Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը մահուան նկատմամբ
Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը մահուան նկատմամբ
ՄԱՀԸ մեզի կը սպառնայ ամէն ատեն, հոգ չէ թէ ո՛րքան առողջ կամ հարուստ ենք։ Ան թերեւս հարուածէ երբ յաջորդ անգամ ճամբայ կտրենք կամ քնանանք։ Աղէտներ, ինչպէս՝ 11 Սեպտեմբեր 2001–ին, Նիւ Եորք Սիթիի եւ Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ եղած ահաբեկչական յարձակումները, մեզ դէմ յանդիման կը բերեն այն իրողութեան հետ թէ «վերջին թշնամի»ն՝ մահը՝ իր զոհերը կը խլէ ամէն մակարդակի եւ տարիքի պատկանող խումբերէ, երբեմն հազարաւորներ խլելով քանի մը վայրկեանի մէջ։—Ա. Կորնթացիս 15։26
Այսուհանդերձ, կը թուի թէ մահը մարդիկը կը հրապուրէ։ Կ’երեւայ թէ ոչ մէկ բան օրաթերթերու վաճառման ա՛յդքան կը նպաստէ կամ ա՛յսքան շատ մարդիկ հեռատեսիլի պաստառին առջեւ կը հաւաքէ, որքան մահուան մասին տեղեկագրութիւնները, յատկապէս՝ մեծ թիւով անհատներու մահը սարսափելի պայմաններու մէջ։ Այնպէս կը թուի թէ պատերազմի, բնական աղէտի, ոճիրի կամ հիւանդութեան պատճառով եղած մահերու տեղեկագրութիւններով մարդիկ չեն յագենար։ Մահուամբ չափազանց հրապուրուիլը շատ շփոթեցուցիչ կերպով կ’արտայայտուի այն բուռն զգացումներով, որոնք կը յայտնաբերուին երբ հանրածանօթ ու ժողովրդականութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ մահանան։
Այս բոլորը անուրանալի են։ Ուրիշներու մահը կը շարունակէ հրապուրել մարդիկը։ Սակայն, երբ կարգը իրենց գայ, անոնք կը սարսափին անոր մասին մտածելէ։ Մեր անձնական մահը նիւթ մըն է, որուն մասին շատերս չենք ուզեր մտածել։
Մահը Ձեզ Շփոթութեան կը Մատնէ՞
Մեր անձնական մահուան մասին խորհիլը միշտ անախորժելի է եւ միշտ ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուած մեր մէջ յաւիտեան ապրելու զօրաւոր փափաքը ներմուծած է։ «Անիկա . . . մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ», կ’ըսէ Ժողովողի 3։11–ը։ Հետեւաբար, մահուան անխուսափելի ըլլալը, մարդոց մէջ ներքին պայքար մը, մնայուն աններդաշնակութիւն մը, ստեղծած է։ Այս ներքին պայքարին լուծում մը գտնելու եւ յարատեւաբար ապրելու բնական տենչը գոհացնելու համար, մարդիկ ամէն տեսակ հաւատալիքներ հիւսած են, հոգիի անմահութենէն սկսեալ մինչեւ հոգեփոխութիւն։
Ամէն պարագայի, մահը խռովեցուցիչ, սարսափազդու պատահար մըն է, եւ մարդիկ ամէնուրեք մահէն կը վախնան։ Հետեւաբար, պէտք չէ զարմանանք որ մարդկային ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ մահը վախազդու հեռանկար մը կը նկատէ։ Ամէն բանէ առաջ, մահը հարստութիւն ու հեղինակութիւն հետապնդելու նուիրուած կեանքի մը բոլորովին ունայն ըլլալը կը քօղազերծէ։
Մեկուսացա՞ծ Մահանալ
Անցեալին, մահացու հիւանդութեամբ բռնուած կամ ծանրօրէն վիրաւորուած անհատի մը սովորաբար կը թոյլատրուէր որ իր տան ծանօթ ու սիրելի շրջապատին մէջ փակէր իր աչքերը։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, յաճախ այս էր Ծննդոց 49։1, 2, 33) Այսպիսի պարագաներու մէջ, ընտանիքի անդամները իրարու քով կը հաւաքուին, եւ խօսակցութեան մէջ երախաներն ալ կը պարփակուին։ Ասիկա իւրաքանչիւրին այն զգացումը կու տայ թէ ինք առանձին չի սգար, նաեւ պատասխանատուութեան ու սուգի մասնակից ըլլալու մխիթարութիւնը կը հայթայթէ։
պարագան, եւ տակաւին նոյնն է կարգ մը մշակոյթներու մէջ։ (Ասիկա ուղղակի հակառակն է այն բանին որ տեղի կ’ունենայ հաւաքականութեան մը մէջ, ուր մահուան նիւթը ընելը արգիլուած է, յոռետեսութիւն նկատուած է, եւ ուր երախաներու մասնակցութիւնը ընդունելի չէ, ենթադրելով թէ ասիկա իրենց վրայ զգացականօրէն «ծանր» կը կշռէ։ Այս օրերուս մեռնիլը շատ մը կերպերով տարբեր է, եւ յաճախ անիկա աւելի մենակեաց է։ Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ իր տան մէջ մահանալ, խաղաղութեամբ եւ սիրելիներով շրջապատուած, սակայն շատերու համար դառն իրականութիւնը այն է թէ անոնք կը մահանան հիւանդանոցի մը մէջ, սովորաբար մեկուսացուած եւ ցաւերով, գերարուեստագիտական վախազդու գործիքներու կցուած։ Միւս կողմէ, միլիոնաւորներ կը մեռնին որպէս անծանօթներ, ինչպէս՝ ցեղասպանութեան, սովի, ԷՅՏԾ–ի, քաղաքացիական պատերազմի կամ չափազանց աղքատութեան անորոշ զոհերը։
Խոկալու Արժանի Նիւթ մը
Աստուածաշունչը մահուան մասին խորհրդածելը կը քաջալերէ։ Իրականութեան մէջ, Ժողովողի 7։2–ը մեզի կ’ըսէ. «Սուգի տուն երթալը կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է»։ Երբ մահուան իրողութեան հետ դէմ յանդիման գանք, կրնանք մեր առօրեայ մտահոգութիւններէն կամ գործունէութիւններէն մեր ուշադրութիւնը շեղել, եւ կեանքի կարճատեւութեան վրայ կեդրոնանալ։ Ասիկա մեզի կրնայ օգնել որ մեր կեանքը աւելի իմաստալից կերպով ապրինք, փոխանակ աննպատակ կեանք մը վարելու կամ զայն վատնելու։
Ի՞նչ է մահուան նկատմամբ ձեր տեսակէտը։ Ձեր կեանքի վախճանին մասին ձեր զգացումները, հաւատալիքները, յոյսերն ու վախերը քննա՞ծ էք։
Ինչպէս որ է պարագան կեանքի բնոյթին, մահուան բնոյթը բացատրելը եւ ըմբռնելը մարդուն կարողութենէն վեր է։ Այս հարցին շուրջ խօսելու վստահելի հեղինակութիւն ունեցող միակ անձը մեր Ստեղծիչն է։ «Կեանքի աղբիւրը» իր քովն է, եւ «մահուանէն ազատողը» ինքն է։ (Սաղմոս 36։9. 68։20) Որքան ալ զարմանալի թուի, Աստուծոյ Խօսքին լոյսին ներքեւ մահուան մասին կարգ մը ժողովրդական հաւատալիքներ քննելը, թէ՛ մխիթարական եւ թէ թարմացուցիչ պիտի ըլլայ։ Անիկա երեւան պիտի հանէ թէ մահը անպայմանօրէն ամէն բանի վերջաւորութիւնը չէ։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Մահուան հաւանականութիւնը մեզի կ’օգնէ մեր կեանքը աւելի իմաստալից կերպով ապրելու