Անոնք «խորունկը իջան»
Անոնք «խորունկը իջան»
«Անդունդները ծածկեցին զանոնք. քարի պէս խորունկը իջան»։
ԵՐԳԻ մը մաս կազմող այս խօսքերով, Մովսէսն ու Իսրայելացիները տօնակատարեցին Կարմիր Ծովէն իրենց ազատագրումը եւ զիրենք հալածող Եգիպտացի թշնամիներուն՝ Փարաւոնի ու իր զօրքերուն՝ ոչնչացումը։—Ելից 15։4, 5
Այդ տպաւորիչ դէպքին ականատես եղող ոեւէ անհատի համար, բացայայտ դաս մը կար։ Եհովայի հեղինակութեան ո՛չ ոք կրնայ յաջողութեամբ ասպարէզ կարդալ կամ դէմ դնել եւ ապրիլ։ Սակայն, քանի մը ամիս ետք, կարկառուն Իսրայելացիներ՝ Կորխ, Դաթան, Աբիրոն եւ 250 համակիրներ՝ բացէ ի բաց ասպարէզ կարդացին Մովսէսի ու Ահարոնի աստուածատուր հեղինակութեան դէմ։—Թուոց 16։1-3
Եհովայի ուղղութեան համաձայն, Մովսէս Իսրայելացիները զգուշացուց որ ըմբոստներուն վրաններէն հեռանան։ Դաթան ու Աբիրոն, իրենց ընտանիքներով միասին, յանդգնօրէն մերժեցին իրենց կեցուածքը փոխել։ Ապա Մովսէս յայտարարեց թէ Եհովա Իր կերպով, ժողովուրդին պիտի բացայայտէր թէ այս տղամարդիկը ‘Եհովան անարգած էին’։ Այդ պահուն, Եհովա անոնց տակի գետինը պատռտեց։ «Անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք»։ Ի՞նչ պատահեցաւ Կորխի ու միւս ըմբոստներուն։ «Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց»։—Թուոց 16։23-35. 26։10
Փարաւոնն ու իր զօրքերը, ինչպէս նաեւ անապատին մէջ այդ բոլոր ըմբոստները, բնաջնջուեցան քանի որ չընդունեցին Եհովայի հեղինակութիւնը եւ իր ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութիւնը։ Հետեւաբար, ստիպողական է որ բոլոր անոնք որոնք Եհովայի պաշտպանութիւնը պիտի տեսնեն այս չար օրերուն, Եհովայի մասին սորվին եւ իրեն հնազանդին որպէս «Բարձրեալը» եւ «Ամենակարող»ը։ Այսպէս ընելով, անոնք կրնան սրտանց անսալ Եհովայի սրտապնդիչ խօսքերուն. «Հազար հոգի քու քովէդ ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։ Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։ Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր»։—Սաղմոս 91։1, 7-9