Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մօտէն ակնարկ մը՝ մահուան վերաբերեալ կարգ մը առասպելներու վրայ

Մօտէն ակնարկ մը՝ մահուան վերաբերեալ կարգ մը առասպելներու վրայ

Մօտէն ակնարկ մը՝ մահուան վերաբերեալ կարգ մը առասպելներու վրայ

ԱՄԲՈՂՋ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ շփոթած եւ վախցած են մահուան մռայլ հեռանկարէն։ Ասկէ զատ, մահուան վախը սնուցանուած է կրօնական սուտ գաղափարներու, ժողովրդական սովորութիւններու եւ արմատ կապած անձնական գաղափարներու խառնուրդով մը։ Խնդիրը այն է թէ մահուան վախը կրնայ կեանքը վայելելու անհատին կարողութիւնը անդամալուծել եւ կեանքը իմաստ մը ունենալուն նկատմամբ իր վստահութիւնը խախտել։

Գլխաւոր կրօնքները յատկապէս մեղադրելի են, քանի որ մահուան վերաբերեալ կարգ մը ընդհանրացած առասպելներ յառաջացուցած են։ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսին տակ անոնցմէ քանի մը հատը քննելով, տեսէք եթէ մահուան մասին ձեր ըմբռնումները կրնան յստականալ։

Առասպել 1. Մահը կեանքի բնական վախճանն է։

«Մահը . . . մեր կեանքին անբաժան մէկ մասն է», կ’ըսէ՝ Մահը. Աճման Վերջին Հանգրուանը խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Այսպիսի խօսքեր կ’արտացոլացնեն այն հաւատալիքը թէ մահը բնական է, բոլոր կենդանի մարմիններուն բնական վախճանը։ Միւս կողմէ, այսպիսի հաւատալիք մը շատերու մէջ ոչնչապաշտ փիլիսոփայութիւն եւ պատեհապաշտ վերաբերմունք սնուցանած է։

Սակայն, մահը ի՞րապէս կեանքի բնական վերջաւորութիւնն է։ Բոլոր հետախոյզները այսպէս չեն հաւատար։ Օրինակ, մարդկային ծերութիւնը ուսումնասիրող կենսաբան՝ Կալվին Հարլի, հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ թէ չի հաւատար որ մարդիկ «ծրագրուած են մեռնելու»։ Ախտազերծութեան մասնագէտ Ուիլիըմ Գլարգ ըսաւ. «Մահը անպայմանօրէն կեանքի սահմանումին մէկ մասը չէ»։ Իսկ Քալիֆորնիոյ Արուեստագիտական Հաստատութենէն՝ Սէյմոր Պէնզըր, խորհրդածելով ըսաւ թէ «աւելի տեղին է ծերանալը նկարագրել ոչ թէ որպէս ժամացոյց, այլ՝ թատերական ուրուագիծ մը, որ կը յուսանք փոխել»։

Երբ գիտնականներ մարդուն ծրագրուած կերպը կ’ուսումնասիրեն, կը շփոթին։ Անոնք կը նկատեն թէ օժտուած ենք միջոցներով ու կարողութիւններով, որոնք կը գերազանցեն մեր 70-80 տարուան կեանքի կարիքները։ Օրինակ, գիտնականները գտած են թէ մարդկային ուղեղը յիշողութեան անհուն կարողութիւն ունի։ Հետազօտող մը հաշիւ ըրած է թէ մեր ուղեղը կրնայ տեղեկութիւններ ամբարել, որոնք «շուրջ քսան միլիոն հատորներ կրնան լեցնել, այսինքն՝ աշխարհի մեծագոյն գրադարաններուն պարունակած գրքերուն չափ»։ Կարգ մը ջղագէտներ հաշիւ կ’ընեն թէ միջին կեանքի տեւողութեան մը ընթացքին, անհատ մը կը գործածէ իր ուղեղին կարողութեան միայն 1 առ հարիւրին 1/100–ը (այսինքն՝ .0001)։ Ուստի պատշաճ է հարց տալ՝ ‘Ինչո՞ւ ա՛յսքան մեծ կարողութեամբ ուղեղ մը ունինք, երբ միայն անոր մէկ չնչին մասը կը գործածենք միջին կեանքի տեւողութեան մը ընթացքին’։

Նկատի առէք նաեւ թէ մարդիկ ո՛րքան անբնական կերպով կը հակազդեն մահուան։ Մեծամասնութեան համար, կնոջ, ամուսնոյն կամ զաւկի մը մահը կրնայ իր կեանքի ամենէն խոցոտիչ փորձառութիւնը ըլլալ։ Սիրելիի մը մահուընէ ետք, յաճախ մարդոց զգացական ամբողջ կազմուածքը երկար ատեն կը խանգարուի։ Նոյնիսկ անոնք որոնք կը դաւանին թէ մահը մարդոց համար բնական է, դժուար կը գտնեն ընդունիլ այն գաղափարը թէ իրենց անձնական մահը ամէն բանի վախճանը պիտի նշանակէ։ Պրիթիշ Մէտիքըլ Ճըրնըլ–ը խօսեցաւ «հասարակաց եղող մասնագիտական ենթադրութեան մասին թէ ամէն ոք կը փափաքի կարելի եղածին չափ երկար ապրիլ»։

Մահուան հանդէպ իր ընդհանուր հակազդեցութեան, յիշելու ու սորվելու իր ապշեցուցիչ կարողութեան եւ յաւիտեան ապրելու իր ներքին տենչին ի տես, բացայայտ չէ՞ թէ մարդը ստեղծուած էր ապրելու համար։ Արդարեւ, Աստուած մարդիկը ստեղծեց, ո՛չ թէ իրենց բնական վախճանը մահ ըլլալու համար, այլ՝ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Նկատի առէք թէ Աստուած առաջին մարդկային զոյգին առջեւ ի՛նչ հեռանկար մը դրաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ի՜նչ սքանչելի, մնայուն ապագայ մը։

Առասպել 2. Աստուած մարդիկը կը մեռցնէ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան։

27 տարեկան մահամերձ մայր մը, որ իր ետին երեք զաւակներ պիտի ձգէր, Կաթողիկէ մայրապետի մը ըսաւ. «Հոս գալով մի՛ ըսեր թէ ասիկա է Աստուծոյ կամքը ինծի համար։ . . . Կը զայրանամ երբ մէկը ինծի այդպէս ըսէ»։ Այսուհանդերձ, այս է որ շատ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն մահուան մասին, թէ Աստուած մարդիկը կը մեռցնէ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան։

Արդեօք Ստեղծիչը այդքան անգո՞ւթ է որ անկարեկցաբար մեզ մահացնէ, գիտնալով թէ ասիկա մեր սիրտը կը կոտրէ։ Ո՛չ, Աստուածաշունչի Աստուածը այդպէս չէ։ Ա. Յովհաննու 4։8–ին համաձայն, «Աստուած սէր է»։ Նկատի առէք թէ անիկա չ’ըսեր թէ Աստուած սէր ունի կամ թէ Աստուած սիրալիր է, այլ՝ թէ Աստուած սէր է։ Աստուծոյ սէրը ա՛յնքան բուռն, ա՛յնքան անարատ, ա՛յնքան կատարեալ է եւ ա՛յնքան լիովին կը թափանցէ իր անձնաւորութեան ու արարքներուն մէջ, որ իր մասին պատշաճօրէն կարելի է խօսիլ որպէս սիրոյ մարմնացումը։ Անիկա մարդիկը մեռցնելով զանոնք իր քով տանող Աստուած մը չէ։

Սուտ կրօնքը շատերը շփոթութեան մէջ ձգած է մեռելներուն ո՛ւր ըլլալուն եւ անոնց վիճակին նկատմամբ։ Երկինք, դժոխք, քաւարան, Լիմպօ. ասոնք եւ զանազան այլ վայրեր, ոմանք անըմբռնելի են, իսկ ուրիշներ՝ սարսափազդու։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ մեռելները անգիտակից են. անոնց վիճակը շատ լաւ կրնայ նմանցուիլ քնանալու։ (Ժողովողի 9։5, 10. Յովհաննու 11։11-14) Ուստի, պէտք չէ մտահոգուինք թէ մահէն ետք ի՛նչ կը պատահի մեզի, ճիշդ ինչպէս որ չենք մտահոգուիր երբ կը տեսնենք անհատ մը որ խոր քունի մէջ է։ Յիսուս խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29. Ղուկաս 23։43

Առասպել 3. Աստուած մանուկները կ’առնէ որ հրեշտակներ ըլլան։

Էլիզապէթ Գիւպլըր–Ռոս, որ մահացու հիւանդութեամբ բռնուած անհատներ ուսումնասիրած էր, ակնարկեց կրօնասէր անհատներու մէջ ընդհանրացած ուրիշ գաղափարի մը։ Իսկական միջադէպ մը նկարագրելով, ան ըսաւ թէ «անխոհեմութիւն է իր փոքրիկ եղբայրը կորսնցուցած երախայի մը ըսել թէ Աստուած պզտիկ տղաքը ա՛յնքան կը սիրէ որ փոքրիկ Ճոնին երկինք հանեց»։ Այսպիսի խօսք մը Աստուծոյ մասին սխալ տպաւորութիւն կու տայ եւ անոր անձնաւորութիւնն ու վերաբերմունքը չ’արտացոլացներ։ Բժ. Գիւպլըր–Ռոս շարունակեց. «Երբ այս աղջնակը մեծցաւ եւ չափահաս մը դարձաւ, ան երբեք չկրցաւ Աստուծոյ հանդէպ իր բարկութիւնը վանել, որու հետեւանքով ընկճուեցաւ, երբ երեք տասնամեակներ ետք ի՛ր փոքրիկ տղան մահացաւ»։

Աստուած ինչո՞ւ երախայ մը պիտի խլէր ուրիշ հրեշտակ մը ունենալու համար, որպէս թէ Աստուած աւելի կարիք ունի այդ երախային քան՝ անոր ծնողքը։ Եթէ ճիշդ է որ Աստուած մանուկները կ’առնէ, ասիկա զինք անսիրալիր, անձնասէր Ստեղծիչ մը չի՞ դարձներ։ Այս գաղափարին հակառակը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սէրը Աստուծմէ է»։ (Ա. Յովհաննու 4։7) Կարելի՞ է որ սիրոյ Աստուած մը կորուստ մը պատճառէ, որուն նոյնիսկ քիչ մը պարկեշտութիւն ունեցող անհատներ պիտի չհանդուրժէին։

Ուստի, մանուկները ինչո՞ւ կը մեռնին։ Աստուածաշունչի պատասխանին մէկ մասը արձանագրուած է Ժողովողի 9։11–ին մէջ. «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Իսկ Սաղմոս 51։5–ը մեզի կ’ըսէ թէ բոլորս ալ մեր յղացումէն ի վեր անկատար ու մեղաւոր ենք, եւ թէ բոլոր մարդոց վախճանը մահ է, զանազան պատճառներով։ Երբեմն մահը կը հարուածէ ծնունդէն առաջ, եւ հետեւանքը կ’ըլլայ մեռելածին մը։ Ուրիշ պարագաներու, մանուկներ ողբերգական կացութիւններու կամ արկածներու պատճառաւ կը մահանան։ Աստուած այսպիսի պատահականութիւններու պատասխանատու չէ։

Առասպել 4. Կարգ մը մարդիկ մահուընէ ետք կը չարչարուին։

Բազմաթիւ կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ ամբարիշտները կրակոտ դժոխք մը պիտի երթան ու հոն յաւիտեան պիտի չարչարուին։ Այս ուսուցումը տրամաբանական ու սուրբ գրայի՞ն է։ Մարդուն կեանքի երկարութիւնը 70 կամ 80 տարուան սահմանափակուած է։ Նոյնիսկ եթէ անհատ մը յանցաւոր էր, իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան չափազանց ամբարշտութիւն գործելուն համար, յաւիտենական չարչարանքը արդար պատիժ մը պիտի ըլլա՞ր։ Ո՛չ։ Բոլորովին անիրաւութիւն պիտի ըլլար անհատ մը յաւիտեան չարչարել, կարճատեւ կեանքի տեւողութեան իր գործած մեղքերուն համար։

Միայն Աստուած կրնայ յայտնել թէ մեռնելէն ետք մարդոց ի՛նչ կը պատահի, եւ ասիկա ըրած է իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուածաշունչը հետեւեալը կ’ըսէ. «[Անասունը] ինչպէս կը մեռնի, [մարդն] ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ . . . Ամէնքը նոյն տեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ»։ (Ժողովողի 3։19, 20) Հոս կրակոտ դժոխք մը չի յիշուիր։ Մարդիկ հող կը դառնան, այսինքն՝ գոյութենէ կը դադրին, երբ կը մեռնին։

Չարչարուելու համար, անհատը գիտակից պէտք է ըլլայ։ Մեռելները գիտակի՞ց են։ Անգամ մը եւս, Աստուածաշունչը պատասխանը կու տայ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ»։ (Ժողովողի 9։5) Անկարելի է որ մեռելները, որոնք «բան մը չեն գիտեր», որեւէ տեղ չարչարուին։

Առասպել 5. Մահը մեր գոյութեան մնայուն վախճանը կը նշանակէ։

Երբ մեռնինք՝ գոյութենէ կը դադրինք, սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ անպայմանօրէն ամէն բան վերջ գտաւ։ Հաւատարիմ Յոբ գիտէր թէ երբ մեռնէր, գերեզման պիտի երթար։ Սակայն, մտիկ ըրէք Աստուծոյ մատուցած իր աղօթքը. «Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։ Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ . . . Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ»։—Յոբայ 14։13-15

Յոբ կը հաւատար թէ եթէ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնար, Աստուած զինք պիտի յիշէր եւ յարմար ժամանակին իրեն յարութիւն պիտի տար։ Վաղեմի ժամանակներուն ապրող Աստուծոյ բոլոր ծառաները այսպէս կը հաւատային։ Յիսուս ալ այս յոյսը հաստատեց եւ ցոյց տուաւ թէ Աստուած զինք պիտի գործածէր մեռելներուն յարութիւն տալու համար։ Քրիստոսի խօսքերը մեզի այս երաշխիքը կու տան. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։—Յովհաննու 5։28, 29

Շատ շուտով Աստուած ամէն տեսակ ամբարշտութիւն պիտի վերցնէ եւ երկնային իշխանութեան ներքեւ նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ։ (Սաղմոս 37։10, 11. Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 16։14, 16) Արդիւնքը պիտի ըլլայ երկրածաւալ դրախտ մը, որուն մէջ Աստուծոյ ծառայող անհատներ կը բնակին։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Վախէ Զերծ

Յարութեան յոյսին եւ այդ կարգադրութեան աղբիւրը եղող Անձին մասին գիտութիւն ունենալը կրնայ ձեզ մխիթարել։ Յիսուս խոստացաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Ասիկա կը պարփակէ մեզ ազատագրել մահուան վախէն։ Եհովա միակն է որ կրնայ իրապէս փոխել ծերութեան եւ մահուան գործընթացը եւ մեզի յաւիտենական կեանք շնորհել։ Կրնա՞ք Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալ։ Այո՛ կրնաք, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը միշտ կը կատարուի։ (Եսայեայ 55։11) Ձեզ կը քաջալերենք որ մարդկութեան վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակներուն մասին աւելի սորվիք։ Եհովայի Վկաները ուրախ պիտի ըլլան ձեզի օգնելով։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Խնդիրը այն է թէ մահուան վախը կրնայ կեանքը վայելելու անհատին կարողութիւնը անդամալուծել

[Ցուցակ՝ էջ 7]

ՄԱՀՈՒԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ

● Մահը կեանքի բնական վախճանն է․ Ծննդոց 1։28. 2։17. Հռովմայեցիս 5։12

● Աստուած մարդիկը կը մեռցնէ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան Յոբայ 34։15. Սաղմոս 37։11, 29. 115։16

● Աստուած մանուկները կ’առնէ որ հրեշտակներ ըլլան Սաղմոս 51։5. 104։1, 4. Եբրայեցիս 1։7, 14

● Կարգ մը մարդիկ մահուընէ ետք կը չարչարուին Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5, 10. Հռովմայեցիս 6։23

● Մահը մեր գոյութեան մնայուն վախճանը կը նշանակէ Յոբայ 14։14, 15. Յովհաննու 3։16. 17։3. Գործք 24։15

[Նկար՝ էջ 8]

Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ վախէ կ’ազատագրէ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]

Barrators—Giampolo/The Doré Illustrations For Dante’s Divine Comedy/Dover Publications Inc.