Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Իմաստութի՞ւն է որ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը եկեղեցիին մէջ կատարուող յուղարկաւորութեան կամ հարսանիքի մը ներկայ գտնուի։

Սուտ կրօնքի որեւէ երեսակի մասնակցիլը Եհովայի հաճելի չէ եւ պէտք է անկէ խուսափիլ։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-17. Յայտնութիւն 18։4) Եկեղեցական յուղարկաւորութիւնը կրօնական ծառայութիւն մըն է, որ հաւանաբար կը պարփակէ քարոզ մը, ջատագովելով հակա–սուրբ գրային գաղափարներ, ինչպէս՝ հոգիի անմահութիւնը եւ բոլոր բարի մարդոց համար երկնային վարձատրութիւն մը։ Անիկա կրնայ նաեւ պարփակել սովորութիւններ, ինչպէս՝ խաչակնքել եւ քահանային մատուցած աղօթքին մասնակցիլ։ Աղօթքներ եւ Աստուածաշունչի ուսուցումին հակառակ եղող կրօնական այլ արարքներ ալ կրնան մաս կազմել եկեղեցիին մէջ կամ այլուր տեղի ունեցող կրօնական հարսանեկան արարողութեան։ Խումբի մը մէջ ըլլալով, ուր ամէն ոք սուտ կրօնքի մէկ արարքին կը մասնակցի, Քրիստոնեայ մը մասնակցելու ճնշումին դէմ դնելը կրնայ դժուար գտնել։ Որքա՜ն անխոհեմութիւն է մեր անձը այսպիսի ճնշումի մը ներքեւ դնել։

Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Քրիստոնեայ մը պարտաւոր կը զգայ ներկայ գտնուելու եկեղեցիին մէջ կատարուող յուղարկաւորութեան կամ հարսանիքի մը։ Օրինակ, անհաւատ ամուսին մը կրնայ իր Քրիստոնեայ կինը ստիպել որ այս առիթով իրեն հետ ներկայ գտնուի։ Ան կրնա՞յ իր ամուսնոյն ընկերակցիլ որպէս լուռ դիտող մը։ Յարգելով իր ամուսնոյն փափաքը, կինը կրնայ որոշել անոր հետ երթալ, վճռած ըլլալով որ ո՛չ մէկ կրօնական արարողութեան պիտի մասնակցի։ Միւս կողմէ, ան կրնայ որոշել չերթալ, մտածելով թէ պարագաներուն զգացական ճնշումը կրնայ իրեն համար անտանելի ըլլալ, թերեւս պատճառ ըլլալով որ աստուածային սկզբունքներու մէջ զիջումներ ընէ։ Որոշումը իրեն կ’իյնայ։ Վստահաբար ան պիտի ուզէ իր սրտին մէջ հաստատ կենալ, մաքուր խղճմտանք մը ունենալով։—Ա. Տիմոթէոս 1։19

Ամէն պարագայի, իրեն համար աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ իր ամուսնոյն բացատրել թէ ինք խղճմտօրէն չի կրնար մասնակցիլ որեւէ կրօնական արարողութեան կամ շարականի, ո՛չ ալ կրնայ որեւէ կերպով մասնակցութիւն բերել երբ աղօթք կը մատուցանուի։ Կնոջ տուած բացատրութեան հիման վրայ, ամուսինը կրնայ եզրակացնել թէ իր կնոջ ներկայութիւնը կրնայ իրեն համար անհաճելի կացութիւն մը պատճառել։ Թերեւս ան ընտրէ առանձին երթալ, իր կնոջ հանդէպ սէրէ մղուած, առ ի յարգանք անոր հաւատալիքներուն, կամ նեղ կացութեան մը մատնուելու առաջքը առնելու համար։ Սակայն եթէ ան պնդէ որ կինը իր հետ երթայ, ան կրնայ երթալ պարզապէս որպէս դիտող մը։

Պէտք չէ անտեսուի այն ազդեցութիւնը որ կրօնական կառոյցի մը մէջ արարողութեան մը ներկայ գտնուիլը կրնայ ունենալ հաւատակիցներուն վրայ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ասիկա ոմանց խղճմտանքին վնաս հասցնէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կռապաշտութեան չմասնակցելու անոնց դիմադրութիւնը տկարանայ։ «Լաւ [«աւելի կարեւոր», ՆԱ] բաները ընտր[եց]էք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք»։—Փիլիպպեցիս 1։10

Եթէ պարագան մօտիկ ազգականի մը մահն է, թերեւս ընտանեկան յաւելեալ ճնշումներ ըլլան։ Ամէն պարագայի, Քրիստոնեան պէտք է պարփակուած բոլոր ազդակները ուշադրութեամբ կշռէ։ Որոշ պարագաներու ներքեւ ան կրնայ եզրակացնել թէ որպէս դիտող եկեղեցական յուղարկաւորութեան կամ հարսանիքի մը ներկայ գտնուիլը դժուարութիւններ չի յարուցաներ։ Սակայն, պարագաներու բերմամբ, անհատին ներկայ գտնուելով իր կամ ուրիշներու խղճին հասած վնասը, ներկայ գտնուելուն հաւանական օգուտներէն աւելի կրնայ ըլլալ։ Պարագան ինչ որ ալ ըլլայ, Քրիստոնեան պէտք է վստահ ըլլայ թէ իր որոշումը Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ բարի խղճմտանք մը պահպանելուն արգելք պիտի չհանդիսանայ։