Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական բարոյականութիւնը սորվեցէք ու սորվեցուցէք

Քրիստոնէական բարոյականութիւնը սորվեցէք ու սորվեցուցէք

Քրիստոնէական բարոյականութիւնը սորվեցէք ու սորվեցուցէք

«Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 2։21

1, 2. Ի՞նչ պատճառներով կը փափաքիք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ուսումնասիրելու բազմաթիւ պատճառներ ունիք։ Հաւանաբար կը փափաքիք անոր մէջի իրողութիւնները գիտնալ. մարդոց, դէպքերու, վայրերու, եւ այլ բաներու մասին։ Կ’ուզէք գիտնալ վարդապետական ճշմարտութիւնը, որ հակառակն է կրօնական սուտերուն, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը կամ դժոխքի կրակը։ (Յովհաննու 8։32) Նաեւ պէտք է ուզէք աւելի մօտէն Եհովան ճանչնալ, որպէսզի կարենաք իրեն աւելի նմանիլ եւ իր առջեւ ուղղութեամբ քալել։—Գ. Թագաւորաց 15։4, 5

2 Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու յաւելեալ ու յատկանշական պատճառ մըն է՝ զինուիլ որ ուրիշներու սորվեցնէք. ձեր սիրելիներուն, ծանօթներուն, եւ նոյնիսկ՝ ձեզի անծանօթ եղողներուն։ Ճշմարիտ Քրիստոնեային համար ասիկա ընտրողական բան մը չէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20

3, 4. Ինչո՞ւ պատուարժան է որ ուսուցանէք, ինչպէս Յիսուս պատուիրեց։

3 Ուրիշներու սորվեցնելու փափաքով Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը պատուական է, եւ կրնայ մնայուն գոհունակութեան աղբիւր մը ըլլալ։ Ուսուցանելը միշտ նկատուած է յարգարժան պաշտօն մը։ Ինքարթա Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Հրեաներուն մէջ, չափահասներէն շատեր ուսուցիչները կը նկատէին փրկութեան առաջնորդներ, եւ անոնք երախաները կը յորդորէին որ իրենց ուսուցիչները իրենց ծնողներէն աւելի պատուեն»։ Յատկապէս պատուարժան է որ Քրիստոնեաներ նախ իրե՛նք սորվին Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ապա ուրիշներուն սորվեցնեն։

4 «Մարդիկ ամենէն շատ ուսուցչութեամբ կը զբաղին։ Համայն աշխարհի մէջ, շուրջ 48 միլիոն ուսուցիչ–ուսուցչուհիներ կան»։ (Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա) Աշխարհիկ ուսուցիչ մը պատասխանատու է անչափահասներուն սորվեցնելու, եւ անոնց վրայ իր ազդեցութիւնը կրնայ տարիներ մնալ։ Այս ազդեցութիւնը շատ աւելի երկարատեւ է, երբ կը հնազանդիք ուրիշներու սորվեցնելու Յիսուսի պատուէրին. կրնաք անոնց յաւիտենական ապագային ազդել։ Պօղոս առաքեալ ասիկա աչքառու դարձուց, երբ Տիմոթէոսը յորդորեց՝ ըսելով. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Այո, ձեր ուսուցումը փրկութեան հետ առնչուած է։

5. Քրիստոնէական ուսուցումը ինչո՞ւ ամենավեհ գործունէութիւնն է։

5 Ձեր անձին ապա ուրիշներուն սորվեցնելը վաւերացուած ու առաջնորդուած է մեծագոյն Աղբիւրին՝ տիեզերքի Գերիշխանին՝ կողմէ։ Ինքնին այս իրողութիւնը շատ աւելի վեհ կը դարձնէ ուսուցանելու այս մարզը քան աշխարհիկ որեւէ ուսուցանելու գործ, ըլլայ անիկա՝ նախակրթարանի յատուկ նիւթեր, արհեստի հմտութիւններ, կամ բժշկական մասնագիտութիւններ ուսուցանել։ Քրիստոնէական ուսուցումը կը նշանակէ թէ աշակերտը անձամբ սորվի Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ ընդօրինակել, եւ ուրիշներուն սորվեցնել որ նոյնը ընեն։—Յովհաննու 15։10

Ինչո՞ւ Մեր Անձին Սորվեցնենք

6, 7. (ա) Ինչո՞ւ նախ մեր անձին պէտք է սորվեցնենք։ (բ) Առաջին դարու Հրեաները ի՞նչ առումով թերացան որպէս ուսուցիչներ։

6 Ինչո՞ւ ըսուած է որ նախ մեր անձին սորվեցնենք։ Լաւ, չենք կրնար պատշաճօրէն ուրիշներուն սորվեցնել եթէ նախ մեր անձին չսորվեցնենք։ Պօղոս այս իրողութիւնը ընդգծեց միտք գրգռող հատուածով մը, որ այն ատեն Հրեաներուն համար իմաստ մը կը կրէր, սակայն ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար լուրջ պատգամ մը կը բովանդակէ։ Պօղոս հարցուց. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես [«տաճարնե՞րը կը կողոպտես», Երուսաղէմ]. որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս»։—Հռովմայեցիս 2։21-23

7 Պօղոս հռետորական հարցումներ գործածելով, երկու յանցագործութիւններ յիշեց, որոնք ուղղակիօրէն նշուած են Տասը Պատուիրաններուն մէջ. Գողութիւն մի՛ ըներ եւ շնութիւն մի՛ ըներ։ (Ելից 20։14, 15) Պօղոսի օրուան Հրեաներէն ոմանք Աստուծոյ Օրէնքը ունենալով հպարտ էին։ Անոնք ‘օրէնքէն խրատուած ըլլալով, իրենց անձին վրայ վստահութիւն ունէին՝ թէ կոյրերուն առաջնորդ են, խաւարածներուն՝ լոյս, անմիտներուն՝ խրատ տուող, տղայոց՝ վարժապետ’։ (Հռովմայեցիս 2։17-20) Սակայն, ոմանք կեղծաւոր էին, քանի որ գաղտնօրէն կը գողնային կամ շնութիւն կ’ընէին։ Ասիկա կ’անարգէր թէ՛ Օրէնքը եւ թէ երկինքը բնակող անոր Հեղինակը։ Կրնաք տեսնել թէ անոնք ուրիշներուն սորվեցնելու որակելի չէին. անոնք նոյնիսկ իրենց անձին չէին սորվեցներ։

8. Պօղոսի օրուան Հրեաներէն ոմանք հաւանաբար ի՞նչպէս ‘տաճարները կը կողոպտէին’։

8 Պօղոս յիշեց տաճարներ կողոպտելը։ Կարգ մը Հրեաներ բառացիօրէ՞ն տաճարներ կը կողոպտէին։ Պօղոս ի՞նչ բան ի մտի ունէր։ Անկեղծ ըլլալու համար, այս համարին մասին սահմանափակ տեղեկութիւն ունենալով, վստահ չենք թէ Հրեաներէն ոմանք ի՛նչպէս ‘տաճարներ կը կողոպտէին’։ Նախապէս, Եփեսոս քաղաքի ատենադպիրը յայտնեց թէ Պօղոսի ընկերակիցները «տաճար կողոպտողներ» չէին, ինչ որ կը թելադրէ թէ գոնէ ոմանք կը խորհէին թէ Հրեաները այդ ամբաստանութեան արժանի էին։ (Գործք 19։29-37) Արդեօք անոնք անձնապէ՞ս կը գործածէին կամ կը վաճառէին հեթանոսական տաճարներէ վերցուած թանկարժէք իրեր, որոնք կողոպտուած էին նուաճողներու կամ կրօնական նախանձայոյզներու կողմէ։ Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն, կուռքերու ոսկին ու արծաթը պէտք էր փճացուէին, անձնական գործածութեան համար անպատշաճ ըլլալով։ (Բ. Օրինաց 7։25) * Ուստի Պօղոս հաւանաբար կ’ակնարկէր այն Հրեաներուն, որոնք Աստուծոյ պատուէրը զանց կ’ընէին եւ հեթանոսական տաճարներէ առնուած իրեր կը գործածէին կամ կ’օգտագործէին։

9. Երուսաղէմի տաճարին հետ առնչուած ի՞նչ սխալ արարքներ տաճարը կողոպտելու համահաւասար կրնային ըլլալ։

9 Միւս կողմէ, Յովսեպոս խօսեցաւ չորս Հրեաներու կողմէ Հռովմի մէջ պատահած խայտառակութեան մը մասին, ղեկավարը ըլլալով Օրէնքի ուսուցիչ մը։ Այս չորսը համոզեցին Հռովմէացի կին մը՝ Հրեայ նորահաւատ մը՝ որ իր ոսկին ու այլ թանկարժէք իրերը իրենց յանձնէ, Երուսաղէմի տաճարին որպէս նուիրատուութիւն։ Անմիջապէս որ իրենց ձեռքը անցան, զանոնք գործածեցին իրենց անձնական շահերուն համար. առումով մը՝ տաճարը կողոպտելով։ * Ուրիշներ ձեւով մը Աստուծոյ տաճարը կը կողոպտէին, արատաւոր զոհեր մատուցանելով եւ անոր մէջ ընչաքաղց առեւտուր յառաջ մղելով, տաճարը «աւազակներու այր»ի մը վերածելով։—Մատթէոս 21։12, 13. Մաղաքեայ 1։12-14. 3։8, 9

Քրիստոնէական Բարոյականութիւն Սորվեցուցէք

10. Հռովմայեցիս 2։21-23–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերուն ո՞ր միտք բանին մեզմէ պէտք չէ վրիպի։

10 Ի՛նչ որ ալ ըլլային առաջին դարուն տեղի ունեցած արարքները, որոնց Պօղոս ակնարկեց, ինչպէս՝ գողութիւն, շնութիւն եւ տաճարներ կողոպտել, թող որ իր խօսքերուն միտք բանին չանտեսենք։ Ան հարցուց. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ»։ Ուշադրութեան արժանի է թէ Պօղոսի յիշած օրինակները բարոյականութեան հետ առնչուած էին։ Առաքեալը հոս չկեդրոնացաւ Աստուածաշունչի վարդապետութիւններու կամ պատմութեան վրայ։ Անձին եւ ուրիշներու սորվեցնելը, որու Պօղոս ակնարկեց, քրիստոնէական բարոյականութեան հետ կապ ունէր։

11. Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրէք, ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայէք քրիստոնէական բարոյականութեան։

11 Հռովմայեցիս 2։21-23–ի մէջ յիշուած դասը կիրարկելը կը նշանակէ Աստուծոյ Խօսքէն քրիստոնէական բարոյականութիւն սորվիլ, մեր սորվածին համաձայն գործել, ապա ուրիշներուն սորվեցնել որ նոյնը ընեն։ Հետեւաբար, մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք, ուշադիր եղէք Եհովայի չափանիշներուն ակնարկող հատուածներուն, որոնց վրայ հիմնուած է ճշմարիտ քրիստոնէական բարոյականութիւնը։ Խոկացէք Աստուածաշունչին մէջ ձեր գտած խրատներուն ու դասերուն վրայ։ Ապա ձեր սորվածը քաջաբար գործադրեցէք։ Իրապէս, ասիկա ընելը քաջութիւն ու վճռակամութիւն կը պահանջէ։ Շա՜տ դիւրին է որ անկատար մարդիկ հնարեն չքմեղանքներ ու պատճառներ թէ ինչո՛ւ որոշ պարագայ մը թոյլ կու տայ կամ նոյնիսկ կը պահանջէ որ տուեալ կացութեան մը մէջ քրիստոնէական բարոյականութիւնը անտեսուի։ Թերեւս Պօղոսի նշած Հրեաները այսպիսի խորամանկ պատճառաբանութիւններ գործածելու մէջ փորձառու էին, որու նպատակն էր չքմեղացնել, կամ ուրիշները մոլորեցնել։ Սակայն, Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ քրիստոնէական բարոյականութիւնը պէտք չէ նսեմացուի կամ անտեսուի, ըստ անհատին յարմարութեան։

12. Շիտակ կամ սխալ վարքը ի՞նչպէս անդրադարձ կ’ունենայ Եհովա Աստուծոյ վրայ, եւ ասիկա ի մտի ունենալը ինչո՞ւ օգտակար է։

12 Առաքեալը ընդգծեց Աստուածաշունչին մէջ ձեր գտած բարոյականութիւնը սորվելու եւ ապա կիրարկելու գլխաւոր պատճառ մը։ Հրեաներուն սխալ ընթացքը Եհովայի վրայ գէշ անդրադարձ ունեցաւ. «[Դուն] որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս։ Վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն»։ (Հռովմայեցիս 2։23, 24) Նոյնն է պարագան այսօր. եթէ քրիստոնէական բարոյականութիւնը զանց ընենք, անոր Աղբիւրը կ’անարգենք։ Ընդհակառակը, եթէ Աստուծոյ չափանիշներուն սերտօրէն կառչինք, ասիկա Իր վրայ լաւ անդրադարձ կ’ունենայ, զինք պատուելով։ (Եսայեայ 52։5. Եզեկիէլ 36։20) Ասոր գիտակցիլը կրնայ ձեր վճռակամութիւնը զօրացնել, երբ փորձութիւններ կամ կացութիւններ դիմագրաւէք, ուր քրիստոնէական բարոյականութիւնը զանց ընելը կրնայ ամենադիւրին կամ յարմարագոյն ընթացքը թուիլ։ Ասկէ զատ, Պօղոսի խօսքերը ուրիշ բան մըն ալ կը սորվեցնեն մեզի։ Անձնապէս գիտակցելէ զատ թէ ձեր վարքը Աստուծոյ վրայ անդրադարձ կ’ունենայ, երբ ուրիշներու կը սորվեցնէք, անոնց օգնեցէք որ տեսնեն թէ իրենց սորված բարոյական չափանիշները գործադրելը ի՛նչպէս անդրադարձ կ’ունենայ Եհովայի վրայ։ Քրիստոնէական բարոյականութիւնը ո՛չ միայն գոհունակութիւն կը յառաջացնէ եւ անհատին առողջութիւնը կը պաշտպանէ, այլ նաեւ՝ այդ բարոյականութիւնը հայթայթող եւ զայն քաջալերող Անձին վրայ անդրադարձ կ’ունենայ։—Սաղմոս 74։10. Յակոբու 3։17

13. (ա) Աստուածաշունչը բարոյականութեան առնչութեամբ մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ։ (բ) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7–ի մէջ գտնուող խրատին բուն կէտը տուէք։

13 Բարոյականութիւնը ուրիշներու ալ կ’ազդէ։ Ասիկա կրնաք տեսնել Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող օրինակներէն, որոնք ցոյց կու տան Աստուծոյ բարոյական չափանիշները կիրարկելուն արժէքը եւ զանոնք անտեսելուն հետեւանքները։ (Ծննդոց 39։1-9, 21. Յեսուայ 7։1-25) Նաեւ կրնաք գտնել բարոյականութեան մասին այսպիսի բացայայտ խրատներ, ինչպէս՝ «Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։ Չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ [«իր եղբօր իրաւունքներուն վնաս հասցնէ եւ անոնցմէ զրկէ զինք», ՆԱ], . . . վասն զի Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7

14. Դուք ձեզի ի՞նչ հարցումներ կրնաք հարցնել Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7–ի մէջ գտնուող խրատին նկատմամբ։

14 Գրեթէ ամէն ոք կրնայ այս հատուածէն եզրակացնել թէ սեռային անբարոյութիւնը քրիստոնէական բարոյականութիւնը կը բեկանէ։ Սակայն, կրնաք աւելի խորը թափանցել։ Կարգ մը համարներ ուսումնասիրութեան ու խորհրդածութեան դուռ կը բանան, որ աւելի խոր ու ճշգրիտ հասկացողութեան կ’առաջնորդէ։ Օրինակ, կրնաք խոկալ թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր, երբ ըսաւ թէ պոռնկութիւն ընելով անհատը կրնայ «իր եղբօր իրաւունքներուն վնաս հասցնել եւ անոնցմէ զրկել զինք»։ Ի՞նչ իրաւունքներու մասին կը խօսուի հոս, եւ ասիկա աւելի լաւ հասկնալը ի՞նչպէս յաւելեալ դրդապատճառ կու տայ որ քրիստոնէական բարոյականութիւնը պահէք։ Այսպիսի պրպտումի մը արդիւնքները ի՞նչպէս կրնան ձեզ աւելի զինել ուրիշներու սորվեցնելու եւ անոնց օգնելու որ Աստուած պատուեն։

Սորվեցնելու Նպատակով Ուսումնասիրեցէք

15. Ի՞նչ գործիքներ կրնաք գործածել, անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ ձեր անձին սորվեցնելու համար։

15 Եհովայի Վկաները գործիքներ ունին, զորս կը գործածեն պրպտումներ ընելու համար հարցումներու կամ հարցերու մասին, որոնք կը յարուցուին երբ իրենց անձին կամ ուրիշներուն սորվեցնելու համար կ’ուսումնասիրեն։ Բազմաթիւ լեզուներով մատչելի եղող գործիքներէն մէկը՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ն է։ Եթէ զայն ունիք, կրնաք գործածել Եհովայի Վկաներու Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններուն մէջ տեղեկութիւններ գտնելու համար։ Կրնաք փնտռել ըստ նիւթի, կամ ըստ Աստուածաշունչի համարներու ցանկին։ Դիտարանի Գրադարան–ը ուրիշ գործիք մըն է, որ շատ մը գլխաւոր լեզուներով մատչելի է Եհովայի Վկաներուն։ CD-ROM–ի վրայ այս համակարգչային ծրագիրը, գրականութիւններու մեծ հաւաքածոյ մը կը պարունակէ, ելեկտրոնական ձեւով։ Անիկա այնպէս մը ծրագրուած է որ անհատը կարող ըլլայ պրպտելու բնաբաններ եւ համարներու քննարկումներ։ Եթէ այս գործիքներէն մէկը կամ երկուքը մատչելի են ձեզի, զանոնք կանոնաւորաբար գործածեցէք մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրէք ուրիշներու սորվեցնելու համար։

16, 17. (ա) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։6–ի մէջ յիշուած իրաւունքներուն մասին ո՞ւր կրնանք լուսաբանութիւններ գտնել։ (բ) Պոռնկութիւնը ի՞նչ կերպերով ուրիշները կը զրկէ իրենց իրաւունքներէն։

16 Նկատի առնենք վերոյիշեալ օրինակը՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7–ն։ Հոս իրաւունքներու մասին հարցում մը ծագեցաւ։ Որո՞ւ իրաւունքները։ Եւ անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ անոնցմէ զրկուիլ։ Վերոյիշեալ ուսումնասիրութեան գործիքներով, հաւանաբար շատ մը լուսաբանութիւններ գտնէք այս համարներուն, նոյնիսկ Պօղոսի յիշած իրաւունքներուն մասին։ Կրնաք ասոնց մասին կարդալ՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 863-864. Իրական Խաղաղութիւն ու Ապահովութիւն—Ի՞նչպէս Կրնաք Գտնել, էջ 145. Դիտարան, 15 Նոյեմբեր 1989, էջ 31, Անգլերէն։

17 Ուսումնասիրութիւնը շարունակելով, պիտի տեսնէք թէ այդ գրականութիւնները ցոյց կու տան թէ Պօղոսի խօսքերը ո՛րքան ճշմարիտ են։ Պոռնիկ մը Աստուծոյ դէմ կը մեղանչէ եւ իր անձը հիւանդութիւններու ենթակայ կը դարձնէ։ (Ա. Կորնթացիս 6։18, 19. Եբրայեցիս 13։4) Պոռնկութիւն ընող մարդը, իր հետ մեղանչող կնոջ զանազան իրաւունքները կը խլէ։ Զայն կը զրկէ բարոյական մաքուր կեցուածք մը եւ բարի խղճմտանք մը ունենալէ։ Եթէ ամուրի է, զայն կը զրկէ ամուսնութեան մէջ որպէս կոյս մտնելու իր իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ անոր ապագայ ամուսինը կը զրկէ կոյսի մը հետ ամուսնանալու իրաւունքէն։ Ան կնոջ ծնողքին եւ անոր ամուսնոյն, եթէ ամուսնացած է, վիշտ կը պատճառէ։ Անբարոյ մարդը իր ընտանիքը կը զրկէ բարոյական մաքուր համբաւ մը ունենալու իրաւունքէն։ Եթէ ան քրիստոնէական ժողովքին մէկ անդամն է, զայն կը վարկաբեկէ, անոր համբաւին վնաս հասցնելով։—Ա. Կորնթացիս 5։1

18. Քրիստոնէական բարոյականութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն ի՞նչպէս կ’օգտուիք։

18 Իրաւունքներու մասին այսպիսի մեկնաբանութիւններ չե՞ն օգներ այս համարին խորը թափանցելու։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը, վստահաբար մեծ արժէք ունի։ Մինչ զայն կը շարունակէք, դուք ձեր անձին կը սորվեցնէք։ Աստուծոյ պատգամին ճշմարտութեան ու անոր զօրաւոր ազդեցութեան հանդէպ ձեր ըմբռնողութիւնը կ’աճի։ Քրիստոնէական բարոյականութեան կառչելու ձեր վճռակամութիւնը կը զօրացնէք, ի՛նչ փորձութիւն ալ ծագի։ Իսկ խորհեցէք թէ որպէս ուսուցիչ որքա՜ն աւելի ազդու կրնաք ըլլալ։ Օրինակ, մինչ ուրիշներու Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէք, կրնաք Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7–ի մասին ներատեսութիւն շնորհել, քրիստոնէական բարոյականութեան մասին անոնց հասկացողութիւնն ու գնահատութիւնը աւելցնելով։ Հետեւաբար, ձեր ուսումնասիրութիւնը կրնայ ձեզի ու շատերուն օգնել որ Աստուած պատուէք։ Հոս միայն մէկ օրինակ յիշեցինք՝ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակէն։ Քրիստոնէական բարոյականութեան շատ մը այլ երեսակներ եւ անոնց համապատասխանող բազմաթիւ սուրբ գրային օրինակներ ու խրատներ կան, զորս կրնաք ուսումնասիրել, կիրարկել եւ սորվեցնել։

19. Ինչո՞ւ կենսական է որ քրիստոնէական բարոյականութեան կառչիք։

19 Կասկած չկայ թէ ասիկա ընելը իմաստութիւն է։ Յակոբու 3։17–ն կ’ըսէ թէ «վերին [Եհովա Աստուծմէ եկած] իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է»։ Ասիկա բացայայտօրէն կը թելադրէ Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն հետեւիլ։ Իրականութեան մէջ, Եհովա կը պահանջէ որ Աստուածաշունչը սորվեցնելու մէջ զինք ներկայացնողները, ‘մաքրութեան մէջ’ լաւ օրինակներ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 4։12) Պօղոսի ու Տիմոթէոսի նման նախկին աշակերտներու կենցաղը ասիկա կ’ապացուցանէ. անոնք անբարոյութենէ խուսափեցան, Պօղոս նոյնիսկ գրեց. «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն, եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր»։—Եփեսացիս 5։3, 4

20, 21. Ինչո՞ւ կը համաձայնիք Յովհաննէս առաքեալի գրածներուն հետ, ինչպէս արձանագրուած են Ա. Յովհաննու 5։3–ի մէջ։

20 Մինչ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ներկայացուած բարոյական չափանիշները բացայայտ ու որոշակի են, անոնք ճնշիչ բեռ մը չեն։ Ասիկա յստակ էր Յովհաննէսի, ամենէն երկար ապրած առաքեալին։ Տասնեակ տարիներ իր նկատած բաներուն հիման վրայ, ան հասկցաւ թէ քրիստոնէական բարոյականութիւնը վնասակար չէր։ Ընդհակառակը, փաստուեցաւ որ անիկա լաւ, օգտաշատ եւ վարձահատոյց էր։ Յովհաննէս ասիկա ընդգծեց, գրելով. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն [«մեզ չեն ծանրաբեռներ», Նիու Ինկլիշ Թրէնսլէյշըն]»։—Ա. Յովհաննու 5։3

21 Սակայն, նկատի առէք թէ Յովհաննէս քրիստոնէական բարոյականութիւն պահելով Աստուծոյ հնազանդիլը որպէս լաւագոյն ընթացքը չներկայացուց պարզապէս քանի որ անիկա մեզ կ’ազատէ խնդիրներէ, զանցառու ըլլալու գէշ հետեւանքներէն։ Ան հարցերը պատշաճ կերպով դիտեց, նախ՝ գիտակցելով թէ Աստուծոյ հնազանդիլը Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն արտայայտութիւնն է, իրեն հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերելու թանկագին պատեհութիւն մը։ Իրապէս, մեր անձին կամ ուրիշներուն Աստուած սիրել սորվեցնելը կը պահանջէ որ ընդունինք ու կիրարկենք իր վեհ չափանիշները։ Այո, անիկա կը նշանակէ մեր անձին եւ ուրիշներուն քրիստոնէական բարոյականութիւն սորվեցնել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Մինչ Հրեաները կը ներկայացնէր որպէս սրբապղծութիւն չընողներ, Յովսեպոս Աստուծոյ Օրէնքը կրկնեց հետեւեալ կերպով. «Թող ո՛չ ոք հայհոյէ ուրիշ քաղաքներու մէջ պաշտուած չաստուածներուն, ո՛չ ալ օտար տաճարներ կողոպտէ, ո՛չ ալ ոեւէ չաստուծոյ անուան նուիրուած գանձ մը առնէ»։ (Շեղագիրը մեզմէ)։—Հնագիտութիւնք Հրէից, Գիրք Դ., գլուխ 8, պարբերութիւն 10։

^ պարբ. 9 Հնագիտութիւնք Հրէից, Գիրք ԺԸ., գլուխ 3, պարբերութիւն 5։

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ պէտք է ուսումնասիրենք, ուրիշներուն սորվեցնելէ առաջ մեր անձին սորվեցնելու համար։

• Մեր վարքը ի՞նչպէս կրնայ անդրադարձ ունենալ Եհովայի վրայ։

• Պոռնիկ մը զորո՞նք կրնայ իրենց իրաւունքներէն զրկել։

• Քրիստոնէական բարոյականութեան նկատմամբ ի՞նչ վճռած էք ընել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

«Անոր պատուիրանքները մեզ չեն ծանրաբեռներ»