Մարդկութեան խնդիրները երբեք վերջ պիտի գտնե՞ն
Մարդկութեան խնդիրները երբեք վերջ պիտի գտնե՞ն
«ԱՇԽԱՐՀԻ բնակչութեան մէկ չորրորդը աղքատութեան մէջ կ’ապրի, 1.3 միլիառը օրական 1 տոլարէն նուազ եկամուտով կ’ապրուի, 1 միլիառը անուս է, 1.3 միլիառը ապահով խմելիք ջուր չունի եւ 1 միլիառը ամէն օր անօթի է»։ Այսպէս կ’ըսէ Իրլանտայէն եկած տեղեկագրութիւն մը աշխարհի վիճակին մասին։
Ի՜նչ ցաւալի ամբաստանութիւն մը, աշխարհի խնդիրներուն մնայուն լուծումներ գտնելու մարդու անկարողութեան մասին։ Այս խնդիրները աւելի ողբերգական կը թուին, երբ գիտակցինք թէ այդ տեղեկագրութեան մէջ նկարագրուած անհատներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անպաշտպան կիներ ու երախաներ են։ Սարսափելի չէ՞ որ նոյնիսկ հիմա, ԻԱ. դարուն, բազմաթիւ անհատներու իրաւունքները կը շարունակուին «ոտնակոխուիլ ամէն օր»։—Աշխարհի Երախաներուն Վիճակը՝ 2000–ին
‘Նոր Աշխարհ մը՝ Մէկ Սերունդի Մէջ’
Միացեալ Ազգերու Երախաներու Հիմնադրամը վստահութիւն յայտնած է թէ ‘երկրի տարածքին այս գէշ վերաբերմունքներուն պատճառած յուսահատ կացութիւնը կրնայ վերցուիլ’։ Այս կազմակերպութիւնը կ’ըսէ թէ այն ահռելի պայմանները որոնց կը տոկան միլիառաւոր դժբախտներ, «ո՛չ անխուսափելի եւ ոչ անփոփոխելի» են։ Իրականութեան մէջ, անիկա կոչ ուղղած է որ «բոլոր մարդիկ նոր աշխարհ մը յառաջ բերեն՝ մէկ սերունդի մէջ»։ Այս կազմակերպութիւնը կը յուսայ որ անիկա ըլլայ աշխարհ մը՝ որուն մէջ բոլոր մարդկութիւնը պիտի «ազատագրուի աղքատութենէ ու խտրականութենէ, վայրագութենէ ու հիւանդութենէ»։
Այսպիսի զգացական կարծիքներ արտայայտող անհատներ կը քաջալերուին այն իրողութենէն, թէ նոյնիսկ հիմա հոգածու անհատներ հսկայական աշխատանք կը տանին մեղմացնելու համար «պայքարներու ու տագնապներու երեւութապէս անվերջ շարքի մը» տխուր հետեւանքները։ Օրինակ, վերջին 15 տարիներու ընթացքին, Չէրնոպիլի Երախաներու Ծրագիրը «օգնած է մեղմացնելու հիւլէական շողարձակումի հետեւանքով քաղցկեղներէ բռնուած հարիւրաւոր երախաներու տառապանքը»։ (Այրիշ Էկզէմինըր, 4 Ապրիլ 2000) Մարդասիրական մեծ ու պզտիկ գործակալութիւններ վստահաբար մեծապէս կը նպաստեն պատերազմէ ու աղէտէ ազդուած անհամար անհատներու կեանքը բարելաւելու։
Այսուհանդերձ, այսպիսի մարդասիրական ջանքեր թափող անհատները իրապաշտ են։ Անոնք գիտեն թէ դիմագրաւուած խնդիրները «աւելի համատարած եւ խորապէս արմատ կապած են, քան տասնամեակ մը առաջ»։ Իրլանտական բարեսիրական Հիմնարկին գլխաւոր գործադիրը՝ Տէյվիտ Պէկ, կ’ըսէ թէ «անձնակազմը, համակիրները եւ նուիրատուները սքանչելիօրէն ընդառաջեցին», երբ աղիտալի հեղեղ մը Մոզամպիկը հարուածեց։ «Սակայն», կ’աւելցնէ ան, «մեծ տարողութիւն ունեցող այսպիսի աղէտներու հետ չենք կրնար առանձին գլուխ ելլել»։ Ափրիկէի մէջ կատարուող օժանդակութիւններուն նկատմամբ, ան անկեղծօրէն կը խոստովանի. «Մնացեալ յոյսի քանի մը մոմերը արդէն մարելու վրայ են»։ Շատեր կը խորհին թէ անոր խօսքերը ճշգրտօրէն կ’ամփոփեն նաեւ համաշխարհային կացութիւնը։
Կրնա՞նք իրապաշտօրէն ակնկալել որ յուսացուած ‘նոր աշխարհը՝ մէկ սերունդի մէջ’ տեսնենք։ Թէեւ մարդասիրական ընթացիկ ջանքերը իրապէս գովելի են, սակայն, վստահաբար տրամաբանական է նկատի առնել արդար ու խաղաղ նոր աշխարհի մը ուրիշ մէկ հեռանկարը։ Աստուածաշունչը կը մատնանշէ այդ հեռանկարը, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]
Page 3, children։ UN/DPI Photo by James Bu