Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն աւելցուցէք

Ձեր համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն աւելցուցէք

Ձեր համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն աւելցուցէք

‘Ձեր հաւատքին վրայ համբերութիւն աւելցուցէք եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն’։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։5, 6

1, 2. (ա) Երախայի մը պարագային ի՞նչպիսի աճում կ’ակնկալուի։ (բ) Հոգեւոր աճումը որքա՞ն կարեւոր է։

ԵՐԱԽԱՅԻ մը համար մեծնալը կարեւոր է, սակայն ֆիզիքապէս մեծնալը բաւարար չէ։ Մտային ու զգացական աճում ալ կ’ակնկալուի։ Ժամանակի ընթացքին, երախան իր տհաս գործելակերպերը մէկ կողմ պիտի դնէ եւ չափահաս տղամարդ կամ կին մը պիտի դառնայ։ Պօղոս առաքեալ ասոր ակնարկեց, երբ գրեց. «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի»։—Ա. Կորնթացիս 13։11

2 Պօղոսի խօսքերը հոգեւոր աճման մասին կարեւոր կէտ մը կը նշեն։ Քրիստոնեաները պէտք է հոգեւոր երախաներ ըլլալէ դադրին եւ յառաջդիմելով՝ ‘մտքով չափահասներ’ դառնան։ (Ա. Կորնթացիս 14։20) Անոնք պէտք է փորձեն եւ ջանան ‘Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալ’։ Այն ատեն անոնք ‘տղայ պիտի չըլլան, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած’։—Եփեսացիս 4։13, 14

3, 4. (ա) Հոգեւորապէս չափահաս ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Աստուածային ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերենք, եւ անոնք որքա՞ն կարեւոր են։

3 Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւորապէս չափահաս դառնալ։ Մինչ ֆիզիքական աճումը սովորական պայմաններու ներքեւ գրեթէ ինքնաբերաբար տեղի կ’ունենայ, հոգեւոր աճումը դիտումնաւոր ջանքեր կը պահանջէ։ Անիկա կը սկսի Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով եւ մեր սորվածին համաձայն գործելով։ (Եբրայեցիս 5։14. Բ. Պետրոս 1։3) Ասիկա իր կարգին մեզ կարող կը դարձնէ Աստուծոյ հաճելի եղող յատկութիւններ ցուցաբերելու։ Ինչպէս է պարագան ֆիզիքական աճման եւ անոր առնչուող երեսակներուն, նոյնպէս ալ աստուածային զանազան յատկութիւններու վերաբերեալ աճումը սովորաբար միաժամանակ տեղի կ’ունենայ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր»։—Բ. Պետրոս 1։5-7

4 Պետրոսի թուած իւրաքանչիւր յատկութիւն կենսական է, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ չեղեալ նկատուիլ։ Ան կ’աւելցնէ. «Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ»։ (Բ. Պետրոս 1։8) Կեդրոնանաք մեր համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն աւելցնելու կարիքին վրայ։

Համբերութեան Կարիքը

5. Ինչո՞ւ համբերութեան կարիքը ունինք։

5 Թէ՛ Պետրոս եւ թէ Պօղոս աստուածպաշտութիւնը համբերութեան հետ կ’առնչեն։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11) Համբերութիւն ունենալը պարզապէս դժուարութեան դիմանալէն եւ հաստատ մնալէն աւելին կը նշանակէ։ Անիկա կը պարփակէ համբերատարութիւն, քաջութիւն եւ հաստատամտութիւն, առանց յուսակորոյս ըլլալու՝ փորձութիւններու, խոչընդոտներու կամ հալածանքի դիմաց։ Քանի որ ‘աստուածպաշտութեամբ կ’ապրինք Քրիստոս Յիսուսով’, հալածանք կ’ակնկալենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Պէտք է համբերենք, եթէ կ’ուզենք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանել եւ փրկութեան համար հարկ եղող յատկութիւնները մշակել։ (Հռովմայեցիս 5։3-5. Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8. Յակոբու 1։3, 4, 12) Առանց համբերութեան, յաւիտենական կեանք պիտի չստանանք։—Հռովմայեցիս 2։6, 7. Եբրայեցիս 10։36

6. Մինչեւ վերջը համբերելը ի՞նչ ընել կը նշանակէ։

6 Ո՛րքան ալ լաւ սկիզբ մը ունենանք, ի վերջոյ, կարեւորը համբերութիւն ունենալն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Այո, պէտք է մինչեւ վերջը համբերենք, անիկա ըլլայ՝ մեր ներկայ կեանքի վերջը, կամ՝ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջը։ Երկու պարագաներուն ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պէտք է պահենք։ Բայց եթէ մեր համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն չաւելցնենք, չենք կրնար Եհովան հաճեցնել եւ յաւիտենական կեանք ստանալ։ Սակայն, ի՞նչ է աստուածպաշտութիւնը։

Աստուածպաշտութիւն Ի՛նչ կը Նշանակէ

7. Ի՞նչ է աստուածպաշտութիւնը, եւ անիկա մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

7 Աստուածաշունչին մէջ աստուածպաշտութիւն բառին գլխաւոր իմաստն է՝ Եհովա Աստուծմէ ակնածիլ եւ իրեն պաշտամունք ու ծառայութիւն մատուցանել, իր տիեզերական գերիշխանութեան հանդէպ հաւատարմութենէ մղուած։ Եհովայի հանդէպ աստուածպաշտութիւն ի գործ դնելու համար, իր անձնաւորութեան եւ իր ճամբաներուն մասին ճշգրիտ գիտութեան կարիքը ունինք։ Պէտք է փափաքինք անձամբ եւ մտերմօրէն Աստուած ճանչնալ։ Ասիկա մեզ պիտի մղէ որ իրեն սրտանց կապուինք. կապակցութիւն մը որ մեր արարքներով ու ապրելակերպով կը ցուցաբերուի։ Պէտք է փափաքինք կարելի եղածին չափ Եհովայի նմանիլ. իր կերպերը ընդօրինակել եւ իր յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը արտացոլացնել։ (Եփեսացիս 5։1) Արդարեւ, աստուածպաշտութիւնը մեզ կը մղէ որ փափաքինք մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ Աստուած հաճեցնել։—Ա. Կորնթացիս 10։31

8. Աստուածպաշտութիւնն ու բացարձակ պաշտամունքը ի՞նչպէս իրարու սերտօրէն առնչուած են։

8 Իսկական աստուածպաշտութիւն ի գործ դնելու համար, պէտք է բացարձակապէս Եհովան պաշտենք, թոյլ չտալով որ մեր սրտին մէջ որեւէ բան իր տեղը գրաւէ։ Որպէս մեր Ստեղծիչը, ան մեր բացարձակ պաշտամունքին արժանի է։ (Բ. Օրինաց 4։24. Եսայեայ 42։8) Այսուհանդերձ, Եհովա մեզ չի ստիպեր որ զինք պաշտենք։ Ան մեր յօժարակամ պաշտամունքը կ’ուզէ։ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած՝ իրեն հանդէպ մեր սէրն է, որ մեզ կը մղէ մեր կեանքը մաքրելու, իրեն անվերապահ նուիրում մը կատարելու, ապա անոր համաձայն ապրելու։

Աստուծոյ Հետ Յարաբերութիւն մը Կերտեցէք

9, 10. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակել եւ պահպանել։

9 Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշելէ ետք, տակաւին կարիքը ունինք իր հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը կերտելու։ Ասիկա ընելու եւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելու մեր փափաքը մեզ կը մղէ որ շարունակենք իր Խօսքը ուսումնասիրել եւ անոր վրայ խոկալ։ Մինչ թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ հոգին մեր մտքին ու սրտին մէջ ներգործէ, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։ Իր հետ մեր յարաբերութիւնը կը շարունակէ մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը ըլլալ։ Եհովան կը նկատենք մեր լաւագոյն Բարեկամը եւ կ’ուզենք ամէն ատեն զինք հաճեցնել։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Աստուծոյ հետ մեր հաճելի յարաբերութենէն առթած ուրախութիւնը կ’աւելնայ, եւ երախտապարտ կ’ըլլանք որ ան սիրալիր կերպով մեզի կը սորվեցնէ եւ ի պահանջեալ հարկին մեզ կը սրբագրէ։—Բ. Օրինաց 8։5

10 Եթէ Եհովայի հետ մեր թանկագին յարաբերութիւնը զօրացնելու համար յարատեւաբար քայլեր չառնենք, անիկա կրնայ տկարանալ։ Իսկ եթէ ասիկա պատահի, Աստուած յանցաւոր չէ, քանի որ ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ (Գործք 17։27) Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովա իրեն մօտենալը չի դժուարացներ։ (Ա. Յովհաննու 5։14, 15) Անշուշտ, Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը պահպանելու համար, ջանք պէտք է թափենք։ Սակայն, ան մեզի կ’օգնէ իրեն մօտենալու, հարկ եղած բոլոր հայթայթումները մեզի տալով, որ աստուածպաշտութիւն մշակենք ու պահպանենք։ (Յակոբու 4։8) Ի՞նչպէս կրնանք այս սիրալիր կարգադրութիւններէն լիովին օգտուիլ։

Հոգեւորապէս Զօրաւոր Մնացէք

11. Մեր աստուածպաշտութեան կարգ մը արտայայտութիւնները ի՞նչ են։

11 Աստուծոյ հանդէպ մեր խոր սէրը մեզ պիտի մղէ մեր աստուածպաշտութեան տարողութիւնը ցուցաբերելու, Պօղոսի խօսքերուն համաձայն. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Ասիկա ընելը կը պահանջէ որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան, ժողովներու ներկայ գտնուելու եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու լաւ սովորութիւն մը պահպանենք։ Կրնանք նաեւ Աստուծոյ մօտիկ մնալ՝ ‘անդադար աղօթք ընելով’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Անոնք մեր աստուածպաշտութեան իմաստալից արտայայտութիւններն են։ Անոնցմէ որեւէ մէկը անտեսելը կրնայ հոգեւոր հիւանդութիւն յառաջացնել եւ մեզ Սատանայի հնարքներուն դիմաց անպաշտպան դարձնել։—Ա. Պետրոս 5։8

12. Ի՞նչպէս կրնանք փորձութիւններու հետ գլուխ ելլել։

12 Հոգեւորապէս զօրաւոր ու գործունեայ մնալը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ մեզ հարուածող բազմաթիւ փորձութիւնները դիմագրաւենք։ Փորձութիւնները կրնան գալ այնպիսի աղբիւրներէ, որոնք կրնան խիստ կերպով մեզ փորձի տակ դնել։ Անտարբերութեան, հակառակութեան եւ հալածանքի տոկալը կրնայ աւելի դժուար ըլլալ, երբ անոնք ընտանիքի սերտ անդամներէն, ազգականներէն, կամ դրացիներէն ծագում կ’առնեն։ Մեր գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ, մեր քրիստոնէական սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընելու նենգ ճնշումներ կրնան յարուցուիլ։ Վհատութիւնը, հիւանդութիւնը եւ յուսալքումը կրնան մեզ ֆիզիքապէս տկարացնել եւ հաւատքի փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելը դժուարացնել։ Սակայն կրնանք բոլոր փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլել, եթէ յարատեւենք «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ [ապրիլ], սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Այսպիսով մեր ուրախութիւնը կրնանք պահպանել, վստահ ըլլալով թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ունինք։—Առակաց 10։22

13. Եթէ կ’ուզենք շարունակել աստուածպաշտութիւն ի գործ դնել, ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Թէեւ Սատանան աստուածապաշտ անհատները իր թիրախը դարձուցած է, սակայն, վախնալու պէտք չունինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա «գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։ (Բ. Պետրոս 2։9) Փորձութիւններու համբերելու եւ այսպիսի ազատագրութիւն վայելելու համար, պէտք է «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ»։ (Տիտոս 2։12) Որպէս Քրիստոնեաներ, արթուն պէտք է ըլլանք որ մարմնաւոր ցանկութիւններու եւ գործունէութիւններու հետ առնչուած որեւէ տկարութիւն, մեր աստուածպաշտութեան չսպառնայ եւ զայն չկործանէ։ Այժմ նկատի առնենք այս սպառնալիքներէն ոմանք։

Աստուածպաշտութեան Սպառնացող Բաներէն Զգուշացէք

14. Եթէ նիւթապաշտութեան ծուղակը մեզ հրապուրէ, ի՞նչ պէտք է յիշենք։

14 Նիւթապաշտութիւնը շատերու համար ծուղակ մըն է։ Կրնանք նոյնիսկ մեր անձը խաբել, խորհելով որ «աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը»ն է։ Ոստի, կրնանք համարձակիլ հաւատակիցներուն ցուցաբերած վստահութիւնը շահագործել։ (Ա. Տիմոթէոս 6։5) Կրնանք նաեւ եզրակացնել թէ խնդիր չէ հարուստ Քրիստոնեայի մը վրայ ճնշում բանեցնել որ մեզի դրամ փոխ տայ, թէեւ շատ հաւանական է որ չկարենանք վերստին վճարել։ (Սաղմոս 37։21) Սակայն, ո՛չ թէ նիւթական բաներ ձեռք ձգելը, այլ աստուածպաշտութիւնն է որ «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Քանի որ «բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ», աւելի վճռակամութեամբ հետամուտ ըլլանք ‘աստուածպաշտութեան՝ գոհունակութիւնով մէկտեղ’, եւ «կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-11

15. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ հաճոյք հետապնդելը սպառնայ մեր աստուածպաշտութեան տեղը առնել։

15 Հաճոյք հետապնդելը կրնայ աստուածպաշտութեան տեղ չձգել։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս ուղղութեամբ անմիջական բարեճշդումներ ընելու կարիքը ունինք։ Ճիշդ է որ մարմնամարզանքն ու զբօսանքը կարգ մը օգուտներ ունին։ Սակայն, այսպիսի օգուտներ չնչին են յաւիտենական կեանքի հետ բաղդատած։ (Ա. Յովհաննու 2։25) Ներկայիս, շատեր «աւելի հեշտասէր [են] քան թէ աստուածասէր», եւ մենք այսպիսիներէն մէկդի պէտք է կենանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։4, 5) Աստուածպաշտութեան կարեւորութիւն ընծայողները ‘հանդերձեալին համար անձին բարի հիմ կը դնեն, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն’։—Ա. Տիմոթէոս 6։19

16. Ի՞նչ մեղաւոր ցանկութիւններ ոմանք ետ կը պահեն Աստուծոյ արդար պահանջներուն համաձայն ապրելէ, եւ ի՞նչպէս կրնանք այս ցանկութիւնները նուաճել։

16 Խմիչքի սխալ գործածութիւնը, թմրամոլութիւնը, անբարոյութիւնը եւ մեղաւոր ցանկութիւնները կրնան մեր աստուածպաշտութիւնը կործանել։ Ասոնց անձնատուր ըլլալը կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Աստուծոյ արդար պահանջներուն համաձայն չապրինք։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Բ. Կորնթացիս 7։1) Նոյնիսկ Պօղոս ստիպուած էր մեղաւոր մարմնին հետ մղուած յարատեւ պայքարի մը տոկալ։ (Հռովմայեցիս 7։21-25) Սխալ ցանկութիւններէ ձերբազատուելու համար խիստ միջոցներու պէտք է դիմել։ Նախ, պէտք է վճռենք բարոյապէս մաքուր մնալ։ Պօղոս մեզի կ’ըսէ. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։ (Կողոսացիս 3։5) Այսպիսի մեղաւոր արարքներու առնչութեամբ մեր երկրաւոր անդամները սպաննելը վճռակամութիւն կը պահանջէ, որպէսզի զանոնք ոչնչացնենք, մէջտեղէն վերցնենք։ Աստուծոյ օգնութեան համար անկեղծօրէն աղօթելը մեզ կարող պիտի դարձնէ, որ սխալ ցանկութիւնները մերժենք եւ արդարութեան ու աստուածպաշտութեան ետեւէ ըլլանք, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան մէջ։

17. Խրատը ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։

17 Վհատութիւնը կրնայ մեր համբերութիւնը տկարացնել եւ մեր աստուածպաշտութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն ունենալ։ Եհովայի ծառաներէն շատեր վհատութենէ տառապած են։ (Թուոց 11։11-15. Եզրասայ 4։4. Յովնանու 4։3) Վհատութիւնը մասնաւորաբար աւերիչ ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր վրայ, եթէ անոր ընկերակցի ընդվզում, քանի որ արհամարհուած կամ խիստ յանդիմանուած կամ խրատուած ենք։ Սակայն, յանդիմանութիւնն ու խրատը աստուածային սիրալիր հետաքրքրութեան ապացոյցն են։ (Եբրայեցիս 12։5-7, 10, 11) Յանդիմանութիւնը պէտք չէ պարզապէս պատիժ նկատուի, այլ՝ արդարութեան ճամբուն մէջ մեզ մարզելու միջոց մը։ Եթէ խոնարհ ենք, խրատը պիտի գնահատենք եւ ընդունինք, գիտակցելով որ «խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են»։ (Առակաց 6։23) Ասիկա կրնայ մեզի օգնել որ աստուածպաշտութիւն հետապնդելու մէջ հոգեւոր լաւ յառաջդիմութիւն ընենք։

18. Անհատական վիրաւորանքներու նկատմամբ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։

18 Թիւրիմացութիւններն ու անձնական վիրաւորանքները կրնան մեր աստուածպաշտութեան մարտահրաւէր մը ներկայացնել։ Անոնք կրնան մտահոգութիւն պատճառել կամ ոմանք մղել որ իրենց հոգեւոր եղբայրներէն ու քոյրերէն մեկուսանալու անմիտ քայլը առնեն։ (Առակաց 18։1) Սակայն, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ ուրիշներուն հանդէպ ոխ պահելը կամ ատելութիւն սնուցանելը կրնայ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վնաս հասցնել։ (Ղեւտացւոց 19։18) Իրականութեան մէջ, «ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։ (Ա. Յովհաննու 4։20) Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ընդգծեց անհատական խնդիրները լուծելու համար անմիջական քայլեր առնելու կարիքը։ Ան իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ներողութիւն խնդրելը կրնայ նպաստել անազնիւ խօսքերով կամ արարքներով պատճառուած վէրք մը բուժելու։ Եթէ ներողութիւն խնդրենք եւ խոստովանինք թէ հարցերը անպատշաճ կերպով ձեռք առինք, վէրք մը կրնայ բուժուիլ եւ խաղաղ յարաբերութիւններ կրնան վերահաստատուիլ։ Յիսուս խնդիրներ ձեռք առնելու շուրջ այլ խրատներ ալ տուաւ։ (Մատթէոս 18։15-17) Որքա՜ն ուրախ կ’ըլլանք երբ խնդիրներ լուծելու ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին։—Հռովմայեցիս 12։18. Եփեսացիս 4։26, 27

Յիսուսի Օրինակին Հետեւինք

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։

19 Վստահաբար փորձութիւններ պիտի դիմագրաւենք, սակայն պայման չէ որ անոնք մեզ շեղեցնեն յաւիտենական կեանքի մրցավազքէն։ Յիշեցէք թէ Եհովա կրնայ մեզ փորձութենէ ազատել։ Մինչ ‘ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի կը ձգենք եւ համբերութիւնով կը վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը, Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին’։ (Եբրայեցիս 12։1-3) Յիսուսի օրինակը սերտօրէն քննելը եւ խօսքով ու գործով զինք ընդօրինակել ջանալը, մեզի պիտի օգնէ աստուածպաշտութիւն մշակելու եւ զայն աւելի մեծ տարողութեամբ ցուցաբերելու։

20. Համբերութիւն եւ աստուածպաշտութիւն հետապնդելով ի՞նչ վարձատրութիւններ ձեռք կը ձգենք։

20 Համբերութիւնն ու աստուածպաշտութիւնը միասնաբար կը գործեն որ մեր փրկութիւնը ստոյգ դառնայ։ Այս թանկագին յատկութիւնները ցուցաբերելով, կրնանք Աստուծոյ մատուցած մեր սրբազան ծառայութիւնը հաւատարմօրէն շարունակել։ Նոյնիսկ փորձութեան ներքեւ ուրախ պիտի ըլլանք, Եհովայի բազմագթութիւնն ու օրհնութիւնը վայելելով, քանի որ կը համբերենք ու աստուածպաշտութիւն ի գործ կը դնենք։ (Յակոբու 5։11) Ասկէ զատ, Յիսուս անձամբ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։—Ղուկաս 21։19

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Համբերութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

• Ի՞նչ է աստուածպաշտութիւնը, եւ անիկա ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի։

• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը կերտել եւ պահպանել։

• Մեր աստուածպաշտութեան սպառնացող կարգ մը բաները ի՞նչ են, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնցմէ խուսափիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 8, 9]

Աստուածպաշտութիւնը բազմաթիւ կերպերով կը ցուցաբերուի

[Նկարներ՝ էջ 10]

Ձեր Աստուածպաշտութեան սպառնացող բաներէն զգուշացէք