Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի փառքը կը փայլի իր ժողովուրդին վրայ

Եհովայի փառքը կը փայլի իր ժողովուրդին վրայ

Եհովայի փառքը կը փայլի իր ժողովուրդին վրայ

«Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 60։20

1. Եհովա ի՞նչպէս իր հաւատարիմ ժողովուրդին կ’օգնէ։

«ՏԷՐԸ իր ժողովուրդը կը հաւնի, խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ [«զարդարէ», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 149։4) Վաղեմի սաղմոսերգուն այսպէս ըսաւ, եւ պատմութիւնը այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը փաստած է։ Երբ Եհովայի ժողովուրդը հաւատարիմ են, ան կը հոգայ անոնց, զանոնք արդիւնաբեր կը դարձնէ ու կը պաշտպանէ։ Վաղեմի ժամանակներուն, անոնց յաղթանակ տուաւ իրենց թշնամիներուն վրայ։ Ներկայիս, զանոնք հոգեւորապէս զօրաւոր կը պահէ եւ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ անոնց փրկութիւն կը խոստանայ։ (Հռովմայեցիս 5։9) Ասիկա կ’ընէ քանի որ անոնք իր աչքին գեղեցիկ են։

2. Հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանէ վստահ է։

2 Անշուշտ, խաւարի մէջ մխրճուած աշխարհի մը մէջ, ‘աստուածպաշտութեամբ ապրողները’ հակառակութեան պիտի հանդիպին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Այսուհանդերձ, Եհովա նկատի կ’առնէ հակառակորդները, եւ զանոնք կ’ազդարարէ. «Այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին ու բոլորովին պիտի կործանին»։ (Եսայեայ 60։12) Ներկայիս, հակառակութիւնը բազմաթիւ կերպերով կը դրսեւորուի։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, հակառակորդները կը փորձեն անկեղծ Քրիստոնեաներուն Եհովայի մատուցած պաշտամունքը արգիլել։ Այլ երկիրներու մէջ, մոլեռանդներ Եհովայի երկրպագուներուն վրայ բառացի յարձակումներ կը գործեն եւ անոնց ստացուածքները կ’այրեն։ Սակայն, մտաբերեցէք թէ Եհովա արդէն իսկ որոշած է իր կամքին կատարման արգելք հանդիսացող որեւէ հակառակութեան հետեւանքը։ Հակառակորդները պիտի ձախողին։ Անոնք որոնք Սիօնի դէմ կը պայքարին, որ երկրի վրայ իր զաւակներով ներկայացուած է, պիտի չյաջողին։ Ասիկա քաջալերական երաշխիք մը չէ՞ մեր մեծ Աստուծոյն՝ Եհովայի կողմէ։

Օրհնուած՝ Իրենց Ակնկալածէն Աւելի

3. Եհովայի երկրպագուներուն գեղեցկութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը ի՞նչպէս պատկերացուած է։

3 Իրականութիւնը այն է թէ իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն, Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է իրենց ակնկալածէն աւելի։ Յատկապէս ան աստիճանաբար զարդարած է իր պաշտամունքի վայրը եւ անոր մէջ գտնուող իր անունը կրողները։ Եսայիի մարգարէութեան համաձայն, ան Սիօնի կ’ըսէ. «Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝ իմ սրբարանս զարդարելու համար։ Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ»։ (Եսայեայ 60։13) Ուռճացող անտառներով ծածկուած լեռները փառաւոր տեսարան մըն են։ Ուստի փարթամ ծառերը Եհովայի երկրպագուներուն գեղեցկութեան ու արդիւնաբերութեան խորհրդանիշեր են։—Եսայեայ 41։19. 55։13

4. «Սրբարան»ը եւ Եհովայի ‘ոտքերուն տեղը’ ի՞նչ են, եւ ասոնք ի՞նչպէս զարդարուած են։

4 Եսայեայ 60։13–ի մէջ յիշուած «սրբարան»ը եւ Եհովայի ‘ոտքերուն տեղը’ ի՞նչ են։ Այս արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին գաւիթներուն, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ պաշտամունքի համար Իրեն մօտենալու կարգադրութիւնն է։ (Եբրայեցիս 8։1-5. 9։2-10, 23) Եհովա յայտնած է իր նպատակը այդ հոգեւոր տաճարը փառաւորելու, բոլոր ազգերէն մարդիկ բերելով, որ հոն զինք պաշտեն։ (Անգեայ 2։7) Եսայի ինք նախապէս բոլոր ազգերէն բազմութիւններ տեսած էր, որոնք Եհովայի պաշտամունքի բարձրացուած լեռը կը խուժեն։ (Եսայեայ 2։1-4) Հարիւրաւոր տարիներ ետք, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Ասոնք «Աստուծոյ աթոռին առջեւ են . . . իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ (Յայտնութիւն 7։9, 15) Մինչ այս մարգարէութիւնները կը կատարուին մեր օրերուն, մեր աչքերով կը տեսնենք թէ Եհովայի տունը կը զարդարուի։

5. Սիօնի զաւակները ի՞նչ մեծ բարեփոխում մը վայելեցին։

5 Այս բոլորը ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն մըն են Սիօնի համար։ Եհովա կ’ըսէ. «Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, քեզ՝ յաւիտենական փառք ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ»։ (Եսայեայ 60։15) Առաջին Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, «Աստուծոյ Իսրայէլը» արդարեւ ամայացումի շրջան մը ունեցաւ։ (Գաղատացիս 6։16) Ան իրապէս «երեսէ ձգուած» զգաց, քանի որ երկրի վրայ իր զաւակները յստակօրէն չըմբռնեցին թէ Աստուծոյ կամքը իրենց համար ինչ էր։ Բայց 1919–ին, Եհովա վերակենդանացուց իր օծեալ ծառաները եւ անկէ ի վեր զանոնք օրհնած է հոգեւոր սքանչելի բարգաւաճութեամբ։ Ասկէ զատ, այս համարին մէջի խոստումը ոգեւորիչ չէ՞։ Եհովա Սիօնը պիտի նկատէ որպէս «փառք» մը։ Այո, Սիօնի զաւակները, եւ ինքնին Եհովան, Սիօնի համար հպարտ պիտի զգան։ Ան «ուրախութիւն» մը, անսահման ուրախութեան պատճառ մը պիտի ըլլայ։ Իսկ ասիկա կարճատեւ պիտի չըլլայ։ Սիօնի նպաստաւոր վիճակը, որ ներկայացուած է իր երկրային զաւակներով, «ազգէ ազգ» պիտի տեւէ։ Անիկա երբեք պիտի չդադրի։

6. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ազգերուն նիւթական աղբիւրները ի՞նչպէս կը գործածեն։

6 Այժմ, մտիկ ըրէք աստուածային ուրիշ խոստումի մը։ Սիօնի խօսելով, Եհովա կ’ըսէ. «Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։ (Եսայեայ 60։16) Սիօն ի՞նչպէս ‘ազգերուն կաթով’ կը սնանի եւ ‘թագաւորներուն ստինքը կը ծծէ’։ Օծեալ Քրիստոնեաները եւ իրենց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարները» ազգերուն նիւթական աղբիւրները կը գործածեն, մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ (Յովհաննու 10։16) Յօժարակամօրէն տրուած դրամական նուիրատուութիւնները, կարելի կը դարձնեն որ մեծ, միջազգային քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործ մը կատարուի։ Արդի արուեստագիտութեան ճարտար գործածութեան շնորհիւ, հարիւրաւոր լեզուներով Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կը հրատարակուին։ Ներկայիս, պատմութեան որեւէ ժամանակէ աւելի, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մատչելի է մարդոց։ Բազմաթիւ ազգերու քաղաքացիներ կը սորվին թէ Եհովա, որ իր օծեալ ծառաները հոգեւոր գերութենէ վերագնեց, արդարեւ Փրկիչն է։

Կազմակերպչական Յառաջդիմութիւն

7. Սիօնի զաւակները ի՞նչ աչքառու յառաջդիմութիւններ վայելած են։

7 Եհովա իր ժողովուրդը զարդարած է այլ կերպով մըն ալ։ Ան զանոնք օրհնած է՝ կազմակերպչական յառաջդիմութիւն տալով անոնց։ Եսայեայ 60։17–ի մէջ կը կարդանք. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն [«խաղաղութիւնը պիտի նշանակեմ որպէս վերակացուներդ, իսկ արդարութիւնը՝ որպէս իշխաններդ», ՆԱ]»։ Պղինձը ոսկիով փոխարինելը բարելաւում մըն է, նոյնն է պարագան յիշուած մնացեալ նիւթերուն։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուծոյ Իսրայէլը վերջին օրերու տեւողութեան, յարատեւաբար կազմակերպչական բարեփոխումներու ենթարկուած է։ Մի քանի օրինակներ նկատի առէք։

8-10. Նկարագրեցէք 1919–էն ի վեր տեղի ունեցած կազմակերպչական կարգ մը բարեփոխումները։

8 Մինչեւ 1919–ը, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքները կը տնօրինուէին ժողովքին կողմէ ժողովրդավարական կերպով ընտրուած երէցներով եւ սարկաւագներով։ Այդ տարուընէ սկսեալ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ ծառայութեան տեսուչ մը նշանակեց, դաշտի ծառայութեան գործունէութիւններուն վրայ հսկելու համար։ (Մատթէոս 24։45-47) Սակայն, շատ մը ժողովքներու մէջ այդ կարգադրութիւնը այդքան ալ ազդու չէր, քանի որ ընտրուած երէցներէն ոմանք աւետարանչութեան լիովին թիկունք չկանգնեցան։ Ուստի 1932–ին, ժողովքներուն հրահանգ տրուեցաւ որ երէցներու ու սարկաւագներու ընտրութիւնը դադրեցնեն։ Փոխարէն, անոնք ծառայութեան յանձնախումբի մը մէջ ծառայող տղամարդիկ պիտի ընտրէին, ծառայութեան տեսուչին հետ աշխատելու համար։ Ասիկա «փայտի տեղ՝ պղինձ»ի պէս էր. մեծ բարեփոխում մը։

9 1938–ին, աշխարհի տարածքին ժողովքները վճռեցին ընդունիլ բարելաւուած կարգադրութիւն մը, որ սուրբ գրային նախատիպի մը հետ աւելի ներդաշնակ էր։ Ժողովքին վարչութիւնը վստահուեցաւ խումբի ծառայի մը եւ այլ ծառաներու, բոլորն ալ նշանակուած՝ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային վերատեսչութեան ներքեւ։ Այլեւս քուէարկութիւն չկար։ Այսպիսով, ժողովքի բոլոր ծառաները կը նշանակուէին աստուածպետական կերպով։ Ասիկա «քարերու տեղ երկաթ» կամ «պղինձի տեղ՝ ոսկի»ի նման էր։

10 Անկէ ի վեր յառաջդիմութիւնը շարունակուած է։ Օրինակ, 1972–ին տեսնուեցաւ որ ժողովքներուն վերատեսչութիւնը աստուածպետականօրէն նշանակուած համագործակցող երէցներու մարմինի մը յանձնելը, ուր երէցներէն ոչ մէկը միւսներուն վրայ հեղինակութիւն կը բանեցնէ, շատ աւելի նման էր առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքներուն գործած կերպին։ Իսկ շուրջ երկու տարի առաջ, յառաջդիմութիւն մը եւս եղաւ։ Վերաճշդում մը եղաւ կարգ մը օրինական հիմնարկներու տնօրինութեան մէջ, կարելի դարձնելով որ Կառավարիչ Մարմինը աւելի լման կերպով կեդրոնանայ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութեան վրայ, փոխանակ առօրեայ օրինական բաներով զբաղելու։

11. Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղի ունեցած կազմակերպչական փոփոխութիւններուն ետին ո՞վ կայ, եւ այս փոփոխութիւններուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

11 Այս յառաջդիմական փոփոխութեանց ետին գտնուողը ո՞վ է։ Եհովա Աստուած է։ Ան է որ ըսաւ. «[Ես] ոսկի պիտի բերեմ»։ Եւ ինք է որ կը շարունակէ ըսել. «[Ես] խաղաղութիւնը պիտի նշանակեմ որպէս վերակացուներդ, իսկ արդարութիւնը՝ որպէս իշխաններդ»։ Այո, Եհովա է իր ժողովուրդին վերատեսչութեան պատասխանատուն։ Նախագուշակուած կազմակերպչական յառաջդիմութիւնը ուրիշ կերպ մըն է, որով Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ։ Իսկ ասոր որպէս արդիւնք, Եհովայի Վկաները շատ մը կերպերով օրհնուած են։ Եսայեայ 60։18–ի մէջ կը կարդանք. «Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես»։ Այս խօսքերը ի՜նչ գեղեցիկ են։ Սակայն, անոնք ի՞նչպէս կատարուած են։

12. Խաղաղութիւնը ի՞նչպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ աչքառու դարձած է։

12 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ցուցմունքներու եւ առաջնորդութեան համար ուշի ուշով Եհովայի կը նային, եւ Եսայի նախագուշակեց ասոր արդիւնքը. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին կը ներգործէ իր ծառաներուն մէջ, եւ խաղաղութիւնը այդ հոգիին մէկ պտուղն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եհովայի ծառաներուն խաղաղարար ըլլալը զիրենք թարմացնող ովասիս մը կը դարձնէ, բռնութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ։ Անոնց խաղաղ վիճակը, որ հիմնուած է իրարու հանդէպ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու ունեցած սիրոյն վրայ, նոր աշխարհի ապրելակերպին նախահամն է։ (Յովհաննու 15։17. Կողոսացիս 3։14) Վստահաբար, իւրաքանչիւրս կ’ոգեւորուինք վայելելով այդ խաղաղութիւնը ու նպաստելով անոր, եւ անիկա մեր Աստուծոյն փառք ու պատիւ կը բերէ եւ մեր հոգեւոր դրախտին գլխաւոր մէկ բաղադրիչն է։—Եսայեայ 11։9

Եհովայի Լոյսը Պիտի Շարունակէ Փայլիլ

13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի լոյսը երբեք պիտի չդադրի իր ժողովուրդին վրայ ծագելէ։

13 Եհովայի լոյսը պիտի շարունակէ՞ իր ծառաներուն վրայ ծագիլ։ Այո՛։ Եսայեայ 60։19, 20–ի մէջ, կը կարդանք. «Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։ Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան»։ Անմիջապէս որ հոգեւոր գերիներուն «սուգ»ը վերջ գտաւ 1919–ին, Եհովայի լոյսը սկսաւ անոնց վրայ ծագիլ։ Աւելի քան 80 տարի ետք, անոնք տակաւին Եհովայի հաճութիւնը կը վայելեն, մինչ իր լոյսը կը շարունակէ փայլիլ։ Եւ անիկա պիտի չդադրի։ Իր երկրպագուներուն նկատմամբ, մեր Աստուածը արեւուն նման պիտի «չմարի», կամ լուսնին նման պիտի «չնուազի»։ Փոխարէն, ան անոնց վրայ իր լոյսը պիտի սփռէ յաւիտեան։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ երաշխիք մըն է, այս խաւար աշխարհի վերջին օրերուն մէջ ապրողներուս համար։

14, 15. (ա) Աստուծոյ բոլոր ծառաները ի՞նչ կերպով «արդար» են։ (բ) Ուրիշ ոչխարները Եսայեայ 60։21–ի ո՞ր կարեւոր կատարման կը սպասեն։

14 Հիմա լսեցէք ուրիշ խոստում մը, որ Եհովա կու տայ Սիօնի երկրային ներկայացուցիչներուն՝ Աստուծոյ Իսրայէլին մասին։ Եսայեայ 60։21–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ»։ 1919–ին, երբ օծեալ Քրիստոնեաները գործի վերադարձան, անոնք արտասովոր խումբ մըն էին։ Որոշապէս մեղաւոր աշխարհի մը մէջ, անոնք «արդարացած» էին՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց անխախտ հաւատքին հիման վրայ։ (Հռովմայեցիս 3։24. 5։1) Ապա, բաբելոնական գերութենէն ազատ արձակուած Իսրայելացիներուն նման, անոնք հոգեւոր «երկիր» մը՝ կամ գործունէութեան ծիր մը՝ ժառանգեցին, ուր հոգեւոր դրախտ մը կը վայելեն։ (Եսայեայ 66։8) Այդ երկրին դրախտանման հոգեւոր գեղեցկութիւնը բնաւ պիտի չթառամի, քանի որ վաղեմի Իսրայէլին հակառակը, Աստուծոյ Իսրայէլը որպէս ազգ բնա՛ւ անհաւատարիմ պիտի չըլլայ։ Անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը երբեք պիտի չդադրին Աստուծոյ անուան պատիւ բերելէ։

15 Այդ հոգեւոր ազգին բոլոր անդամները նոր ուխտին մէջ բերուած են։ Բոլորին սրտին մէջ Եհովայի օրէնքը գրուած է, եւ Եհովա, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, իրենց մեղքերը ներած է։ (Երեմեայ 31։31-34) Ան զիրենք արդար կը յայտարարէ որպէս «որդիներ», եւ անոնց հետ կը վարուի որպէս թէ կատարեալ ըլլային։ (Հռովմայեցիս 8։15, 16, 29, 30) Անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն մեղքերը ներուած են Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ եւ, Աբրահամի նման, հաւատքով արդար յայտարարուած են որպէս Աստուծոյ բարեկամներ։ Անոնք ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։ Այս ուրիշ ոչխարները այլ յատկանշական օրհնութեան մը կը սպասեն։ ‘Մեծ նեղութենէն’ վերապրելէ յետոյ, կամ յարուցանուելէ յետոյ, անոնք Եսայեայ 60։21–ի խօսքերուն կատարումը պիտի տեսնեն, երբ ամբողջ աշխարհը դրախտ մը պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 7։14. Հռովմայեցիս 4։1-3) Այդ ժամանակ, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11, 29

Յաւելումը կը Շարունակուի

16. Եհովա ի՞նչ արտակարգ խոստում մը ըրաւ, եւ անիկա ի՛նչպէս կատարուած է։

16 Եսայեայ 60–րդ գլուխին վերջին համարին մէջ, Եհովայի ըրած վերջին խոստումը կը կարդանք։ Ան Սիօնի կ’ըսէ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) Մեր օրերուն, Եհովա իր խոստումը յարգած է։ Երբ օծեալ Քրիստոնեաները գործունէութեան վերադարձան 1919–ին, անոնք սակաւաթիւ՝ «պզտիկ»՝ էին։ Անոնց թիւը աւելցաւ երբ յաւելեալ հոգեւոր Իսրայելացիներ բերուեցան։ Ապա՝ ուրիշ ոչխարները սկսան խուժել հետզհետէ աւելի մեծ թիւերով։ Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղ վիճակը, իրենց ‘երկրին’ մէջ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր դրախտը, ա՛յնքան շատ պարկեշտ սրտով անհատներ հրապուրած է, որ «պզտիկը» իրապէս «մեծ ազգ» մը եղած է։ Ներկայիս, Աստուծոյ Իսրայէլէն եւ աւելի քան վեց միլիոն նուիրուած «օտարականներու որդիներ»էն բաղկացած այս «ազգ»ը, աշխարհի շատ մը ինքնավար պետութիւններէ աւելի բազմամարդ է։ (Եսայեայ 60։10) Անոր բոլոր քաղաքացիները Եհովայի լոյսը փայլեցնելու կը մասնակցին եւ ասիկա զիրենք կը գեղեցկացնէ իր աչքին։

17. Եսայեայ 60–րդ գլուխին քննարկութիւնը ի՞նչպէս ազդեց ձեզի։

17 Արդարեւ, Եսայեայ 60–րդ գլուխին ուշագրաւ կէտերը նկատի առնելը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Մխիթարական է տեսնել թէ ա՛յսքան ժամանակ առաջ, Եհովա գիտէր որ իր ժողովուրդը հոգեւոր գերութեան պիտի երթար եւ ապա պիտի վերահաստատուէր։ Մեզ կ’ապշեցնէ թէ ա՛յսքան ժամանակ առաջ, Եհովա նախագուշակած էր մեր օրերուն տեղի ունեցող ճշմարիտ երկրպագուներու թիւին յաւելումը։ Ասկէ զատ, որքա՜ն մխիթարական է յիշել թէ Եհովա մեզ բնաւ պիտի չլքէ։ Որքա՜ն սիրալիր է այն երաշխիքը թէ «քաղաք»ին դռները միշտ բաց պիտի մնան, դիմաւորելու համար «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» եղողները։ (Գործք 13։48) Եհովա պիտի շարունակէ իր լոյսը ծագեցնել իր ժողովուրդին վրայ։ Սիօն պիտի շարունակէ հպարտ զգալու պատճառ մը ըլլալ, մինչ իր զաւակները իրենց լոյսը աւելի ու աւելի կը փայլեցնեն։ (Մատթէոս 5։16) Վստահաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած ենք Աստուծոյ Իսրայէլին մօտիկ մնալ եւ Եհովայի լոյսը արտացոլացնելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ գուրգուրալ։

Կրնա՞ք բացատրել

• Հակառակութեան նկատմամբ, ի՞նչ բանէ վստահ ենք։

• Սիօնի զաւակները ի՞նչպէս ‘ազգերուն կաթը ծծած են’։

• Եհովա ի՞նչպէս ‘փայտերու տեղ՝ պղինձ բերած է’։

• Ո՞ր երկու յատկութիւնները աչքառու դարձուած են Եսայեայ 60։17, 21–ի մէջ։

• Ի՞նչպէս ‘պզտիկը մեծ ազգ եղած է’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 30]

ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ—Լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար

Այս յօդուածներուն պարունակութիւնը 2001/2002–ի ընթացքին դասախօսութեամբ մը ներկայացուեցաւ «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին մէջ։ Դասախօսութեան վերջաւորութեան, շատ մը վայրերու մէջ, դասախօսը ծանուցանեց նոր գրականութեան մը լոյս տեսնելը, որուն բնաբանն է՝ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար, Հատոր Բ.։ Նախորդ տարին, Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար, Հատոր Ա.–ը լոյս տեսած էր։ Այս նոր գրականութեան հրատարակութեամբ, ներկայիս մատչելի կ’ըլլայ Եսայեայ գրքին գրեթէ բոլոր համարներուն այժմէական քննարկութիւնը։ Այս հատորները մեծապէս կ’օգնեն որ հաւատք ներշնչող Եսայիի մարգարէական գրքին հանդէպ մեր հասկացողութիւնն ու գնահատութիւնը խորանան։

[Նկարներ՝ էջ 27]

Բիրտ հակառակութեան դիմաց, ‘Եհովա իր ժողովուրդը փրկութիւնով կը զարդարէ’

[Նկարներ՝ էջ 28]

Աստուծոյ ծառաները ազգերուն նիւթական աղբիւրները կը գործածեն մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար

[Նկար՝ էջ 29]

Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է կազմակերպչական յառաջդիմութեամբ ու խաղաղութեամբ