Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը գտնել անհաւանական տեղ մը

Ճշմարտութիւնը գտնել անհաւանական տեղ մը

Թագաւորութեան ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Ճշմարտութիւնը գտնել անհաւանական տեղ մը

«ԱՍՏՈՒԱԾ կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Այս նպատակով, Եհովայի Վկաները տպած եւ բաշխած են միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններ։ Երբեմն, այս գրականութիւնները պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն օգնած են ճշմարտութիւնը ճանչնալու շատ անհաւանական կերպերով։ Այս ուղղութեամբ, Թագաւորութեան ծանուցանողները Ֆրիթաուն քաղաքին մէջ, Սիերրա Լէոն, հետեւեալ փորձառութիւնը կը տեղեկագրեն։

Օսման՝ ընտանիքի մը ինը զաւակներուն երկրորդն էր։ Կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ մեծցած ըլլալով, ան իր հօրը հետ կանոնաւորաբար պաշտամունքի կ’երթար։ Սակայն, Օսման շատ խռոված էր դժոխքի մասին իր կրօնքին ուսուցումներէն։ Ան չէր հասկնար թէ ի՛նչպէս ողորմած Աստուած մը կրնար չար մարդիկը կրակին մէջ այրելով չարչարել։ Դժոխքի վարդապետութիւնը ըմբռնելու համար իրեն տրուած բոլոր բացատրութիւնները իր միտքը չհանգստացուցին։

Օր մը, երբ Օսման 20 տարեկան էր, աղբանոցի մը մէջ մասամբ թաղուած կապոյտ գիրք մը նշմարեց։ Գրքի սիրահար ըլլալով, զայն վերցուց, մաքրեց, եւ կարդաց անոր խորագիրը՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ *

‘Այս ի՞նչ ճշմարտութիւն է’, հարց տուաւ Օսման։ Իր հետաքրքրութիւնը արթննալով, Օսման գիրքը տուն տարաւ եւ մէկ նիստով զայն ամբողջացուց։ Որքա՜ն ուրախացաւ գիտնալով թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի՝ Եհովա։ (Սաղմոս 83։18) Օսման նաեւ սորվեցաւ թէ Աստուծոյ տիրական յատկութիւնը՝ սէրն է, եւ թէ մարդիկը կրակոտ տեղ մը չարչարելու գաղափարն իսկ Իրեն գարշելի է։ (Երեմեայ 32։35. Ա. Յովհաննու 4։8) Ի վերջոյ, Օսման կարդաց թէ Եհովա շուտով երկրային դրախտ մը պիտի բերէ, որուն մէջ մարդիկ պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ։ (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Ի՜նչ սքանչելի ճշմարտութիւն մը, ողորմած ու սիրալիր Աստուծոյ մը կողմէ։ Խոր երախտագիտութենէ մղուած, Օսման Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեց, քանի որ իրեն թոյլ տուաւ որ ճշմարտութիւնը գտնէ շատ անհաւանական տեղ մը։

Քանի մը օր ետք, բարեկամներու օգնութեամբ, Օսման Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահը գտաւ եւ առաջին անգամ ըլլալով ժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Մինչ հոն էր, ան Վկայէ մը խնդրեց որ իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Ի հեճուկս ընտանեկան բուռն հակառակութեան, Օսման շարունակեց հոգեւորապէս յառաջդիմել ու մկրտուեցաւ։ (Մատթէոս 10։36) Ներկայիս, ան ժողովքին մէջ կը ծառայէ որպէս երէց։ Ի՜նչ զարմանալի է որ այս բոլորին պատճառը՝ աղբանոցի մը մէջ սուրբ գրային գրականութիւն մը գտնելն էր։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ 1968–ին։