Եհովայի հաւատարիմ սէրէն օգտուինք
Եհովայի հաւատարիմ սէրէն օգտուինք
«Ո՞վ է իմաստուն . . . անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները [«հաւատարիմ սիրոյ արարքները», ՆԱ] պիտի հասկնայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 107։43
1. Հաւատարիմ սէր արտայայտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ առաջին անգամ ե՞րբ գործածուած է, եւ այս յատկութեան առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ՇՈՒՐՋ 4,000 տարի առաջ, Աբրահամի զարմիկը Ղովտ Եհովայի մասին ըսաւ. «Ինծի մեծ բարիք ըրիր [«հաւատարիմ սէրդ մեծցուցիր», ՆԱ]»։ (Ծննդոց 19։19) Ասիկա առաջին անգամն է ուր «հաւատարիմ սէր» արտայայտութիւնը կ’երեւայ Աստուածաշունչին մէջ։ * Յակոբ, Նոեմի, Դաւիթ եւ Աստուծոյ այլ ծառաներն ալ խօսեցան Եհովայի այս յատկութեան մասին։ (Ծննդոց 32։10. Հռութայ 1։8. Բ. Թագաւորաց 2։6) Իրականութեան մէջ, այս Եբրայերէն բառը Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններու բնագրին մէջ շուրջ 250 անգամ կը գտնուի։ Սակայն, ի՞նչ է Եհովայի հաւատարիմ սէրը։ Անցեալին անիկա որո՞նց հանդէպ ցուցաբերուեցաւ։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ օգտուիլ ներկայիս։
2. Քննարկուած Եբրայերէն բառը սահմանելը ինչո՞ւ դժուար է, եւ ի՞նչպէս կարելի է թարգմանել զայն։
2 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «հաւատարիմ սէր» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, ա՛յնքան ճոխ իմաստ մը ունի, որ լեզուներուն մեծամասնութիւնը անոր լման իմաստը ճշգրտօրէն արտայայտող բառ մը չունի։ Ուստի, այսպիսի բառեր ինչպէս՝ «ողորմութիւն», «գթութիւն» եւ «բարերարութիւն», ճշգրտօրէն ու լիովին չեն սահմաներ անոր իմաստը։ Սակայն, Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը, Եբրայերէն այս բառը պատշաճօրէն կը թարգմանէ որպէս «հաւատարիմ սէր», որ աւելի ընդարձակ է եւ բառին բուն իմաստը կը հաղորդէ։—Ելից 15։13. Սաղմոս 5։7
Սէրէ եւ Հաւատարմութենէ Տարբեր
3. Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս տարբեր է սէրէն։
3 Հաւատարիմ սէրը սերտօրէն առնչուած է սիրոյ եւ հաւատարմութեան յատկութիւններուն հետ։ Սակայն, անիկա անոնցմէ կը տարբերի կարեւոր կերպերով։ Նկատի առէք թէ հաւատարիմ սէրը եւ սէրը իրարմէ ի՛նչպէս կը տարբերին։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, սէրը կրնայ կիրարկուիլ իրերու եւ գաղափարներու։ Աստուածաշունչը կը խօսի ‘գինի եւ իւղ սիրելուն’ եւ ‘իմաստութիւն սիրելուն’ մասին։ (Առակաց 21։17. 29։3) Սակայն, հաւատարիմ սէրը կը կիրարկուի մարդոց, եւ ո՛չ թէ գաղափարներու ու անկենդան բաներու։ Օրինակ, մարդոց կ’ակնարկէ երբ Ելից 20։6–ը կ’ըսէ թէ Եհովա ‘կ’ողորմի [«հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ», ՆԱ] անոնց մինչեւ հազար ազգը’։
4. Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս տարբեր է հաւատարմութենէն։
4 «Հաւատարիմ սէր» թարգմանուած Եբրայերէն բառը նաեւ շատ աւելի ընդարձակ իմաստ մը ունի քան՝ «հաւատարմութիւն» բառը։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, «հաւատարմութիւն» բառը յաճախ գործածուած է արտայայտելու համար այն կեցուածքը որ ստորադաս անհատ մը ցոյց կու տայ իրմէ գերադաս եղող անհատին հանդէպ։ Սակայն, ինչպէս հետազօտող մը կը նշէ, սուրբ գրային տեսանկիւնէն դիտուած, հաւատարիմ սէրը «շատ յաճախ կ’ակնարկէ յարաբերութեան ճիշդ հակառակ ուղղութեան. զօրաւորը հաւատարիմ է տկարին, կամ՝ կարօտեալին, կամ՝ իրեն ենթակայ եղողին»։ Հետեւաբար, Դաւիթ Թագաւոր կրնար Եհովայի աղաչել. «Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր, քու ողորմութիւնովդ [«հաւատարիմ սիրովդ», ՆԱ] զիս փրկէ»։ (Սաղմոս 31։16) Եհովայէ՝ զօրաւորէն՝ կը խնդրուի որ հաւատարիմ սէր ցուցաբերէ կարօտեալին՝ Դաւիթին՝ հանդէպ։ Քանի որ կարօտեալը զօրաւորին վրայ հեղինակութիւն չունի, այսպիսի պարագայի մը ցուցաբերուած հաւատարիմ սէրը, սիրայօժար կերպով կը ցուցաբերուի, եւ ո՛չ թէ ստիպմամբ։
5. (ա) Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն ո՞ր յատկանիշները աչքառու են իր Խօսքին մէջ։ (բ) Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն ո՞ր արտայայտութիւնները նկատի պիտի առնենք։
5 «Ո՞վ է իմաստուն», հարցուց սաղմոսերգուն։ «Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները [«հաւատարիմ սիրոյ արարքները», ՆԱ] պիտի հասկնայ»։ (Սաղմոս 107։43) Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն արդիւնքը կրնայ ազատագրութիւն եւ պահպանում ըլլալ։ (Սաղմոս 6։4. 119։88, 159) Անիկա պաշտպանութիւն է, եւ՝ նեղութիւններէ հանգստացնող կենսական ազդակ մը։ (Սաղմոս 31։16, 21. 40։11. 143։12) Այս յատկութեան պատճառաւ, մեղքէն ապաքինիլը կարելի է։ (Սաղմոս 25։7) Կարգ մը սուրբ գրային պատմութիւններ վերաքաղ ընելով եւ Աստուածաշունչի համարներ աչքէ անցընելով, պիտի տեսնենք թէ Եհովայի հաւատարիմ սէրը (1) ցուցաբերուած է մասնայատուկ արարքներով եւ (2) իր հաւատարիմ ծառաները անոր փորձառութիւնը ունեցած են։
Ազատագրում՝ Հաւատարիմ Սիրոյ Արտայայտութիւն մը
6, 7. (ա) Եհովա իր հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս մեծցուց Ղովտի պարագային։ (բ) Ղովտ ե՞րբ Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն ակնարկեց։
6 Թերեւս Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն տարողութիւնը որոշելու լաւագոյն կերպը, այս յատկութեան հետ առնչուող սուրբ գրային դրուագները քննելն է։ Ծննդոց 14։1-16–ի մէջ, կը տեսնենք թէ Աբրահամի զարմիկը Ղովտ, թշնամի զօրքերու կողմէ գերի տարուեցաւ։ Սակայն, Աբրահամ Ղովտը ազատագրեց։ Ղովտի կեանքը դարձեալ վտանգի տակ էր, երբ Եհովա վճռեց ամբարիշտ Սոդոմ քաղաքը կործանել, ուր կը բնակէին Ղովտն ու իր ընտանիքը։—Ծննդոց 18։20-22. 19։12, 13
7 Սոդոմի կործանումէն քիչ առաջ, Եհովայի հրեշտակները Ղովտն ու իր ընտանիքը քաղաքէն դուրս հանեցին։ Այդ ժամանակ, Ղովտ ըսաւ. «Ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ ու իմ կեանքս ազատելով ինծի մեծ բարիք ըրիր [«հաւատարիմ սէրդ մեծցուցիր», ՆԱ]»։ (Ծննդոց 19։16, 19) Այս խօսքերով Ղովտ գիտակցեցաւ թէ Եհովա բացառիկ հաւատարիմ սէր ցուցաբերած էր՝ զինք ազատագրելով։ Այս պարագային, Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը արտայայտուեցաւ ազատագրութեամբ եւ պահպանումով։—Բ. Պետրոս 2։7
Եհովայի Հաւատարիմ Սէրը եւ Իր Առաջնորդութիւնը
8, 9. (ա) Աբրահամի ծառային յանձնարարութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Ծառան ինչո՞ւ աղօթեց Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն համար, եւ մինչ ան կ’աղօթէր ի՞նչ պատահեցաւ։
8 Ծննդոց 24–րդ գլուխին մէջ, կը կարդանք Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն ուրիշ մէկ արտայայտութեան մասին։ Արձանագրութիւնը կը յիշէ թէ Աբրահամ իր ծառային յանձնարարեց որ Աբրահամի ազգականներուն երկիրը երթայ, իր Իսահակ որդիին համար կին մը գտնելու համար։ (Համար 2-4) Առաքելութիւնը դժուար էր, սակայն ծառան վստահ էր որ Եհովայի հրեշտակը զինք պիտի առաջնորդէր։ (Ծն. 24 Համար 7) Ի վերջոյ, ծառան «Նաքովրի քաղաք»ին (Խառան կամ անոր մօտ շրջան մը) դուրսը գտնուող հորը հասաւ, ճիշդ այն ժամանակ, երբ կիները կը մօտենային հորէն ջուր քաշելու համար։ (Ծն. 24 Համար 10, 11) Երբ տեսաւ որ կիները կը մօտենան, գիտցաւ թէ իր առաքելութեան ճակատագրական պահը հասած էր։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնար շիտակ կինը ընտրել։
9 Գիտակցելով որ աստուածային օգնութեան կարիքը ունէր, Աբրահամի ծառան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ [«հաւատարիմ սէր ցուցաբերէ», ՆԱ]»։ (Ծն. 24 Համար 12) Եհովա իր հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս պիտի արտայայտէր։ Ծառան մասնայատուկ նշան մը խնդրեց, որով կարենար բնորոշել Աստուծոյ ընտրած երիտասարդուհին։ (Ծն. 24 Համար 13, 14) Կիներէն մէկը ըրաւ ճի՛շդ այն բանը, զոր ան Եհովայէ խնդրած էր։ Կարծես երիտասարդուհին ծառային աղօթքը լսած ըլլար։ (Ծն. 24 Համար 15-20) Ապշած, ծառան անոր կը նայէր ‘զարմանքով’։ Տակաւին, կարգ մը կենսական իրողութիւններ պէտք էր պարզուէին։ Այս գեղեցիկ տեսքով կինը Աբրահամի ազգականներէն մէ՞կն էր։ Ան տակաւին ամուրի՞ էր։ Ուստի ծառան «լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ»։—Ծն. 24 Համար 16, 21
10. Աբրահամի ծառան ինչո՞ւ եզրակացուց թէ Եհովա իր տիրոջ հանդէպ հաւատարիմ սէր արտայայտած էր։
10 Անկէ քիչ ետք, երիտասարդուհին ինքզինք ճանչցուց որպէս ‘Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկը, որ Մեղքա [Աբրահամի եղբօր] Նաքովրին ծնաւ’։ (Ծննդոց 11։26. 24։24) Այդ պահուն ծառան անդրադարձաւ որ Եհովա իր աղօթքին պատասխանած էր։ Ոգեւորուած, ան ծունկի գալով ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն [«հաւատարիմ սէրէն», ՆԱ] ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։ (Ծն. 24 Համար 27) Առաջնորդութիւն հայթայթելով, Աստուած այս ծառային տիրոջ՝ Աբրահամի՝ հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց։
Աստուծոյ Հաւատարիմ Սէրը Հանգստութիւն եւ Պաշտպանութիւն կու Տայ
11, 12. (ա) Ի՞նչ փորձութիւններու ընթացքին Յովսէփ Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն փորձառութիւնը ունեցաւ։ (բ) Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս արտայայտուեցաւ Յովսէփի պարագային։
11 Այժմ նկատի առնենք Ծննդոց 39–րդ գլուխը։ Անիկա կը կեդրոնանայ Աբրահամի թոռնորդիին՝ Յովսէփի վրայ, որ Եգիպտոսի մէջ որպէս գերի ծախուած էր։ Այսուհանդերձ, «Տէրը Յովսէփին հետ էր»։ (Ծն. 39 Համար 1, 2) Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ Յովսէփի Եգիպտացի տէրը՝ Պետափրէս, եզրակացուց թէ Եհովա Յովսէփի հետ էր։ (Ծն. 39 Համար 3) Սակայն, Յովսէփ շատ լուրջ փորձութիւն մը դիմագրաւեց։ Ան սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ որ փորձած էր Պետափրէսի կինը բռնաբարել, եւ բանտարկուեցաւ։ (Ծն. 39 Համար 7-20) «Գուբ»ին մէջ էր որ «անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ»։—Ծննդոց 40։15. Սաղմոս 105։18
12 Ի՞նչ պատահեցաւ այդ խիստ փորձութեան ժամանակաշրջանին։ «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն [«հաւատարիմ սէր», ՆԱ] ցուցուց անոր»։ (Ծն. 39 Համար 21ա) Հաւատարիմ սիրոյ մասնայատուկ արարք մը ճամբան բացաւ շարք մը դէպքերու, որոնք հետագային Յովսէփը հանգստացուցին իր խնդիրներէն։ Եհովա «բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ» Յովսէփի։ (Ծն. 39 Համար 21բ) Հետեւաբար, այս պաշտօնեան Յովսէփը պատասխանատու դիրքի մը վրայ դրաւ։ (Ծն. 39 Համար 22) Ետքը, Յովսէփ հանդիպեցաւ այն մարդուն, որ ի վերջոյ զինք Եգիպտոսի կառավարիչին՝ Փարաւոնի ուշադրութեան յանձնեց։ (Ծննդոց 40։1-4, 9-15. 41։9-14) Իր կարգին, թագաւորը Յովսէփին դիրքը բարձրացնելով, զինք Եգիպտոսի երկրորդ կառավարիչը ըրաւ, ինչ որ առաջնորդեց որ ան կենարար գործ մը կատարէ Եգիպտոսի սովահար երկրին մէջ։ (Ծննդոց 41։37-55) Յովսէփի տառապանքը սկսաւ երբ ան 17 տարեկան էր եւ աւելի քան տասներկու տարի տեւեց։ (Ծննդոց 37։2, 4. 41։46) Սակայն, նեղութեան ու տառապանքի այդ բոլոր տարիներու ընթացքին, Եհովա Յովսէփի հանդէպ իր հաւատարիմ սէրը ցուցաբերեց, զինք կործանիչ աղէտէ պաշտպանելով եւ զինք պահպանելով աստուածային նպատակին մէջ առանձնաշնորհեալ դեր մը կատարելու համար։
Աստուծոյ Հաւատարիմ Սէրը Երբեք Չ’իյնար
13. (ա) Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն ո՞ր արտայայտութիւնները կը գտնուին 136–րդ Սաղմոսին մէջ։ (բ) Հաւատարիմ սէրը իրապէս ի՞նչ է։
13 Եհովա իր հաւատարիմ սէրը կրկին անգամ արտայայտեց Իսրայելացիներուն հանդէպ որպէս ժողովուրդ։ Սաղմոս 136–ը կ’ըսէ թէ իր հաւատարիմ սիրոյն շնորհիւ, զիրենք ազատագրեց (Սաղ. 136 Համար 10-15), առաջնորդեց (Սաղ. 136 Համար 16), եւ պաշտպանեց։ (Սաղ. 136 Համար 17-20) Աստուած իր հաւատարիմ սէրը նաեւ ցուցաբերեց անհատներու հանդէպ։ Իր ընկեր արարածներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերող անհատ մը, ասիկա կ’ընէ սիրայօժար արարքներով, որոնց նպատակը կենսական կարիք մը լեցնել է։ Հաւատարիմ սիրոյ նկատմամբ, Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Անիկա կեանք պահպանող կամ անոր նպաստող արարք մըն է։ Անիկա դժբախտութիւն կամ տառապանք դիմագրաւող անհատի մը ի նպաստ եղած միջամտութիւն է»։ Ուսումնական մը զայն կը նկարագրէ որպէս «գործնականապէս արտայայտուած սէր»։
14, 15. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Ղովտ Աստուծոյ ընդունելի ծառայ մըն էր։
14 Մեր քննած Ծննդոցի արձանագրութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովա երբեք չի թերանար զինք սիրողներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերելու մէջ։ Ղովտ, Աբրահամ եւ Յովսէփ տարբեր պարագաներու ներքեւ ապրեցան եւ բոլորովին տարբեր փորձութիւններ դիմագրաւեցին։ Անոնք անկատար մարդիկ էին, սակայն, Եհովայի ընդունելի ծառաներ էին եւ աստուածային օգնութեան կարիքը ունէին։ Կրնանք մխիթարուիլ, գիտնալով թէ մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը այսպիսի անհատներու հանդէպ հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ։
15 Ղովտ անխոհեմ որոշումներ տուաւ, որոնք դժուարութիւններու առաջնորդեցին։ (Ծննդոց 13։12, 13. 14։11, 12) Այսուհանդերձ, ան գովելի յատկութիւններ ալ ցուցաբերեց։ Երբ Աստուծոյ կողմէ երկու հրեշտակներ Սոդոմ եկան, Ղովտ զանոնք հիւրասիրեց։ (Ծննդոց 19։1-3) Հաւատքով իր փեսաները ազդարարեց Սոդոմի մօտալուտ կործանումին մասին։ (Ծննդոց 19։14) Ղովտի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը կը գտնուի Բ. Պետրոս 2։7-9–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «[Եհովա] ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը. Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։ Այո, Ղովտ արդար մարդ մըն էր, եւ հոս գործածուած լեզուն ցոյց կու տայ թէ ան բարեպաշտ անձ մըն էր։ Իրեն նման, Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը կը վայելենք, մինչ ‘սուրբ վարմունք ու բարեպաշտութիւն’ կը ցուցաբերենք։—Բ. Պետրոս 3։11, 12
16. Աստուածաշունչը Աբրահամի ու Յովսէփի մասին խօսելու ատեն ի՞նչ նպաստաւոր արտայայտութիւններ կը գործածէ։
16 Ծննդոց 24–րդ գլուխին արձանագրութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ Եհովայի հետ Աբրահամի սերտ յարաբերութիւնը։ Առաջին համարը կ’ըսէ թէ «Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը»։ Աբրահամի ծառան Եհովան կոչեց՝ «իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը»։ (Ծն. 24 Համար 12, 27) Իսկ Յակոբոս աշակերտ ըսաւ թէ Աբրահամ «արդարացաւ» եւ «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ (Յակոբու 2։21-23) Նոյնը կրնայ ըսուիլ Յովսէփի մասին։ Եհովայի եւ Յովսէփի միջեւ սերտ յարաբերութիւնը ընդգծուած է ամբողջ Ծննդոց 39–րդ գլուխին մէջ։ (Ծն. 39 Համար 2, 3, 21, 23) Ասկէ զատ, Յովսէփի մասին խօսելով, Ստեփանոս աշակերտ ըսաւ. «Աստուած անոր հետ էր»։—Գործք 7։9
17. Ղովտի, Աբրահամի եւ Յովսէփի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
17 Վերոյիշեալ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը վայելողները, Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունեցող անհատներ էին եւ զանազան կերպերով աստուածային նպատակին ծառայեցին։ Անոնք խոչընդոտներ դիմագրաւեցին, զորս չէին կրնար անձամբ յաղթահարել։ Ղովտի կեանքը, Աբրահամի շառաւիղին շարունակութիւնը, եւ Յովսէփի դերին պահպանումը վտանգի տակ էին։ Միայն Եհովան կրնար այս բարեպաշտ մարդոց կարիքները լեցնել, եւ ճիշդ այս է որ ըրաւ հաւատարիմ սիրոյ արարքներով։ Եթէ կ’ուզենք Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը յաւիտեան վայելել, մենք ալ պէտք է սերտ յարաբերութիւն մը ունենանք իր հետ եւ շարունակենք իր կամքը կատարել։—Եզրասայ 7։28. Սաղմոս 18։50
Աստուծոյ Ծառաները Իր Հաճութիւնը Ունին
18. Աստուածաշունչի զանազան համարներ Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն մասին ի՞նչ ցոյց կու տան։
18 Եհովայի հաւատարիմ սէրը ‘երկիրը լեցուցած է’, եւ Աստուծոյ այս յատկութիւնը որքա՜ն կը գնահատենք։ (Սաղմոս 119։64) Ամբողջ սրտով կ’ընդառաջենք սաղմոսերգուին յանկերգին. «Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը [«հաւատարիմ սիրոյն», ՆԱ] համար, իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ»։ (Սաղմոս 107։8, 15, 21, 31) Կ’ուրախանանք որ Եհովա իր հաւատարիմ սէրը կը ցուցաբերէ իր ընդունելի ծառաներուն հանդէպ, անհատապէս թէ խմբովին։ Դանիէլ մարգարէն աղօթքի մէջ Եհովայի ըսաւ՝ «Մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] կը պահես»։ (Դանիէլ 9։4) Դաւիթ Թագաւոր աղօթեց. «Քու ողորմութիւնդ [«հաւատարիմ սէրդ», ՆԱ] քեզ ճանչցողներուն շարունակէ»։ (Սաղմոս 36։10) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր կ’արտայայտէ։—Գ. Թագաւորաց 8։23. Ա. Մնացորդաց 17։13
19. Յաջորդ յօդուածին մէջ, ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։
19 Իրապէս, Եհովայի ժողովուրդը ըլլալով իր հաճութիւնը ունինք։ Մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած սէրէն օգտուելէ զատ, մասնայատուկ օրհնութիւններ կը վայելենք մեր երկնաւոր Հօր հաւատարիմ սիրոյն շնորհիւ։ (Յովհաննու 3։16) Մանաւանդ նեղութեան ժամանակ կ’օգտուինք Եհովայի այս թանկարժէք յատկութենէն։ (Սաղմոս 36։7) Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը ընդօրինակել։ Անհատապէս կը ցուցաբերե՞նք այս արտակարգ յատկութիւնը։ Այս եւ յարակից հարցումներ նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 1 Եբրայերէն այս բառը Հայերէն Աստուածաշունչին մէջ գլխաւորաբար թարգմանուած է որպէս «ողորմութիւն», «գթութիւն» եւ «բարերարութիւն», մինչ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը զայն միշտ կը թարգմանէ որպէս «հաւատարիմ սէր»։
Կը յիշէ՞ք
• «Հաւատարիմ սէր» թարգմանուած Եբրայերէն բառին մասին ի՞նչ սորվեցանք։
• Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս տարբեր է սէրէն ու հաւատարմութենէն։
• Եհովա ի՞նչ կերպերով հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց Ղովտի, Աբրահամի եւ Յովսէփի հանդէպ։
• Եհովայի հաւատարիմ սիրոյ անցեալի արտայայտութիւնները ի՞նչ երաշխիք կու տան մեզի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 11]
Իր հաւատարիմ սիրոյն շնորհիւ, Եհովա Աբրահամի ծառան առաջնորդեց
[Նկար՝ էջ 13]
Գիտէ՞ք թէ Աստուած Ղովտի հանդէպ ի՛նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց
[Նկարներ՝ էջ 14]
Եհովա հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց՝ Յովսէփը պաշտպանելով