Անոնք կը շարունակեն ճշմարտութեան մէջ քալել
Անոնք կը շարունակեն ճշմարտութեան մէջ քալել
«Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։—Գ. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4
1. ‘Աւետարանին ճշմարտութիւնը’ ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանայ։
ԵՀՈՎԱ կ’ընդունի միայն «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» զինք պաշտողները։ (Յովհաննու 4։24) Անոնք ճշմարտութեան կը հնազանդին, Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած քրիստոնէական ուսուցումներուն ամբողջութիւնը ընդունելով։ ‘Աւետարանին այս ճշմարտութիւնը’ կը կեդրոնանայ Յիսուս Քրիստոսի եւ Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման վրայ։ (Գաղատացիս 2։14) Աստուած թոյլ կու տայ որ «զօրաւոր մոլորութիւն մը» ազդէ ստութիւն նախընտրողներուն, սակայն, փրկութիւնը կախեալ է բարի լուրին հաւատք ընծայելէն եւ ճշմարտութեան մէջ քալելէն։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9-11. Եփեսացիս 1։13, 14
2. Յովհաննէս յատկապէս ի՞նչ բանի համար շնորհապարտ էր, եւ Գայիոսի հետ իր յարաբերութեան բնոյթը ի՞նչ էր։
2 Թագաւորութիւնը ծանուցանողները ‘ճշմարտութեան գործակիցներ’ են։ Յովհաննէս առաքեալի եւ իր բարեկամին՝ Գայիոսի նման, անոնք վճռակամօրէն կը կառչին ճշմարտութեան եւ անոր մէջ կը քալեն։ Գայիոսը ի մտի ունենալով, Յովհաննէս գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գ. Յովհաննու 3-8) Նոյնիսկ եթէ տարեց Յովհաննէս ճշմարտութիւնը Գայիոսի ներկայացուցած չէր, առաքեալին յառաջացած տարիքը, քրիստոնէական հասունութիւնը եւ հայրական խանդաղատանքը պատշաճ դարձուցին որ երեւութապէս աւելի երիտասարդ Գայիոսը նկատուի Յովհաննէսի հոգեւոր զաւակներէն մէկը։
Ճշմարտութիւնը եւ Քրիստոնէական Պաշտամունքը
3. Նախկին Քրիստոնեաներուն կողմէ գումարուած ժողովներուն նպատակն ու օգուտը ի՞նչ էին։
3 Ճշմարտութիւնը սորվելու համար, նախկին Քրիստոնեաները որպէս ժողովքներ կը հաւաքուէին, յաճախ անձնական տուներու մէջ։ (Հռովմայեցիս 16։3-5) Հոն անոնք քաջալերութիւն կը ստանային եւ զիրար սիրոյ եւ բարեգործութեան կը մղէին։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Հետագայ ժամանակներու դաւանեալ Քրիստոնեաներուն առնչութեամբ, Տերտուղիանոս (Հ.Դ. շուրջ 155-220–էն ետք) գրեց. «Կը հաւաքուինք Աստուծոյ գրքերը կարդալու . . . Այդ սուրբ խօսքերով մեր հաւատքը կը սնուցանենք, մեր յոյսը կը զօրացնենք, մեր վստահութիւնը կը հաստատենք»։—Apology, գլուխ ԼԹ.
4. Քրիստոնէական ժողովներուն երգեցողութիւնները ի՞նչ դեր խաղցած են։
4 Հաւանաբար երգեցողութիւնները քրիստոնէական ժողովներուն մաս կը կազմէին։ (Եփեսացիս 5։19. Կողոսացիս 3։16) Փրոֆէսէօր Հէնրի Չէտուիգ կը գրէ թէ երկրորդ դարու քննադատ Սեղիոս, դաւանեալ Քրիստոնեաներու գործածած մեղեդիները «ա՛յնքան գեղեցիկ գտաւ, որ իր վրայ անոնց ձգած զգացական ազդեցութենէն դժգոհեցաւ»։ Չէտուիգ կ’աւելցնէ. «Աղեքսանդրացի Կղեմէս առաջին Քրիստոնեայ գրողն է որ քննարկեց թէ ի՛նչ տեսակ երաժշտութիւն պատշաճ է քրիստոնէական գործածութեան համար։ Ան ուղղութիւն կու տայ որ անիկա տռփական պարերու երաժշտութեան նման պէտք չէ ըլլայ»։ (The Early Church [Նախկին Եկեղեցին], էջ 274-275) Ճիշդ ինչպէս նախկին Քրիստոնեաները ըստ երեւոյթին կ’երգէին երբ իրարու քով հաւաքուէին, նոյնպէս ալ Եհովայի Վկաները յաճախ կ’երգեն սուրբ գրային երգեցողութիւններ, որոնցմէ ոմանք Աստուած ու Թագաւորութիւնը կը մեծարեն։
5. (ա) Նախկին քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ հոգեւոր առաջնորդութիւնը ի՞նչպէս կը հայթայթուէր։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կիրարկած են Մատթէոս 23։8, 9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։
5 Նախկին քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ, Փիլիպպեցիս 1։1) Աստուծոյ Խօսքին ու սուրբ հոգիին ապաւինող կառավարիչ մարմին մը, հոգեւոր առաջնորդութիւն կը հայթայթէր։ (Գործք 15։6, 23-31) Կրօնական տիտղոսներ չէր գործածուեր, քանի որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրած էր. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 23։8, 9) Այս եւ շատ մը այլ կերպերով, նախկին Քրիստոնեաներուն եւ Եհովայի Վկաներուն միջեւ նմանութիւններ կան։
տեսուչներ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէին, եւ օգնական ծառաներ հաւատակիցներուն կ’օգնէին զանազան կերպերով։ (Հալածուած՝ Քանի որ Ճշմարտութիւնը կը Քարոզեն
6, 7. Խաղաղ պատգամ մը ծանուցանելով հանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ վերաբերմունքի հանդիպած են։
6 Թագաւորութեան խաղաղ պատգամը ծանուցանելով հանդերձ, նախկին Քրիստոնեաները Յիսուսի նման հալածուեցան։ (Յովհաննու 15։20. 17։14) Պատմաբան Ճոն Լ. ֆոն Մոշայմ, առաջին դարու Քրիստոնեաները կոչեց «ամենէն անվնաս ու խաղաղ մարդոցմէ բաղկացած խումբ մը, որոնք պետութեան բարօրութեան վնաս հասցնելու ո՛չ մէկ փափաք կամ գաղափար սնուցանած են իրենց մտքին մէջ»։ Տոքթ. Մոշայմ ըսաւ թէ այն բանը որ «Հռովմէացիները Քրիստոնեաներուն դէմ գրգռեց, անոնց պաշտամունքին պարզութիւնն էր, որ չէր նմաներ որեւէ ուրիշ ազգի սրբազան ծէսերուն»։ Ան աւելցուց. «Անոնք զոհեր, տաճարներ, պատկերներ, պատգամախօսարաններ, կամ քրմական դասակարգեր չունէին. իսկ ասիկա բաւարար էր անոնց վրայ տգէտ բազմութեան մը նախատինքները բերելու, որոնք կը կարծէին թէ առանց ասոնց կրօնք չկայ։ Հետեւաբար, Քրիստոնեաները տեսակ մը անաստուածներ կը նկատուէին. իսկ հռովմէական օրէնքներուն համաձայն, անաստուածութեամբ ամբաստանուած անհատները մարդկային ընկերութեան համաճարակը կը նկատուէին»։
7 Քուրմեր, արհեստաւորներ եւ ուրիշներ՝ որոնց ապրուստը կռապաշտութենէն կախեալ էր, ամբոխները կը հրահրէին Քրիստոնեաներուն դէմ, որոնք կռապաշտական սովորութիւններու չէին մասնակցեր։ (Գործք 19։23-40. Ա. Կորնթացիս 10։14) Տերտուղիանոս գրեց. «Անոնք Քրիստոնեաները կը նկատեն պետութեան բոլոր աղէտներուն եւ ժողովուրդին իւրաքանչիւր դժբախտութեան պատճառը։ Եթէ Դիպեր Գետը յորդի, եթէ Նեղոսը դաշտերը չոռոգէ, եթէ երկինքը չանձրեւէ կամ երկրաշարժ ըլլայ, եթէ սով տիրէ, եթէ պատուհաս մը հարուածէ, անմիջապէս աղաղակ կը բարձրանայ. ‘Քրիստոնեաները առիւծներուն նետեցէք’»։ Հետեւանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ‘ինքզինքնին կուռքերէն կը պահեն’։—Ա. Յովհաննու 5։21
Ճշմարտութիւնը եւ Կրօնական Տօները
8. Ճշմարտութեան մէջ քալողները ինչո՞ւ Ծնունդը չեն տօնակատարեր։
8 Ճշմարտութեան մէջ քալողները կը խուսափին սուրբ գրային չեղող տօներէ, քանի որ ‘լոյսը հաղորդակցութիւն չունի խաւարին հետ’։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18) Օրինակ, անոնք Դեկտեմբեր 25–ին Ծնունդը չեն տօներ։ The World Book Encyclopedia կը խոստովանի. «Ոեւէ անձ չի գիտեր Քրիստոսի ծնած ճիշդ թուականը»։ The Encyclopedia Americana (1956–ի Հրատարակութիւն) կ’ըսէ. «Դեկտեմբերի կիսուն տօնակատարուած հռովմէական տօնը՝ Սաթուրնալիա, որպէս օրինակ ծառայեց Ծնունդի տօնախմբութիւններուն հետ առնչուած շատ մը սովորութիւններուն»։ Մգլինթոքի ու Սթրոնկի Cyclopædia կը նշէ. «Ծնունդի տօնը պահելը աստուածային պատուէր մը չէ, ո՛չ ալ Նոր Կտակարանէն ծագում առած է»։ Իսկ Daily Life in the Time of Jesus (Առօրեան՝ Յիսուսի Ժամանակ) գիրքը դիտել կու տայ. «Հօտերը . . . ձմեռը կ’անցընէին ապահով վայրի մը մէջ. միայն ասկէ կարելի է տեսնել թէ Ծնունդի աւանդական թուականը՝ ձմրան, անհաւանական է որ ճիշդ ըլլայ, քանի որ Աւետարանը կ’ըսէ թէ հովիւները դաշտին մէջ էին»։—Ղուկաս 2։8-11
9. Եհովայի վաղեմի եւ այժմու ծառաները ինչո՞ւ խուսափած են Զատիկը տօնակատարելէ։
9 Զատիկը ենթադրաբար կը յիշատակէ Քրիստոսի յարութիւնը, սակայն, վստահելի աղբիւրներ զայն կ’առնչեն սուտ պաշտամունքի հետ։ The Westminster Dictionary of the Bible կ’ըսէ թէ Զատիկը «սկիզբէն, լոյսի ու գարնան Տեւտոնեան չաստուածուհիին ի պատիւ եղած գարնանային տօնախմբութիւնն էր, որ Անգլօ–Սաքսոներէնով ճանչցուած էր որպէս Իսթըր», կամ՝ Իօսթըր։ Ամէն պարագայի, Encyclopædia Britannica (11–րդ Հրատարակութիւն) կ’ըսէ. «Նոր Կտակարանին մէջ ո՛չ մէկ բան ցոյց կու տայ թէ Զատիկը կը տօնակատարուէր»։ Զատիկը նախկին Քրիստոնեաներուն կողմէ չէր տօնակատարուեր, ո՛չ ալ Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս զայն կը տօնակատարէ։
10. Յիսուս ի՞նչ տօնակատարութիւն հաստատեց, եւ որո՞նք պատշաճօրէն կը տօնակատարեն զայն։
10 Յիսուս իր հետեւորդներուն չպատուիրեց որ իր ծնունդը կամ իր յարութիւնը տօնեն, բայց ան իր զոհագործական մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Արդարեւ, ասիկա միակ դէպքն է որ իր աշակերտներուն պատուիրեց որ տօնեն։ (Ղուկաս 22։19, 20) Այս տարեկան առիթը, որ նաեւ կը կոչուի Տէրունական Ընթրիքը, տակաւին կը տօնակատարուի Եհովայի Վկաներուն կողմէ։—Ա. Կորնթացիս 11։20-26
Ճշմարտութիւնը Համայն Աշխարհի Մէջ Ծանուցանուած
11, 12. Ճշմարտութեան մէջ քալողները ի՞նչպէս միշտ թիկունք կանգնած են իրենց քարոզչական գործունէութեան։
11 Ճշմարտութիւնը ճանչցողները իրենց ժամանակը, կորովը եւ այլ միջոցներ բարի լուրի քարոզչութեան համար նուիրելը առանձնաշնորհում մը կը նկատեն։ (Մարկոս 13։10) Նախկին քրիստոնէական քարոզչութեան թիկունք կը կանգնէին սիրայօժար նուիրատուութիւնները։ (Բ. Կորնթացիս 8։12. 9։7) Տերտուղիանոս գրեց. «Նոյնիսկ եթէ տուփի ձեւով բան մը կայ, անոր մէջի դրամը վճարուած մուտքի սակ չէ, որպէս թէ կրօնքը համաձայնագիր մը ըլլար։ Ամիսը անգամ մը, ամէն անհատ համեստ գումար մը կը բերէ, կամ ե՛րբ որ փափաքի, եւ միայն եթէ փափաքի, եւ եթէ կրնայ. ոեւէ մէկը ստիպուած չէ. անիկա յօժարակամ ընծայ մըն է»։—Apology, գլուխ ԼԹ.
12 Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութիւնն ալ յօժարակամ նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Վկաներէն զատ, երախտագէտ հետաքրքրուած անհատներ ալ առանձնաշնորհում մը կը սեպեն իրենց նուիրատուութիւններով այս գործունէութեան թիկունք կանգնիլը։ Ահաւասիկ յաւելեալ նմանութիւն մը առաջին Քրիստոնեաներուն եւ Եհովայի Վկաներուն միջեւ։
Ճշմարտութիւնը եւ Անձնական Վարքը
13. Իրենց վարքին առնչութեամբ, Եհովայի Վկաները Պետրոսի ո՞ր խրատին սրտանց կ’անսան։
13 Որպէս ճշմարտութեան մէջ քալողներ, նախկին Քրիստոնեաները Պետրոս առաքեալի խրատին հնազանդեցան. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ (Ա. Պետրոս 2։12) Եհովայի Վկաները այս խօսքերուն սրտանց կ’անսան։
14. Անբարոյ զբօսանքի նկատմամբ քրիստոնէական տեսակէտը ի՞նչ է։
14 Նոյնիսկ հաւատուրացութիւնը ներս սպրդելէ ետք, անուանական Քրիստոնեաները անբարոյ գործունէութիւններէ խուսափեցան։ Եկեղեցական պատմութեան ուսուցչապետ Ու. Տ. Քիլլըն գրեց. «Երկրորդ ու երրորդ դարերուն, իւրաքանչիւր մեծ գիւղաքաղաքի թատրոնը բոլորին ժամադրավայրն էր. թէեւ դերասանները ընդհանրապէս բարոյական գետնի վրայ շատ թոյլ անհատներ էին, բայց անոնց թատերական ներկայացումները միշտ կը սնուցանէին այդ ատենուան եղծանուած տենչերը։ . . . Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները թատրոնի հանդէպ զզուանք ունէին։ . . . Անոնք ետ կը քաշուէին անոր լկտիութենէն. իսկ անոր ըրած յարատեւ ակնարկումները հեթանոսութեան չաստուածներուն ու չաստուածուհիներուն, անոնց կրօնական համոզումներուն վրայ յարձակում մըն էին»։ (The Ancient Church [Վաղեմի Եկեղեցին], էջ 318-319) Ներկայիս, Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներն ալ կը խուսափին լկտի ու բարոյապէս նուաստացուցիչ զբօսանքէն։—Եփեսացիս 5։3-5
Ճշմարտութիւնը եւ «Վերին Իշխանութիւններ»ը
15, 16. Որո՞նք են «վերին իշխանութիւններ»ը, եւ ճշմարտութեան մէջ քալողները զանոնք ի՞նչ աչքով կը դիտեն։
15 Հակառակ նախկին Քրիստոնեաներու ընտիր վարքին, Հռովմի կայսրերուն մեծամասնութիւնը զիրենք սխալ կերպով դատեց։ Պատմաբան Է. Ճ. Հարտի կ’ըսէ թէ կայսրերը զիրենք «որոշ չափով արհամարհելի մոլեռանդներ» նկատեցին։ Բիւթանիոյ Պլինիոս Կրտսեր Կուսակալին եւ Տրայանոս Կայսրին միջեւ եղած նամակագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ իշխող դասակարգերը ընդհանուր առմամբ Քրիստոնէութեան իսկական բնոյթին նկատմամբ անտեղեակ էին։ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն պետութիւնը։
16 Յիսուսի նախկին հետեւորդներուն նման, Եհովայի Վկաները կառավարական «վերին իշխանութիւններուն» հանդէպ յարաբերական հնազանդութիւն կը ցուցաբերեն։ (Հռովմայեցիս 13։1-7, ՆԱ) Եթէ մարդկային պահանջ մը աստուածային կամքին հակառակ է, անոնք հետեւեալ կեցուածքը կ’առնեն. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) After Jesus—The Triumph of Christianity (Յիսուսէ Ետք՝ Քրիստոնէութեան Յաղթանակը) գիրքը կ’ըսէ. «Թէեւ Քրիստոնեաները կայսրին պաշտամունք չէին մատուցաներ, սակայն անոնք ամբոխավարներ չէին, եւ անոնց կրօնքը, մինչ տարօրինակ եւ երբեմն նախատական էր հեթանոսական տեսանկիւնէն դիտուած, կայսրութեան սպառնալիք մը չէր»։
17. (ա) Նախկին Քրիստոնեաները ո՞ր կառավարութեան ջատագովներն էին։ (բ) Քրիստոսի իսկական հետեւորդները Եսայեայ 2։4–ի խօսքերը ի՞նչպէս կիրարկած են իրենց կեանքին մէջ։
Եբրայեցիս 11։8-10) Իրենց Տիրոջ նման, Յիսուսի աշակերտները ‘աշխարհի մէկ մասը չէին’։ (Յովհաննու 17։14-16, ՆԱ) Իսկ մարդկային պատերազմներու ու պայքարներու վերաբերեալ, անոնք խաղաղութեան ետեւէ եղան՝ ‘իրենց սուրերէն խոփեր շինելով’։ (Եսայեայ 2։4) Հետաքրքրական զուգահեռ մը նշելով, եկեղեցական պատմութեան դասախօս Ճէֆրի Ֆ. Նութըլ ըսաւ. «Պատերազմի նկատմամբ նախկին Քրիստոնեաներուն կեցուածքը շատ նման է իրենք զիրենք Եհովայի Վկաներ կոչողներուն կեցուածքին, եւ այս իրողութիւնը ընդունիլը դժուար կը գտնենք»։
17 Նախկին Քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան ջատագովներն էին, ճիշդ ինչպէս Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ նահապետները հաւատք ընծայեցին այդ խոստացուած ‘քաղաքին, որուն արարիչը Աստուած է’։ (18. Ինչո՞ւ ոչ մէկ կառավարութիւն Եհովայի Վկաներէն վախնալու որեւէ պատճառ ունի։
18 Որպէս «վերին իշխանութիւններուն» հնազանդող չէզոք անհատներ, նախկին Քրիստոնեաները որեւէ քաղաքական հեղինակութեան սպառնալիք մը չէին, եւ նոյնը կրնայ ըսուիլ Եհովայի Վկաներուն մասին։ «Մոլեռանդ եւ կասկածամիտ երեւակայութիւն մը կը պահանջէ հաւատալու համար թէ Եհովայի Վկաները որեւէ տեսակի սպառնալիք են որեւէ քաղաքական վարչաձեւի», գրեց Ամերիկացի խմբագիր մը։ «Անոնք ամենէն անվնաս եւ խաղաղասէր կրօնական խումբն են»։ Լաւատեղեակ հեղինակութիւններ գիտեն որ Եհովայի Վկաներէն վախնալու որեւէ պատճառ չունին։
19. Տուրքեր վճարելու նկատմամբ ի՞նչ կարելի է ըսել նախկին Քրիստոնեաներուն եւ Եհովայի Վկաներուն մասին։
19 Իրենց տուրքերը վճարելը կերպ մըն էր, որով նախկին Քրիստոնեաները «վերին իշխանութիւններուն» յարգանք ցուցաբերեցին։ Հռովմէացի Կայսր Անտոնինոս Պիոսի (Հ.Դ. 138-161) գրելով, Յուստինոս Նահատակ ըսաւ թէ Քրիստոնեաները իրենց տուրքերը «միւս բոլոր մարդոցմէ աւելի յօժարութեամբ» կը վճարէին։ (First Apology, գլուխ ԺԷ.) Իսկ Տերտուղիանոս Հռովմէացի կառավարիչներուն ըսաւ թէ իրենց մաքսահաւաքները «Քրիստոնեաներուն երախտապարտ պէտք էր ըլլային», քանի որ անոնք տուրքերը խղճմտօրէն կը վճարէին։ (Apology, գլուխ ԽԲ.) Քրիստոնեաները օգտուեցան Փաքս Ռոմանա–էն, կամ՝ Հռովմէական Խաղաղութենէն, իր օրէնքով ու կանոնով, Մարկոս 12։17) Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը այս խրատին կը հետեւի եւ իր պարկեշտութեան համար գովասանքի արժանացած է, ինչպէս՝ տուրքեր վճարելու նկատմամբ։—Եբրայեցիս 13։18
լաւ ճամբաներով, եւ յարաբերաբար ապահով ծովային ճամբորդութիւններով։ Գիտակցելով որ ընկերութեան պարտական էին, անոնք Յիսուսի խօսքերուն հնազանդեցան. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Ճշմարտութիւնը՝ Միացնող Կապ մը
20, 21. Խաղաղասէր եղբայրակցութեան մը առնչութեամբ, նախկին Քրիստոնեաներուն ու Եհովայի այժմու ծառաներուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
20 Քանի որ ճշմարտութեան մէջ քալեցին, նախկին Քրիստոնեաները խաղաղ եղբայրակցութեան մը մէջ միացած էին, Եհովայի Վկաներուն նման՝ ներկայիս։ (Գործք 10։34, 35) The Moscow Times–ին մէջ հրատարակուած նամակ մը ըսաւ. «[Եհովայի Վկաները] լաւ ճանչցուած են որպէս շատ բարեկամական, ազնիւ եւ հեզ մարդիկ, որոնց հետ գործ ունենալը շատ դիւրին է, որոնք ուրիշ մարդոց վրայ ճնշում չեն բանեցներ, եւ միշտ կը ջանան խաղաղութիւն ունենալ ուրիշներու հետ իրենց յարաբերութեանց մէջ։ . . . Անոնց մէջ կաշառակերներ, գինեմոլներ կամ թմրամոլներ չկան, իսկ պատճառը շատ պարզ է. Անոնք պարզապէս կը ջանան ամէն բանի մէջ՝ խօսքով ու գործով, առաջնորդուիլ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց համոզումներով։ Եթէ համայն աշխարհի մարդիկը առնուազն փորձէին Աստուածաշունչին համաձայն ապրիլ Եհովայի Վկաներուն պէս, մեր անողորմ աշխարհը բացարձակապէս տարբեր պիտի ըլլար»։
21 Encyclopedia of Early Christianity (Նախկին Քրիստոնէութեան Համայնագիտարան) կ’ըսէ. «Նախկին եկեղեցին ինքզինք կը նկատէր նոր մարդկային ընկերութիւն մը, ուր նախապէս թշնամի խումբեր՝ Հրեաներ ու Հեթանոսներ, կրնային միասնաբար խաղաղութեամբ ապրիլ»։ Եհովայի Վկաներն ալ խաղաղասէր միջազգային եղբայրակցութիւն մըն են. իրապէս նոր աշխարհի ընկերութիւն մը։ (Եփեսացիս 2։11-18. Ա. Պետրոս 5։9. Բ. Պետրոս 3։13) Երբ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, Փրէթորիա Շօ Կրաունտզ–ի ապահովութեան գլխաւոր պաշտօնեան տեսաւ թէ ի՛նչպէս ամէն ցեղէ Վկաներ խաղաղօրէն հոն կը հաւաքուէին որպէս համաժողովի պատուիրակներ, ան ըսաւ. «Ամէն ոք քաղաքավար էր եւ է, մարդիկ իրարու հետ ազնուօրէն կը խօսէին, անցեալ քանի մը օրերուն ցուցաբերուած վերաբերմունքը կը վկայէ ձեր ընկերութեան անդամներուն բարոյական որակին մասին, եւ թէ բոլորը միասին կ’ապրին որպէս մէկ երջանիկ ընտանիք»։
Օրհնուած՝ Քանի որ Ճշմարտութիւնը կը Սորվեցնեն
22. Քանի որ Քրիստոնեաները ճշմարտութիւնը կը յայտնեն, ի՞նչ տեղի ունեցած է։
22 Իրենց վարքով ու քարոզչական գործունէութեամբ, Պօղոս եւ այլ Քրիստոնեաներ ‘ճշմարտութիւնը կը յայտնէին’։ (Բ. Կորնթացիս 4։2) Չէ՞ք համաձայնիր թէ Եհովայի Վկաները նոյնը կ’ընեն եւ բոլոր ազգերուն ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքը կ’որդեգրեն եւ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ‘Եհովայի տանը լեռը’ կը խուժեն։ (Եսայեայ 2։2, 3) Ամէն տարի հազարաւորներ կը մկրտուին, Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելով, եւ այսպէս բազմաթիւ նոր ժողովքներ կը կազմուին։
23. Բոլոր ազգերուն ճշմարտութիւնը սորվեցնողները ի՞նչ աչքով կը դիտէք։
23 Զանազան ենթահողերէ ըլլալով հանդերձ, Եհովայի ժողովուրդը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած է։ Անոնց ցուցաբերած սէրը զիրենք կը բնորոշէ որպէս Յիսուսի աշակերտներ։ (Յովհաննու 13։35) Կրնա՞ք տեսնել թէ իրապէս ‘Աստուած անոնց մէջ է’։ (Ա. Կորնթացիս 14։25) Ազգերուն ճշմարտութիւնը սորվեցնողներուն կողքին դիրք բռնա՞ծ էք։ Եթէ այո, կը մաղթենք որ ճշմարտութեան հանդէպ մնայուն երախտագիտութիւն ցոյց տաք եւ անոր մէջ յաւիտեան քալելու առանձնաշնորհումը ունենաք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք
• Պաշտամունքի կերպին նկատմամբ, նախկին Քրիստոնեաներուն ու Եհովայի Վկաներուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
• Ճշմարտութեան մէջ քալողները ո՞ր միակ կրօնական տօնը կը պահեն։
• Որո՞նք են «վերին իշխանութիւններ»ը, եւ Քրիստոնեաները զանոնք ի՞նչպէս կը նկատեն։
• Ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս միացնող կապ մըն է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Ճշմարտութեան մէջ քալողներուն համար, քրիստոնէական ժողովները միշտ օրհնութիւն եղած են
[Նկարներ՝ էջ 19]
Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ իր զոհագործական մահուան Յիշատակատօնը պահեն
[Նկար՝ էջ 20]
Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի Վկաները «վերին իշխանութիւններուն» հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան