Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի արդարութիւնով հրճուեցէք

Եհովայի արդարութիւնով հրճուեցէք

Եհովայի արդարութիւնով հրճուեցէք

«Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 21։21

1. Ներկայիս մարդոց ո՞ր ճամբաները աղիտալի հետեւանքներ ունեցած են։

«ՃԱՄԲԱՅ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։ (Առակաց 16։25) Աստուածաշունչի այս առակը որքա՜ն ճշգրտօրէն կը նկարագրէ ներկայ մարդոց ճամբաները։ Մարդիկ ընդհանուր առմամբ հետաքրքրուած են իրենց աչքին շիտակ երեւցող բանը ընելով, անտեսելով ուրիշներու նոյնիսկ ամենէն հիմնական կարիքները։ (Առակաց 21։2) Անոնք կը դաւանին երկրին օրէնքներն ու չափանիշները յարգել, սակայն ամէն անգամ որ առիթ ներկայանայ, կը փորձեն անոնցմէ խուսափիլ։ Հետեւանքը՝ բաժնուած, շփոթած եւ տակնուվրայ ընկերութիւն մը։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

2. Յօգուտ մարդկութեան, ի՞նչ բանի ստիպողական կարիքը կայ։

2 Յօգուտ մեզի եւ մարդկային ամբողջ ընտանիքին խաղաղութեան ու ապահովութեան համար, ստիպողական կարիքը ունինք շիտակ ու արդար օրէնքի կամ չափանիշի մը, զոր ամէն ոք յօժար է ընդունելու եւ անոր հնազանդելու։ Բացայայտօրէն, ո՛չ մէկ օրէնք կամ չափանիշ, ո՛րքան ալ խելացի կամ անկեղծ ըլլայ զայն առաջարկող անհատը, կրնայ այդ կարիքը լեցնել։ (Երեմեայ 10։23. Հռովմայեցիս 3։10, 23) Եթէ այսպիսի չափանիշ մը առկայ է, անիկա ո՞ւր կրնայ գտնուիլ եւ ի՛նչ կրնայ ըլլալ։ Թերեւս աւելի կարեւոր հարցումը այն է թէ՝ եթէ այսպիսի չափանիշ մը գոյութիւն ունի, անով պիտի հրճուի՞ք կամ անոր պիտի հնազանդի՞ք։

Արդար Չափանիշը Գտնել

3. Ո՞վ լաւագոյն որակումը ունի հայթայթելու համար չափանիշ մը, որ ընդունելի եւ օգտակար է բոլոր մարդոց համար, եւ ինչո՛ւ։

3 Բոլորին ընդունելի եւ օգտակար չափանիշ մը գտնելու համար, պէտք է երթանք մէկու մը քով որ ցեղային, մշակութային եւ քաղաքական սահմաններէն անդին կ’անցնի, եւ մարդկային անհեռատեսութիւնն ու տկարութիւնները իրեն համար խոչընդոտներ չեն։ Անկասկած, միակ որակելի անձը ամենակալ Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած է, որ կ’ըսէ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն»։ (Եսայեայ 55։9) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը Եհովան կը նկարագրէ, ըսելով թէ ան «հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ, կը գտնենք «Եհովան արդար է» արտայայտութիւնը։ (Ելից 9։27. Բ. Մնացորդաց 12։6. Սաղմոս 11։7. 129։4. Ողբք 1։18) Այո, կրնանք գերագոյն չափանիշին համար Եհովայի նայիլ, քանի որ ան անիրաւութիւն չունի, հաւատարիմ եւ արդար է։

4. «Արդարութիւն» բառը ի՞նչ կը պարփակէ։

4 Մարդոց մեծամասնութիւնը բացասական, նոյնիսկ արհամարհական տեսակէտ մը ունի այն անհատներուն հանդէպ, որոնք կը խորհին թէ իրենք ուրիշներէն աւելի արդար կամ սուրբ են, եւ այս կեցուածքը կը սեպէ բարոյական գերակայութեան կամ կեղծ սրբութեան ու բարեպաշտութեան հովեր առնել։ Սակայն, սուրբ գրային «արդարութիւն»ը կը պարփակէ՝ շիտակ, պարկեշտ, առաքինի ու անմեղ ըլլալու, եւ յանցանք չունենալու գաղափարը. աստուածային օրէնքի սկզբունքներուն կամ բարոյական ընդունելի չափանիշներուն համակերպիլ. արդար կամ իրաւացի կերպով վարուիլ։ Այսպիսի ընտիր յատկանիշներ պարփակող օրէնքով կամ սկզբունքով չէ՞ք հրճուիր։

5. Բնութագրեցէք Աստուածաշունչին մէջ գործածուած արդարութեան յատկութիւնը։

5 Արդարութեան յատկութեան առնչութեամբ, Հրէական Համայնագիտարան–ը դիտել կու տայ. «Արդարութիւնը վերացական գաղափար մը չէ, այլ՝ բոլոր յարաբերութիւններու մէջ շիտակ բանը ընելու վրայ հիմնուած է»։ Օրինակ, Աստուծոյ արդարութիւնը պարզապէս ներքին կամ անհատական յատկութիւն մը չէ որ ան ունի, ինչպէս է պարագան իր սրբութեան եւ անարատութեան։ Ընդհակառակը, անիկա յայտնաբերում մըն է իր բնոյթին, շիտակ ու արդար կերպերով։ Կրնայ ըսուիլ թէ, քանի որ Եհովա սուրբ եւ անարատ է, իր ըրած եւ իրմէ ծագում առած բոլոր բաները արդար են։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ»։—Սաղմոս 145։17

6. Պօղոս իր օրուան կարգ մը անհաւատ Հրեաներու մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ ինչո՛ւ։

6 Պօղոս առաքեալ այս կէտը շեշտեց Հռովմի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ։ Կարգ մը անհաւատ Հրեաներու մասին գրելով, ան ըսաւ. «Անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան»։ (Հռովմայեցիս 10։3) Պօղոս ինչո՞ւ այսպիսիներուն ակնարկեց որպէս՝ ‘Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչցողներ’։ Անոնք Օրէնքը՝ Աստուծոյ արդար չափանիշները՝ սորված չէի՞ն։ Արդարեւ, սորված էին։ Սակայն, անոնց մեծամասնութիւնը արդարութիւնը կը նկատէր պարզապէս անձնական արժանիք մը, որ ձեռք կը ձգուի բծախնդրաբար եւ տքնաջանօրէն կրօնական կանոնները պահելով, փոխանակ՝ ուրիշներու հետ իրենց գործառնութեանց մէջ զիրենք առաջնորդող չափանիշ մը։ Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդներուն նման, անոնք արդարութեան բուն իմաստը չըմբռնեցին։—Մատթէոս 23։23-28

7. Եհովայի արդարութիւնը ի՞նչպէս կ’արտայայտուի։

7 Ճիշդ հակառակը, Եհովայի արդարութիւնը կ’արտայայտուի եւ բացայայտօրէն կը տեսնուի իր գործառնութիւններուն մէջ։ Թէեւ իր արդարութիւնը կը պահանջէ որ կամակոր յանցագործներուն մեղքերը չանտեսէ, սակայն ասիկա զինք զգացումէ զուրկ եւ խստապահանջ Աստուած մը չի դարձներ, որմէ պէտք է վախնանք եւ հեռու կենանք։ Ընդհակառակը, իր արդար արարքները հիմ մը հայթայթեցին, որով մարդկութիւնը կրնայ իրեն մօտենալ եւ մեղքին ցաւալի հետեւանքներէն փրկուիլ։ Հետեւաբար, բոլորովին պատշաճ է որ Եհովա նկարագրուի որպէս «արդար Աստուած եւ Փրկիչ»։—Եսայեայ 45։21, ՆԱ

Արդարութիւն եւ Փրկութիւն

8, 9. Ի՞նչ կերպերով Օրէնքը Աստուծոյ արդարութիւնը կ’արտայայտէր։

8 Աստուծոյ արդարութեան եւ փրկութեան սիրալիր արարքին միջեւ յարաբերութիւնը հասկնալու համար, նկատի առէք Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլ ազգին տուած Օրէնքը։ Կասկած չկայ որ Օրէնքը արդար էր։ Իր հրաժեշտի խօսքերուն մէջ, Մովսէս Իսրայելացիներուն յիշեցուց. «Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ»։ (Բ. Օրինաց 4։8) Դարեր ետք, Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը ըսաւ. «Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են»։—Սաղմոս 19։9

9 Օրէնքին միջոցաւ, Եհովա յստակ դարձուց շիտակի ու սխալի վերաբերեալ իր կատարեալ չափանիշները։ Օրէնքը ամենայն մանրամասնութեամբ ուրուագծեց թէ Իսրայելացիները ի՛նչպէս պէտք էր վարուէին, ո՛չ միայն կրօնական հարցերու մէջ, այլ նաեւ՝ դրամական գործառնութիւններու, ամուսնական յարաբերութիւններու, սննդականոնի եւ առողջապահութեան վերաբերեալ հարցերու, եւ անշուշտ, դատական որոշումներու մէջ։ Օրէնքը նաեւ կը բովանդակէր խիստ պատժամիջոցներ օրէնքը բեկանողներուն դէմ, իսկ կարգ մը պարագաներու՝ նոյնիսկ մահապատիժ։ * Սակայն, Օրէնքին մէջ արտայայտուած Աստուծոյ արդար պահանջները, ժողովուրդին ազատութիւնը եւ ուրախութիւնը խլող ծանր ու յոգնեցուցիչ բեռնե՞ր էին, ինչպէս ներկայիս շատեր կը դաւանին։

10. Եհովան սիրողները ի՞նչպէս զգացին իր օրէնքներուն հանդէպ։

10 Եհովան սիրողները իր արդար օրէնքներով ու դատաստաններով մեծապէս հրճուեցան։ Դաւիթ Թագաւոր, զոր օրինակ, ոչ միայն ընդունեց որ Եհովայի դատաստանները ճշմարիտ ու արդար են, ինչպէս տեսանք, այլ նաեւ՝ անոնց հանդէպ խոր խանդաղատանք եւ գնահատութիւն ունէր։ Եհովայի օրէնքներուն ու դատաստաններուն նկատմամբ ան գրեց. «Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն. մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։ Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է»։—Սաղմոս 19։7, 10, 11

11. Օրէնքը ի՞նչպէս ‘Քրիստոսին բերելու դաստիարակը’ եղաւ։

11 Դարեր ետք, Պօղոս Օրէնքին աւելի մեծ մէկ արժէքը մատնանշեց։ Գաղատացիներուն յղած իր նամակին մէջ, ան գրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք»։ (Գաղատացիս 3։24) Պօղոսի օրերուն, դաստիարակ մը (ուսուցիչ, Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութիւն) մեծ ընտանիքի մը ծառան կամ գերին էր։ Իր պարտականութիւնն էր երախաները պաշտպանել եւ զանոնք դպրոց տանիլ–բերել։ Նոյն կերպով, Օրէնքը Իսրայելացիները պաշտպանեց իրենց շուրջ գտնուող ազգերու բարոյական ու կրօնական նուաստացուցիչ սովորութիւններէն։ (Բ. Օրինաց 18։9-13. Գաղատացիս 3։23) Ասկէ զատ, Օրէնքը Իսրայելացիները գիտակից դարձուց իրենց մեղաւոր վիճակին եւ թողութեան ու փրկութեան կարիքին մասին։ (Գաղատացիս 3։19) Զոհերու կարգադրութիւնները նշեցին փրկանքի զոհի մը կարիքը եւ հայթայթեցին մարգարէական նմոյշ մը, որուն միջոցաւ ճշմարիտ Մեսիան կարելի էր բնորոշել։ (Եբրայեցիս 10։1, 11, 12) Ուստի, երբ Եհովա իր արդարութիւնը արտայայտեց Օրէնքին միջոցաւ, ասիկա ըրաւ մարդոց բարօրութիւնն ու յաւիտենական փրկութիւնը ի մտի ունենալով։

Աստուծոյ Կողմէ Արդար Նկատուած Անհատներ

12. Իսրայելացիները ի՞նչ բան ձեռք պիտի ձգէին եթէ զգուշութեամբ Օրէնքը պահէին։

12 Քանի որ Եհովայի տուած Օրէնքը ամէն կողմէ արդար էր, անոր հնազանդելով Իսրայելացիները կրնային Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը ունենալ։ Երբ Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելու վրայ էին, Մովսէս անոնց յիշեցուց. «Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի»։ (Բ. Օրինաց 6։25) Ասկէ զատ, Եհովա խոստացած է. «Իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը»։—Ղեւտացւոց 18։5. Հռովմայեցիս 10։5

13. Աստուած անիրաւութեա՞մբ վարուեցաւ, երբ իր ժողովուրդէն պահանջեց որ արդար Օրէնքը պահեն։ Բացատրեցէք։

13 Դժբախտաբար, որպէս ազգ, Իսրայելացիները թերացան «Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները» կատարելու մէջ, եւ հետեւաբար խոստացեալ օրհնութիւնները չվայելեցին։ Անոնք թերացան Աստուծոյ բոլոր պատուիրանքները պահելու մէջ, քանի որ Աստուծոյ Օրէնքը կատարեալ էր, իսկ իրենք՝ ոչ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած անիրաւ կամ անարդար է։ Վստահաբար ո՛չ։ Պօղոս գրեց. «Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի»։ (Հռովմայեցիս 9։14) Իրողութիւնը այն է թէ Օրէնքը տրուելէն առաջ ու վերջ, անհատներ Աստուծոյ կողմէ արդար նկատուեցան, անկատար ու մեղաւոր ըլլալով հանդերձ։ Այս աստուածավախ անհատներու ցանկին մէջ կան՝ Նոյ, Աբրահամ, Յոբ, Ռախաբ եւ Դանիէլ։ (Ծննդոց 7։1. 15։6. Յոբայ 1։1. Եզեկիէլ 14։14. Յակոբու 2։25) Ուստի հարցումը հետեւեալն է. Այս անհատները ի՞նչ հիման վրայ Աստուծոյ կողմէ արդար նկատուեցան։

14. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ մարդու մը մասին կը խօսի որպէս «արդար»։

14 Երբ Աստուածաշունչը մարդու մը մասին կը խօսի որպէս «արդար», անիկա անմեղութեան կամ կատարելութեան չ’ակնարկեր։ Փոխարէն, անիկա կը նշանակէ պարտականութիւնները կատարել Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ։ Օրինակի համար, Նոյ կոչուեցաւ «արդար ու կատարեալ մարդ» մը, քանի որ ան «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։ (Ծննդոց 6։9, 22. Մաղաքեայ 3։18) Յովհաննէսի ծնողքը՝ Զաքարիան ու Եղիսաբէթը՝ «Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին»։ (Ղուկաս 1։6) Իսկ ոչ–Իսրայելացի մը, Կոռնելիոս անունով Իտալացի հարիւրապետ մը, նկարագրուեցաւ որպէս «արդար եւ աստուածավախ մարդ» մը։—Գործք 10։22

15. Արդարութիւնը սերտօրէն ի՞նչ բանի հետ առնչուած է։

15 Ասկէ զատ, մարդու արդարութիւնը սերտօրէն առնչուած է սրտին մէջ եղածին հետ՝ անհատին հաւատքը եւ գնահատութիւնն ու սէրը Եհովայի եւ Իր խոստումներուն հանդէպ, եւ ո՛չ թէ միայն Աստուծոյ պահանջածը կատարելուն հետ։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը, որը [իրեն] արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Ծննդոց 15։6) Աբրահամ ո՛չ միայն Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատար, այլ նաեւ՝ «սերունդին» առնչութեամբ Իր խոստումին։ (Ծննդոց 3։15. 12։2. 15։5. 22։18) Այսպիսի հաւատքի մը եւ անոր ընկերակցող գործերու հիման վրայ, Եհովա կրնար Աբրահամի եւ այլ հաւատարիմներու հետ յարաբերիլ եւ զանոնք օրհնել, թէեւ անկատար էին։—Սաղմոս 36։10. Հռովմայեցիս 4։20-22

16. Փրկանքին հաւատք ընծայելը ի՞նչ արդիւնք տուած է։

16 Ի վերջոյ, մարդու արդարութիւնը կախեալ է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելէն։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մասին խօսելով, Պօղոս գրեց. «[Աստուծոյ] շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան»։ (Հռովմայեցիս 3։24) Պօղոս հոս կը խօսէր անոնց մասին, որոնք ընտրուած էին Քրիստոսի ժառանգակիցները ըլլալու երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Սակայն, Յիսուսի փրկանքի զոհը նաեւ պատեհութիւն տուաւ միլիոնաւոր ուրիշներու, որ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը ձեռք ձգեն։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, . . . որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած»։ Ճերմակ հանդերձները կը խորհրդանշեն Աստուծոյ առջեւ անոնց մաքուր եւ արդար ըլլալը, քանի որ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։—Յայտնութիւն 7։9, 14

Եհովայի Արդարութիւնով Հրճուեցէք

17. Արդարութեան ետեւէ ըլլալու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին։

17 Թէեւ Եհովա սիրալիրօրէն իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը հայթայթած է որպէս միջոց մը, որով մարդիկ իր առջեւ արդար կեցուածք մը ձեռք ձգեն, սակայն ասիկա անկասկած ինքնաբերաբար չի գար։ Անհատը պէտք է փրկանքին հաւատք ընծայէ, իր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակէ, Եհովայի նուիրուի, եւ զայն խորհրդանշէ ջուրի մկրտութեամբ։ Ապա, ան պէտք է շարունակէ արդարութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր այլ յատկութիւններու ետեւէ ըլլալ։ Տիմոթէոս, երկնային կոչում ունեցող մկրտուած Քրիստոնեայ մը, Պօղոսի կողմէ խրատ ստացաւ. «Գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11. Բ. Տիմոթէոս 2։22) Յիսուս նաեւ շեշտեց յարատեւաբար ջանք թափելու կարիքը, երբ ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք [«շարունակեցէք փնտռել», ՆԱ] Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Թերեւս ծանր կ’աշխատինք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները ձեռք ձգենք, սակայն, նոյնքան ծանր կ’աշխատի՞նք Եհովայի արդար ճամբաները հետապնդելու համար։—Մատթէոս 6։33

18. (ա) Ինչո՞ւ դիւրին չէ արդարութեան ետեւէ ըլլալ։ (բ) Ղովտի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

18 Անշուշտ, դիւրին չէ արդարութեան ետեւէ ըլլալ. քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք եւ մեր բնական հակումը անիրաւութեան հանդէպ է։ (Եսայեայ 64։6) Ասկէ զատ, շրջապատուած ենք անհատներով, որոնք Եհովայի արդար ճամբաները չեն յարգեր։ Մեր պարագաները շատ նման են Ղովտի պարագաներուն, որ կ’ապրէր ամբարշտութեան մէջ համբաւ շահած Սոդոմ քաղաքին մէջ։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց թէ ինչո՛ւ Եհովա յարմար տեսաւ Ղովտը ազատագրել մօտալուտ կործանումէն։ Պետրոս ըսաւ. «Այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը»։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ներքնապէս հաւանութիւն կու տա՞մ մեր շուրջ կատարուող անբարոյ սովորութիւններուն։ Ժողովրդական բայց վայրագ զբօսանքը կամ մարմնամարզանքը պարզապէս անհաճո՞յ կը գտնեմ։ Թէ ոչ Ղովտի նման կը տանջուիմ այսպիսի անիրաւ արարքներով’։

19. Ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք վայելել, եթէ Աստուծոյ արդարութիւնով հրճուինք։

19 Այս վտանգաւոր եւ անորոշ օրերուն, Եհովայի արդարութիւնով հրճուիլը ապահովութեան եւ պաշտպանութեան աղբիւր մըն է։ «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ» հարցումին պատասխանելով, Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 15։1, 2) Աստուծոյ արդարութիւնը հետապնդելով եւ անով հրճուելով, կրնանք իր հետ լաւ յարաբերութիւն մը պահպանել, եւ շարունակել իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելել։ Ուստի, կ’ապրինք գոհունակ կեանք մը, արժանապատուութեամբ եւ մտքի խաղաղութիւնով։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ»։ (Առակաց 21։21) Ասկէ զատ, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ ընենք ինչ որ արդար եւ շիտակ է, ասիկա պիտի նշանակէ ուրախ անձնական յարաբերութիւններ եւ կեանքի բարելաւուած որակ մը՝ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն»։—Սաղմոս 106։3

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Մովսիսական Օրէնքին ընդարձակութեան նկատմամբ մանրամասնութեանց համար, տես՝ «Օրէնքի Ուխտին Կարգ մը Երեսակները» յօդուածը, Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 214-220, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ք բացատրել

• Ի՞նչ է արդարութիւնը։

• Փրկութիւնը ի՞նչպէս առնչուած է Աստուծոյ արդարութեան հետ։

• Մարդիկ ի՞նչ հիման վրայ Աստուծոյ կողմէ արդար կը նկատուին։

• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի արդարութիւնով հրճուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 22]

Նոյ, Աբրահամ, Զաքարիա ու Եղիսաբէթ, եւ Կոռնելիոս Աստուծոյ կողմէ արդար նկատուեցան։ Գիտէ՞ք ինչու

[Նկարներ՝ էջ 23]

Դաւիթ Թագաւոր Աստուծոյ օրէնքներուն հանդէպ խոր խանդաղատանք արտայայտեց