Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցէք կարիքաւորներուն հանդէպ

Հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցէք կարիքաւորներուն հանդէպ

Հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցէք կարիքաւորներուն հանդէպ

‘Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն թող ընէ [«հաւատարիմ սէր թող ցուցաբերէ», ՆԱ]’։—ԶԱՔԱՐԵԱՅ 7։9

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ հաւատարիմ սէր պէտք է ցուցաբերենք։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը մեզ կը յորդորէ «հաւատարիմ սէրը» սիրել։ (Միքիայ 6։8, ՆԱ, ստորանիշ) Անիկա նաեւ պատճառներ կու տայ թէ ինչո՛ւ պէտք է սիրենք զայն։ Պատճառներէն մէկը այն է որ «ողորմած [«հաւատարիմ սէր ունեցող», ՆԱ] մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ»։ (Առակաց 11։17) Ասիկա որքա՜ն ճշմարիտ է։ Հաւատարիմ սէր ցուցաբերելը, ուրիշներու հետ ջերմ ու մնայուն կապեր կը հաստատէ։ Որպէս արդիւնք, հաւատարիմ բարեկամներ պիտի ունենանք. իրապէս թանկարժէք վարձատրութիւն մը։—Առակաց 18։24

2 Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Արդարութեան ու ողորմածութեան [«հաւատարիմ սիրոյ», ՆԱ] հետեւողը կեանք . . . պիտի գտնէ»։ (Առակաց 21։21) Այո, հաւատարիմ սէր հետապնդելը մեզ Աստուծոյ սիրելի կը դարձնէ եւ ապագայ օրհնութիւններ վայելելու պատեհութիւնը կու տայ, ի ներառեալ յաւիտենական կեանք։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք հաւատարիմ սէր ցուցաբերել։ Որո՞ւ հանդէպ պէտք է ցուցաբերենք զայն։ Իսկ հաւատարիմ սէրը մարդասիրութենէն կամ սովորական ազնուութենէն տարբե՞ր է։

Մարդասիրութիւն եւ Հաւատարիմ Սէր

3. Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս կը տարբերի մարդասիրութենէն։

3 Մարդասիրութիւնը եւ հաւատարիմ սէրը զանազան կերպերով կը տարբերին իրարմէ։ Օրինակ, մարդասիրութիւն ցուցաբերողները յաճախ ասիկա կ’ընեն առանց սերտ ու անձնական մտերմութիւն կամ յարաբերութիւն ունենալու այն անհատներուն հետ, որոնց հետ մարդասիրութեամբ կը վարուին։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ, մարդոց միջեւ հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութիւններ կրնան հիմնուած ըլլալ արդէն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու վրայ։ (Ծննդոց 20։13. Բ. Թագաւորաց 3։8. 16։17) Կամ ալ կրնան հիմնուած ըլլալ հաւատարիմ սիրոյ նախորդ արարքներէ ծագում առած յարաբերութիւններու վրայ։ (Յեսուայ 2։1, 12-14. Ա. Թագաւորաց 15։6. Բ. Թագաւորաց 10։1, 2) Այս տարբերութիւնը բացատրելու համար, մարդոց միջեւ արտայայտուած մարդասիրութեան եւ հաւատարիմ սիրոյ սուրբ գրային երկու օրինակներ բաղդատենք։

4, 5. Հոս յիշուած սուրբ գրային երկու օրինակները ի՞նչպէս ցոյց կու տան մարդասիրութեան եւ հաւատարիմ սիրոյ միջեւ եղող տարբերութիւնը։

4 Մարդասիրութեան մասին օրինակ մը կապ ունի նաւակոծութեան հանդիպած խումբ մը մարդոց հետ, ի ներառեալ Պօղոս առաքեալը։ Ալիքները զանոնք Մալթա կղզիին ափը քշած էին։ (Գործք 27։37–28։1) Թէեւ Մալթացիները այս անօգնական ճամբորդներուն հանդէպ որեւէ յանձնառութիւն չունէին, ո՛չ ալ անոնց հետ յարաբերութիւն մը ունէին, սակայն հիւրասիրեցին այս օտարները, անոնց «քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին»։ (Գործք 28։1, 2, 7) Անոնց հիւրասիրութիւնը ազնիւ արարք մըն էր, սակայն, պատահական եւ օտարներու հանդէպ ցուցաբերուած։ Հետեւաբար, ասիկա մարդասիրութիւն էր։

5 Միւս կողմէ, նկատի առէք իր բարեկամին՝ Յովնաթանի՝ որդւոյն Մեմփիբոսթէի հանդէպ Դաւիթի ցուցաբերած հիւրասիրութիւնը։ Դաւիթ Մեմփիբոսթէի ըսաւ. «Դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։ Բացատրելով թէ այս կարգադրութիւնը ինչո՛ւ կ’ընէր, Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ [«հաւատարիմ սէր պիտի ցուցաբերեմ», ՆԱ]»։ (Բ. Թագաւորաց 9։6, 7, 13) Դաւիթի հաստատ հիւրասիրութեան իրաւացիօրէն ակնարկուած է որպէս հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութիւն մը եւ ո՛չ թէ պարզապէս ազնուութիւն, քանի որ անիկա հաստատուած յարաբերութեան մը հանդէպ իր հաւատարմութեան ապացոյցն էր։ (Ա. Թագաւորաց 18։3. 20։15, 42) Նմանապէս ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները մարդասիրութիւն կը ցուցաբերեն ընդհանուր մարդկութեան հանդէպ։ Սակայն մնայուն հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերեն անոնց հանդէպ, որոնց հետ կը վայելեն յարաբերութիւն մը որ Աստուծոյ հաւանութիւնը ունի։—Մատթէոս 5։45. Գաղատացիս 6։10

6. Աստուծոյ Խօսքին մէջ մարդոց միջեւ ցուցաբերուած հաւատարիմ սիրոյ ո՞ր յատկանիշները աչքառու են։

6 Հաւատարիմ սիրոյ յաւելեալ յատկանիշներ բնորոշելու համար, հակիրճօրէն նկատի պիտի առնենք սուրբ գրային երեք դրուագներ, որոնք այս յատկութիւնը ցցուն կը դարձնեն։ Անոնցմէ պիտի եզրակացնենք թէ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած հաւատարիմ սէրը (1) մասնայատուկ արարքներով կ’արտայայտուի, (2) յօժարակամօրէն կը ցուցաբերուի, եւ (3) յատկապէս կարիքաւորներուն հանդէպ ցոյց կը տրուի։ Ասկէ աւելի, այս դրուագները ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնանք հաւատարիմ սէր ի գործ դնել ներկայիս։

Հայր մը Հաւատարիմ Սէր Ցոյց կու Տայ

7. Աբրահամի ծառան ի՞նչ ըսաւ Բաթուէլի ու Լաբանի, եւ ան ի՞նչ հարց յարուց։

7 Ծննդոց 24։28-67 կը տեղեկագրէ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Աբրահամի ծառային մնացեալ պատմութիւնը։ Ռեբեկայի ծանօթանալէ ետք, ան հրաւիրուեցաւ անոր հօր՝ Բաթուէլի տունը։ (Ծն. 24 Համար 28-32) Հոն ծառան մանրամասնօրէն պատմեց Աբրահամի որդւոյն կին մը գտնելու իր փնտռտուքին մասին։ (Ծն. 24 Համար 33-47) Ան շեշտեց թէ մինչեւ հիմա իր գտած յաջողութիւնը նշան էր Եհովայի կողմէ, «որ իմ տիրոջս եղբօրը աղջիկը իր որդիին առնելու համար զիս ուղիղ ճամբան առաջնորդեց»։ (Ծն. 24 Համար 48) Անտարակոյս, այս միջադէպը անկեղծօրէն պատմելով ծառան կը յուսար Բաթուէլն ու անոր որդին Լաբանը համոզել, թէ իր առաքելութեան ետին Եհովան կար։ Վերջապէս, ծառան ըսաւ. «Եթէ իմ տիրոջս շնորհք [«հաւատարիմ սէր պիտի ցուցաբերէք», ՆԱ] ու ճշմարտութիւն պիտի ընէք, ըսէք ինծի եւ եթէ ոչ՝ նորէն ինծի ըսէք, որ ես աջ կողմը կամ ձախ կողմը դառնամ»։—Ծն. 24 Համար 49

8. Ռեբեկայի վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ Բաթուէլի հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։

8 Եհովա արդէն հաւատարիմ սէր ցուցաբերած էր Աբրահամի հանդէպ։ (Ծննդոց 24։12, 14, 27) Բաթուէլ պիտի յօժարէ՞ր նոյնը ընել, թոյլ տալով որ Ռեբեկա Աբրահամի ծառային հետ երթար։ Աստուծոյ ցուցաբերած հաւատարիմ սիրոյն կողքին, մարդկային հաւատարիմ սէր ալ պիտի ցուցաբերուէ՞ր։ Թէ ոչ՝ ծառային երկար ճամբորդութիւնը ապարդիւն պիտի ըլլար։ Աբրահամի ծառան շատ մխիթարուած ըլլալու էր լսելով Լաբանի ու Բաթուէլի խօսքերը. «Այս բանը Տէրոջմէն է»։ (Ծն. 24 Համար 50) Անոնք հարցերուն մէջ Եհովայի մատը տեսան եւ անմիջապէս Իր որոշումը ընդունեցին։ Ետքը, Բաթուէլ իր հաւատարիմ սէրը արտայայտեց, աւելցնելով. «Ահա Ռեբեկան քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛ եւ Տէրոջը կարգադրածին պէս թող քու տիրոջդ որդիին կին ըլլայ»։ (Ծն. 24 Համար 51) Ռեբեկա յօժարութեամբ ընկերակցեցաւ Աբրահամի ծառային, եւ շատ չանցած Իսահակի սիրելի կինը եղաւ։—Ծն. 24 Համար 49, 52-58, 67

Որդիի մը Ցուցաբերած Հաւատարիմ Սէրը

9, 10. (ա) Յակոբ իր Յովսէփ որդիէն ի՞նչ խնդրեց որ ընէ իրեն համար։ (բ) Յովսէփ իր հօր հանդէպ ի՞նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց։

9 Աբրահամի թոռան Յակոբի հանդէպ ալ հաւատարիմ սէր ցուցաբերուեցաւ։ Ինչպէս Ծննդոց 47–րդ գլուխը կ’ըսէ, Յակոբ այն ատեն Եգիպտոսի մէջ կ’ապրէր, եւ իր «մեռնելու օրերը մօտեցան»։ (Ծն. 47 Համար 27-29) Ան մտահոգ էր, քանի որ պիտի մեռնէր Աստուծոյ Աբրահամի խոստացած երկրէն դուրս։ (Ծննդոց 15։18. 35։10, 12. 49։29-32) Յակոբ չէր ուզեր Եգիպտոսի մէջ թաղուիլ, ուստի կարգադրութիւններ ըրաւ որ իր դիակը Քանանի երկիրը տարուի։ Իր հեղինակաւոր որդիէն՝ Յովսէփէն՝ աւելի յարմար ո՞վ կար, որ կարենար իր փափաքը կատարել։

10 Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Յակոբ] կանչեց իր Յովսէփ որդին ու ըսաւ անոր. ‘Եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, . . . ինծի մարդասիրութիւն [«հաւատարիմ սէր ցուցաբերէ», ՆԱ] ու ճշմարտութիւն ըրէ. կ’աղաչեմ քեզի՝ զիս Եգիպտոսի մէջ մի՛ թաղեր. հապա իմ հայրերուս հետ ննջեմ ու դուն զիս Եգիպտոսէն հանէ եւ զիս անոնց գերեզմանը թաղէ’»։ (Ծննդոց 47։29, 30) Յովսէփ խոստացաւ այս խնդրանքը կատարել, եւ անկէ քիչ ետք Յակոբ մեռաւ։ Յովսէփ ու Յակոբի միւս որդիները իր դիակը «Քանանի երկիրը տարին ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ . . . ծախու առաւ»։ (Ծննդոց 50։5-8, 12-14) Այսպիսով, Յովսէփ իր հօր հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց։

Հարսի մը Ցուցաբերած Հաւատարիմ Սէրը

11, 12. (ա) Հռութ ի՞նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց Նոեմիի հանդէպ։ (բ) Հռութի հաւատարիմ սիրոյն «վերջին առիթ»ը ի՞նչպէս աւելի լաւ էր «առաջին»էն։

11 Հռութայ գիրքը կը պատմէ թէ որբեւայրի Նոեմիի հանդէպ ի՛նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերուեցաւ իր Մովաբացի հարսին՝ Հռութին կողմէ, որ նոյնպէս որբեւայրի մըն էր։ Երբ Նոեմի որոշեց Յուդայի Բեթլէհէմը վերադառնալ, Հռութ հաւատարիմ սէր եւ վճռակամութիւն ցուցաբերեց, ըսելով. «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։ (Հռութայ 1։16) Հետագային, Հռութ իր հաւատարիմ սէրը ցուցաբերեց, երբ Նոեմիի տարեց ազգականին՝ Բոոսի հետ ամուսնանալու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց։ * (Բ. Օրինաց 25։5, 6. Հռութայ 3։6-9) Ան Հռութի ըսաւ. «Քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է [«հաւատարիմ սէրդ աւելի լաւ կերպով ցուցաբերեցիր վերջին առիթին, քան՝ առաջին առիթին», ՆԱ], որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր»։—Հռութայ 3։10

12 Հռութի հաւատարիմ սիրոյն «առաջին առիթ»ը կ’ակնարկէր այն ժամանակին, երբ ան իր ժողովուրդը ձգեց եւ Նոեմիի կառչեցաւ։ (Հռութայ 1։14. 2։11) Հաւատարիմ սիրոյ «վերջին առիթ»ը՝ Բոոսի հետ ամուսնանալու Հռութի յօժարակամութիւնը, գերազանցեց նոյնիսկ այդ արարքը։ Այժմ Հռութ կարող էր ժառանգորդ մը հայթայթել Նոեմիի, որ զաւակ ծնանելու տարիքը անցուցած էր։ Ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ երբ հետագային Հռութ զաւակ ունեցաւ, Բեթլէհէմի կիները բացագանչեցին. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ»։ (Հռութայ 4։14, 17) Իրապէս Հռութ «առաքինի կին մըն» էր, զոր Եհովա վարձատրեց, անոր տալով Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը ըլլալու հոյակապ առանձնաշնորհումը։—Հռութայ 2։12. 3։11. 4։18-22. Մատթէոս 1։1, 5, 6

Արարքներով Արտայայտուած

13. Բաթուէլ, Յովսէփ եւ Հռութ ի՞նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցին։

13 Նկատի առի՞ք թէ Բաթուէլ, Յովսէփ եւ Հռութ իրենց հաւատարիմ սէրը ի՛նչպէս ցուցաբերեցին։ Անոնք ո՛չ միայն ազնիւ խօսքերով ըրին ասիկա, այլ նաեւ՝ մասնայատուկ արարքներով։ Բաթուէլ ո՛չ միայն ըսաւ՝ «Ահա՛ Ռեբեկան», այլ՝ ուղղակի ‘ղրկեց Ռեբեկան’։ (Ծննդոց 24։51, 59) Յովսէփ ո՛չ միայն ըսաւ՝ «Ես քու ըսածիդ պէս պիտի ընեմ», այլ՝ ինքն ու եղբայրները Յակոբի համար ըրին ճիշդ «ինչպէս պատուիրեր էր»։ (Ծննդոց 47։30. 50։12, 13) Հռութ ո՛չ միայն ըսաւ՝ «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ», այլ՝ իր ժողովուրդը ձգեց եւ Նոեմիի հետ գնաց, այնպէս որ «երկուքը մէկտեղ գացին, մինչեւ որ Բեթլէհէմ հասան»։ (Հռութայ 1։16, 19) Յուդայի մէջ, Հռութ դարձեալ իր «կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ»։ (Հռութայ 3։6) Այո, Հռութի հաւատարիմ սէրը, միւսներուն նման, արարքներով ցուցաբերուեցաւ։

14. (ա) Աստուծոյ այժմու ծառաները ի՞նչպէս հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան արարքներով։ (բ) Ձեր շրջանին մէջ գտնուող Քրիստոնեաները հաւատարիմ սիրոյ ի՞նչ արարքներ կը կատարեն։

14 Սրտապնդիչ է տեսնել թէ ներկայիս Աստուծոյ ծառաները ի՛նչպէս կը շարունակեն հաւատարիմ սէր ցուցաբերել իրենց արարքներով։ Օրինակ, խորհեցէք անոնց մասին որոնք յարատեւաբար զգացական աջակցութիւն կը հայթայթեն անկարող, յուսալքուած կամ վշտահար հաւատակիցներու։ (Առակաց 12։25) Կամ նկատի առէք այն բազմաթիւ Եհովայի Վկաները, որոնք հաւատարմօրէն տարեցները Թագաւորութեան Սրահ կը տանին, ժողովքի շաբաթական հանդիպումներուն ներկայ գտնուելու համար։ Աննան, որ 82 տարեկան է եւ յօդատապէ կը տառապի, շատերու զգացումը կ’արտայայտէ, ըսելով. «Բոլոր ժողովներուն ինքնաշարժով երթալ–գալը Եհովայէ օրհնութիւն մըն է։ Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրեն, այսպիսի սիրալիր եղբայրներ ու քոյրեր ինծի տալուն համար»։ Դուք ալ այսպիսի արարքներ կ’ընէ՞ք ձեր ժողովքին մէջ։ (Ա. Յովհաննու 3։17, 18) Եթէ այո, վստահ եղէք թէ ձեր հաւատարիմ սէրը խորապէս գնահատուած է։

Յօժարակամօրէն Ցուցաբերուած

15. Մեր նկատի առած Աստուածաշունչի երեք դրուագները, հաւատարիմ սիրոյ ո՞ր յատկանիշները աւելի ուշագրաւ դարձուցին։

15 Մեր նկատի առած Աստուածաշունչի դրուագները նաեւ ցոյց կու տան թէ հաւատարիմ սէրը կը ցուցաբերուի ազատօրէն եւ կամովին, ո՛չ թէ պարտադրաբար։ Բաթուէլ յօժարակամօրէն համագործակցեցաւ Աբրահամի ծառային հետ, նոյնպէս՝ Ռեբեկան։ (Ծննդոց 24։51, 58) Յովսէփ իր հաւատարիմ սէրը ցուցաբերեց առանց իր վրայ ճնշում բանեցուելու։ (Ծննդոց 50։4, 5) Հռութ ‘միտքը դրեր էր Նոեմիի հետ երթալ’։ (Հռութայ 1։18) Երբ Նոեմի թելադրեց որ Հռութ Բոոսի մօտենար, հաւատարիմ սէրն էր որ մղեց այս Մովաբացին ըսելու. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։—Հռութայ 3։1-5

16, 17. Ի՞նչ բան Բաթուէլի, Յովսէփի եւ Հռութի հաւատարիմ սէրը յատկապէս իմաստալից կը դարձնէ, եւ ի՞նչ բան զիրենք մղեց այս յատկութիւնը ցուցաբերելու։

16 Բաթուէլի, Յովսէփի եւ Հռութի ցուցաբերած հաւատարիմ սէրը մասնաւորաբար յատկանշական է, քանի որ Աբրահամ, Յակոբ եւ Նոեմի անկարող էին անոնց վրայ ճնշում բանեցնելու։ Ի վերջոյ, Բաթուէլ օրինական պարտաւորութիւն մը չունէր իր աղջիկէն զատուելու։ Ան դիւրաւ կրնար Աբրահամի ծառային ըսել. ‘Ո՛չ, կ’ուզեմ ժրաջան աղջիկս քովս պահել’։ (Ծննդոց 24։18-20) Նմանապէս, Յովսէփ ազատ էր իր հօր խնդրանքը կատարելու կամ չկատարելու, քանի որ Յակոբ արդէն մեռած պիտի ըլլար եւ պիտի չկարենար զինք ստիպել իր խոստումը պահելու։ Նոեմի ինք նշեց թէ Հռութ ազատ էր Մովաբի մէջ մնալու։ (Հռութայ 1։8) Հռութ նաեւ ազատ էր տարեց Բոոսի փոխարէն «երիտասարդ»ի մը հետ ամուսնանալու։

17 Բաթուէլ, Յովսէփ եւ Հռութ յօժարակամօրէն հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցին. իրենց մղումը սրտէն էր։ Անոնք բարոյական պատասխանատուութիւն մը զգացին այս յատկութիւնը ցուցաբերելու անոնց հանդէպ, որոնց հետ յարաբերութիւն ունէին, ինչպէս Դաւիթ Թագաւոր հետագային ստիպուած զգաց զայն Մեմփիբոսթէի հանդէպ ցուցաբերելու։

18. (ա) Քրիստոնեայ երէցներ ի՞նչ կեցուածքով ‘հօտը կ’արածեն’։ (բ) Երէց մը հաւատակիցներուն օգնելու մասին ի՞նչպէս արտայայտուեցաւ։

18 Հաւատարիմ սէրը տակաւին Աստուծոյ ժողովուրդը բնորոշող նշան մըն է, ի ներառեալ Աստուծոյ հօտը հովուող տղամարդիկը։ (Սաղմոս 110։3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12) Այսպիսի երէցներ, կամ տեսուչներ, իրենց նշանակումով իրենց վստահուած աւանդին համաձայն գործելու պատասխանատուութիւն կը զգան։ (Գործք 20։28) Ասով հանդերձ, անոնց հովուական գործը եւ ժողովքին ի նպաստ հաւատարիմ սիրոյ այլ արարքները կը կատարուին «ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ»։ (Ա. Պետրոս 5։2) Երէցները հօտը կը հովուեն, քանի որ թէ՛ պատասխանատուութիւն եւ թէ ասիկա ընելու փափաք ունին։ Անոնք Քրիստոսի ոչխարներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր կ’արտայայտեն, քանի որ ասիկա պէտք է ընեն եւ կ’ուզեն ընել։ (Յովհաննու 21։15-17) «Կը սիրեմ եղբայրներու այցելել իրենց տան մէջ կամ անոնց հեռաձայնել, պարզապէս ցոյց տալու համար թէ իրենց մասին կը խորհէի», կ’ըսէ Քրիստոնեայ երէց մը։ «Եղբայրներուն օգնելը ինծի համար ուրախութեան եւ գոհունակութեան մեծ աղբիւր մըն է»։ Ամէնուրեք հոգացող երէցներ ամբողջ սրտով կը համաձայնին այս խօսքերուն։

Հաւատարիմ Սէր Ցուցաբերել՝ Կարիքաւորներուն Հանդէպ

19. Այս յօդուածին մէջ քննարկուած սուրբ գրային դրուագներուն մէջ, հաւատարիմ սիրոյ մասին ի՞նչ իրողութիւն ընդգծուած է։

19 Մեր նկատի առած Աստուածաշունչի դրուագները նաեւ կ’ընդգծեն այն իրողութիւնը թէ հաւատարիմ սէրը պէտք է ցուցաբերուի անհատներու հանդէպ, որոնք կարիք մը ունին զոր անձամբ չեն կրնար լեցնել։ Իր ընտանեկան շառաւիղը շարունակելու համար, Աբրահամ Բաթուէլի համագործակցութեան կարիքը ունէր։ Իր դիակը Քանան փոխադրելու համար, Յակոբ Յովսէփի օգնութեան կարիքը ունէր։ Իսկ ժառանգորդ մը յառաջ բերելու համար, Նոեմի Հռութի օժանդակութեան կարիքը ունէր։ Ո՛չ Աբրահամ, ո՛չ Յակոբ եւ ո՛չ Նոեմի կրնային այս կարիքները լեցնել առանց մէկու մը օգնութեան։ Նմանապէս ներկայիս, հաւատարիմ սէր պէտք է ցուցաբերուի յատկապէս կարիքաւորներուն հանդէպ։ (Առակաց 19։17) Պէտք է Յոբ նահապետը ընդօրինակենք, որ ուշադրութիւն ընծայեց ‘աղաղակող աղքատին եւ որբին ու օգնութիւն չունեցողին’, ինչպէս նաեւ՝ «կորսուելու վրայ եղողին»։ Յոբ նաեւ ‘որբեւարիին սիրտը ուրախացուց’ եւ ‘կոյրին աչքեր ու կաղին՝ ոտքեր’ եղաւ։—Յոբայ 29։12-15

20, 21. Որո՞նք մեր հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութիւններուն կարիքը ունին, եւ իւրաքանչիւրս ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։

20 Իրականութեան մէջ, ‘աղաղակող աղքատներ’ կան իւրաքանչիւր քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ասիկա հետեւանքը կրնայ ըլլալ շատ մը ազդակներու, ինչպէս՝ առանձնութիւն, յուսահատութիւն, անարժէք ըլլալու զգացում, ուրիշներէ յուսախաբ ըլլալ, լուրջ հիւանդութիւն, կամ սիրելիի մը մահը։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այս բոլոր սիրելիները կարիքներ ունին, որոնք կրնան եւ պէտք է գոհացուին մեր հաւատարիմ սիրոյ յօժար եւ յարատեւ արարքներով։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14

21 Ուստի, շարունակենք Եհովա Աստուծոյ նմանիլ, որ ‘առատ է հաւատարիմ սիրով’։ (Ելից 34։6, ՆԱ. Եփեսացիս 5։1) Ասիկա կրնանք ընել յօժարակամօրէն մասնայատուկ քայլեր առնելով, մանաւանդ կարիքաւորներուն ի նպաստ։ Եւ վստահաբար Եհովան պիտի պատուենք եւ մեծ ուրախութիւն պիտի ունենանք, մինչ կը շարունակենք իրարու հանդէպ ‘հաւատարիմ սէր ցուցաբերել’։—Զաքարեայ 7։9, ՆԱ

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Հոս յիշուած ամուսնութեան տեսակին մասին մանրամասնութիւններու համար, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 370, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս տարբեր է մարդասիրութենէն։

• Բաթուէլ, Յովսէփ եւ Հռութ ի՞նչ կերպերով հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցին։

• Ի՞նչ կեցուածքով հաւատարիմ սէր պէտք է ցուցաբերենք։

• Որո՞նք մեր հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութիւններուն կարիքը ունին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Բաթուէլ ի՞նչպէս հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց

[Նկար՝ էջ 17]

Հռութի հաւատարիմ սէրը Նոեմիի համար օրհնութիւն էր

[Նկարներ՝ էջ 19]

Մարդկային հաւատարիմ սէրը կը ցուցաբերուի յօժարակամօրէն, մասնայատուկ քայլեր առնելով, եւ կարիքաւորներուն հանդէպ