Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկութեան խնդիրները շուտով վերջ պիտի գտնեն

Մարդկութեան խնդիրները շուտով վերջ պիտի գտնեն

Մարդկութեան խնդիրները շուտով վերջ պիտի գտնեն

«ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ օժանդակութիւնը սահմանափակ արժէք կ’ունենայ, եթէ անիկա մաս չկազմէ համապարփակ ծրագրի մը եւ չվայելէ քաղաքական աջակցութիւն, որուն նպատակն է պայքարին արմատական պատճառները լուծել։ Կրկին անգամ, փորձառութիւնը ցոյց տուած է թէ մարդասիրական օժանդակութիւնը առանձին չի կրնար լուծել խնդիրներ, որոնք հիմնականօրէն քաղաքական բնոյթ ունին»։—Աշխարհի Գաղթականներուն Վիճակը՝ 2000–ին

Հակառակ մարդասիրական մեծ օժանդակութիւններու, մարդկութեան խնդիրները անողոք կերպով կ’աճին։ Քաղաքական մնայուն լուծում մը գտնելու համար որքա՞ն հաւանականութիւն կայ։ Իրականութեան մէջ, շատ քիչ։ Սակայն, ուրիշ ո՞ւր կրնանք դիմել։ Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին սկիզբը, իմաստալից հատուածի մը մէջ, Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչպէս վերջ պիտի դնէ մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն։ Ան նոյնիսկ կը նշէ ասիկա ընելու համար Աստուծոյ գործածելիք գործակալութիւնը. գործակալութիւն մը՝ որ ներկայիս մեզ հարուածող բոլոր խնդիրներուն բուն պատճառները ձեռք պիտի առնէ։ Ինչո՞ւ չքննէք Պօղոսի ըսածը։ Հատուածը կը գտնուի Եփեսացիս 1։3-10–ի մէջ։

«Ամէն Բան Բովանդակել Քրիստոսով»

Առաքեալը կ’ըսէ թէ Աստուծոյ նպատակն է ինչ որ կը կոչէ՝ ‘ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութիւնը [կամ՝ գործերու վարչութիւնը]’։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ Աստուած ժամանակ որոշած է, երբ գործի պիտի լծուի այնպէս մը որ «ամէն բան [«դարձեալ», ՆԱ] բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ (Եփեսացիս 1։10) Այո, Աստուած գործի լծած է վարչութիւն մը, որպէսզի երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն բան դարձեալ ներդաշնակութեան մէջ բերէ, եւ՝ ուղղակի Իր հակակշռին տակ։ Հետաքրքրականօրէն, հոս ‘դարձեալ բովանդակէ’ թարգմանուած արտայայտութեան նկատմամբ, Աստուածաշունչի ուսումնական Ճ. Հ. Թէյըր կը նշէ. «Դարձեալ իրեն համար հաւաքել . . . բոլոր բաները եւ արարածները (ցարդ՝ մեղքով բաժնուած), զանոնք միացնելով Քրիստոսով»։

Ասիկա կը նշէ թէ Աստուած հարկը տեսած է ասիկա ընելու, ի տես սկիզբը ծագած անմիաբանութեան։ Մարդկային պատմութեան սկիզբը, մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, Բանսարկու Սատանային միանալով Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան։ Անոնք ուզեցին անկախ ըլլալ, իրենք իրենց համար որոշելու թէ ի՛նչն է բարին ու ի՛նչը՝ չար։ (Ծննդոց 3։1-5) Աստուծոյ արդարութեան համաձայն, անոնք Աստուծոյ ընտանիքէն վտարուեցան եւ իր բարեկամութիւնը կորսնցուցին։ Անոնք մարդկութիւնը մխրճեցին անկատարութեան մէջ, որուն ահռելի հետեւանքներէն կը տառապինք ներկայիս։—Հռովմայեցիս 5։12

Ամբարշտութեան Ժամանակաւոր Թոյլտուութիւն

Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ անոնք ասիկա ընեն։ Ինչո՞ւ պարզապէս իր գերագոյն զօրութիւնը չգործածեց եւ իր կամքը չպարտադրեց, առաջքը առնելով մեր ներկայ վշտին ու տառապանքին’։ Այս կերպով մտածելը կրնայ բնական ըլլալ։ Սակայն, այսպիսի ջախջախիչ ոյժ մը գործածելը ի՞նչ պիտի փաստէ։ Մէկու մը հանդէպ բարձր համարում կ’ունենա՞ք կամ կը հաւնի՞ք մէկը որ հազիւ թէ անհամաձայնութիւն մը ծագի պարզապէս կը ճզմէ որեւէ հակառակութիւն, քանի որ ասիկա ընելու զօրութիւնը ունի։ Վստահաբար ո՛չ։

Այդ ըմբոստները Աստուծոյ ամենակալ զօրութեան ասպարէզ չկարդացին։ Անոնք յատկապէս ասպարէզ կարդացին իր իշխելու կերպին իրաւացի ու արդար ըլլալուն դէմ։ Յարուցուած հիմնական հարցերը միանգամընդմիշտ լուծելու համար, Եհովա թոյլ տուաւ որ իր արարածները սահմանափակ ժամանակ մը իրենք զիրենք կառավարեն առանց իր ուղղակի միջամտութեան։ (Ժողովողի 3։1. Ղուկաս 21։24) Երբ այդ ժամանակը լրանայ, ան պիտի միջամտէ, երկիրը դարձեալ իր լման հակակշռին տակ առնելու համար։ Մինչ այդ, շատ բացայայտ եղած պիտի ըլլայ թէ իր իշխելու կերպը միակ կերպն է որ երկրի բնակիչներուն մնայուն խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ բարգաւաճութիւն կ’երաշխաւորէ։ Այն ատեն աշխարհի բոլոր հարստահարիչները յաւիտեան պիտի վերցուին։—Սաղմոս 72։12-14. Դանիէլ 2։44

«Աշխարհի Սկիզբէն Առաջ»

Եհովա վաղուց նպատակադրեց այս բոլորը ընել։ Պօղոս կ’ըսէ. «Աշխարհի սկիզբէն առաջ»։ (Եփեսացիս 1։4) Ասիկա երկրի կամ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործութենէն առաջ չէր։ Այդ աշխարհը «շատ բարի» էր, եւ այն ատեն ըմբոստութիւն չէր ծագած։ (Ծննդոց 1։31) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ «աշխարհի» մասին կը խօսէր։ Ադամի ու Եւայի զաւակներուն աշխարհը. փրկուելու հեռանկարը ունեցող մեղաւոր ու անկատար մարդկային աշխարհը։ Ոեւէ զաւակ չծնած, Եհովա արդէն գիտէր թէ հարցերը ի՛նչպէս ձեռք պիտի առնէր, Ադամի փրկուելու արժանի եղող զաւակներուն հանգստութիւն հայթայթելու համար։—Հռովմայեցիս 8։20

Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ տիեզերքի Գերիշխանը հարցերը ձեռք կ’առնէ մարդոց նման։ Մարդիկ գիտակցելով թէ անակնկալ պարագայ մը կրնայ ծագիլ, մանրամասնուած զանազան ռազմավարութիւններ կը հնարեն, զայն ձեռք առնելու համար։ Սակայն, ամենակալ Աստուած պարզապէս իր նպատակը կը յայտնէ եւ զայն կը կատարէ։ Այսուհանդերձ, Պօղոս կը բացատրէ թէ Եհովա ի՛նչպէս որոշեց հարցերը լուծել, մարդկութեան մնայուն հանգստութիւն բերելու համար։ Ի՞նչ էին այդ քայլերը։

Որո՞նք Հանգստութիւն Պիտի Բերեն

Պօղոս կը բացատրէ թէ հոգիէն օծուած Քրիստոսի աշակերտները մասնայատուկ դեր մը ունին Ադամական մեղքին պատճառած վնասը չէզոքացնելու մէջ։ Եհովա ‘մեզ [Քրիստոսով] ընտրեց’, կ’ըսէ Պօղոս, Քրիստոսի հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու համար։ Այս կէտը աւելի բացատրելով, Պօղոս կ’ըսէ թէ Եհովա «առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց»։ (Եփեսացիս 1։4, 5) Անշուշտ Եհովա զիրենք անհատապէս չընտրեց, կամ չսահմանեց։ Սակայն, ան հաւատարիմ ու նուիրեալ անհատներու դասակարգ մը սահմանեց, որ Քրիստոսի հետ պիտի մասնակցէր մարդկային ընտանիքին վրայ Բանսարկու Սատանայի, նաեւ Ադամի ու Եւայի բերած վնասը չէզոքացնելու։—Ղուկաս 12։32. Եբրայեցիս 2։14-18

Ի՜նչ հիանալի բան։ Սկիզբը Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ ասպարէզ կարդալով, Սատանան ըսել ուզեց թէ Աստուծոյ մարդկային ստեղծագործութիւնը թերի էր. այսինքն՝ երբ մարդիկ ճնշումի ենթարկուին կամ հրապուրուին, բոլորն ալ Աստուծոյ իշխանութեան դէմ կ’ըմբոստանան։ (Յոբայ 1։7-12. 2։2-5) «Իր փառաւոր շնորհք»ին շշմեցուցիչ ցուցադրութեամբ, Եհովա Աստուած ժամանակի ընթացքին իր երկրային ստեղծագործութեան հանդէպ իր վստահութիւնը ցոյց տուաւ, Ադամի մեղաւոր ընտանիքէն ոմանք որդեգրելով, իր հոգեւոր զաւակները ըլլալու համար։ Այս փոքր խումբին անդամները երկինք պիտի առնուէին հոն ծառայելու համար։ Ի՞նչ նպատակով։—Եփեսացիս 1։3-6. Յովհաննու 14։2, 3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16. Ա. Պետրոս 1։3, 4

Աստուծոյ այս որդեգիրները, կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ, «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ը կը դառնան, իր երկնային Թագաւորութեան մէջ։ (Հռովմայեցիս 8։14-17) Որպէս թագաւորներ ու քահանաներ, անոնք պիտի մասնակցին մարդկային ընտանիքը վշտէն ու տառապանքէն ազատագրելու։ (Յայտնութիւն 5։10) Արդարեւ, «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ Սակայն շուտով, մասնայատուկ կերպով ընտրուած Աստուծոյ այս որդիները, Յիսուս Քրիստոսի հետ գործի պիտի լծուին, եւ բոլոր հնազանդ մարդիկը «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով», անգամ մը եւս «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։18-22

«Փրկութիւն Ունինք»

Այս բոլորը կարելի եղած են Աստուծոյ անարժան ողորմութեան ամենատպաւորիչ ու ամենավեհ արտայայտութեան միջոցաւ, որ ցուցաբերուած է փրկուելու արժանի եղող այս մարդկային աշխարհին հանդէպ. անիկա Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութիւնն է։ Պօղոս կը գրէ. «Որով [Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը»։Եփեսացիս 1։7

Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ գլխաւոր դէմքն է։ (Եբրայեցիս 2։10) Իր փրկանքի զոհը կը հայթայթէ օրինական հիմը, որպէսզի Եհովա Ադամի զաւակներէն ոմանք որդեգրէ իր երկնային ընտանիքին մէջ եւ մարդկութիւնը հանգստացնէ Ադամական մեղքի հետեւանքներէն, առանց Իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ վստահութիւնը խախտելու։ (Մատթէոս 20։28. Ա. Տիմոթէոս 2։6) Եհովա հարցերը այնպիսի կերպով մը ձեռք առած է, որ իր արդարութիւնը վեր կը պահէ եւ կատարեալ արդարութեան պահանջները կը գոհացնէ։—Հռովմայեցիս 3։22-26

Աստուծոյ «Խորհուրդը»

Հազարաւոր տարիներ, Աստուած յստակօրէն չյայտնեց թէ երկրի նկատմամբ իր նպատակը ի՛նչպէս պիտի իրագործէր։ Հ.Դ. առաջին դարուն, ան Քրիստոնեաներուն ‘յայտնեց իր կամքին խորհուրդը’։ (Եփեսացիս 1։9) Պօղոս եւ իր հաւատակից օծեալ Քրիստոնեաները յստակօրէն հասկցան Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ Յիսուս Քրիստոսի նշանակուած փառաւոր դերը։ Անոնք նաեւ սկսան ըմբռնել իրենց մասնայատուկ դերը՝ որպէս Քրիստոսի ժառանգակիցներ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ։ (Եփեսացիս 3։5, 6, 8-11) Այո, Յիսուս Քրիստոսի ու իրեն ընկերակցող իշխանակիցներուն յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, այն գործակալութիւնն է որ Աստուած պիտի գործածէ մնայուն խաղաղութիւն բերելու, ո՛չ միայն երկնքի մէջ, այլ նաեւ՝ երկրի վրայ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Անոր միջոցաւ, Եհովա այս երկիրը պիտի վերադարձնէ այն վիճակին, որ սկիզբը նպատակադրած էր։—Եսայեայ 45։18. 65։21-23. Գործք 3։21

Երկիրը ամէն տեսակ հարստահարութենէ ու անիրաւութենէ մաքրելու համար ուղղակիօրէն գործի լծուելու Իր որոշուած ժամանակը մօտ ապագային է։ Սակայն, իրականութեան մէջ Եհովա վերահաստատման գործընթացը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Ի՞նչպէս։ Այդ ատեն սկսաւ հաւաքել ‘ինչ որ երկինքը կայ’, անոնք որոնք երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն։ Ասոնց մէջ կը պարփակուին Եփեսացի Քրիստոնեաները։ (Եփեսացիս 2։4-7) Աւելի ետք, մեր ժամանակներուն, Եհովա կը հաւաքէ «ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ (Եփեսացիս 1։10) Համաշխարհային քարոզչական արշաւի մը միջոցաւ, ան բոլոր ազգերուն կը գիտցնէ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր թագաւորական կառավարութեան մասին բարի լուրը։ Ընդառաջողները հիմա իսկ կը հաւաքուին հոգեւոր պաշտպանութեան ու բուժման վայրի մը մէջ։ (Յովհաննու 10։16) Շուտով, մաքրուած դրախտ երկրի մը վրայ, անոնք ամէն անիրաւութենէ ու տառապանքէ բոլորովին պիտի ազատագրուին։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 11։18

Կեղեքուած մարդկութեան օգնելու համար մարդասիրական «բազմաթիւ հիանալի յառաջդիմութիւններ» կատարուած են։ (Աշխարհի Երախաներուն Վիճակը՝ 2000–ին) Այսուհանդերձ, ամենէն հիանալի յառաջդիմութիւնը պիտի ըլլայ այն մօտալուտ միջամտութիւնը որ Քրիստոս Յիսուս եւ իր իշխանակիցները պիտի ընեն, երկնային թագաւորական կառավարութեան միջոցաւ։ Անոնք ամբողջովին ձեռք պիտի առնեն պայքարներու բոլոր հիմնական պատճառները եւ մեզ հարուածող բոլոր միւս չարիքները։ Անոնք մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն վերջ մը պիտի դնեն։—Յայտնութիւն 21։1-4

[Նկարներ՝ էջ 4]

Մարդասիրական օժանդակութիւնները մարդկութեան խնդիրները չեն լուծած

[Նկար՝ էջ 6]

Քրիստոսի փրկանքի զոհը Ադամական մեղքէն ազատագրութիւն հայթայթեց մարդկութեան

[Նկար՝ էջ 7]

Կարելի է ներկայիս հոգեւոր պաշտպանութիւն ու բուժում գտնել

[Նկարներ՝ էջ 7]

Շուտով, Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, բոլոր խնդիրներէն լիովին պիտի հանգստանանք