Քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով կը պաշտեն
Քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով կը պաշտեն
«Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։24
1. Աստուած ի՞նչպիսի պաշտամունքի կը հաճի։
ԵՀՈՎԱՅԻ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, բացայայտօրէն սահմանեց իր երկնաւոր Հայրը հաճեցնող պաշտամունքը։ Մինչ Սուքար քաղաքին մօտերը ջրհորի մը քով Սամարացի կնոջ մը սրտապնդիչ վկայութիւն մը կու տար, Յիսուս ըսաւ. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։22-24) Այս խօսքերը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակեն։
2. Սամարացիներուն պաշտամունքը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած էր։
2 Սամարացիները կրօնական սխալ տեսակէտներ ունէին։ Անոնք Սուրբ Գրութիւններուն միայն առաջին հինգ գիրքերը կ’ընդունէին որպէս ներշնչուած, բայց՝ ըստ իրենց թարգմանութեան, որ կը կոչուէր Սամարական Հնգամատեան։ Մինչ Սամարացիները իրապէս Աստուած չէին ճանչնար, Հրեաներուն վստահուած էր Սուրբ Գրութիւններուն գիտութիւնը։ (Հռովմայեցիս 3։1, 2) Կարելի էր որ հաւատարիմ Հրեաներ եւ ուրիշներ Եհովայի հաճութիւնը վայելէին։ Սակայն, ասիկա իրենցմէ ի՞նչ պիտի պահանջէր։
3. Աստուած «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտելու համար ի՞նչ կը պահանջուի։
3 Եհովան հաճեցնելու համար, վաղեմի Հրեաները, Սամարացիները եւ ուրիշներ ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Անոնք պէտք էր զինք պաշտէին «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ Նոյնն ալ մենք պէտք է ընենք։ Թէեւ Աստուծոյ մատուցուած ծառայութիւնը ոգեւորուած, կամ նախանձախնդրութեամբ պէտք է ըլլայ, եւ սիրով ու հաւատքով լեցուն սրտէ մը մղուած, սակայն Աստուած հոգիով պաշտելը յատկապէս կը պահանջէ որ իր սուրբ հոգին ունենանք եւ թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ կիրարկելով, մեր հոգին՝ կամ տրամադրութիւնը, իր հոգիին հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ։ (Ա. Կորնթացիս 2։8-12) Մեր պաշտամունքը Եհովայի ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է նաեւ ճշմարտութիւնով մատուցուի իրեն։ Անիկա Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին Աստուածաշունչին յայտնած բաներուն հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ։
Ճշմարտութիւնը Կրնայ Գտնուիլ
4. Ոմանք ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։
4 Փիլիսոփայութեան կարգ մը աշակերտներ այն տեսակէտը զարգացուցած են, թէ բացարձակ ճշմարտութիւնը մարդկութեան հասողութենէն վեր է։ Իրականութեան մէջ, Շուէտացի հեղինակ Ալֆ Ալպըրկ գրեց. «Շատ մը փիլիսոփայական հարցումներ այնպիսի բնոյթ մը ունին, որ կարելի չէ անոնց որոշ պատասխան մը տալ»։ Թէեւ ոմանք կ’ըսեն
թէ միայն յարաբերական ճշմարտութիւն կայ, բայց արդեօք ասիկա ճի՞շդ է։ Ըստ Յիսուս Քրիստոսի, ո՛չ։5. Յիսուս ինչո՞ւ աշխարհ եկաւ։
5 Պահ մը երեւակայենք որ հետեւեալ տեսարանին ականատես ենք. Հ.Դ. 33–ի սկիզբներն է, եւ Յիսուս Հռովմէացի Կուսակալ Պոնտացի Պիղատոսի դիմաց կայնած է։ Յիսուս Պիղատոսի կ’ըսէ. «Ես . . . ասոր համար աշխարհ եկած [եմ], որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ Պիղատոս կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Սակայն ան Յիսուսի յաւելեալ բացատրութեան չի սպասեր։—Յովհաննու 18։36-38
6. (ա) «Ճշմարտութիւնը» ի՞նչպէս սահմանուած է։ (բ) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ։
6 «Ճշմարտութիւնը» սահմանուած է որպէս՝ «իրական բաներու, դէպքերու եւ իրողութիւններու ամբողջութիւն»։ (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary) Բայց Յիսուս ընդհանրակա՞ն ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տուաւ։ Ո՛չ։ Ան մասնայատուկ ճշմարտութիւն մը ի մտի ունէր։ Ան իր հետեւորդներուն յանձնարարութիւն տուաւ որ այդ ճշմարտութիւնը ծանուցանեն, քանի որ անոնց ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս իրերու դրութեան վախճանէն առաջ, Յիսուսի իսկական հետեւորդները համայն աշխարհի մէջ ‘աւետարանին ճշմարտութիւնը’ պիտի ծանուցանէին։ (Մատթէոս 24։3. Գաղատացիս 2։14) Ասիկա Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը պիտի կատարէր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Ուստի կենսական է որ բնորոշենք այն անհատները, որոնք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով ճշմարտութիւնը բոլոր ազգերուն կը սորվեցնեն։
Ճշմարտութիւնը Ի՛նչպէս Կրնանք Սորվիլ
7. Ի՞նչպէս կ’ապացուցանէք թէ Եհովա ճշմարտութեան Ակունքն է։
7 Եհովա հոգեւոր ճշմարտութեան Ակունքն է։ Արդարեւ, սաղմոսերգու Դաւիթ Եհովան կոչեց ‘ճշմարտութեան Աստուածը’։ (Սաղմոս 31։5. 43։3) Յիսուս ընդունեց որ իր Հօրը խօսքը ճշմարտութիւն է. ան նաեւ ըսաւ՝ «Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ»։ (Յովհաննու 6։45. 17։17. Եսայեայ 54։13) Բացայայտ է ուրեմն, թէ ճշմարտութիւնը փնտռողները պէտք է Եհովայէ՝ Մեծ Ուսուցիչէն՝ սորվին։ (Եսայեայ 30։20, ՆԱ, 21) Ճշմարտութիւնը որոնողները «Աստուծոյ գիտութիւնը» պէտք է ձեռք ձգեն։ (Առակաց 2։5) Իսկ Եհովա սիրալիրօրէն ճշմարտութիւնը այլազան կերպերով սորվեցուցած կամ հաղորդած է։
8. Աստուած ճշմարտութիւնը ի՞նչ կերպերով սորվեցուցած կամ փոխանցած է։
8 Օրինակ, հրեշտակներու միջոցաւ է որ Աստուած Օրէնքը Իսրայելացիներուն փոխանցեց։ (Գաղատացիս 3։19) Երազներու միջոցաւ, ան Աբրահամ ու Յակոբ նահապետներուն օրհնութիւններ խոստացաւ։ (Ծննդոց 15։12-16. 28։10-19) Աստուած նոյնիսկ երկնքէն խօսեցաւ, ինչպէս Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ, երբ այս զգայացունց խօսքերը լսուեցան երկրի վրայ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մատթէոս 3։17) Նաեւ երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ Աստուած ճշմարտութիւնը փոխանցեց՝ Աստուածաշունչի գրողները ներշնչելով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ուստի, Աստուծոյ Խօսքէն սորվելով կրնանք ‘ճշմարտութեան հաւատալ’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։12
Ճշմարտութիւնը եւ Աստուծոյ Որդին
9. Աստուած ի՞նչպէս իր Որդին գործածած է ճշմարտութիւնը յայտնելու համար։
9 Աստուած յատկապէս իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը գործածած է, ճշմարտութիւնը մարդկութեան յայտնելու համար։ (Եբրայեցիս 1։1-3) Արդարեւ, Յիսուս ճշմարտութիւնը այնպէս մը խօսեցաւ, որ բնաւ մէկը իրեն պէս խօսած չէր։ (Յովհաննու 7։46) Նոյնիսկ երկինք համբառնալէն յետոյ, ան իր Հօրմէն առած ճշմարտութիւնը յայտնեց։ Օրինակ, Յովհաննէս առաքեալ ստացաւ «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։—Յայտնութիւն 1։1-3
10, 11. (ա) Այն ճշմարտութիւնը՝ որուն մասին Յիսուս վկայեց, ի՞նչ բանի հետ առնչուած է։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս ճշմարտութիւնը իրականութիւն մը դարձուց։
10 Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին ըսաւ թէ երկիր եկած էր, ճշմարտութեան մասին վկայելու համար։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս յայտնեց թէ այս ճշմարտութիւնը Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման հետ առնչուած էր, Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ՝ որուն Թագաւորը Քրիստոս էր։ Սակայն ճշմարտութեան համար վկայելը, քարոզելէ ու սորվեցնելէ աւելին պահանջեց Յիսուսէն։ Յիսուս ճշմարտութիւնը իրականութիւն մը դարձուց, զայն կատարելով։ Ասոր ի տես Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը [«իրականութիւնը», Անթիլիաս] Քրիստոսն է»։—Կողոսացիս 2։16, 17
11 Ճշմարտութիւնը իրականութիւն մը դարձաւ, երբ Բեթլէհէմի մէջ Յիսուս ծնաւ, ինչպէս նախագուշակուած էր։ (Միքիայ 5։2. Ղուկաս 2։4-11) Ճշմարտութիւնը նաեւ իրականութիւն մը դարձաւ, 69 «եօթնեակ»ին վերջաւորութեան Մեսիայի յայտնուելուն մասին Դանիէլի մարգարէական խօսքերուն կատարումով։ Ասիկա տեղի ունեցաւ երբ Յիսուս ինքզինք Աստուծոյ ներկայացուց մկրտութեան ատեն ու սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ճիշդ որոշուած ժամանակին՝ Հ.Դ. 29–ին։ (Դանիէլ 9։25. Ղուկաս 3։1, 21, 22) Ճշմարտութիւնը նաեւ իրականութիւն մը դարձաւ, Յիսուսի կատարած լոյս սփռող ծառայութեամբ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը։ (Եսայեայ 9։1, 2, 6, 7. 61։1, 2. Մատթէոս 4։13-17. Ղուկաս 4։18-21) Անիկա նաեւ իրականութիւն մը դարձաւ Յիսուսի մահուամբ եւ յարութեամբ։—Սաղմոս 16։8-11. Եսայեայ 53։5, 8, 11, 12. Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 1։29. Գործք 2։25-31
12. Յիսուս ինչո՞ւ կրնար ըսել՝ ‘Ես եմ ճշմարտութիւնը’։
12 Քանի որ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի վրայ կեդրոնացած էր, ան կրնար ըսել. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ (Յովհաննու 14։6) Մարդիկ հոգեւորապէս կ’ազատագրուին, երբ ‘ճշմարտութեան կողմնակից’ կ’ըլլան, Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի դերը ընդունելով։ (Յովհաննու 8։32-36. 18։37) Քանի որ ոչխարանման անհատներ ճշմարտութիւնը կ’ընդունին եւ հաւատքով Քրիստոսի կը հետեւին, անոնք յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգեն։—Յովհաննու 10։24-28
13. Ո՞ր երեք մարզերուն հետ առնչուած սուրբ գրային ճշմարտութիւններ պիտի քննենք։
13 Յիսուսի եւ իր ներշնչեալ աշակերտներուն հաղորդած ամբողջ ճշմարտութիւնը, ճշմարիտ քրիստոնէական հաւատքը կը կազմէ։ Ուստի ‘հաւատքին յարողները’՝ «ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գործք 6։7. Գ. Յովհաննու 3, 4) Արդ, որո՞նք ճշմարտութեան մէջ կը քալեն ներկայիս։ Որո՞նք իրապէս բոլոր ազգերուն ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, պիտի կեդրոնանանք նախկին Քրիստոնեաներուն վրայ եւ քննենք սուրբ գրային ճշմարտութիւններ, որոնք առնչուած են (1) հաւատալիքներու, (2) պաշտամունքի կերպի, եւ (3) անձնական վարքի հետ։
Ճշմարտութիւնը եւ Հաւատալիքներ
14, 15. Նախկին Քրիստոնեաները եւ Եհովայի Վկաները ի՞նչ տեսակէտ ունեցած են Սուրբ Գրութիւններուն նկատմամբ։
14 Նախկին Քրիստոնեաները մեծապէս կը յարգէին Եհովայի գրաւոր Խօսքը։ (Յովհաննու 17։17) Հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու նկատմամբ անիկա իրենց չափանիշն էր։ Երկրորդ ու երրորդ դարու Աղեքսանդրացի Կղեմէս ըսաւ. «Գերազանցութեան ետեւէ եղողները, ճշմարտութեան իրենց փնտռտուքը պիտի չդադրեցնեն, մինչեւ որ փաստեն թէ իրենց հաւատացած բաները ուղղակի Սուրբ Գրութիւններէն են»։
15 Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի Վկաները մեծապէս կ’արժեւորեն Աստուածաշունչը։ Անոնք կը հաւատան որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ուստի նկատի առնենք նախկին Քրիստոնեաներու կարգ մը հաւատալիքները, եւ զանոնք համեմատենք Եհովայի արդի ծառաներուն սորված հաւատալիքներուն հետ, քանի որ Աստուածաշունչը կը գործածեն որպէս իրենց գլխաւոր դասագիրքը։
Հոգիի Մասին Ճշմարտութիւնը
16. Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։
16 Քանի որ Սուրբ Գրութիւններուն ըսածին կը հաւատային, առաջին Քրիստոնեաները հոգիի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուցին։ Անոնք գիտէին թէ երբ Աստուած մարդը ստեղծեց, ան «կենդանի հոգի եղաւ»։ (Ծննդոց 2։7) Ասկէ զատ, անոնք ընդունեցին թէ մարդկային հոգին կը մեռնի։ (Եզեկիէլ 18։4. Յակոբու 5։20) Անոնք նաեւ գիտէին որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր»։—Ժողովողի 9։5, 10
17. Մեռելներու յոյսը ի՞նչպէս կը բացատրէք։
17 Այսուհանդերձ, Յիսուսի նախկին աշակերտները վստահ յոյս ունէին թէ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, կամ դարձեալ կեանքի պիտի բերուին։ Այս հաւատալիքը լաւ կերպով արտայայտուեցաւ Պօղոսի կողմէ, որ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Նոյնիսկ հետագային, Քրիստոնէութիւն դաւանող Մինիգիոս Փելիքս գրեց. «Ո՛վ այնքան բթամիտ կամ յիմար է որ յանդգնի ըսել թէ մարդը, որ սկիզբը Աստուծոյ կողմէ կազմուեցաւ, կարելի չէ որ դարձեալ կազմուի իր կողմէ»։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի Վկաները մարդկային հոգիին, մահուան եւ յարութեան շուրջ սուրբ գրային ճշմարտութիւններուն կը կառչին։ Այժմ նկատի առնենք Աստուծոյ ու Քրիստոսի ինքնութիւնը։
Ճշմարտութիւնը եւ Երրորդութիւնը
18, 19. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Երրորդութիւնը սուրբ գրային ուսուցում մը չէ։
18 Նախկին Քրիստոնեաները՝ Աստուած, Քրիստոս եւ սուրբ հոգին Երրորդութիւն մը չէին նկատեր։ The Encyclopædia Britannica կ’ըսէ. «Ո՛չ Երրորդութիւն բառը եւ ոչ բացայայտ վարդապետութիւնը կը գտնուին Նոր Կտակարանին մէջ, ո՛չ ալ Յիսուս եւ իր հետեւորդները մտադիր էին Հին Կտակարանի Շէմային [Եբրայերէն աղօթք մը] հակասել. ‘Լսիր, ով Իսրայէլ, մեր Եհովայ Աստուածը՝ Եհովան մէկ է’։ (Բ. Օր. 6։4, Արարատ)»։ Քրիստոնեաները հռովմէական եռեակը կամ ուրիշ չաստուածներ չէին պաշտեր։ Անոնք կ’ընդունէին Յիսուսի խօսքը թէ միայն Եհովան պէտք է պաշտել։ (Մատթէոս 4։10) Ասկէ զատ, անոնք կը հաւատային Քրիստոսի խօսքին. «Իմ Հայրս ինծմէ մեծ է»։ (Յովհաննու 14։28) Ներկայիս Եհովայի Վկաները նոյն տեսակէտներուն կը կառչին։
19 Յիսուսի նախկին հետեւորդները Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ սուրբ հոգիին միջեւ բացայայտ տարբերութիւն կը դնէին։ Արդարեւ, անոնք աշակերտները կը մկրտէին (1) Հօրը անունով, (2) Որդւոյն անունով, եւ (3) սուրբ հոգիին անունով, եւ ո՛չ թէ Երրորդութեան մը անունով։ Եհովայի Վկաներն ալ սուրբ գրային ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն, եւ հետեւաբար տարբերութիւն կը դնեն Աստուծոյ, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին միջեւ։—Մատթէոս 28։19
Ճշմարտութիւնը եւ Մկրտութիւնը
20. Մկրտութեան թեկնածուները ի՞նչ գիտութեան կարիքը ունին։
20 Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարութիւն տուաւ որ աշակերտեն, մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնելով։ Մկրտութեան որակելի ըլլալու համար, անոնք Սուրբ Գրութիւններուն մասին հիմնական գիտութիւն պէտք է ունենան։ Օրինակ, անոնք պէտք է ընդունին Հօր եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ դիրքն ու հեղինակութիւնը։ (Յովհաննու 3։16) Մկրտութեան թեկնածուները նաեւ պէտք է հասկնան թէ սուրբ հոգին անձ մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ գործօն ոյժն է։—Ծննդոց 1։2
21, 22. Ինչո՞ւ պիտի ըսէիք թէ մկրտութիւնը հաւատացեալներու համար է։
21 Նախկին Քրիստոնեաները մկրտեցին միայն իրազեկ ու զղջացած անհատներ, որոնք իրենց անձը անվերապահօրէն Աստուծոյ նուիրած էին իր կամքը կատարելու համար։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած Հրեաներն ու նորահաւատները արդէն իսկ Եբրայերէն Գրութիւններուն մասին գիտութիւն ունէին։ Երբ լսեցին ինչ որ Պետրոս առաքեալ ըսաւ Յիսուս Մեսիային մասին, շուրջ 3,000 հոգի «սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը» եւ «մկրտուեցան»։—Գործք 2։41. 3։19–4։4. 10։34-38
22 Քրիստոնէական մկրտութիւնը հաւատացեալներու համար է։ Սամարիոյ մէջ անհատներ ճշմարտութիւնը ընդունեցին, եւ «երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ»։ (Գործք 8։12) Եհովայի մասին գիտութիւն ունեցող ջերմեռանդ նորադարձ մը ըլլալով, Եթովպիացի ներքինին նա՛խ ընդունեց մեսիական մարգարէութեան կատարման մասին Փիլիպպոսի խօսքերը, ապա մկրտուեցաւ։ (Գործք 8։34-36) Հետագային, Պետրոս Կոռնելիոսի եւ այլ հեթանոսներու ըսաւ թէ «ոեւէ մարդ որ [Աստուծմէ] կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է», եւ թէ ամէն ոք որ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք կ’ընծայէ, մեղքերու թողութիւն կը ստանայ։ (Գործք 10։35, 43. 11։18) Այս բոլորը ներդաշնակ են Յիսուսի պատուէրին հետ. ‘Աշակերտեցէք եւ անոնց սորվեցուցէք որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես պատուիրեցի’։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8) Եհովայի Վկաները միեւնոյն չափանիշին կը կառչին, մկրտութեան համար ընդունելով միայն այն անհատները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն մասին հիմնական գիտութիւն մը ունին եւ Աստուծոյ նուիրում մը կատարած են։
23, 24. Քրիստոնէական մկրտութեան պատշաճ կերպը ի՞նչ է։
23 Ջուրին մէջ ամբողջովին մխրճուիլը հաւատացեալներու համար մկրտութեան պատշաճ կերպն է։ Յիսուս Յորդանան Գետին մէջ մկրտուելէ յետոյ, ‘ջուրէն դուրս ելաւ’։ (Մարկոս 1։10, Երուսաղէմ) Եթովպիացի ներքինին «ջրակոյտ»ի մէջ մկրտուեցաւ։ Ինք եւ Փիլիպպոս «ջուրը իջան», ապա անկէ «դուրս ելան»։ (Գործք 8։36-40, ՆԱ) Քանի որ Աստուածաշունչը մկրտութիւնը կ’առնչէ այլաբանական թաղման հետ, ասիկա նաեւ կը նշէ ջուրին մէջ ամբողջական մխրճումը։—Հռովմայեցիս 6։4-6. Կողոսացիս 2։12
24 The Oxford Companion to the Bible կ’ըսէ. «Նոր Կտակարանի մէջ նշուած որոշ մկրտութիւններու նկարագրութիւնները ցոյց կու տան թէ մկրտուող անհատը ջուրին մէջ կը խորասուզուէր»։ Ֆրանսական աշխատասիրութիւնը՝ Larousse du XXe Siècle (Ի. Դարու Լարուս) (Փարիզ, 1928) դիտել կու տայ. «Առաջին Քրիստոնեաները խորասուզուելով մկրտուեցան հո՛ն ուր ջուր կը գտնուէր»։ Իսկ After Jesus—The Triumph of Christianity (Յիսուսէ Ետք՝ Քրիստոնէութեան Յաղթանակը) գիրքը կը նշէ. «Իր ամենէն հիմնական ձեւին մէջ, [մկրտութիւնը] կը պահանջէր որ թեկնածուն հաւատքի յայտարարութիւն մը ընէր, որուն կը յաջորդէր ջուրի մէջ ամբողջական մխրճում Յիսուսի անունով»։
25. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։
25 Առաջին Քրիստոնեաներու սուրբ գրային հաւատալիքներուն եւ սովորութիւններուն վերաբերեալ վերոյիշեալ կէտերը պարզապէս օրինակներ են։ Կարելի է ուրիշ նմանութիւններ ալ ներկայացնել անոնց հաւատալիքներուն եւ Եհովայի Վկաներու հաւատալիքներուն միջեւ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք յաւելեալ կերպեր, բնորոշելու համար անոնք որոնք մարդոց ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Աստուած ի՞նչպիսի պաշտամունք կը պահանջէ։
• Ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս իրականութիւն մը դարձաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
• Հոգիին եւ մահուան մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։
• Քրիստոնէական մկրտութիւնը ի՞նչպէս կը կատարուի, եւ մկրտութեան թեկնածուներէն ի՞նչ կը պահանջուի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Յիսուս Պիղատոսի ըսաւ. ‘Ճշմարտութեան համար վկայելու եկած եմ’
[Նկար՝ էջ 13]
Կրնա՞ք բացատրել թէ Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ՝ ‘Ես եմ ճշմարտութիւնը’
[Նկար՝ էջ 14]
Քրիստոնէական մկրտութեան մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է