Ծախսերը կը հաշուէ՞ք
Ծախսերը կը հաշուէ՞ք
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ յաւիտենական կեանքի յոյսը մատուցանեց իր աշակերտներուն, սակայն, ան նաեւ զանոնք յորդորեց որ Քրիստոնեայ մը ըլլալու ծախսերը հաշուեն։ Ան այս կէտը օրինակով մը բացատրեց, հարցնելով. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։ (Ղուկաս 14։28) Յիսուս ի՞նչ ծախսերու մասին կը խօսէր։
Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն. անոնցմէ ոմանք լուրջ են։ (Սաղմոս 34։19. Մատթէոս 10։36) Հետեւաբար, պէտք է մտային ու հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ ըլլանք, հակառակութիւն կամ այլ խնդիրներ դիմագրաւելու ատեն անակնկալի չգալու համար։ Արդէն իսկ հաշիւը ըրած ըլլալու էինք թէ այսպիսի դժուարութիւններ Քրիստոսի աշակերտ մը ըլլալուն մաս կը կազմեն, գիտնալով թէ վարձատրութիւնը՝ մեղքէն ու մահէն փրկութիւնը՝ շա՜տ աւելի կ’արժէ, քան որեւէ բան որ այս ներկայ դրութիւնը կրնայ մեզի տալ։ Այո, Աստուծոյ թոյլատրած ո՛չ մէկ բանը, նոյնիսկ մահը, կրնայ մնայուն վնաս հասցնել մեզի, եթէ շարունակենք իրեն ծառայել։—Բ. Կորնթացիս 4։16-18. Փիլիպպեցիս 3։8
Մեր հաւատքը ի՞նչպէս կրնայ ա՛յսքան զօրաւոր ըլլալ։ Մեր հաւատքը կը զօրանայ ամէն անգամ որ շիտակ որոշում մը կայացնենք, քրիստոնէական սկզբունքներուն կողքին հաստատ դիրք մը բռնենք, կամ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ արարք մը կատարենք, մանաւանդ երբ ասոր հակառակը ընելու ճնշումին ներքեւ կը գտնուինք։ Երբ մեր հաւատարիմ ընթացքին ի տես Եհովայի օրհնութիւնը անձնապէս վայելենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ ու կը խորանայ։ Այս կերպով, Յիսուսի, իր առաջին աշակերտներուն, եւ հաւատքի տէր բոլոր տղամարդոց ու կիներուն օրինակին կը հետեւինք, որոնք դարերու ընթացքին Աստուծոյ ծառայելու ‘ծախսերը [ճշգրտօրէն] հաշուեցին’։—Մարկոս 1։16-20. Եբրայեցիս 11։4, 7, 17, 24, 25, 32-38