Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ պիտի վերապրի Եհովայի օրուընէ

Ո՞վ պիտի վերապրի Եհովայի օրուընէ

Ո՞վ պիտի վերապրի Եհովայի օրուընէ

«Փուռի պէս վառուած օրը կու գայ»։—ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4։1

1. Մաղաքիա իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

ՄԱՂԱՔԻԱ մարգարէն Աստուծոյ կողմէ ներշնչուեցաւ արձանագրելու համար մարգարէական ահաւոր դէպքեր, որոնք տեղի պիտի ունենան մօտ ապագային։ Այս դէպքերը երկրի վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի պիտի ազդեն։ Մաղաքեայ 4։1–ը կը նախագուշակէ. «Ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները յարդի պէս պիտի ըլլան ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու»։ Իրերու այս ամբարիշտ դրութեան կործանումը ո՞րքան ամբողջական պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի նմանի ծառի մը ամբողջովին արմատախիլ ըլլալուն, որպէսզի դարձեալ չաճի։

2. Կարգ մը համարներ Եհովայի օրը ի՞նչպէս կը նկարագրեն։

2 Թերեւս հարց տաք. ‘Մաղաքիա մարգարէն ո՞ր «օր»ուան մասին կը գուշակէ’։ Անիկա այն նո՛յն օրն է, որուն մասին խօսուած է Եսայեայ 13։9–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ահա Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը կու գայ՝ անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ, որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ»։ Սոփոնեայ 1։15–ը հետեւեալ նկարագրութիւնը կու տայ. «Այն օրը բարկութեան օր է. նեղութեան ու տառապանքի օր, կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր է»։

«Մեծ Նեղութիւն»ը

3. Ի՞նչ է «Եհովայի օրը»։

3 Մաղաքիայի մարգարէութեան գլխաւոր կատարման մէջ, «Եհովայի օրը» ‘մեծ նեղութեամբ’ յատկորոշուած ժամանակաշրջան մըն է։ Յիսուս նախագուշակեց. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Պահ մը խորհեցէք թէ յատկապէս 1914–էն ի վեր, աշխարհ ո՛րքան նեղութիւն տեսաւ։ (Մատթէոս 24։7-12) Միայն Բ. Աշխարհամարտը աւելի քան 50 միլիոն կեանքեր խլեց։ Սակայն, «մեծ նեղութիւն»ը այնպիսի աղէտներ պիտի տեսնէ որ ատոնք շուքի մէջ պիտի ձգէ։ Այս դէպքը՝ Եհովայի օրուան նման՝ Արմագեդոնով վերջ կը գտնէ, այս ամբարիշտ դրութեան վերջին օրերը իրենց աւարտին հասցնելով։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13. Յայտնութիւն 7։14. 16։14, 16

4. Երբ Եհովայի օրը իր վախճանին հասնի, ի՞նչ բան տեղի ունեցած պիտի ըլլայ։

4 Եհովայի այդ օրուան վերջաւորութեան, Սատանայի աշխարհը եւ անոր թիկունք կանգնողները բնաջնջուած պիտի ըլլան։ Առաջին կործանուողը պիտի ըլլայ սուտ կրօնքը։ Ապա Եհովայի դատաստանը պիտի գործադրուի Սատանայի քաղաքական եւ առեւտրական դրութիւններուն դէմ։ (Յայտնութիւն 17։12-14. 19։17, 18) Եզեկիէլ կը մարգարէանայ. «Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։ Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել»։ (Եզեկիէլ 7։19) Սոփոնեայ 1։14–ը այդ օրուան մասին կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ Եհովայի օրուան մասին Աստուածաշունչի ըսածին ի տես, պէտք է վճռենք Աստուծոյ արդար պահանջներուն համաձայն գործել։

5. Եհովայի անունէն վախցողները ի՞նչ պիտի վայելեն։

5 Նախագուշակելէ ետք թէ Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի ընէ Սատանայի աշխարհին, Մաղաքեայ 4։2–ը Եհովայի խօսքերը կը տեղեկագրէ. «Ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս դուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցատկէք»։ «Արդարութեան արեգակը»՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան հոգեւոր ‘լոյսն է աշխարհի’։ (Յովհաննու 8։12) Յիսուս բժշկութեամբ կը շողայ, մատակարարելով նախ՝ հոգեւոր բժշկութիւն, որ կը վայելենք ներկայիս, ապա՝ ֆիզիքական ամբողջական բժշկութիւն, նոր աշխարհին մէջ։ Ինչպէս Եհովա կ’ըսէ, բժշկուածները՝ կապանքէ ազատ արձակուած «գոմի պարարտ հորթերու պէս դուրս պիտի ելլեն ու պիտի ցատկեն», ուրախ ու գոհունակ։

6. Եհովայի ծառաները ի՞նչ յաղթանակի տօնախմբութիւն պիտի վայելեն։

6 Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք Եհովայի պահանջները կ’անտեսեն։ Մաղաքեայ 4։3–ը կ’ըսէ. «[Ո՛վ Աստուծոյ ծառաներ,] ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք, վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Աստուծոյ մարդկային երկրպագուները Սատանայի աշխարհը կործանելու մէջ մասնակցութիւն չեն բերեր։ Փոխարէն, անոնք այլաբանական առումով ‘ամբարիշտները պիտի կոխկռտեն’, Եհովայի օրուան յաջորդող յաղթանակի տօնախմբութեան մասնակցելով։ Տօնախմբութիւն մը տեղի ունեցաւ, Կարմիր Ծովուն մէջ Փարաւոնի բանակներուն կործանումէն ետք։ (Ելից 15։1-21) Մեծ նեղութեան Սատանայի ու իր աշխարհին վերցուելուն ալ պիտի յաջորդէ յաղթանակի տօնախմբութիւն մը։ Եհովայի օրուընէ վերապրող հաւատարիմները ուրախութեամբ պիտի բացագանչեն. «Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։ (Եսայեայ 25։9) Ի՜նչ ցնծութիւն պիտի ըլլայ, երբ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովուի եւ երկիրը խաղաղ բնակավայրի մը վերածուելու համար մաքրուի։

Քրիստոնեայ Աշխարհը կ’Ընդօրինակէ Իսրայէլը

7, 8. Նկարագրեցէք Իսրայէլի հոգեւոր վիճակը Մաղաքիայի օրերուն։

7 Եհովայի ծառայողները իր քով նպաստաւոր դիրք մը կը վայելեն, հակադրուելով իրեն չծառայողներուն։ Նոյնն էր պարագան երբ Մաղաքիա իր գիրքը գրեց։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, Իսրայէլէն մնացորդ մը վերահաստատուեցաւ, բաբելոնական 70 տարուան գերութենէն ետք։ Սակայն, անոր յաջորդող հարիւր տարիներու ընթացքին, վերահաստատուած ազգը դարձեալ հաւատուրացութեան եւ ամբարշտութեան մէջ ինկաւ։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը Եհովայի անունը կ’անպատուէր, իր արդար օրէնքները կ’անտեսէր, իր տաճարը կը պղծէր՝ զոհի համար կոյր, կաղ եւ հիւանդ անասուններ բերելով, եւ իրենց երիտասարդութեան կիները կ’արձակէին։

8 Հետեւաբար, Եհովա անոնց ըսաւ. «Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, կախարդներուն ու շնացողներուն սուտ երդում ընողներուն, վարձկանին իր վարձքին վրայով, որբեւարիին ու որբին զրկանք ընողներուն, պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն, ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ . . . ։ Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ (Մաղաքեայ 3։5, 6) Սակայն Եհովա հրաւէր տուաւ ոեւէ անհատի, որ իր չար ճամբաները պիտի ձգէր. «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ»։—Մաղաքեայ 3։7

9. Մաղաքիայի մարգարէութիւնները ի՞նչպէս նախնական կատարում մը ունեցան։

9 Այս խօսքերը նաեւ նախնական կատարում մը ունեցան Հ.Դ. առաջին դարուն։ Հրեայ մնացորդ մը Եհովայի ծառայեց եւ մաս կազմեց հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաներու նոր «ազգին», որուն մէջ պարփակուեցան նաեւ Հեթանոսներ։ Բայց մարմնաւոր Իսրայէլի մեծամասնութիւնը մերժեց Յիսուսը։ Ուստի, Յիսուս այդ Իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ (Մատթէոս 23։38. Ա. Կորնթացիս 16։22) Ինչպէս Մաղաքեայ 4։1–ը նախագուշակած էր, Հ.Դ. 70–ին «փուռի պէս վառուած օրը» եկաւ մարմնաւոր Իսրայէլի վրայ։ Երուսաղէմ եւ անոր տաճարը կործանեցան, եւ տեղեկագրուած է թէ մէկ միլիոնէ աւելի անհատներ մեռան սովէն, իշխանութեան պայքարներէն եւ հռովմէական բանակներու յարձակումներէն։ Սակայն, Եհովայի ծառայողները այդ նեղութենէն ազատեցան։—Մարկոս 13։14-20

10. Կրօնաւորները եւ ընդհանուր առմամբ մարդիկ, ի՞նչ կերպով առաջին դարու Իսրայէլի օրինակին կը հետեւին։

10 Մարդկութիւնը, եւ յատկապէս Քրիստոնեայ Աշխարհը, առաջին դարու Իսրայէլ ազգի օրինակին հետեւած են։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ առաջնորդներն ու ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ կը նախընտրեն իրենց կրօնական հանգանակները, քան թէ Յիսուսի սորվեցուցած Աստուծոյ ճշմարտութիւնները։ Մասնաւորաբար կրօնաւորները յանցապարտ են։ Անոնք կը մերժեն Եհովայի անունը գործածել, նոյնիսկ իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն կը հանեն զայն։ Անոնք Եհովան կ’անպատուեն հակա–սուրբ գրային ուսուցումներով, ինչպէս՝ դժոխքի մէջ յաւիտենական տանջանքը, Երրորդութեան եւ հոգիի անմահութեան հեթանոսական վարդապետութիւնները, եւ բարեշրջութիւնը։ Անոնք կը գողնան այն փառաբանութիւնը, որու արժանի է Եհովա, ինչպէս Մաղաքիայի օրուան քահանաները կ’ընէին։

11. Աշխարհի կրօնքները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ իրապէս որո՛ւ կը ծառայեն։

11 Երբ 1914–ին վերջին օրերը սկսան, այս աշխարհի կրօնքները՝ մանաւանդ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողները, ցոյց տուին թէ իրապէս որո՛ւ կը ծառայէին։ Երկու Աշխարհամարտերու ընթացքին, անոնք իրենց անդամները քաջալերեցին որ ուրիշ ազգերու դէմ պատերազմին, նոյնիսկ եթէ ատիկա նշանակէր իրենց կրօնքին պատկանող անհատներ սպաննել։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կը բնորոշէ անոնք որ Եհովայի կը հնազանդին եւ անոնք որ չեն հնազանդիր. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց»։—Ա. Յովհաննու 3։10-12

Մարգարէութիւն Կատարել

12, 13. Աստուծոյ ծառաները ներկայիս ո՞ր մարգարէութիւնները կատարած են։

12 Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան՝ 1918–ին, Եհովայի ծառաները կրնային տեսնել թէ Աստուած կործանումի դատապարտած էր Քրիստոնեայ Աշխարհն ու սուտ կրօնքի մնացեալ մասերը։ Անկէ սկսեալ, արդարամիտ անհատներու կոչ տրուեցաւ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք. վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց»։ (Յայտնութիւն 18։4, 5) Անոնք որոնք իրապէս կը փափաքէին Եհովայի ծառայել, սկսան սուտ կրօնքի բոլոր հետքերէն մաքրուիլ եւ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել համայն աշխարհի մէջ, գործ մը որ պիտի ամբողջանար այս իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանը գալէն առաջ։—Մատթէոս 24։14

13 Այս կերպով կատարուեցաւ Մաղաքեայ 4։5–ի մարգարէութիւնը, ուր Եհովա նշեց. «Ահա Ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։ Այդ մարգարէութիւնը նախնական կատարում ունեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի գործունէութեամբ, որ Եղիայով նախապատկերացուած էր։ Յովհաննէս Եղիայի նման գործ մը կատարեց, երբ մկրտեց այն Հրեաները, որոնք Օրէնքի ուխտին դէմ իրենց գործած մեղքերէն զղջացած էին։ Աւելի կարեւորը, Յովհաննէս՝ Մեսիային նախակարապետն էր։ Բայց, Յովհաննէսի գործը Մաղաքիայի մարգարէութեան նախնական մէկ կատարումն էր միայն։ Թէեւ Յիսուս Յովհաննէսի մասին խօսեցաւ որպէս երկրորդ Եղիա մը, սակայն, ցոյց տուաւ որ «Եղիայի» գործին նման գործ մը պիտի կրկնուէր ապագային։—Մատթէոս 17։11, 12

14. Այս դրութեան վախճանը չեկած, ի՞նչ կենսական գործ մը պէտք է կատարուի։

14 Մաղաքիայի մարգարէութիւնը ցոյց կու տար թէ այս «Եղիայի» մեծ գործը պիտի կատարուէր ‘Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը’ գալէն առաջ։ Այդ օրը վերջ կը գտնէ Արմագեդոնին՝ Ամենակալ Աստուծոյ արագօրէն մօտեցող մեծ օրով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանին, եւ գահակալուած Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Հազարամեայ Իշխանութեան պիտի կանխէր գործ մը, որ Եղիայի գործունէութեան պիտի նմանէր։ Իսկ առ ի կատարում այս մարգարէութեան, արդի Եղիա դասակարգը, իրեն թիկունք կանգնող երկրային յոյս ունեցող միլիոնաւոր Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ, եռանդուն կերպով մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու գործը կը կատարեն, Աստուծոյ անունը կը բարձրացնեն եւ ոչխարանման անհատներու կը սորվեցնեն, Եհովա այս ամբարիշտ դրութիւնը կործանելէ առաջ։

Եհովա կ’Օրհնէ Իր Ծառաները

15. Եհովա ի՞նչպէս կը յիշէ իր ծառաները։

15 Եհովա իրեն ծառայողները կ’օրհնէ։ Մաղաքեայ 3։16–ը կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ Աբէլի ժամանակէն ի վեր, Աստուած կը գրէ՝ որպէս թէ գրքի մը մէջ՝ անոնց անունները, որոնք յաւիտենական կեանք ունենալու համար պիտի յիշուին։ Եհովա անոնց կ’ըսէ. «Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, . . . թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10

16, 17. Եհովա ի՞նչպէս օրհնած է իր ժողովուրդը եւ անոնց գործը։

16 Եհովա արդարեւ իրեն ծառայողները օրհնած է։ Ի՞նչպէս։ Կերպերէն մէկը՝ իր նպատակները աւելի լաւ հասկնալով։ (Առակաց 4։18. Դանիէլ 12։10) Ուրիշ մը՝ իրենց քարոզչութեան մէջ ապշեցուցիչ արդիւնքներ տալով։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ անոնց միացած են, եւ ասոնց մասին կը խօսուի որպէս «մեծ բազմութիւն մը, . . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) Այս մեծ բազմութիւնը հոյակապօրէն ի յայտ եկած է, եւ աշխուժօրէն Եհովայի ծառայողները ներկայիս վեց միլիոնէն աւելի են, համայն աշխարհի մէջ աւելի քան 93,000 ժողովքներու մէջ։

17 Եհովայի օրհնութիւնը նաեւ կը տեսնուի ուրիշ կերպով՝ Եհովայի Վկաները կը հրատարակեն ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն լայն բաշխում ունեցող Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները։ Ներկայիս ամէն ամիս Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն շուրջ 90 միլիոն օրինակներ կ’արտադրուին. Դիտարան–ը՝ 144 լեզուներով, իսկ Զարթի՛ր–ը՝ 87 լեզուներով։ 1968–ին հրատարակուած՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ խորագրով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքին շրջաբերութիւնը աւելի քան 107 միլիոն եղած է՝ 117 լեզուներով։ 1982–ին լոյս տեսած՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գրքին շրջաբերութիւնը աւելի քան 81 միլիոն եղած է՝ 131 լեզուներով։ Իսկ 1995–ին լոյս տեսած՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, հասած է մօտաւորապէս 85 միլիոնի եւ 154 լեզուներով։ 1996–ին հրատարակուած՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկէն արդէն 150 միլիոն բաշխուած է, 244 լեզուներով։

18. Ինչո՞ւ հոգեւոր բարգաւաճութիւն կը վայելենք ի հեճուկս հակառակութեան։

18 Այս հոգեւոր բարգաւաճութիւնը կատարուած է ի հեճուկս Սատանայի աշխարհէն եկած ամենէն խիստ ու երկարատեւ հակառակութեան։ Ասիկա ցոյց կու տայ Եսայեայ 54։17–ի խօսքերուն ճշմարտութիւնը. «‘Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է’, կ’ըսէ Տէրը»։ Եհովայի ծառաներուն համար որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, թէ Մաղաքեայ 3։17–ն գլխաւորաբար իրենց վրայ կը կատարուի. «‘Անոնք իմս պիտի ըլլան’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ‘Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ’»։

Ուրախութեամբ Եհովայի Ծառայել

19. Եհովայի ծառայողները ի՞նչպէս տարբեր են իրեն չծառայողներէն։

19 Ժամանակի ընթացքին աւելի յստակ կը դառնայ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն, եւ Սատանայի աշխարհի պատկանողներուն միջեւ եղող տարբերութիւնը։ Մաղաքեայ 3։18–ն նախագուշակեց. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։ Բազմաթիւ տարբերութիւններէն մէկը այն է թէ Եհովայի ծառայողները ասիկա կ’ընեն մեծ ուրախութեամբ։ Ասոր պատճառներէն մէկը իրենց ունեցած հոյակապ յոյսն է։ Անոնք բացարձակ վստահութիւն ունին Եհովայի վրայ, երբ ան կ’ըսէ. «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք»։—Եսայեայ 65։17, 18. Սաղմոս 37։10, 11, 29. Յայտնութիւն 21։4, 5

20. Ինչո՞ւ ուրախ ժողովուրդ մըն ենք։

20 Մենք կը հաւատանք Եհովայի խոստումներուն թէ համայն երկրի վրայ իր հաւատարիմ ծառաները պիտի վերապրին իր մեծ օրուընէ եւ նոր աշխարհ պիտի մտնեն։ (Սոփոնեայ 2։3. Յայտնութիւն 7։13, 14) Իսկ թէեւ ոմանք ծերութեան, հիւանդութեան կամ արկածի պատճառով մահանան անկէ առաջ, Եհովա կը խոստանայ որ զանոնք յաւիտենական կեանքի համար պիտի յարուցանէ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Տիտոս 1։2) Ուստի, բոլորս մեր խնդիրներն ու դժուարութիւնները ունենալով հանդերձ, ամէն պատճառ ունինք երկրի ամենէն ուրախ ժողովուրդը ըլլալու, մինչ Եհովայի այս օրը կը դիմագրաւենք։

Ի՞նչպէս կը պատասխանէք

• Ի՞նչ է «Եհովայի օրը»։

• Աշխարհի կրօնքները ի՞նչպէս կը հետեւին վաղեմի Իսրայէլի օրինակին։

• Եհովայի ծառաները ո՞ր մարգարէութիւնները կը կատարեն։

• Եհովա ի՞նչպէս օրհնած է իր ժողովուրդը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Առաջին դարու Երուսաղէմը ‘փուռի պէս վառեցաւ’

[Նկարներ՝ էջ 30]

Իրենց հոյակապ յոյսին շնորհիւ, Եհովայի ծառաները իրապէս ուրախ են

[Նկարներ՝ էջ 31]

Եհովա իրեն ծառայողներուն կարիքները կը հոգայ