժանի էին հաշիւ տալու։ Նկատի առէք անոնց դէմ Եհովայի ուղղած ծանր խօսքերը։ Մաղաքեայ 2։3–ը կ’ըսէ. «Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ, ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ»։ Ի՜նչ մեծ պատիժ մը։ Զոհուած անասուններուն աղբը բանակավայրէն դուրս պէտք էր տարուէր ու այրուէր։ (Ղեւտացւոց 16։27) Սակայն, երբ Եհովա անոնց կ’ըսէ որ փոխարէն աղբը իրենց երեսին վրայ պիտի ցանէր, անիկա բացայայտօրէն ցոյց կու տայ որ Աստուած կ’արհամարհէր ու կը մերժէր անոնց զոհերը եւ զանոնք մատուցանողները։

7. Եհովա ինչո՞ւ բարկացած էր Օրէնքի ուսուցիչներուն դէմ։

7 Մաղաքիայի ժամանակէն դարեր առաջ, Եհովա Ղեւտացիները նշանակած էր որ տաղաւարին, իսկ հետագային՝ տաճարին ու սրբազան ծառայութեան հոգ տանէին։ Անոնք Իսրայէլ ազգին ուսուցիչներն էին։ Այդ նշանակումին կատարումը՝ կեանք ու խաղաղութիւն պիտի նշանակէր իրենց եւ ազգին համար։ (Թուոց 3։5-8) Բայց Ղեւտացիները Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած նախկին երկիւղը կորսնցուցին։ Հետեւաբար, Եհովա անոնց ըսաւ. «Դուք ճամբայէն խոտորեցաք. շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, . . . դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք»։ (Մաղաքեայ 2։8, 9) Ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մէջ իրենց թերացումով եւ խեղճ օրինակով, քահանաները շատերը մոլորեցուցին, ուստի Եհովա իրաւացիօրէն բարկացած էր անոնց դէմ։

Աստուծոյ Չափանիշները Պահել

8. Անտրամաբանակա՞ն է մարդոցմէ ակնկալել որ Աստուծոյ չափանիշները պահեն։ Բացատրեցէք։

8 Չխորհինք թէ այդ քահանաները արժանի էին կարեկցութեան եւ ներումի, քանի որ պարզապէս անկատար մարդիկ էին եւ Աստուծոյ չափանիշները եւ ճամբաները պահելու կարող չէին։ Իրողութիւնը այն է թէ մարդիկ կրնան պահել Աստուծոյ պատուիրանները, քանի որ Եհովա անոնցմէ չ’ակնկալեր բան մը որ չեն կրնար ընել։ Հաւանաբար, այն ատեն կարգ մը քահանաներ կրցան պահել Աստուծոյ չափանիշները, բայց հետագային անկասկած մէկը պահեց զանոնք, Յիսուս՝ մեծ «քահանայապետ»ը։ (Եբրայեցիս 3։1) Իր մասին արդարեւ կրնայ ըսուիլ. «Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր, շատերը անօրէնութենէ դարձուց»։—Մաղաքեայ 2։6

9. Մեր օրերուն որո՞նք ճշմարտութիւնը հաւատարմօրէն մատակարարած են։

9 Նոյն կերպով, աւելի քան դարէ մը ի վեր, երկնային յոյս ունեցող Քրիստոսի օծեալ եղբայրները ծառայած են որպէս «սուրբ քահանայութիւն մը, . . . Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու» համար։ (Ա. Պետրոս 2։5) Անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներուն մատակարարելու մէջ առաջնորդութիւնը առած են։ Մինչ անոնց ուսուցանած ճշմարտութիւնները կը սորվէիք, փորձառաբար չնկատեցի՞ք թէ ճշմարտութեան օրէնքը իրենց բերնին մէջ է։ Անոնք շատերու օգնած են որ կրօնական սխալներէ հրաժարին, հետեւաբար, ներկայիս համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորված են եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունին։ Ասոնք ալ իրենց կարգին, ճշմարտութեան օրէնքը ուրիշ միլիոնաւորներու սորվեցնելու առանձնաշնորհումը ունին։—Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9

Զգոյշ Ըլլալու Պատճառ

10. Ինչո՞ւ զգոյշ ըլլալու պատճառ ունինք։

10 Այսուհանդերձ, զգոյշ ըլլալու պատճառ ունինք։ Կրնանք Մաղաքեայ 2։1-9–ի մէջ պարփակուած դասերը աչքաթող ընել։ Անձնապէս արթո՞ւն ենք որ մեր շրթներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուի։ Օրինակ, մեր ընտանիքի անդամները իրապէս կրնա՞ն հաւատալ մեր խօսքերուն։ Ժողովքին մէջ եղբայրներն ու քոյրերը կրնա՞ն մեր ըսածին վստահիլ։ Դիւրին է արտայայտուելու այնպիսի վարժութիւն մը զարգացնել, որ մեր խօսքերուն կազմութիւնը ճիշդ ըլլայ, բայց մոլորեցնէ ուրիշները։ Կամ՝ անհատ մը գործի վերաբերեալ հարցերու մէջ կրնայ կարգ մը մանրամասնութիւններ չափազանցել կամ թաքցնել։ Եհովան պիտի չտեսնէ՞ ատիկա։ Իսկ եթէ այսպիսի վարժութիւններու հետեւինք, մեր շրթներէն ելած զոհերը իրեն ընդունելի պիտի ըլլա՞ն։

11. Մասնաւորաբար որո՞նք զգոյշ ըլլալու կարիքը ունին։

11 Իսկ ներկայիս ժողովքին մէջ Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանելու առանձնաշնորհումը ունեցողներուն, Մաղաքեայ 2։7–ն իբրեւ նախազգուշացում պէտք է ծառայէ։ Անիկա կ’ըսէ թէ անոնց շրթները «գիտութիւն պահելու են, մարդիկ անո[նց] բերնէն օրէնք փնտռելու են»։ Այսպիսի ուսուցիչներ ծանր պատասխանատուութիւն ունին, քանի որ Յակոբու 3։1–ը կը նշէ թէ անոնք աւելի «մեծ դատաստան պիտի ընդունին»։ Թէեւ աշխոյժ ու եռանդուն կերպով պէտք է քարոզեն եւ սորվեցնեն, սակայն, իրենց ուսուցումը զօրաւոր կերպով հիմնուած պէտք է ըլլայ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին, եւ Եհովայի կազմակերպութենէն եկած հրահանգներուն վրայ։ Այսպիսով անոնք ‘կարող պիտի ըլլան ուրիշներուն սորվեցնելու’։ Ուստի, անոնց խրատ կը տրուի. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմոթէոս 2։2, 15

12. Ուսուցիչները ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանան։

12 Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք փորձուիլ մեր ուսուցումին մէջ մեր անձնական նախասիրութիւնները կամ կարծիքները պարփակել։ Ասիկա մասնաւորաբար վտանգ մը կրնայ ըլլալ այն անհատին համար, որ իր եզրակացութիւններուն վրայ համարում ունի, նոյնիսկ երբ անոնք կը հակասեն Եհովայի կազմակերպութեան սորվեցուցած բաները։ Բայց Մաղաքեայ 2–րդ գլուխը կը շեշտէ թէ պէտք է ակնկալենք որ ժողովքի ուսուցիչները կառչած մնան Աստուծոյ գիտութեան եւ ո՛չ թէ անձնական գաղափարներու, որոնք կրնան ոչխարները գայթակղեցնել։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։—Մատթէոս 18։6

Անհաւատի մը Հետ Ամուսնանալ

13, 14. Մաղաքիայի ցցուն դարձուցած նենգ ընթացքներէն մէկը ի՞նչ էր։

13 10–րդ համարէն սկսեալ, Մաղաքեայ 2–րդ գլուխը նենգութիւնը աւելի ցցուն կը դարձնէ։ Մաղաքիա կը կեդրոնանայ իրարու հետ կապ ունեցող երկու վերաբերմունքի վրայ, որոնց մասին ան կրկին անգամ կը գործածէ «նենգութիւն» բառը։ Նախ՝ նկատի առէք թէ Մաղաքիա իր խրատը կը ներկայացնէ հետեւեալ հարցումներով. «Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ»։ Ապա՝ 11–րդ համարին մէջ, ան կ’աւելցնէ որ Իսրայէլի նենգ ընթացքը «Տէրոջը սրբարանը» պղծելուն հաւասար է։ Ինչո՞ւ այսքան լուրջ էր հարցը։ Այդ համարը սխալ վարք մը կը մասնաւորէ. անոնք «օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղած» էին։

14 Ուրիշ խօսքով. Եհովայի նուիրուած ազգի մը մաս կազմող կարգ մը Իսրայելացիներ, զինք չպաշտող անհատներու հետ ամուսնացած էին։ Բովանդակութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ատիկա ինչո՛ւ այսքան լուրջ էր։ 10–րդ համարը կ’ըսէ որ անոնք նոյն հայրը ունէին։ Ասիկա չէր ակնարկեր Յակոբի (Իսրայէլ վերանուանուած), ոչ ալ Աբրահամի ու ոչ իսկ Ադամի։ Մաղաքեայ 1։6–ը ցոյց կու տայ որ Եհովան էր այդ «մէկ հայր»ը։ Իսրայէլ ազգը իրեն հետ յարաբերութեան մէջ էր, իրենց հայրերուն հետ եղած ուխտին երկու կողմերէն մէկն ըլլալով։ Այդ ուխտին օրէնքներէն մէկն էր. «Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ»։—Բ. Օրինաց 7։3

15. (ա) Ոմանք ի՞նչպէս կրնան անհաւատի մը հետ ամուսնանալը արդարացնել։ (բ) Ամուսնութեան շուրջ Եհովա ի՞նչպէս կ’արտայայտուի։

15 Ներկայիս ոմանք հաւանաբար պատճառաբանեն. ‘Այդ անհատը, որուն հանդէպ զգացումներ ունիմ, իրապէս բացառիկ է։ Ան հաւանաբար պիտի ընդունի ճշմարիտ պաշտամունքը’։ Այսպիսի մտածելակերպ կը հաստատէ ներշնչեալ կանխազգուշացումը, թէ՝ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ»։ (Երեմեայ 17։9) Անհաւատներու հետ ամուսնանալու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը բացայայտ է Մաղաքեայ 2։12–ին մէջ. «Տէրը . . . բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը»։ Ուստի, Քրիստոնեաներուն յորդոր կը տրուի որ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանան։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ, հաւատացեալ մը անհաւատի մը հետ ամուսնանալուն համար ‘բնաջինջ չ’ըլլար’։ Այսուհանդերձ, եթէ անհաւատը իր անհաւատութեանը մէջ մնայ, անոր ի՞նչ պիտի պատահի երբ Աստուած շուտով այս դրութեան վերջ դնէ։—Սաղմոս 37։37, 38

Կողակիցին Հետ Չարաչար Վարուիլ

16, 17. Ոմանք ի՞նչ նենգ ընթացք մը բռնած էին։

16 Ապա Մաղաքիա յաջորդ սխալին կ’անցնի. կողակիցին հետ չարաչար վարուիլ, մանաւանդ, օրինական հիմ չունենալով՝ ամուսնալուծուիլ։ Երկրորդ գլուխին 14–րդ համարը կ’ըսէ. «Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, որուն հետ անհաւատարմութեամբ [«նենգութեամբ», ՆԱ] վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է»։ Իրենց կիներուն հետ նենգութեամբ վարուելով, Հրեայ ամուսիններ պատճառ եղան որ Եհովայի զոհասեղանը որպէս թէ ‘արցունքներով ծածկուէր’։ (Մաղաքեայ 2։13) Այդ տղամարդիկը ապօրինի պատճառներով կ’ամուսնալուծուէին, անիրաւ կերպով լքելով իրենց կինն ու զաւակները, հաւանաբար աւելի երիտասարդ կամ հեթանոս կիներու հետ ամուսնանալու համար։ Իսկ փտած քահանաները ասիկա կը թոյլատրէին։ Սակայն, Մաղաքեայ 2։16–ը կ’ըսէ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ ինք կ’ատէ կին արձակելը»։ Հետագային, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ անբարոյութիւնը միակ հիմն է ամուսնալուծման, որ անմեղ կողակիցին ազատութիւն կու տայ վերամուսնանալու։—Մատթէոս 19։9

17 Մաղաքիայի խօսքերուն վրայ խորհեցէք եւ տեսէք թէ անոնք ի՛նչպէս սրտին եւ ազնուութեան զգացումներուն կոչ կ’ընեն։ Ան ակնարկում կ’ընէ՝ «քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կին»ը եղողին։ Խնդրոյ առարկայ այս մարդոցմէ ամէն մէկը հաւատակիցի՝ Իսրայելացի կնոջ մը հետ ամուսնացած էր, զայն ընտրելով որպէս իր սիրելի կողակիցը՝ կեանքի ընկերը։ Թէեւ այդ ամուսնութիւնը հաւանաբար տեղի ունեցած էր երբ երկուքն ալ երիտասարդ էին, սակայն ժամանակը եւ յառաջացած տարիքը պէտք չէր անվաւեր դարձնէին այն ուխտը՝ ամուսնական համաձայնութիւնը, որուն մէջ մտած էին։

18. Նենգութեան շուրջ Մաղաքիայի խրատը ի՞նչ կերպերով կը կիրարկուի ներկայիս։

18 Այս հարցերուն շուրջ տրուած խրատը նոյն ուժգնութեամբ կիրարկելի է այսօր։ Ցաւալի է որ ոմանք միայն Տէրոջմով ամուսնանալու շուրջ Աստուծոյ տուած ուղղութիւնը կ’անտեսեն։ Նաեւ ցաւալի է որ ոմանք չեն շարունակեր ջանք թափել իրենց ամուսնութիւնը զօրաւոր պահելու համար։ Ընդհակառակը, անոնք իրենք զիրենք կ’արդարացնեն եւ կը հետապնդեն ընթացք մը որ Աստուած կ’ատէ, ոչ սուրբ գրային հիման վրայ ամուսնալուծուելով, որպէսզի ուրիշ մէկու մը հետ ամուսնանան։ Այս բոլոր բաներով, անոնք ‘Տէրը կը ձանձրացնեն’։ Մաղաքիայի օրերուն, աստուածային խրատը անտեսողները նոյնիսկ յանդգնեցան խորհիլ թէ Աստուած իր տեսակէտին մէջ անիրաւ է։ Անոնք իրապէս ըսին. «Դատաստան [«արդարութիւն», ՆԱ] ընող Աստուածը ո՞ւր է»։ Ի՜նչ նենգ մտածելակերպ։ Թող որ բնա՛ւ այդ ծուղակին մէջ չիյնանք։—Մաղաքեայ 2։17

19. Ամուսիններ ու կիներ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ հոգին ստանալ։

19 Մաղաքիա դրական կողմը առնելով, ցոյց կու տայ թէ կարգ մը ամուսիններ իրենց կնոջ հետ նենգութեամբ չէին վարուած։ Անոնք ‘ունէին Աստուծոյ սուրբ հոգիէն ինչ որ մնացեր էր’։ (Համար 15) Ուրախ ենք որ ներկայիս Աստուծոյ կազմակերպութիւնը լեցուն է այսպիսի տղամարդոցմով, որոնք ‘կը յարգեն իրենց կիները’։ (Ա. Պետրոս 3։7) Անոնք իրենց կիները ֆիզիքապէս չեն չարաշահեր կամ չեն նախատեր, նուաստացուցիչ սեռային սովորութիւններ չեն պահանջեր, եւ իրենց կիները չեն անպատուեր ուրիշ կիներու հետ սիրախաղի միջամուխ ըլլալով կամ պոռնկագրական նիւթեր դիտելով։ Եհովայի կազմակերպութիւնը բազմաթիւ Քրիստոնեայ կիներով ալ օրհնուած է, որոնք հաւատարիմ են Աստուծոյ եւ իր օրէնքներուն։ Բոլոր այսպիսի տղամարդիկ ու կիներ գիտեն թէ Աստուած ի՛նչ կ’ատէ եւ ըստ այնմ կը խորհին ու կը գործեն։ Շարունակեցէք անոնց նման ըլլալ, ‘Աստուծոյ հնազանդելով’ եւ իր սուրբ հոգիին կողմէ օրհնուելով։—Գործք 5։29

20. Ամբողջ մարդկութեան համար ո՞ր ժամանակը կը մօտենայ։

20 Շուտով, Եհովա այս ամբողջ աշխարհը դատաստանի պիտի բերէ։ Ամէն անհատ իր հաւատալիքներուն ու արարքներուն համար Իրեն հաշիւ պիտի տայ։ «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ (Հռովմայեցիս 14։12) Ուստի, բնական հարցում մը կը ծագի. Ո՞վ պիտի վերապրի Եհովայի օրուընէ։ Այս յօդուածաշարքին երրորդ ու վերջին յօդուածը այս բնաբանը նկատի պիտի առնէ։

Կրնա՞ք բացատրել

• Եհովա ո՞ր հիմնական պատճառով Իսրայէլի քահանաները մեղադրեց։

• Ինչո՞ւ Աստուծոյ չափանիշները մարդոց կարողութենէն վեր չեն։

• Ներկայիս մեր ուսուցումին մէջ ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք։

• Եհովա յատկապէս ի՞նչ երկու ընթացք դատապարտեց։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Մաղաքիայի օրերուն քահանաները մեղադրելի էին, քանի որ Եհովայի ճամբաները չէին պահեր

[Նկար՝ էջ 24]

Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ Եհովայի ճամբաները սորվեցնենք, անձնական նախընտրութիւններ յառաջ չքշելով

[Նկարներ՝ էջ 26]

Եհովա դատապարտեց այն Իսրայելացիները որոնք չնչին պատճառներով իրենց կիները կ’արձակէին ու հեթանոս կիներու հետ կ’ամուսնանային

[Նկար՝ էջ 26]

Ներկայիս Քրիստոնեաները կը պատուեն իրենց ամուսնական ուխտը