Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորական օրինակին հետեւեցէք

Թագաւորական օրինակին հետեւեցէք

Թագաւորական օրինակին հետեւեցէք

«Այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը . . . թող գրքի մը մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 17։18, 19

1. Քրիստոնեայ մը որո՞ւ նման ըլլալ կրնայ փափաքիլ։

ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ չէ որ դուք ձեզ թագաւորի կամ թագուհիի մը հետ համեմատէք։ Ո՞ր հաւատարիմ Քրիստոնեան եւ Աստուածաշունչի աշակերտը կրնայ երեւակայել որ թագաւորական հեղինակութեամբ կը վարուի, ինչպէս՝ հաւատարիմ Դաւիթ, Յովսիա, Եզեկիա կամ Յովսափատ թագաւորները։ Սակայն, կրնաք եւ պէտք է անոնց նման ըլլաք, առնուազն մէկ մասնայատուկ մարզի մէջ։ Ի՞նչ է անիկա։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է ուզէք անոնց նման ըլլալ այդ մարզին մէջ։

2, 3. Եհովա ի՞նչ նախատեսեց մարդկային թագաւորի մը առնչութեամբ, եւ այսպիսի թագաւոր մը ի՞նչ պէտք էր ընէր։

2 Մովսէսի օրերուն, Աստուած Իսրայելացիներուն մարդկային թագաւոր մը ունենալու հաւանութիւն տալէն շատ առաջ, նախատեսեց թէ Իր ժողովուրդին մէջ թագաւոր մը ունենալու փափաքը պիտի արթննար։ Հետեւաբար, ան ներշնչեց Մովսէսը որ Օրէնքի ուխտին մէջ ասոր վերաբերեալ հրահանգներ պարփակէր։ Ասոնք թագաւորական հրահանգներ էին, թագաւորի մը ուղղուած ցուցմունքներ։

3 Աստուած ըսաւ. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես . . . ու ըսես՝ ‘Իմ բոլորտիքս եղող ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ դնել’, անպատճառ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր դի՛ր. . . . Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ»։—Բ. Օրինաց 17։14-19

4. Թագաւորներու վերաբերեալ Աստուծոյ հրահանգները ի՞նչ կը պարփակէին։

4 Այո, իր երկրպագուներուն համար Եհովայի ընտրած թագաւորը պէտք էր ընդօրինակէր գրութիւններ, որոնք ձեր Աստուածաշունչին մէջ կրնաք գտնել։ Ապա թագաւորը ամէն օր կրկին անգամ այդ օրինակէն պէտք էր կարդար։ Ասիկա յիշողութիւնը զօրացնելու վարժութիւն մը չէր։ Այլ՝ ուսումնասիրութիւն էր, եւ օգտաշատ նպատակ մը ունէր։ Որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը ունենար, թագաւորը պէտք էր այսպիսի ուսումնասիրութեան մը ետեւէ ըլլար, սրտի շիտակ կեցուածք մը մշակելու եւ պահելու համար։ Ան նաեւ պէտք էր ուսումնասիրէր այդ ներշնչուած գրքերը, որպէսզի յաջողակ ու ներատես թագաւոր մը ըլլար։—Դ. Թագաւորաց 22։8-13. Առակաց 1։1-4

Թագաւորի մը Նման Սորվեցէք

5. Դաւիթ Թագաւոր Աստուածաշունչի ո՞ր մասերը ունէր ընդօրինակելու ու կարդալու համար, եւ ան այս մասին ի՞նչպէս զգաց։

5 Երբ Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ասիկա իրմէ ի՞նչ պահանջեց։ Ան պէտք էր Հնգամատեանի գրքերուն (Ծննդոց, Ելից, Ղեւտացւոց, Թուոց, Բ. Օրինաց) մէկ օրինակը գրի առնէր։ Պահ մը խորհեցէք թէ Օրէնքին մէկ օրինակը գրելու համար իր աչքերն ու ձեռքերը գործածելը, Դաւիթի սրտին ու մտքին վրայ ի՜նչ մեծ տպաւորութիւն ձգած պէտք էր ըլլար։ Հաւանաբար, Մովսէս գրած էր Յոբայ գիրքը ինչպէս նաեւ 90 եւ 91–րդ Սաղմոսները։ Արդեօք Դաւիթ ասոնք ալ ընդօրինակե՞ց։ Թերեւս։ Հաւանաբար Յեսուայ, Դատաւորաց եւ Հռութայ գրքերն ալ իրեն մատչելի էին։ Ուստի, կրնաք տեսնել թէ Դաւիթ Թագաւոր Աստուածաշունչէն բաւարար մասեր ունէր, զանոնք ընթերցելու եւ իւրացնելու համար։ Եւ պատճառ ունիք հաւատալու թէ ան ասիկա ըրաւ, ինչպէս ցոյց կու տան Աստուծոյ Օրէնքին մասին իր խօսքերը, որոնք այժմ կը գտնուին Սաղմոս 19։7-11–ի մէջ։

6. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս իր նախահօր՝ Դաւիթի նման Սուրբ Գրութիւններով հետաքրքրուած էր։

6 Մեծագոյն Դաւիթը՝ Յիսուս, Դաւիթի Որդին, նման օրինակի մը հետեւեցաւ։ Յիսուս սովորութիւն ունէր ամէն շաբաթ տեղական ժողովարանը երթալու։ Հոն ան մտիկ կ’ընէր Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութեան եւ մեկնաբանութեան։ Ասկէ զատ, առիթով մը Յիսուս անձամբ հանրապէս Աստուծոյ Խօսքէն բարձրաձայն կարդաց եւ անոր կիրարկումը բացատրեց։ (Ղուկաս 4։16-21) Դիւրաւ կրնաք ըմբռնել որ ան Սուրբ Գրութիւններուն քաջածանօթ էր։ Պարզապէս կարդացէք Աւետարանները, եւ նկատի առէք թէ Յիսուս ո՛րքան յաճախ կ’ըսէր՝ «գրուած է», կամ այլ կերպերով ակնարկում կ’ընէր Սուրբ Գրութիւններու որոշ հատուածներու։ Օրինակ, իր Լերան Քարոզին մէջ, ըստ Մատթէոսի արձանագրութեան, Յիսուս 21 անգամ մէջբերեց Եբրայերէն Գրութիւններէն։—Մատթէոս 4։4-10. 7։29. 11։10. 21։13. 26։24, 31. Յովհաննու 6։31, 45. 8։17

7. Յիսուս ի՞նչպէս տարբեր էր կրօնական առաջնորդներէն։

7 Յիսուս հետեւեցաւ Սաղմոս 1։1-3–ի խրատին. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր . . . հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ . . . Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր էր իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն կեցուածքէն, որոնք ‘Մովսէսին աթոռը նստած էին’, սակայն, «Աստուծոյ օրէնք»ը զանց կ’ընէին։—Մատթէոս 23։2-4

8. Ինչո՞ւ Հրեայ կրօնական առաջնորդները Աստուածաշունչը ընթերցելէն եւ ուսումնասիրելէն օգուտ մը չքաղեցին։

8 Սակայն, ոմանք կրնան շփոթիլ հատուածի մը նկատմամբ, որ կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս թէ Յիսուս չի քաջալերեր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը։ Յովհաննու 5։39, 40–ի մէջ, կը կարդանք թէ Յիսուս իր օրուան կարգ մը մարդոց ըսաւ. «Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն. եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք»։ Այս խօսքը ըսել չ’ուզեր թէ Յիսուս իր Հրեայ ունկնդիրները չէր քաջալերեր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Այլ, անոնց կեղծաւոր կամ անհաստատ ըլլալը կը քօղազերծէր։ Անոնք կը գիտակցէին թէ Սուրբ Գրութիւնները կրնային զիրենք յաւիտենական կեանքի առաջնորդել, սակայն, նոյն այդ իրենց քննած Գրութիւնները պէտք էր զիրենք Մեսիային՝ Յիսուսի՝ առաջնորդէին։ Այսուհանդերձ, անոնք մերժեցին զինք ընդունիլ։ Հետեւաբար, ուսումնասիրելը ո՛չ մէկ օգուտ բերաւ, քանի որ անկեղծ եւ սորվելու ատակ չէին։—Բ. Օրինաց 18։15. Ղուկաս 11։52. Յովհաննու 7։47, 48

9. Առաքեալները եւ վաղեմի մարգարէները ի՞նչ լաւ օրինակ մը հանդիսացան։

9 Պարագան որքա՜ն տարբեր էր Յիսուսի աշակերտներուն հետ, ի ներառեալ առաքեալները։ Անոնք ուսումնասիրեցին ‘սուրբ գրքերը, որոնք կրնան անհատը իմաստուն ընել փրկուելու’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Այս բանին մէջ անոնք նախկին մարգարէներուն նման էին, որոնք «փնտռեցին ու քննեցին»։ Այս մարգարէները այդ պրպտումը քանի մը ամիս կամ տարի մը տեւող խտացուած ուսումնասիրութիւն մը չնկատեցին։ Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ թէ անոնք «շարունակեցին քննել», մանաւանդ՝ Քրիստոսի եւ մարդկութիւնը փրկելու մէջ իր դերին հետ առնչուած փառքին մասին։ Իր առաջին նամակին մէջ, Պետրոս 34 անգամ մէջբերեց Աստուածաշունչի տասը գրքերէ։—Ա. Պետրոս 1։10, ՆԱ, 11

10. Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ։

10 Ուստի, բացայայտօրէն, Աստուծոյ Խօսքին բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը վաղեմի Իսրայէլի թագաւորներուն տրուած թագաւորական նշանակում մըն էր։ Յիսուս այս օրինակին հետեւեցաւ։ Զայն ուսումնասիրելը նաեւ ձեռնարկ մըն էր անոնց համար, որոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ որպէս թագաւորներ պիտի իշխէին։ (Ղուկաս 22։28-30. Հռովմայեցիս 8։17. Բ. Տիմոթէոս 2։12. Յայտնութիւն 5։10. 20։6) Այս թագաւորական օրինակը նո՛յնքան անհրաժեշտ է բոլոր անոնց համար, որոնք երկրի վրայ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ օրհնութիւններ կ’ակնկալեն։—Մատթէոս 25։34, 46

Ձեռնարկ մը Թագաւորներուն եւ Ձեզի Համար

11. (ա) Ուսումնասիրութեան նկատմամբ Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ վտանգ գոյութիւն ունի։ (բ) Լաւ կ’ընենք եթէ մենք մեզի ո՞ր հարցումները հարցնենք։

11 Անկեղծօրէն ու շեշտակի կրնանք ըսել թէ իւրաքանչիւր ճշմարիտ Քրիստոնեայ պէտք է անձամբ քննէ Աստուածաշունչը։ Ասոր կարիքը կայ ո՛չ միայն երբ առաջին անգամ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք Եհովայի Վկաներուն հետ։ Իւրաքանչիւրս պէտք է վճռենք խուսափիլ Պօղոսի օրուան կարգ մը անհատներուն նմանելէ, որոնք ժամանակի ընթացքին անձնական ուսումնասիրութիւնը անտեսեցին։ Անոնք «Աստուծոյ սրբազան պատգամներուն առաջին սկզբունքները» սորվեցան, ինչպէս՝ «Քրիստոսին վրայով հիմնական ուսուցումները»։ Սակայն, իրենց ուսումնասիրութիւնը չշարունակեցին եւ հետեւաբար ‘հասունութեան չդիմեցին’։ (Եբրայեցիս 5։12–6։3, ՆԱ) Ուստի, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ի՞նչպէս կը զգամ Աստուծոյ Խօսքը անձնապէս ուսումնասիրելու նկատմամբ, ըլլայ քրիստոնէական ժողովքին կարճ ժամանակէ ի վեր կ’ընկերակցիմ թէ՝ տասնամեակներէ ի վեր։ Պօղոս աղօթեց որ իր օրուան Քրիստոնեաները շարունակեն «Աստուծոյ գիտութեան մէջ աճիլ»։ Ցոյց կու տա՞մ թէ միեւնոյն փափաքը ունիմ’։—Կողոսացիս 1։9, 10

12. Ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ շարունակաբար խանդաղատանք ունենալը կարեւոր է։

12 Ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ ունենալու բանալիներէն մէկը՝ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խանդաղատանք մշակելն է։ Սաղմոս 119։14-16–ը, Աստուծոյ Խօսքին վրայ կանոնաւորաբար ու նպատակալից կերպով խոկալուն կ’ակնարկէ, որպէս միջոց մը անկէ հաճոյք առնելու։ Դարձեալ, ասիկա ճիշդ է առանց նկատի առնելու թէ որքան ատենէ ի վեր Քրիստոնեայ մըն էք։ Ասիկա ընդգծելու համար, մտաբերեցէք Տիմոթէոսի օրինակը։ Թէեւ այս Քրիստոնեայ երէցը արդէն կը ծառայէր որպէս ‘Քրիստոսի բարի զինուոր մը’, սակայն Պօղոս յորդորեց զինք որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’ մէջ ջանք ընէ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։3, 15. Ա. Տիմոթէոս 4։15) Բացայայտօրէն, ձեր ‘ջանք ընելուն’ մէջ պարփակուած է ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ ունենալ։

13. (ա) Ի՞նչպէս կարելի է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար աւելի ժամանակ յատկացնել։ (բ) Ի՞նչ բարեճշդումներ կրնաք ընել որ ուսումնասիրութեան համար աւելի ժամանակ շահիք։

13 Ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացնելու քայլերէն մէկը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար կանոնաւորաբար ժամանակ յատկացնելն է։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ ըրած էք։ Ձեր պարկեշտ պատասխանը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կը խորհի՞ք թէ կրնաք օգտուիլ եթէ անձնական ուսումնասիրութեան համար աւելի ժամանակ յատկացնէք։ Թերեւս հարց տաք. ‘Ի՞նչպէս կրնամ անոր համար ժամանակ կարգադրել’։ Լաւ, ոմանք Աստուածաշունչի իրենց ազդու ուսումնասիրութեան ժամանակը աւելցուցած են, առաւօտները քիչ մը կանուխ արթննալով։ Անոնք 15 վայրկեան Աստուածաշունչը կը կարդան, կամ անձնական ուսումնասիրութեան ծրագրի մը վրայ կ’աշխատին։ Ուրիշ կարելիութիւն մը տանք. Կրնա՞ք ձեր շաբաթական յայտագրին մէջ չնչին փոփոխութիւն մը մտցնել։ Օրինակ, եթէ սովորութիւն ունիք շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը օրաթերթ կարդալու կամ հեռատեսիլի երեկոյեան լուրերը դիտելու, կարելի՞ է շաբաթը միայն մէկ օր ասիկա չընել։ Կրնաք այդ օրը ժամանակը գործածել Աստուածաշունչի յաւելեալ ուսումնասիրութիւն ընելու համար։ Եթէ մէկ օր լուրերը չդիտէք, եւ շուրջ 30 վայրկեան անձնական ուսումնասիրութեան տրամադրէք, տարեկան աւելի քան 25 ժամ շահած կ’ըլլաք։ Երեւակայեցէք յաւելեալ 25 ժամ Աստուածաշունչ կարդալուն կամ ուսումնասիրելուն օգուտները։ Ահաւասիկ ուրիշ գաղափար մը. Յաջորդ շաբաթ, իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան ձեր գործունէութիւնները վերլուծեցէք։ Տեսէք եթէ կրնաք գտնել բան մը որ կարելի է ջնջել կամ կրճատել, Աստուածաշունչը կարդալու կամ ուսումնասիրելու աւելի ժամանակ տրամադրելու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16

14, 15. (ա) Անձնական ուսումնասիրութեան վերաբերեալ նպատակակէտեր դնելը ինչո՞ւ կարեւոր է։ (բ) Աստուածաշունչը ընթերցելու առնչութեամբ ի՞նչ հաւանական նպատակակէտեր կան։

14 Ի՞նչ բան ուսումնասիրութիւնը ձեզի համար աւելի դիւրին եւ աւելի հաճելի պիտի դարձնէ։ Նպատակակէտերը։ Ուսումնասիրութեան ի՞նչ իրապաշտ նպատակակէտեր կրնաք դնել։ Շատերու համար, առաջին հիանալի նպատակակէտը լման Աստուածաշունչը կարդալ է։ Թերեւս մինչեւ հիմա, որոշ առիթներով Աստուածաշունչէն մասեր կարդացած էք, եւ օգտուած էք։ Այժմ կրնա՞ք վճռել լման Աստուածաշունչը կարդալ։ Ասիկա իրագործելու համար, ձեր սկզբնական նպատակակէտը կրնայ ըլլալ չորս Աւետարանները կարդալ. որուն կը յաջորդէ երկրորդ նպատակակէտ մը, ինչպէս՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մնացեալ մասը կարդալ։ Անգամ մը որ ասկէ առթած գոհունակութիւնը եւ օգուտները վայելէք, ձեր յաջորդ նպատակակէտը կրնայ ըլլալ յաջորդաբար ընթերցել Մովսէսի գրքերը եւ պատմական գրքերը, մինչեւ Եսթերայ գիրքը։ Ասիկա իրագործելէ յետոյ, պիտի տեսնէք թէ Աստուածաշունչին մնացեալ մասերը ամբողջացնելը իրապաշտ նպատակակէտ մըն է։ Կին մը, որ շուրջ 65 տարեկան էր երբ Քրիստոնեայ մը եղաւ, իր Աստուածաշունչին ներսի կողքին վրայ գրեց այն թուականը երբ սկսաւ զայն կարդալ, իսկ ետքը արձանագրեց աւարտելու թուականը։ Այժմ ան հինգ զոյգ թուական ունի։ (Բ. Օրինաց 32։45-47) Իսկ փոխանակ համակարգիչի մը պաստառէն կամ անոր միջոցաւ տպուած էջէն ընթերցելու, ան ի՛ր Աստուածաշունչը կը գործածէր։

15 Անհատներ որոնք Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կարդալու նպատակակէտին արդէն հասած են, ուրիշ քայլեր կ’առնեն իրենց ուսումնասիրութիւնը աւելի եւս արդիւնաբեր ու վարձահատոյց դարձնելու համար։ Ասիկա ընելու կերպ մըն է՝ սուրբ գրային գիրք մը ընթերցելէ առաջ, անոր ուսումնասիրութեան սատարող տեղեկութիւններ կարդալ։ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» եւ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութիւններուն մէջ, կրնաք հոյակապ տեղեկութիւններ գտնել Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գրքին պատմական ենթահողին, ոճին եւ հաւանական օգուտներուն մասին։ *

16. Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու նկատմամբ, որո՞նց օրինակին հետեւելէ պէտք է խուսափինք։

16 Ձեր ուսումնասիրութեան ընթացքին, բազմաթիւ այդպէս կոչուած Աստուածաշունչի ուսումնականներու որդեգրած մօտեցումէն խուսափեցէք։ Անոնք չափազանց կը կեդրոնանան համարները վերլուծելու վրայ, որպէս թէ Աստուածաշունչը մարդկային ծագում ունեցած ըլլար։ Ոմանք կը փորձեն իւրաքանչիւր գրքին որոշ ընթերցողներ որոշել, կամ՝ երեւակայել նպատակ մը եւ ենթադրեալ տեսակէտ մը, որ իւրաքանչիւր գրքի մարդկային հեղինակը ի մտի ունէր։ Այսպիսի մարդկային տրամաբանութեան ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ Աստուածաշունչի գրքերը նկատել պարզապէս պատմական գրքեր, կամ կրօնքի վերաբերեալ նոր գաղափարներ զարգացնող գրքեր։ Այլ ուսումնականներ իրենք զիրենք կը սպառեն բառեր ուսումնասիրելով, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի գրականութեան լեզուաբանութիւնը։ Անոնք չափազանց կը զբաղին բառերու ծագումը ուսումնասիրելով եւ անոնց Եբրայերէն ու Յունարէն իմաստները դասելով, քան՝ Աստուծոյ պատգամին նշանակութեամբ։ Կը խորհի՞ք թէ այսպիսի մօտեցումներ կրնան խոր ու խթանիչ հաւատք ներշնչել։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

17. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ պէտք է նկատենք բոլոր մարդոց համար պատգամ մը ունեցող գիրք մը։

17 Ուսումնականներու եզրակացութիւնները վաւերակա՞ն են։ Ճի՞շդ է այն տեսակէտը թէ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գիրք միայն մէկ կեդրոնական գաղափար ունի կամ միայն որոշ ընթերցողներու ուղղուած է։ (Ա. Կորնթացիս 1։19-21) Իրականութիւնը այն է թէ Աստուծոյ Խօսքին գրքերը ամէ՛ն տարիքի ու ենթահողի պատկանող մարդոց համար մնայուն արժէք ունին։ Նոյնիսկ եթէ գիրք մը սկիզբը մէկ անհատի ուղղուած էր, ինչպէս՝ Տիմոթէոսի կամ Տիտոսի, կամ՝ որոշ խումբի մը, թերեւս Գաղատացիներուն կամ Փիլիպպեցիներուն, բոլորս ալ կրնանք եւ պէտք է ուսումնասիրենք այդ գրքերը։ Անոնք իւրաքանչիւրիս համար կարեւոր են, եւ տուեալ գիրք մը կրնայ բազմաթիւ նիւթեր ծեծել եւ շատ մը ընթերցողներու օգտակար ըլլալ։ Այո, Աստուածաշունչին պատգամը տիեզերական է, ինչ որ կ’օգնէ հասկնալու թէ անիկա ինչո՛ւ թարգմանուած է աշխարհի չորս ծագերուն մէջ գտնուող մարդոց լեզուներով։—Հռովմայեցիս 15։4

Օգտակար՝ Ձեզի եւ Ուրիշներուն

18. Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդաք, ի՞նչ բաներու վրայ պէտք է խոկաք։

18 Մինչ կ’ուսումնասիրէք, պիտի նկատէք թէ շատ օգտակար է Աստուածաշունչը հասկնալը, ինչպէս նաեւ՝ քննելը թէ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն ի՛նչպէս առնչուած է միւսին հետ։ (Առակաց 2։3-5. 4։7) Իր Խօսքին միջոցաւ Եհովայի յայտնած բաները, սերտօրէն առնչուած են իր նպատակին հետ։ Ուստի, մինչ կը կարդաք, իրողութիւններն ու խրատները այդ նպատակին հետ առնչեցէք։ Թերեւս խոկաք թէ որոշ դէպք մը, գաղափար մը կամ մարգարէութիւն մը ի՛նչպէս կապ ունի Եհովայի նպատակին հետ։ Դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Ասիկա Եհովայի մասին ի՞նչ կ’ըսէ։ Անիկա ի՞նչ կապ ունի իր Թագաւորութեան միջոցաւ իրագործուած Աստուծոյ նպատակին հետ’։ Նաեւ կրնաք խորհրդածել. ‘Ի՞նչպէս կրնամ այս տեղեկութիւնը գործածել։ Կրնա՞մ զայն գործածել ուրիշներու սորվեցնելու կամ խրատելու համար, հիմնուելով Սուրբ Գրութիւններուն վրայ’։—Յեսուայ 1։8

19. Ո՞վ կ’օգտուի երբ ձեր սորված բաները ուրիշներուն կը պատմէք։ Բացատրեցէք։

19 Ուրիշներով հետաքրքրուած ըլլալը այլ կերպով ալ օգտակար է։ Աստուածաշունչի ձեր ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան ընթացքին, նոր բաներ պիտի սորվիք ու խոր հասկացողութիւն ձեռք պիտի ձգէք։ Փորձեցէք զանոնք պարփակել ձեր ընտանիքի անդամներուն կամ ուրիշներուն հետ ձեր ունեցած շինիչ խօսակցութիւններուն մէջ։ Եթէ ասիկա յարմար ատեն մը եւ համեստութեամբ ընէք, անտարակոյս այսպիսի զրոյցներ վարձահատոյց պիտի ըլլան։ Ձեր սորված բաները կամ հետաքրքրական գտած կէտերը անկեղծօրէն ու խանդավառութեամբ պատմելը, հաւանաբար զանոնք աւելի տպաւորիչ պիտի դարձնէ ուրիշներուն։ Ասկէ աւելի, անձնապէս դուք պիտի օգտուիք։ Ի՞նչ կերպով։ Մասնագէտներ նկատած են թէ անհատ մը իր սորված, կարդացած կամ ուսումնասիրած նիւթը աւելի երկար ատեն կը յիշէ, եթէ իր մտքին մէջ տակաւին թարմ եղած ժամանակը զայն գործածէ կամ կրկնէ, ինչպէս՝ ուրիշներուն պատմելով։ *

20. Աստուածաշունչը կրկին անգամ կարդալը ինչո՞ւ օգտակար է։

20 Ամէն անգամ որ Աստուածաշունչի գրքերէն մէկը կը կարդաք, վստահաբար նոր տեղեկութիւններ պիտի սորվիք։ Ձեզ պիտի տպաւորեն հատուածներ, որոնք նախապէս ձեր սրտին չէին խօսած։ Անոնք նոր իմաստ մը պիտի ստանան։ Ասիկա պէտք է շեշտէ թէ Աստուածաշունչի գրքերը պարզապէս մարդկային երկեր չեն, այլ՝ ձեր կրկնակի ուսումնասիրութեան եւ օգտին յարմարող գանձեր են։ Մտաբերեցէք. թագաւոր մը, ինչպէս Դաւիթ, պէտք էր զայն ‘կարդար իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’։

21. Աստուծոյ Խօսքին ձեր ուսումնասիրութիւնը աւելցնելով ի՞նչ վարձատրութիւններ կրնաք ակնկալել։

21 Այո, Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութեան ժամանակ յատկացնողները մեծապէս կ’օգտուին։ Անոնք հոգեւոր գոհարներ ու խոր հասկացողութիւններ ձեռք կը ձգեն։ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը աւելի զօրաւոր ու աւելի մտերիմ կը դառնայ։ Անոնք նաեւ երթալով աւելի արժէքաւոր կը դառնան ընտանեկան անդամներուն, քրիստոնէական ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ անոնց համար որոնք տակաւին Եհովայի երկրպագուներ պիտի ըլլան։—Հռովմայեցիս 10։9-14. Ա. Տիմոթէոս 4։16

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Ուսումնասիրութեան օժանդակող այս գրքերը հրատարակուած են Եհովայի Վկաներուն կողմէ եւ մատչելի են բազմաթիւ լեզուներով։

^ պարբ. 19 Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 21-22։

Կը յիշէ՞ք

• Իսրայէլի թագաւորները ի՞նչ պէտք էր ընէին։

• Յիսուս եւ իր առաքեալները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նկատմամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։

• Ի՞նչ բարեճշդումներ կրնաք ընել, անձնական ուսումնասիրութեան աւելի ժամանակ տրամադրելու համար։

• Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպիսի մտավիճակով պէտք է ուսումնասիրէք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 15]

«Մեր ձեռքերուն մէջ»

«Եթէ . . . Աստուածաշունչի համաբարբառ մը կ’ուզենք, Ինթըրնէթէն լաւ գործիք մը չենք կրնար գտնել։ Բայց եթէ կ’ուզենք Աստուածաշունչը կարդալ, ուսումնասիրել, անոր մասին մտածել, անոր վրայ խոկալ, պէտք է զայն մեր ձեռքերուն մէջ ունենանք, քանի որ ասիկա զայն մեր մտքին ու սրտին մէջ մտցնելու միակ կերպն է»։—Կէրթրուտ Հիմըլֆարպ, համբաւաւոր պատուակալ ուսուցչապետ, Սիթի Համալսարան, Նիւ Եորք։