Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարմօրէն ենթարկուեցէք աստուածային հեղինակութեան

Հաւատարմօրէն ենթարկուեցէք աստուածային հեղինակութեան

Հաւատարմօրէն ենթարկուեցէք աստուածային հեղինակութեան

«Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 33։22

1. Ո՞ր ազդակները վաղեմի Իսրայէլը անզուգական ազգ մը դարձուցին։

ԻՍՐԱՅԷԼ ազգը գոյացաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին։ Այդ ժամանակ, անիկա ո՛չ մայրաքաղաք, ո՛չ հայրենիք եւ ո՛չ ալ տեսանելի թագաւոր մը ունէր։ Անոր հպատակները նախկին գերիներ էին։ Սակայն, այդ նոր ազգը այլ կերպով մըն ալ անզուգական էր։ Եհովա Աստուած անոնց Դատաւորը, Օրէնսդիրը եւ Թագաւորն էր։ (Ելից 19։5, 6. Եսայեայ 33։22) Ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ կրնար այս բանը դաւանիլ։

2. Իսրայէլի կազմակերպուած կերպին նկատմամբ ի՞նչ հարցում կը ծագի, եւ պատասխանը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։

2 Քանի որ Եհովա կարգապահ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան Աստուած մըն է, կ’ակնկալենք որ իր իշխած ազգը կազմակերպուած ըլլայ։ (Ա. Կորնթացիս 14։33) Արդարեւ, Իսրայէլի պարագան այս էր։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնար երկրային ու տեսանելի կազմակերպութիւն մը առաջնորդուիլ անտեսանելի Աստուծոյ մը կողմէ։ Օգտակար է նկատի առնել թէ Եհովա այդ վաղեմի ազգը ի՛նչպէս կառավարեց, յատկապէս ուշադրութիւն ընծայելով թէ ի՛նչպէս Իսրայէլի հետ Իր գործառնութիւնները աչքառու կը դարձնեն աստուածային հեղինակութեան հաւատարմօրէն ենթարկուելու կարեւորութիւնը։

Վաղեմի Իսրայէլը Ի՛նչպէս կը Կառավարուէր

3. Եհովա ի՞նչ գործնական կարգադրութիւններ ըրաւ իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։

3 Թէեւ Եհովա Իսրայէլի անտեսանելի Թագաւորն էր, ան հաւատարիմ տղամարդիկ նշանակեց որպէս իր տեսանելի ներկայացուցիչները։ Կային պետեր, տոհմերու իշխաններ եւ երէցներ, ժողովուրդին ծառայելու համար որպէս խրատատուներ ու դատաւորներ։ (Ելից 18։25, 26. Բ. Օրինաց 1։15) Սակայն, պէտք չէ եզրակացնենք թէ առանց աստուածային առաջնորդութեան այս պատասխանատու տղամարդիկը ձեւով մը կրնային անթերի խոհեմութեամբ ու հասկացողութեամբ հարցերը դատել։ Անոնք կատարեալ չէին եւ իրենց հաւատակիցներուն սիրտը չէին կրնար կարդալ։ Այսուհանդերձ, աստուածավախ դատաւորներ կրնային իրենց հաւատակիցներուն օգտակար խրատ տալ, քանի որ անիկա Եհովայի Օրէնքին վրայ հիմնուած էր։—Բ. Օրինաց 19։15. Սաղմոս 119։97-100

4. Իսրայէլի հաւատարիմ դատաւորները արթուն էին ո՞ր հակումներէն խուսափելու, եւ ինչո՛ւ։

4 Սակայն, դատաւոր ըլլալը Օրէնքը գիտնալէն աւելին կը պարփակէր։ Անկատար ըլլալով, երէցները պէտք էր արթուն ըլլային զսպելու համար իրենց կամակոր հակումները, ինչպէս՝ անձնասիրութիւնը, աչառութիւնը եւ ագահութիւնը, թոյլ չտալով որ անոնք խեղաթիւրեն իրենց դատողութիւնը։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է»։ Այո, Իսրայէլի դատաւորները Աստուծոյ կողմէ դատաստան կ’ընէին։ Ասիկա ի՜նչ երկիւղ ներշնչող առանձնաշնորհում մըն էր։—Բ. Օրինաց 1։16, 17

5. Դատաւորներ կարգելէ զատ, Եհովա իր ժողովուրդին հոգ տանելու համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրաւ։

5 Եհովա իր ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար այլ կարգադրութիւններ ալ ըրաւ։ Նոյնիսկ Խոստացեալ Երկիր չհասած, ան պատուիրեց անոնց որ ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնը՝ տաղաւարը՝ շինեն։ Ան նաեւ քահանայութիւն մը հաստատեց, Օրէնքը սորվեցնելու, անասնական զոհեր մատուցանելու, եւ առաւօտեան ու երեկոյեան խունկը մատուցանելու համար։ Աստուած Մովսէսի մեծ եղբայրը՝ Ահարոնը՝ նշանակեց որպէս Իսրայէլի առաջին քահանայապետը, իսկ Ահարոնի որդիներուն նշանակում տուաւ որ իրենց հօրը օգնեն, իր պարտականութիւնները կատարելու մէջ։—Ելից 28։1. Թուոց 3։10. Բ. Մնացորդաց 13։10, 11

6, 7. (ա) Ի՞նչ էր քահանաներուն եւ քահանայ չեղող Ղեւտացիներուն միջեւ եղած յարաբերութիւնը։ (բ) Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ այն իրողութենէն թէ Ղեւտացիները զանազան պարտականութիւններ կը կատարէին։ (Կողոսացիս 3։23)

6 Միլիոնաւորներու հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանիլը հսկայ պարտականութիւն մըն էր, եւ քահանաները համեմատաբար թիւով քիչ էին։ Ուստի կարգադրութիւն եղաւ որ Ղեւիի ցեղին պատկանողները անոնց օգնեն։ Եհովա Մովսէսի ըսաւ. «Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են»։—Թուոց 3։9, 39

7 Ղեւտացիները լաւ կազմակերպուած էին։ Անոնք երեք ընտանիքներու բաժնուած էին. Գերսոնեանները, Կահաթեանները եւ Մերարեանները, եւ իւրաքանչիւրին գործ մը նշանակուած էր։ (Թուոց 3։14-17, 23-37) Կարգ մը նշանակումներ միւսներէն աւելի կարեւոր կրնային թուիլ, սակայն, բոլորն ալ կենսական էին։ Կահաթացի Ղեւտացիներուն գործը կը պահանջէր որ սրբազան ուխտի տապանակին ու տաղաւարի կահկարասիին մօտը ըլլային։ Սակայն, իւրաքանչիւր Ղեւտացի, ըլլայ Կահաթացի կամ ոչ, սքանչելի առանձնաշնորհումներ կը վայելէր։ (Թուոց 1։51, 53) Դժբախտաբար, ոմանք իրենց առանձնաշնորհումները չգնահատեցին։ Փոխանակ հաւատարմօրէն ենթարկուելու աստուածային հեղինակութեան, անոնք դժգոհեցան եւ անձնատուր եղան հպարտութեան, փառասիրութեան եւ նախանձի։ Անոնց շարքին էր Կորխ անունով Ղեւտացի մը։

«Դուք Քահանայութի՞ւն Ալ կը Փնտռէք»

8. (ա) Ո՞վ էր Կորխ։ (բ) Ի՞նչ բան թերեւս պատճառ եղաւ որ Կորխ սկսի քահանաները բոլորովին մարդկային տեսանկիւնէն դիտել։

8 Կորխ ո՛չ Ղեւտացիներուն հօրը տանը իշխանը, ո՛չ ալ Կահաթեաններուն տոհմերուն իշխանն էր։ (Թուոց 3։30, 32) Այսուհանդերձ, ան Իսրայէլի մէջ յարգուած իշխան մըն էր։ Կորխի պարտականութիւնները հաւանաբար զինք Ահարոնի ու իր որդիներուն հետ սերտ շփման մէջ բերած էին։ (Թուոց 4։18, 19) Այս մարդոց անկատարութիւնները իր աչքով տեսնելով, հաւանաբար Կորխ հարց տուած էր. ‘Անկասկած այս քահանաները անկատար են, այսուհանդերձ ինծմէ կ’ակնկալուի որ անոնց ենթարկուիմ։ Ահարոնի ոսկեղէն հորթ շինելուն շատ չանցաւ։ Այդ հորթը պաշտելը մեր ժողովուրդը կռապաշտութեան մէջ մխրճեց։ Ահաւասիկ Ահարոն, Մովսէսի եղբայրը, այժմ որպէս քահանայապետ կը ծառայէ։ Ի՜նչ աչառութիւն։ Ի՞սկ Ահարոնի որդիները՝ Նադաբն ու Աբիուդը. . . ։ Անոնք իրենց ծառայութեան առանձնաշնորհումներուն հանդէպ ա՛յնպիսի խոր անարգանք ցուցաբերեցին, որ Եհովա զիրենք մահուան դատապարտեց’։ * (Ելից 32։1-5. Ղեւտացւոց 10։1, 2) Ի՛նչ որ ալ ըլլար Կորխի մտածմունքը, բացայայտ է թէ ան սկսաւ քահանայութիւնը մարդկային տեսանկիւնէն դիտել։ Ասիկա առաջնորդեց որ Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ ապստամբի, եւ ի վերջոյ՝ Եհովայի դէմ։—Ա. Թագաւորաց 15։23. Յակոբու 1։14, 15

9, 10. Կորխ եւ իրեն ընկերակցող ապստամբները Մովսէսի դէմ ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրին, եւ ինչո՞ւ այսպիսի բան մը պէտք չէր ընէին։

9 Հեղինակութեան տէր մարդ մը ըլլալով, Կորխի համար դժուար չէր նոյն կեցուածքը ունեցող համակիրներ հաւաքել։ Ան, Դաթանի ու Աբիրոնի հետ միասին, 250 համակիրներ գտաւ. բոլորն ալ ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ։ Միասնաբար անոնք Մովսէսի ու Ահարոնի մօտենալով ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։—Թուոց 16։1-3

10 Ապստամբները Մովսէսի հեղինակութեան դէմ ասպարէզ պէտք չէր կարդային։ Այս դէպքէն քիչ առաջ, Ահարոն ու Մարիամ ճիշդ նոյն բանը ըրած էին։ Անոնք նոյնիսկ Կորխի գործածած պատճառաբանութիւնը գործածած էին։ Թուոց 12։1, 2–ի համաձայն, անոնք հարցուցած էին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Եհովա կը լսէր։ Ան Մովսէսին, Ահարոնին ու Մարիամին պատուիրեց որ վկայութեան խորանի մուտքին առջեւ հաւաքուին, որպէսզի ցոյց տար թէ ինք ո՛վ ընտրած էր որպէս առաջնորդ։ Ապա, բացէ ի բաց խօսելով, Եհովա ըսաւ. «Եթէ ձեզմէ մէկը մարգարէ ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցնեմ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։ Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է»։ Անկէ ետք, Եհովա Մարիամը ժամանակաւորապէս բորոտութեամբ զարկաւ։—Թուոց 12։4-7, 10

11. Մովսէս ի՞նչպէս ձեռք առաւ Կորխի հետ առնչուած կացութիւնը։

11 Կորխ եւ իր կողմնակիցները այս դէպքին մասին քաջատեղեակ ըլլալու էին։ Անոնց ըմբոստութիւնը անարդարանալի էր։ Այսուհանդերձ, Մովսէս համբերութեամբ ջանաց անոնց հետ տրամաբանել։ Ան յորդորեց զիրենք որ իրենց առանձնաշնորհումներուն հանդէպ աւելի գնահատութիւն ցուցաբերեն, ըսելով. «Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի՝ որ Իսրայէլի Աստուածը ձեզ իրեն մօտեցնելու համար Իսրայէլի ժողովուրդէն զատեց ձեզ»։ Ո՛չ, «պզտիկ բան» չէր։ Ղեւտացիները արդէն իսկ շատ առանձնաշնորհումներ ունէին։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնային ուզել։ Մովսէսի յաջորդ խօսքը անոնց սրտին խորհուրդները քօղազերծեց. «Դուք քահանայութի՞ւն ալ կը փնտռէք»։ * (Թուոց 12։3. 16։9, 10) Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց աստուածային հեղինակութեան դէմ ծայր տուած այս ըմբոստութեան։

Իսրայէլի Դատաւորը կը Միջամտէ

12. Աստուծոյ հետ Իսրայէլի ունեցած լաւ յարաբերութեան շարունակուիլը ի՞նչ բանէ կախեալ էր։

12 Երբ Եհովա Իսրայէլ ազգին Օրէնքը տուաւ, ան ժողովուրդին ըսաւ որ եթէ հնազանդ ըլլան, «սուրբ ազգ» մը պիտի ըլլան եւ ազգը սուրբ կրնար մնալ այնքան ատեն որ Եհովայի կարգադրութիւնը կ’ընդունէր։ (Ելից 19։5, 6) Հիմա, բացայայտ ըմբոստութիւն մը զարգանալով, ժամանակն էր որ Իսրայէլի Դատաւորը ու Օրէնսդիրը միջամտէր։ Մովսէս Կորխին ըսաւ. «Վաղը դուն ու քու բոլոր ժողովուրդդ Տէրոջը առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք ու Ահարոն։ Ամէնքդ ձեր բուրվառները առէք եւ անոնց մէջ խունկ դրէք։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով, այսինքն երկու հարիւր յիսուն բուրվառները, դուն ու Ահարոնն ալ ձեր բուրվառները Տէրոջը մօտեցուցէք»։—Թուոց 16։16, 17

13. (ա) Եհովայի առջեւ ըմբոստներուն խունկ մատուցանելը ինչո՞ւ յաւակնոտութիւն էր։ (բ) Եհովա ըմբոստներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։

13 Ըստ Աստուծոյ Օրէնքին, միայն քահանաները կրնային խունկ մատուցանել։ Քահանայական դասին չպատկանող Ղեւտացիի մը Եհովայի առջեւ խունկ մատուցանելու գաղափարն իսկ պէտք էր այդ ըմբոստներուն խելքը գլուխը բերէր։ (Ելից 30։7. Թուոց 4։16) Սակայն, ասիկա Կորխի ու իրեն թիկունք կանգնողներուն չազդեց։ Յաջորդ օրը ան «[Մովսէսի ու Ահարոնի] դէմ վկայութեան խորանին դուռը հաւաքեց բոլոր ժողովուրդը»։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. ‘Այդ ժողովուրդին մէջէն զատուեցէք, որպէս զի շուտով կորսնցնեմ զանոնք’»։ Բայց Մովսէս ու Ահարոն Աստուծոյ աղաչեցին որ ժողովուրդին կեանքը խնայէ։ Եհովա անոնց աղաչանքին ընդառաջեց։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Կորխի ու իր ամբոխին. «Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց»։—Թուոց 16։19-22, 35 *

14. Եհովա ինչո՞ւ հաստատ քայլ մը առաւ Իսրայէլի ժողովուրդին դէմ։

14 Զարմանալին այն է որ Իսրայելացիները տեսնելով հանդերձ թէ Եհովա ի՛նչպէս վարուեցաւ ըմբոստներուն հետ, իրենց դասը չսորվեցան։ «Հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Մովսէսին դէմ ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին՝ ըսելով. ‘Դուք Տէրոջը ժողովուրդը մեռցուցիք’»։ Այս Իսրայելացիները դաւադիրներուն կողքին դիրք կը բռնէին։ Ի վերջոյ, Եհովայի համբերութիւնը իր սահմանին հասաւ։ Այժմ ո՛չ մէկը, նոյնիսկ Մովսէս կամ Ահարոն, կրնար ժողովուրդին համար բարեխօսել։ Եհովա անհնազանդներուն վրայ ժանտախտ ղրկեց, եւ «ժանտախտէն մեռածները տասնըչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի գործին մէջ մեռածներէն զատ»։—Թուոց 16։41-49

15. (ա) Իսրայելացիները ի՞նչ պատճառներով անվարանօրէն պէտք էր ընդունէին Մովսէսի ու Ահարոնի առաջնորդութիւնը։ (բ) Այս դէպքը ձեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովայի մասին։

15 Այս անհատները դիւրաւ կրնային մահէն խուսափիլ, եթէ միայն հարցին շուրջ տրամաբանէին։ Անոնք կրնային հետեւեալ հարցումներուն մասին խորհիլ. ‘Որո՞նք Փարաւոնի առջեւ ներկայացան, վտանգելով իրենց կեանքը։ Որո՞նք պահանջեցին որ Իսրայելացիները ազատ արձակուին։ Իսրայէլի ազատագրումէն ետք, որո՞նք միայն հրաւիրուեցան Քորեբ Լեռը ելլելու, Աստուծոյ հրեշտակին հետ դէմ առ դէմ խօսելու համար’։ Վստահաբար, Մովսէսի ու Ահարոնի աչքառու արձանագրութիւնը, Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ իրենց սիրոյն ապացոյց մըն էր։ (Ելից 10։28. 19։24. 24։12-15) Եհովայի համար հաճելի բան չէր ըմբոստները մահուան դատապարտել։ Այսուհանդերձ, երբ բացայայտ դարձաւ թէ ժողովուրդը պիտի շարունակէր իր ըմբոստութիւնը, ան վճռական քայլ մը առաւ։ (Եզեկիէլ 33։11) Այս բոլորը մեզի համար յատկանշական իմաստ մը ունին։ Ինչո՞ւ։

Խողովակը Բնորոշել Ներկայիս

16. (ա) Ի՞նչ ապացոյց պէտք էր համոզած ըլլար առաջին դարու Հրեաները թէ Յիսուս Եհովայի ներկայացուցիչն էր։ (բ) Եհովա Ղեւտական քահանայութիւնը ինչո՞ւ եւ ի՛նչ բանով փոխարինեց։

16 Ներկայիս, նոր «ազգ» մը գոյութիւն ունի, որուն անտեսանելի Դատաւորը, Օրէնսդիրն ու Թագաւորը Եհովան է։ (Մատթէոս 21։43) Այս «ազգ»ը գոյացաւ Հ.Դ. առաջին դարուն։ Այն ատեն, Մովսէսի օրուան տաղաւարը փոխարինուած էր Երուսաղէմի գեղեցիկ տաճարով, ուր տակաւին Ղեւտացիներ իրենց պաշտօնները կը կատարէին։ (Ղուկաս 1։5, 8, 9) Սակայն, Հ.Դ. 29–ին, ուրիշ տաճար մը՝ հոգեւոր տաճար մը՝ գոյացաւ, որուն Քահանայապետը Յիսուս Քրիստոս էր։ (Եբրայեցիս 9։9, 11) Աստուածային հեղինակութեան հարցը դարձեալ ծագեցաւ։ Եհովա ո՞վ պիտի գործածէր այս նոր «ազգ»ը առաջնորդելու համար։ Յիսուս Աստուծոյ հանդէպ անվերապահ հաւատարմութիւն ցուցաբերեց։ Ան մարդիկը կը սիրէր։ Նաեւ բազմաթիւ հրաշալի նշաններ կատարեց։ Սակայն, իրենց խստապարանոց նախահայրերուն նման, Ղեւտացիներուն մեծամասնութիւնը մերժեց Յիսուսը ընդունիլ։ (Մատթէոս 26։63-68. Գործք 4։5, 6, 18. 5։17) Ի վերջոյ, Եհովա Ղեւտական քահանայութիւնը փոխարինեց բոլորովին տարբեր բանով մը՝ թագաւորական քահանայութեամբ։ Այս թագաւորական քահանայութիւնը մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի։

17. (ա) Ներկայիս ո՞ր խումբը թագաւորական քահանայութիւնը կը կազմէ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը գործածէ այս թագաւորական քահանայութիւնը։

17 Ներկայիս որո՞նք այս թագաւորական քահանայութիւնը կը կազմեն։ Պետրոս առաքեալ այս հարցումին կը պատասխանէ իր առաջին ներշնչեալ նամակին մէջ։ Քրիստոսի մարմինին օծեալ անդամներուն գրելով, Պետրոս ըսաւ. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»։ (Ա. Պետրոս 2։9) Այս խօսքերէն բացայայտ է թէ, որպէս խումբ, Յիսուսի քայլերուն հետեւող օծեալները կը կազմեն այս «թագաւորական քահանայութիւն»ը, որուն Պետրոս նաեւ ակնարկեց որպէս «սուրբ ազգ»։ Անոնք կը կազմեն այն խողովակը, զոր Եհովա կը գործածէ իր ժողովուրդին հրահանգներ եւ հոգեւոր առաջնորդութիւն հայթայթելու համար։—Մատթէոս 24։45-47

18. Ի՞նչ կապակցութիւն կայ նշանակուած երէցներուն եւ թագաւորական քահանայութեան միջեւ։

18 Թագաւորական քահանայութիւնը ներկայացուած է նշանակուած երէցներով, որոնք համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ կը ծառայեն։ Այս տղամարդիկը մեր յարգանքին ու սրտանց աջակցութեան արժանի են, օծեալ ըլլա՛ն կամ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա երէցները նշանակած է այս դիրքերուն վրայ։ (Եբրայեցիս 13։7, 17) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։

19. Երէցները ի՞նչ առումով սուրբ հոգիին կողմէ կը նշանակուին։

19 Այս երէցները Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած պահանջներուն գոհացում կու տան, որ իր կարգին Աստուծոյ սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։5-9) Ուստի, կրնայ ըսուիլ թէ իրենց նշանակումը սուրբ հոգիին կողմէ է։ (Գործք 20։28) Երէցները պէտք է լիովին քաջածանօթ ըլլան Աստուծոյ Խօսքին։ Զիրենք նշանակած Գերագոյն Դատաւորին նման, երէցներն ալ պէտք է ատեն ամէն բան որ դատաստանի մէջ աչառութիւն ցոյց կու տայ։—Բ. Օրինաց 10։17, 18

20. Ծանր աշխատող երէցներուն ո՞ր գործերը կը գնահատէք։

20 Փոխանակ անոնց հեղինակութեան ասպարէզ կարդալու, իրապէս կը գնահատենք ծանր աշխատող մեր երէցները։ Անոնց հաւատարիմ ծառայութեան արձանագրութիւնը, յաճախ տասնեակ տարիներ երկարող, վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի։ Անոնք ժողովքային հանդիպումները հաւատարմօրէն կը պատրաստեն ու կը վարեն, ուս ուսի մեզի հետ կը քարոզեն «Թագաւորութեան բարի լուրը», եւ սուրբ գրային խրատ կը մատակարարեն՝ երբ անոր կարիքը ունենանք։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ. Եբրայեցիս 10։23, 25. Ա. Պետրոս 5։2) Մեզի կ’այցելեն երբ հիւանդ ըլլանք եւ մեզ կը մխիթարեն երբ սգանք։ Անոնք Թագաւորութեան շահերուն հաւատարմօրէն ու անձնուրացօրէն թիկունք կը կանգնին։ Եհովայի հոգին անոնց վրայ է. անոնք իր հաճութիւնը ունին։—Գաղատացիս 5։22, 23

21. Երէցները ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցին, եւ ինչո՛ւ։

21 Անշուշտ, երէցները կատարեալ չեն։ Իրենց սահմանափակումներուն գիտակցելով, անոնք չեն ջանար հօտին՝ «Աստուծոյ ժառանգութեան»՝ վրայ տիրել։ Անոնք իրենք զիրենք կը նկատեն ‘գործակիցներ, իրենց եղբայրներուն ուրախութեանը համար’։ (Ա. Պետրոս 5։3. Բ. Կորնթացիս 1։23) Խոնարհ ու ծանր աշխատող երէցները Եհովան կը սիրեն, եւ գիտեն թէ ո՛րքան աւելի զինք ընդօրինակեն, ա՛յնքան աւելի կրնան ժողովքին օգտակար ըլլալ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, անոնք յարատեւաբար կը ջանան աստուածային յատկութիւններ մշակել, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն եւ համբերութիւն։

22. Կորխի պատմութիւնը վերաքաղ ընելը ի՞նչպէս Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հանդէպ ձեր հաւատքը զօրացուց։

22 Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովա մեր անտեսանելի Իշխանն է, Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Քահանայապետը, օծեալ թագաւորական քահանայութեան անդամները՝ մեր ուսուցիչները, իսկ հաւատարիմ Քրիստոնեայ երէցները՝ մեր խրատատուները։ Թէեւ մարդոցմով առաջնորդուած ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն կրնայ կատարեալ ըլլալ, բայց ուրախ ենք որ կրնանք Աստուծոյ ծառայել հաւատարիմ հաւատակիցներու հետ, որոնք ուրախութեամբ աստուածային հեղինակութեան կ’ենթարկուին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Ահարոնի միւս երկու զաւակները՝ Եղիազար ու Իթամար, Եհովայի մատուցած իրենց ծառայութեան մէջ օրինակելի էին։—Ղեւտացւոց 10։6

^ պարբ. 11 Կորխի ընկերակցող դաւադիրները՝ Դաթան ու Աբիրոն, Ռուբէնեաններ էին։ Այս հանգամանքը ունենալով, ըստ երեւոյթին քահանայութեան չցանկացին։ Անոնք դժգոհ էին Մովսէսի առաջնորդութենէն եւ այն իրողութենէն թէ մինչեւ այդ ժամանակ, Խոստացեալ Երկիրը հասնելու իրենց ակնկալութիւնը չէր իրականացած։—Թուոց 16։12-14

^ պարբ. 13 Նահապետական ժամանակներուն, իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխ Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնէր իր կինն ու զաւակները, նոյնիսկ անոնց համար զոհեր մատուցանելով։ (Ծննդոց 8։20. 46։1. Յոբայ 1։5) Սակայն, երբ Օրէնքը հաստատուեցաւ, Եհովա Ահարոնի ընտանիքին արուները նշանակեց որպէս քահանաներ, որոնց միջոցաւ պէտք էր զոհերը ներկայացուէին։ Ըստ երեւոյթին, 250 ըմբոստները յօժար չէին այս բարեճշդուած գործընթացին հետ համագործակցելու։

Ի՞նչ սորվեցաք

• Իսրայելացիներուն հոգ տանելու համար Եհովա ի՞նչ սիրալիր հայթայթումներ ըրաւ։

• Ինչո՞ւ Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ Կորխի ըմբոստութիւնը անարդարանալի էր։

• Ըմբոստներուն հետ Եհովայի վարուելու կերպը մեզի ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

• Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի կարգադրութիւնները կը գնահատենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Եհովայի ծառայութեան մէջ որեւէ նշանակում առանձնաշնորհում մը կը նկատէ՞ք

[Նկար՝ էջ 24]

«Ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»

[Նկար՝ էջ 25]

Նշանակուած երէցները թագաւորական քահանայութիւնը կը ներկայացնեն