Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խուսափեցէ՛ք խաբուելէ

Խուսափեցէ՛ք խաբուելէ

Խուսափեցէ՛ք խաբուելէ

ԽԱԲԵԲԱՅՈՒԹԻՒՆԸ գրեթէ մարդկութեան սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունի։ Արձանագրուած պատմութեան առաջին դէպքերէն մէկը խաբէութեան արարք մըն էր։ Անիկա պատահեցաւ երբ Սատանան Եդեմի Պարտէզին մէջ Եւան խաբեց։—Ծննդոց 3։13. Ա. Տիմոթէոս 2։14

Թէեւ այդ օրէն ի վեր չէ եղած ժամանակ մը երբ խաբեբայութիւնը երկրի վրայ լայնատարած եղած չէ, սակայն անիկա յատկապէս համատարած է ներկայիս։ Մեր օրերուն ակնարկելով, Աստուածաշունչը զգուշացուց. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։—Բ. Տիմոթէոս 3։13

Մարդիկ կը խաբուին զանազան պատճառներով։ Խաբեբաներ ու դրամաշորթներ իրենց զոհերը կը խաբեն, անոնց դրամը շորթելու համար։ Կարգ մը քաղաքագէտներ իրենց քուէարկուները կը խաբեն, վճռած ըլլալով ամէն գնով իրենց պաշտօնը պահել։ Մարդիկ նոյնիսկ իրենք զիրենք կը խաբեն։ Փոխանակ անախորժ ճշմարտութիւններ դիմագրաւելու, անոնք իրենք զիրենք կը համոզեն թէ վտանգաւոր սովորութիւններ հետապնդելու մէջ վնաս չկայ, ինչպէս՝ ծխելը, թմրեցուցիչ գործածելը, կամ սեռային անբարոյութիւնը։

Նաեւ կայ կրօնական հարցերու մէջ խաբեբայութիւնը։ Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները ժողովուրդը կը խաբէին։ Այդ խաբեբաներուն մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։ (Մատթէոս 15։14) Ասկէ զատ, մարդիկ իրենք զիրենք կը խաբեն կրօնական հարցերու նկատմամբ։ Առակաց 14։12–ը կ’ըսէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։

Ինչպէս Յիսուսի օրերուն, ներկայիս ալ կրօնական հարցերու մէջ շատեր խաբուած են, եւ ասիկա զարմանալի չէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Սատանան «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։—Բ. Կորնթացիս 4։4

Եթէ դրամաշորթ մը մեզ խաբէ, մեր դրամը կը կորսնցնենք։ Եթէ քաղաքագէտ մը մեզ խաբէ, մեր ազատութենէն մաս մը կը կորսնցնենք։ Սակայն, եթէ Սատանան մեզ խաբէ, այնպէս որ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը մերժենք, յաւիտենական կեանքը կը կորսնցնենք։ Ուստի, խուսափեցէ՛ք խաբուելէ։ Ձեր միտքն ու սիրտը բացէք կրօնական ճշմարտութեան միակ անվիճելի աղբիւրին՝ Աստուածաշունչին։ Այլապէս, շատ բան պիտի կորսնցնէք։—Յովհաննու 17։3