Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր քայլերը աստուածային սկզբունքներով ուղղեցէք

Ձեր քայլերը աստուածային սկզբունքներով ուղղեցէք

Ձեր քայլերը աստուածային սկզբունքներով ուղղեցէք

‘[Եհովա] քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ’։—ԵՍԱՅԵԱՅ 48։17

1. Ստեղծիչը մարդիկը ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ։

ՄԻՆՉ գիտնականներ կը ջանան տիեզերքի գաղտնիքները լուծել, անոնք կը հիանան տիեզերքին մէջ ամբարուած ուժանիւթի հսկայ քանակին վրայ։ Մեր արեւը, միջին չափով աստղ մը, «իւրաքանչիւր երկվայրկեան» կ’արտադրէ ա՛յնքան ուժանիւթ, որքան՝ «100 միլիառ ջրածնային ռումբերու պայթումը»։ Ստեղծիչը իր անսահման զօրութեամբ կրնայ հակակշռի տակ առնել եւ ուղղել այսպիսի հսկայ երկնային մարմիններ։ (Յոբայ 38։32. Եսայեայ 40։26) Ի՞նչ կրնանք ըսել մարդկային արարածներուն մասին, որոնք օժտուած են ազատ կամքով, բարոյական կարողութեամբ, տրամաբանութեամբ, եւ հոգեւոր բնոյթ ունեցող բաներ հասկնալու հնարաւորութեամբ։ Մեր Արարիչը մեզ ի՞նչ կերպով առաջնորդել յարմար տեսած է։ Ան սիրալիրօրէն մեզ կ’առաջնորդէ իր կատարեալ օրէնքներով եւ վեհ սկզբունքներով, մեր լաւ մարզուած խղճին հետ մէկտեղ։—Բ. Թագաւորաց 22։31. Հռովմայեցիս 2։14, 15

2, 3. Ի՞նչպիսի հնազանդութիւն մը Աստուած կ’ուրախացնէ։

2 Աստուած կ’ուրախանայ այն մտացի արարածներով, որոնք կ’ընտրեն իրեն հնազանդիլ։ (Առակաց 27։11) Փոխանակ մեզ յայտագրելու որ կուրօրէն ենթարկուինք որպէս անբան մարդամեքենաներ, Եհովա մեզ օժտած է ազատ կամքով, որպէսզի կարենանք շիտակը ընելու համար իրազեկ որոշումներ տալ։—Եբրայեցիս 5։14

3 Յիսուս, որ կատարեալ կերպով իր Հայրը արտացոլացուց, իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ»։ (Յովհաննու 15։14, 15) Վաղեմի ժամանակներուն, ծառայ մը ընտրութիւն չունէր. ան իր տիրոջ հրամաններուն պէտք էր հնազանդէր։ Միւս կողմէ, բարեկամութիւնը կը մշակուի սրտին խօսող յատկութիւններ ցուցաբերելով։ Կրնանք Եհովայի բարեկամները դառնալ։ (Յակոբու 2։23) Այս բարեկամութիւնը կ’ամրապնդուի փոխադարձ սիրով։ Յիսուս Աստուծոյ հնազանդութիւնը կապեց սիրոյ հետ, երբ ըսաւ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ»։ (Յովհաննու 14։23) Մեզ սիրելուն եւ մեզ ապահով կերպով առաջնորդել ուզելուն համար, Եհովա կը հրաւիրէ մեզ որ իր սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։

Աստուածային Սկզբունքներ

4. Ի՞նչպէս կը նկարագրէք սկզբունքները։

4 Ի՞նչ են սկզբունքները։ Սկզբունքը սահմանուած է որպէս «ընդհանուր կամ հիմնական ճշմարտութիւն. ընդարձակ եւ հիմնական օրէնք, վարդապետութիւն, կամ ենթադրութիւն՝ որուն վրայ հիմնուած կ’ըլլան կամ որմէ ծագում կ’առնեն ուրիշներ»։ (Ուէպսթըրի Միջազգային Երրորդ Նոր Բառարան) Աստուածաշունչի ուշադիր ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ թէ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը հիմնական սկզբունքներ կը հայթայթէ, որոնք կեանքի մէջ զանազան պարագաներ ու մարզեր կը ծածկեն։ Աստուած ասիկա կ’ընէ մեր յաւիտենական օգուտը ի մտի ունենալով։ Ասիկա ներդաշնակ է իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին գրած խօսքերուն հետ. «Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։ Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի»։ (Առակաց 4։10, 11) Եհովայի հայթայթած բանալի սկզբունքները ազդեցութիւն ունին՝ Իր եւ ընկեր արարածներու հետ մեր յարաբերութեան, մեր պաշտամունքին, եւ մեր ամէնօրեայ կեանքին վրայ։ (Սաղմոս 1։1) Նկատի առնենք այդ հիմնական սկզբունքներէն ոմանք։

5. Կարգ մը հիմնական սկզբունքներ թուեցէք։

5 Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան նկատմամբ, Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Ասկէ զատ, Աստուած ընկեր արարածներու հետ մեր գործառնութեանց հետ առնչուած սկզբունքներ կը հայթայթէ, ինչպէս՝ Ոսկեղէն Կանոնը. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12. Գաղատացիս 6։10. Տիտոս 3։2) Պաշտամունքի նկատմամբ, հետեւեալ յորդորը տրուած է մեզի. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Իսկ մեր կեանքի առօրեայ մարզերուն նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Աստուծոյ Խօսքին մէջ անհամար այլ սկզբունքներ կան։

6. Սկզբունքները ի՞նչպէս կը զանազանուին օրէնքներէն։

6 Սկզբունքները կենդանի, կենսական ճշմարտութիւններ են, եւ իմաստուն Քրիստոնեաները կը սորվին զանոնք սիրել։ Եհովա Սողոմոնը ներշնչեց որ գրէ. «Մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։ Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ, վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն»։ (Առակաց 4։20-22) Սկզբունքները ի՞նչպէս կը տարբերին օրէնքներէն։ Սկզբունքները օրէնքներու հիմը կը հայթայթեն։ Օրէնքները, որոնք մասնայատուկ ըլլալու հակումը ունին, կրնան որոշ ժամանակի մը կամ պարագայի մը համար ըլլալ, սակայն սկզբունքները անվերջ են։ (Սաղմոս 119։111) Աստուածային սկզբունքներ ժամանակավրէպ չեն դառնար, ոչ ալ գոյութենէ կը դադրին։ Եսայի մարգարէին ներշնչեալ խօսքերը ճշմարիտ են. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։—Եսայեայ 40։8

Խորհեցէք ու Գործեցէք Սկզբունքներու Հիման Վրայ

7. Աստուծոյ Խօսքը մեզ ի՞նչպէս կը քաջալերէ որ սկզբունքներու հիման վրայ խորհինք ու գործենք։

7 Կրկին անգամ, «մեր Աստուծոյն խօսքը» կը քաջալերէ մեզ որ սկզբունքներու հիման վրայ խորհինք ու գործենք։ Երբ Յիսուսէ խնդրուեցաւ որ Օրէնքը ամփոփէ, ան երկու համառօտ խօսքեր ըսաւ. մէկը շեշտեց Եհովայի հանդէպ սէրը, իսկ միւսը՝ ընկեր արարածի հանդէպ սէրը։ (Մատթէոս 22։37-40) Այսպէս ընելով, Յիսուս մասամբ մէջբերեց Մովսիսական Օրէնքի հիմնական ուսուցումներու նախկին մէկ հակիրճ ամփոփումէն, որ յիշուած է Բ. Օրինաց 6։4, 5–ի մէջ. «Մեր Տէր Աստուածը մի միայն Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ Ակներեւաբար, Յիսուս ի մտի ունէր նաեւ Ղեւտացւոց 19։18–ի մէջ գտնուող Աստուծոյ սկզբունքներէն մէկը։ Ժողովողի գրքին յստակ, համառօտ եւ զօրաւոր եզրափակութեան մէջ, Սողոմոն Թագաւորին խօսքերը կ’ամփոփեն աստուածային շատ մը օրէնքներ. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ»։—Ժողովողի 12։13, 14. Միքիայ 6։8

8. Աստուածաշունչի հիմնական սկզբունքները լիովին ըմբռնելը ինչո՞ւ պաշտպանութիւն է։

8 Այսպիսի հիմնական սկզբունքներ լիովին ըմբռնելը կրնայ մեզի օգնել որ աւելի մասնայատուկ սկզբունքներ հասկնանք եւ կիրարկենք։ Իսկ եթէ հիմնական սկզբունքներ լիովին չըմբռնենք ու չընդունինք, թերեւս չկարենանք իմաստուն որոշումներ տալ եւ մեր հաւատքը կրնայ դիւրաւ խախտիլ։ (Եփեսացիս 4։14) Եթէ այսպիսի սկզբունքներ մեր մտքին ու սրտին մէջ դրոշմենք, պատրաստ պիտի ըլլանք զանոնք գործածելու երբ որոշումներ կը կայացնենք։ Երբ զանոնք հասկացողութեամբ գործածենք, անոնք յաջողութիւն կը բերեն։—Յեսուայ 1։8. Առակաց 4։1-9

9. Աստուածաշունչի սկզբունքները ըմբռնելն ու կիրարկելը ինչո՞ւ միշտ դիւրին չէ։

9 Աստուածաշունչի սկզբունքները ըմբռնելը եւ կիրարկելը, շարք մը օրէնքներու հետեւելու չափ դիւրին չէ։ Անկատար մարդիկ ըլլալով, կրնանք սկզբունքներու մասին տրամաբանելու համար պահանջուած ջանքէն խուսափիլ։ Երբ որոշում մը կամ խնդիր մը կը դիմագրաւենք, թերեւս նախընտրենք մասնայատուկ օրէնք մը ունենալ։ Երբեմն կրնանք հասուն Քրիստոնեայէ մը ուղղութիւն խնդրել, թերեւս ժողովքի երէցէ մը, ակնկալելով մասնայատուկ օրէնք մը ստանալ որ մեր պարագային կը կիրարկուի։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կամ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները կրնան մասնայատուկ օրէնք մը չհայթայթել, եւ նոյնիսկ եթէ հայթայթեն, անիկա կրնայ կեանքի բոլոր մարզերուն կամ պարագաներուն չկիրարկուիլ։ Թերեւս մտաբերէք թէ մարդ մը Յիսուսի հարցուց. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Փոխանակ եղբայրներու միջեւ վէճեր լուծելու համար արագօրէն օրէնք մը տալու, Յիսուս անոր աւելի ընդհանուր սկզբունք մը տուաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ»։ Այսպիսով Յիսուս ուղեգիծ մը հայթայթեց որ օգտակար էր ա՛յդ ժամանակ, նաեւ՝ ներկայիս։—Ղուկաս 12։13-15

10. Սկզբունքներու համաձայն ապրիլը ի՞նչպէս մեր սրտին շարժառիթները կը դրսեւորէ։

10 Թերեւս տեսած էք անհատներ, որոնք հակումը ունին ակամայօրէն հնազանդելու օրէնքներու, վախնալով պատիժէ մը։ Սկզբունքներու հանդէպ յարգանք ունենալը այսպիսի կեցուածքէ մը ետ կը պահէ։ Սկզբունքներուն բուն իսկ բնոյթը անոնցմով ղեկավարուած անհատները կը մղէ որ սրտանց ընդառաջեն։ Իրականութեան մէջ, սկզբունքներուն մեծամասնութիւնը անմիջական պատիժ մը չի պարփակեր անոնց չհամակերպողներուն։ Ասիկա մեզի պատեհութիւն կու տայ դրսեւորելու թէ ինչո՛ւ կը հնազանդինք Եհովայի, մեր սրտին շարժառիթը ի՛նչ է։ Ունինք Յովսէփի օրինակը, որ մերժեց Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկները։ Թէեւ Եհովա տակաւին գրաւոր օրէնք մը չէր տուած շնութեան դէմ, ո՛չ ալ աստուածային պատիժ մը սահմանած էր ուրիշի մը կնոջ հետ յարաբերութիւն ունեցողին համար, սակայն Յովսէփ քաջածանօթ էր Աստուծոյ սահմանած ամուսնական հաւատարմութեան սկզբունքներուն։ (Ծննդոց 2։24. 12։18-20) Իր պատասխանէն կրնանք տեսնել թէ այսպիսի սկզբունքներ զօրաւոր կերպով ազդած էին իրեն. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։—Ծննդոց 39։9

11. Ո՞ր մարզերու մէջ Քրիստոնեաները կ’ուզեն Եհովայի սկզբունքներով առաջնորդուիլ։

11 Ներկայիս, Քրիստոնեաները կ’ուզեն Եհովայի սկզբունքներով առաջնորդուիլ անձնական հարցերու մէջ, ինչպէս՝ ընկերակիցներու ընտրութիւն, ժամանց, երաժշտութիւն, եւ ընթերցանութեան նիւթեր։ (Ա. Կորնթացիս 15։33. Փիլիպպեցիս 4։8) Մինչ Եհովայի ու իր չափանիշներուն գիտութեան, հասկացողութեան, եւ գնահատութեան մէջ կ’աճինք, մեր խիղճը՝ մեր բարոյական զգացումը, մեզի պիտի օգնէ աստուածային սկզբունքները կիրարկելու ծագող որեւէ պարագայի ներքեւ, նոյնիսկ անձնական հարցերու մէջ։ Աստուածային սկզբունքներով առաջնորդուած ըլլալով, Աստուծոյ օրէնքներուն մէջ փախուստի միջոցներ պիտի չփնտռենք. ո՛չ ալ պիտի ընդօրինակենք զանոնք, որոնք կը փորձեն տեսնել թէ որքա՛ն հեռու կրնան երթալ առանց որոշ օրէնք մը իրապէս բեկանելու։ Կը գիտակցինք թէ այսպիսի մտածելակերպ մը խնդիրներու դուռ կը բանայ եւ վնասակար է։—Յակոբու 1։22-25

12. Աստուածային սկզբունքներով առաջնորդուելու համար ի՞նչ բան կենսական է։

12 Հասուն Քրիստոնեաներ կը գիտակցին թէ աստուածային սկզբունքներուն հետեւելու համար կենսական է փափաք ունենալ գիտնալու թէ հարցի մը շուրջ Եհովա ի՛նչպէս կը զգայ։ «Ո՛վ Տէրը սիրողներ», կը յորդորէ սաղմոսերգուն, «չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 97։10) Թուելով այն բաներէն ոմանք, զորս Աստուած չար կը դասէ, Առակաց 6։16-19–ն կ’ըսէ. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ»։ Երբ այսպիսի հիմնական բաներու շուրջ Եհովայի զգացումները արտացոլացնելու փափաք մը մեր կեանքը ղեկավարէ, սկզբունքներու համաձայն ապրիլը հաստատ սովորութիւն մը կը դառնայ։—Երեմեայ 22։16

Լաւ Շարժառիթի Կարիքը Կայ

13. Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ի՞նչպիսի մտածելակերպ մը շեշտեց։

13 Սկզբունքներ գիտնալը եւ կիրարկելը նաեւ կը պաշտպանէ մեզ ունայն, ձեւական պաշտամունքի ծուղակէն։ Սկզբունքներու հետեւելուն եւ օրինապաշտօրէն կանոններու հնազանդելուն միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Յիսուս ասիկա բացայայտօրէն ցոյց տուաւ Լերան Քարոզին մէջ։ (Մատթէոս 5։17-48) Մտաբերեցէք թէ Յիսուսի ունկնդիրները Հրեաներ էին, ուստի անոնց վարքը պէտք էր ղեկավարուէր Մովսիսական Օրէնքով։ Սակայն, իրականութեան մէջ, անոնք Օրէնքին նկատմամբ խեղաթիւրուած տեսակէտ մը ունէին։ Անոնք շեշտը կը դնէին Օրէնքին բառերուն վրայ, փոխանակ՝ անոր հոգիին։ Նաեւ կը շեշտէին իրենց աւանդութիւնները, զանոնք Աստուծոյ ուսուցումէն գերադաս սեպելով։ (Մատթէոս 12։9-12. 15։1-9) Որպէս հետեւանք, մարդիկ ընդհանուր առմամբ չէին սորված սկզբունքներու հիման վրայ մտածել։

14. Յիսուս իր ունկնդիրներուն ի՞նչպէս օգնեց որ սկզբունքներու հիման վրայ մտածեն։

14 Ասոր հակառակը, Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս բարոյականութեան հինգ մարզերու շուրջ սկզբունքներ պարփակեց. բարկութիւն, ամուսնութիւն ու ամուսնալուծում, խոստումներ, վրէժխնդրութիւն, եւ՝ սէր ու ատելութիւն։ Իւրաքանչիւր պարագային, Յիսուս ցոյց տուաւ սկզբունքի մը հետեւելուն օգուտը։ Ուստի, Յիսուս իր աշակերտներուն բարոյական մակարդակը բարձրացուց։ Օրինակ, շնութեան հարցին նկատմամբ, ան սկզբունք մը տուաւ որ ո՛չ միայն մեր արարքները կը պահպանէ, այլ նաեւ՝ մեր խորհուրդներն ու ցանկութիւնները. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։—Մատթէոս 5։28

15. Ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ օրինապաշտ ըլլալու որեւէ հակումէ։

15 Այս օրինակը կը բացատրէ թէ երբեք պէտք չէ մոռնանք Եհովայի սկզբունքներուն նպատակն ու հոգին։ Վստահաբար պէտք չէ փորձենք Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ բարոյական ձեւապաշտութեամբ։ Յիսուս այսպիսի կեցուածքի մը սխալ ըլլալը քօղազերծեց, Աստուծոյ ողորմութիւնն ու սէրը մատնանշելով։ (Մատթէոս 12։7. Ղուկաս 6։1-11) Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելով, պիտի խուսափինք ապրելէ (կամ ուրիշներէ պահանջելէ որ ապրին) «ըրէ՛ ու մի՛ ըներ»ներու երկար ու անթեք շարքի մը համաձայն, որոնք Աստուածաշունչի ուսուցումներէն անդին կ’երթան։ Աւելի պիտի հետաքրքրուինք սիրոյ ու Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան վերաբերեալ սկզբունքներով, քան՝ պաշտամունքի արտաքին երեւոյթով։—Ղուկաս 11։42

Ուրախ Արդիւնքներ

16. Աստուածաշունչի կարգ մը օրէնքներու ետին գտնուող սկզբունքները նշեցէք։

16 Մինչ կը ջանանք Եհովայի հնազանդիլ, կարեւոր է գիտակցիլ թէ իր օրէնքները հիմնուած են հիմնական սկզբունքներու վրայ։ Օրինակ, Քրիստոնեաներ պէտք է խուսափին կռապաշտութենէ, սեռային անբարոյութենէ, եւ արիւնի սխալ գործածութենէ։ (Գործք 15։28, 29) Այս հարցերու շուրջ քրիստոնէական կեցուածքին ետին ո՞ր սկզբունքները կան։ Աստուած մեր բացարձակ պաշտամունքին արժանի է. մեր կողակիցին հանդէպ հաւատարիմ պէտք է ըլլանք. եւ Եհովան է Կենսատուն։ (Ծննդոց 2։24. Ելից 20։5. Սաղմոս 36։9) Այս հիմնական սկզբունքները հասկնալը կը դիւրացնէ յարակից օրէնքները ընդունիլը եւ անոնց հետեւիլը։

17. Աստուածաշունչի սկզբունքները ըմբռնելէն ու կիրարկելէն ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգուին։

17 Մինչ հիմնական սկզբունքներ կ’ըմբռնենք եւ զանոնք կը կիրարկենք, կը գիտակցինք թէ անոնք մեր օգտին համար են։ Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած հոգեւոր օրհնութիւններուն յաճախ կ’ընկերակցին շօշափելի օգուտներ։ Օրինակ, ծխախոտ չգործածողները, բարոյական կեանք վարողները, եւ արեան սրբութիւնը յարգողները, կը խուսափին որոշ հիւանդութիւններու զոհ դառնալէ։ Նմանապէս, աստուածային ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ ապրիլը կրնայ մեզի օգնել տնտեսական, ընկերային կամ ընտանեկան մարզերու մէջ։ Այսպիսի շօշափելի որեւէ օգուտ կ’ապացուցանէ Եհովայի չափանիշներուն արժէքը, թէ անոնք իրապէս գործնական են։ Սակայն, այսպիսի գործնական օգուտներ ձեռք ձգելը, Աստուծոյ սկզբունքները գործադրելու գլխաւոր պատճառը չէ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի կը հնազանդին քանի որ զինք կը սիրեն, քանի որ ան իրենց պաշտամունքին արժանի է, եւ քանի որ ասիկա ընելը շիտակ բան մըն է։—Յայտնութիւն 4։10

18. Եթէ կ’ուզենք յաջող Քրիստոնեաներ ըլլալ, ի՞նչ բան պէտք է ուղղէ մեր կեանքը։

18 Թոյլ տալը որ մեր կեանքը Աստուածաշունչի սկզբունքներով ուղղուի, գերադաս ապրելակերպի մը կ’առաջնորդէ, որ ինքնին կրնայ ուրիշները Աստուծոյ ճամբուն հրապուրել։ Ամենակարեւորը, մեր կեանքի ընթացքը Եհովան կը պատուէ։ Կը գիտակցինք թէ Եհովա իրապէս սիրալիր Աստուած մըն է, որ մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ։ Երբ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն որոշումներ կայացնենք եւ տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օրհնէ մեզ, ա՛լ աւելի մօտիկ կը զգանք իրեն։ Այո, մեր երկնաւոր Հօր հետ աւելի սիրալիր յարաբերութիւն մը կը մշակենք։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչ է սկզբունքը։

• Սկզբունքները ի՞նչպէս կը զանազանուին օրէնքներէն։

• Ինչո՞ւ օգտակար է որ սկզբունքներու հիման վրայ խորհինք ու գործենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 13]

Ուիլսըն՝ Կանայէն Քրիստոնեայ մը, տեղեկացաւ թէ քանի մը օրէն իր գործէն պիտի արձակուէր։ Վերջին օրը, իրմէ պահանջուեցաւ ընկերութեան տնօրէնին ինքնաշարժը լուալ։ Երբ Ուիլսըն ինքնաշարժին մէջ գումար մը գտաւ, իր վերակացուն իրեն ըսաւ թէ այդ դրամը Աստուած ղրկած էր, քանի որ Ուիլսըն այդ օրը գործէն դուրս պիտի դրուէր։ Սակայն, պարկեշտութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով, Ուիլսըն դրամը իր տնօրէնին վերադարձուց։ Անակնկալի եկած եւ խորապէս տպաւորուած, տնօրէնը Ուիլսընին ո՛չ միայն անմիջապէս մնայուն պաշտօն մը առաջարկեց, այլ նաեւ՝ ընկերութեան մէջ անոր պաշտօնը բարձրացուց։—Եփեսացիս 4։28

[Շրջանակ՝ էջ 14]

Ռուքիան 60–ական տարիքի մէջ եղող Ալպանացի կին մըն է։ Ընտանեկան անհամաձայնութեան մը պատճառաւ, ան աւելի քան 17 տարիէ ի վեր իր եղբօր հետ չէր խօսեր։ Ան սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ սորվեցաւ թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ուրիշներու հետ խաղաղ յարաբերութիւն պէտք է ունենան եւ ոխակալ չըլլան։ Ամբողջ գիշեր ան աղօթեց, եւ սիրտը տրոփելով իր եղբօր տունը ուղղուեցաւ։ Իր զարմիկը բացաւ դուռը։ Անակնկալի եկած, ան Ռուքիայի հարցուց. «Ո՞վ մեռաւ։ Ի՞նչ կ’ընես հոս»։ Ռուքիան խնդրեց իր եղբայրը տեսնել։ Ան հանդարտօրէն բացատրեց թէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ Եհովայի մասին սորվիլը զինք մղած էր իր եղբօր հետ հաշտուելու։ Արտասուելէ եւ ողջագուրուելէ ետք, անոնք այս մասնայատուկ վերամիացումը տօնակատարեցին։—Հռովմայեցիս 12։17, 18

[Նկար՝ էջ 15]

Մատթէոս 5։27, 28

[Նկար՝ էջ 15]

Մատթէոս 5։3

[Նկար՝ էջ 15]

Մատթէոս 5։24

[Նկար՝ էջ 15]

«Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. Իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 5։1, 2