Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ով խթանուած

«Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ով խթանուած

«Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ով խթանուած

«Կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։—ԳՈՐԾՔ 2։11

1, 2. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ի՞նչ ապշեցուցիչ դէպք պատահեցաւ Երուսաղէմի մէջ։

ԳԱՐՆԱՅԻՆ առաւօտ մը, Հ.Դ. 33–ին, ապշեցուցիչ բան մը պատահեցաւ խումբ մը տղամարդոց ու կիներու՝ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ, որոնք Երուսաղէմի մէջ անձնական տան մը մէջ հաւաքուած էին։ «Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին եւ . . . լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ . . . ։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ»։—Գործք 2։2-4, 15

2 Մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ տան առջեւ։ Անոնց մէջ կային օտարութեան մէջ ծնած Հրեաներ՝ «աստուածավախ մարդիկ», որոնք Երուսաղէմ եկած էին Պէնտէկոստէի տօնը տօնակատարելու համար։ Անոնք կը զարմանային, քանի որ կը լսէին որ աշակերտները իրենց ամէն մէկուն մայրենի լեզուովը կը խօսէին «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր, երբ լեզուներ խօսող բոլոր անհատները Գալիլիացի էին։—Գործք 2։5-8, 11

3. Պետրոս առաքեալ Պէնտէկոստէին հաւաքուած ամբոխին ի՞նչ պատգամ տուաւ։

3 Այդ Գալիլիացիներէն մէկը Պետրոս առաքեալն էր։ Ան բացատրեց թէ քանի մը շաբաթ առաջ, Յիսուս Քրիստոս սպաննուած էր անօրէն մարդոց կողմէ։ Սակայն, Աստուած իր Որդին մեռելներէն յարուցանած էր։ Անկէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներէն շատերուն երեւցած էր, ի ներառեալ Պետրոսի եւ ներկայ եղողներէն ոմանց։ Միայն տասը օր առաջ, Յիսուս երկինք համբարձած էր։ Իր աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափողը ինքն էր։ Ասիկա որեւէ նշանակութիւն ունէ՞ր Պէնտէկոստէն տօնակատարողներուն համար։ Արդարեւ այո։ Յիսուսի մահը ճամբան հարթած էր որ անոնց մեղքերը ներուէին եւ «Սուրբ Հոգիին պարգեւը» ստանային, եթէ իրեն հաւատք ընծայէին։ (Գործք 2։22-24, 32, 33, 38) Ուստի, այդ ականատեսները ի՞նչպէս ընդառաջեցին «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» լսելով։ Իսկ այս դէպքը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը արժեւորենք։

Գործի Մղուած

4. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յովէլի ո՞ր մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։

4 Սուրբ հոգին ստացած ըլլալով, Երուսաղէմի մէջ աշակերտները անմիջապէս փրկութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնեցին, սկսելով այդ առաւօտուն հաւաքուած բազմութենէն։ Անոնց քարոզչութիւնը արտակարգ մարգարէութիւն մը կատարեց, որ ութը դարեր առաջ Բաթուէլի որդին Յովէլ մարգարէն արձանագրած էր. «Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։ Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։ . . . Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։—Յովելեայ 1։1. 2։28, 29, 31. Գործք 2։17, 18, 20

5. Առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՞նչ իմաստով մարգարէացան։ (Տես ստորանիշը։)

5 Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ Աստուած մարգարէներու սերունդ մը պիտի հանէր, այրեր ու կիներ, Դաւիթի, Յովէլի եւ Դեբօրայի նման, եւ զանոնք պիտի գործածէր ապագայ դէպքեր նախագուշակելու համար։ Ո՛չ։ Քրիստոնեայ ‘տղաքներ ու աղջիկներ, ծառաներ ու աղախիններ’ պիտի մարգարէանային այն իմաստով, որ Եհովայի հոգին պիտի մղէր զիրենք Եհովայի կատարած եւ կատարելիք «մեծամեծ բաներ»ը ծանուցանելու։ Այսպիսով անոնք պիտի ծառայէին որպէս Բարձրեալին խօսնակները։ * Արդ, հաւաքուած ամբոխը ի՞նչպէս հակազդեց։—Եբրայեցիս 1։1, 2

6. Պետրոսի դասախօսութիւնը լսելէ յետոյ, ամբոխէն շատեր ի՞նչ ընելու մղուեցան։

6 Պետրոսի բացատրութիւնը լսելէն յետոյ, ամբոխէն շատեր գործի լծուեցան։ Անոնք «սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան»։ (Գործք 2։41) Որպէս Հրեաներ ու նորադարձներ, անոնք արդէն Սուրբ Գրութիւններուն մասին հիմնական գիտութիւն մը ունէին։ Այս գիտութիւնը եւ Պետրոսէն տեղեկացած բաներուն հանդէպ իրենց հաւատքը, հիմ մը հայթայթեցին որ մկրտուին «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) Իրենց մկրտութենէն ետք, անոնք ‘միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն էին’։ Միեւնոյն ատեն, անոնք սկսան ուրիշներու հետ իրենց նորագիւտ հաւատքը բաժնել։ Արդարեւ, «ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին . . . Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին»։ Այս վկայութեան գործունէութեան որպէս արդիւնք, Եհովա «օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին»։ (Գործք 2։42, 46, 47) Քրիստոնէական ժողովքներ ծաղկեցան շատ մը երկիրներու մէջ, ուր այս նորահաւատները կ’ապրէին։ Անտարակոյս, այս յաւելումը տեղի ունեցաւ առնուազն «աւետարան»ը քարոզելու անոնց նախանձախնդիր ջանքերուն շնորհիւ, երբ իրենց երկիրը վերադարձան։—Կողոսացիս 1։23

Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է

7. (ա) Ներկայիս ի՞նչ բան ամէն ազգէ անհատներ Եհովայի կազմակերպութեան կը հրապուրէ։ (բ) Համաշխարհային ու տեղական դաշտին մէջ տակաւին ի՞նչ յաւելումի հաւանականութիւն կը տեսնէք։ (Տես ստորանիշը։)

7 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին որոնք ներկայիս կը փափաքին Աստուծոյ ծառաները ըլլալ։ Անոնք ալ պէտք է Աստուծոյ Խօսքը ուշադրութեամբ ուսումնասիրեն։ Մինչ ասիկա կ’ընեն, անոնք կը սկսին Եհովան ճանչնալ որպէս «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ելից 34։6. Գործք 13։48) Անոնք կը սորվին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի ըրած փրկանքի կարգադրութեան մասին, որուն թափուած արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։ (Ա. Յովհաննու 1։7) Անոնք նաեւ երախտապարտ կ’ըլլան, գիտնալով որ Աստուծոյ նպատակն է ‘մեռելներուն յարութիւն տալ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն’։ (Գործք 24։15) Այս «մեծամեծ բաներ»ուն Ակունքին հանդէպ սէրը անոնց սիրտը կը լեցնէ, եւ ասիկա կը մղէ զիրենք որ այս թանկարժէք ճշմարտութիւնները քարոզեն։ Ապա, անոնք նուիրուած ու մկրտուած Աստուծոյ ծառաներ կը դառնան եւ կը շարունակեն ‘Աստուծոյ գիտութիւնովը աճիլ’։ *Կողոսացիս 1։10բ. Բ. Կորնթացիս 5։14

8-10. (ա) Քրիստոնեայ կնոջ մը փորձառութիւնը ի՞նչպէս կը փաստէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ‘զօրեղ է’։ (բ) Այս փորձառութիւնը ձեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովայի ու իր ծառաներուն հետ իր գործառնութեանց մասին։ (Ելից 4։12)

8 Աստուծոյ ծառաներուն սուրբ գրային գիտութիւնը մակերեսային չէ։ Այս գիտութիւնը անոնց սիրտը կը խթանէ, անոնց մտածելակերպը կը փոխէ, եւ անոնց մէկ մասը կ’ըլլայ։ (Եբրայեցիս 4։12) Օրինակ, Գամիլ անունով կին մը, տարեցներուն հոգ տանելու գործով կը զբաղէր։ Իր խնամած անհատներէն մէկը Մարթան էր, Եհովայի Վկայ մը։ Քանի որ Մարթա խռֆած էր, ան յարատեւ հսկողութեան կարիքը ունէր։ Իրեն պէտք էր յիշեցնել որ իր ճաշը ուտէ, նոյնիսկ՝ զայն կլլէ։ Սակայն, մէկ բան մնայուն կերպով դրոշմուած էր Մարթայի մտքին մէջ, ինչպէս պիտի տեսնենք։

9 Օր մը, Մարթա տեսաւ որ Գամիլը կու լար, քանի որ կարգ մը անձնական խնդիրներ զինք կը նեղացնէին։ Մարթա իր թեւերուն մէջ առաւ Գամիլը եւ իրեն առաջարկեց որ իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Սակայն, Մարթայի վիճակը ունեցող մէկը կրնա՞ր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Այո, կրնա՛ր։ Թէեւ իր յիշողութեան մեծ մասը կորսնցուցած էր, բայց Մարթա չէր մոռցած իր սքանչելի Աստուածը. ո՛չ ալ մոռցած էր Աստուածաշունչէն սորված թանկագին ճշմարտութիւնները։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, Մարթա Գամիլին պատուիրեց որ իւրաքանչիւր պարբերութիւն կարդայ, նշուած համարները բանայ, էջին վարը գտնուող հարցումը կարդայ, ապա անոր պատասխանէ։ Ասիկա շարունակուեցաւ որոշ ժամանակ մը, եւ հակառակ Մարթայի սահմանափակումներուն, Գամիլ սուրբ գրային գիտութեան մէջ յառաջդիմեց։ Մարթա անդրադարձաւ որ Գամիլ կարիքը ունէր ընկերակցելու Աստուծոյ ծառայելով հետաքրքրուած անհատներու հետ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, ան իր աշակերտուհիին զգեստ եւ զոյգ մը կօշիկ տուաւ, որպէսզի պատշաճ հագուելիք ունենայ, երբ իր առաջին ժողովին ներկայ գտնուի Թագաւորութեան Սրահին մէջ։

10 Մարթայի սիրալիր հետաքրքրութիւնը, օրինակն ու համոզումը տպաւորեցին Գամիլը։ Ան եզրակացուց թէ ինչ որ Մարթա կը ջանար Աստուածաշունչէն սորվեցնել իրեն, շատ կարեւոր էր, քանի որ Մարթա գրեթէ ամէն բան մոռցած էր, բացի ինչ որ Սուրբ Գրութիւններէն սորված էր։ Հետագային, երբ ուրիշ հաստատութիւն մը փոխադրուեցաւ, Գամիլ գիտակցեցաւ թէ ժամանակը եկած էր որ քայլ առնէր։ Առաջին առիթով իսկ, ան Թագաւորութեան Սրահ մը գնաց, Մարթային տուած զգեստն ու կօշիկը հագած, եւ հոն խնդրեց որ իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն։ Գամիլ յառաջդիմեց եւ մկրտուեցաւ։

Խթանուած՝ Եհովայի Չափանիշները Արտացոլացնելու

11. Քարոզչութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալէ զատ, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Թագաւորութեան պատգամը մեզ խթանած է։

11 Ներկայիս, աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ կան, որոնք Մարթայի ու այժմ՝ Գամիլի նման, «Թագաւորութեան բարի լուրը» կը քարոզեն համայն աշխարհի մէջ։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ. 28։19, 20) Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, անոնք «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ով խթանուած են։ Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովայի անունը կրելու առանձնաշնորհումը ունին եւ թէ ան իր հոգին թափած է իրենց վրայ։ Հետեւաբար, անոնք ամէն ջանք կը թափեն ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալելու եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնելու’ համար, իրենց կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ անոր չափանիշները կիրարկելով։ Ուրիշ բաներու կողքին, ասիկա կը պարփակէ հագուելակերպի ու յարդարանքի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները յարգել։—Կողոսացիս 1։10ա. Տիտոս 2։10

12. Հագուելակերպի եւ յարդարանքի մասին ի՞նչ մասնայատուկ խրատ կը գտնենք Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ի մէջ։

12 Այո, Եհովա մեր անձնական երեւոյթին նկատմամբ չափանիշներ դրած է։ Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ Աստուծոյ պահանջներէն ոմանք ուրուագծած է։ «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ * Այս խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։—Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10

13. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «վայելուչ հագուստ»։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովայի չափանիշները տրամաբանական են։

13 Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ Քրիստոնեաները պէտք է ‘ինքզինքնին զարդարեն վայելուչ հագուստով’։ Անոնց արտաքին երեւոյթը աղտոտ ու թափթփած պէտք չէ ըլլայ։ Գրեթէ ամէն ոք, նոյնիսկ համեստ միջոցներ ունեցողը, կրնայ այսպիսի տրամաբանական չափանիշներու գոհացում տալ, վստահ ըլլալով որ իր հագուստը կոկիկ, մաքուր եւ ներկայանալի է։ Օրինակ, Հարաւային Ամերիկեան երկրի մը մէջ, ամէն տարի Վկաներ իրենց նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու համար, մղոններ կը քալեն մացառուտին մէջէն, ապա տափանաւով ժամեր կը ճամբորդեն։ Արտասովոր բան մը չէ որ ճամբորդութեան ընթացքին անոնցմէ մէկը գետին մէջ իյնայ, կամ հագուստը փուշերու պատճառաւ պատռուի։ Ուստի, երբ անոնք կը հասնին համաժողովի վայրը, յաճախ անոնց երեւոյթը որոշ չափով թափթփած կ’ըլլայ։ Հետեւաբար, անոնք ժամանակ կը յատկացնեն իրենց հագուստները նորոգելու, լուալու եւ արդուկելու։ Անոնք Եհովայի սեղանէն ուտելու հրաւէրին վրայ կը գուրգուրան, եւ կ’ուզեն պատշաճօրէն հագուած ըլլալ։

14. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագուիլ։ (բ) Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք որպէս «աստուածպաշտութիւնը յանձն առած» անհատներ։

14 Պօղոս նաեւ յիշեց թէ պէտք է «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագուինք։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր հագուստը պէտք չէ ցուցամոլական, արտառոց, գրգռիչ, մարմինը ցուցադրող, կամ չափազանց նորոյթէն ըլլայ։ Ասկէ զատ, պէտք է այնպիսի հագուելակերպ մը ունենանք որ «աստուածպաշտութիւն» կ’արտացոլացնէ։ Ասիկա լուրջ խորհրդածութեան արժանի գաղափար մը չէ՞։ Կարելի՞ է ժողովքային հանդիպումներուն պատշաճօրէն հագուիլ, ապա ուրիշ ատեններ բոլորովին անհոգ գտնուիլ։ Մեր անձնական երեւոյթը պէտք է միշտ բարեպաշտ ու պատուական կեցուածք մը արտացոլացնէ, քանի որ մենք օրուան 24 ժամը Քրիստոնեաներ եւ քարոզիչներ ենք։ Հասկնալի է որ մեր գործի ու դպրոցական զգեստները մեր կատարած աշխատանքի բնոյթին յարմար պէտք է ըլլան։ Այսուհանդերձ, պէտք է համեստ ու յարգալից կերպով հագուինք։ Եթէ մեր հագուելակերպը միշտ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը արտացոլացնէ, բնաւ ետ պիտի չկենանք անպաշտօն կերպով վկայելէ, ամչնալով մեր երեւոյթէն։—Ա. Պետրոս 3։15

«Մի՛ Սիրէք Աշխարհը»

15, 16. (ա) Հագուելակերպի ու յարդարանքի հարցին մէջ, ինչո՞ւ կարեւոր է որ խուսափինք աշխարհը ընդօրինակելէ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) (բ) Ո՞ր գործնական պատճառին համար պէտք է խուսափինք հագուելակերպի ու յարդարանքի նորաձեւութիւններէն։

15 Ա. Յովհաննու 2։15, 16–ի մէջ արձանագրուած խրատն ալ ուղղութիւն կը հայթայթէ հագուելակերպի ու յարդարանքի մեր ընտրութեան վերաբերեալ։ Կը կարդանք. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։

16 Այս խրատը որքա՜ն ժամանակայարմար է։ Դարու մը մէջ, ուր շրջապատի ճնշումը ա՛յսքան զօրաւոր է, պէտք չէ թոյլ տանք որ աշխարհը մեզի թելադրէ թէ ի՛նչ հագուինք։ Վերջին տարիներուն, հագուելակերպի ու յարդարանքի ոճերը նուաստացած են։ Նոյնիսկ հագուելակերպի այն օրէնքները, որոնց առեւտրականներն ու մասնագէտները կը հետեւին, միշտ վստահելի չափանիշ մը չեն թէ ի՛նչ բան պատշաճ է Քրիստոնեաներուն համար։ Ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է որ միշտ ուշադիր ըլլանք ‘այս աշխարհին կերպարանքովը չկերպարանելու’, որպէսզի Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրինք ու այսպիսով «մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարենք»։—Հռովմայեցիս 12։2. Տիտոս 2։10

17. (ա) Ի՞նչ հարցումներ կրնանք նկատի առնել, երբ հագուստ պիտի գնենք կամ ոճ մը պիտի ընտրենք։ (բ) Ընտանիքի գլուխը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուի իր ընտանիքի անդամներուն արտաքին երեւոյթով։

17 Հագուստ մը չգնած, իմաստութիւն է որ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Այս ոճը ինչո՞ւ սրտիս կը խօսի։ Անիկա առնչուա՞ծ է հանրածանօթ աստղի մը հետ, որուն վրայ կը հիանամ։ Անիկա որդեգրուա՞ծ է աւազակախումբի մը կամ խմբակցութեան մը կողմէ, որ անկախ ու ըմբոստ հոգի մը կը քաջալերէ’։ Նաեւ պէտք է մօտէն քննենք զայն։ Եթէ զգեստ կամ փէշ է, անոր երկայնքը ի՞նչպէս է։ Կտրուա՞ծքը։ Անիկա համեստ, պատշաճ եւ յարգալի՞ց է, թէ ոչ՝ նեղ, գրգռիչ կամ թափթփած։ Դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Այս զգեստը հագուիլս կրնա՞յ գայթակղութեան պատճառ ըլլալ’։ (Բ. Կորնթացիս 6։3, 4) Ասիկա ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Քրիստոս իր անձին հաճոյ չեղաւ’։ (Հռովմայեցիս 15։3) Քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխը պէտք է հետաքրքրուի իր ընտանիքի անդամներուն արտաքին երեւոյթով։ Առ ի յարգանք իր պաշտած փառաւոր Աստուծոյն, ընտանիքի գլուխը պէտք չէ վարանի հաստատ ու սիրալիր խրատ մը ներկայացնելու, երբ հարկ ըլլայ։—Յակոբու 3։13

18. Ի՞նչ բան ձեզ կը մղէ որ բծախնդիր ուշադրութիւն ընծայէք ձեր հագուելակերպին ու յարդարանքին։

18 Մեր կրած պատգամը Եհովայէ ծագում կ’առնէ, որ արժանապատուութեան ու սրբութեան մարմնացումն է։ (Եսայեայ 6։3) Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ զինք ընդօրինակենք «սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը կրնան լաւ կամ գէշ անդրադարձ ունենալ մեր երկնաւոր Հօրը վրայ։ Վստահաբար կ’ուզենք իր սիրտը ուրախացնել։—Առակաց 27։11

19. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք, «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ը ուրիշներուն ծանուցանելով։

19 Ձեր սորված «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ուն մասին ի՞նչպէս կը զգաք։ Իրապէս, որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ ճշմարտութիւնը սորված ենք։ Քանի որ Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան հաւատք կ’ընծայենք, մեր մեղքերը կը ներուին։ (Գործք 2։38) Որպէս արդիւնք, Աստուծոյ առջեւ խօսելու համարձակութիւն ունինք։ Մահէն չենք վախնար, ինչպէս յոյս չունեցողները կը վախնան։ Ընդհակառակը, Յիսուսի երաշխիքը ունինք, թէ օր մը «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Եհովա բարերարութեամբ վարուած է, այս բոլոր բաները մեզի յայտնելով։ Ասկէ զատ, ան իր հոգին թափած է մեր վրայ։ Հետեւաբար, այս բոլոր բարի պարգեւներուն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պէտք է մեզ մղէ իր վեհ չափանիշները յարգելու եւ զինք նախանձախնդրութեամբ փառաբանելու, իր «մեծամեծ բաներ»ը ուրիշներուն ծանուցանելով։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Երբ Եհովա Մովսէսն ու Ահարոնը նշանակեց որ իր ժողովուրդին ի նպաստ Փարաւոնին խօսին, Ան ըսաւ Մովսէսի. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ»։ (Ելից 7։1) Ահարոն ծառայեց որպէս մարգարէ, ո՛չ թէ ապագայ դէպքեր նախագուշակելով, այլ՝ Մովսէսի խօսնակը կամ բանբերը դառնալով։

^ պարբ. 7 28 Մարտ 2002–ին, Տէրունական Ընթրիքի տարեկան տօնակատարութեան ներկայ գտնուող մեծ ամբոխէն միլիոնաւորներ տակաւին գործօն կերպով Եհովայի չեն ծառայեր։ Կ’աղօթենք որ այս հետաքրքրուած անհատներէն շատերուն սիրտը շուտով փափաքի բարի լուրի հրատարակիչ մը ըլլալու առանձնաշնորհումին ձգտիլ։

^ պարբ. 12 Թէեւ Պօղոսի խօսքերը ուղղուած էին Քրիստոնեայ կիներուն, սակայն միեւնոյն սկզբունքները կը կիրարկուին Քրիստոնեայ տղամարդոց ու դեռատիներուն։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, մարդիկ ի՞նչ «մեծամեծ բաներ»ու մասին լսեցին, եւ անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

• Անհատ մը ի՞նչպէս Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը կ’ըլլայ, եւ աշակերտ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին ուշադրութիւն ընծայենք։

• Ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնենք, որոշելու համար թէ զգեստ մը կամ ոճ մը պատշաճ է կամ ոչ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Պետրոս ծանուցանեց թէ Յիսուս մեռելներէն յարուցանուած էր

[Նկարներ՝ էջ 30]

Քրիստոնեայ ծնողներ պէտք է հետաքրքրուին իրենց ընտանիքի անդամներուն երեւոյթով

[Նկարներ՝ էջ 31]

Ձեր անձնական երեւոյթը ձեր պաշտած Աստուծոյն վրայ լաւ անդրադարձ մը կ’ունենա՞յ