«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»
«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»
«Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ»։—ՂՈՒԿԱՍ 4։22
1, 2. (ա) Յիսուսը ձերբակալելու ղրկուած սպասաւորները ինչո՞ւ ձեռնունայն վերադարձան։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ սպասաւորները Յիսուսի ուսուցումով տպաւորուած միակ անհատները չէին։
ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ։ Անոնք ղրկուած էին Յիսուս Քրիստոսը ձերբակալելու, սակայն ձեռնունայն վերադարձան։ Քահանայապետները եւ Փարիսեցիները բացատրութիւն մը պահանջեցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ Արդարեւ, անոնք ինչո՞ւ չձերբակալեցին մարդ մը որ նոյնիսկ պիտի չդիմադրէր։ Սպասաւորները պատասխանեցին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Յիսուսի ուսուցումը զիրենք ա՛յնքան տպաւորած էր, որ անոնք համոզուած չզգացին այս խաղաղասէր մարդը ձերբակալելու։ *—Յովհաննու 7։32, 45, 46
2 Այդ սպասաւորները Յիսուսի ուսուցումով տպաւորուած միակ անհատները չէին։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ բազմութիւններ եկան պարզապէս իրեն մտիկ ընելու համար։ Իր ծննդավայրի մարդիկը «կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ»։ (Ղուկաս 4։22) Մէկէ աւելի անգամներ, ան նաւու մը մէջէն խօսեցաւ Գալիլիոյ Ծովուն եզերքը հաւաքուած մեծ բազմութիւններու։ (Մարկոս 3։9. 4։1. Ղուկաս 5։1-3) Առիթով մը, «խիստ շատ» բազմութիւն մը մի քանի օր իր քով մնաց, նոյնիսկ առանց ուտելու։—Մարկոս 8։1, 2
3. Ի՞նչ գլխաւոր պատճառով Յիսուս յատկանշական ուսուցիչ մըն էր։
3 Ի՞նչ բան Յիսուսը յատկանշական ուսուցիչ մը դարձուց։ Սէրը գլխաւոր պատճառն էր։ * Յիսուս իր հաղորդած ճշմարտութիւնները եւ իր ուսուցանած անհատները կը սիրէր։ Սակայն ան ուսուցանելու ազդու մեթոտներ գործածելու արտակարգ կարողութիւն ունէր։ Այս յօդուածաշարքին մէջ պիտի քննարկենք իր գործածած կարգ մը ազդու մեթոտները եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք զանոնք ընդօրինակել։
Պարզութիւն եւ Յստակութիւն
4, 5. (ա) Յիսուս իր ուսուցման մէջ ինչո՞ւ պարզ լեզու գործածեց, եւ ասիկա ի՞նչ կերպով յատկանշական է։ (բ) Լերան Քարոզը ի՞նչպէս Յիսուսի սորվեցուցած կերպին պարզութիւնը ցոյց տուող օրինակ մըն է։
4 Անսովոր բան մը չէ որ ուսեալ անհատներ իրենց ունկնդիրներուն անհասկնալի եղող լեզուով մը խօսին։ Սակայն, եթէ ուրիշները մեր խօսածները չհասկնան, ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ մեր գիտութենէն։ Ուսուցիչ մը ըլլալով, Յիսուս երբեք իր ունկնդիրներուն անհասկնալի եղող կերպով մը չխօսեցաւ։ Երեւակայեցէք իր ունեցած ընդարձակ բառամթերքը։ Սակայն, հակառակ իր անհուն գիտութեան, ան իր ունկնդիրներուն մասին մտածեց, եւ ոչ թէ՝ իր մասին։ Ան գիտէր թէ անոնցմէ շատեր «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» էին։ (Գործք 4։13) Անոնց սրտին հասնելու համար, ան գործածեց լեզու մը որ կրնային հասկնալ։ Թերեւս բառերը պարզ էին, բայց անոնց հաղորդած ճշմարտութիւնները խորունկ էին։
5 Օրինակի համար, նկատի առնենք Լերան Քարոզը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 5։3–7։27–ի մէջ։ Թերեւս Յիսուս այդ քարոզը միայն 20 վայրկեանի մէջ ներկայացուց։ Այսուհանդերձ, անոր բովանդակած ուսուցումները խորունկ են, շնութեան, ամուսնալուծման եւ նիւթապաշտութեան նման հարցերու խորը թափանցելով։ (Մատթէոս 5։27-32. 6։19-34) Սակայն, խրթին կամ փքուն արտայայտութիւններ չկան։ Իրականութեան մէջ, բառ մը իսկ չկայ որ երախայ մը շուտով չհասկնայ։ Զարմանալի չէ որ երբ ան վերջացուց, ամբոխը՝ որ հաւանաբար կը պարփակէր հողագործներ, հովիւներ եւ ձկնորսներ, ‘հիացաւ անոր ուսուցումին վրայ’։—Մատթէոս 7։28
6. Օրինակ մը տուէք թէ ի՛նչպէս Յիսուս պարզ բայց շատ իմաստալից խօսքեր ըսաւ։
6 Յաճախ յստակ ու կարճ նախադասութիւններ գործածելով, Յիսուս պարզ բայց շատ իմաստալից խօսքեր ըսաւ։ Այսպիսով ան իր պատգամը անմոռանալի կերպով դրոշմեց իր ունկնդիրներուն մտքին ու սրտին մէջ։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. . . . չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք»։ «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն»։ «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ * (Մատթէոս 6։24. 7։1, 20. 9։12. 26։52. Մարկոս 12։17. Գործք 20։35) Մինչեւ օրս, Յիսուս զանոնք ըսելէն մօտաւորապէս 2,000 տարի ետք, այս զօրաւոր խօսքերը դիւրաւ կը մտաբերուին։
Հարցումներու Գործածութիւնը
7. Յիսուս ինչո՞ւ հարցումներ կը հարցնէր։
7 Յիսուսի կողմէ հարցումներու գործածութիւնը աչքառու էր։ Ան յաճախ ասիկա ըրաւ, նոյնիսկ երբ նուազ ժամանակ պիտի վատնուէր եթէ իր ունկնդիրներուն ուղղակի կէտը ըսէր։ Ուստի, Յիսուս ինչո՞ւ հարցումներ կը հարցնէր։ Երբեմն, ան խորաթափանց հարցումներ գործածեց, իր հակառակորդներուն շարժառիթները քօղազերծելու համար, այսպէս զանոնք լռեցնելով։ (Մատթէոս 12։24-30. 21։23-27. 22։41-46) Սակայն, շատ մը պարագաներու, Յիսուս ժամանակ յատկացուց հարցումներ հարցնելու, որպէսզի ճշմարտութիւններ հաղորդէր, իր ունկնդիրները մղէր իրենց սրտին մէջինը արտայայտելու, եւ իր աշակերտներուն միտքը գրգռէր ու մարզէր։ Նկատի առնենք Պետրոս առաքեալին հետ կապ ունեցող երկու օրինակներ։
8, 9. Յիսուս ի՞նչպէս հարցումներ գործածեց Պետրոսի օգնելու որ տաճարի տուրքը վճարելու նկատմամբ շիտակ եզրակացութեան յանգի։
8 Նախ՝ մտաբերեցէք այն դէպքը, երբ տուրք գանձողները Պետրոսի հարցուցին թէ Յիսուս տաճարին տուրքը կը վճարէ՞ր թէ ոչ։ * Պետրոս, որ երբեմն անխոհեմաբար կը վարուէր, պատասխանեց. «Այո՛»։ Սակայն, քիչ ետք, Յիսուս անոր հետ տրամաբանեց. «‘Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն’։ Պետրոս ըսաւ. ‘Օտարներէն’։ Յիսուս անոր ըսաւ. ‘Ուրեմն որդիները ազատ են’»։ (Մատթէոս 17։23-26) Յիսուսի հարցումներուն նպատակը Պետրոսին բացայայտ ըլլալու էր։ Ինչո՞ւ։
9 Յիսուսի օրերուն, թագաւորական ընտանիքի անդամները տուրք վճարելէ զերծ էին։ Ուստի, տաճարին մէջ պաշտուող երկնային Թագաւորին միածին Որդին ըլլալով, Յիսուսէ չէր պահանջուած այդ տուրքը վճարել։ Նկատի առէք որ փոխանակ շիտակ պատասխանը Պետրոսի տալու, Յիսուս ազդուօրէն բայց ազնուաբար հարցումներ գործածեց, անոր օգնելու որ շիտակ եզրակացութեան յանգի, եւ թերեւս՝ խօսելէ առաջ լաւ կերպով մտածելու կարիքը տեսնէ։
10, 11. Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց երբ Հ.Դ. 33–ի Պասեքի գիշերը Պետրոս մարդու մը ականջը կտրեց, եւ ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուս հարցումներու արժէքը կը գնահատէր։
10 Երկրորդ օրինակը կապ ունէր միջադէպի մը հետ, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պասեքի գիշերը, երբ խուժան մը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու։ Աշակերտները Յիսուսի հարցուցին թէ զինք պաշտպանելու համար կռուի՞ն։ (Ղուկաս 22։49) Առանց պատասխանը սպասելու, Պետրոս անոնցմէ մէկուն ականջը սուրով կտրեց (թէեւ հաւանաբար Պետրոսի նպատակն էր աւելի լուրջ վնաս մը հասցնել)։ Պետրոս իր տիրոջ կամքին հակառակ շարժեցաւ, քանի որ Յիսուս լիովին պատրաստ էր ինքզինք յանձնելու։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց։ Միշտ համբերատար ըլլալով, ան երեք հարցում Պետրոսի ուղղեց. «Այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։ «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։—Յովհաննու 18։11. Մատթէոս 26։52-54
11 Պահ մը խոկացէք այս դէպքին վրայ։ Զայրացած ամբոխ մը շրջապատած է Յիսուսը, եւ ան գիտէ թէ իր մահը մօտալուտ է ու իր Հօր անուան սրբացուիլը եւ մարդկային ընտանիքին փրկութիւնը իր ուսերուն վրայ դրուած են։ Սակայն, այդ պահուն իսկ, ան ժամանակ կը տրամադրէ որ Պետրոսի մտքին մէջ կարեւոր ճշմարտութիւններ դրոշմէ, հարցումներ հարցնելով։ Բացայայտ չէ՞ թէ Յիսուս հարցումներու արժէքը կը գնահատէր։
Վառ Չափազանցութիւն
12, 13. (ա) Յիսուս ի՞նչ տեսակ չափազանցութիւն գործածեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս չափազանցութիւնը գործածեց շեշտելու համար մեր եղբայրներուն չնչին սխալները քննադատելու յիմարութիւնը։
12 Իր ծառայութեան մէջ, Յիսուս յաճախ գործածեց ուսուցանելու այլ ազդու մեթոտ մը՝ չափազանցութիւնը, շեշտելու նպատակով եղած դիտումնաւոր չափազանցութիւնը։ Չափազանցութիւն գործածելով, Յիսուս մտային պատկերներ ստեղծեց, զորս դժուար էր մոռնալ։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։
13 Լերան Քարոզին մէջ, երբ ուրիշները ‘չդատելու’ կարիքը կը շեշտէր, Յիսուս ըսաւ. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր»։ (Մատթէոս 7։1-3) Կրնա՞ք ասիկա մտապատկերացնել։ Անհատ մը, որ քննադատելու հակամէտ է, կ’առաջարկէ իր եղբօր ‘աչքէն’ շիւղը հանել։ Այս քննադատողը կը դաւանի թէ իր եղբայրը հարցերը բաւական յստակ չի տեսներ, որպէսզի ընդունելի դատաստան ընէ։ Սակայն, քննադատողին դատելու կարողութիւնը տկարացած է «գերան»ի մը պատճառով, որ կրնայ գործածուիլ առաստաղը ամրացնելու համար։ Ի՜նչ անմոռանալի կերպ մը, ընդգծելու համար թէ որքա՜ն յիմարութիւն է մեր եղբայրներուն չնչին սխալները քննադատել, երբ մենք մեծ յանցանքներ ունինք։
14. Մժղուկը քամելու եւ ուղտը կլլելու մասին Յիսուսի խօսքը ինչո՞ւ յատկապէս զօրաւոր չափազանցութիւն մըն էր։
14 Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս Փարիսեցիները ամբաստանեց որպէս ‘կոյր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամեն եւ ուղտը կը կլլեն’։ (Մատթէոս 23։24) Ասիկա յատկապէս չափազանցութեան ուժեղ գործածութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Շատ տպաւորիչ էր փոքր մժղուկի եւ ուղտի հակադրումը, որ Յիսուսի ունկնդիրներուն գիտցած մեծ անասուններէն մէկն էր։ Կ’ենթադրուի որ սովորական ուղտի մը կշիռը 70 միլիոն մժղուկի հաւասար է։ Նաեւ, Յիսուս գիտէր թէ Փարիսեցիները իրենց գինին կը քամէին, զայն կտորէ շինուած մաղէ մը անցընելով։ Կանոններու խստօրէն կառչող այս անհատները ասիկա կ’ընէին, որպէսզի մժղուկ մը կլլելէ եւ ծիսականօրէն անմաքուր դառնալէ խուսափէին։ Այսուհանդերձ, անոնք այլաբանօրէն ուղտը կը կլլէին, որ նոյնպէս անմաքուր էր։ (Ղեւտացւոց 11։4, 21-24) Յիսուսի կէտը բացայայտ էր։ Փարիսեցիները բծախնդրօրէն կը պահէին Օրէնքին ամենափոքր պահանջները, սակայն, զանց կ’ընէին աւելի ծանր բաները՝ «դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը»։ (Մատթէոս 23։23) Յիսուս բացէ ի բաց քօղազերծեց անոնց ինչ ըլլալը։
15. Ի՞նչ են կարգ մը դասերը, զորս Յիսուս չափազանցութիւն գործածելով սորվեցուց։
15 Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս յաճախ չափազանցութիւն գործածեց։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։ «Մանանեխի հատի չափ հաւատք», որ կրնայ լեռ մը փոխադրել. Յիսուս ասկէ աւելի ազդու կերպ մը պիտի չգտնէր շեշտելու համար, թէ նոյնիսկ քիչ հաւատքը կրնայ շատ բան իրագործել։ (Մատթէոս 17։19) Հսկայ ուղտ մը որ կը փորձէ կարի ասեղի մը ծակէն անցնիլ. ասիկա որքա՜ն լաւ կերպով կը նկարագրէ Աստուծոյ ծառայել ջանացող հարուստ անհատի մը դիմագրաւած դժուարութիւնը, մինչ նիւթապաշտ կենցաղի կառչած կը մնայ։ (Մատթէոս 19։24) Չէ՞ք հիանար Յիսուսի գործածած վառ փոխաբերութիւններուն եւ նուազագոյն բառերով առաւելագոյն ազդեցութիւնը իրագործելու իր կարողութեան վրայ։
Անհերքելի Տրամաբանութիւն
16. Յիսուս իր մտային կարողութիւնները միշտ ի՞նչ կերպով գործածեց։
16 Իր կատարեալ մտքով, Յիսուս մարդոց հետ տրամաբանօրէն պատճառաբանելու մէջ վարպետ էր։ Այսուհանդերձ, ան բնաւ իր այս կարողութիւնը սխալ կերպով չգործածեց։ Իր ուսուցումին մէջ, ան միշտ իր մտային կարողութիւնները գործածեց ճշմարտութիւնը յառաջ տանելու համար։ Երբեմն, ան զօրաւոր տրամաբանութիւն գործածեց, իր կրօնական հակառակորդներուն սուտ ամբաստանութիւնները հերքելու համար։ Շատ մը պարագաներու, ան տրամաբանական պատճառաբանութիւն գործածեց, իր աշակերտներուն կարեւոր դասեր սորվեցնելու համար։ Այժմ ակնարկ մը նետենք տրամաբանութիւն գործածելու Յիսուսի հոյակապ կարողութեան վրայ։
17, 18. Յիսուս ի՞նչ զօրաւոր տրամաբանութիւն գործածեց Փարիսեցիներու մէկ սուտ ամբաստանութիւնը հերքելու համար։
17 Նկատի առէք այն դէպքը երբ Յիսուս կոյր Մատթէոս 12։22-26) Իրականութեան մէջ, Յիսուս ըսել կ’ուզէր. «Եթէ ես, ըստ ձեր ըսածին, Սատանայի գործակալ մըն եմ, որ Սատանայի ըրածները կը խափանեմ, ուրեմն Սատանան իր անձնական շահերուն հակառակ կ’աշխատի եւ շուտով պիտի իյնայ’։ Զօրաւոր տրամաբանութիւն, այդպէս չէ՞։
ու համր դիւահար մը բուժեց։ Երբ Փարիսեցիները այս մասին լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը [Սատանան]»։ Նկատեցէք թէ Փարիսեցիները հաւանեցան թէ Սատանայի դեւերը հանելու համար գերմարդկային զօրութիւն կը պահանջուէր։ Սակայն, որպէսզի մարդիկը ետ պահեն Յիսուսի հաւատալէ, անոնք իր զօրութիւնը Սատանայի վերագրեցին։ Ցոյց տալով թէ անոնց առարկութիւնը տրամաբանական եզրակացութեան մը չէր առաջնորդեր, Յիսուս պատասխանեց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։ Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը»։ (18 Ապա Յիսուս շարունակեց այս նիւթին մասին աւելի տրամաբանել։ Ան տեղեակ էր որ Փարիսեցիներու աշակերտներէն ոմանք դեւեր հանած էին։ Ուստի, ան պարզ բայց ցնցիչ հարցում մը ուղղեց. «Եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները [կամ աշակերտները] ինչո՞վ կը հանեն»։ (Մատթէոս 12։27) Յիսուսի առարկութիւնը ձեւով մը այսպէս էր. ‘Եթէ ես իրապէս Սատանայի զօրութեամբ դեւեր կը հանեմ, ուրեմն ձեր աշակերտներն ալ այս նոյն զօրութեամբ կը հանեն’։ Փարիսեցիները ի՞նչ կրնային ըսել։ Անոնք երբեք պիտի չընդունէին որ իրենց աշակերտները Սատանայի զօրութեամբ կը գործէին։ Անհերքելի տրամաբանութեամբ, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնները ծիծաղելի էին։
19, 20. (ա) Յիսուս ի՞նչ դրական կերպով տրամաբանութիւն գործածեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս ‘որչափ աւելի’ տրամաբանութեան եզրը գործածեց, երբ իր աշակերտներուն խնդրանքին կ’ընդառաջէր, որ աղօթելու կերպը իրենց սորվեցնէր։
19 Իր հակառակորդները լռեցնելու համար տրամաբանութիւն գործածելէ զատ, Յիսուս նաեւ տրամաբանական, համոզիչ պատճառաբանութիւններ գործածեց, Եհովայի մասին դրական ու սիրտ տոգորող ճշմարտութիւններ սորվեցնելու համար։ Քանի մը անգամ, ան գործածեց ‘որչափ աւելի’ տրամաբանութեան եզրը, իր ունկնդիրներուն օգնելով որ ծանօթ ճշմարտութեան մը մասին աւելի համոզում ձեռք ձգեն։ Միայն երկու օրինակ նկատի առնենք։
20 Երբ իր աշակերտներուն խնդրանքին կ’ընդառաջէր, որ աղօթելու կերպը իրենց սորվեցնէր, Յիսուս առակ մը պատմեց մարդու մը մասին, որուն «թախանձանք»ը ի վերջոյ համոզեց չկամեցող բարեկամը, որ անոր խնդրանքը շնորհէ։ Յիսուս նաեւ նկարագրեց զաւակներուն «աղէկ ընծաներ տալ»ու ծնողքի մը յօժարակամութիւնը։ Ապա ան եզրակացուց. «Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։1-13) Յիսուսի պարզել ուզած կէտը հիմնուած է ո՛չ թէ նմանութեան, այլ՝ հակադրութեան վրայ։ Եթէ չկամեցող բարեկամ մը ի վերջոյ կրնայ համոզուիլ որ իր դրացիին կարիքին գոհացում տայ, եւ եթէ անկատար մարդկային ծնողներ իրենց զաւակներուն կարիքները կը հոգան, որչա՜փ աւելի մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը սուրբ հոգին պիտի շնորհէ իր հաւատարիմ ծառաներուն, որոնք խոնարհաբար աղօթքով իրեն կը մօտենան։
21, 22. (ա) Յիսուս ի՞նչ տրամաբանութիւն գործածեց, երբ նիւթական բաներու առնչութեամբ մտահոգուելու մասին խրատ կու տար։ (բ) Յիսուսի ուսուցանելու մեթոտներէն քանի մը հատը վերաքաղ ընելէ ետք, ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգինք։
21 Յիսուս նոյնանման տրամաբանութիւն մը Ղուկաս 12։24, 27, 28) Այո, եթէ Եհովա թռչուններուն ու ծաղիկներուն հոգ կը տանի, որչա՜փ աւելի՝ իր ծառաներուն։ Այս քնքուշ բայց զօրաւոր տրամաբանութիւնը անկասկած Յիսուսի ունկնդիրներուն սրտին դպաւ։
գործածեց, երբ նիւթական բաներու առնչութեամբ մտահոգուելու մասին խրատ կու տար։ Ան ըսաւ. «Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. . . . ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ»։ (22 Յիսուսի մեթոտներէն քանի մը հատը վերաքաղ ընելէ ետք, դիւրաւ կրնանք եզրակացնել թէ զինք չձերբակալող սպասաւորները վստահաբար չէին չափազանցեր, երբ ըսին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Սակայն, Յիսուս գլխաւորաբար ճանչցուած է ուսուցանելու այլ մեթոտով մը՝ օրինակներ կամ առակներ գործածելը։ Ան ինչո՞ւ այս մեթոտը գործածեց։ Ի՞նչ բան իր օրինակները շատ ազդու դարձուց։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 1 Հաւանաբար այդ սպասաւորները Սենետրիոնի գործակալներ եւ քահանայապետներուն հեղինակութեան ներքեւ էին։
^ պարբ. 3 Տես նախորդ յօդուածները՝ «Ձեզի օրինակ մը տուի» եւ «Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք»։
^ պարբ. 6 Այս վերջին խօսքը, որ կը գտնուի Գործք Առաքելոց 20։35–ի մէջ, միայն Պօղոս առաքեալ մէջբերած է, թէեւ անոր գաղափարը կը գտնուի Աւետարաններուն մէջ։ Թերեւս Պօղոս այս խօսքը բերանացի ստացած էր (կա՛մ աշակերտէ մը, որ զայն Յիսուսէ լսած էր, եւ կամ յարուցեալ Յիսուսէ), կամ ալ՝ աստուածային յայտնութեամբ։—Գործք 22։6-15. Ա. Կորնթացիս 15։6, 8
^ պարբ. 8 Հրեաներէն կը պահանջուէր որ տարեկան երկու դահեկան (մօտաւորապէս երկու օրուան աշխատավարձք) վճարէին որպէս տաճարի տուրք։ Գանձուած տուրքը կը գործածուէր տաճարի նորոգութեան, հոն կատարուող ծառայութեան, եւ ազգին ի նպաստ ներկայացուած առօրեայ զոհերուն ծախսերը հոգալու համար։
Կը յիշէ՞ք
• Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Յիսուս պարզութեամբ եւ յստակութեամբ սորվեցուց։
• Յիսուս իր ուսուցումին մէջ ինչո՞ւ հարցումներ գործածեց։
• Յիսուս ի՞նչպէս չափազանցութիւնը գործածեց։
• Յիսուս ի՞նչպէս տրամաբանական պատճառաբանութիւն գործածեց, իր աշակերտներուն Եհովայի մասին սիրտ տոգորող ճշմարտութիւններ սորվեցնելու համար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Յիսուս պարզ լեզու գործածեց, զոր հասարակ ժողովուրդը կրնար հասկնալ
[Նկար՝ էջ 20]
Փարիսեցիները ‘մժղուկը կը քամէին եւ ուղտը կը կլլէին’