Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս անկարողութիւնները վերջ պիտի գտնեն

Ի՛նչպէս անկարողութիւնները վերջ պիտի գտնեն

Ի՛նչպէս անկարողութիւնները վերջ պիտի գտնեն

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ կոյրերուն աչքերը կը տեսնեն, խուլերուն ականջները ամէն ձայն կը լսեն, համրերուն լեզուն ուրախութեամբ կ’երգէ, եւ կաղերուն ոտքերը հաստատ ու քալելու կարող են։ Բժշկագիտական իրագործումներու մասին չէ որ կը խօսինք, այլ՝ մարդկութեան ի նպաստ Աստուծոյ միջամտութեան արդիւնքներուն մասին։ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 35։5, 6) Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ այս հիանալի մարգարէութիւնը պիտի իրականանայ։

Նախ՝ երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, ան իրապէս մարդիկը բժշկեց ամէն տեսակ հիւանդութենէ եւ անկարողութենէ։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ վկաներ, նոյնիսկ իր թշնամիները, ականատես եղան իր հրաշքներուն մեծամասնութեան։ Իրականութեան մէջ, առնուազն մէկ առիթով, սկեպտիկ հակառակորդներ բուժում մը լիովին հետազօտեցին, Յիսուսը վարկաբեկելու համար։ Անոնք յուսախաբ եղան, քանի որ իրենց ըրածով Յիսուսի հրաշքը հաստատեցին։ (Յովհաննու 9։1, 5-34) Անուրանալի ուրիշ հրաշք մը կատարելէ ետք, անոնք ընդվզումով ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ»։ (Յովհաննու 11։47) Սակայն, հասարակ ժողովուրդը անոնց պէս անտարբեր չէր, քանի որ շատեր սկսան Յիսուսի հաւատք ընծայել։—Յովհաննու 2։23. 10։41, 42. 12։9-11

Յիսուսի Հրաշքները՝ Երկրածաւալ Բուժման Կանխացուցադրութիւն մը

Յիսուսի հրաշքները իր Մեսիան ու Աստուծոյ Որդին ըլլալէն աւելին ապացուցանեցին։ Անոնք հաւատքի հիմ մը հայթայթեցին Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ, թէ հնազանդ մարդկութիւնը ապագային պիտի բուժուի։ Այս խոստումները կը պարփակեն բացման պարբերութեան մէջ յիշուած Եսայեայ 35–րդ գլուխին մարգարէութիւնը։ Աստուածավախ մարդոց ապագայ առողջութեան նկատմամբ, Եսայեայ 33։24–ը կ’ըսէ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ Նոյնպէս, Յայտնութիւն 21։4–ը կը խոստանայ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները [այսօրուան դժուարութիւններն ու տառապանքը] անցան»։

Մարդիկ կանոնաւորաբար կ’աղօթեն որ այս մարգարէութիւնները կատարուին, երբ անոնք Յիսուսի տիպար աղօթքը կը կրկնեն, որ մասամբ կ’ըսէ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Այո, Աստուծոյ կամքը կը պարփակէ երկիրն ու մարդկութիւնը։ Հիւանդութիւնները եւ անկարողութիւնները, թէեւ պատճառի մը համար թոյլատրուած են, շուտով վերջ պիտի գտնեն. անոնք Աստուծոյ ‘ոտքերուն պատուանդանը’ յաւիտեան պիտի չապականեն։—Եսայեայ 66։1 *

Բուժուած՝ Առանց Ցաւի Կամ Ծախսի

Մարդոց հիւանդութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլար, Յիսուս զանոնք կը բժշկէր առանց ցաւի, անյապաղ, եւ ձրիօրէն։ Անխուսափելիօրէն, ասոր լուրը արագօրէն տարածուեցաւ, եւ շուտով «շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք»։ Մարդիկ ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Ականատես Մատթէոսի արձանագրութիւնը կը շարունակէ. «Ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին»։—Մատթէոս 15։30, 31

Նկատեցէք որ Յիսուսի բուժած անհատները, ամբոխին մէջէն ուշադրութեամբ ընտրուած չէին, հնարք մը որ խաբեբաները կը գործածեն։ Փոխարէն, հիւանդներուն ազգականներն ու բարեկամները ‘զանոնք ձգեցին Յիսուսի ոտքը, եւ ան ալ բժշկեց զանոնք’։ Այժմ վերաքաղ ընենք Յիսուսի բուժելու կարողութեան կարգ մը մասնայատուկ օրինակներ։

Կուրութիւն. Մինչ Երուսաղէմի մէջ էր, Յիսուս «կոյր ծնած» մարդու մը տեսողութիւն տուաւ։ Այս մարդը քաղաքին մէջ քաջածանօթ էր որպէս կոյր մուրացկան մը։ Ուստի կրնաք երեւակայել այն ոգեւորութիւնն ու խռովութիւնը, երբ մարդիկ տեսան որ ան աչքերը բաց կը շրջագայէր։ Սակայն, բոլորը ուրախ չէին։ Յիսուս իրենց ամբարշտութիւնը նախապէս քօղազերծած ըլլալուն համար վշտացած ըլլալով, Փարիսեցիներ կոչուած կարկառուն ու հեղինակաւոր Հրեայ աղանդէն ոմանք, ճարահատ ապացոյց կը փնտռէին թէ Յիսուս խաբեբայ մըն է։ (Յովհաննու 8։13, 42-44. 9։1, 6-31) Ուստի, անոնք բուժուած մարդը հարցաքննեցին, ետքը՝ իր ծնողքը, ապա նորէն մարդը։ Սակայն, Փարիսեցիներուն հարցաքննութիւնը պարզապէս հաստատեց Յիսուսի հրաշքը, եւ ասիկա զիրենք զայրացուց։ Այս կրօնական կեղծաւորներուն կամակորութենէն շուարած, բուժուած մարդը ըսաւ. «Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։ Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։ (Յովհաննու 9։32, 33) Հաւատքի այս պարկեշտ ու խելացի արտայայտութեան համար, Փարիսեցիները «դուրս ըրին զանիկա», որ կը նշանակէ թէ անոնք ատեն մը կոյր եղող մարդը ժողովարանէն վտարեցին։—Յովհաննու 9։22, 34

Խլութիւն. Երբ Յիսուս Յորդանան Գետին արեւելեան մէկ շրջանին՝ Դեկապոլիսի՝ մէջ էր, ժողովուրդը «մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս»։ (Մարկոս 7։31, 32) Յիսուս ոչ միայն բուժեց այս անձը, այլ նաեւ խոր ներատեսութիւն ցուցաբերեց խուլերուն զգացումներուն հանդէպ, որոնք կրնան ամբոխին մէջ անհանգիստ զգալ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Յիսուս խուլ մարդը ‘ժողովուրդէն մէկդի առաւ’ եւ զինք բժշկեց։ Դարձեալ, ականատեսները «չափէ դուրս կը զարմանային», ըսելով. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։—Մարկոս 7։33-37

Անդամալուծութիւն. Մինչ Յիսուս Կափառնայումի մէջ էր, մարդիկ մահիճի մէջ պառկած անդամալոյծ մը բերին իրեն։ (Մատթէոս 9։2) 6-8–րդ համարները կը նկարագրեն պատահածը։ «[Յիսուս] անդամալոյծին ըսաւ, ‘Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա’։ Անիկա ելաւ իր տունը գնաց։ Ներկաները երբ տեսան, զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է»։ Այս հրաշքն ալ կատարուեցաւ թէ՛ Յիսուսի աշակերտներուն եւ թէ իր թշնամիներուն ներկայութեան։ Նկատեցէք թէ աշակերտները, որոնք ատելութեամբ ու կանխադատութեամբ չէին կուրցած, իրենց տեսածին համար «փառաւորեցին Աստուած»։

Հիւանդութիւն. «Բորոտ մը եկաւ անոր, կ’աղաչէր, ծունկ կը դնէր ու կ’ըսէր անոր. ‘Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել’։ Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’։ Երբ այս ըսաւ անոր, շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց ու մաքրուեցաւ»։ (Մարկոս 1։40-42) Նկատեցէք թէ Յիսուս այս մարդը դժկամակութեամբ չբուժեց, այլ՝ հարազատ կարեկցութենէ մղուած։ Երեւակայեցէք որ դուք բորոտ մըն էք։ Ի՞նչպէս պիտի զգայիք եթէ անմիջապէս ու առանց ցաւի բուժուէիք ահաւոր հիւանդութենէ մը, որ աստիճանաբար ձեր մարմինը այլանդակած էր եւ ձեզ ընկերային գետնի վրայ մերժուած անհատ մը դարձուցած էր։ Անկասկած կրնաք հասկնալ թէ հրաշքով բուժուած ուրիշ բորոտ մը ինչո՛ւ «երեսի վրայ [Յիսուսի] ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր»։—Ղուկաս 17։12-16

Վնասուածք. Իր ձերբակալութենէն եւ ցցահանուելէն առաջ, Յիսուսի կատարած վերջին հրաշքը բուժում մըն էր։ Յիսուսը ձերբակալելու եկողներուն դէմ անխոհեմաբար վարուելով, Պետրոս առաքեալ «որ սուր մը ունէր, քաշեց զանիկա ու քահանայապետին ծառային զարնելով՝ անոր աջ ականջը կտրեց»։ (Յովհաննու 18։3-5, 10) Ղուկասի զուգահեռ արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Յիսուս «դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։50, 51) Դարձեալ այս բարեգութ արարքը կատարուեցաւ Յիսուսի բարեկամներուն ու թշնամիներուն, այս պարագային՝ զինք ձերբակալողներուն, ներկայութեան։

Այո, Յիսուսի հրաշքները ո՛րքան մօտէն կը քննենք, ա՛յնքան աւելի կ’ըմբռնենք վաւերականութեան յատկորոշիչ նշանները։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Եւ ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը պէտք է զօրացնէ մեր հաւատքը՝ հնազանդ մարդկութիւնը բուժելու Աստուծոյ խոստումին հանդէպ։ Աստուածաշունչը քրիստոնէական հաւատքը կը սահմանէ որպէս «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն [«իրողութիւններուն», ՆԱ] ապացոյց»ը։ (Եբրայեցիս 11։1) Բացայայտօրէն, Աստուած կը քաջալերէ ո՛չ թէ կոյր դիւրահաւատութիւնը կամ բարեբաղձիկ մտածումը, այլ՝ ապացոյցի վրայ հիմնուած հաստատ հաւատքը։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Մինչ այսպիսի հաւատք մը ձեռք կը ձգենք, հոգեւորապէս աւելի զօրաւոր, առողջ եւ ուրախ կը դառնանք։—Մատթէոս 5։3. Հռովմայեցիս 10։17

Նա՛խ՝ Հոգեւոր Բուժում

Ֆիզիքապէս առողջ մարդոցմէ շատեր ապերջանիկ են։ Ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն անձնասպան ըլլալ, քանի որ ապագայի նկատմամբ յոյս չունին կամ՝ խնդիրներով ծանրաբեռնուած կը զգան։ Իրականութեան մէջ, անոնք հոգեւորապէս հիւանդ են. վիճակ մը որ Աստուծոյ աչքին շա՜տ աւելի լուրջ է, քան ֆիզիքական անկարողութիւնը։ (Յովհաննու 9։41) Միւս կողմէ, ֆիզիքապէս անկարողներէն շատեր, ուրախ եւ գոհունակ կեանք կ’ապրին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք հոգեւորապէս առողջ եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յոյսով զօրացած են։

Որպէս մարդ արարած մեր յատուկ կարիքին ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4) Այո, անասնական ստեղծագործութեան հակառակը, մարդիկ նիւթական սնունդէն աւելիին կարիքը ունին։ Աստուծոյ «պատկերով» ստեղծուած ըլլալով, կարիքը ունինք հոգեւոր սնունդի. Աստուծոյ եւ իր նպատակին մէջ մեր ունեցած տեղին մասին գիտութիւն, ինչպէս նաեւ իր կամքը կատարելը։ (Ծննդոց 1։27. Յովհաննու 4։34) Աստուծոյ գիտութիւնը մեր կեանքին նպատակ կու տայ եւ իրեն ծառայելու՝ շարժառիթ։ Անիկա նաեւ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի հիմը կը դնէ։ «Այս է յաւիտենական կեանքը», ըսաւ Յիսուս, «որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3

Ուշադրութեան արժանի է թէ Յիսուսի ժամանակակիցները զինք «Բժիշկ» չէին կանչեր, այլ՝ «Վարդապետ»։ (Ղուկաս 3։12. 7։40) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս մարդոց սորվեցուց մարդկային խնդիրներուն մնայուն լուծման մասին, որ է՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ (Ղուկաս 4։43. Յովհաննու 6։26, 27) Յիսուսի յանձնուած այս երկնային կառավարութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ, եւ արդար մարդոց ու անոնց երկրային բնակավայրին ամբողջական ու մնայուն վերահաստատման առնչուող բոլոր սուրբ գրային խոստումները պիտի իրագործէ։ (Յայտնութիւն 11։15) Անոր համար է որ Յիսուս իր տիպար աղօթքին մէջ, Թագաւորութեան գալը առնչեց Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ ըլլալուն հետ։—Մատթէոս 6։10

Անկարող անհատներէն շատերուն համար, այս ոգեւորիչ յոյսին մասին սորվիլը պատճառ եղած է որ անոնց տխրութեան արցունքները երջանկութեան արցունքներու վերածուին։ (Ղուկաս 6։21) Իրականութեան մէջ, Աստուած հիւանդութիւնն ու անկարողութիւնը վերցնելէն աւելին պիտի ընէ. ան մարդկային տառապանքին բուն իսկ պատճառը՝ մեղքը՝ պիտի ոչնչացնէ։ Արդարեւ, նախապէս մէջբերուած Եսայեայ 33։24–ն ու Մատթէոս 9։2-7–ն, հիւանդութիւնը կ’առնչեն մեր մեղաւոր վիճակին հետ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ուստի, մեղքին նուաճումով, մարդկութիւնը վերջապէս պիտի վայելէ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը», ազատութիւն մը՝ որ մտքի ու մարմնի կատարելութիւն կը պարփակէ։—Հռովմայեցիս 8։21

Անոնք որոնք առողջ են, դիւրաւ կրնան անտեսել լաւ առողջութեան մեծ արժէքը։ Սակայն, անկարողութիւններու հոգեկան վէրքէն տառապողներու պարագան տարբեր է։ Անոնք գիտեն թէ առողջութիւնն ու կեանքը ո՛րքան թանկարժէք են եւ թէ պարագաները ի՛նչպէս յանկարծ ու անակնկալօրէն կրնան փոխուիլ։ (Ժողովողի 9։11) Ուստի, կը յուսանք որ մեր ընթերցողներէն անոնք որոնք անկարող են, մասնայատուկ կերպով նկատի առնեն Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Աստուծոյ հոյակապ խոստումները։ Յիսուս իր կեանքը տուաւ անոնց կատարումը երաշխաւորելու համար։ Ասկէ աւելի լաւ երաշխիք մը կրնա՞նք ունենալ։—Մատթէոս 8։16, 17. Յովհաննու 3։16

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Աստուած ինչո՛ւ թոյլատրած է տառապանքը նիւթին շուրջ մանրամասն քննարկութեան մը համար, տես՝ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։