«Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»
«Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»
«Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 13։34
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ ազդու օրինակները դիւրաւ չեն մոռցուիր։ (բ) Յիսուս ի՞նչպիսի օրինակներ գործածեց, եւ այս ուղղութեամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)
ԿԸ ՅԻՇԷ՞Ք օրինակ մը որ տարիներ առաջ լսած էք, թերեւս հանրային դասախօսութեան մը մէջ։ Ազդու օրինակները շուտով չեն մոռցուիր։ Հեղինակ մը նշեց թէ օրինակները «ականջները կը վերածեն աչքերու, եւ կարելի կը դարձնեն որ ունկնդիրները մտային պատկերներով մտածեն»։ Քանի որ մտային պատկերները մեզի կ’օգնեն աւելի լաւ հասկնալու, օրինակները կրնան գաղափարներու ըմբռնումը դիւրացնել։ Օրինակները կրնան բառերուն մէջ կեանք դնել, սորվեցնելով դասեր, որոնք մեր յիշողութեան մէջ կը դրոշմուին։
2 Երկրի վրայ ոչ մէկ ուսուցիչ Յիսուս Քրիստոսէ աւելի հմուտ եղած է օրինակներ գործածելու մէջ։ Յիսուսի բազմաթիւ առակները, անոնց պատմուելէն մօտաւորապէս երկու հազար տարի ետք, դիւրաւ կը մտաբերուին։ * Յիսուս ինչո՞ւ ուսուցանելու այս մեթոտը շատ գործածեց։ Իսկ ի՞նչ բան իր օրինակները ա՛յսքան ազդու դարձուց։
Յիսուս Ինչո՛ւ Օրինակներով Սորվեցուց
3. (ա) Մատթէոս 13։34, 35–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ պատճառով օրինակներ գործածեց։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա ուսուցանելու այս մեթոտը կ’արժեւորէ։
3 Աստուածաշունչը երկու ուշագրաւ պատճառներ կու տայ թէ Յիսուս ինչո՛ւ օրինակներ գործածեց։ Առաջին՝ օրինակներ գործածելը մարգարէութիւն մը կատարեց։ Մատթէոս առաքեալ գրեց. «Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. ‘Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս’»։ (Մատթէոս 13։34, 35) Մատթէոսի կողմէ մէջբերուած «մարգարէն», Սաղմոս 78։2–ը յօրինողն էր։ Այդ սաղմոսերգուն Աստուծոյ հոգիով ներշնչուած գրեց, Յիսուսի ծնունդէն դարեր առաջ։ Յատկանշական չէ՞ որ հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովա որոշած էր որ իր Որդին օրինակներով սորվեցնէ։ Անկասկած Եհովա կ’արժեւորէ ուսուցանելու այս մեթոտը։
4. Յիսուս ի՞նչպէս բացատրեց թէ ինչո՛ւ օրինակներ կը գործածէր։
4 Երկրորդ՝ Յիսուս ինք բացատրեց թէ օրինակներ կը Մատթէոս 13։2, 10, 11, 13-15. Եսայեայ 6։9, 10
գործածէր մաղելու համար անընդունակ սրտեր ունեցողները։ Սերմնացանին առակը «շատ ժողովուրդ»ներու պատմելէ յետոյ, իր աշակերտները հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»։ Յիսուս պատասխանեց. «Անոր համար՝ որ ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։ Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր ու միտք չեն առներ։ Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայիի մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. ‘Լսելով պիտի լսէք ու պիտի չիմանաք։ Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չտեսնէք’։ Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ»։—5. Յիսուսի օրինակները ի՞նչպէս խոնարհ ունկնդիրները հպարտ սիրտ ունեցողներէն զատեցին։
5 Յիսուսի օրինակները ի՞նչ կերպով մարդիկը մաղեցին։ Կարգ մը պարագաներուն, իր ունկնդիրները իր խօսքերուն լման իմաստը ըմբռնելու համար խորը պէտք էր թափանցէին։ Խոնարհ անհատներ մղուեցան յաւելեալ տեղեկութիւններ հարցնելու։ (Մատթէոս 13։36. Մարկոս 4։34) Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակները ճշմարտութիւնը յայտնեցին անոնց, որոնք անոր ծարաւի էին. միեւնոյն ատեն, իր օրինակները ճշմարտութիւնը թաքցուցին հպարտ սիրտ ունեցողներէն։ Յիսուս ի՜նչ արտակարգ ուսուցիչ մըն էր։ Այժմ քննենք կարգ մը ազդակներ, որոնք իր օրինակները շատ ազդու դարձուցին։
Մանրամասնութիւններու Ընտրողական Գործածութիւն
6-8. (ա) Յիսուսի ունկնդիրները ի՞նչ առաւելութիւն տակաւին չունէին։ (բ) Ո՞ր առակները ցոյց կու տան թէ Յիսուս մանրամասնութիւններ գործածելու մէջ ընտրողական էր։
6 Երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ ուղղակի Յիսուսին մտիկ ընող աշակերտները ի՛նչ զգացած ըլլալու էին։ Թէեւ առանձնաշնորհումը ունեցան Յիսուսի ձայնը լսելու, սակայն տակաւին այն առաւելութիւնը չունէին որ գրաւոր արձանագրութեան մը դիմէին, իր ըսած բաները յիշելու համար։ Փոխարէն, անոնք Յիսուսի խօսքերը իրենց մտքին ու սրտին մէջ պէտք էր պահէին։ Հմտօրէն օրինակներ գործածելով, Յիսուս իր սորվեցուցած բաները յիշելը անոնց համար դիւրացուց։ Ի՞նչպէս։
7 Յիսուս մանրամասնութիւններ գործածելու մէջ ընտրողական էր։ Երբ պատմութեան մը հետ առնչուած կամ շեշտելու համար անհրաժեշտ մասնայատուկ մանրամասնութիւններ կային, ան հոգ կը տանէր որ զանոնք պարփակէր։ Ուստի ան ըսաւ թէ հովիւը ճիշդ քանի՛ ոչխար ձգեց, մինչ մոլորած ոչխարը կը փնտռէր, այգիին մէջ բանուորները քանի՛ ժամ աշխատեցան, եւ որպէս աւանդ քանի՛ տաղանդ յանձնուեցաւ։—Մատթէոս 18։12-14. 20։1-16. 25։14-30
8 Միեւնոյն ատեն, Յիսուս անտեղի մանրամասնութիւնները դուրս ձգեց, որոնք կրնային մեզի արգելք հանդիսանալ որ օրինակներուն իմաստը ըմբռնենք։ Օրինակ, անողորմ ծառային առակին մէջ, բացատրութիւն չի տրուիր թէ այդ ծառան ի՛նչպէս տասը հազար տաղանդի պարտական եղած էր։ Յիսուս ներող ըլլալու կարիքը կը շեշտէր։ Կարեւոր չէր թէ այդ ծառան ի՛նչպէս պարտքի մէջ ինկաւ, այլ՝ թէ իր պարտքը ի՛նչպէս ներուեցաւ եւ իր կարգին ի՛նչպէս վարուեցաւ ծառայակիցի մը հետ, որ յարաբերաբար շատ քիչ դրամ պարտական էր իրեն։ (Մատթէոս 18։23-35) Նմանապէս, անառակ որդիի առակին մէջ, Յիսուս բացատրութիւն չտուաւ թէ կրտսեր որդին ինչո՛ւ յանկարծ իր ժառանգութիւնը պահանջեց եւ ինչո՛ւ զայն վատնեց։ Սակայն Յիսուս մանրամասնեց թէ հայրը ի՛նչպէս զգաց եւ ընդառաջեց, երբ իր որդին սրտի փոփոխութիւն մը ունեցաւ եւ տուն վերադարձաւ։ Հօրը ընդառաջումին նկատմամբ այսպիսի մանրամասնութիւններ կենսական էին այն կէտին համար որ Յիսուս կ’ուզէր յստակացնել, թէ Եհովա «առատապէս կը ներէ»։—Եսայեայ 55։7. Ղուկաս 15։11-32
9, 10. (ա) Երբ իր առակներուն մէջի անձնաւորութիւնները նկարագրէր, Յիսուս ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանար։ (բ) Յիսուս իր ունկնդիրներուն եւ ուրիշներուն ի՞նչպէս դիւրացուց իր օրինակները յիշելը։
9 Յիսուս նաեւ խոհեմ էր, իր առակներուն մէջի անձնաւորութիւնները նկարագրելու կերպին մէջ։ Փոխանակ անձնաւորութիւններուն դրսերեւոյթին մասին մանրամասն նկարագրութիւն մը տալու, Յիսուս յաճախ լուսարձակի տակ առաւ անոնց ըրածը կամ թէ ի՛նչպէս հակազդեցին իր պատմած դէպքերուն։ Ուստի, փոխանակ բարի Սամարացիին դրսերեւոյթը նկարագրելու, Յիսուս պատմեց աւելի յատկանշական բան մը՝ թէ ի՛նչպէս Սամարացին կարեկցաբար ճամբուն վրայ փռուած վիրաւոր Հրեային օգնութեան փութաց։ Յիսուս հայթայթեց այն մանրամասնութիւնները, որոնք անհրաժեշտ էին, սորվեցնելու համար թէ դրացիական սէրը պէտք է մեր ցեղին կամ ազգին պատկանողներէն զատ, ուրիշներու հանդէպ ալ ցոյց տրուի։—Ղուկաս 10։29, 33-37
10 Մանրամասնութիւններու ուշադիր գործածութիւնը, Յիսուսի օրինակները ամփոփ եւ հակիրճ պահեց։ Այս կերպով ան դիւրացուց իր առաջին դարու ունկնդիրներուն, նաեւ անհամար ուրիշներու որոնք հետագային ներշնչեալ Աւետարանները պիտի կարդային, որ զանոնք եւ անոնց բովանդակած արժէքաւոր դասերը յիշեն։
Ամէնօրեայ Կեանքէ Առնուած Օրինակներ
11. Օրինակներ տուէք թէ ի՛նչպէս Յիսուսի առակները արտացոլացուցին բաներ, զորս անկասկած նշմարած էր մինչ Գալիլիոյ մէջ կը մեծնար։
11 Յիսուս մարդոց կեանքին հետ առնչուող օրինակներ գործածելու մէջ վարպետ էր։ Իր առակներէն շատեր կ’արտացոլացնեն բաներ, զորս անկասկած նշմարած էր մինչ Գալիլիոյ մէջ կը մեծնար։ Պահ մը խորհեցէք իր մանկութեան տարիներուն մասին։ Որքա՜ն յաճախ ան տեսած էր թէ ի՛նչպէս իր մայրը խմորեալ հաց կը պատրաստէր, թթխմոր գործածելով։ (Մատթէոս 13։33) Քանի՜ անգամ ան դիտած էր ձկնորսներուն ուռկաններ նետելը Գալիլիոյ Ծովուն ջինջ, կապոյտ ջուրերուն մէջ։ (Մատթէոս 13։47) Որքա՜ն յաճախ դիտած էր շուկային մէջ խաղցող երախաներ։ (Մատթէոս 11։16) Հաւանաբար Յիսուս ուրիշ սովորական բաներ ալ նշմարած էր, զորս իր օրինակներուն մէջ գործածեց. ինչպէս՝ սերմ ցանելը, ուրախ հարսանիքները եւ հասունցած ցորենի դաշտերը։—Մատթէոս 13։3-8. 25։1-12. Մարկոս 4։26-29
12, 13. Յիսուսի տուած ցորենի ու որոմի առակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ան տեղական պարագաներուն ծանօթ էր։
12 Ուստի, զարմանալի չէ որ ամէնօրեայ կեանքէ առնուած պարագաներ ու կացութիւններ նշուած են Յիսուսի բազմաթիւ օրինակներուն մէջ։ Հետեւաբար, ուսուցումի այս մեթոտը գործածելու մէջ իր հմտութիւնը աւելի գնահատելու համար, օգտակար է նկատի առնել թէ իր խօսքերը ի՛նչ նշանակեցին իր Հրեայ ունկնդիրներուն։ Երկու օրինակ առնենք։
13 Նախ՝ ցորենի ու որոմի առակին մէջ, Յիսուս պատմեց մարդու մը մասին, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց, բայց «թշնամին» եկաւ ու արտին մէջ որոմ ցանեց։ Յիսուս ինչո՞ւ այդ մասնայատուկ թշնամական արարքը ընտրեց։ Լաւ, մի մոռնաք որ ան այս առակը պատմեց Գալիլիոյ Ծովուն եզերքը, եւ Գալիլիացիներուն գլխաւոր զբաղումը բացայայտօրէն երկրագործութիւնն էր։ Ի՞նչ բան կրնար երկրագործի մը աւելի վնաս հասցնել քան՝ թշնամիի մը գաղտնօրէն գալը ու արտին մէջ վնասակար որոմներ ցանելը։ Այդ ատենուան աշխարհիկ օրէնքները ցոյց կու տան թէ այսպիսի յարձակումներ տեղի կ’ունենային։ Բացայայտ չէ՞ որ Յիսուս իր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող պարագայ մը գործածեց։—Մատթէոս 13։1, 2, 24-30
14. Բարի Սամարացիի առակին մէջ, ինչո՞ւ յատկանշական է որ Յիսուս իր կէտը բացատրելու համար ‘Երուսաղէմէն Երիքով իջնող’ ճամբան գործածեց։
14 Երկրորդ, մտաբերեցէք բարի Սամարացիին առակը։ Յիսուս իր առակը սկսաւ, ըսելով. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։ (Ղուկաս 10։30) Յատկանշականօրէն, Յիսուս իր կէտը բացատրելու համար գործածեց այն ճամբան որ «Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր»։ Երբ այս առակը կը պատմէր, ան Հրէաստանի մէջ կը գտնուէր, Երուսաղէմէն ոչ շատ հեռու. ուստի, իր ունկնդիրները հաւանաբար խնդրոյ առարկայ ճամբան գիտէին։ Այդ մասնայատուկ ճամբան վտանգաւոր ըլլալու համբաւը ունէր, յատկապէս առանձին ճամբորդողին համար։ Անիկա ամայի շրջաններէ դարձդարձիկ կ’անցնէր, աւազակներուն բազմաթիւ թաքստոցներ հայթայթելով։
15. Բարի Սամարացիին առակին առնչութեամբ, ինչո՞ւ ոչ ոք կրնար արդարացիօրէն չքմեղացնել քահանային ու Ղեւտացիին անտարբերութիւնը։
Ղուկաս 10։31, 32) Քահանաները Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը ծառայէին, իսկ Ղեւտացիները անոնց կ’աջակցէին։ Բազմաթիւ քահանաներ ու Ղեւտացիներ Երիքովի մէջ կը բնակէին, երբ տաճարին մէջ չէին ծառայեր, քանի որ Երիքովը Երուսաղէմէն միայն 23 քիլոմեթր հեռու էր։ Ուստի, անկասկած անոնք այդ ճամբան գործածած էին։ Նկատի առէք նաեւ թէ քահանան ու Ղեւտացին «Երուսաղէմէն» կու գային, հետեւաբար տաճարէն տուն կ’ուղղուէին։ * Ուստի, ոչ ոք կրնար արդարացիօրէն չքմեղացնել այս մարդոց անտարբերութիւնը, ըսելով՝ ‘Անոնք վիրաւոր մարդը անտեսեցին, քանի որ մեռածի երեւոյթ ունէր, եւ դիակի մը դպչիլը զանոնք ժամանակաւորապէս անյարմար կը դարձնէր տաճարին մէջ ծառայելու’։ (Ղեւտացւոց 21։1. Թուոց 19։11, 16) Բացայայտ չէ՞ թէ Յիսուսի առակը իր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող բաներ ցոյց տուաւ։
15 Յիսուսի ակնարկած ‘Երուսաղէմէն Երիքով իջնող’ ճամբուն մասին ուրիշ բան մըն ալ ուշադրութեան արժանի է։ Պատմութեան համաձայն, նախ քահանայ մը, ապա Ղեւտացի մը այդ ճամբէն անցան, թէեւ երկուքն ալ կանգ առնելով վիրաւոր մարդուն չօգնեցին։ (Ստեղծագործութենէն Առնուած Օրինակներ
16. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Յիսուս այսքան քաջածանօթ էր ստեղծագործութեան։
16 Յիսուսի կարգ մը օրինակներն ու առակները ցոյց կու տան իր քաջածանօթ ըլլալը բոյսերու, անասուններու եւ մթնոլորտային վիճակներու։ (Մատթէոս 6։26, 28-30. 16։2, 3) Ան այս գիտութիւնը ուրկէ՞ ձեռք ձգեց։ Մինչ Գալիլիոյ մէջ կը մեծնար, անկասկած ան Եհովայի ստեղծագործութիւնը դիտելու բազմաթիւ առիթներ ունեցաւ։ Ասկէ զատ, Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է, եւ Եհովա զինք գործածեց որպէս «ճարտարապետ» ամէն բան ստեղծելու համար։ (Կողոսացիս 1։15, 16. Առակաց 8։30, 31) Զարմանալի՞ է որ Յիսուս այսքան քաջածանօթ էր ստեղծագործութեան։ Այժմ տեսնենք թէ ան այս գիտութիւնը իր ուսուցումին մէջ ի՛նչպէս հմտօրէն գործածեց։
17, 18. (ա) Յովհաննու 10–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ան ոչխարները յատկորոշող գծերուն քաջածանօթ էր։ (բ) Սուրբ գրային շրջաններ այցելող անհատներ ի՞նչ նկատած են հովիւներուն եւ իրենց ոչխարներուն միջեւ եղած կապին մասին։
17 Յիսուսի ամենէն քնքուշ օրինակներէն մէկը արձանագրուած է Յովհաննու 10–րդ գլուխին մէջ, ուր իր ու իր հետեւորդներուն միջեւ եղած մտերիմ յարաբերութիւնը կը նմանցնէ հովիւին ու անոր ոչխարներուն միջեւ եղած յարաբերութեան։ Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ ան ոչխարները յատկորոշող գծերուն քաջածանօթ էր։ Ան ցոյց տուաւ թէ ոչխարները կը թոյլատրեն որ մէկը զիրենք առաջնորդէ եւ հաւատարմօրէն իրենց հովիւին կը հետեւին։ (Յովհաննու 10։2-4) Հովիւներու եւ ոչխարներու միջեւ եղած անզուգական կապը նկատուած է նաեւ սուրբ գրային շրջաններ այցելող անհատներու կողմէ։ ԺԹ. դարուն, բնագէտ Հ. Պ. Թրիսթրամ նշեց. «Անգամ մը տեսայ հովիւ մը որ իր հօտին հետ կը խաղար։ Ան ձեւացուց որ կը փախչէր. ոչխարները զինք հետապնդեցին եւ շրջապատեցին։ . . . Ի վերջոյ, բոլոր ոչխարները շրջանակ մը կազմեցին, իր շուրջ ցատկռտելով»։
18 Ոչխարները ինչո՞ւ իրենց հովիւին կը հետեւին։ «Վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան», ըսաւ Յիսուս։ (Յովհաննու 10։4) Ոչխարները ի՞րապէս կը ճանչնան իրենց հովիւին ձայնը։ The Historical Geography of the Holy Land (Սրբազան Երկրին Պատմական Աշխարհագրութիւնը) խորագրով իր գրքին մէջ, Ճորճ Ա. Սմիթ իր անձնական փորձառութենէն գրեց. «Երբեմն մեր կէսօրուան դադարը կ’անցընէինք Հրէաստանի ջրհորներէն մէկուն քով, ուր երեք կամ չորս հովիւներ կու գային իրենց հօտերուն հետ միասին։ Հօտերը իրարու կը խառնուէին, եւ հարց կու տայինք թէ իւրաքանչիւր հովիւ ի՛նչպէս պիտի կարենար իր հօտը միւսներէն զատել։ Սակայն, ջուր խմելն ու խաղալը լրանալէ ետք, հովիւները մէկը միւսին ետեւէն ձորին տարբեր կողմերը ուղղուեցան, եւ իւրաքանչիւրը իր մասնայատուկ ձայնով կանչեց. եւ իւրաքանչիւրին ոչխարները միւսներէն զատուեցան ու իրենց հովիւին քով հաւաքուեցան։ Այսպիսով, հօտերը գացին նոյն կարգապահութեամբ որ եկան»։ Յիսուս իր կէտը բացատրելու համար դժուար էր որ ասկէ աւելի լաւ օրինակ մը գտնէր։ Եթէ իր ուսուցումները ընդունինք եւ անոնց հնազանդինք ու իր առաջնորդութեան հետեւինք, կրնանք «բարի հովիւ»ին քնքուշ ու սիրալիր հոգատարութեան ներքեւ գալ։—Յովհաննու 10։11
Իր Ունկնդիրներուն Ծանօթ Եղող Դէպքերէն Առնուած Օրինակներ
19. Սխալ գաղափար մը մերժելու համար, Յիսուս ի՞նչպէս տեղական ողբերգութիւն մը ազդու կերպով գործածեց։
19 Ազդու օրինակները կրնան պարփակել փորձառութիւններ կամ իրադարձութիւններ, որոնցմէ կարելի է դասեր քաղել։ Առիթով մը, Յիսուս նոր պատահած դէպք մը գործածեց, մերժելու համար այն սխալ գաղափարը թէ ողբերգութիւնը կը հարուածէ անոր արժանի եղողները։ Ան ըսաւ. «Այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր [մեղաւոր] էին»։ (Ղուկաս 13։4) Յիսուս ճակատագրի գաղափարին դէմ վառ կերպով առարկեց։ Այդ 18 հոգին մեռան ո՛չ թէ քանի որ Աստուած տհաճեցուցած էին որոշ մեղք մը գործելով։ Այլ, անոնց ողբերգական մահուան պատճառը ժամանակն ու դիպուածն էր։ (Ժողովողի 9։11) Այսպիսով ան հերքեց սուտ ուսուցում մը, իր ունկնդիրներուն քաջածանօթ եղող դէպքի մը ակնարկելով։
20, 21. (ա) Փարիսեցիները ինչո՞ւ դատապարտեցին Յիսուսի աշակերտները։ (բ) Յիսուս ո՞ր սուրբ գրային միջադէպը գործածեց, բացատրելու համար թէ Եհովա երբեք չէր նպատակադրած որ Շաբաթի օրէնքը անթեք կերպով կիրարկուէր։ (գ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։
20 Իր ուսուցումին մէջ, Յիսուս նաեւ սուրբ գրային օրինակներ գործածեց։ Մտաբերեցէք այն պարագան երբ Փարիսեցիները իր աշակերտները դատապարտեցին, քանի որ Շաբաթ օրով ցորեն կը փրցնէին ու կ’ուտէին։ Իրականութեան մէջ, աշակերտները ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքը բեկանեցին, այլ՝ Շաբաթ օրը անօրէն նկատուած աշխատանքին վերաբերեալ Փարիսեցիներու խիստ մեկնութիւնը։ Բացատրելու համար թէ Աստուած երբեք չէր նպատակադրած որ Շաբաթի նկատմամբ իր տուած օրէնքը անտեղի ու անթեք կերպով կիրարկուէր, Յիսուս Ա. Թագաւորաց 21։3-6–ի մէջ արձանագրուած միջադէպին ակնարկութիւն ըրաւ։ Երբ անօթեցան, Դաւիթն ու իր մարդիկը տաղաւար հանդիպեցան եւ թարմ հացերով փոխարինուած առաջաւորութեան հացերը կերան։ Հին հացերը սովորաբար վերապահուած կ’ըլլային քահանաներուն համար։ Սակայն, այս պարագային, Դաւիթն ու իր մարդիկը զանոնք ուտելուն համար չդատապարտուեցան։ Յատկանշականօրէն, ասիկա Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած միակ դէպքն է, որ կը յիշէ թէ քահանայ չեղող անհատներ հին հացերը կերան։ Յիսուս գիտցաւ ճիշդ ո՛ր միջադէպը գործածել, եւ իր Հրեայ ունկնդիրները անկասկած գիտէին զայն։—Մատթէոս 12։1-8
21 Արդարեւ, Յիսուս Մեծ Ուսուցիչ մըն էր։ Կը սքանչանանք իր ունկնդիրներուն հասկնալի կերպով կարեւոր ճշմարտութիւններ հաղորդելու իր անբաղդատելի կարողութեան վրայ։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք մեր ուսուցումին մէջ զինք ընդօրինակել։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Յիսուսի օրինակները բազմաթիւ կերպերով տրուեցան, ի ներառեալ՝ բաղդատութիւններ, նմանութիւններ եւ փոխաբերութիւններ։ Ան լաւ ճանչցուած է իբրեւ առակ գործածող, որ սահմանուած է որպէս «կարճ, սովորաբար երեւակայական պատմութիւն մը, որմէ բարոյական կամ հոգեւոր ճշմարտութիւն մը կը քաղուի»։
^ պարբ. 15 Երուսաղէմի դիրքը Երիքովէն բարձր էր։ Հետեւաբար, «Երուսաղէմէն Երիքով» երթալու ատեն, ինչպէս առակին մէջ յիշուած է, ճամբորդ մը «կ’իջնէր»։
Կը յիշէ՞ք
• Յիսուս ինչո՞ւ օրինակներով սորվեցուց։
• Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս գործածեց այնպիսի առակներ, որոնք իր ունկնդիրներուն հասկնալի էին։
• Յիսուս ստեղծագործութեան մասին իր ունեցած գիտութիւնը ի՞նչպէս իր օրինակներուն մէջ հմտօրէն գործածեց։
• Յիսուս իր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող դէպքերը ի՞նչ կերպերով գործածեց։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 23]
Յիսուս պատմեց ծառայի մը մասին, որ յարաբերաբար չնչին պարտք մը մերժեց ներել, եւ՝ հօր մը մասին, որ իր ամբողջ ժառանգութիւնը վատնած իր որդիին ներեց
[Նկար՝ էջ 25]
Ոչխարները իրենց հովիւին ձայնը իրապէս գիտե՞ն
[Նկար՝ էջ 26]
Յիսուսի պատմած բարի Սամարացիի առակին միտք բանին ի՞նչ էր